Շաբաթ, 04. 04. 2026

Հայրենադարձութեան Պատասխանատուութիւնը

0

ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Հայաստանի մէջ ժողովրդային ճնշման տակ Սերժ Սարգսեանի հեռացումէն ետք ձեւաւորուած կառավարութեան նոր պետը` Նիկոլ Փաշինեան, որպէս վարչապետ իր առաջին յայտարարութիւններէն մէկով ըսաւ, որ իր մեծագոյն երազը Մեծ հայրենադարձութիւնն է:

Այնուհետեւ Սփիւռքի նորանշանակ նախարարը երկու տարբեր առիթներով անդրադարձաւ հայրենադարձութեան խնդրին. ան հաստատեց, որ Հայաստանը, նիւթական միջոցներու անբաւարարութեան պատճառով, ներկայ եւ մօտ ապագայի ժամանակներուն ի վիճակի չէ կազմակերպելու մեծ հայրենադարձութիւն, եւ երկրորդ` կարծիք յայտնեց, որ  հայրենադարձութեան ուղղուած կառավարութեան ծրագիրներու առաջնային թիրախը կրնան ըլլալ վերջին երեք տասնամեակներուն Հայաստանէն հեռացածները, եւ ոչ` աւանդական Սփիւռքի ներկայացուցիչները:

Փաշինեանի յայտարարութենէն կարելի է հասկնալ, որ ինք եւ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը գիտակից են երկրի ժողովրդագրական տագնապին եւ անորմէ բխող սպառնալիքներուն, հաւատացած են, որ Հայաստանը կարիքը ունի աշխատող ձեռքերու, մասնագէտներու, տարբեր մշակոյթներու եւ տնտեսական դրութիւններու մէջ ձեւաւորուած մարդոց ներդրումին` լուծելու համար երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները` բազում հարթութիւններու  վրայ եւ վերջապէս, կը դաւանին, որ Հայաստանը տունն է բոլոր հայերուն:

Նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ըսածները, անշուշտ, կը վերաբերին հայրենադարձութեան գործնական կողմին: Հայրենադարձութիւն կազմակերպելու սեփական  հնարաւորութիւններու սահմանափակութեան եւ առաջնահերթ թիրախային խումբերու մասին անոր դիտարկումները կարեւոր են հասկնալու համար, թէ այս գետնի վրայ ինչ փոփոխութիւններ կարելի է սպասել Հայաստանի նոր կառավարութենէն. սակայն առաւել առարկայականը  այն է, որ թերեւս առաջին անգամ ըլլալով  Հայաստանի պետական ներկայացուցիչ մը հայրենադարձութեան մասին խօսեցաւ սեփական կառավարութեան պատասխանատուութեան դիտանկիւնէն: Բոլորովին այլ բան է, երբ պետութիւնը քու վերադարձիդ կը սպասէ` այդ ընթացքին գործի դնելով ընդամէնը կոչեր, եւ այլ բան, երբ վերադարձիդ կը վերաբերի որպէս սեփական ծրագրի, զայն համարելով կարեւոր բաղադրամաս` երկրի հզօրացման եւ յառաջընթացի  իր հայեցակարգին: Այս առումով, նոր մօտեցում մը արձանագրուած պիտի ըլլար, եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը սկսած ըլլար քննարկել  հայրենադարձութեան թիրախները, մեխանիզմներն ու հնարաւորութիւնները, այդ գործին ներգրաւելով մասնագէտներ, շահագրգիռ մարդիկ եւ կազմակերպութիւններ` Սփիւռքէն:

Հայաստանը ուշ կամ կանուխ պարտաւոր է ունենալ յատուկ օրէնք հայրենադարձութեան մասին եւ հայրենադարձութիւն իրականացնող ազգային գործակալութիւն: Օրէնքի նախագիծ մը կայ, որ հաստատուած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ 2011-ի Մայիսին, բայց որ երբեք չէ ներկայացուած Ազգային ժողովի քննարկման. հաւանաբար օրուայ իշխանութիւններն ալ կը գիտակցէին, որ արտագաղթի տարուէ տարի արագացող կշռոյթի պայմաններու մէջ, երբ իրենց հանդէպ չկար վստահութիւն ոչ երկրին մէջ եւ ոչ ալ երկրէն դուրս, նման օրէնքի մը քննարկումը ծանր հեգնանք պիտի համարուէր, նետուած իրականութեան եւ բանականութեան երեսին: Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը այսօր կը ներկայանայ այլ պատկերով. ան յանձնառու է երկրի տնտեսութեան առողջացման, փտածութեան վերացման, օրէնքի առջեւ բոլորի հաւասարութեան հաստատման, ազգային շահերու անվերապահ պաշտպանութեան եւ հանրային գործին մէջ  ժողովուրդի աշխոյժ մասնակցութիւնը քաջալերելուն, ինչ որ պէտք է մղեն Սփիւռքի կառոյցները ձեռք երկարելու իրեն եւ օգնելու, որ կարենայ իրականացնել իր ստանձնած պատասխանատուութիւնները` նաեւ հայրենադարձութեան համար:

Դանիական Danske Bank-ի Նախագահը Հրաժարական Տուած Է Ազրպէյճանական Եւ Ռուսական Ծագման Գումարներու Լուացման Պատճառով

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Դանիայի մէջ գործող Danske Bank-ի նախագահ Թոմաս Պորկէն հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Պորկէնի հրաժարական ներկայացնելու պատճառը եղած է Danske Bank-ի Էսթոնիայի մէջ գործող մասնաճիւղին շուրջ գայթակղութիւնը:

«Ակնյայտ է, որ Էսթոնիայի մէջ փողերու լուացման դէպքի հարցին մէջ Danske Bank-ը հաւատարիմ չէ մնացած իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն»,- նշած է ան:

Մամուլի մէջ տարածուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ տանիական մեծագոյն դրամատան էսթոնական մասնաճիւղին միջոցով յետխորհրդային շարք մը պետութիւններու պետական պաշտօնեաներ 2007-2015 ժամանակահատուածին մօտ 150 միլիառ տոլարի փողերու լուացում իրականացուցած են: Այդ երկիրներուն մէջ է նաեւ Ազրպէյճանը:

 

Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցները «Հայկական Կողմէն» Սպաննուած Զինծառայողին Վերաբերեալ Մանրամասնութիւններ Հրապարակած Են

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները մանրամասնութիւններ հրապարակած են 4 օր առաջ «հայկական կողմէն» սպաննուած զինծառայողին վերաբերեալ:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական meydan.tv-ն:

Լրատուամիջոցի փոխանցմամբ, «հայկական կողմէն» սպաննուած զինուորը Ազրպէյճանի զինուած ուժերու զինծառայող, Կիանճայի Քափազ շրջանի բնակիչ Իպրահիմ Ճէյհուն օղլու Ալլահվերդիեւն է (ծնեալ՝ 1999): Meydan.tv-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին տեղեկութիւնը յայտնած է զինծառայողի մօրեղբայրը եւ նշած, որ արդէն եղած է թաղման արարողութիւնը:

Պատասխանելով լրատուամիջոցի հարցումին՝ Քափազի շրջանի տեղական ինքնակառավարման մարմինը նշած է, որ իրենք զինծառայողի մահուան վերաբերեալ տեղեկութիւններ չունին:

Ընկերային ցանցերու վրայ տեղ գտած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Իպրահիմ Ճէյհուն օղլու Ալլահվերդիեւէն բացի՝ կան մէկ զոհ եւ մէկ վիրաւոր եւս, որոնց մասին տակաւին լրացուցիչ տեղեկութիւններ չկան:

Ինչպէս միւս դէպքերուն, այս դէպքին վերաբերեալ նոյնպէս Ազրպէյճանի ՊՆ-ը կը լռէ:

ՀՀ Նախկին Երեք Նախագահները Պիտի Հրաւիրուին Անկախութեան Տօնակատարութեան

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեան «Ազատութեան» թղթակիցին յայտնած է, որ Հայաստանի  նախկին երեք նախագահները՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան պիտի հրաւիրուին մասնակցելու Անկախութեան տօնակատարութեան։

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրը՝ Սեպտեմբեր 21-ին, մայրաքաղաքի մէջ ծրագրուած են շարք մը ձեռնարկներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնի օրը ամբողջ hանրապետութիւնը պիտի ապրի տօնին խորհուրդը: Կառավարութիւնը ամէն ճիգ կը թափէ, որ այդ օրը վերածուի իրական տօնի ամբողջ Հայաստանի տարածքին:

 

ՀՀ ԶՈՒ-երու Եւ ՊԲ-ի Կողմէ Իրավիճակը Լիովին Կը Վերահսկուի. Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է Արցախի Պաշտպանական Դիրքեր

0

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 18-ի առաւօտեան աշխատանքային այց կատարած է Արցախի Հանրապետութիւն: Վարչապետին ուղեկցած են ՀՀ ՊՆ Դաւիթ Տօնոյեանը եւ ԶՈւ-երու ԳՇ պետ, հրամանատար Արտակ Դաւթեանը: Վարչապետը ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններուն պաշտպանութեան նախարարներ` Դաւիթ Տօնոյեանի, Լեւոն Մնացականեանի, ինչպէս նաեւ ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարակազմի պետ Արտակ Դաւթեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Արցախի հիւսիսային հատուածի պաշտպանական դիրքեր:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն ներկայացուած են ճարտարապետական եւ ամրաշինական ենթակառուցուածքները, յուսալի պաշտպանութիւն իրականացնելու նոր արհեստագիտութիւնները, նոր սպառազինութիւնը, դիրքերուն վրայ անձնակազմի անվտանգութեան բարձրացման ուղղուած աշխատանքները, սարքային յագեցուածութիւնը:

Կառավարութեան ղեկավարը զրուցած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինծառայողներուն եւ հրամանատարներուն հետ, շնորհակալութիւն յայտնած անոնց անձնուէր ծառայութեան համար եւ մաղթած առողջութիւն ու խաղաղ ծառայութիւն:

«Մարտական դիրքեր այցելելու առաջին նպատակն է տեղում իրավիճակին, զինուորների ծառայութեան պայմաններին ծանօթանալը, օպերատիւ իրավիճակի մասին պատկերացում կազմելը: Ամէն ինչ կարգին է, ըստ էութեան կարող ենք վստահաբար ասել, որ ե՛ւ Հայաստանի զինուած ուժերի, ե՛ւ պաշտպանութեան բանակի կողմից իրավիճակը լիովին վերահսկուում է: Հոգով, սրտով մշտապէս զինծառայողների հետ ենք, այնպէս որ պէտք է դուխով լինենք, մեր զոյգ պետութիւնների եւ մեր միասնական ժողովրդի առջեւ ծառացած խնդիրները լուծենք»,- նշած է վարչապետ Փաշինեան:

ՀՀ վարչապետը ժամանած է Երեւան:       

Հայաստանը Առաջին Անգամ Միանացաւ Համաշխարհային Մաքրութեան Օրուան

0

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

17 Սեպտեմբեր 2018 , 10:52

Այս տարի Հայաստանը առաջին անգամ կը միանայ Համաշխարհային մաքրութեան օրուան, որ ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ սեպտեմբեր ամսուն եւ այս տարի այդպիսի օր հռչակուած էր 15 սեպտեմբերը:

2008 թուականէն ի վեր շարունակուող Համաշխարհային մաքրութեան օրուան շարժումին միացած է 150 երկիր. ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին, Աւստրալիա, Պելժիա, Պրազիլ, Գերմանիա, Սպանիա, Ինտոնեզիա, Իրլանտա, Իտալիա, Իրան, Գանատա, Հարաւային Ափրիկէ, Յորդանան, Ղազախիստան, Ճաբոն, Ռուսաստան, Վիեթնամ, Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ: Մասնակից երկիրներուն թիւը կ՚աւելնայ ամէն տարի, եւ ընդհանուր առմամբ այսօր 14.5 միլիոն մարդ ներգրաւուած է Համաշխարհային մաքրութեան օրուան շարժման մէջ։

Այս շարժումը ծնած է Էսթոնիոյ մէջ: 2008 թուականին, օր մը էսթոնացի ձեռնարկատէր Ռայնէր Նիլվաք հրաւիրած է իր չորս ընկերները եւ առաջարկած է անոնց փորձել երկիրը մաքրել աղբէն։ Կազմակերպած է մաքրութեան այս ինքնատիպ գործողութիւնը, նոյն տարուան 3 մայիսին, զանազան երկիրներու փողոցներ դուրս եկած է 50 հազար մարդ, որ այդ ժամանակ կը նկատուէր աշխարհի բնակչութեան 4 տոկոսը: Գործողութիւնը յետագային փոխակերպուած է կամաւորական շարժումի՝ միտուած մէկ օրուան ընթացքին առաւելագոյնս մաքրելու երկիրը, որ, ըստ ուսումնասիրութիւններուն, աղբառատ է:

Համաշխարհային մաքրութեան օրուան նպատակն է մէկ օրուան գործողութիւններուն միջոցաւ մարդոց գիտակցութեան մէջ ամրացնել պայքարը ծովու ափերուն, գետերու, անտառներու, փողոցներու մէջ կուտակուած աղբի եւ թափօններու գոյութեան առընթեր: Այս օրերու սպառողական հասարակութեան մէջ հետզհետէ երկրին վրայ աղբը կը շատնայ, եւ մարդկութիւնը կը կենայ աղբին դէմ շուարած վիճակի մը մէջ: Աշխարհի տարածքին կան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք կ՚օժանդակեն Համաշխարհային մաքրութեան օրուան ձեռնարկներու իրականացման՝ գիտակցելով այդ գաղափարին համամարդկային ըլլալը եւ որ այդ ամէն ինչը միտուած է ապագային: Այս ձեռնարկները քաղաքական չեն, որեւէ ազգային կամ համաշխարհային քաղաքական կուսակցութեան կամ որեւէ անջատ գաղափարախօսութեան մաս չեն կազմեր: Ահա թէ ինչու կազմակերպութիւնները, որոնք զանազան երկիրներու մէջ կ՚աջակցին կամաւորերուն, հաւատացած են, որ ներդրում կ՚ընեն մարդկութեան եւ երկրագունդի փրկութեան գաղափարին իրագործման համար:

Առհասարակ, մարդկութեան պատմութեան մէջ լայնածաւալ մաքրման աշխատանքներ զանազան ձեւերով եւ զանազան ժամանակներու ընթացքին միշտ եղած են, մանաւանդ՝ երկրաշարժներու, ջրհեղեղներու, ծովախորշերու հզօր ալիքներուն պատճառած քանդումէն եւ այլ աղէտներէն ետք:

Յետհակամարտային գօտիներուն մէջ մաքրման աշխատանքներ իրականացնող համայնքներուն սովորաբար ձեռք կը մեկնեն զանազան միջազգային կազմակերպութիւններ. օրինակ՝ Միջազգային կարմիր խաչը, Օքսֆամը եւ այլն: Կարգ մը երկիրներու մէջ, բացի համաշխարհային մաքրութեան օրուընէ, պարբերաբար կը կազմակերպուին համայնքային մաքրման աշխատանքներ, օրինակ՝ լողափներու մաքրում, եղանակային շաբաթօրեակներ, այգիներու բարեկարգում, դպրոցական բակերու կարգաւորում եւ այլն: Այդուհանդերձ, աղբի կուտակումը ամէնուր տակաւին կը մնայ մեծ հարց:

Մասնագէտներ այն եզրակացութեան յանգած են, որ մարդը՝ սպառողը, աղբին հետ իր պատշաճ յարաբերութիւնները չէ ճշդած, միլիոնաւոր մարդիկ տեղեակ չեն աղբ թափելու մշակոյթին, կենցաղը խնայողաբար եւ կոկիկ կազմակերպելու սովորոյթ մը չէ ձեւաւորած, որուն ընթացքին կրնայ նուազագոյն քանակով աղբ գոյանալ: Աղբի տեսակաւորումը եւ մշակումը բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը մնայ հարց եւ երազ:

Կը նախատեսուի, որ 15 սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ մեծ թիւով մարդիկ կը միանան այս շարժումին. մինչ այդ, հայաստանեան կամաւորները արդէն սկսած են իրենց աշխատանքներուն: Մէկ ամիս առաջ կերպընկալ եւ ձեւակերպ տոպրակներ, տուփեր, տարաներ հաւաքելու գործին նախաձեռնած են, ինչպէս նաեւ հսկայական արշաւի մը սկսած են Հայաստանի տարածքին՝ «Թուղթը աղբ չէ» կարգախօսով եւ մեծ քանակութեամբ թուղթ հաւաքուած է, որ կերպընկալին հետ պիտի յանձնուի վերամը-շակման: Անպէտք թուղթին հետ կամաւորներուն յանձնուած են նաեւ գիրքեր, որոնք տեսակաւորուելով, տարուած են անոնց կարիքն ունեցող գրադարաններ:

Համաշխարհային մաքրութեան օր միջազգային շարժումի հայաստանեան աշխատանքներուն աջակիցը գործարար Ռուբէն Վարդանեանի հիմնած IDeA հիմնադրամն է, սակայն կան նաեւ բազում այլ աջակիցներ, ինչպիսիք են՝ Հայաստանի Բնապահպանութեան եւ Կրթութեան նախարարութիւնները, Հայաստան-ծառատունկ կազմակերպութիւնը, Վայրի բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան բաժինը, Միացեալ Նահանգներու խաղաղութեան մարմինը, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան Երեւանեան կանաչ խումբը, բազմաթիւ դպրոցներ, դրամատուներ, կրթական կեդրոններ, անհատներ, որոնք այդ օրը փողոց պիտի ելլեն եւ աղբը հաւաքելու, տեսակաւորելու գործին հետ նաեւ քարոզչութիւն պիտի ընեն աղբահեռացման մշակոյթին մասին: Բոլորը յոյս ունին, որ անկէ ետք, չափով մը պիտի փոխուի բնակչութեան վերաբերմունքը աղբին հանդէպ եւ ձեւաւորուի նոր սովորոյթ՝ ապրիլ մաքուր միջավայրի մը մէջ։

Ըստ Հայաստանի մարզերուն գծուած է տասնմէկ քարտէս։ Ամէն մէկ քարտէս բաժնուած է գօտիներու եւ ամէն մէկ գօտի կը համակարգէ կամաւոր-առաջնորդ մը: Ան մասնակիցներուն պիտի պատմէ աղբի տեսակներուն եւ Հայաստանի մէջ անոնց տեսակաւորման ձեւերուն մասին, ցոյց տայ տեղը եւ օգնէ աշխատանքի ընթացքին։ Այս նախաձեռնութեան կրթական ծրագրին ծիրէն ներս Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ բոլոր դպրոցներէն ներս տեղի կ՚ունենան դասախօսութիւններ՝ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան ձեւերուն, ինչպէս նաեւ ամէնօրեայ սովորութիւններուն մասին, որոնք կը մեղմացնեն բնապահպանական հետքը:

Կը խօսուի այն մասին, որ մեզ շրջապատող աղբը, մանաւանդ այն տեսակը, որ դանդաղ կը քայքայուի հողին մէջ, բացասական ազդեցութիւն ունի մարդոց, կենդանիներուն, ջրային պաշարներուն եւ բնութեան վրայ: Երբ մէջտեղ կը հանուի այդ վնասակարութեան չափը, պատկերը սարսափելի կը դառնայ: Թունաւոր նիւթերը հողէն կ՚անցնին սնունդին եւ ջուրին, որ իր հերթին վատ ազդեցութիւն կը գործէ առողջութեան վրայ: Կայ ցանկ մը ճշդուած հիւանդութիւններու, որոնք բնապահպանական ծագում ունին կամ որոնք խթանուած են վատ բնապահպանութեան պատճառով: Ատոր համար ամբողջ աշխարհը համոզուած է, որ աղբը ոչ թէ պէտք է թափել բնութեան մէջ, այլ պէտք է վերամշակել:

Ըստ մասնագէտներու ներկայացուցած տուեալներուն, թուղթը բնութեան մէջ կը քայքայուի 1 ամսուան ընթացքին, բուրդը՝ 1 տարուան, ծառի ճիւղերը՝ 4 տարուան, ներկուած տախտակները՝ 13 տարուան, պահածոյի տուփերը՝ 100 տարուան, կերպընկալէ տոպրակները՝ 100-200 տարուան, ձեւակերտ ամաններն ու շիշերը՝ մինչեւ 500 տարուան, ապակին՝ 1 միլիոն տարուան ընթացքին: Մինչ քայքայուիլը, անոնք կրնան նաեւ յայտնուիլ ովկիանոսին մէջ եւ մտնել կենդանիներուն ստամոքսը…

Ուսումնասիրութիւններ կան, որ վերամշակուած կերպընկալին ամէն մէկ թոնը կը տնտեսէ 2 թոն քարիւղ:

Ամբողջ աշխարհը այսօր կեցած է աղբի վերամշակման խնդրին առջեւ: Կարգ մը երկիրներու մէջ այդ մէկը ազգային անվտանգութեան հարց է, եւ բնակչութիւնը, կառավարութեան հետ ուղղակի մասնակից կ՚ըլլայ աղբի տեսակաւորումին եւ տեսակաւորուած աղբը կը ղրկուի վերամշակումի՝ ծառայելով իբրեւ երկրորդական, աժան հումք: Այդ գաղափարը բնակչութեան կը ներարկուի մանկապարտէզներու եւ դպրոցներու մէջ:

Նոյնպէս կան երկիրներ, ուր բնակիչը աղբահանութեան գումարը չի վճարեր, եթէ տան մէջ կը տեսակաւորէ աղբը եւ կ՚ուղղէ համապատասխան վայրեր: Տասնեակ երկիրներ հրաժարած են կերպընկալէ տոպրակներէն եւ կը քաջալերեն գնորդը՝ կրելու բազմակի գործածման շուկայի պայուսակներ: Բազում ուղիներ մշակուած են՝ աղբը քաղաքակիրթ եւ բնապահպանական վիճակի բերելու եւ զայն բնութենէն հեռու պահելու համար:

Հայաստանը տակաւին շատ հեռու է նման երազային վիճակէն: Հայաստանի մէջ աղբը ոչ միայն չի տեսակաւորուիր, չի մշակուիր, այլեւ կը թափուի հողին վրայ եւ կը յառաջացնէ աղբէ տձեւ բլուրներ, որոնց շուրջ գտնուող բնակավայրերուն մէջ կը վխտան վարակներն ու տհաճ հոտը, իսկ թունաւոր նիւթերը հողին տակէն կը հոսին այլ վայրեր:

Բարեկեցիկ երկիր մը չըլլալով՝ Հայաստանի մէջ շատ աղբ կը գոյանայ: Այս հակասութեան պատճառը այն է, որ Հայաստանի բնակչութեան մեծ մասը ի վիճակի չէ որակեալ ապրանք գնելու, իսկ անորակ, աժան ապրանքը, ինչ որ ձեռք կը բերէ բնակչութիւնը, արագ աղբ դառնալու ճակատագիրը ունի: Ուսումնասիրութեան ենթակայ է նաեւ Հայաստանի պէս ոչ-հարուստ համարուող երկրի մը մէջ սեղանային մշակոյթը, որ առատ ուտեստներ կ՚ենթադրէ՝ յառաջացնելով սննդային թափօններ:

Տակաւին չկայ ուսումնասիրութիւն մը այն մասին, թէ Հայաստանի մէջ տարեկան որքա՛ն աղբ կ՚արտադրուի, սակայն մարդը, տարուան ընթացքին, միջին հաշուով, կ՚արտադրէ 250 քիլօկրամ կենցաղային աղբ: Աղբամանին 25 տոկոսը կը կազմեն սննդային թափօնները, 5-10 տոկոսը՝ թուղթը եւ 50 տոկոսը՝ քիմիական նիւթերը, իսկ մնացածն ալ կը կազմեն ապակին, քիմիական խէժեղէնը եւ կերպասեղէնը:

Երեւանի մէջ առկայ աղբավայրերը, ուր կը թափուի մեր քաղաքի աղբը, բաց են: Այդ մէկը, միջազգային չափանիշերով, ուղղակի անընդունելի է: Բաց աղբավայրերէն արտանետուող վնասակար նիւթերը համաշխարհային ջերմաստիճանի բարձրացման պատճառներէն մէկն է:

Հակառակ անոր, որ բոլորը մեր երկրին մէջ կը գիտակցի աղբի վերամշակման անհրաժեշտութիւնը, սակայն Հայաստանի մէջ աղբը տակաւին շահութաբեր չէ:

Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը խոստացած է այս խնդիրը յատուկ վերաբերմունքի արժանացնել, իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր վերջին ֆէյսպուքեան ելոյթին հորդորած է աղբին հետ յարաբերութիւնները ճշդել տունէն եւ փողոցէն սկսեալ՝ չթոյլատրուած վայրերու մէջ չնետել աղբը, եւ չամչնալ ծռիլ եւ աղբը վերցնել գետինէն:

Հայաստանը անհրաժեշտութիւնը ունի օգտուելու աղբահանութեան առումով աշխարհի յառաջատար երկիրներուն փորձէն: Այդպիսիք կը նկատուին Ճաբոնը, Գերմանիան, Անգլիան, Զուիցերիան եւ շատ մը այլ երկիրներ, որոնք տակաւին անցեալ դարու յիսունական թուականներէն հասկցած են աղբին, իբրեւ հրէշի, գոյութիւնը եւ սկսած են պայքարիլ անոր դէմ: Եւ այդ պայքարը այսօր հասած է գագաթնակէտին՝ աղբը պարտուած է այդ երկիրներուն մէջ: Ճաբոնցիները մանուկ հասակէն գիտեն աղբը տեսակաւորելու եւ քիչ աղբ գոյացնելու մշակոյթը:

1980-ականներուն այդ երկրին մէջ ամէն քայլափոխի կարելի էր տեսնել շնորհակալութիւն արտայայտող ցուցանակներ այն մարդոց, որոնք աղբը կը տարբերակեն: Ճաբոնը այսօր ունի աղբի 50 առանձնացուած տեսակ, որ կամաւորները համապատասխան վայրեր կը փոխադրեն: Աղբի վերամշակման գործարաններու թիւով Ճաբոնը նոյնպէս յառաջատար է. մօտաւորապէս 2000 գործարան կայ, որոնք օրնիբուն լծուած են աղբի վերամշակման աշխատանքին, քանի որ աղբը միակ բանն է, որ ամէն վայրկեան կ՚արտադրուի: Կառավարութիւնը եւ անհատ ձեռնարկատէրերը այդ գործարանները հիմնականօրէն թափանցիկ ապակիով շինած են, որպէսզի մարդիկ դուրսէն տեսնեն, թէ ի՛նչ ջանքեր գործադրուած են՝ իրենց գոյացուցած աղբը վերամշակելու համար։ Աղբի վերամշակման ժամանակ յառաջացած կազերն ալ կրկին կը գործածուին եւ ատոնք մթնոլորտ չեն նետուիր: Այդ գործարանները Ճաբոնի հարստութիւնները կը նկատուին, եւ զբօսաշրջութեան վայրեր են. անոնք օտարներուն հպարտութեամբ ցոյց կու տան իրենց մշակոյթի անբաժան մասը, որ նաեւ ճաբոնցիի ապրելակերպի մասը դարձած է: Ամենաշատ կենցաղային սարքաւորումներ արտադրող երկիրներէն մէկը ըլլալով, ճաբոնցիները այդ սարքաւորումները աղբարկղ չեն նետեր: Եթէ յանկարծ մէկը սխալի եւ չաշխատող սարքը աղբարկղ նետէ՝ կը տուգանուի: Անգործածելի սարքը պէտք է յանձնել այն խանութին, ուրկէ գնուած է, նոյնիսկ դրամ պէտք է վճարել զայն յանձնելու համար: Նոյնպէս հեծանիւը, որ մէկը զայն թափելու համար պետութենէն 10-20 տոլար արժողութեամբ կտրօն մը կը գնէ, կը փակցնէ հեծանիւին ու կը տանի զայն աղբարկղին քով: Այս պայմաններուն տակ, անշուշտ, ճաբոնցիները շատ ուշադիր են իրենց գործածած իրերուն հանդէպ։ Այնպէս մը դասաւորած են իրենց կեանքը, որ աղբը պէտք եղածէն աւելի քիչ գոյանայ, քանի որ շատ աղբ հաւաքելով՝ իրենց գրպանէն պիտի վճարեն ատոր համար:

Գործարաններուն մէջ անոնք կը հալեցնեն գրեթէ ամէն ինչ, իսկ ինչ որ չի հալիր, կը գործածեն իբրեւ շինանիւթ: Այդպիսի շինանիւթով կառուցուած են կղզիներ: Ճաբոնը նաեւ աղբ կը գնէ դրացի երկիրներէն, ինչպէս նաեւ արդիւնաւէտ կերպով կը մշակէ ովկիանոսին աղբը, որ այլ երկիրներէն կը հասնի Ճաբոնի ափերը:

Գերմանիոյ մէջ նոյնպէս աղբի տեսակաւորման բարձր մշակոյթ մը կը գործէ: Սննդային թափօնը, որ ամենաշատը կ՚արտադրուի, գործարաններուն մէջ կը դառնայ հողի պարարտանիւթ, միւս աղբատեսակները նոյնպէս կը վերամշակուին: Աղբի մշակման գործարանները մշտապէս կառավարութեան հսկողութեան տակ են, որպէսզի յանկարծ սխալ ջերմաստիճան գործածելու պարագային շրջակայ միջավայրին վնաս չհասնի:

Նոյնպէս Զուիցերիոյ մէջ չկայ աղբի տեսակ մը, որ կարելի չըլլայ վերամշակել: Օրէնքը կ՚արգելէ սեփական ինքնաշարժին իւղը անձամբ փոխել, ատիկա կ՚ընեն յատուկ մասնագէտներ, որպէսզի հին իւղը վերամշակման յանձնեն: Վերամշակման ենթակայ են նաեւ դեղահատերը, որոնց ժամկէտը անցած է, փողոցին մէջ թափ-ւած տերեւները, սատկած կենդանիները եւ այլն: Եթէ Զուիցերիոյ բնակիչը շատ աղբ թափէ, ապա անոր համար պէտք է վճարէ՝ 1 քիլօկրամ աղբին համար հոն սահմանուած է 2.5-5 տոլար։ Հոս նաեւ կը գործէ աղբի գծով ոստիկանութիւն, որ կը գտնէ աղբի յանցագործները: Աղբի յանցագործութիւնը ամօթալի արարք մըն է իր կանաչ գոյնին շնորհիւ հռչակուած Զուիցերիոյ մէջ:

Երեւանի աղբահանութիւնը տարիներ առաջ վստահուեցաւ լիբանանեան «Սանիթեք» ընկերութեան, որ, ի դէպ, իր երկրին մէջ անյայտ ընկերութիւն մըն է, եւ Լիբանանն ալ, աղբահանութեան գծով յառաջատար չէ: Հակառակը՝ միջազգային մամուլի էջերը տակաւին կը զբաղեցնեն «Լիբանանեան աղբի ճգնաժամ» խորագիրները, եւ երեւանցիները պարզապէս ապշած են, թէ ինչպէ՛ս Երեւանի պէս քաղաքի մը աղբահանութիւնը վստահուած է անյայտ կազմակերպութեան մը, որ վերջին ամիսներուն ուղղակի տապալեց աղբահանութեան գործը: Շատեր այդ մէկը նկատեցին նենգադուլ՝ կապուած Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաժարականին, քանի որ վերջինս էր, որ մրցոյթով ընտրած էր այդ կազմակերպութիւնը, եւ անոր հեռացումէն ետք, «Սանիթեք»ը դիտաւորեալ կերպով վատ կատարեց իր աշխատանքները՝ ի ցոյց դնելով ծածուկ ընդդիմութեան իր դէմքը: Խափանարարութեան այս գործողութիւնը սուղ արժեց երեւանցիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն, որոնք ամէնուր ականատես են աղբակոյտերու, իսկ անոնցմէ տարածուող հոտն ալ զզուանք կը պատճառէ փողոցներուն մէջ քալողներուն: Այսպիսի աղբառատ Երեւան ոչ ոք կը յիշէ: Մեծահասակներ նոյնիսկ բողոքի ձայն բարձրացուցին՝ յիշելով Խորհրդային Միութիւնը, որուն կարգերուն օրով պատշաճ աղբահանութիւն կ՚իրականացուէր:

Համաշխարհային մաքրութեան օրը Հայաստանի մէջ, աղբահանութեան առումով, կը նկատուի ելակէտային: Մեծ սպասումներ կան, որ ի վերջոյ, յեղափոխութիւն տեղի կ՚ունենայ նաեւ այդ ասպարէզին մէջ եւ մարդիկ, ետ նայելով, օր մը կ՚ըսեն՝ մենք ալ քալեցինք այս ճանապարհով:

 

 «Ժամանակ»/ Պոլիս

Թուրքիոյ Հաթայ Նահանգին Մէջ Բացուած է «Լեռնային Ղարաբաղ» Անունով Զբօսայգի

0

Թուրքիոյ Հաթայ նահանգի (պատմ. Ալեքսանտրեթ, Կիլիկիա) Պելէն շրջանին մէջ բացուած է «Լեռնային ղարաբաղ» անունը կրող զբօսայգի, իսկ պողոտաներէն մէկը վերանուանուած է Ատրպէյճանի պողոտայ, կը հաղորդէ «Էրմէնիհապեր»-ը։

Բացման արարողութեան ելոյթով հանդէս եկած Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր, Թուրքիոյ մէջ հակահայկականութեան աշխոյժ քարոզիչ, հակահայկական ձեռնարկներու կազմակերպիչ Կանիրա Փաշաեւան:

Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութիւնը ստանալու նպատակով տարիներ շարունակ Թուրքիոյ տարբեր նահանգներու մէջ հակահայկական ամբոխավարական յայտարարութիւններով յայտնի Փաշաեւան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսած է.

«Թուրքիոյ թշնամին մեր թշնամին է, Ատրպէյճանի թշնամին ալ Թուրքիոյ թշնամին: Մեր ուժը Թուրքիոյ ուժն է, Թուրքիոյ ուժը՝ մեր ուժը: Լեռնային Ղարաբաղի հարցը միայն Ատրպէյճանի հարցը չէ: Որքան որ Ատրպէյճանի հարցն է, այնքան ալ Թուրքիոյ հարցն է»:

Փաշաեւան արտայայտած է այն միտքը, որ Թուրքիան նաեւ իրենց հայրենիքն է:

Գահիրէի Մէջ Հայկական Հնագոյն Գերեզմանի Վերականգնումը Աւարտին կը Մօտենայ. Reuters-ի Անդրադարձը

0

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ աւարտին կը մօտենան հայկական գերեզմանոցի վերականգնման աշխատանքները: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին գրած է Reuters գործակալութիւնը «Վերականգնուած գերեզմանոցը ցոյց կու տայ Գահիրէի մէջ հայերու պատմութիւնը» խորագիրով յօդուածի մը մէջ:

Գերեզմանոցը կ՝արտացոլէ Գահիրէի մէջ հայկական համայնքին պատմութիւնը: Աշխատողները արդէն ամրացուցած են եւ մաքրած են գերեզմանաքարերը, տեղադրուած կիսանդրիները:

«Կար ժամանակաշրջան մը, երբ այս վայրը անտէրութեան մատնուած էր, եւ անիկա վերանորոգելու ծրագիրը հոյակապ նախաձեռնութիւն էր»,- նշած է աշխատանքները համակարգող հնաբան Նայիրի Համբիկեան: Ան յայտնած է, որ յայտնաբերուած են գերեզմանաքարեր, որոնք կը թուագրուին մինչեւ 1830-ական թուականները:

Վերանորոգման աշխատանքները մեկնարկած էին դեռ 2014-ից, անոնք աւարտին պիտի հասնին 2018-ի վերջը: Անիկա հնարաւոր դարձած է հայկական եկեղեցւոյ ու համայնքի նիւթական աջակցութեան շնորհիւ:

Reuters գրած է, որ հայերը Եգիպտոսի մէջ սկսած են հաստատուիլ 10-12-րդ դարերուն, իսկ 1844 թուականին Մուհամմէտ Ալի Փաշան հայերուն յանձնած էր առանձին հողակտոր, որ ներկայիս յայտնի է իբրեւ հին իսլամական Գահիրէ: «Հայերու քանակը Եգիպտոսի մէջ կը տատանուէր՝ կապուած երկրի քաղաքական ու տնտեսական իրադրութեան հետ: Սակայն, Առաջին աշխարհամարտի դէպքերէն ետք, երբ օսմանեան ուժերը 1915-ին սպաննեցին աւելի քան 1.5 միլիոն հայեր, մեծ թիւով հայեր գաղթեցին Եգիպտոս եւ միւս երկիրներ»,- գրած է լրատուամիջոցը՝ ընդգծելով, որ հայերը հաստատուեցան համաշխարհային քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Գահիրէ եւ Ալեքսանդրիա, ուր կը բնակին նաեւ իտալական ու յունական համայնքները:

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Կրնան Մասնակցին Նաեւ Այլ Երկիրներու Քաղաքացիները

0

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն կրնան մասնակցել ոչ միայն ՀՀ քաղաքացիները: Այս մասին յայտարարած է Սփիւռքի նախարարութիւնը:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարը իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ տարածած է յայտարարութիւն, ուր կը նշէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն չունեցող անձիք նոյնպէս կրնան մասնակցիլ Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն, եթէ անոնք մինչեւ քուէարկութեան օրը ունին առնուազն մէկ տարուան հաշուառում:

«Սոյն թուականի Սեպտեմբեր 23-ին տեղի պիտի ունենան Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւնները: Կարեւորելով աշխոյժ մասնակցութիւնը քաղաքական բոլոր գործընթացներուն` սփիւռքի նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի 2-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 3-րդ կէտի համաձայն` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն չունեցող անձիք նոյնպէս կրնան մասնակցիլ Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն, եթէ անոնք մինչեւ քուէարկութեան օրը ունին առնուազն մէկ տարուան հաշուառում»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք` Երեւանի աւագանու ընտրութիւնները նախանշուած են սեպտեմբերի 23-ին: Դրանց մասնակցում են 12 քաղաքական ուժեր:

Փարիզի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայկական Առաջին Փառատօնը

0

ԷԼԼԱՏԱ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Փարիզի 8-րդ թաղամասի Ժան Կուժոն փողոցին մէջ, ուր կը գտնուի հայկական եկեղեցին, նախորդ Կիրակի կայացաւ առաջին հայկական փառատօնը, որուն մասնակցեցան հազարաւոր մարդիկ: Ֆրանսայի մէջ Մետիամաքսի թղթակիցը եւս մասնակցած է փառատօնին եւ զրուցած անոր կազմակերպիչներուն եւ հիւրերու հետ:

Փողոցին մէջ դադրեցուցած էին երթեւեկութիւնը, եկեղեցւոյ դիմաց տօնական տրամադրութիւն էր, հայկական երաժշտութիւն, տարբեր տաղաւարներ եւ, ի հարկէ, հայկական ուտեստներ: Պատարագի աւարտէն յետոյ եկեղեցւոյ դիմաց ռեհանի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ, որմէ ետք կատարուեցաւ փառատօնի բացման արարողութիւնը` Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի, Փարիզի 8-րդ թաղամասի թաղապետ Ժան տ’Օթստեղի  եւ «Առաջնորդարանի բարեկամներ» կազմակերպութեան ղեկավար Ռեմի Մակինաջեանի գլխաւորութեամբ:

Թեմի առաջնորդը պատմեց, որ նման փառատօն կազմակերպելու միտքը ինք յղացած է ընթրիքի մը ժամանակ: Երբ խօսած է իր այս նպատակի մասին, իր շրջապատին մէջ կարծած են թէ խօսքը ընդամէնը փոքր հիւրասիրութեան մասին է` «20 քեապապ-լաւաշով», բայց ան ըսած է, որ ինք մեծ ծաւալով ձեռնարկի մասին կը խօսի, խօսքը ոչ թէ 20, այլ` 2 հազար եւ աւելի հիւրի մասին է:

Սրբազանը ըսած է, որ այս փառատօնի իրագործմամբ ցանկացած է նաեւ հայ ժողովուրդի կերպարը ներկայացնել. «Օտար երկիրներու մէջ հայ ժողովուրդին հիմնականօրէն Ցեղասպանութեան զոհերու հետ կը կապեն, ի հարկէ, մենք պէտք է խօսինք այդ մասին, բայց կ’ուզէի նաեւ, որ մեզի որպէս ուրախ ժողովուրդը ճանչնային, օտարները մեր երգն ու պարը տեսնէին, ծանօթանային մեր մշակոյթին: Եւ ուրախալի է, որ շատ օտարներ կան այսօր այստեղ:

«Դիւրին չէր այս ամէնը ընելը, պէտք էր ամբողջ փողոցի մը երթեւեկութիւնը կանգնեցնել, այն ալ այս «ոսկէ» թաղամասին մէջ: Այս ձեռնարկը իրականացաւ նաեւ մեր նուիրեալներու քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ»,- նշեց հոգեւորականը:

Փարիզի 8-րդ թաղամասի թաղապետ Ժան տ՛Օթստեղ յոյսով է, որ  փառատօնը ամենամեայ դարձնել: «Հայ համայնքը շատ մեծ նշանակութիւն ունի Ֆրանսայի համար: Հայ ազգը աշխատասէր եւ կառուցող է, ես մեծ յարգանք կը տածեմ հայերու նկատմամբ եւ շատ հայ ընկերներ ունիմ: Եւ այսօր անոնց կողքին եմ որպէս այս թաղամասի ղեկավար այս միջոցառումը իրականացնելու, եւ ի հարկէ, այն ամենամեայ դարձնելու համարէ,-ըսած է ան:

Տիկին տ’Օթստեղը նաեւ նշած է, որ հայկական խոհանոցի երկրպագուն է: «Ես շատ հայ ընկերներ ունիմ եւ ծանօթ եմ հայ մշակոյթին, ես ալ կը ցանկանայի, որ անպայման հայկական մշակոյթը ներկայացնելու հնարաւորութիւն ունենանք: Իսկ հայկական խոհանոցը շատ կը սիրեմ, տարբեր ճաշատեսակներ արդէն համտեսած եմ: Ի հարկէ, ֆրանսական խոհանոցը շատ հարուստ է, բայց միշտ ալ հետաքրքրական է այլ երկիրներու մշակոյթն եւ խոհանոցը ներկայացնել, այսպէս պիտի կարենանք միասին ապրիլ»,- նշած է պաշտօնեան: Օրուան աւարտին ներկաները դասական համերգ վայելեցին:

Փառատօնի պաշտօնական կազմակերպիչներն էին Ֆրանսայի հայոց թեմը եւ «Առաջնորդարանի բարեկամներ» կազմակերպութիւնը:

Լուսանկարները` հեղինակին