Չորեքշաբթի, 08. 04. 2026

Սթրասպուրկի Մէջ Կայացած Է Եւրոպայի Խորհուրդի Եւ Ֆրանքոֆոնիոյ Միջեւ Համագործակցութեան Խորացման Ուղղուած Հանդիպում

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը Ֆրանքոֆոնիոյ միջազգային կազմակերպութեան հետ Սեպտեմբեր 14-ին ԵԽ կեդրոնակայանէն ներս կազմակերպած է Երեւանի մէջ Հոկտեմբերին կայանալիք ՖՄԿ գագաթաժողովին եւ ԵԽ-ՖՄԿ համագործակցութեան նուիրուած միջոցառում։ Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն՝ աւելցնելով. «Ֆրանքոֆոնիոյ միջազգային կազմակերպութիւնը կը  ներկայացնէր Եւրոպայի խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան մէջ ՖՄԿ դեսպան Սթեֆան Լոփէզը (նստավայրը՝ Պրիւքսել):

Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Պարոյր Յովհաննիսեանը ներկայացուց ՖՄԿ-ի մէջ հայկական նախագահութեան գերակայութիւնները, յառաջիկայ գագաթաժողովի օրակարգը, անոր ծիրէն ներս նախատեսուած միջոցառումները։

Ֆրանքոֆոնիոյ դեսպանը ներկայացուց Եւրոպայի խորհուրդի հետ համագործակցութեան վերաբերեալ ՖՄԿ մօտեցումները։ Անդրադարձ կատարեց կազմակերպութեան օրակարգին վրայ հիմնական բաղադրիչ հանդիսացող մշակութային երկխօսութեան՝ նշելով, որ հիմնական ջանքերը ուղղուած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ճգնաժամերու կանխարգիլման, ինչը լիովին կը տեղաւորուի Եւրոպայի խորհուրդի ժողովրդավարական անվտանգութեան հայեցակարգի տրամաբանութեան մէջ։

Քննարկուեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համակարգերը Ֆրանքոֆոնիոյ անդամ բոլոր պետութիւններուն համար կիրարկելու եւ վերջիններուս՝ ԵԽ շարք մը համաձայնագիրերուն միանալու հնարաւորութիւնը։

Միջոցառումին ներկայ էին Եւրոպայի խորհուրդի անդամ եւ դիտորդ պետութիւններու դեսպաններ, դիւանագէտներ, ԵԽ եւ ՖՄԿ քարտուղարութիւններու ներկայացուցիչներ»:

Վրաստանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դեսպաններուն Ներկայացուած Են ՀՀ Արտաքին Քաղաքական Գերակայութիւնները. Անոնք Այցելած Են Ծիծեռնակաբերդ

0

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Սեպտեմբեր 15-ին ընդունած է Վրաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ մէկ տասնեակէն աւելի դեսպանները, որոնց այցը Հայաստան կազմակերպուած էր Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ։

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ, ողջունելով ներկաները, ՀՀ ԱԳՆ ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ նման այցերը կ’ըլլան պարբերական եւ կը խթանեն բարեկամական երկիրներուն հետ համագործակցութեան հետագայ խորացումը։

ՀՀ ԱԳ նախարարը դեսպաններուն ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ներքաղաքական վերջին զարգացումները, կառավարութեան ծրագիրի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններն ու գերակայութիւնները։ 

 Նոյն օրը դեսպանները այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Ազրպէյճանի Զինուժը Ընդհանուր Առմամբ Կրակած Է ՀՀ ՊՆ 3-րդ Բանակային Միաւորումի Ուղղութեամբ, Հայկական Կողմը Լռեցուցած Է Հակառակորդը

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանի զինուժը Սեպտեմբեր 15-ի լոյս 16-ի գիշերը, ընդհանուր առմամբ, կրակ բացած է ոչ թէ Տաւուշի մարզի Կոթի գիւղի, այլ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան 3-րդ բանակային միաւորումի ուղղութեամբ։ Ազրպէյճանական կողմը կրակած է հիմնականօրէն հրաձգային զէնքերով, ինչպէս նաեւ մեծ՝ մինչեւ 12,7 մմ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով։ Հայկական կողմը իր գործողութիւններով լռեցուցած է հակառակորդը։ Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշեց ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը։

Կէս գիշերին ազրպէյճանական կողմի 40 վայրկեան տեւած գնդակոծութեան հետեւանքով ոտքէն վիրաւորուած է Կոթիի բնակիչ Սուրէն Սեփխանեանը (ծնած՝ 1957-ին): Բարեբախտաբար կեանքին վտանգ չի սպառնար։

Ազրպէյճանական զինուժը Սեպտեմբեր 14-ին գնդակոծած էր Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղը: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ Չինարի համայնքի ղեկավար Սամուէլ Սաղոյեանը յայտնած էր, որ Սեպտեմբեր 14-ի առաւօտեան ժամերէն լարուածութիւն է եղած է յենակէտերուն վրայ, այնուհետև 20:30-ից մէկ ժամ տեւողութեամբ կրակած են գիւղին ուղղութեամբ:

«Կը կրակէին մեծ տրամաչափի գնդացիրներէն: Երկու տուն թեթեւակի վնասուած է, առանձնակի բան չկայ: Սահմանին մինչեւ 00:30-01:00 շարունակած է լարուած մնալ, որմէ ետք մինչեւ այս պահը իրավիճակը հանգիստ է»,- մանրամասնած էր Սաղոյեանը:

ՀՀ Վարչապետը Հեռախօսով Զրուցած Է Ազրպէյճանի Կրակոցէն Կոթիի Մէջ Վիրաւորուած Բնակիչին Հետ

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսով զրուցած է Ազրպէյճանի գնդակոծութեան հետեւանքով Տաւուշի մարզի Կոթի գիւղին մէջ վիրաւորուած Սուրէն Սեփխանեանի հետ։ Այս մասին վարչապետը գրած է Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ։

«Հենց նոր հեռախօսով զրուցեցի Կոթիում վիրաւորուած Սուրէն Սեփխանեանի հետ: Ոտքից է վիրաւորուել, ոսկորը չի վնասուել: Ասում էր՝ լաւ է: Ինձ ասում էր՝ դուխդ չգցես»- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

ՀՀ Եւ Չինաստանի ԱԳՆ-ներու Միջեւ Քաղաքական Խորհրդակցութիւններու Ընթացքին Շարք Մը Կարեւոր Պայմանաւորուածութիւններ Ձեռք Բերուած Են

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Պապիկեանը Սեպտեմբեր 14-ին Փեքինի մէջ հանդիպած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ճան Հանհուէյի հետ: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն՝ աւելցնելով. «Հանդիպումին յաջորդեցին ՀՀ եւ Չինաստանի ԱԳՆ-ներու միջեւ քաղաքական խորհրդակցութիւնները, որոնց ընթացքին կողմերը վերահաստատեցին հայ-չինական բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ խորացման, շարունակականութեան ու կայուն զարգացման իրենց յանձնառութիւնը:

Քննարկուեցան եւ ձեռք բերուեցան պայմանաւորուածութիւններ քաղաքական երկխօսութեան եւ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց փոխադարձ այցելութիւններու իրականացման, արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ փոխգործակցութեան, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ներուժի կիրարկման, իրաւական դաշտի ընդլայնման, զբօսաշրջութեան խթանման եւ երկու երկիրներու քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնագիրերու կարգի աւելի դիւրացման, այդ կարգին՝ ազատականացման, միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան, Չինաստանի կողմէ Հայաստանին տրամադրուող սարքային օգնութեան, մարդասիրական ոլորտին մէջ շփումներու եւ փոխանակումներու ապահովման շուրջ:

Նախարարի տեղակալ Պապիկեանը ներկայացուց նաեւ ԼՂ հակամարտութեան շուրջ վերջին զարգացումները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց չինական կողմին հիմնահարցը բացառապէս խաղաղ ճամբով կարգաւորելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու ջանքերուն աջակցելու Չինաստանի դիրքորոշումին համար:

Այցի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ Արմէն Պապիկեանի հանդիպումը Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի միջազգային բաժինի վարիչի տեղակալ (փոխնախարարի կարգավիճակով) պարոն Ցիան Հոնշանի հետ:

Հանդիպումին շօշափուեցան երկկողմ համագործակցութեան հարցեր: Երկուստեք նշուեցաւ Հայաստանի եւ Չինաստանի զարգացման ռազմավարութիւններու փոխկապակցման եւ խորացման անհրաժեշտութիւնը: Կողմերը գոհունակութիւն արտայայտեցին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին վերաբերեալ եւ յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման առումով:

Սեպտեմբեր 15-ին ԱԳ նախարարի տեղակալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնեց Շանհայ՝ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին նպատակով»:

ՀՀ Վարչապետը Հերքեց Թուրքիոյ Նախագահին Հետ Հեռախօսազրոյցին Վերաբերեալ Տեղեկութիւնը

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը հերքէ թրքական լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկութիւնը, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան զանգահարած է իրեն եւ խնդրած է ետ վերադարձնել հայ-թրքական սահմանը հատած եւ ձերբակալուած 16-ամեայ Ումութ Ալի Օզմենին:

«Այդպիսի բան չկայ: Միակ կապը թուրքական կողմի հետ, որի  մասին ես յայտարարել էի, Բրիւսելում էր, երբ որ Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարը բարեւեց ինձ ու գնաց»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ժամանակ նշեց Նիկոլ Փաշինեան:

Առանց Մեկնաբանութեան

0

Տատիկին եւ պապիկին տունը այցի եկած թոռները…:

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Ազդանշանը Տրուեցաւ Կրթական Դրութեան Բարեփոխման Եռամեայ Ծրագիրին

0

Սեպտեմբեր 14-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի անձնակազմը գումարեց իր առաջին՝ վերամուտի ընդհանուր ժողովը, Ֆարաճեան հանդիսասրահին մէջ:

Ժողովը բացուեցաւ Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Արժ. տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեանի խորհրդածութիւններով: Տէր Ռաֆֆի, մեկնելով կոյր մարդու բժշկութեան աւետարանական հրաշքի խորհուրդէն, անհրաժեշտ համարեց, որ մանկավարժները լաւապէս գիտակցին իրենց պաշտօնը, հասկնան աշակերտներուն կարիքները, գօտեպնդեն զանոնք ինքնավստահութեամբ, օգնեն բոլորին` ամրօրէն ոտքի մնալու գիտութեան ճամբուն վրայ եւ, ամենակարեւորը, արժանի ուշադրութիւն եւ հոգածութիւն ընծայեն ամենատկարներուն, որպէսզի անոնք չմնան լուսանցքի վրայ, այլ ընթանան բոլորին հետ միասին` բոլորին համար նախատեսուած զարգացման ուղիով:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր զեկոյցի առաջին մասով ընդհանուր գնահատականը կատարեց 2017-2018 տարեշրջանի գործունէութեան՝ դիտել տալով, որ վարժարանը պետական քննութիւններուն արձանագրեց շատ լաւ արդիւնքներ. ընդհանուր հաշուով քննութիւններուն ներկայացան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու 124 աշակերտներ, որոնցմէ 119-ը յաջողեցան (համեմատութիւնը` 96 առ հարիւր):

Անդրադառնալով նոր տարեշրջանի նորութիւններուն՝ պարոն Գալուստ հաղորդեց, որ Մեսրոպեանի մէջ պիտի գործադրուի եռամեայ նոր ծրագիր մը, որուն նպատակն է արմատապէս բարեփոխել դպրոցին կրթական դրութիւնը: Ծրագիրին ղեկավարն է Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մանկավարժութեան դասախօս, ուսուցման մեթոտաբան եւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան մասնագէտ դոկտ.  Քոլեթ Աուն, որ պաշտօնի կոչուած է որպէս կրթական հարցերու տնօրէնի խորհրդական: Ըստ այդ ծրագիրին՝ այս տարուընէ սկսեալ անգլերէնը պիտի ուսուցանուի մանկապարտէզի առաջին դասարանէն սկսեալ` պահպանելով հանդերձ դպրոցի ֆրանսալեզու ուղղութիւնը, պիտի դասաւանդուի նոր նիւթ մը` կենցաղավարութիւն եւ բարի վարք, պիտի ամրապնդուի համակարգչային գիտութեան դասանիւթին նշանակութիւնը բոլոր դասարաններուն պարագային, զարկ պիտի տրուի ուսուցման մէջ արհեստագիտութեան համարկումին, ինչպէս նաեւ արհեստագիտական նիւթերու եւ «ռոպոթիքս»-ի ուսուցումին (գործակցաբար STEM-ի եւ Little Engineer-ի): Պիտի շարունակուի գործակցութիւնը համալսարաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` ուսուցիչներու վերապատրաստման, աշակերտներու զարգացման եւ ծնողներու խորհրդատուութեան մարզերուն մէջ: Պիտի շարունակեն գործել դպրոցական օրուան աւարտէն ետք ուսուցման ծրագիրները («Պիզի Քիտզ» եւ «Փիւնիկ»), շաբաթօրեայ խմբակները, արեւելումի եւ ընկերային-հոգեբանական խորհրդատուութան գրասենեակները:

Պարոն Գալուստ տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարին կը զուգադիպի Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին, որուն նուիրուած տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ:

Մեսրոպեանի տնօրէնը կարեւորեց փոխադարձ յարգանքի, նախաձեռնողական ոգիի, անկեղծութեան, կարգ ու կանոնի, հետեւողականութեան, հանդուրժողականութեան, գործակցութեան եւ լայնախոհութեան առկայութիւնն ու ամրապնդումը ուսուցիչներուն մօտ՝ յանուն աշակերտներու լաւագոյն կրթութեան եւ դաստիարակութեան: Ան շեշտեց, որ նման պայմաններու մէջ Մեսրոպեանի անձնակազմի անդամները ի վիճակի են սպասուած արդիւքները արձանագրելու՝ վարժարանը առաջնորդելով վերելքի ճանապարհով:

Ժողովի երկրորդ մասով, դոկտ.  Քոլեթ Աուն Մերսոպեանի ուսուցիչներուն հետ կայացուց առանձին հանդիպում մը, որուն ընթացքին հանգամանօրէն ներկայացուց կրթական բարեփոխումներուն նպատակները, առանցքային ուղղութիւններն ու գործադրութեան եղանակները:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

Պասիլ Կոչ Կ’ուղղէ Արտասահմանի Լիբանանցիներուն Լիբանանեան Քաղաքացիութիւն Պահանջելու

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ Մոնրէալի մէջ Լիբանանեան Սփիւռքի ուժանիւթի Հիւսիսային Ամերիկայի երրորդ լիագումար նիստին կոչ ուղղեց արտերկիր բնակող լիբանանցիներուն պահանջելու իրենց լիբանանեան քաղաքացիութիւնը՝ որպէս Լիբանանը պահպանող եւ համախմբող կարեւոր քայլ:
«Ամենամեծ բանը, որ մեզ կը համախմբէ, ի մի բերէ, մեր լիբանանցի ըլլալու իրողութիւնն է»,- ըսաւ ան:
Պասիլ յայտնեց, որ բոլոր անոնք որոնք լիբանանեան արմատներ ունին, կրնան լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալ «Ազգութեան պատկանելութեան վերականգնման մասին» օրէնքի միջոցով, ինչպէս նաեւ կապ հաստատելով դեսպանատուներուն հետ կամ նախագահական հրամանագիրով:  

Հարիրի Կ’արձագանգէ Հըզպալլայի Լրագրողին Կողմէ Քուէյթի Էմիրին Մասին Եղած Մեկնաբանութիւններուն

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի դրսեւորեց իր անշահախնդիր յարգանքն ու բարձր գնահատանքը Քուէյթի էմիր շէյխ Սապահ Ալ Ահմատ Ալ Ժապեր Ալ Սապահի նկատմամբ, Հըզպալլա կուսակցութեան լրագրողին կողմէ անոր՝ Ուաշինկթըն այցելութեան առթիւ եղած մեկնաբանութիւններէն ետք, ինչ որ, յիրաւի, խթան հանդիսացան որոշ լարուածութեան:

Քուէյթի էմիրը Սեպտեմբեր 5-ին հանդիպում ունեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ, ուր զրուցակիցները խօսեցան առեւտրական ոլորտին մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձան տարածաշրջանային զարգացումներուն, մասնաւորաբար Սուրիոյ, Եմէնի եւ Քաթարի մէջ:
Սեպտեմբեր 13-ին Հըզպալլայի աջակցութիւնը վայելող «Ալ Մանար» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին լրագրող Սալեմ Զահրան պնդեց, որ էմիրը Ուաշինկթըն կը գտնուէր բժշկական այցով: Ըստ իրեն՝ ան Թրամփի կողմէ հանդիպումի հրաւէր ստացած է միայն Ուաշինկթըն հասնելէ ետք, հակառակ անոր որ բանակցութիւններուն մասին արդէն իսկ պաշտօնապէս յայտարարուած էր հանդիպումէն օրեր առաջ: