Շաբաթ, 04. 04. 2026

Անկախութեան Տօնին Առիթով ՀՀ Նախագահը Պարգեւատրած է Խումբ մը Զինծառայողներ եւ Ազատամարտիկներ

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակին առիթով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան պարգեւատրած է խումբ մը զինծառայողներ եւ ազատամարտիկներ:

ՀՀ նախագահի հրամանագիրով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ ծառայութեան ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան եւ նուիրումին համար՝ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» եւ մարտական ծառայութեան մետալով եւ Մխիթար Հերացիի մետալով պարգեւատրուած են հրամանատարներ, զօրավարներ, բժշկական ծառայութեան ղեկավարներ, տասնապետներ, հարիւրապետներ:

Այն Ալ Հիլուէի Մէջ Իրավիճակը Կը Մնայ Լարուած

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երեքշաբթի Այն Ալ Հիլուէ գաղթակայանին մէջ լարուած իրավիճակը նոր մակարդակի բարձրացաւ՝ ի հետեւումն Հայթամ Ալ Սաատիի սպանութեան, ինչը իր կարգին պատճառ դարձաւ դպրոցներու փակման:
Սաատի սպաննուած էր Շաբաթ երեկոյեան Մուհամմատ Ալ Արքուպի կողմէ, որ, ըստ կարգ մը տուեալներու, իսլամիստ խմբաւորումներու անդամ է՝ այսպիսով բարձրացնելով գաղթակայանի ապահովութեան հետ կապուած մտավախութիւններ:
Ըստ պաղեստինեան անվտանգութեան աղբիւրներու՝ աւելի քան տասը կրակոց արձակուած էր զոհին վրայ, ընդհուպ մինչեւ գլուխին:

Կառավարութեան Կազմաւորման Յետաձգումը Աունի Պաշտօնավարման Շրջանի Ամենամեծ Սխալն Է. Հարիրի

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Երեքշաբթի ըսաւ, որ նախագահ Միշէլ Աունի պաշտօնավարման ժամանակահատուածի մեծագոյն սխալը կառավարութեան կազմաւորման յետաձգումն էր:
Իր նստավայրին մէջ, խօսելով լրագրողներուն հետ Մուսթաքպալ պլոքի հանդիպումին մասին, Հարիրի ըսաւ, որ կազմաւորման գործընացը կ’երկարաձգուի Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Մարատա շարժումին պատճառով:

Աուն Չի Կրնար Ընդմիշտ Սպասել Նոր Կառավարութեան Կազմաւորման

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Երեքշաբթի հրապարակուած մեկնաբանութիւններուն մէջ նշեց, որ ինքը չի կրնար ընդմիշտ սպասել նոր կառավարութան ձեւաւորման՝ առանց ստոյգ պարզելու, թէ ի՛նչ գործնական միջոցներու պիտի ձեռնարկէ այդ ուղղութեամբ:
«Աուն նկատել կու տայ, որ վարչապետի պաշտօնակատարը, ի հեճուկս «ժամկէտանց» դրութեան, դեռեւս հնարաւորութիւն ունի կազմաւորելու նոր կառավարութիւնը»,- կը հաղորդէ «Ալ Ժումհուրիա» օրաթերթը:
Նախագահական գրասենեակը աւելի ուշ հաղորդում մը հրապարակեց՝ ըսելով, որ լուրը որոշ սխալներ կը պարունակէ եւ անստոյգ է: Այնուամենայնիւ, թերթը յաւելեալ պարզաբանում չէ կատարած:

Մոմ

0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

  

Ճանաչողական պտոյ­­­տի հա­­­­մար հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիք եկած աշա­­­­կերտնե­­­­րը, առա­­­­ջին օր, իրենց եր­­­­կու ձեռ­­­­քով մո­­­­մեր բռնած «Տէր Ողոր­­­­մեա՛յ» եր­­­­գած էին զո­­­­հուած զի­­­­նուոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու յի­­­­շատա­­­­կին։ Սա Եռաբ­­­­լուրի մէջ էր։ Յա­­­­ջորդ օր Ծի­­­­ծեռ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կաբեր­­­­դի մէջ վա­­­­ռեցան 43 դա­­­­լուկ մո­­­­մեր։ 43 այլ մո­­­­մեր լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորե­­­­ցին Գե­­­­ղար­­­­դի, Վահ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաշէ­­­­նի եւ Տա­­­­թեւի մութ ու խորհրդա­­­­ւոր աղօ­­­­թաս­­­­րահնե­­­­րը։ Իսկ այ­­­­սօր, պտոյ­­­­տին վեր­­­­ջին օրը, եր­­­­կու զոյգ սիրտ, մոմ կ՚ու­­­­զէ վա­­­­ռել իրեն հա­­­­մար։ Առա­­­­ւօտեան այս վաղ ժա­­­­մուն, երբ հիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­նոցի ըն­­­­դունա­­­­րանը լուռ է եւ ամա­­­­յի, վե­­­­րելա­­­­կի դու­­­­ռը սպա­­­­սելիօրէն կը բա­­­­ցուի ու կը յայտնո­­­­ւի ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յանա­­­­լի հա­­­­գուստներ հա­­­­գած եր­­­­կու ժպտա­­­­դէմ զոյգ։

– Բա­­­­րի լոյս պա­­­­րոն, մենք պատ­­­­րաստ ենք։

– Շատ լաւ։ Եր­­­­թանք այն ատեն։

Վայրկեան մը իսկ չի տե­­­­ւեր, որ թաք­­­­սի մը նկա­­­­տէ մեզ։

– Բա­­­­րի լոյս։ Սուրբ Սար­­­­գիս պի­­­­տի եր­­­­թանք։ Հինգ հո­­­­գի կ՚ըն­­­­դունի՞ք։

Վա­­­­րոր­­­­դը տես­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով, թէ աշա­­­­կերտնե­­­­րը ետե­­­­ւը կրնան տե­­­­ղաւո­­­­րուիլ՝ ձեռ­­­­քի շար­­­­ժումով ներս կը հրա­­­­ւիրէ մեզ։ Իսկ երբ կը լսէ, թէ մոմ վա­­­­ռելու եւ սուրբին պաշտպա­­­­նու­­­­թիւնը խնդրե­­­­լու հա­­­­մար ճամ­­­­բայ ելած են աշա­­­­կերտնե­­­­րը, ու­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­ւորու­­­­թեան ըն­­­­թացքին անոնց կը պատ­­­­մէ Սուրբ Սար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­սին վարքն ու հրաշքնե­­­­րը։

Կի­­­­րակ­­­­նօ­­­­­­­­­­­­­­­րեայ եռու­­­­զեռ կայ եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ առ­­­­ջեւ ու ոգե­­­­ւոր բազ­­­­մութիւն մը՝ ան­­­­կէ ներս։

– Պա­­­­րոն, թաք­­­­սիի մար­­­­դը ին­­­­չո՞ւ մեր­­­­ժեց մեզ­­­­մէ դրամ առ­­­­նել։

– Չէ՞, որ ըսաւ, «Բա­­­­րի էք եկել հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիք»։

– Չհասկցայ։

– Տա­­­­րիներ վերջ պի­­­­տի հասկնաս… Ալի՛ք, մո­­­­մավա­­­­ճառ մայ­­­­րի­­­­­­­­­­­­­­­կը հոն է, ան­­­­կիւնը։ 60 դրամ կու տաք, մէկ մէկ կ՚առ­­­­նէք։ Ես հոս նստած կ՚ըլ­­­­լամ։ Երբ որ ձեր աղօթ­­­­քը վեր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­նայ դուրս կու գաք։

Կը մե­­­­կու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նամ վեր­­­­ջին նստա­­­­րանի վրայ, մո­­­­մաջա­­­­հերու եւ նո­­­­րակա­­­­ռոյց վեր­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­տան ներ­­­­քեւ։ Այդ մի­­­­ջոցը առիթ կու տայ, որ տա­­­­ճարի մէջ վա­­­­ռուող ամէն մէկ մո­­­­մի հետ սկսի կայծկլտալ նաեւ «մոմ» բա­­­­ռի պատ­­­­մութիւ­­­­նը, որ մեկ­­­­նած էր կար­­­­ծես մեր սրտե­­­­րէն, տե­­­­ղի տա­­­­լով «լու­­­­սարձակ», «հե­­­­ռալոյս», «լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­պատ­­­­ճէն» եւ հա­­­­զարա­­­­ւոր մոմ ուժգնու­­­­թիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող այլ ժա­­­­մանա­­­­կակից բա­­­­ռերու։

Լե­­­­զուա­­­­բան­­­­ներ եւ անոնց հե­­­­ղինա­­­­կած ստու­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­բանա­­­­կան բա­­­­ռարան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը նշեն, թէ «մոմ» միավան­­­­կը իրա­­­­նական ծա­­­­գում ու­­­­նի։ Բա­­­­ռը պահ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­ւերէ­­­­նէ մտեր է հա­­­­յոց լե­­­­զուն ու իր հա­­­­մեստ չա­­­­փերով եւ ոյ­­­­ժով սկսեր է լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորել զայն։ Ճիշդ է, որ մո­­­­մը սա­­­­կաւա­­­­կեաց է, սա­­­­կայն անոր գրա­­­­ւոր ցո­­­­լացումնե­­­­րը հա­­­­զար հինգհա­­­­րիւր տա­­­­րիէ ի վեր կը պայ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ռաց­­­­նեն հա­­­­յոց գրա­­­­կանու­­­­թիւնը։ «Մոմ»ի առա­­­­ջին փայ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­տակումնե­­­­րը կը տես­­­­նենք Սուրբ Գիր­­­­քի մէջ։ Հոն վա­­­­ռեր է եօթը «մոմ»։ Անոնք տո­­­­ւեր են «մոմ հա­­­­լեալ» եւ «մոմ առա­­­­ջին հրոյ» ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւննե­­­­րը… Բազ­­­­մութեան մէջ կը նշմա­­­­րեմ աշա­­­­կերտնե­­­­րը։ Իրենց գլուխնե­­­­րը հա­­­­կած՝ մո­­­­մը մո­­­­մով կը վա­­­­ռեն։ Նոյն երե­­­­ւոյ­­­­թը տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ «մոմ» բա­­­­ռի զար­­­­գացման մէջ։ «Մոմ»ով սկիզբ առին բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ մո­­­­մածին բա­­­­ռեր։ Նախ Փաւստոս Բիւ­­­­զանդը եկաւ։ Ան կայծ տո­­­­ւաւ «ակա­­­­նամոմ» բա­­­­ռին։ Եզ­­­­նիկ Կող­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ցին եկաւ ու վա­­­­ռեց «մո­­­­մատե­­­­սակ»ը։ Այդ մո­­­­մերու լոյ­­­­սէն բռնկե­­­­ցաւ 60 բառ, ինչպէս՝ մեղ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մոմ, մո­­­­մազօծ, մոմ­­­­լաթ, մո­­­­մաբոց, մո­­­­մալոյս, մո­­­­մակերտ, մո­­­­մաձեւ, մո­­­­մարար։ Ապա եկան դար­­­­ձո­­­­­­­­­­­­­­­ւածքնե­­­­րը. «մոմ դառ­­­­նալ» նի­­­­հար­­­­նալ, դեղ­­­­նիլ, «մոմ թա­­­­փել» ջու­­­­րի մէջ թա­­­­փուած մո­­­­մի ձե­­­­ւերէն գու­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­թիւններ ընել, «մոմ շի­­­­նել», կամ՝ «մո­­­­մի վե­­­­րածել» փափ­­­­կացնել, ընկճել ու «մո­­­­մի պէս հա­­­­լիլ», որ­­­­մէ շատ տա­­­­ռապած են 19-րդ դա­­­­րու հայ բա­­­­նաս­­­­տեղծներ։ Անոնցմէ մէկն էր Մի­­­­սաք Մե­­­­ծարեն­­­­ցը։ Կը յի­­­­շէ՞ք, Շա­­­­բաթ իրի­­­­կուն մըն էր, մայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­տի ծի­­­­րանի լոյ­­­­սին տակ, տղան եկեր էր եկե­­­­ղեցի՝ Կի­­­­րակ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մուտքի արա­­­­րողու­­­­թեան ներ­­­­կայ գտնո­­­­ւելու հա­­­­մար։ Այդ պա­­­­հուն, մա­­­­շող մո­­­­մերու հա­­­­յելիին մէջ Մի­­­­սաքը տե­­­­սաւ ինքզինք. «Լոյս ար­­­­ցունք մո­­­­մերու՝ որոնք հան­­­­դարտ կը մա­­­­շին…»։ Կը նշմա­­­­րեմ Լո­­­­ռիին գլու­­­­խը, որ ծած­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է սպի­­­­տակ քօ­­­­ղով։ Ապա միւսնե­­­­րը կ՚երե­­­­ւան բազ­­­­մութեան մէջ։ Կը զար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նամ… Հա­­­­սու­­­­նութեան սե­­­­մին հա­­­­սած այդ երի­­­­տասարդնե­­­­րը իրենց աչ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րը յա­­­­ռած են ո՛չ արե­­­­ւել­­­­քի լոյ­­­­սը ըն­­­­դունող խո­­­­րանին, ո՛չ մեզ ան­­­­թարթ դի­­­­տող սրբա­­­­պատ­­­­կերնե­­­­րուն, ոչ ալ՝ առա­­­­գաստնե­­­­րու չորս առա­­­­գաստնե­­­­րու քան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կազարդ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանքնե­­­­րուն, այլ՝ մո­­­­մի վտիտ ու աղօտ լոյ­­­­սին։ Մտամ­­­­փոփ։ Խո­­­­հուն։ Պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայ բա­­­­նաս­­­­տեղծ Զահ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­տը կը մտա­­­­բերեմ եւ անոր «Եր­­­­կու հատ մոմ» բա­­­­նաս­­­­տեղծու­­­­թիւնը.

«Այս գի­­­­շեր

Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­մօր մեծ պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րին
առ­­­­ջեւ ես

Եր­­­­կու հատ մոմ վա­­­­ռեցի

Այդ մո­­­­մերէն մին ան է»։

Ծի­­­­ծաղե­­­­լի է մտա­­­­ծել, թէ մո­­­­մը սիր­­­­տեր ալ այ­­­­րած է։ Քան­­­­զի, աշուղ դար­­­­ձած բա­­­­նաս­­­­տեղծի հա­­­­մար մո­­­­մի բա­­­­րակու­­­­թիւնը, սպի­­­­տակու­­­­թիւնը եւ լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորու­­­­թիւնը իր եարի պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րացումներն են։ Նա­­­­հապետ Քու­­­­չա­­­­­­­­­­­­­­­կը տե­­­­սեր է այդպի­­­­սի գե­­­­ղեց­­­­կուհի մը.

«Ուր որ դու կանգնած լի­­­­նիս,

չէ պա­­­­տեհ վա­­­­ռեն մո­­­­մեղէն.

Ծո­­­­ցուդ լոյ­­­­սըն դուրս ծա­­­­գէ,

գէմ ել­­­­նէ մե­­­­ռելն ի հո­­­­ղէն»։

Նոյնպէս ուշ-միջ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­դարի տա­­­­ղասաց Պետ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­սը մո­­­­մով նկա­­­­րագ­­­­րեր է իր սի­­­­րելին. «Մատ­­­­ներ ու­­­­նիս դու մո­­­­մեղէն»։ Սա­­­­յաթ-Նո­­­­վան շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կած է այս գրա­­­­կան աւան­­­­դութիւ­­­­նը. «Մատ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­րըդ է մում»։ Մո­­­­մը միշտ չէ որ լոյս էր եւ յոյս։ Դալ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­դէմ գրիչ­­­­ներ անոր մօտ տե­­­­սան մահն ու մեղ­­­­քը։ Մէ­­­­կը Պետ­­­­րոս Դու­­­­րեանն էր. «Սը­­­­նարըս իմ տի­­­­պար մոմ մը վը­­­­տիտ ու մա­­­­հադէմ»։ Գրի­­­­գոր Նա­­­­րեկա­­­­ցիի հա­­­­մար մե­­­­ղաւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը Աս­­­­տուծոյ առ­­­­ջեւ պի­­­­տի հա­­­­լին, այնպէս ինչպէս մո­­­­մը կը հա­­­­լի կրա­­­­կի առ­­­­ջեւ. «Որ­­­­պէս հա­­­­լի մոմ առա­­­­ջի հրոյ, այնպէս եւ մե­­­­ղաւորք՝ յե­­­­րեսաց Աս­­­­տուծոյ»։ Հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան բա­­­­նաս­­­­տեղծու­­­­թեան բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թեւեան աշ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նակին վրայ մոմ մը վա­­­­ռեց նաեւ Յով­­­­հաննէս Շի­­­­րազը։ Անոր աչ­­­­քին որ­­­­պէս մոմ երե­­­­ւացին հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիքի ճամ­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ները.

Իմ սուրբ հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նիք

Եւ մո­­­­մի նման, ճամ­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­քիդ վրայ

Քո փառ­­­­քի հա­­­­մար թէ մի օր վա­­­­ռուեմ,

Մոխ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­բիծ ան­­­­գամ ինձնից չի մնայ։

Մինչ Չա­­­­րեն­­­­ցը մո­­­­մի վե­­­­րածեց աստղե­­­­րը.

«Մեղմ գի­­­­շերի գե­­­­ղագան­­­­գուր երա­­­­զում՝

Այն աստղե­­­­րը, որ­­­­պէս մո­­­­մեր սրբա­­­­զան»։

Ան­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­մար­­­­ձակ կա­­­­րելի է նկա­­­­տել «մոմ» բա­­­­ռը։ Հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան գրատ­­­­պութեան առա­­­­ջին հինգհա­­­­րիւր տա­­­­րինե­­­­րու ըն­­­­թացքին միայն մէկ ան­­­­գամ բռնկած է եւ շատ ուշ։ 1889 թո­­­­ւակա­­­­նին Վիեն­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­յի մէջ Մխի­­­­թարեան տպա­­­­րանէն լոյս տե­­­­սած «Մո­­­­մագոր­­­­ծութիւն ար­­­­դի յա­­­­ռաջա­­­­դիմու­­­­թեանը մէջ» գիրքն է միակը, որ իր խո­­­­րագ­­­­րին մէջ ու­­­­նի «մոմ»ը։ Իսկ այժմ, ար­­­­դի լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորու­­­­թեան մէջ, յան­­­­կարծ կրնա­­­­յինք կար­­­­ծել, թէ շա­­­­տոնց շի­­­­ջած է ան, եթէ չըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­յին «Դե­­­­ղին մոմ՝ մութ գի­­­­շերո­­­­ւայ մէջ», «Վա­­­­ռիր հան­­­­գած մո­­­­մերը», «Յոյ­­­­սի մո­­­­մեր», «Վեր­­­­ջին մո­­­­մերը», «Կա­­­­պոյտ հոգ­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­րի մո­­­­մեր» եւ «Մո­­­­մի կա­­­­թիլ­­­­ներ» նո­­­­րատիպ հա­­­­տոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։

– Պա­­­­րոն, կրնանք վե­­­­րադառ­­­­նալ։ Շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­կալու­­­­թիւն… Դուք տե­­­­սա՞ք, թէ գմբէ­­­­թի վրայ չորս տպա­­­­ւորիչ քան­­­­դակներ կա­­­­յին։

– Անոնք, սի­­­­րելի Լո­­­­ռի, Արե­­­­նիի Սուրբ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­ծին եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ առա­­­­գաստնե­­­­րու նմա­­­­նողու­­­­թեամբ ստեղ­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ւած են։ Նոյն հան­­­­ճարն է, որ նաեւ յօ­­­­րիներ է Նո­­­­րավան­­­­քի պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րաքան­­­­դակնե­­­­րը։ Ար­­­­դեօ՞ք նի­­­­հար էր եւ դա­­­­լուկ, քան­­­­զի զինք կո­­­­չած են՝ Մո­­­­միկ։

Վե­­­­րադար­­­­ձի թաք­­­­սիի մէջ մեղ­­­­մօ­­­­­­­­­­­­­­­րօր մե­­­­ղեդի մը կ՚ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­ցի մե­­­­զի մին­­­­չեւ հիւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­նոց…

«Նո­­­­րավան­­­­քի մո­­­­մի պէս

մենք կը հա­­­­լուենք ու կ՚եր­­­­թանք,

Նո­րավան­քի մոմերը…»

«Ակօս»

Վերանկախացումը կը Լրացնե՞նք Միացումով եւ Հոգեւոր Անկախացումով

0

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք ծնած սերունդին համար անկախութիւնը բնական ըմբռնում է, ան չէ երազած անկախութիւնը, չէ ապրած գումարուած նահանջները:Ան անկախութեան սերունդ է, որ աճած է եւ կ’աճի համաշխարհայնացման նորատեսակ քաղաքակրթութեան մէջ:

Հայ զանգուածներուն համար անմիջական մտահոգութիւն չէ միացումը, ներսը եւ դուրսը: Մին կ’ըսէ, թէ վերադարձ-միացումը գրեթէ անկարելի է, տարբերութիւններ զարգացած եւ խորացած են, միւսը կ’ըսէ թէ վերադարձողները կը խանգարեն զիրենք՝ այնպէս ինչպէս այդ պատահած էր ներգաղթի դժուար օրերուն:

Տօնակատարութիւններու ընթացքին հնչած ճառերը այս իրականութիւնները ծխածածկոյթի ետին կը թաքցնեն:

Ազգի միացման խնդիր ունինք, որ սոսկ ճառ չէ, պէտք չէ ըլլայ, ճառը անոնց լուծում չի գտներ: Մենք մեզի հարց պէտք է տանք, վերնախաւէն մինչեւ ամենափոքր գիւղի կամ կորսուած թաղի բնակիչը, սփիւռք(ներ) եւ Հայաստան, թէ ինչպէս կարելի կ’ըլլայ միացումը: Քաղաքական վերանկախացումը պէտք չէ ըլլայ եզրայանգում մը, այլ մեկնակէտ միացման, որպէսզի հայրենիքը եւ ազգը ըլլան շարունակութիւն հարազատի եւ ոչ «նորի սկիզբ»:

Այլ խօսքով, քաղաքական վերանկախացումը անկատար է առանց հոգեմտաւոր անկախացման, կրկնենք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ),  եթէ մէկ ազգի կարգախօսային յայտարարութիւնները սոսկ ամբոխավարութիւն չեն:

Ուստի, առանց ճապկումներու պէտք է խօսիլ հոգեմտաւոր վերականգնում-վերանկախացման մասին, որդեգրելով կիսամիջոցները մերժող յեղափոխական կեցուածք, առաջքը առնելու համար մեր մէջ ծուարած եւ հանդուրժուող հոգեմտաւորը խաթարող փտախտներու. ազգային-քաղաքական ըմբռնումներ եւ կեցուածքներ, բազմերես մշակութային նահանջներ, պարտութիւններ եւ անձնատուութիւններ: Պէտք է ընել այնպէս, որ ազգի եւ անոր մշակոյթի առողջ մասը շուկայիկ պատշաճումներու պատճառով չփտի: «Բիզսնես»ային եւ «աթոռ-աթոռակային» ղեկավարութիւնը, երբ չունի միացման եւ հոգեմտաւոր վերականգնումի հեռանկար, պէտք է հեռանայ-հեռացուի հրապարակէն: Այսօրուան յեղափոխութեան գաղափարախօսական հիմնաւորումը այս պէտք է ըլլայ եւ կանգ չառնէ միայն նիւթական-դրամական խաղքութիւններու սահմանագծին վրայ:

Փտածը եւ փտեցուածը գեղագիտական (կոսմեդիկ) եւ «թուքով կպցրած» միջոցներով չի դարմանուիր: Անհրաժեշտ է համապարփակ գործադրութիւնը օրէնքի եւ կանոնի: Փտածութիւնը չի վերաբերիր միայն սակաւապետութեան, ինչպէս կ’ըսուի օլիկարխիային, այլ տարածուած է ընկերութեան մէջ՝ որպէս առիթէն օգտուելու մշակոյթ: Օրինակ, ճաշարան-սրճարանը կը գրաւէ մայթը, շէնքը կը գրաւէ փողոցի շերտը, բնակուած տուներու կողքին չես գիտեր ո՞ր արտօնութեամբ վառելանիւթ կը վաճառուի, շէնքի մը բնակարաններու հասարակաց բաց տարածութեան վրայ անիշխանական կերպով կը դրուին պահարաններ, փտած գորգեր, անգործածելի դարձած ջեռուցման սարքեր, սառնարան, ինչ որ կեանքի որակի դէմ գործուող չարիք է: Երբ մայր փողոցի մը մայթերը կը գրաւուին նորոգութեան կամ լուացուելու համար կանգ առած ինքնաշարժներով, անցորդներուն պարտադրելով քալել ոստոստելով եւ աճպարարութիւններով, քաղաքացին հարց կու տայ, թէ կա՞յ կարգ, կա՞յ կանոն, անոնց անպատիժ անտեսումը այլ ոչինչ է եթէ ոչ ամէն քայլափոխի յայտնուուող փտածութիւն: Ինձմէ ետք ջրհեղեղի տրամաբանութիւն մը, որ փտածութիւնն իսկ է:

Եթէ փորձուիք նկատողութիւն ընել, կը ստանաք «ինչո՞վ է ձեզ խանգարում» պատասխանը:

Առանց կարգի, կանոնի, օրէնքի գերակայութեան, փտածութիւնը (կոռուպցիա) չի յաղթահարուիր, համախոհութեամբ կը հանդուրժուի, մեծերով եւ փոքրերով: Այսքանը՝ մարդոց եւ ժողովուրդի մակարդակին:

Արդէն աւելի քան քառորդ դար անցած է, եւ բոլոր մակարդակներու վրայ քաղաքացիին հոգեմտաւոր վերականգնում-անկախացումը տեղի չ’ունենար, առօրեական մակարդակէն մինչեւ վերնախաւ, բարոյական, մշակոյթ եւ ինքնութիւն: Այդ վերականգնում-անկախացումը չի կրնար տեղի ունենալ առանց պետութեան մշակութային արմատական քաղաքականութեան եւ մտաւորականութեան յանդուգն միջամտութեան եւ պահանջին:

Ի՞նչ պէտք է հասկնալ հոգեմտաւոր անկախացումով, որ հաւանօրէն կարեւոր եւ անշրջանցելի ենթահողն է իսկական Միացման: Մտաւորականութիւնը, պետութենէն իսկ առաջ, հայկական ընկերութեան բոլոր խաւերուն պիտի խօսի այս մասին, որպէսզի գիտակցութիւն արթննայ, քաղաքական անկախութիւնը ունենայ հոգեկան-ոգեկան ազգային ինքնութեան պատուանդան, զայն մաքրելով գումարուած փտածութենէ, հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:

Ո՞ւր կը գտնուին հոգեմտաւոր փտածութեան կեղերը:

Բայց նախ խօսինք մարդուն, հաւաքաքականութեան եւ ինքնութիւն կերտող մշակոյթի մասին: Մշակոյթը ամբողջ մըն է, որ կը ներառնէ մեր կենսակերպը, վերաբերումները, արտադրելու եւ սպառելու եղանակները, արժէքները, հաւատք-կրօնը, պատմութիւնը: Այս բոլորը համատեղ կ’ընեն այնպէս, որ մարդկային հաւաքականութիւն մը ըլլայ ինքնատիպ եւ տարբեր: Մշակոյթը այն է, որմով մենք շարունակութիւն ենք, կը ժառանգենք արժէքներ եւ պատկերացումներ, նոյնիսկ երբ կը ստեղծենք նորը, որուն մէջ միշտ կ’ապրի անցեալը, զոր կ’իւրացնենք:

Այսինքն մարդու եւ ազգի անհատականութիւնը կը կառուցուի հոգեմտաւոր արժէքներու վրայ:

Անկախութիւնը սահմանափակել սոսկ քաղաքական ըմբռնումի մէջ կը նշանակէ երկրի անկախութիւն եւ ոչ ժողովուրդի: Ժողովուրդի անկախութիւնը կ’ենթադրէ հոգեմտաւորը: Անկեղծ պէտք է ըլլալ եւ ընդունիլ, որ հակառակ խորհրդային ապազգայնացման քաղաքակրթութեան եւ պարտադրուող մշակոյթին, հայ մտաւորականութիւնը եւ կարգ մը քաղաքական ղեկավարներ, շրջանցեցին Կեդրոնի ճնշումները եւ հնարաւոր չափով պահեցին հոգեմտաւորը: Բայց նոյն այդ հոգեմտաւորը կրեց ծանր հարուածներ, լեզուական, կրօնական, գաղափարական, որոնք այսօր ալ կը շարունակուին, մաս կը կազմեն արմատացած ըմբռնումներու, դարձած են հարազատութիւն:

Լեզուն համարելով սոսկ հաղորդակցական միջոց եւ «սոցիալական» երեւոյթ, անոր բառապաշարի խանգարումը անհարկի ներխուժումով օտար ռուսերէն բառերու եւ հայերէնի դարաւոր աւանդութիւն ունեցող ուղղագրութեան զեղծումով, որ այսօր բնական կը համարուի, քանի մը սերունդ այդ միայն տեսած ըլլալով: Նաեւ պետական անաստուածեան կրօնական պաշտօնական քաղաքականութիւնը, ժողովուրդը հեռացուց եկեղեցիէն, անով մեզի հասած ազգային-քաղաքական պատմութենէն եւ բարոյական ըմբռնումներէն: Այսօր, ինչպէս որ քաղաքական կամք պէտք է երկրի անկախութիւնը պահելու, այդպէս ալ կամք պէտք է հոգեմտաւոր անկախութիւնը վերականգնելու: Առանց այս հոգեմտաւոր անկախութեան մենք ամբողջովին չենք կրնար իրականացնել մեր անկախութիւնը, աշխարհի եւ պատմութեան մէջ չենք գրաւեր մեր ինքնութիւն–շարունակութիւն-ինքնուրոյն տեղը:

Այսօր կանգնած ենք հոգեմտաւոր անկախութիւնը վերականգնելու հիմնահարցին առջեւ. զտել հայերէն լեզուն՝ մեր տկարութեամբն իսկ թոյլ տուած եւ շարունակուող հին եւ նոր խորթութիւններէն, թերթերէն, հեռատեսիլէն, պատերէն եւ ժողովուրդի լեզուէն հեռացնելով ինչ որ մեզի չի պատկանիր, մուրացածոյ է: Այս կ’ըլլայ հոգեմտաւոր հարազատութեան վերականգնումի գործ: Միամիտ չենք. այս catharsis-մաքրագործումը ինքնաբերաբար տեղի պիտի չունենայ, կը պահանջէ ազգային-քաղաքական անխարդախ վերաբերում եւ կամք, որպէսզի շարունակութիւն ըլլանք եւ մաքրենք մեր գիրքերու, պատերու վրայ աճած, թերթերու, հեռատեսիլի, քաղաքական գործիչներու եւ հայ քաղաքացիներու խաթարուած լեզուն: Տրամաբանութիւնը պէտք է ըլլայ այն՝ ինչ որ մեր հարազատը չէ մեզի չի պատկանիր, խորթ է, օտար:

Հիւանդագին կացութիւն մը կայ, որ կը նմանի Սկովտիոյ Լոք Նեսին երբեմն երեւցող եւ անհետացող պատմութեան, նոյն հոգեմտաւոր հարազատութեան վերականգնումի ծիրէն ներս: Ան վերանկախացած Հայաստանի Օրհներգն է, որուն համար նոյնիսկ ուզեցին մրցոյթներ յայտարարել:

Օրհներգը Խորհրդանիշ է: Ֆրանսական Մարսէյէզը մեծ բնաստեղծի խօսք չէ, մեծ յօրինողի երաժշտութիւն չէ: Ինքնաբուխ երգն է քալող յեղափոխականներու եւ աւելի քան երկու դարէ ի վեր ոչ ոք հարցականի տակ առած է այդ օրհներգը:

Խորհրդային Հայաստանի օրհներգը բանաստեղծի տողերէ կազմուած է եւ դաշնաւորուած խորհրդային հայ մեծ երաժիշտ յօրինողի կողմէ: Այդ օրհներգի բառերը եւ երաժշտութիւնը անառարկելիօրէն գեղեցիկ կրնան ըլլալ, ան կացութեան մը արտայայտութիւնը եղող խորհրդանիշ էր, որ չի կրնար նոր կացութեան խորհրդանիշ ըլլալ բառի փոփոխութեամբ եւ երաժշտութեան անառարկելի գեղեցկութիւնը բաւարար համարուիլ վարկաբեկուած խորհրդանիշը վերակենդանցնելու: Արգելք չկայ որ այդ օրհներգը երգուի որպէս գեղեցիկ յօրինում, բայց ոչ որպէս անկախ հանրապետութեան ոգին արտայայտող խորհրդանիշ: Ո՞վ որո՞ւ իրաւունք կու տայ բանաստեղծին բառերը ըստ կամս եւ շիլ հաշիւներով փոփոխութեան ենթարկելու:

Խորհրդային Հայաստանի օրհներգը անկախ Հայաստանի օրհներգ չի դառնար երաժշտութեան գեղեցկութիւնը եւ հայ մեծ յօրինողի անունը շահարկելով: Խորհրդանիշ մը իր ճակատին կնիք կ’ունենայ եւ ան չի ջնջուիր այս կամ այն ճապկումներով:

Հոգեմտաւոր արժէքներու վերականգնումը եւ անկախացումը քաղաքական անկախութեան հէնքն է, քանի որ անոր կը բերէ բարոյական գաղափարական կշիռ:

Այսօր չունինք հոգեմտաւոր արժէքներու վերականգնման եւ անկախացման իսկական համազգային իրաւ քաղաքականութիւն, որ չի կրնար բաւարարուիլ յարգելի, սիրելի եւ յուզող բացառութիւններով:

Եւ կրկնենք, որ առանց հոգեմտաւոր իսկական անկախութեան, քաղաքական անկախութիւնը անկատար է եւ անհեռանկար:

Եւ եթէ ուշանանք, ի՞նչ կ’ըլլան հետեւանքները…

Կը բաւէ պճեղ մը անկեղծութիւն՝ առանց մեծ մարգարէ ըլլալու, երեւակայելու համար հետեւանքները եւ չտարուիլ չխոստովանուող կարօտախտով, ուր կար մենատիրութիւն, անձի պաշտամունք եւ նոմանքլաթուրա,  սակաւապետութեան (օլիկարխիա) նոյն ըմբռնումներով:

Մերժուածը եւ այլեւս ժամանակավրէպը պզտիկ դռնէ վերստին ներս մտցնելու թատրոնը կը վկայէ նոմանքլաթուրային դրախտի կարօտախտի մասին:

Հոգեմտաւոր վերականգնումը եւ վերանկախացումը կարկտան չէ, որ օր մը հոս կը փակցնենք օր մը հոն: Ան կամ ամբողջական է կամ շիլ նպատակներով շահարկում:

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երուանդ Օտեան (19 Սեպտեմբեր 1869, Կ. Պոլիս – 1926, Գահիրէ), նշանաւոր երգիծաբան, վիպասան, թատերագիր եւ հրապարագիր։

Ծնած է Պոլիս Օտեաններու նշանաւոր գերդաստանին մէջ:  Մասնաւոր դասեր առած է տունը, ապա իր հօրեղբօր՝ Գրիգոր Օտեանի շունչին տակ տիրացած է զարգացման բարձր աստիճանի՝ շնորհիւ իր հետեւողական ընթերցասիրութեան։ 1879 թուականին հօրեղբօր՝ Գրիգոր Օտեանի նախաձեռնութեամբ, իննամսեայ ուղեւորութիւն մը կը կատարէ Եւրոպայի մէջ՝ Փարիզ, Հռոմ եւ այլ քաղաքներ։ Օտեանի անունը թրքական իշխանութիւններուն համար եղած է «անբարեյոյս անձանց» ցուցակին մէջ։ 1896 թուականի Օգոստոսին, երբ Կ․ Պոլսոյ մէջ կը սկսին հայկական ջարդերը, ան գաղտնի կը հեռանայ այնտեղէն։ Օտեան հեռանալով դէպքերէն եւ Կ. Պոլիսէն՝ տասներկու տարի կ’ապրի թափառական կեանք մը՝ շրջելով Աթէնք, Փարիզ, Գահիրէ, Վիեննա, Լոնտոն, Պոմպէյ։

1909 թուականին կը վերադառնայ Պոլիս, կ’աշխատակցի զանազան թերթերու եւ կ’արտադրէ մեծ թիւով գործեր։ 1915-ին կ’աքսորուի ու կը հասնի մինչեւ Տէր-Զօր, բայց հրաշքով կ’ազատի: 1925 թուականին կը հաստատուի Եգիպտոս, ուր կը մահանայ 1926-ին։

 

Գլխաւոր գործերը

Օտեան արեւմտահայ գրականութեան ամենաբեղուն գրողներէն է։ Իր երգիծական վէպերն են՝

 

«Միջնորդ տէր պապան»

«Ընտանիք, պատիւ, բարոյական»

«Վաճառականի մը նամակները»

«Թաղականին կնիկը» եւ այլն։

Մեր գրականութեան մէջ ինքն է հիմնադիրը արկածային վէպին: Անգերազանցելի կը մնան «Ապտիւլ Համիտ եւ Շերլոք Հոլմս», «Ես դրսեցի չեմ առներ», «Թիւ 17 խաֆիէն» երգիծական վէպերը եւ այլն։ Իր երգիծական գլուխ գործոցը՝ «Առաքելութիւն մը ի ծապըլվար»-ը ո՛չ միայն հայ, այլեւ համաշխարհային երգիծական գրականութեան գոհարներէն կը նկատուի։

 

Առաջնորդական Պատգամ 2018–2019 Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտի Առթիւ

0

Սիրելի՛ լիբանանահայ ուսանողներ,

            2018–2019 դպրոցական տարեշրջանը պիտի թեւակոխենք քանի մը օրէն եւ դուք ամառնային արձակուրդով կազդուրուելէ ետք պիտի վերադառնաք ձեր կրթական օճախներուն եւ ուսուցիչներուն ու դասընկերներուն մտերմութեան։

            Այս առթիւ, մանաւանդ ձեզ հա՛յ դպրոցի յարկին տակ ողջունելու երջանկութիւնը ապրելով, պարտք կը զգանք ձեզի յիշեցնելու, թէ դուք անքակտելի մասնիկն էք մեր լիբանանահայ համայնքին իւրայատկութիւնը ընդգծող հայ իրականութեան, որ հայ ընտանիքով, Հայ եկեղեցիով, Հայ դպրոցով եւ բոլոր հայ հասարակական կառոյցներով հայ ազգի գոյատեւման վստահութիւնը կը ներշնչէ բոլորիս, եւ այս պարագային՝ մանաւանդ ձեզի։ Միայն այսպէ՛ս հայ մշակոյթ եւ հայ հայրենիք մէկ ամբողջութիւն կը դառնան մեր հաւաքական մտածողութեան, զգայնութեան եւ գործին մէջ՝ մեր անցեալը, ներկան ու ապագան իրարու առնչելով եւ ձեզ մեր յոյսի դեսպաններուն վերածելով. որովհետեւ Հայ դպրոցին մէջ, ձեր տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն հոգածութեան տակ, դուք ամէն օր կը հաղորդուիք 5-րդ դարուն Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, Ս. Սահակ հայրապետի եւ Վռամշապուհ թագաւորի գործակցութեամբ իրագործուած հայ գիրերու գիւտին եւ հայ գրականութեան ոսկեդարու հրաշքին հետ, որ հպարտառիթ սխրանքներու մեկնակէտը եղաւ մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին՝ մինչեւ այսօր։

Մեր մարդկային դիմագիծը կը կերտուի, մեր հայու ինքնութիւնը կը ցոլայ եւ մեր լիբանանահայ մասնայատկութիւնը լուսարձակի տակ կը բերուի հայ դպրոցի առողջ մթնոլորտին մէջ, ուր դուք ո՛չ միայն գիտութիւն կ’ամբարէք, այլ նաեւ հայու առօրեան կ’ապրիք։ Քա՛ջ գիտցէք, թէ ոեւէ ուսանող կրնայ լաւ լիբանանցի դառնալ, սակայն դուք Հայ դպրոցի հովանիին տակ լաւ լիբանանահայ պիտի դառնաք, որպէսզի օր մը ո՛չ թէ միայն ձեր ապրուստը ապահովող քաղաքացի ըլլաք, այլ առաւել՝ վաւերական հայ մարդ։ Ա՛յս է ձեր իւրայատկութիւնը, եւ կը հաւատանք, որ զայն որպէս հայ դպրոցի ուսանողի առանձնաշնորհում կ՚ըմբռնէք։

Այս տարեշրջանին երկու բառեր ձեր ամէնօրեայ խորհրդածութեան խթանը թող հանդիսանան.

Առաջին՝ զոհողութիւն։ Անդրադարձէք, որ Հայ դպրոցը զոհողութեամբ կը պահպանուի։ Այս նիւթա-բարոյական զոհողութեան մասնակից են ձեր ծնողները, մեր ազգային իշխանութիւնն ու ուսումնական խորհուրդը եւ դպրոցներու խնամակալութիւնը, պատասխանատուները, բարերարները, անձնակազմը եւ դուք։ Հայ դպրոցին արժէքը լիուլի պիտի չկարենաք գնահատել այսօր, սակայն վաղը երբ դուք եւս ծնողք դառնաք, պիտի գիտակցիք, որ առանց ձեր շռայլ վայելքներէն զիջելու՝ չէք կրնար հայ դպրոցին երաշխաւորած հայակերտումին մաս կազմել։ Մեր դպրոցները օրէ-օր աւելիով տնտեսական եւ կրթական լուրջ հարցերու դէմ յանդիման կը գտնուին. սակայն գիտցէք, որ հաւաքական յաջողութիւնները հաւաքական զոհողութիւններով կը կերտուին։

Երկրորդ՝ աշխատասիրութիւն։ Դարձեալ անդրադարձէք, որ նոյնիսկ երբ դուք երբեմն թերանաք դաս սորվելուն մէջ, ձեր ծնողներն ու Հայ դպրոցին գոյութիւնը ապահովող անձերը յաւելեալ աշխատանքի կը լծուին, որպէսզի ձեր ծնողքին դրամն ու ձեր երկրորդ ծնողքին՝ ուսուցիչին քրտինքը յումպէտս չվատնուին։ Ձեզմէ ակնկալուածը ձեր ամբողջական յաջողութիւնն է՝ վաղուան փայլուն ապագային համար, որուն բանալին ձեր անդուլ աշխատասիրութիւնն է։ Այսօրուան աշխատասիրութեամբ պիտի կարողանաք ո՛չ միայն ապահով կեանք մը ձեռք բերել, այլեւ աշխատունակ մարդու համբաւին տիրանալ եւ հանգիստ պայմաններ վայելել։

 

Հայ դպրոցին առաքելութեան լծուած թանկագի՛ն հայորդիներ,

Վերամուտի սեմին, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիները այցելելէ առաջ, աշխատանքային հանդիպումներու համար գացինք մեր բոլոր ազգային վարժարանները, ուր ուրախութեամբ տեսանք, թէ որակեալ կրթութիւն ջամբելու համար նուիրեալ աշխատանքի տիրական մթնոլորտը կայ ամէն մակարդակի վրայ։ Խնամեալ նախապատրաստութենէն եւ ծրագրումէն ետք, ահաւասի՛կ հնչած է դասի զանգը։ Կը վստահեցնենք ձեզ, թէ պիտի փորձենք մօտէն հետեւիլ ձեր սրբազան առաքելութեան. որովհետեւ կը հաւատանք, թէ մեր կրթական օճախները ինքնանպատակ չեն, այլ լիբանանահայութեան կենսունակութեան փարոսն են՝ այսօրուան ուսանողին մէջ վաղուան առո՛ղջ հայ մարդը կազմաւորելու լուսաշող ճանապարհին վրայ:

Հայ շարականին բառերով կը խնդրեմ Աստուծմէ, որ մեր սուրբ թարգմանիչ վարդապետներուն եւ մեր ուսուցչապետին՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին պարգեւած երկնային իմաստութեան շնորհքը առատապէս հեղու մեր բոլոր դպրոցներուն վրայ, որպէսզի բարի վերամուտով սկսինք եւ նոր ձեռքբերումներով արդիւնալից տարեշրջան մը բոլորենք։

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

 

18 Սեպտեմբեր 2018

 

Հայաստանը և Չինաստանը ստորագրել են օդային հաղորդակցությունների մասին համաձայնագիր

0

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետության քաղաքացիական ավիացիայի վարչակազմի հրավերով սեպտեմբերի 15–ին Չինաստանի Գուանճոու քաղաք է ժամանել ՀՀ քաղաքացիական ավիացիայի կոմիտեի նախագահ Տաթևիկ Ռևազյանը՝ «Աշխարհի ուղիներ 2018» (World Routes) միջոցառմանը մասնակցելու նպատակով: Ւնչպես «Արմենպրես»-ին տեղեկացրին ՀՀ արտաքին գործերի նախարարության լրատվության և հանրային դիվանագիտության վարչությունից, միջոցառմանը մասնակցում են աշխարհի տարբեր երկրների ավիաընկրությունների և օդանավակայանների ներկայացուցիչներ և ղեկավարներ։

Սեպտեմբերի 16-ին Տաթևիկ Ռևազյանը մասնակցել է  «Աշխարհի ուղիներ 2018» բացման արարողությանը, ապա կարճ հանդիպում ունեցել ՉԺՀ քաղաքացիական ավիացիայի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Վան Ճիցինգի հետ, որից հետո ստորագրվել է  «Չինաստանի ժողովրդական Հանրապետության կառավարության և Հայաստանի Հանրապետության կառավարության միջև օդային հաղորդակցությունների մասին» համաձայնագիրը։

Հանդիպմանը կողմերը կարծիք են հայտնել, որ այս համաձայնագիրն իրավական հիմք կհանդիսանա երկու երկրների միջև օդային ուղիղ հաղորդակցության համար, ինչն ավելի կամրապնդի և կզարգացնի երկկողմ հարաբերությունները տարբեր ոլորտներում։

ՉԺՀ այցի ընթացքում նախատեսվում են նաև հանդիպումներ չինական ավիակընկերությունների ղեկավարությունների հետ՝ Չինաստանից դեպի Հայաստան ուղիղ չվերթի բացման հնարավորությունները քննարկելու նպատակով:

Armenia, China sign air communication agreement

0

Chair of Armenia’s Civil Aviation Committee Tatevik Revazyan has arrived to Guangzhou, China at the invitation of her Chinese counterparts on September 15.

Revazyan will participate at the World Routes 2018 event in the city, the foreign ministry said.

On September 16, the Armenian aviation official took part in the inauguration of the event. Revazyan held a brief meeting with Wang Zhiqing, Deputy Administrator at the Civil Aviation Administration of China. After the meeting Revazyan signed an agreement between the Armenian and Chinese governments on air communications.

During the meeting the sides expressed opinion that this agreement will serve as the legal basis for establishing direct air communication between the two countries, which in turn will strengthen and develop bilateral relations in various fields.

Revazyan is also expected to meet with executives of Chinese airline companies to discuss the possibilities of establishing direct flights to Armenia.