Շաբաթ, 04. 04. 2026

Deutsche Bank-ը 450 Միլիառ Եւրօ Արժողութեամբ Գոյքեր Դուրս Կը Բերէ Լոնտոնէն Brexit-ի Կապակցութեամբ. «Financial Times»

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Գերմանիոյ Deutsche Bank մեծագոյն դրամատունը կը ծրագրէ Լոնտոնէն 450 միլիառ եւրօ արժողութեամբ գոյքեր տեղափոխել Ֆրանքֆուրթ Եւրոպայի կեդրոնական դրամատան կողմէ ճնշումին կապակցութեամբ: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Սեպտեմբեր 16-ին յայտնած է «Financial Times» թերթը:

Հրատարակութեան տուեալներով՝ ԵԿԴ-ը կը պնդէ, որ Deutsche Bank-ը պէտք է 75 տոկոսով նուազեցնէ իր դրամագլուխը  Մեծ Բրիտանիոյ մէջ, որպէսզի Լոնտոնի իր մասնաճիւղը համապատասխանէ այն չափանիշներուն, որոնք սահմանուած են եւրոպական դրամատուներու՝ երրորդ երկիրներուն մէջ գտնուող մասնաճիւղերուն համար: Մեծ Բրիտանիան նման երկիր կը դառնայ 2019 թուականի Մարտին Եւրամիութենէն դուրս գալէ ետք: Ինչպէս կը ճշդուի, Լոնտոնի մէջ Deutsche Bank-ի գոյքերը կը կազմեն մօտաւորապէս 600 միլիառ եւրօ, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:

Կարօ Փայլան Անդրադարձած Է Իսթամպուլի Օդակայանի Բանուորներուն Ձերբակալութեան

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Իսթամպուլի 3-րդ օդակայանի կառուցման աշխատանքներուն մասնակցող բանուորներուն ձերբակալութեան:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Փայլանը գրառում կատարած է իր թուիթըրեան էջին վրայ:

«Ինչո՞ւ մարդոց տուներուն դռները կը կոտրեն եւ զանոնք կը ձերբակալեն: Ինչո՞ւ դժգոհութեան իւրաքանչիւր արտայայտութեան համար ճնշում կը բանեցնեն: Կը ճնշեն, քանի որ կը վախնան: Աւազակները կը վախնան, ուրեմն պէտք է շարունակել զիրենք վախցնել»,- բանուորներու ձերբակալութեան է անդրադարձած է Փայլան:

Իսթամպուլի 3-րդ օդակայանի կառուցման աշխատանքներուն մասնակցող բանուորները գործադուլ յայտարարած էին: Գործադուլի պատճառը աշխատանքային ծանր պայմաններն ու ցած աշխատավարձն էին: Գործադուլէն ետք Իսթամպուլի ոստիկանութիւնը լայնածաւալ գործողութիւններ իրականացուցած է եւ բերման ենթարկած գործադուլի մասնակից մօտ 600 բանուոր:

 

Իրաքը ՄԱԿ-ին Պիտի Տեղեկացնէ Թուրքիոյ Կողմէ Իր Օդային Սահմանը Խախտելու Դէպքերուն Մասին

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իրաքի վարչապետ Հայտեր Ալ Ապատին յայտնած է, որ Իրաքը կը պատրաստուի փաստաթղթաւորելու թրքական օդուժին կողմէ Իրաքի օդային հիւսիսային սահմանները խախտելու դէպքերը եւ զանոնք ներկայացնել Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ):

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, թրքական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ իրաքեան «Rudaw» լրատուական գործակալութիւնը:

Իրաքի վարչապետը յայտնած է, որ Իրաքը պիտի ուժեղացնէ Թուրքիոյ հետ սահմանի զինուորական հսկողութիւնը եւ սահմանային խախտումի դէպքերը կանխելու նպատակով զինծառայողներ պիտի ուղարկէ Իրաքեան Քիւրտիստան:

Թրքական կողմը պարբերաբար կը խախտէ Իրաքի օդային սահմանը եւ օդային հարուածներ կը հասցնէ PKK (Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան) զինեալներու՝ Իրաքի հիւսիսը տեղակայուած դիրքերուն, որոնց Իրաք գտնուելուն եւ առհասարակ գործունէութեան դէմ են նաեւ Իրաքի իշխանութիւնները:

Թուրքիոյ Մէջ Բանտարկուած Մեծ Բրիտանիոյ Քաղաքացին Խնդրած Է Ազատ Արձակել Իրեն Թրքական Բանտէն

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 14 ամիսէ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած Մեծ Բրիտանիոյ քաղաքացի Ճօ Ռոպինսոնը դիմած է Մեծ Բրիտանիոյ իշխանութիւններուն եւ խնդրած իրեն ազատել թրքական բանտէն:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ  «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «Diken» պարբերականը:

Ռոպինսոնը բրիտանական «ITV News»-ին տուած հարցազրոյցին նշած է, որ ինքը կը գտնուի խոր ընկճախտի մէջ:

Մեծ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ռոպինսոնի խնդրանքին եւ նշած, որ ուշադիր կը հետեւի իր գործին եւ կապ հաստատած է Թուրքիոյ համապատասխան մարմիններուն հետ:

Ճօ Ռոպինսոնը Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած է 2017-ին, երբ իր քիւրտ ընկերուհիին՝ Միրա Ռոժքանի հետ մեկնած էր հանգստանալու: Իր ընկերուհին նոյնպէս ձերբակալուած է: Զոյգը կը մեղադրուի ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու եւ օժանդակելու յանցանքով:

Տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Ռոպինսոնը մի քանի տարի առաջ եղած է Սուրիա եւ օժանդակած Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը գործող քրտական ազգային զինուած ջոկատներուն (PYD/YPG), որոնք Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական  հռչակուած են: Թրքական դատարանը Ռոպինսոնը դատապարտած է 7 տարի 6 ամիս ազատազրկման:

Թուրքիան Ծանր Զինասարքեր Ուղարկած Է Սուրիոյ Իտլիպ Քաղաքը

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիան ծանր զինասարք ուղարկած է Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքը:  

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:  

Տեղեկութիւններուն համաձայն՝ զինասարքը հասած է Զիսր Էշ Սուգուր քաղաքը, ուր տեղակայուած է թրքական ԶՈՒ դիտակէտերէն մէկը: 

Թրքական զինուած ուժերը Սուրիոյ հիւսիսը ունի 12 դիտակէտ:

Սուրիական Իպլիպի մէջ կռուող ընդդիմադիր գրոհայիններուն զինասարքերու հերթական խմբաքանակի մատակարարումը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը հիմնաւորած է տեղի խաղաղ բնակչութեան պաշտպանելու անհրաժեշտութեամբ:

Սոչիի մէջ մեկնարկած է Էրտողան-Փութին հանդիպումը, որուն ժամանակ նախագահները հիմնականօրէն պիտի քննարկեն իրավիճակը սուրիական Իտլիպի մէջ:

Թուրքիան Մտադիր Է Ամրապնդել Իր Դիրքերը Իտլիպի Տարածաշրջանին Մէջ. Էրտողան

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիան մտադիր է շարունակել իր դիրքերու ամրապնդումը Սուրիոյ Իտլիպի տարածաշրջանին մէջ: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Թուրքիոյ նախագահ Թայիփ Էրտողանը յայտարարած է Սեպտեմբեր 17-ին օդանաւին մէջ թրքական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցի ժամանակ՝ Ազրպէյճանէն վերադառնալէ ետք:

«Ճիշդ է, որ մենք Իտլիպի մէջ կ’ամրապնդենք մեր զինուորականներուն դիրքերը: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ այդտեղ թոյլ տեղեր ունենանք, ուստի մենք կը շարունակենք ուժեղացումը: Եթէ մենք չուժեղացնենք մեր դիտորդական կէտերը, ապա ուրիշը կրնայ նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը վերցնել, որուն հետեւանքով կրնան խաղաղ մարդիկ տուժել»,-Էրտողանի խօսքը մէջբերած է «Haber Turk» թերթը: Աւելի կանուխ, թրքական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ հրամանատարութիւնը զինուորականներ ուղարկած է Իտլիպ, ինչպէս նաեւ թրքա-սուրիական սահման:

Ներկայիս, Թուրքիան 12 դիտորդական կէտ ունի տարածաշրջանի սահմանի երկայնքին: Թուրք զինուորականներու խնդիրներու շարքին է հսկողութիւնը տարածաշրջանին մէջ հրադադարի ռեժիմին նկատմամբ, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:

Վարչապետը Ընդունած Է ԵԱՏՄ Պետութիւններու Կեդրոնական Դրամատուներու Նախագահները

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու Կեդրոնական դրամատուներու նախագահները, որոնք Հայաստան ժամանած են ՀՀ դրամի ներդրման 25-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն մասնակցելու նպատակով:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետը ողջունած է հիւրերը կառավարութեան մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց ՀՀ դրամի ներդրման 25-ամեակի միջոցառումներուն մասնակցելու համար: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ չնայած ոչ բռնի, թաւշեայ յեղափոխութեան՝ հայկական դրամը շարունակած է պահպանել իր կայունութիւնը, ինչը կարեւոր գործօն է տնտեսութեան զարգացման տեսանկիւնէն: Կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է ԵԱՏՄ երկիրներու Կեդրոնական դրամատուներուն միջեւ սերտ փոխգործակցութիւնը՝ ֆինանսական շուկաներու զարգացման, տնտեսութիւններու յառաջմղման, նոր համակարգերու ներդրման նպատակով: Վարչապետը յոյս յայտնած է, որ ֆինանսական կառոյցներու ղեկավարներուն միջեւ կը շարունակուին արդիւնաւէտ ու կառուցողական քննարկումները՝ ի նպաստ համագործակցութեան զարգացման:

ԵԱՏՄ պետութիւններու ԿԲ նախագահները վարչապետին ներկայացուցած են փոխգործակցութեան հետագայ ընդլայնման միտուած քայլերը, որոնք կը նպաստեն համատեղ գործընթացներու ծիրէն ներս տնտեսութիւններու, այդ կարգին՝ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման ու խորացման:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ ԵԱՏՄ ծիրին մէջ ազգային արժոյթներով փոխադարձ հաշուարկներ իրականացնելու հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ: 

 

«Փարոս» Հիմնարկի Աջակցութեամբ Նորոգուած Է Նոր Գեղիի Մանկապարտէզին Սրահը

0

Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմուած բարեսիրական «Փարոս» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ այս ամառ, Հայաստանի Կոտայք մարզի Նոր Գեղի գիւղաքաղաքին մէջ կարելի եղած է ամբողջացնել տեղւոյն Առաքելեան մանկապարտէզի սրահին, բեմին եւ անոր յարակից սենեակներուն նորոգութիւնը։ Սրահին տրամադրուած են նաեւ 80 բարձրորակ աթոռներ։

Ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են «Փարոս»-ի անձնակազմը եւ հիմնարկի ամառնային՝ «Սպասարկէ Հայաստանին» նախաձեռնութեան մասնակից երիտասարդները։

Նորոգութեան ծախսերը հոգացած է Տիթրոյիթի մէջ գործող Նոր Գեղի միութիւնը։

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, «Փարոս»ը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդասիրական 100 ծրագիրներ իրագործած էր՝ շնորհիւ իր «100 մինչեւ 100» նախաձեռնութեան: Անոնց շարքին եղած էր այս մանկապարտէզի այլ հատուածներուն նորոգութիւնը։

«Փարոս» հիմնարկի գործադիր վարիչ Փիթըր Ապաճեան կը յայտնէ, թէ հիմնարկին վերոյիշեալ ծրագիրին մղիչ ուժը եղած է անցեալ տարի Նոր Գեղի այցելած եւ մանկապարտէզի սրահին անմխիթար վիճակը տեսած Ռիչըրտ Նորսիկեանը, որ ատենապետն է Տիթրոյիթի Նոր Գեղի միութեան։

Սրահի բացման արարողութեան համար, մօտաւորապէս 85 աշակերտներու սպասարկող սոյն մանկապարտէզի աշակերտները հանդէս մը ներկայացուցած են։

«Փարոս» հիմնարկին զօրակցելու կամ անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.parosfoundation.org կայքը:

Կարինէ Կարապետեան Ռամիլ Սաֆարովի Քրոջ Դէմ Յաղթանակը Նուիրած է Սաֆարովի Կողմէ Կացինահարուած Գուրգէն Մարգարեանի Յիշատակին

0

Խառն մենամարտերի Հայաստանի «Արմֆայթինկ» դաշնութեան մարզիկ Կարինէ Կարապետեան (կեղծանունը՝ Կատոկ, որ ռուսերէն կը նշանակէ գլանիւ մեքենայ), Թիֆլիսի միջազգային մրցաշարին ծիրէն ներս յաղթած է ատրպէյճանցի Ռենա Սաֆարովային։

Վերջինս 2004-ին, Պուտափեշտի մէջ, քնացած ժամանակ, հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովի քոյրն է։

Կարինէ Կարապետեան դիմատետրի իր էջին վրայ հրապարակած է յաղթական լուսանկարը եւ գրած՝  «Յաղթանակս կը նուիրեմ հայ սպայ Գուրգէն Արտուշի Մարգարեանի յիշատակին»։

Հադրութի Շրջանի Մեծ Թաղեր Գիւղին Մէջ Արցախեան Պատերազմի Զէնքի Թանգարան Պիտի Բացուի

0

Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղի մշակոյթի տան մէջ պիտի բացուի արցախեան պատերազմի զէնքի թանգարան:

Այս մասին, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին փոխվարչապետ, «Արցախի հերոս», Արցախի նախագահի խորհրդական Արթուր Աղաբեկեան:

Անդրադառնալով Մեծ Թաղեր գիւղի մշակոյթի տան պատմութեան՝ ան մասնաւորապէս նշած է, որ անիկա՝ իբրեւ ծխական դպրոց, կառուցուած է 1840-1850թթ. բարերար Լալաբեկեանի կողմէ (Լալաբեկեանը Մեծ Թաղերու մէջ 1840-ին գործող Մետաքսի վերամաշակման գործարանի սեփականատէրն էր), անիկա կը գտնուի Սբ. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ։

«1905-ին, ռուսական ցարը եկեղեցւոյ կից դպրոցները փակելէն ետք, անիկա դարձած է օրիորդաց դպրոց, իսկ գիւղին մէջ սկսած է գործել չորսամեայ պետական դպրոցը։ Օրիորդաց դպրոցը փակուած է 1920-ին։ Թաթարներու կողմէ Շուշին վառելէ ետք, Շուշիէն գիւղ եկածները տեղաւորուած են պետական դպրոցի շէնքին մէջ, իսկ դպրոցը տեղափոխուած է ծխական դպրոցի շէնք»,- գրած է Աղաբեկեան՝ շէնքի պատմութեան հետ կապուած նշելով այլ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ։

Անդրադառնալով մշակոյթի տան ներկայ վիճակին՝ Աղաբեկեան տեղեկացուցած է, որ անիկա կը վերակառուցուի պետական միջոցներով, ուր պիտի գործէ գիւղի մշակոյթի տունը եւ իր երկար տարիներու երազանքներէն մէկը՝ արցախեան պատերազմի զէնքի թանգարանը։