Շաբաթ, 04. 04. 2026

Արմէն Արոյեան Դէպի Արեւմտեան Հայաստան Ուխտագնացութեանց Տեսանիւթերու Հաւաքածոն Կը Նուիրէ USC-ի Հայագիտականին

0

Առաջին անգամ 1991-ին խումբ մը ուխտաւորներ պատմական Հայաստանի բռնագրաւեալ տարածքները առաջնորդած Արմէն Արոյեան, որ յաջորդող տարիներուն ընթացքին մօտաւորապէս 100 նման ուխտագնացութիւններ կազմակերպած էր, որոշած է այդ այցելութեանց տեսանիւթերու իր հարուստ հաւաքածոն նուիրել Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական ծրագիրին։ Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։

Արոյեանի մօտաւորապէս 400 ժամնոց տեսանիւթերու հաւաքածոն պիտի թուայնացուի, ցանկագրուի եւ տրամադրելի պիտի ըլլայ ուսումնասիրողներու։

Նշենք, որ անոր անդրանիկ ուխտագնացութեան մասնակցած էին 7 հոգի, իսկ բոլոր ուխտագնացութիւններուն՝ 1480։

Տեսանիւթերը ցոյց կու տան ոչ միան Արեւմտեան Հայաստանի պատմական կարեւոր վայրերը, այլ նաեւ հոն արձանագրուած են ուխտագնցութեան վկայութիւնները եւ հանդիպումները տեղացիներուն հետ։

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի վարիչ Սալբի Ղազարեան այս հաւաքածոն կարեւոր աղբիւր մը կը համարէ Հայոց Ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ եւ Սփիւռքի յարափոփոխ պատմութիւնները ուսումնասիրողներուն համար, ուր նաեւ յատկանշականօրէն կ՛երեւի ուխտագնացութեան մասնակցողներուն եւ տեղացիներուն, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ յարաբերութեանց եղափոխութիւնը։

Յաւելալ տեղեկութեանց համար, դիմել Armenian@usc.edu հասցէին կամ (213) 821-3943 թիւին։

Երեւանի Կենդանաբանական Այգիին Մէջ Գիրքի Փառատօն Պիտի Իրականացուի

0

Երեւանի Կենդանաբանական այգին տարիներ շարունակ կը զբաղի ոչ միայն կենդանիներու պահպանութեամբ, խնամքով եւ վերականգնումով, այլ նաեւ մշտական ուշադրութիւն կը դարձնէ կրթական, հետազօտական, գիտական ծրագիրներուն, որոնք պարբերաբար կ՝իրականացուին բազմաբնոյթ ձեռնարկներու, բնապահպանական-ակումբներու, թեմաթիք օրերու եւ տարբեր նախաձեռնութիւններու տեսքով: Նոր լուծումներով եւ նոր մօտեցումներով Այգին կը փորձէ առաւել հետաքրքրական եւ բովանդակալից դարձնել այցելութիւնները լայն հասարակայնութեան համար:

Երեւանի կենդանաբանական այգիէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ այս անգամ ալ Երեւանի Կենդանաբանական այգին ձեռնամուխ եղած է նոր ձեռնարկին՝ «Գիրքի փառատօն»-ի կազմակերպումով՝ ՀՀ Անկախութեան տօնին ընդառաջ: Սեպտեմբեր 20-23 Հայաստանի մէջ գործող հրատարակչութիւնները պիտի ներկայացնեն իրենց եւ արտերկրի գործընկերներու հրատարակած գիրքերը, իսկ այցելուները հնարաւորութիւն պիտի ունենան տարբեր հրատարակիչներու առաջարկին ծանօթանալու մէկ վայրի մէջ, կատարելու ընտրութիւն եւ գնումներ:

Ձեռնարկները պիտի սկսին Սեպտեմբեր 20-ին, ժամը 15:00-ին:

«Ի դէպ չմոռնաք ձեր հետ բերելու նաեւ այն գիրքերը, որոնք արդէն ընթերցած էք եւ կը կարծէք, որ պատրաստ էք զանոնք տրամադրելու ուրիշներուն: Այգին նախաձեռնած է նաեւ գրքահաւաք՝ սահմանամերձ բնակավայրերու գրադարաններ, դպրոցներ, ինչպէս նաեւ զօրամասեր ուղարկելու համար»,- ըսուած է Կենդանաբանական այգիի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Մխիթար Աբբահօր Ջահը Թող Շարունակի Լուսաւորել Հայ Ազգի Փշոտ Եւ Ծաղկուն Ճանապարհը. Հռոմի Պապը Շնորհաւորած է Մխիթարեան Միաբանութեան 300-ամեակը

0

Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ տեղի ունեցած է  միաբանութեան 300-ամեակի տօնախմբութիւններուն նուիրուած սուրբ պատարագ, որուն իր շնորհաւորական ուղերձը յղած է հռոմի ֆրանչիսկոս պապը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը` վկայակոչելով «Վատիկան նիւզ» պարբերականը, Հռոմի պապը իր ուղերձին մէջ նշած է, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը իր պատմութեան 300 տարուան ընթացքին դիմագրաւած է հին եւ նոր դժուարութիւններ: Ան վստահեցուցած է, որ Սուրբ Աթոռը միշտ յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած է Մխիթար աբբահայրն ու անոր զաւակները, եւ այսօր եւս պատրաստ է օգնելու եւ աջակցելու:

«Մխիթարեան միաբանութիւնը կը պահանջէ ըլլալ կրօնաւոր` մարդիկ, որոնք ամբողջութեամբ նուիրուած են Աստուծոյ: Այդ կոչումը կարելի չէ իրականացնել առանց ընկալելու եղբայրներու հետ հաղորդութեան եւ աղքատութեան, ողջախոհութեան եւ հնազանդութեան ուխտերը, որոնք այսօրուան դժուարութիւններուն երաշխիքն են»,-նշած է Հռոմի պապը` աւելցնելով. «Երանելի Մխիթարը, որուն… Պիոս 12-րդ Պապը դասեց Արեւելեան եկեղեցիներու կրօնական կեանքի մեծ բարեկարգողներու շարքը, եղաւ հայ ազգի հաւատքի ըմբռնման կառուցողը` իր ետին ձգելով հոգեւոր ու մշակութային անվերջանալի ժառանգութիւն, որ տրուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան պահպանելու, խորացնելու ու տարածելու` ի նպաստ համայն հայ ժողովուրդի բարօրութեան»,-իր ուղերձին մէջ ըսած է Սրբազան Պապը:

Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մաղթած է, որ միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Աբբահօր ջահը շարունակէ լուսաւորել հայ ազգի փշոտ եւ ծաղկուն ճանապարհը, Քրիստոսի հաւատքով եւ այն յոյսով, որ անոր խօսքը մշտական կեանք կը պարգեւէ։

Մարտիրոս Սարեանի Տուն-Թանգարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Սարեանը եւ Ֆրանսան» Խորագիրով Փակ

0

Ցուցադրութիւնը

ֆրանսախօս երկիրներու համաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցող ձեռնարկներու շարքին՝ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ այսօր կայացաւ «Սարեանը եւ Ֆրանսան» խորագիրով փակ ցուցադրութիւնը: Ցուցահանդէսին կը մասնակցէին ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը, Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիթըր Սուիթալսքին, այլ դեսպաններ, մշակութային գործիչներ, հիւրեր:

«Ցուցահանդէսը մեզի` բոլորիս, եւս մէկ անգամ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ ծանօթանալու սարեանական խոր աշխարհընկալման : Այսօր ներկայացուած են Սարեանի փարիզեան շրջանի գործերը, որոնք ան ստեղծած է այնտեղ անցուցած երկու կարճ տարիներու ընթացքին եւ ատոնք մեզի ծանօթ են միայն լուսանկարներու միջոցով»,- ողջոյնի իր խօսքին մէջ նշած է Լիլիթ Մակունց:

Նկարիչի այս գործերը, ցաւօք, այժմ չկան. Փարիզէն տունդարձի ճանապարհին Ֆրիժի նաւի վրայ բռնկուած աղէտալի հրդեհի պատճառով:

Ցուցահանդէսին առաջին անգամ կը ցուցադրուին Վարպետին յայտնի «Գազելներ» կտաւը` Մոսկուայի պետական Թրեթեաքովեան պատկերասրահի հաւաքածուէն, ինչպէս նաեւ «Կովկասեան քաղաքի փողոց. Թիֆլիս» կտաւը (1927):

Ցուցահանդէսը կը գործէ մինչեւ սոյն թուականի Նոյեմբեր 14:

«Կոմիտաս Փառատօն»-ին Ծիրէն Ներս Պիտի Կայանայ Կոմիտասի Ծննդեան 149-ամեակին Նուիրուած Հոգեւոր Համերգ

0

 «Կոմիտաս փառատօն»-ի ծիրէն ներս՝ հերթական անգամ՝ պիտի կայանայ հոգեւոր երաժշտութեան համերգ՝ նուիրուած Կոմիտասի ծննդեան 149-ամեակին:

«Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբին տեղեկութիւններով՝ համերգը տեղի պիտի ունենայ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ, Հառիճավանքին մէջ, Սեպտեմբեր 26-ին, ժամը 14:00-ին:

Փառատօնը հնարաւորութիւն պիտի տայ հոյակերտ կոթողի մը մէջ, ուր ստեղծագործած է Կոմիտաս, ունկնդրելու հայ եւ համաշխարհային հոգեւոր երաժշտութեան բարձրարժէք նմոյշներ՝ Աննա Մայիլեանի, «Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ» երգչախումբի, «Զանգեր» նուագախումբի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գիւմրիի հայորդեաց տան եւ Արթիկի Դանիէլ Ղազարեանի անուան դպրոցի երգչախումբերուն կատարումով:

Համերգին ներկայ գտնուիլ ուզողներուն համար՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի տրամադրէ անվճար հանրակառքեր:

«Սպիտակ» Ֆիլմը Հրաշքի Մասին է. Սպիտակի Երկրաշարժին Անդրադարձող Ֆիլմը կը Ցուցադրուի Հանրութեան

0

Բեմադրիչ Ալեքսանդր Գոդդի «Սպիտակ» երկարաժամ գեղարուեստական ֆիլմը 1988 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի աւերիչ երկրաշարժին մասին է: Շարժանկարին հիմքը մարդու մը պատմութիւնն է, որ, ձգելով կինն ու դուստրը, մեկնած է Մոսկուա: Տեղեկանալով Սպիտակի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան մասին` ան կը լքէ իր ռուս ընկերուհին եւ կը վերադառնայ Հայրենիք` գտնելու իր տունը, ընտանիքի անդամները:

Շարժանկարը կը նուիրուի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին:

Ըստ Armenpress.am-ի` լրագրողները ֆիլմը դիտելու հնարաւորութիւն ունեցած են Սեպտեմբեր 19-ին, «Մոսկուա» շարժանկար-թատերասրահին մէջ:

«Նկարահանումներ իրականացուցած ենք Մոսկուայի, Երեւանի, Աշտարակի, Դիլիջանի մէջ: Անոնք տեւած են մօտ 30 օր: Ուսումնասիրած ենք 1988-ի ժամանակագրութիւնը, ծանօթացած ենք վաւերագրութեան, դիտած ենք հսկայական քանակով լուսանկարներ` փորձելով վերարտադրել իրականութիւնը յարդարանքներու միջոցով»,- շարժանկարը դիտելուն յաջորդած մամուլի ասուլիսին նշած է բեմադրիչը:

Ալեքսանդր Գոդդ շեշտած է, որ ֆիլմին մէջ փոքրիկ Անուշի կերպարին միջոցով, որ կը հաւատայ հրաշքի գոյութեան, ուզած է վառ ներկայացնել հրաշքը: «Եթե մենք կը հաւատանք, ուրեմն՝ հնարաւոր է: Գլխաւոր հերոսը` Գոռը, կ՝երթայ փնտռելու ընտանիքը, իբրեւ արդիւնք՝ ընտանիքը կը գտնէ զինք: Հրաշքի մասին է այդ պատմութիւնը»,- ընդգծած է ան:

Շարժանկարի գլխաւոր դերակատարներէն մէկուն` Գոհարին մարմնաւորած Հերմինէ Ստեփանեան ըսած է, որ ընդունելութեան մասնակցելու ժամանակ իւրաքանչիւր արտիստ պէտք է գիտնայ, թէ ով է տուեալ բեմադրիչը: «Ի սկզբանէ գիտէի, որ Ալեքսանդր Գոդդի ստեղծած ֆիլմը բարձր գեղագիտութիւն կ՝ունենայ` համեմուած հետաքրքրական խորհրդանիշներով: Հերոսուհիս, իբրեւ մայր, չէր կրնար չհաւատալ հրաշքին: Եթէ չհաւատար անոր, չէր հաւատար, որ իր դուստրը պիտի փրկուի: Եթէ փոքրիկը հրաշքին չհաւատար, չէր փրկուեր եւ չէր փրկեր մօրը: Հրաշքի գոյութիւնը ֆիլմին մէջ անհրաժեշտութիւն էր բոլոր հերոսներուն համար»,- ընգծած է Ստեփանեան:

Ընտանիքի հօր` Գոռի կերպարը կերտած դերասան Լեռնիկ Յարութիւնեան, անդրադառնալով իր հերոսին, ըսած է, որ Գոռի մէջ մեծ պատերազմ կար, երբ ան կայացուցած էր Հայրենիքը լքելու որոշումը, մինչ ողբերգութիւնը, որ անոր ստիպեց վերադառնալու Հայրենիք:

«Շնորհակալ եմ բեմադրիչին, որ կու տար շատ  դիպուկ խնդիրներ, որոնք զիս կ՝օգնէին իրավիճակը յստակ պատկերացնելու: Հաւատացէ՛ք` շատ ջանք չեմ թափած այդ դերը կերտելու համար, քանի որ բեմադրական, նկարչական եւ մնացեալ բոլոր լուծումները այնքան յստակ էին, որ խաղալու կարիք չկար. ես զիս կը զգայի այդ ողբերգութեան մէջ»,- խոստովանած է դերասանը:

«Սպիտակ»-ը շուտով պիտի ներկայացուի հասարակութեան: Անիկա կը նախատեսուի ցուցադրել նաեւ Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ:

Շարժանկարի երաժշտութիւնը ստեղծած է մեր հայրենակից Սերժ Թանկեան: 2018-ին, Մոսկովեան 40-րդ միջազգային փառատօնին, ֆիլմը արժանացած է մրցանակի «Լաւագոյն բեմադրիչ» անուանակարգով:

Ֆիլմը ներկայացուցած են Ազգային շարժանկարի զարգացման, «Եւրիմաժ» հիմնադրամները եւ «Տելեստոյ» շարժանկարի ընկերութիւնը:

Լուսանկարը՝ mosfilm.ru-ի

Մխիթարեան Նորաբաց Վարժարանի «Բաց Դռներ»-ու Միջոցառում

0

2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի սեմին, Երկուշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2018-ին երկու փուլով՝ առաւօտեան ժամը 10-12 եւ երեկոյեան ժամը 6-8, տեղի ունեցաւ Ռաուտայի Մխիթարեան նորաբաց վարժարանի «Բաց Դռներ»-ու միջոցառումը, որ առիթ մըն էր ծնողներուն եւ աշակերտներուն համար ծանօթանալու նորակառոյց դպրոցին եւ աւելի մօտէն գաղափար կազմելու դպրոցին մէջ կիրառուելիք նորագոյն եւ լաւագոյն կրթական մեթոտներուն մասին, որոնք որպէս հիմք ընդունած են ֆինլանտական ուսումնական սկզբունքները: Այս զոյգ հանդիպումներուն ծնողներ եւ աշակերտներ ծանօթացան նաեւ վարժարանի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, աշակերտները մասնակցեցան խաղ-դասերու եւ ունեցան հաճելի ժամանց:

Մխիթարեան վարժարանը կը շարունակէ Մխիթարեան միաբանութեան կրթական եւ մշակութային 300-ամեայ ժառանգութիւնը եւ 2018-2019 տարեշրջանին Ռաուտայի մէջ դռները կը բանայ 11.000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ իր նոր դպրոցին: Դպրոցը կը միտի ստեղծել կրթական եւ արհեստագիտութեան հարթակ` ունենալու համար 21-րդ դարու աշակերտներ, որոնք կ’աշխատին համագործակցութեան եւ քննական մտածողութեան հիմքերով, միեւնոյն ժամանակ կերտելով ազգային արժէքներով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ կազմաւորուած հայը:

Վարժարանին որդեգրած կրթական մեթոտները հաստատուած են հետազօտութեան վրայ հիմնուած ուսուցման հիմքով, որոնք կ’ապահովեն ակադեմական գերազանցութիւն, ստեղծագործական միտք, գործնական նորարարութիւն եւ հմտութիւններ: Այս մեթոտները աշակերտը կ’օժտեն կենցաղային հիմնական եւ արհեստագիտական հմտութիւններով, որոնք կը պատրաստեն լաւապէս մշակուած աշակերտներ եւ քաղաքացիներ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԹԱՓԱԼՑԵԱՆ

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Քրիստափոր Թափալցեան (20 Սեպտեմբեր 1910, Կոփ – 2 Յունուար 1967, Երեւան, ՀԽՍՀ, ԽՍՀՄ), հայ արձակագիր, ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ 1939-էն։

Ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Պուլամըխի գաւառի Կոփ գիւղը։ 1930 թուականին աւարտած է Լենինականի մանկավարժական վարժարանը, 1939 թուականին՝ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը, 1950 թուականին՝ Մոսկուայի Մ. Կորքիի անուան գրական հիմնարկին առընթեր գրական բարձրագոյն դասընթացքները։ 1930 թուականին Ապարանի շրջանի Պազարջուղ գիւղի եօթնամեայ դպրոցի տնօրէնն էր, 1931-1932 թուականներուն՝ Ապարանի շրջանի ժողովրդական կրթութեան տեսուչ։ 1940-1941 թուականներուն աշխատած է «Սովետական Հայաստան» օրաթերթին մէջ որպէս արուեստի ու գրականութեան բաժնի վարիչ։ 1941-1945 թուականներուն մասնակցած է Հայրենական մեծ պատերազմին. եղած է «Կարմիր զինուոր» թերթի պատասխանատու քարտուղարը։ 1946-1948 թուականներուն եղած է «Գրական թերթ»-ի գրական-գեղարուեստական բաժնի վարիչը։ 1950-1955 թուականներուն աշխատած է Հայպետհրատի մէջ որպէս խմբագիր։ Ռուսէրէն լոյս տեսած է իր «Պատերազմ» քառահատոր վէպի առաջին եւ երկրորդ հատորները (Մոսկուա, 1956), «Ոսկէ հովիտ» (Մոսկուա, 1959) վէպը, «Հայրենաշէն» վէպի առաջին գիրքը (Մոսկուա, 1966): Պարգեւատրուած է Կարմիր դրօշի շքանշանով։ Մահացած է Երեւան:

Արա Բաբլոյանն և Դունյա Միյատովիչը քննարկել են հասարակության խոցելի խմբերի իրավունքների պաշտպանությանը վերաբերող հարցեր

0

ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյանը սեպտեմբերի 19-ին ընդունել է Եվրոպայի խորհրդի մարդու իրավունքների հանձնակատար Դունյա Միյատովիչին: Ինչպես «Արմենպրես»-ին տեղեկացրին ՀՀ ԱԺ լրատվական վարչությունից,  հանդիպմանը ներկա է եղել նաեւ ՀՀ ԱԺ առողջապահության եւ սոցիալական հարցերի մշտական հանձնաժողովի նախագահ Հակոբ Հակոբյանը:

ԵԽ մարդու իրավունքների հանձնակատարի՝ Հայաստան այցի նպատակն է քննարկել կանանց իրավունքների, գենդերային հավասարության եւ ընտանեկան բռնության, ինչպես նաեւ հասարակության որոշ խոցելի խմբերի իրավունքների պաշտպանությանը վերաբերող հարցեր:

Արա Բաբլոյանը, ողջունելով Դունյա Միյատովիչի՝ այս պաշտոնում առաջին այցը Հայաստան, շնորհակալություն է հայտնել մեր երկրի հետ համագործակցության եւ Հայաստանում ժողովրդավարության ամրապնդման գործում Եվրոպայի խորհրդի կատարած աշխատանքի համար:

Խորհրդարանի ղեկավարը, անդրադառնալով հաշմանդամության մասին օրենքի նախագծին եւ հաշմանդամություն ունեցող երեխաների խնդիրներին, ընդգծել է, որ նրանք պետք է հավասար իրավունքներ ունենան եւ լինեն հասարակության լիիրավ անդամ:

ԱԺ նախագահը ներկայացրել է «Երեխաների հաշմանդամության վաղ հայտնաբերման եւ սոցիալական հետագա ներառման (ինտեգրման)» համապարփակ մոդել, որը ենթադրում է առողջապահական, սոցիալական, կրթական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմինների համագործակցված աշխատանք:

«Եթե պահպանվում է այս սկզբունքը, ապա հնարավորություն է ընձեռնվում երեխաներին հասարակությանը լիարժեք ինտեգրելու գործընթացում լավագույն արդյունքներ ստանալ»,- ասել է խորհրդարանի ղեկավարը:

Խոսելով «Սեռական շահագործումից եւ սեռական բռնությունից երեխաներին պաշտպանելու մասին» Լանցարոտի կոնվենցիայից՝ Արա Բաբլոյանը նշել է, որ փաստաթուղթը քննարկումների փուլում է եւ հույս հայտնել, որ այն շուտով կվավերացվի:

Եվրոպայի խորհրդի մարդու իրավունքների հանձնակատար Դունյա Միյատովիչը, շնորհակալություն հայտնելով ՀՀ ԱԺ նախագահին ընդունելության եւ առկա խնդիրների քննարկման հնարավորության համար, վստահություն է հայտնել, որ նման բարենպաստ քննարկումները կլինեն շարունակական: Նա, անդրադառնալով ներհայաստանյան իրադարձություններին, նշել է, որ անկախ քաղաքական հայացքների եւ դիրքորոշումների փոփոխությունից մարդու իրավունքները պետք է պաշտպանված լինեն:

Զրուցակիցները կարեւորել են Հայաստանում մարդու իրավունքների պաշտպանի գրասենյակի դերը եւ արդյունավետ համագործակցությունը ինչպես մեր երկրում գործող, այնպես էլ միջազգային կազմակերպությունների հետ: 

Քննարկվել են ավանդական ընտանեկան արժեքների պաշտպանությանը վերաբերող հարցեր

0

Հայաստանի Հանրապետության Ազգային ժողովի  նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովը սեպտեմբերի 19-ին ընդունել է ՀՀ փաստաբանների պալատի նախագահ Արա Զոհրաբյանին եւ ռազմական փորձագետ Հայկ Նահապետյանին:

Ինչպես «Արմենպրես»-ին տեղեկացրին ՀՀ ԱԺ լրատվության և հանրության հետ կապերի վարչությունից, հանդիպման ընթացքում կողմերը կարեւորել են ազգային քրիստոնեական, ավանդական ընտանեկան արժեքների պաշտպանությունը, ինչպես նաեւ այդ խնդիրների լուծմանն ուղղված օրենսդրական բարեփոխումների իրականացումը: