Չորեքշաբթի, 08. 04. 2026

Ազրպէյճանը Եւ Թուրքիան Իրական Սպառնալիք Են ՀԱՊԿ Տարածաշրջանի Հարաւային Սահմաններուն Համար. Շարմազանով

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ«, ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովը Սեպտեմբեր 13-ին ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային ժողովի Պետական տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական միաւորման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ Լէոնիտ Քալաշնիքովի գլխաւորած պատուիրակութեան: Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ Գագիկ Մելիքեանը եւ Հայկ Բաբուխանեանը: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն:

Ողջունելով հիւրերը՝ Էդուարդ Շարմազանովը անդրադարձած է հայ-ռուսական դաշնակցային եւ ռազմավարական յարաբերութիւններուն: Այս թեմայի լոյսին տակ ԱԺ փոխնախագահը կարեւորած է խորհրդարանական փոխգործակցութեան զարգացումը բոլոր հարթութիւններուն վրայ եւ աւելցուցած, որ այդ կապերու խորացման ու ընդլայնման համար ՀՀ խորհրդարանը կը գործադրէ բոլոր հաւանական ջանքերը: Անդրադարձ կատարուած է միջազգային խորհրդարանական հարթակներուն վրայ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու արդիւնաւէտ աշխատանքին:

Քննարկուած են մասնաւորապէս ՀԱՊԿ-ի ծիրէն ներս փոխգործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր: Այս առումով Էդուարդ Շարմազանովը անդրադարձած է տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն՝ ընդգծելով. «Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկրտումները վտանգաւոր են ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ տարածաշրջանի անվտանգութեան համար: Այդ երկու պետութիւնները իրական սպառնալիք են ՀԱՊԿ տարածաշրջանի հարաւային սահմաններուն համար»:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ Հոկտեմբեր 29-30-ին Երեւանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ ԽՎ-ի խորհուրդի եւ վեհաժողովի լիագումար նիստերու աշխատանքներուն կազմակերպման առնչուող հարցերուն: Էդուարդ Շարմազանովը համոզում յայտնած է, որ նիստերը տեղի կ’ունենան պատշաճ մակարդակով:  

Կառավարութիւնը Պետական Աջակցութիւն Կը Յատկացնէ Սահմանամերձ Բնակավայրերու Հող Օգտագործողներուն

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ«, ՊԷՅՐՈՒԹ – Սեպտեմբեր 14-ին տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանը:  Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Հանրապետութեան մէջ վարելահողերու նպատակային եւ արդիւնաւէտ օգտագործման, հացահատիկային ապահովուածութեան մակարդակի բարձրացման, գիւղատնտեսութեամբ զբաղողներուն տրամադրուող դրամանպաստի արդիւնաւէտութեան եւ թիրախայնութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ տարածքային զարգացման անհամամասնութիւնները մեղմելու նպատակով կառավարութիւնը ընդունած է համապատասխան որոշում: Կը նախատեսուի պետական աջակցութիւն յատկացնել ընկերային աջակցութիւն ստացող սահմանամերձ 37 բնակավայրերու հող օգտագործողներուն՝ անոնց կողմէ 2019 թուականի բերքին համար 2018 թուականին փաստացի կատարուած աշնանացան հացահատիկային մշակաբոյսերու 1 հեքթարի համար յատկացնել 60.000 դրամ գումար: Նշուած գումարի հաշուարկներուն պարագային, հիմք ընդունուած են Հանրապետութեան մէջ 1 հա վարի եւ նախացանքային մշակութեան միջինացուած արժէքները: Դրամանպաստը կ’առաջարկուի տրամադրել իւրաքանչիւր շահառուի մինչեւ 7 հա փաստացի կատարուած աշնանացան հացահատիկային մշակաբոյսերու ցանքին համար: Հիմնաւորման համաձայն՝ 2017 թուականի հողային հաշուեկշիռով Հանրապետութեան 446,0 հազ. հեքթար վարելահողերէն չի մշակուիր կամ նպատակային չօգտագործուիր շուրջ 34,0 տոկոսը կամ 151,4 հազ. հեքթարը: Հանրապետութեան մէջ սպառուող պարենային հացահատիկի աւելի քան 50 տոկոսը կը ներկրուի: Ծրագիրի իրականացման համար կը պահանջուի 182,160 մլն դրամ գումար դրամանպաստ: Ուստի կը կրճատուին ներմուծուած աշնանացան հացահատիկային մշակաբոյսերու ծաւալները, կը բարձրանայ ինքնաբաւութեան մակարդակը: 

Մեկնարկած Է Նիկոլ Փաշինեանի Այցը Ֆրանսա. Վարչապետը Ծաղկեպսակ Դրած Է Կոմիտասի Յուշարձանին Եւ Հանդիպած Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ«, ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով ժամանած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն: Վարչապետը օդակայանէն ուղեւորուած է Փարիզի «Երեւան» պուրակը, ուր ծաղկեպսակ դրած է Կոմիտասի յուշարձանին` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ այնուհետեւ վարչապետ Փաշինեան ընթրիք ունեցած է Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց կարգին եղած են Ֆրանսայի Ազգային ժողովի հայազգի պատգամաւորներ, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, գործարարներ, արուեստագէտներ, մասնաւորապէս, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Կենեպեկեանը, Փարիզ 9-րդ թաղամասի փոխքաղաքապետ Ալեքսի Գովճեանը, Ֆրանսայի կառավարութեան նախկին անդամ Փաթրիք Տեւեճեանը, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ՝ Արա Թորանեանը եւ Մուրադ Փափազեանը, գործարարներ` Դանիէլ Քիւրքճեանը, Սերժ Չուրուքը, Վարդան Սրմաքեշը, Արմէն Պետրոսեանը, Ալէն Միքլին, Ֆրանսայի թատրոնի գործիչներու միութեան նախագահ Ալէն Թերզեանը, աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայեֆը եւ այլք:

Իր խօսքին մէջ վարչապետը նշած է, որ այսօրուան միջոցառումին ֆրանսահայութեան հռչակաւոր զաւակներու ներկայացուածութիւնը կը խորհրդանշէ այն հնարաւորութիւնները, զորս այսօր բացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ:  

 «Ի՞նչ է տեղի ունեցել Հայաստանում, շատ պարզ մի բան. Հայաստանի քաղաքացին եւ հայ ժողովուրդը սկսեց հաւատալ ինքն իրեն. առանցքային փոփոխութիւնը, որ տեղի է ունեցել` սա է: Կապ չունի, թէ ով է իշխանութիւն եւ ով ընդդիմութիւն, Հայաստանի Հանրապետութիւնում իշխանութիւնը ժողովուրդն է, եւ դրա մէջ որեւէ չափազանցութիւն չկայ: Այսօր ընդունել եմ ՖրանսիաՀայաստան բարեկամական խմբի ներկայացուցիչներին, որոնց հետ տեղի ունեցաւ հետաքրքիր խօսակցութիւն. նրանց ասացի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում ձեւաւորուում է կառավարման նոր համակարգ. դա ուղիղ ժողովրդաիշխանութիւնն է: Քանի որ այս արտայայտութիւնը թիւրըմբռնումների տեղիք է տալիս, ցանկանում եմ նշել, որ դա ասելով նկատի ունեմ հետեւեալը. Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներն աւելի կարեւոր մասնակցութիւն պէտք է ունենան երկրի կառավարմանը, մասնաւորապէս հանրաքուէների միջոցով: Կարծում եմ` Հայաստանում սկսուել է մի նոր գործընթաց, որը կը տարածուի աշխարհում: Ուզում եմ հաւատալ, որ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը ստանձնել են մի դերակատարում, որն ունի կլոպալ նշանակութիւն, եւ ես կարծում եմ, որ հայ ժողովուրդն ունի ներուժ, պատմութիւն եւ հմտութիւն աշխարհում նոր համակարգերի ստեղծման ճանապարհին իր դերակատարումն ունենալու համար: Տեսնելով ներկաներին` ուզում եմ հաւատալ, որ մեր պետութիւնը կը լինի ժամանակակից քաղաքականութեան ոչ թէ ետնաբեմում, այլ լիտերութեան իր չափաբաժինը կը ստանձնի: Հայ ժողովուրդն ունի այդ ներուժը եւ որպէս քրիստոնէութիւնն առաջինն ընդունած ժողովուրդ` ես աւելի եմ հաւատում այդ գաղափարին, որ մենք ունենք շատ աւելի լուրջ եւ մեծ պոտենցիալ: Մենք մեր ուժերը պէտք է մէկտեղենք, եւ դրա արդիւնքում է, որ Հայաստանում տեղի են ունեցել քաղաքական փոփոխութիւնները, որովհետեւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը տեղի է ունեցել ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիների, այլեւ սփիւռքի գործուն մասնակցութեամբ: Ի՞նչ նկատի ունեմ մասնակցութիւն ասելով. յստակ դիրքորոշում եւ տեսակէտ արտայայտելն այս հարցում ամենահզօր գործօնն էր, որ կարող էր փոխել քաղաքական իրավիճակը Հայաստանում: Ինձ համար չափազանց կարեւոր է տեղի ունեցածի հոգեւոր, մշակութային եւ քաղաքական բովանդակութիւնը, որն ինչպէս պարզուեց` պէտք է միաւորէր բոլորիս: Ես հաւատում եմ, որ հայ ժողովուրդը նոր դերակատարման փուլ է մտել, եւ այդ նոր դերակատարումն առաջին հերթին ազատ եւ երջանիկ հայրենիք կերտելն է: Կարող եմ երաշխաւորել, որ այսօր Հայաստանում բոլոր մարդիկ առանց բացառութեան հաւասար են օրէնքի առաջ: Երկրում որեւէ մէկից որեւէ բանով աւելի եւ պակաս չլինելն այն անկիւնաքարն է, որի վրայ կառուցուում է մեր նոր իրականութիւնը: Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել այս վերաբերմունքի եւ ընդունելութեան համար։ Շատ բաներ դեռ չեն խօսուել, բայց ուզում եմ հաւաստիացնել, որ ձեր աչքերի մէջ կարդացի այն ամէնն, ինչ կ«ուզէիք ասել, յոյս ունեմ, որ իմ աչքերի մէջ տեսաք այն ամէնը, ինչ ուզում էիք լսել: Մենք նոյն նահապետի յետնորդներն ենք, նոյն հայրենիքի զաւակներն ենք, նոյն երազանքների կրողներն ենք, նոյն յաղթանակի կերտողներն ենք եւ պէտք է լինենք միասին»,- ըսած է վարչապետը:

Միտքերու փոխանակութեան ընթացքին վարչապետը պատասխանած է ֆրանսահայ գործիչներու տարբեր հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն, ժողովրդավարութեան զարգացման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, առեւտրական միջավայրի բարելաւման, ներդրումներու ներգրաւման եւ այլ թեմաներու:

Նշենք, որ վարչապետ Փաշինեան երէկ Էլիզէի մէջ ընդունուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի կողմէ, որուն հետ ունեցաւ զրոյց մը ներկայութեամբ երկու կողմերու պատուիրակութեան:

Յարութիւն Մարութեանը Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի Տնօրէն Ընտրուած է

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հոգաբարձուներու խորհուրդը Սեպտեմբեր 14ին փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ թանգարանի տնօրէն ընտրեց ազգագրագէտ Յարութիւն Մարութեանը, կը հաղորդէ “Թերթ” կայքը:

Չորս թեկնածուներէն Հայկ Դեմոյեանին կողմ քուէարկած է 2 հոգի, իսկ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Յարութիւն Մարութեանին` 11 հոգի: Մնացած  թեկնածուները 2ին՝ Արմէն Ասրեանն ու Ստեփան Ստեփանեանցը ընդհանրապէս քուէ չեն ստացած:

Նորընտիր տնօրէնը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ թանգարան-հիմնարկին մէջ ընելիքները շատ են: «Բայց Ատիկա պէտք է ընել համագործակցելով` ե՛ւ անձնակազմին, ե՛ւ նախկին ղեկավարութեան, ե՛ւ գործընկերներուն հետ»,-ըսած է ան:

Կենսագրութիւնը

Յարութիւն Մարութեան Պատմական գիտութիւններու դոկտոր

ծնած է 30 Սեպտեմբեր, 1956ին

1963-1973 Երեւանի թիւ 114 անգլիական թեքումով դպրոց

1973-1978 Երեւանի պետական համալսարան, պատմութեան ֆակուլտետ, ազգագրութիւն

1980-1983 ՍՍՀՄ ԳԱ Ազգագրութեան հիմնարկ (Մոսկուա), պատմական գիտութիւններու թեկնածու (Մոսկուա, 1984), ազգագրութիւն

 Ակադեմիական եւ փորձագիտական գործունէութիւն

1989-1995 Գիտական խորհուրդի անդամ, Հայաստանի ազգագրութեան պետական թանգարան 1991-1995, 2011-մինչ օրս Գիտական խորհուրդի անդամ, Երեւանի պատմութեան թանգարան 1999-2012 Փորձագէտ, ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան փորձագիտական յանձնաժողով

2007-2008 «Հայփոստ» ՓԲԸ նամականիշներու խորհուրդի անդամ

2007-2008 Գլխաւոր խմբագրի տեղակալ, «21-րդ դար». «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի հանդէս

2007-մինչ օրս Գիտական խորհուրդի անդամ, ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ

2007-2015 Գիտական խորհուրդի անդամ, ՀՀ ԳԱԱ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ

2011-մինչ օրս Ատենախօսութիւններու պաշտպանութեան գիտական խորհուրդի անդամ (նախագահի տեղակալ – 2016էն)ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ

2012 Սեպտ-2015- փոխնախագահ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկերը համակարգող պետական յանձնաժողովին կից փորձագիտական խումբի անդամ

2013-2016 «Ցեղասպանագիտական հանդէս» պարբերականի խմբագրական խորհուրդի անդամ

2014- մինչ օրս ՀՀ մշակոյթի նախարարին կից ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան հարցերով մասնագիտական խորհուրդի անդամ ,Հայկական ուսումներու միջազգային ընկերակցութեան (Association Internationale des Etudes Arméniennes)անդամ

2015-2016 «International Journal of Armenian Genocide Studies» պարբերականի միջազգային գիտական խորհուրդի անդամ

2015-մինչ օրս «Society of Armenian Scholars» (SAS) (ԱՄՆ) գիտական ընկերակցութեան անդամ

2015- մինչ օրս Եւրոպայի խորհուրդի ծիրէն ներս գործող գնչուներու հարցով փորձագէտներու ժամանակաւոր յանձնաժողովին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ/փորձագէտ

2017-«Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի աշխատութիւններ» պարբերականի խմբագրական խորհուրդի անդամ

Զաւէն Խըտըշեան Պիտի Ապրի Իր Քանդակած Գործերուն Ընդմէջէն

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Այսօր   Պէյրութի մէջ ազգային յուղարկաւորութեամբ հողին պիտի յանձնուի լիբանանահայ արուեստագէտներու  երէց սերունդին պատկանող հսկայ մը՝   Զաւէն  Խըտըշեանը։

Զաւէն Խըտըշեան  ծնած է Պէյրութ 1932ին: Արուեստագէտը,  որուն  քանդակները  տարածուած են    Լիբանանի    տարբեր  շրջաններու մէջ, կը վայելէր յարգանքը ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ  Լիբանանի  արուեստի շրջանակներուն եւ    արուեստասէր   հանրութեան։

Խըտըշեան երկար տարիներ  եղած է արուեստի դասախօս :

Հանգուցեալ արուեստագէտին գլուխ  գործոցը կը համարուի Պիքֆայա   գիւղաքաղաքին  մէջ գտնուող    Մեծի Տանն  Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութեան  ամառային նստավայրին ու ս. Աստուածածին վանքին մօտ կանգնեցուած   յուշարձանը, որ    ցայսօր   ալ կը համարուի սփիւռքի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակող    ամէնէն  ազդեցիկ   եւ   տպաւորիչ  կոթողներէն  մին։

 

Զաւէն  Խըտըշեանին   վերջին յարգանքը պիտի  մատուցուի այսօր Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ազգային յուղարկաւորութեամբ, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր Շաբաթ 15 Սեպտեմբեր 2018ի կէսօրուայ ժամը 12ին:

 

Վերամուտ

0

ՀՐԱՉ ԻՆՃԷԵԱՆ

Հասկնալով հանդերձ յօդուածագրի զգացական պոռթկումը, անպայմանօրէն չենք բաժներ հոն տեղ գտած բոլոր միտքերը:

Նիւթը հրատապ է անկասկած եւ կը կարօտի արմատական լուծումներու, որ անշուշտ հիմնուած պէտք է ըլլայ զգացականէ անդին գիտական ուսումնասիրութիւններու վրայ, որուն պակասէն կը տառապին հայ սփիւռքները:

«Խմբ.»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Ահաւասիկ աշունը եկաւ։ Վերամուտ է։ Արդէն երեք ամիս վերանորոգութիւններէ ետք լիբանանահայ վարժարանը պատրաստ է աշակերտներ ընդունելու նոր տարեշրջանին համար։

Սակայն մտահոգուեցայ, երբ վերջերս քանի մը անգամ յօդուածներ, թղթակցութիւններ կարդացի, հարցազրոյցներ լսեցի մեր դպրոցներուն ծանր վիճակին մասին։ Գիտէի, բայց չէի պատկերացներ, որ այս աստիճան դժուար վերամուտի մը սեմին կանգնած է հայ վարժարանը։ Կը կարդամ, որ օրէ-օր հայ աշակերտներու նուազում կ’արձանագրուի, ծնողները իրենց զաւակները մեր վարժարաններէն հանելով՝ կը տանին օտար վարժարաններ` տնտեսական պատճառով, բայց, ըստ երեւոյթին, հայ աշակերտը միշտ չէ, որ պետական դպրոց (ձրիավարժ) դպրոց կը յաճախէ։ Այլ նաեւ Լիբանանի առաջնակարգ վարժարաններ։ Եթէ պատճառը տնտեսական է, կը նշանակէ, որ ծնողքը կրկնապատիկ կան տեղեր քառապատիկ կրթաթոշակ պիտի չի կարենար վճարել այդ առաջնակարգ դպրոցներուն:  Ես կը կարծեմ երեւոյթը պարզապէս շփացածութիւն ու մրցակցութիւն է:

Եթէ պիտի խօսիք մակարդակի մասին, ապա ըսելիք չունիմ, միայն կ’ըսեմ` ուսումնասիրեցէ՛ք լիբ. պետական քննութեանց արդիւնքները, արդէն պատասխանը առած կ’ըլլաք։

Սիրելիս, թերեւս ես վերջին անձը ըլլամ, որ իրաւունք ունենամ այս նիւթին մասին խօսելու։ Շատ փորձեցի լուռ մնալ, բայց ձախողեցայ, որոշեցի խօսիլ միայն այն ատեն, երբ հարցազրոյց մը լսեցի, ուր կ’ըսուէր` «Հայ դպրոցի այս անկումին պատճառը հայ ծնողն է։ Ով հայ ծնողներ, որոնք ձեր զաւակները օտար վարժարաններ կ’ուղարկէք, այս իրավիճակը ձեր ճիտին պարտքն է։

Ճիշդ հոս էր, երբ որոշեցի ես ալ իմ համեստ կարծիքս տալ։ Սիրելի միութենական ղեկավար, յարգելի տիտղոսաւոր բարեկամ, արդեօք ձեր զաւակներուն յաճախած վարժարանը հայկակա՞ն է, ձեր վարչական կազմի անդամներուն զաւակներուն յաճախած վարժարանները հայկակա՞ն են։ 

Վե՛րջ ու վերջ։

Վե՛րջ այս խայտառակութեան, նախ դուք ձեր ճիտին պարտքը վճարեցէք եւ գայլի աւետարան մի կարդաք խեղճ ժողովուրդին գլխուն մինչ դուք լաւագոյն օրինակները չէք:  

Հայ ծնողքը գիտակից է, սակայն երբեմն տարուող, հայ ծնողքը այնպէս մը դաստիարակուած է իր դպրոցին մէջ, որ յարգէ միշտ իր առաջնորդները։ Բայց այդ օրերուն ձեր նման առաջնորդներ չկային, բայց դաստիարակութիւնը չէ փոխուած։ Այսօր ալ հայ ծնողքը կը հետեւի իր առաջնորդին` զաւակները տանելով օտար վարժարան։ 

Ուրեմն եկէք մեր մէջ փնտռենք։ Որպէսզի սխալ տեղեր չերթանք, տնտեսական կամ բնակած շրջանի եւ այլ պատճառներ տանք, այլ դնենք մատը վէրքին վրայ։

Հայ վարժարանի պատերը նորոգելէ առաջ, նախ այդ ղեկավարները նորոգենք, կրթական պատասխանատուներ նշանակելու համար չնայինք տիտղոսներու, այլ նայինք ու չափենք կարողութիւնը: Նայինք, որ արժանի ըլլան նշանակուելու, եթէ փրկել կ’ուզէք վիճակը։

Հայ վարժարանը կառուցուած է գոյատեւելու համար, ո՛չ ծախուելու, ոչ ալ փակուելու։

Գարեցին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Կը Ծաւալէ Նպատակասլաց Գործունէութիւն Թէ Եկեղեցւոյ Միասնութեան Վերականգնման, Թէ Հայաստանի Բարգաւաճման Սրբազան Առաքելութեան Մէջ

0

ԱՆԱՀԻՏ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջերս Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնաց համախմբումը ուխտագնացութիւն մը ունեցաւ դէպի Էջմիածին: Այս առիթով տեղի ունեցան շատ մը միջոցառումներ եւ հանդիպումներ:

Այս շարքին մէջ յատկանշուեցաւ Սեպտեմբեր 7ի հանդիսութիւնը նուիրուած Համախմբումի 75 հիւրերուն, որոնք ՆՍՕՏՏ ԳԱՐԵԳԻՆ  Բ. Վեհափառի հրաւէրով ժամանած էին Էջմիածին: Միջոցառման անդրադարձած էինք քանի մը օր առաջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք նշուած միջոցառման ընթացքին Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնաց համախմբումի ժրաջան ու նուիրեալ ատենապետուհի Տիկ. Անահիտ Պուլտուքեանի արտասանած խօսքին ամբողջութիւնը: 

«Խմբ.»

 

Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԳԱՐԵԳԻՆ  երկրորդ,  ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս,

Մեծայարգոյ պարոնայք նախարարներ, հայրենի պետական պաշտօնատարներ,

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան հայրեր,

Սիրելի անդամներ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի,

 

Սիրելի ներկաներ,

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնաց համախմբումի սէրը Սուրբ Էջմիածնի հանդէպ հասաւ իր գագաթնակէտին այս շաբթուան ընթացքին:

Համախմբուած ենք հոս շնորհիւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԳԱՐԵԳԻՆ  երկրորդ ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հրաւէրին: Ահաւասիկ  շաբաթ մը ամբողջ անցուցած ենք Էջմիածնի սրբավայրին մէջ, հայ հոգեւոր գլխաւոր կեդրոնին, պապենական մեր օրհնուած հողին վրայ։

Այս ուխտագնացութիւնը մեզի համար մեծ  երազ մըն էր, որ իրականացաւ՝

  • Ապրեցանք Սուրբ Էջմիածնի Մայրավանքի սրբավայրին մէջ
  • Ներկայ եղանք ժամերգութեանց՝ Սուրբ  Էջմիածնի միաբաններու կատարողութեամբ
  • Կիրակի օրը ներկայ եղանք սուրբ եւ անմահ պատարագին՝ Սուրբ Էջմիածնի Մմայր տաճարին մէջ
  • Բնակեցանք Սուրբ Էջմիածնի տարածքին մէջ Մեծն Տրդատ արքայի կամարին ներքեւ
  • Մօտէն ծանօթացանք եւ տեսանք այն բոլոր իրագործումները, զորս կատարած է շնորհազարդ մեր վեհափառ  հայրապետը։
  • Մեծ ուրախութիւն է մեզի համար հայրենիքի եւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նորովի վերապրիլ մեր Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցիին աւանդները՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռամբ հիմնուած, աստուածային հրաշքով որոշուած եւ մրճահարուած մեծախորհուրդ վայրն ու պահը՝ ԷՋՄԻԱԾԻՆի մայր տաճարը, այցելել Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Գողգոթան՝ Խոր Վիրապը եւ զգալ մեծ հայրապետին կրած չարչարանքները, որոնց արդիւնքով մենք այսօր հպարտօրէն աշխարհին կը բարձրաձայնենք, թէ այն ժողովուրդն ենք, որուն պետականութիւնը առաջի՛նը ընդունեց քրիստոնէութիւնը եւ ժողովուրդը որդեգրեց ու փառեցաւ անոր ի գին մինչեւ ցեղասպանութեան։

Մենք՝ ներկաներս, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԳԱՐԵԳԻՆ  երկրորդ վեհափառ հայրապետը՝  Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ 132-րդ գահակալը, պետական այրերդ, այս բազմութիւնը քաջ գիտենք, թէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ Հայաստանը, մշակոյթը, հաւատքը եւ եկեղեցին սերտօրէն  ընդելուզուած են իրարու: Վեհափառ հայրապետը ջանք  չխնայեց   հայ ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ  բանալու  մեր հազարամեայ  վանքերուն  եւ  եկեղեցիներուն դռները: Տասնամեակներու դադարէ  ետք, Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան այս շրջանին ԳԱՐԵԳԻՆ  երկրորդ վեհափառ  հայրապետին շնորհիւ,  հայը  նորատեսակ շփում ունեցաւ, հայկական հոգեւորին հետ, որ գերակշռօրէն  խտացուած է Հայ եկեղեցւոյ մէջ եւ անկէ իբրեւ Լուսաւորչի կանթեղ կը ներշնչէ ու կը լուսաւորէ մեր հոգին: Վեհափառ տէրը՝ երջանկայիշատակ  նախորդ կաթողիկոսներու  արժանի  ժառանգորդը, ճիգ չխնայեց, որ Սուրբ Էջմիածինը  դառնայ առաւել ամրակուռ այն ոսկեայ  կամուրջը, որ  կապէ Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը ժամանակակիցներու կողմէ կը համարուի շինարար կաթողիկոս, որովհետեւ ցարդ վերանորոգուած են   324  պատմական  յուշարձանի կարգավիճակ  ունեցող վանքեր, եւ կառուցուած են նոր եկեղեցիներ: Եկեղեցաշինական  հսկայածաւալ աշխատանքները առ այսօր արդիւնաւէտօրէն կը շարունակուին ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Բազմաթիւ եւ բազմազան են  Ամենայն հայոց Գարեգին երկրորդ վեհափառին  ծառայութիւնները հայութեան հոգեւոր աշխարհին:

 

Կրթութիւն

Կառուցուած  են եւ արդիւնաւէտ կը բանին  Սեւանի  Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցը, Հառիճի Թրբանճեան  ընծայարանը:  Հանրակրթարան  դպրոցներու մէջ կը դասաւանդուի  Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն 2006-էն ի վեր, դասագիրքերուն ծախսը կը հոգայ Մայր Աթոռը։  Հայաստանի մէջ կը գործէ  հարիւրէ աւելի կիրակնօրեայ դպրոց: Էջմիածնի մէջ կը գործէ Էօրնեկեան  հանրակրթարանը 2009-էն ի վեր, ուր յարգանքի մթնոլորտի մէջ ստեղծագործական ազատութիւնը կը զարգացուի։   Վերջերս կառուցուեցաւ  Գարեգին Ա. կաթողիկոսի անուան հոգեւոր դաստիարակութեան շէնքը՝ քահանայից  պատրաստման համար:  Հայաստանի տարբեր շրջաններու եւ Երեւանի մէջ բացուած են  տասնեակ հայորդեաց տուներ, ուր ուսում եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը ջամբուի աւելի քան վեց հազար  երեխաներու։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի աստուածաբանական կարգավիճակի  հաստատումը աննախընթաց նուաճում մըն է ուսման մակարդակով եւ հաստատութենական առումով։ Վառ պահելով  Հայ եկեղեցւոյ կրթական աւանդութիւնները, հոգեւոր  կրթարաններու  ուսանողներու  համար ստեղծուած են  համապատասխան միջավայր եւ անհրաժեշտ պայմաններ՝ որակապէս  բարձր  յառաջդիմութիւն ունենալու համար:

Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնաց համախմբումին անխախտ հաւատքն է որ այս հոգեւոր եւ արուեստի կրթարանները իբրեւ սերմեր այսօր իսկ կը վերածուին ցորենի հասկերու, ցորեանի հոգեբարոյական ոսկեայ դաշտերու վերածելու հայրենի հողը եւ անով հոգեւորապէս սնանելու հայութիւնը՝ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի:

 

Մշակոյթ

Վեհափառ  տէրը պաշտամունքի   հասնող  սէր կը ցուցաբերէ   հայ մշակոյթին հանդէպ:  Գարեգին Բ. վեհափառի  գահակալութենէն ետք,  Մայր Աթոռէն ներս վերանորոգուած են  մայր տաճարը, վանատունը, հրատարակչատունը, հին ճեմարանի շէնքը եւ մատուռը,  սարկաւագական  Կացարանները, Գէորգեան ճեմարանը, Խրիմեան  թանգարանը,  ճեմարանի ննջարանները, վարչական շէնքը, հին վեհարանը,  տաճարի թանգարանը, Ռուբէն Սեւակ թանգարանը, կը գործեն «Շողակաթ»  եւ «Լոյս» հոգեւոր հեռատեսիլի  ընկերութիւնները:

Մայր Աթոռին մէջ վերանորոգութիւններուն զուգընթաց  կառուցուած  են մկրտարանը, դիւանատունը, միաբանական  շէնքը, ձեռագրատունը,  ճեմարանի մարզական համալիրը, դաստիարակութեան  կեդրոնը, Հոգեւոր կրթական կեդրոնը, Բաց խորանը, Վազգէնեան դարպասը, գլխաւոր դարպասը, կառուցուած է նոր մատենադարան-գրադարանը: Մայր Աթոռին տարածքը տասնեակ անգամ ընդարձակուած է։

 

 
Ընկերային

Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ Ս. Էջմիածնի հովանաւորութեամբ կը գործեն 6 բարեգործական  ճաշարաններ, Երեւանի մէջ  բացուած է երեխաներու  խնամքի  կեդրոն:  Բանտերու  մէջ  հոգեւոր  ծառայութեան  կողքին կ’իրականացուի  բանտարկեալներու   ընտանիքներուն աջակցութեան  ծրագիր:

Իզմիրլեան բժշկական հաստատութիւնը կը գործէ օգտակար ըլլալու կարիքաւոր ընտանիքներու եւ բոլոր ճեմարականներուն։

Էջմիածինի մէջ կը  գործէ  «Բարձունք 5165» ատամնաբուժարանը, ուր կը սպասարկուին 25.000  անհատներ անվճար, իսկ 

«Կառուցենք Հաւատով»  ծրագիրին  միջոցով  Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ կառուցուած է հարիւրէ աւելի բնակարան: Բացուեցան ընկերային կեդրոններ ուր տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կը ստանան ֆինանսական եւ մարդասիրական օգնութիւն ամէն տարի։

 

Ներեկեղեցական

Մայր Աթոռ Սուրբ  Էջմիածնի եւ Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան  հետ  համատեղ  ստեղծուեցան սրբադասման  հարցով  եւ ծիսական խնդիրներով զբաղող  յանձնախումբեր: Վեցդարեայ  ընդմիջումէ ետք, 2013-2014ին գումարուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ  եպիսկոպոսաց խորհուրդի ամբողջական ժողովը: Ստեղծուեցաւ   հայեցակարգային   հիմնադրոյթներու գրասենեակ: Ստեղծուեցան  նոր 12 թեմեր, ձեռնադրուած են աւելի քան երեք հարիւր  եկեղեցականներ: Հոգեւորականները  պարբերաբար կ’այցելեն հիւանդանոցներ, զօրամասեր,  բանտեր, ծերանոցներ: Համալսարաններու մէջ կ’իրականացուին կրօնական դաստիարակութեան  բազմաբնոյթ  ծրագիրներ: 

Ուշագրաւ իրադարձութիւններ էին Հռոմի երկու պապերու այցելութիւնը Հայաստան. 2001-ին Յովհաննէս Պօղոս պապին, որ սուրբ հռչակուեցաւ և 2016ին Ֆրանչիսկոս Պապին որ  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ։ Եւ այս բոլորը շնորհիւ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԳԱՐԵԳԻՆ  երկրորդ վեհափառ  հայրապետին հետեւողական ջանադիր ու անձնդիր  աշխատանքին։

Պատմաբաններ եւ  ճարտարապետեր  են վկայողը՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը  հսկայական  շինարարական աշխատանք կատարած

է  գահակալութեան 19 տարիներուն  ընթացքին:  Գործունէութեան ծաւալը  միանշանակ է  եւ հսկայական: Այս բոլորը կը վկայեն Հայաստանի մէջ  հոգեւոր  վերածնունդի  առկայութիւնը:

Այս ներդրումները կ’ապացուցեն, որ Սուրբ Էջմիածինը  թեւակոխած է  վերածնունդի  ժամանակաշրջանը, թէ  կրթական  հաստատութիւններու,   եկեղեցաշինութեան, բարենորոգչական աշխատանքներու  մէջ մեծ է Ս. Էջմիածնի եւ վեհափառ հայրապետին  ներդրումը: Մագաղաթեայ դարերէն  մեզի հասած հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը  մենք վստահ ենք, որ ապահով ձեռքերու մէջ կը գտնուի եւ այս բոլորը  վեհափառ հայրապետը արժանաւոր   փոխանցողը պիտի   դառնայ իր յաջորդին:

 

Վարչական առումով 

Հայ առաքելական եԵկեղեցին  առաւել վերանորոգուեցաւ ու զարթօնք ապրեցաւ,  խորապէս ամրապնդեց  իր դիրքերը: Սուրբ Էջմիածինը  կը համարուի թանգարան բաց երկնքի տակ։

Անձնական արժանիքներէն բացի՝   մենք վստահ ենք, որ  Գարեգին Բ. կաթողիկոսը շրջադարձային դեր կը խաղայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ  նուիրապետական  միասնութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ  Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու  կարգաւորման   համազգային գործին մէջ:

Սիրելիներ, մենք լաւատես ենք որ Ս. Էջմիածնի, վեհափառ հայրապետին եւ միաբանութեան ու Հայ եկեղեցւոյ այս սքանչելի գործունէութիւնն ու նուիրումը իր կոհակային ազդեցութիւնը պիտի ունենայ եւ սատարէ հայութեան հոգեմշակութային կեանքին առաւել բարելաւման ու պայծառացման:

Սիրելիներ, կարծէք թէ ամփոփ տեղեկագիրը կարդացի Ս. Էջմիածնի վերջին տարիներու կատարած գործունէութեան:

Այդպէս չէ. պարզապէս մենք՝ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը եւ ամբողջ Սփիւռքը, մօտէն եւ ուշադիր կը հետեւի Ս. Էջմիածնի՝ հայ իրականութեան չընդհատած հոգեւոր հաստատութեան գործունէութեան, մեծ ակնկալութիւններ ունի անկէ՝ իբրեւ խոշորագոյն հայ հոգեւոր իրականութեան սիւնէ եւ իբրեւ ամուր խարիսխէ ալեկոծեալ այս աշխարհին մէջ հայ սիրտերն ու հոգիները կայունացնող, հանդարտեցնող, հայկական ապագային հանդէպ լաւատեսութիւն եւ հաւատք ներշնչող հոգեւոր սրբակեդրոն:

 

Ահա այսպիսի  վստահութեան հիմք կու տայ Գարեցին Բ. Ամենայն հայոց  կաթողիկոսի ծաւալած նպատակասլաց գործունէութիւնը թէ  եկեղեցւոյ միասնութեան  վերականգնման, թէ Հայաստանի բարգաւաճման  սրբազան առաքելութեան  մէջ:

 

Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԳԱՐԵԳԻՆ  երկրորդ վեհափառ հայրապետը կը բացայայտէ՝

«Հայի համար Սուրբ Էջմիածինը տաճար չէ միայն, այլ հայոց հաւատի ու հայ ինքնութեան աննիւթական ոգեղէն մի ներկայութիւն, որին հաղորդ ենք դառնում միմեանց հանդիպելով․․․

Որովհետեւ ուր մի հայորդի, այնտեղ Սուրբ Էջմիածին»։

Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ իմաստութիւնը միշտ Ձեր շնորհքները մնան, եւ ատոնցմով փառաւորէք հայ ժողովուրդը, վեհափառ տէր:

 

Հայ Մօր Մը Փորձառութիւնները` Զաւկին Ինքնութեան Կազմաւորման Ընթացքին

0

ԿԱ­ՐԻՆ ՍԱՂ­ՏԸ­ՃԵԱՆ- ՏԷՐ ՅԱ­ԿՈ­ԲԵԱՆ

Վան­գու­վըր-Ե­րե­ւան երկու ընդհատումներով թռիչ­քը ան­հա­մե­մա­տօ­րէն եր­կար էր եւ՝ յոգ­նե­ցու­ցիչ, այն­պէս որ չէի սպա­սեր որ մեր էջ­քէն ետք, 6ա­մեայ տղաս արթ­նա­միտ ըլ­լայ ար­ձա­գան­գե­լու ո­րե­ւէ խօ­սակ­ցու­թեան կամ պատ­կե­րի:

Սա­կայն, երբ ա­ռա­ւօ­տուն, Զո­ւարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նէն Ե­րե­ւան մեկ­նած ա­տեն մայ­րու­ղիին վրայ ա­ռա­ջին ան­գամ Ա­րա­րա­տը իր վե­հու­թիւ­նը յայտ­նեց մեզի՝ ՙՄա­մի՜, Ա­րա­րա­տ՜ը­…ա­սի ի­րա­կան է, ի­րա­կան․․․», հիաց­մուն­քով բա­ցա­կան­չեց Վա­րա­գը:

Կ՛ենթադրէի, որ ան Ա­րա­րա­տը տե­սած ա­տեն ո­րոշ հիաց­մունք ու­նե­նայ, բայց բնաւ չէի սպա­սեր, որ փոք­րիկ թա­թիկ­նե­րով բե­րա­նը գո­ցած, ա­չուկ­նե­րը կլորց­նե­լով՝ պի­տի սքան­չա­նայ: Ա­սիկա նախ կը նշա­նա­կէր, որ երբ տու­նը Ա­րա­րատ կը գծէր ու կը ներ­կէր, մա­նու­կին ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ իս­կա­պէս պատ­կե­րը տեղ գտած էր․ երկ­րորդ՝ ա­նոր այս հրճո­ւան­քը տես­նե­լով, մեղքս ինչ պա­հեմ, ու­րա­խու­թեան եւ գո­հու­նա­կու­թեան խոր զգա­ցում մը ու­նե­ցայ:

Իր ծնուն­դէն ի վեր, տղուս ա­ճին մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ կը հե­տե­ւիմ: Բո­լոր մայ­րե­րը գի­տեն, թէ ի­րենց ման­կի­կին բո­լոր «ա­ռա­ջին ան­գամ»նե­րը որ­քան կա­րե­ւոր ան­կիւ­նա­դար­ձեր են եւ տան մէջ՝ մեծ ու­րա­խու­թիւն։ Ա­ռա­ջին ժպի­տը, ա­ռա­ջին բա­ռը, ա­ռա­ջին քայ­լը, ա­ռա­ջին նա­խա­դա­սու­թիւ­նը․․․: Այս բո­լո­րը՝ շատ լաւ. բայց իմ թա­քուն փա­փա­քս այլ էր: Ար­դեօք Վա­րա­գը ե՞րբ­ ա­ռա­ջին ան­գամ իր հայ ըլ­լա­լը պի­տի դրսե­ւո­րէր, կամ ար­դեօք այդ­պէս բան կ­ա՞յ․ ե­րե­խա­նե­րու ինք­նու­թիւնը ե՞րբ կը դրսեւորուի:

Բայց պէտք է ը­սեմ, որ հա­կա­ռակ ո­րո­շու­միս, թէ մա­նու­կին ուղեղը ՙհայ­կա­կա­նու­թեամբ՚ պի­տի չո­ղո­ղեմ մին­չեւ 5-6 տա­րե­կան, Վա­րա­գը հա­զիւ 2 տա­րե­կան մեզ զար­մա­ցուց: Երբ Կի­րա­կի մը Վան­գու­վը­րի Հայ Կեդ­րո­նը ու­ղղո­ւած ա­տեն հե­ռո­ւէն Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Ե­կե­ղե­ցին նկա­տե­լով, մա­տի­կը բարձ­րա­ցու­ցած, ման­կու­նակ թո­թո­վան­քով ու շեշ­տով մը ինք­նա­շար­ժին ե­տե­ւի ա­թո­ռէն բա­ցա­կան­չեց. “Մա­մի, ա­սի Հա­յասսս­տանն է՞”՚: Յա­կոբն ու ես շշմած ի­րա­րու նա­յե­ցանք, ա­պա բա­ւա­կան մտա­ծե­ցինք, թէ ե՞րբ մեր եր­կա­մեայ ե­րե­խան այս­քան տպա­ւո­րած ենք Հա­յաս­տա­նով: Չկրցանք մատ­նան­շել ո­րո­շա­կի պահ մը, կամ խօ­սակ­ցու­թիւն մը:

Ժա­մա­նակ մը ետք, դար­ձեալ մտա­հո­գու­թեան մէջ էինք: Երբ Վա­րա­գը 3-4 տա­րե­կան ե­ղաւ եւ սկսաւ` նման միւս մա­նուկ­նե­րուն` շուկայականացած իր ՙհե­րոս­նե­րը՚ գնել եւ ա­նոնց պատ­մու­թիւն­նե­րուն ծա­նօ­թա­նալ: Ար­դէն լե­զուն բա­ցո­ւած էր, իր խա­ղա­լիք­նե­րուն հետ անգ­լե­րէն կը խօ­սէր: Սար­դէ մար­դը, գեր­մար­դը եւ չղջիկ մար­դը քով-քո­վի շա­րած ա­նոնց ցուց­մունք­ներ տա­լը, ա­նոնց հետ իր­ ե­րե­ւա­կա­յա­կան կռիւ­նե­րն ու երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րը միշտ անգ­լե­րէն էին: Տան մէջ, ա­կանջս միշտ  ի­րեն տո­ւած՝  իր ման­կա­կան խա­ղե­րուն կը հե­տե­ւէի, միշտ կառ­չե­լով իմ սկզբուն­քին, որ ՙհայ ենք, հա­յե­րէն խօ­սէ՚ պի­տի չը­սեմ կամ ժա­մա­նա­կէն ա­ռաջ մա­նու­կին պի­տի չբռնա­նամ հա­յե­րէ­նա­խօ­սու­թեամբ, երբ բնա­կան տո­ւեալ­նե­րը չկան միշտ հայերէն արտայայտուելու։ Օր մըն ալ չդիմ­անա­լով հարց տո­ւի․

-Վա­րագ, ի՞նչու հա­յե­րէն չես խօ­սիր սփայ­տըր­մէ­նին եւ սու­փըր­մէ­նին հետ:

-Մա­մի՛, ա­սոնք հա­յե­րէն չեն գի­տեր, -ը­սաւ ցոյց տա­լով առ­ջե­ւի խա­ղա­լիք­նե­րը:

-Բայց դուն խօ­սէ՛, քեզ­մէ կը լսեն, կը սոր­վին,- յա­րե­ցի:

-Չէէէէ,- ան­հանգս­տա­ցած ը­սաւ՝ չըն­դու­նե­լով ա­ռա­ջարկս։

Կար­ծես զիս գոհ պահելու հա­մար լու­ծում մը տուաւ հար­ցիս.

-Բայց կրնան հետս ՙՀա­յաս­տան՚ եր­թալ:

Ժա­մա­նա­կը ան­ցաւ եւ Վա­րա­գի անգ­լե­րէնն ալ զօ­րա­ցաւ: Նա­խադպ­րո­ցա­կան դա­սա­րանին մէջ հա­յե­րէ­նը սկսաւ նա­հան­ջել։ Ե­թէ սկիզ­բը հա­յե­րէ­ն բառապաշարը լայն էր, հի­մա անգ­լե­րէ­նի դիւ­րին բա­ռե­րը սկսան դուրս քշել դեռ ու­ղե­ղին մէջ չար­մա­տաւորուած հա­յե­րէ­նը: Հա­յե­րէ­նի հա­գա­գա­յին բա­ղա­ձայն­նե­րը եւ եր­կար բարդ բա­ռե­րը տե­ղի տո­ւին անգ­լե­րէ­նի դիւ­րու­թեամբ ար­տա­բե­րո­ւող ձայ­նա­ւոր­նե­րուն եւ կարճ ՙե­րաժշ­տա­կան՚ բա­ռե­րուն դի­մաց:

Համ­բե­րու­թիւն կ­՛ու­զէր երբեմն անգլերէնը լսել, թարգմանել, երբ չէր ու­զեր հա­յե­րէն պա­տաս­խա­նել կամ կրկնել թարգ­մա­նու­թիւն­ներս:

-Մա­մա՛, այ­սօր լան­չին քե­րըթ կ­՛ե­րանք,-  ու­րեմն ստեպ­ղին կե­րաք կէ­սօ­րին, տղաս:

-Մամ, այ­սօր օ­րիորդ Ճան­սը­նը շատ սէտ էր, -ի՞ն­չու տխուր էր, հո­գի՛ս:

-Պա՛պ, պա­ռե­րուն վրայ լաւ քլայմպ կ­՛ը­նեմ: -Ապ­րի՛ս տղաս, ձո­ղե­րուն վրայ լաւ կը մագլ­ցիս։

Օր մըն ալ իր ննջարանի գրա­դա­րա­նը կո­կած ա­տեն հա­յե­րէ­նի գիր­քը ձեռ­քը դուրս ե­կաւ ը­սե­լով․ ՙՄամ, ա­սի առ՝ հոս չի պատ­կա­նիր՚։: Սար­սա­փած՝ ե­րե­խա­յին նա­յե­ցայ, որ թէեւ (հայերէնի այնքան ճշգրիտ գործածութեամբ) ան­մե­ղու­նակ ո­րո­շում մը ա­ռած էր պար­զա­պէս իր գրադարանին տեսքին միա­տե­սա­կու­թիւնը պա­հե­լու համար, սա­կայն զիս, նա­խա­պա­շա­րո­ւած ան­ձս, սահմռ­կե­ցուց:

Ան­մի­ջա­պէս ա­ռանձ­նա­ցանք եւ խօ­սե­ցանք, թէ ե­թէ մենք հա­յե­րէն գիր­քը տու­նէն ներս չպա­հենք, մէ­կը ի­րեն տեղ պի­տի չտայ իր գրա­դա­րա­նին մէջ եւ ե­թէ հա­յե­րէն չսոր­վինք, ու­րիշ մէ­կը պի­տի չսոր­վի։ Մենք ենք տէ­րը մեր լե­զո­ւին: Ատ­կէ ետք, ե­թէ մոռ­նամ գի­շեր­նե­րը հա­յե­րէն դա­սի նստե­լու, Վա­րա­գը ին­ծի կը յի­շեց­նէ․ ՙՄա՛մ, հա­յե­րէն չը­րինք այ­սօր․․․ ՚։

Այս ըն­թաց­քին հա­մո­զում ու­նէի եր­կու հար­ցի շուրջ․

-Վար­ժու­թիւ­նը, կրկնու­թիւ­նը պի­տի յաղ­թեն (repetition is the mother of all skills): Իս­կա­պէս ալ նոյ­նիսկ ե­թէ Վա­րա­գը անգ­լե­րէն կը խառ­նէ հա­յե­րէն խօ­սած ա­տեն, իր մտքե­րը կրնայ հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տել: Երբ հա­յա­խօս­նե­րու մէջ ըլ­լայ, բա­ռե­րը բնա­կա­նա­բար կը վեր­յի­շէ:

-Ինք­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է. ես ո՞վ­ եմ, ո՞ր ­խում­բին կը պատ­կա­նիմ, ա­ւե­լի կա­րե­ւոր գո­յու­թե­նա­կան հարցեր են հայ զգա­լու հա­մար` քան լեզուի իմացութիւնը: Նոյ­նիսկ ե­թէ հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը չստա­ցո­ւի, Վարագը հայ պի­տի զգայ ինք­զինք: Հա­մա­ցան­ցա­յին այս դա­րաշր­ջա­նին, պատ­կա­նե­լիու­թեան զգա­ցու­մը ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է:

Ե­թէ լե­զուն ա­ռօ­րեայ վար­ժու­թիւն եւ աշ­խա­տանք է, ա­պա ինք­նու­թիւ­նը կը կազ­մո­ւի կա­մաց-կա­մաց, քայլ առ քայլ. չսպա­սած մէկ խօսքդ, չակն­կա­լած մէկ պա­հը խոր դրոշմ կը ձգեն մա­նու­կին մտքին ու հոգիին մէջ եւ կ­՛ո­րո­շեն ա­նոր ինք­նու­թեան նա­խա­տի­պը:

Այ­սու­հան­դերձ, լե­զուն անհ­րա­ժեշտ է ո­րե­ւէ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ հա­մար­կո­ւե­լու հա­մար: Ըն­կե­րա­բան­ներ զայն գլխա­ւոր նա­խա­պայ­մա­նը կը նկա­տեն՝ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան կազ­մա­ւոր­ման:

Կը հա­ւա­տամ, որ ա­ռանց լե­զուն ի­մա­նա­լու կա­րե­լի չէ պատ­կա­նե­լիու­թիւն զգալ՝ լիո­վին: Ա­ռանց լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը ի­մա­նա­լու կա­րե­լի չէ ըն­կա­լել հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խար­հը: Կը նմա­նի լո­ղալ ու­զելուն, բայց ծո­վուն հե­ռո­ւէն դի­տելուն:

Վա­րա­գին ու­շի ու­շով կը հե­տե­ւէի այս ամ­րան Հա­յաս­տան մեր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին։ Ա­ռա­ջին ան­գամ երբ Սա­րեա­նի Տուն Թան­գա­րա­նը մտանք, հիա­ցած կը դի­տէր Վար­պե­տին գծագ­րու­թիւն­նե­րը՝ հա­շո­ւե­լով թէ քա­նի ան­գամ Ա­րա­րա­տը կ­՛ե­րե­ւի ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ: Կամ Արցախի մէջ Տա­տիկ եւ Պա­պիկ կոթողը գրկե­լը եւ կամ դէ­պի Սա­սուն­ցի Դա­ւի­թի ար­ձա­նը սրընթաց վա­զե­լը եւ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը… փորձառութիւններ, որոնք խոր դրոշմ պիտի ձգեն իր ինքնութեան վրայ: Այն բո­լոր պա­հե­րը՝ հա­յե­րէն երգ մը միա­սին եր­գե­լը, հակառակ իր դժկամութեան՝ առ­տու կանուխ ե­կե­ղե­ցի երթալը, կամ քնանալէ առաջ հայկական աւանդավէպի մը մասին պատմութիւն լսելը, կը կազմեն բաղադրիչները ինքնութեան կառուցուածքին։

Ման­կա­վարժ­նե­րը կ­՛ը­սեն․ ՙՄի թե­լադ­րեր․ այլ ցոյց տուր՚: Մա­նու­կը տպա­ւո­րե­լու, բան մը սոր­վեց­նե­լու լա­ւա­գոյն ձե­ւը կենդանի օ­րի­նակով ցոյց տալն է եւ ոչ թէ թելադրելը:

Ես չեմ յա­ւակ­նիր հա­ւաս­տիաց­նե­լու, որ ա­սի լա­ւա­գոյն ձեւն է հայ մա­նուկ մը հայ պահելու, ոչ ալ գի­տեմ ա­պա­գան ինչ պի­տի բե­րէ, թէ 6ա­մեայ զա­ւակս ինչ­պէ՞ս պի­տի դրսե­ւո­րուի ա­պա­գա­յին: Միայն կրնամ ը­սել, որ ճամ­բան դեռ եր­կար է…

Ան­ցեալ օր, երբ ի­րեն գա­ղա­փա­րի մը ըն­կա­լու­մը դիւ­րաց­նե­լու հա­մար անգ­լե­րէն եզր մը գոր­ծա­ծե­ցի, ին­ծի դառ­նա­լով ը­սաւ․

-ՙՄամ, հա­յե­րէն խօ­սէ․․․:

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՎԱՐԴԱՆ ԱՃԵՄԵԱՆ

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարդան Աճեմեան (15 Սեպտեմբեր 1905, Վան – 24 Յունուար 1977, Երեւան), հայ անուանի թատերական խմբավար, թատերական գործիչ, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ (1965), ընկերաբանական աշխատանքի հերոս (1975), Սովետական 3-րդ աստիճանի մրցանակակիր (1951):

Ան ուսանած  է Երեւանի եւ Մոսկուայի մէջ։ 1928-ին հիմնած է Կիւմրիի պետական թատրոնը, 1939-ին դարձած է Երեւանի Սունդուկեանի անուան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարը։ Ան ղեկավարած է Ալեքսանտր Շիրվանզադէի «Պատուոյ համար» (1939), Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներուն վրայ է» (1961), Փափազեանի «Ժայռ» (1944), Նայիրի Զարեանի «Արա Գեղեցիկ» (1946), քանի մը երաժշտական ներկայացումներ։ ԽՍՀՄ Պետական մրցանակներ (1951) եւ ԽՍՀ Հայկական (1971):

Ադրբեջանական լրատվամիջոցները իրավապաշտպան Էմին Հուսեյնովին մեղադրում են հայերի հետ ընթրելու համար

0

Վարշավայում սեպտեմբերի 10-ից մեկնարկած ԵԱՀԿ մարդու իրավունքների, օրենքի գերակայության ու ժողովրդավարության վերաբերյալ տարեկան համաժողովին մասնակցել է նաև ադրբեջանցի իրավապաշտպան Էմին Հուսեյնովը:

Այս մասին, ինչպես հաղորդում է «Արմենպրես»-ը, հայտնում են ադրբեջանական իշխանամետ լրատվամիջոցները:

Մշտապես ալիևյան ռեժիմի քննադատությամբ աչքի ընկնող Հուսեյնովը Վարշավայում հանդիպել է Լեհաստանի հայկական համայնքի ներկայացուցիչների հետ, խորհրդակցություններ ունեցել հայկական հասարակական կազմակերպությունների հետ:

Հանդիպումներից հետո ադրբեջանցի իրավապաշտպանը հայերի հետ ճաշել է Վարշավայում գտնվող Golden Apricot ռեստորանում, որը հայերի սիրելի վայրն է:

Իրավապաշտպանի հայերի հետ ունեցած ընթրիքը զայրույթ է առաջացրել Ադրբեջանի իշխանական և հասարակական շրջանակներում, ինչն իր արտահայտությունն է գտել մամուլում:

Այս ամենը ևս մեկ անգամ վկայում է, որ միջազգային ամբիոններում ադրբեջանական իշխանությունների կողմից քարոզվող «հանդուրժողականությունն» ամբողջությամբ կեղծիք է:

Հնարավոր է, որ Հուսեյնովը հայերի հետ ունեցած հանդիպումների և ընթրիքի պատճառով ենթարկվի Բաքվի բռնապետի և նրա ռեժիմի հետապնդումներին, անգամ մեղադրվի «պետական դավաճանության» մեջ, ինչպես նախկինում արվել է Հայաստանի և Ադրբեջանի հասարակությունների միջև շփումների օգտին հանդես եկած ադրբեջանցի հայտնի իրավապաշտպան Լեյլա Յունուսի պարագայում: