Չորեքշաբթի, 08. 04. 2026

Պաղեստինցի Գաղթական Մը Սպաննուած Է, Իրավիճակը Լարուած Է Այն Ալ Հիլուէի Մէջ

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի հարաւը, Այլ Էլ Հիլուէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ իրավիճակը բաւականին լարուեցաւ, երբ երէկ կէս գիշերին գաղթականներէն մէկը զոհ գնաց զինեալի մը կրակոցներուն, որ, ըստ կարգ մը տուեալներու, անդամ է գաղթակայանին մէջ ձեւաւորուած իսլամիստ խմբաւորումներու: Այս մասին կը փոխանցեն պաղեստինեան անվտանգութեան աղբիւրներ:
Կարելի չէ եղած տակաւին ձերբակալել կասկածեալը:

ԱՐՑԱԽԸ ՆԱԽՈՐԴ ՇԱԲԱԹ

0

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

 

ԱրցախԳալիֆորնիա Կապերը Կը Տեղափոխուին Դէպի Գործնական Հարթութիւն

Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանն ու Գալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթոնի Փորթանթինօն վերջին երկու տարուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով Արցախ են: Ստեփանակերտի քաղաքապետին հետ հանդիպումին Զարեհ Սինանեանը կ’ըսէ, որ դեռ չէ մոռցած Ստեփանակերտ կատարած առաջին այցը 1993 թուականին:  «Լրիւ ուրիշ տեղ էր: Ամէն տեղ կը զգայիր պատերազմի ներկայութիւնը,- 25 տարիներու հեռաւորութենէն կը յիշէ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը:- Ամէնօրեայ ռմբակոծութիւններ, օդային հարուածներ, փողոցներէն հրասայլեր կ’անցնէին, Պապիկ-Տատիկին մօտ ուղղաթիռները կ’իջնէին՝ վիրաւորները տեղափոխելու»:

Տարիներ անց, Ստեփանակերտը բոլորովին այլ տեսք ունի եւ բազմաթիւ բարեկամ-քաղաքներ, որոնց շարքին նաեւ Կլենտէյլն է: Կլենտէյլի քաղաքապետը պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու Ստեփանակերտի զարգացման ծրագիրներուն: Աղբահան մեքենաները, զորս կը նուիրէ Ստեփանակերտին, քաղաքային տնտեսութեան օգտակար կ’ըլլան, համոզուած է Զարեհ Սինանեանը: Վստահ է՝ Կլենտէյլի մէջ ալ դէմ չեն ըլլար այդ նախաձեռնութեան. բնակչութեան մօտ կէսը հայեր են:  «Բոլորին համար Արցախը յատուկ տեղ ունի, բոլորին համար ան հարազատ է: Բոլորը կը հասկնան Արցախի կարեւորութիւնը մեր հայրենիքի անվտանգութեան համար,- չի թաքցներ Զարեհ Սինանեանը:- Հարիւրամեակներու ընթացքին կորուստներ կրելէ, տարածքներ կորսնցնելէ ետք, վերջապէս յաջողեցանք մեր հայրենիքին մէկ հատուածը ազատագրել: Պէտք է ազգովի գնահատենք եւ պահպանենք այդ ձեռքբերումը»:

Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանն ու Գալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթոնի Փորթանթինօն վստահ են, որ այսուհետեւ Ստեփանակերտն ու Կլենտէյլը աւելի սերտ համագործակցութիւն կը ծաւալեն: Ծերակուտական Փորթանթինօն կը խոստանայ աւելին. պիտի աշխատի նոր որակ հաղորդել Գալիֆորնիա-Հայաստան-Արցախ կապերուն: «Գալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտին մէջ մենք ստեղծած ենք Արցախի եւ Հայաստանի  հետ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կապերու զարգացման յանձնաժողով: Ես այդ յանձնաժողովին նախագահն եմ  եւ շատ հետաքրքրուած եմ Արցախով: Կը գտնուիմ այստեղ, որպէսզի քննարկենք գործնական ծրագիրներ Արցախի եւ Գալիֆորնիոյ միջեւ՝ այդ կարգին գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ»,- հետագայ ընելիքներուն մասին փակագիծերը կը բանայ Գալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթոնի Փորթանթինօն:

Մանրամասնութիւնները քննարկուած են Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ հանդիպումներուն: Արցախ կատարած այցի ընթացքին Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանն ու Գալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Էնթոնի Փորթանթինօն հանդիպումներ ունեցած են Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի, պետական նախարարի, արտաքին գործոց նախարարի հետ:

Թալիշի Վերականգնման Աշխատանքները Աւարտին Կը Մօտենան

Թալիշի մէջ շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին երկու տարիէ: Առ այսօր այդ ծրագիրին շուրջ մէկուկէս միլիառ դրամ ուղղուած է: Քաղաքաշինութեան նախարարը Արցախի նախագահին կը զեկուցէ կատարուածը: Առաջին փուլին կառուցուած եւ վերակառուցուած է 19 տուն, համայնքային կեդրոնը, հանդիսութիւններու դահլիճ: Երկրորդ փուլին կը վերանորոգուի 14 բնակելի տուն, հիմքէն կը կառուցուի եւս 2-ը: Համայնքային նշանակութեան շէնքերն ու շինութիւնները եւ բնակելի տուները ամբողջութեամբ կահաւորուած են: Զուգահեռաբար կը շարունակուին շինարարական աշխատանքները: Աւարտին կը մօտենան դպրոցի եւ մանկապարտէզի շինարարութիւնը: Ժամկէտներէն շեղումներ չկան: «Դպրոցի եւ մանկապարտէզի շէնքերը գրեթէ պատրաստ են: Հոկտեմբերի կէսերուն կ’աւարտենք: Նշեմ, որ այս երկու շէնքերն ալ ապահովուած են ապաստարաններով»,- շինարարական հրապարակին մէջ նախագահ Սահակեանին կը զեկուցէ եւ ցոյց կու տայ Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը:

Մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի գիւղի ենթակառուցուածքներու բարելաւման: Կեդրոնական փողոցները բարեկարգուած են, լուսաւորուած, կառուցուած է նոր ջրագիծ: Երրորդ փուլը հիմնականօրէն նոր բնակարաններու շինարարութիւնը պիտի ընդգրկէ: «Խօսքը կը վերաբերի 8 նոր բնակարանի: Վաղը մեր մասնագէտները Թալիշ կ’ըլլան՝ անոնց տեղերը որոշելու համար»,- նախագահի յանձնարարականը կը ներկայացնէ քաղաքաշինութեան նախարարը:

Թալիշի հողերը անմշակ չեն մնար: Թալիշեցիները կը շարունակեն հողի հետ աշխատանքը, արդէն 60 հա հերկած են: Թալիշեցիները նաեւ իրենց տնամերձ տարածքը կը խնամեն, աշնան բերքը կը հաւաքեն, կը պահեստաւորեն: «Շատ պարագաներու, այն ընտանիքները, որ արդէն մնալու պայմաններ ունին, օրեր շարունակ կը մնան գիւղը»,- կը վստահեցնէ Թալիշի համայնքի ղեկավար Վիլէն  Պետրոսեանը:

Թալիշեցիներէն շատերը առայժմ Մարտակերտի շրջանի մէկ այլ բնակավայր՝ Ալաշան կը բնակին. կը սպասեն գիւղի շինարարական աշխատանքներու աւարտին, որպէսզի վերջնականապէս Թալիշ վերադառնան: Մինչ այդ շատերը գիւղի շինարարութեան կը մասնակցին, շատերն ալ համալրած են հայրենիքի պաշտպաններու շարքերը եւ հայրենի գիւղի սահմաններուն հետ նաեւ հայրենիքի սահմանները կը պաշտպանեն:

Շինարարութիւնը աւարտելէ ետք, նոր դպրոցի յարմարութիւնները կը գնահատեն թալիշեցի փոքրիկները: Մինչ այդ, Թալիշի հարեւան Մատաղիս գիւղի դպրոցականներուն հետ էր Արցախի նախագահի չծրագրուած հանդիպումը: Կարճ տեւեց. զինուորականներուն ուղեկցութեամբ՝ Բակօ Սահակեանը շտապեց շինարարական յաջորդ հրապարակը՝ գնահատելու նորակառոյց զօրանոցներու հնարաւորութիւնները:

Ստեփանակերտ

 

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԱՇՈՏ ԱՐՍԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշոտ Արսէն Աբրահամեան (17 Սեպտեմբեր 1918- 16 Ապրիլ 1985), հայ լեզուաբան, մասնագէտ (1964), ՀԽՍՀ ԳԱ թղթակից անդամ, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (1965), մանկավարժ։

Ծնած է Շահրիզ (այժմ՝ Գեղարքունիքի մարզի Գեղամաւան) գիւղը: 1937-էն սկսեալ աշխատած է որպէս ուսուցիչ Հրազդանի շրջանի դպրոցներուն մէջ: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Երեւանի հեռակայ մանկավարժական հիմնարկին մէջ։ 1948-ին պաշտպանած է աւարտաճառը եւ ստացած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան, 1943-էն մինչեւ մահ դասախօսած է նոյն հիմնարկին մէջ։ 1950-1959 պաշտօնավարած է ՀԽՍՀ ԳԱ լեզուի հիմնարկին մէջ իբրեւ բաժինի (զինուորական գործողութեան վայրի) վարիչ, 1960-էն սկսեալ Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկին մէջ հայոց լեզուի բաժինի վարիչն էր։ 1963-ին կատարած է իր մասնագիտական աւարտաճառը։ Վարած է ժամանակակից հայոց լեզուի, գրաբարի, լեզուաբանութեան ներածութեան բուհական դասընթացքները։ Ուշագրաւ ներդրում ունի հայերէնի, մասնաւորապէս արդի գրական լեզուի բայակազմութեան, բայական կարգերու ձեւաբանական յատկութիւններու քննութեան բնագաւառին մէջ: Գրաբարի հանդէպ անոր կազմած ձեռնարկը ակնյայտօրէն նպաստած է հին գրական հայերէնի ուսուցման գործին։ Հանդէս եկած է բազմաթիւ արժէքաւոր յօդուածներով, որոնց մէջ անդրադարձած է հայերէնի պատմական հնչիւնաբանութեան, բառաքննութեան խնդիրներուն, լեզուի աւանդման գիտաձեւական խնդիրներու եւն։ Անոր թարգմանութեամբ (գրաբարէն աշխարհաբար) լոյս տեսած է Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոցը» (1972): Մահացած է Երեւան։[2]

10 ապրիլ 1981-էն 1977 ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Աշոտ Աբրահամեան, որ արդէն գիտութեան վաստակաւոր գործիչ էր, գիտութիւններու ակադեմիոյ լեզուի հիմնարկին մէջ հայ մատենագիրներու համաբարբառը կազմելու աշխատանքները ղեկավարելու համար ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Վիկթոր Յամբարձումեանի ձեռքէն կը ստանայ իր «Վաստակագիրը»:

Տարբեր տարիներու եւ տարբեր առիթներով Աշոտ Աբրահամեանը յօդուածներ նուիրուած է արուեստի ու գրականութեան երեւելի դէմքերուն՝ Մարտիրոս Սարեանին, Առնօ Պապաճանեանին, Մուշեղ Գալշոյեանին եւ ուրիշներու։

 

Թարգմանութիւններ

Աշոտ Աբրահամեանի մեծագոյն ծառայութիւնը հայագիտութեան հանդէպ եղած է եւ կը մնայ հայ միջնադարի երկու մեծարժէք մատեաններու աշխարհաբար թարգմանութիւնը։

 

Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոցը»

1971-ին լոյս տեսած է Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ աղանդոցը» Աշոտ Աբրահամեանի թարգմանութեամբ, որուն միացած են գիտական յառաջաբան եւ հմուտ ծանօթագրութիւններ։ Թարգմանութիւնը կատարուած է համեմատական քննութեամբ մինչ այդ եղած այլալեզու թարգմանութիւններու եւ անոնց կցուած ծանօթագրութիւններու հետ։ Ա. Աբրահամեան թարգմանութիւնը կատարելու ժամանակ ծանօթացած է զրադաշտական կրօնի հետ կապուած գիտական գրականութեան, հին շրջանի յոյն փիլիսոփաներու ուսմունքներուն, Մխիթարեան հայրերու՝ Եզնիկ Կողբացիի երկերուն տրուած մեկնութիւններուն։

 

Ստեփանոս Օրբելեանի «Սիւնիքի պատմութիւն»

Այս երկը ներկայացնող յառաջաբանին մէջ խօսած է այդ պատմութեան այլալեզու թարգմանութիւններուն մասին։ Ստեփանոս Օրբելեանի «Սիւնիքի պատմութիւնը» առաջին անգամ թարգմանուած է լատիներէն (1717, Պեռլին): Անոր ֆրանսերէն թարգմանիչները եղած են Սէն-Մարտենը եւ Մարի Պրոսսեն։ Օրբելեանի երկը նաեւ թարգմանուած է ռուսերէնի ու վրացերէնի։ Հայերէն աշխարհաբարը թարգմանուած է այս բազմալեզու հրապարակումներէն տարիներ ետք: Թարգմանութեան ծանօթագրութիւնները, որոնք խիստ մանրատառ են, գիրքի 405–549 էջերը կը գրաւեն, թուաքանակով 1778-ի կը հասնին։ Անոնց հիմքին մէջ ինկած են գիրքի այլալեզու թարգմանութիւններու հեղինակներու բացատրութիւնները։ Թարգմանութեան յառաջաբանը հետազօտական առումով երկու կարեւոր ենթաբաժիններու բաժնուած է, որոնք կը պարզեն մատենագրական այդ գլուխգործոցի ստեղծման դրդապատճառները, սկզբնաղբիւրները, ժամանակային ընդգրկումն ու պատմագիտական արժէքը, երկի լեզուն ու ոճը, պատմագիտական միւս երկերը։

«SITA» Ընկերութիւնը Ճանապարհորդներէն Կը Խնդրէ Ներողամիտ Գտնուիլ Պէյրութի Օդակայանին Մէջ Գրանցուած Համակարգչային Խանգարումին Համար

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-«SITA» օդագնացական արհեստագիտութեան զարգացման ընկերութիւնը Ուրբաթ անդրադարձաւ Պէյրութի օդակայանին մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած անսպասելի միջադէպին՝ խնդրելով ճանապարհորդներէն ներողամիտ գտնուիլ համակարգչային խանգարումի եւ ուղեբեռի փոխադրման համակարգի խափանման համար, ինչ որ պատճառ դարձած էր չուերթերու ուշացումին:
Միջին Արեւելքի, Հնդկաստանի եւ Ափրիկէի մէջ «SITA»-ի նախագահ Հանի Էլ Ասաատ Պէյրութի «Phoenicia» հիւրանոցին մէջ մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսի ժամանակ ըսաւ, որ ընկերութիւնը անյապաղ արձագանգած է համակարգչային խանգարումին եւ յաջողած է դիմել այլընտրանքային համակարգի երեք-չորս ժամուան ընթացքին: 

Աունի Եւ Հարիրիի Հանդիպումը Կախուած Է Կառավարութեան Կազմաւորման Գործընթացի Յառաջընթացէն

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Նախագահ Միշէլ Աունի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպում մը կը նախատեսուի նախքան նախագահի այցելութիւնը Նիւ Եորք Սեպտեմբեր 23-ին, ուր պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նիստին: Այս մասին Ուրբաթ հաղորդեց «Ալ Մուսթաքպալ» տեղական օրաթերթը:

Պաապտայի նախագահական պալատէն աղբիւր մը չբացառեց նախագահի եւ վարչապետի հանդիպումին հաւանականութիւնը, եւ փոխանցեց, որ հանդիպումը սոսկ պայմանաւորուած է կառավարութեան կազմաւորման յառաջընթացով:

Յատուկ Ատեանի Դատախազութիւնը Կ’աւարտէ Եզրափակիչ Փաստարկներու Քննարկումը

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-Լիբանանի համար Միջազգային  Յատուկ ատեանի դատախազութիւնը Ուրբաթ աւարտեց եզրափակիչ փաստարկներու քննարկումը՝ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հետ կապուած դատավարութեան գործընթացը մէկ քայլ  եւս առաջ տանելով:
«Ահաւասիկ շարք մը ապացոյցներ, ըստ որոնց՝ չորս մեղադրեալները՝ Սալիմ Աայյաշը, Հասան Մերհին, Ասատ Սապրան եւ Հուսէյն Ղունէյսին մեղապարտ են պայթումի յանցագործութեան մէջ անկբախ ներգրաւուածութեան համար»,- ըսաւ դատարանի փաստաբան Նիկըլ Փովոուազը Ուրբաթ յետմիջօրէին:
Ան դատաւորներէն խնդրեց դատախազութեան հետ պայմանաւորուածութեան յանգին դատավճիռի կայացման ժամանակը ճշդուի, ինչը պիտի յայտարարուի 2019-ին:

Ուքրանիան Եւ ԵՄ-ը Ֆինանսական Օգնութեան Ծրագիր Ստորագրած Են 1 Միլիառ Եւրոյի Չափով

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ«, ՊԷՅՐՈՒԹ – Ուքրանիան եւ Եւրամիութիւնը ստորագրած են երկրին 1 միլիառ եւրոյի չափով ֆինանսական օգնութիւն տրամադրելու չորրորդ ծրագիրը. յուշագիրի ստորագրման հեռարձակումը իրականացուցած են ուքրանական հեռուստաալիքները, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը:

«Մենք նոր ստորագրեցինք փոխըմբռնման յուշագիր եւ Ուքրանիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ վարկային համաձայնագիր՝ Ուքրանիոյ ԵՄ-ի մանրաֆինանսական օգնութեան չորրորդ ծրագիրին վերաբերեալ:

«Ուքրանիոյ մանրաֆինանսական օգնութեան չորրորդ ծրագիրին վերաբերեալ համաձայնագիրը Եւրայանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքերի հետ «Արեւելեան գործընկերութեան» գագաթաժողովի ծիրէն ներս իմ նախորդ քաղաքական պայմանաւորուածութիւններուս գործնական արդիւնքն է: ԵՄ-ը Ուքրանիոյ մանրաֆինանսական օգնութիւն կը տրամադրէ 2014 թուականէն»,- յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօն, որ ներկայ եղած է համաձայնագիրի ստորագրման:

Ուքրանիոյ համար 1,8 միլիառ եւրօ ֆինանսաւորման ծաւալով նախորդ նմանօրինակ ծրագիրին հաւանութիւն տրուած է 2015 թուականին, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Չեխիոյ Մէջ Ձերբակալուած Իսլամիստը Ահաբեկչութիւն Կը Նախապատրաստէր Հանրապետութեան Մէջ. «Mlada Fronta Dnes»

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ«, ՊԷՅՐՈՒԹ – Չեխիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է իսլամիստ մը, որ ահաբեկչութիւն կը նախապատրաստէր Հանրապետութեան մէջ: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Սեպտեմբեր 14-ին յայտնած է Պրահայի «Mlada Fronta Dnes» թերթի կայքը:

Ձերբակալուածի բնակարանին մէջ կատարուած խուզարկութեան ընթացքին յայտնաբերուած են ռումբերու արտադրութեան հրահանգ եւ քիմիական նիւթեր, որոնք անհրաժեշտ են անոր համար: Ոստիկանութիւնը իրեն մեղադրանք առաջադրած է ահաբեկչական գործողութիւն նախապատրաստելու համար, զոր ան կը ծրագրէր իրականացնել սեփական ձեռքով պատրաստուած պայթուցիկ սարքերու օգնութեամբ: Ձերբակալուած Տոմինիք Կ.-ն ծագումով սլովաք է: Ան երեք տարի առաջ իսլամութիւնը ընդունած եւ, ինչպէս կը նշէ հրատարակութիւնը, դարձած է մոլեռանդ իսլամիստ: Ան աշխուժօրէն կը գործէր ընկերային ցանցերու վրայ: Իր իտէալը դարձած է Իսլամական պետութիւնը:

Սա Չեխիոյ տարածքին ահաբեկչութիւն նախապատրաստող իսլամիստի ձերբակալման առաջին դէպքն է, ընդգծած է թերթը, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարը Ժամանած Է Ազրպէյճան՝ Բանակցելու Ալիեւի Եւ Ուժային Գերատեսչութիւններու Ղեկավարներուն Հետ

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ«, ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Ավիկտոր Լիպերման ժամանած է Ազրպէյճան՝ հանդիպելու երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ուժային գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն հետ, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը՝ յղում ընելով «BBC»-ին:

Ինչպէս կը նշեն փորձագէտները, Ազրպէյճանը լաւ յարաբերութիւններ ունի Իսրայէլի հետ եւ բաւական երկար ժամանակէ իսրայէլական զէնք կը գնէ: Իրենց կարծիքով՝ այս այցը նոյնպէս կապուած է նման համագործակցութեան հերթական փուլին հետ: Ավիկտոր Լիպերման Սեպտեմբեր 12-ին եւ 13-ին այցով եղած է Վրաստան, իսկ այնուհետեւ ժամանած է Ազրպէյճան՝ հանդիպելու այդ երկիրներու նախագահներուն, պաշտպանութեան նախարարներուն եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Ազրպէյճանի պաշտօնական պետական գործակալութիւնը՝ «AzerTag»-ը, եւ երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնը առայժմ չեն հրապարակեր հանդիպումին մանրամասնութիւնները, եւ «BBC»-ին կարելի չէ եղած զանոնք պարզել ո՛չ նախարարութենէն, ո՛չ ալ նախագահի վարչակազմէն:

Սուրիոյ Վերականգնման Մասնակցութիւնը Կախուած Է Հակամարտութեան Քաղաքական Լուծումէն. ԳԴՀ-ի ԱԳ Նախարար

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ«, ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերմանիան պատրաստ է Սուրիոյ վերականգնման մասնակցելու որոշ պայմաններով, բայց այդ մասին խօսք պիտի չըլլայ, քանի դեռ չէ գտնուած հակամարտութեան քաղաքական լուծումը: Այս դիրքորոշումը յայտնած է ԳԴՀ-ի արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաասը «DPA» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ, որ հրապարակուած է Սեպտեմբեր 14-ին, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը:

«Եթէ գտնուի քաղաքական լուծում, որ իրեն հետ կը բերէ ազատ ընտրութիւններ, ապա մենք պատրաստ կ’ըլլանք պատասխանատուութիւն ստանձնելու վերականգնման հարցին մէջ»,- ըսած է Մաասը: Իր կարծիքով՝ «ո՛չ ռուսերը, ո՛չ իրանցիները, ո՛չ թուրքերը առանձին չեն կրնար գլուխ հանել այդ մէկը»:

Միաժամանակ Մաասը ընդգծած է, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը չի կրնար պատկերացնել այնպիսի լուծում մը, զոր կը նախատեսէր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան գլուխ մնալը երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ: Սակայն նախարարը Ասատի պարտադիր հեռանալը չէ նշած որպէս Սուրիոյ վերականգնման ԳԴՀ-ի մասնակցութեան պայման: «Վերջնական որոշումը պիտի տրամադրուի բոլոր սուրիացիներուն, այդ կարգին՝ անոնց, որոնք փախած են երկրէն եւ կը ցանկան ետ վերադառնալ»,- ըսած է Մաասը, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը: