Շաբաթ, 04. 04. 2026

Ապրումներ եւ վերապրումներ. Ճանապարհ՝ Հայաստան

0

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Թուրքիոյ մէջ օտար ներդրումներէն մին էր մեր իջեւանած պանդոկը, շատ հաւանական՝ ամերիկեան, որովհետեւ ան «Հալիտէյ ինն»-ի ընտանիքին պատկանող  «Տապլ թրի» պանդոկն էր: Յաճախ կը զարմանաս թէ՝ ինչո՞ւ այս կամ այն նոյն առարկան, պանդոկը կամ որեւէ այլ իր կամ ուտելիք, զանազան երկիրներու մէջ ունին արժէքներու հսկայական տարբերութիւններ, մանաւանդ՝ երբ կը յայտարարեն թէ երկրին տնտեսութիւնը ճգնաժամի մէջ է եւ անգործութիւն կը տիրէ: Բայց եւ այնպէս, Վանի բոլոր ճաշարաններուն ճաշացուցակը ամէնուրեք՝ հաճելի էր մեր քիմքերուն:

Վաղ առաւօտ արթնցանք, որովհետեւ Աղթամար պիտի երթայինք: Վանայ լիճ պիտի իջնէինք: Մեր մէջ կը գտնուէին վանեցի 3 զոյգեր, որոնց համար այս արարքը մկրտուելու աստիճան կարեւոր էր իրենց կեանքին մէջ: Անոնք նախ պէտք էր իրենց ծնողներուն ծննդավայրերը փնտռէին եւ գտնէին, իջնէին Վանայ ծով եւ ապա՝ այցելէին Աղթամարի կղզին ու եկեղեցին: Սրբոց երրորդութիւն մը:

Աղթամարի ճանապարհին հանդիպեցանք Վանի նշանաւոր բերդին, ուր դժբախտաբար կարողացանք միայն չորս դին պտտելով դիտել, այդ սէգ ու հզօր կառոյցը, որ ժամանակին եղած էր հայ ժողովուրդին սիրտը պաշտպանող մայրաքաղաքի կեդրոն, իր երկարաձիգ եւ հուժկու պարիսպներով. իսկ այժմ…. ան դարձած էր ամայի ու անմարդաբնակ, նոյնիսկ թանգարանի արժանի չդարձած հնութիւն: Թրքական դրօշը կը ծածանէր բերդին ճակատին, հաւանաբար՝ տեղ տալու համար զինուորական մէկ այլ զօրանոցի:

Շարունակեցինք մեր ճանապարհը դէպի Վանայ լիճ եւ Աղթամար:

Գեղեցիկ էր Վանայ լիճը: Արդէն երկու օր էր ինքնաշարժով կը ճամբորդէինք իր կողքէն, այս օր, զինք շոյելու, համտեսելու, այո՛ համտեսելու, լողալու եւ անոր եզրին նստելով մտորումներու եւ յուշերու մէջ տարուելու իր ծփծփուն ալիքներուն հմայքով: Զուլալ ու գաղջ ջուրը, ամբողջ լիճի տարողութեան անդիմադրելի հրաւէր կը կարդար մեզի, գոնէ՝ մեր կեանքին մէջ, կրնար ըլլալ վերջին անգամ ըլլալով, ըմբոշխնելու համար անոր հոտը, մեր ռունգերը զարթնացնող զովքն ու լիճի մակերեսէն փչող գգուող զեփիւռը եւ ապա՝ սուզուիլ անոր ջինջ ջուրին մէջ:

Վանայ ծովափէն (Վանայ լիճը յաճախ ծով կոչուած է իր մեծութեան եւ աղի ջուր ունենալուն պատճառաւ), նաւ առինք Աղթամար կղզի երթալու համար, որ կէս ժամուան ճանապարհ մըն էր: Աւանդութիւնը կը պատմէ թէ ժամանակին, երբ հայ սիրահար երիտասարդը լողալով հասած է իր սիրոյն, որ կը բնակէր Աղթամար կղզիին վրայ,– իրականութիւն էր հաւանաբար,– տեսնելով այն կարճ միջոցը որ կը բաժնէր մայր ցամաքը  կղզիիէն…: Սակայն, մեր պտոյտի առաջնորդը նշեց, թէ Վանայ լիճին մէջ երկար լողալը արիւնահոսութիւն կը պատճառէր ձեռքերու բազուկներուն: Իսկ պատճա՞ռը, լիճին ջուրն էր, որուն աղի քանակը եւ մասնաւորապէս անոր լպրծունութիւնը թոյլ չէին տար երկար ժամանակ լողալու անոր մէջ:

Վանայ լիճը հակառակ անոր որ կ՚ընդունի գետեր ու գետակներ իր մէջ, սակայն որեւէ տեղէ անոնք դուրս չեն գար: Իսկ լիճը որեւէ բուսականութիւն չ՚ընդունիր իր մէջ (այդ պատճառով ջինջ է իր ջուրը), եւ միայն տառեխ ձուկի տեսակն է որ կրնայ ապրիլ Վանայ լիճին մէջ եւ ո՛չ մէկ այլ կենդանի:

Օրն ի բուն այդ նաւերը մարդիկ կը փոխադրէին ցամաքէն դէպի կղզի, զբօսաշրջիկներ կամ բնիկներ, որոնց մեծամասնութիւնը քիւրտեր էին, տեղացի եւ մանաւանդ՝ Եւրոպա տեղափոխուած քիւրտեր, որոնք այցելութեան եկած էին այնտեղ: Ուրախ էին բոլորը, զուարճութիւն մը կար բոլորին դէմքերուն վրայ եւ իւրաքանչիւր երաժշտութեան կամ մեղեդիի մասնակից էին պարով ու երգով (Հայերէն ետ չէին մնար): Անոնց տարազները յատկանշական էին թուրքերէն եւ աւելի զարդարուն, գունաւոր եւ անկաշկանդ: Յաճախ կը դիտէինք այդ քիւրտ աղջիկներն ու տղաքը, զիրենք հայացնելու աստիճան, որոնց դիմագիծերը որքա՜ն յար ու նման էին հայուն: Բա՜յց, քիւրտ էին, քիւրտ:

Արդէն հեռուէն կ՚երեւար Աղթամար կղզին իր յոխորտ կեցուածքով, լիճին մէջտեղ:

Կամաց-կամաց, երկիւղով ըսենք թէ ակնածանքով,  սկսանք բարձրանալ ժամանակին, 9-րդ դարուն  հայոց կաթողիկոսարանի վայր Աղթամարի վանքը:

 

Շար. 6

Հայ-ճափոնական դիւանագիտական յարաբերութեանց 26-րդ տարեդարձը

0

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Հայ-ճափոնական դիւանագիտական յարաբերութեանց 26-րդ տարեդարձին առիթով, ինչպէս նաեւ Հայ-ճափոնական յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու նպատակով, վերջերս Հայաստան այցելած է Ճափոնի Արտաքին գործոց նախարար Թարօ Գոնոն ու շահեկան հանդիպումներ ունեցած Հայաստանի պետական ղեկավարներու հետ:

Յիշենք, թէ Ճափոն Հայաստանին մօտ 300 միլիոն տոլար պարտք տուած է, եւ 90 միլիոնէ աւելի նպաստներ ըրած Հայաստանի ժողովուրդին եւ երկրին մակարդակը բարելաւելու համար։ Ան 28 հրշէջ մեքենաներ նուիրած է մեր հայրենիքին:

1918-ին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրերուն, առաջին հայ հիւպատոսը եղած է Տայանա Աբգար, որ մեծ դեր խաղացած է Ճափոն հաստատուած հայ փախստականներ ԱՄՆ փոխադրելու գործին մէջ: Նման պաշտօնի մը իգական սեռին կողմէ ստանձնուիլը, այն ալ Կովկասեան պահպանողական երկրի մը կողմէ, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած եւ դիւանագիտական աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւած էր:

* * *

Ուրբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 5։00-էն մինչեւ ժամը 9։30, Կլենտէյլ քաղաքին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայ-ճափոնական դիւանագիտական յարաբերութեանց 26-րդ տարեդարձը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի 31 արտավար տարածութիւն ունեցող գեղատեսիլ Brand Park-ին մէջ: Այդ օր ճոխ յայտագրով եւ պատկառելի հիւրերու ներկայութեամբ նշուեցաւ «Ճափոնի օր»ը եւ «Հայ-ճափոնական դիւանագիտական յարաբերութեանց օր»ը:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի մէջ գործող Ճափոնի եւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսարաններուն կողմէ:

Երեկոյեան ժամերուն ներկաները առիթ ունեցան Brand Park-ին մէջ զբօսնելու: Այս զբօսայգիին մէջ ճափոնական Sho Seian բարեսիրական հիմնադրամին կողմէ կառուցուած է Tea Garden, ի նշան Ճափոնի եւ ԱՄՆ-ի ժողովուրդներու փոխադարձ սիրոյն եւ յարգանքին:

Ժամը 7։00-8։00, Brand Park-ի կեդրոնական սրահին մէջ, մօտ 100 ընտրանի հրաւիրեալներու ներկայութեան գործադրուեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր մը: Հանդիսավարն էր ԱՄՆ-ի եւ Ճափոնի Հարաւային Քալիֆորնիոյ հիմնարկի նախագահ՝ Տակլըս Էրպըր: Խօսք առին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս՝ Ռազմիկ Ստեփանեան, Ճափոնի գլխաւոր հիւպատոս՝ Աքիրա Չիպաս, Կլենտէյլի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ՝ Փօլա Տիվայն, Կլենտէյլի Կրթական խորհուրդի անդամ Դոկտ. Արմինէ Կարպետեան, Հայաստանի մօտ Ճափոնի առաջին հայաստանաբնակ դեսպան Էիճի Թագուշի (որուն խիստ շահեկան խօսքը, թարգմանաբար կու տանք առանձին), ինչպէս նաեւ UCLA համալսարանի բժշկական բաժնի մեծանուն ղեկավարներէն, Հայկական Առողջապահական Միջազգային Հիմնադրամի փոխ-նախագահ՝ Տոքթ. Աքիրա Իշիյամա, որ քանի մը անգամ Հայաստան մեկնած է եւ հոն մօտ 100 խուլ եւ համր փոքրիկներու գործողութիւններ կատարած, եւ այդ փոքրիկները, բոլորն ալ խօսիլ եւ լսել սկսած են:

Ապա, գեղարուեստական բարձր որակի հայկական եւ ճափոնական նուագներու կատարումէն ետք, բոլոր ներկաները անցան հիւրասիրութեան սրահ: Հոն տեղի ունեցաւ հայ-ճափոնական դիւանագիտական յարաբերութեան 26-րդ տարեդարձի կարկանդակի հատումը: Ապա, շատ ճոխ ճափոնական եւ հայկական ուտեստեղէններու մատուցում: Հայ եւ ճափոնցի ներկայ հիւրեր մեծագոյն հաճոյքով կ՚ուզէին լսել եւ ծանօթանալ երկու երկիրներուն եւ անոնց ժողովուրդներուն մասին:

Այս անմոռանալի եւ բարձր մակարդակով կազմակերպուած ձեռնարկը վերջ գտաւ մօտաւորապէս ժամը 9.30-ին:

Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք դեսպան Էիճի Թագուշիի (Eiji Tagushi) արտասանած խօսքը:

 

Հայաստանի մօտ Ճափոնի նախկին դեսպան՝ Էիճի Թագուշիի խօսքը

Ողջոյն բոլորիդ:

Ես շատ ուրախ եմ այսօր ձեզի հետ ըլլալուս համար, «Ճափոնի օրուան» յատուկ առիթով:

Ես երեք տարիներ աշխատած եմ Երեւանի մէջ որպէս Ճափոնի դեսպան:  Ինչպէս գիտէք, Ճափոնը եւ Հայաստանը հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունին: Այդ երկար տարիներու լոյսին տակ ես պատիւն ու առանձնաշնորհումը ունեցայ աշխատելու որպէս Ճափոնի պատուոյ բնակիչ դեսպանը Հայաստանի:

Այսօր պիտի ուզէի խօսիլ այն մասին, թէ ես ինչպէս կը տեսնեմ Ճափոն-Հայաստան կապերը: Կը յուսամ իմ այս կարճ ելոյթը պիտի սատարէ աւելի լաւ հասկնալու մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Իմ բջջային հեռախօսս կը բացուի Արարատի պատկերով, զոր ես տեսայ Երեւանի իմ յարկաբաժինէս առաջին օրը որ ժամանեցի Հայաստան: Նմանապէս կը յիշեմ նաեւ, թէ պատուհանիս շուրջ թռչող ծիծեռնակները ինչպէս բարի գալուստ մաղթեցին ինծի: Այնպիսի գեղեցիկ ու խաղաղ առաւօտ մըն էր, որ ես երբեք պիտի չմոռնամ: Եւ ամէն անգամ որ ես Կոմիտասի «Ծիծեռնակ» երգը կը լսեմ, կը յիշեմ այդ եզակի առաւօտը: 3 տարիներու իմ կեցութեան ընթացքին, ես փորձառութիւնը ունեցայ վայելելու զանազան ձեռնարկներ եւ հանդիպելու  զանազան մարդոց, այսուհանդերձ իմ առաջին օրուան անմոռանալի տպաւորութիւնս երբեք չփոխուեցաւ:

Արդարեւ, բոլոր այն ճափոնցիները որ կ՚այցելեն, լաւ տպաւորութիւն  ունին Հայաստանէն: Ասիկա շողոքորթութիւն չէ: Պատմական գեղեցիկ ժառանգութիւնը դիմակայելը, համեղ ճաշերը վայելելը, ազնիւ ու հիւրասէր մարդոց հանդիպիլը, այս բոլորը միասնաբար լաւ տպաւորութիւն մը կը հաղորդեն Հայաստանէն:

Հայ ժողովուրդին Ճափոնէն կրած տպաւորութիւնն ալ վատ չէ: Շատ մարդիկ կը տեսնեն նոյն լուսաւորութիւնն ու հասարակաց գիծերը Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ, Արարատ լերան եւ Ֆուճի լերան միջեւ, դուդուկի եւ հիչիրիքիի միջեւ, հասարակաց արժէքներու, ինչպէս՝ սիրոյ եւ յարգանքի աւանդութեանց միջեւ: Առաւել, ահագին սիրահարներ (fan-եր) կան Սուշիի, Մանկայի եւ ոգեւորուածութեան: Այս բոլորէն վեր, ճափոնական մարտարուեստի՝ քարաթէի, ճիւտոյի եւ աքիտոյի հետեւող աւելի քան 10,000 մարդիկ կան Հայաստանի մէջ: Իմ լսածիս համաձայն, Հայաստանի երախաները ամէնէն աւելի հետաքրքրող մարզաձեւերը ոչ թէ ֆութպոլը կամ պասքէթպոլն են, այլ ճափոնական քարաթէն:

Մէկ խօսքով, ճափոնցի ժողովուրդը եւ հայ ժողովուրդը փոխադարձաբար լաւ պատկերացումներ ունին իրարու նկատմամբ:

Ի միջի այլոց, ոեւէ մէկը գիտէ՞, թէ քանի՞ հայեր կ՚ապրին Ճափոնի մէջ: Պատասխանը՝ 60 է: Իսկ Հայաստանի մէջ ապրող ճափոնցիներու թիւը՝ միայն 30: Ամէն տարի, Հայաստանէն միայն 300 հայեր կ՚այցելեն Ճափոն, եւ շուրջ 2,000 ճափոնցիներ կ՚այցելեն Հայաստան: Ի հարկէ, ասիկա մեծ ցուցանիշ մը չէ:

Գալով տնտեսական յարաբերութիւններուն, առեւտրական փոխանակումները միայն 35 միլիոն ամերիկեան տոլար է կողմերուն միջեւ, իսկ ներդրումները՝ շատ քիչ:

Հակառակ այս անցանկալի պատկերներուն, ինչ որ պիտի ուզէի ըսել այսօր, այն է, որ ներկայ կապերը Ճափոնի եւ Հայաստանի միջեւ բաւական լաւ են եւ կասկած չկայ, որ աւելի պիտի զարգանան ապագային:

Որպէս փայլուն ապացոյց, այս ուղղութեամբ ես պիտի ուզէի ներկայացնել ձեզի երեք վայրեր Հայաստանի մէջ, որոնք կը խորհրդանշեն Ճափոն-Հայաստան լաւ յարաբերութիւնները:

Առաջին վայրը՝ Սաքուրա ծառերն են, որոնք Ազգային Ժողովի շէնքին առաջամասին գտնուող պարտէզին մէջ են: Այդ ծառերը տնկուած են երեք տարի առաջ՝ Հայաստան-Ճափոն Խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակին եւ իմ բարեկամ, Հայաստանի մօտ Ճափոնի նախկին դեսպան Հարատայի կողմէ:

Երկրորդ տեղը զոր կ՚ուզեմ ներկայացնել, Ջերմաելեկտրուժի կայարանն է: Սոյն ջերմակայանը կառուցուած է Ճափոնի կողմէ կատարուած 250 միլիոն ամերիկեան տոլարի փոխատուութեան շնորհիւ: Այս ջերմակայանը ելեկտրականութիւն կ՚արտադրէ 2010-էն ի վեր, եւ ներկայիս կը մատակարարէ Հայաստանի ելեկտրականութեան 17%ը:

Գործակցութեան ուրիշ լաւ օրինակ են՝ Երեւան քաղաքին մէջ գործող 28 հրշէջ մեքենաները: Ասոնք շնորհաբաշխուած են ճափոնական կառավարութեան կողմէ: Յաջորդ տարուան ամրան, 39 ուրիշ հրշէջ մեքենաներ պիտի հայթայթուին շրջանային գլխաւոր քաղաքներուն:

Վերջապէս, երրորդ տեղը զոր պիտի ուզէի յանձնարարել ձեզի՝ Սպիտակի  «Երկրաշարժի յիշատակի այգին» է:

2012-ին, ի յիշատակ Արեւելեան Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած մեծ երկրաշարժի զոհերուն կանգնեցուած «Խաչքար» յուշարձանը «Յիշատակի այգի»ին մէջ, Սպիտակի քաղաքացիներուն նախաձեռնութիւնն էր, որոնք այցելեցին Ճափոն:

Ես երբ տեսայ յուշարձանը, իսկապէս խորապէս ազդուեցայ ի տես հայ ժողովուրդի սրտէն բխող ջերմ զգացումներուն: Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանը միակ երկիրն է աշխարհի մէջ ուր կանգնեցուած է յիշատակի կոթող, նուիրուած 2011-ի երկրաշարժի զոհերուն:

Իրականութեան մէջ, 7 Դեկտեմբեր 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի լուրը  ցնցիչ եղաւ Ճափոնի մէջ: Ճափոնական կառավարութիւնը, մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով որոշեց շուտափոյթ օգնութեան ջոկատ առաքել:

Աւելին, 2011-ին, Արեւելեան Ճափոնի Մեծ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ զոհերու յիշատակին հոգեհանգիստ մատուցեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, մեծ թիւով հայ քաղաքացիներու ներկայութեան: Անոնք բարոյական մեծ օգնութիւն մատուցանեցին ճափոնցի ժողովուրդին, զոր մենք մեծապէս կը գնահատենք:

Ես կը կարծեմ որ հայ ժողովուրդն ու ճափոնցի ժողովուրդը կրնան զիրար լաւ հասկնալ, որովհետեւ մենք երկրաշարժի միեւնոյն դժուարութիւնները կը դիմակայենք: Եւ մենք կը հաւատանք, որ երկուքով զգացուած այս փոխադարձ համակրանքը, վստահօրէն, միասնութեան զօրաւոր շղթայ մը կը ստեղծէ մեր երկու ազգերուն միջեւ:

Այո, ես վստահ եմ, որ Ճափոնի եւ Հայաստանի բարեկամական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին ու աւելի զարգանան ապագային:

Քիչ առաջ ես նշեցի, որ զբօսաշրջիկային հոսքը երկու երկիրներուն միջեւ անբաւարար է: Այսուհանդերձ, անցեալ Սեպտեմբերին, մեր դիւանագիտական փոխյարաբերութիւններու 25-ամեակին առիթով, մեր զոյգ կառավարութիւնները նոր քայլեր առին՝ անցագրային (վիզայի) դրութիւնը ազատականացնելու համար: Արդիւնքը եղաւ շատ նշանակալից: Հայաստանի ճափոնական դեսպանատան կողմէ շնորհուած անցագիրները զգալի կերպով աւելցան, անցեալ տարուան համեմատութեամբ երեք անգամով: Կը կարծեմ որ ճափոնցի զբօսաշրջիկներու այցելութիւնը Հայաստան այս տարի նոյնպէս աւելցած է:

Ես նմանապէս նշեցի, թէ Ճափոնի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադարձ ներդրումները անբաւարար են: Այսուհանդերձ, այս տարի երկու կառավարութիւնները ստորագրեցին փոխադարձ ներդրումներու պաշտպանութեան համաձայնագիր մը: Ասիկա առաջին ներդրումային համաձայնութիւնն է որ Ճափոնը վարեց Կովկասի երեք երկիրներուն միջեւ, եւ կ՚ակնկալուի որ ասիկա պիտի սատարէ ապագայ ներդրումներու ընդլայնումին: Ես վստահ եմ, որ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները սահուն կերպով պիտի աճին ապագային:

Տիկիններ եւ պարոններ,

Երեք տարուան իմ կեցութիւնը Հայաստանի մէջ ինծի համար եղաւ սքանչելի եւ առանձնայատուկ: Ճափոնը եւ Հայաստանը ունին համագործակցութեան մեծ կարողականութիւն՝ իւրաքանչիւր եւ բոլոր մարզերու մէջ: Ես ուժգնօրէն կը հաւատամ, որ երկկողմանի ազատ յարաբերութիւնները պիտի զարգանան եւ ես անձնապէս կ՚ուզեմ սատարել այդ նպատակի իրագործման ոչ միայն որպէս նախկին դեսպան, այլ նաեւ որպէս բարեկամ Հայաստանի:

Լաւագոյն մաղթանքներս ձեր բոլորին: Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեան համար:                 

ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՀԵԳՆԷ ԹՐԱՄՓԸ ՄԻՆՉ ԹՈՒՐՔԻԱ ՆՈՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ ՀԵՏ Է

0

ԱՄՊԵՐԻՆ ԶԱՄԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թ. Էրտողան ծաղրեց Ամերիկայի նախագահ Տ. Թրամփը, զայն քաւութեան նոխազը նկատելով իր երկրին տնտեսական վերահաս անկումի մը։ Սակայն անիկա աւելի մղուած է մտահոգուելու Թուրքիոյ Halkbank-ի գործառնութիւններով։

Էրտողան նշաւակ դարձուց Ամերիկայի նախագահը որպէս պատճառը նկատելով Թուրքիոյ դրամական տագնապին։ Նման քաղաքականութիւն մը կը զատորոշուէր նախկինէն, որ կը նախընտրէր Ամերիկայի նախագահը դուրս պահել երկու երկիրներու միջեւ գոյատեւող ձգտեալ կացութենէն։

Նախագահ Թրամփ Օգոստոս 10-ին twitter-ի միջոցով յայտարարեց, թէ պիտի կրկնապատկէ տուրքերը Թուրքիայէն ներածուող պողպատին եւ ալիւմինիւմին վրայ, որուն իբրեւ հետեւանք թրքական լիրան արագ անկում կրեց։ Ի պատասխան, Էրտողան յայտնեց, թէ «որքան ալ նախագահն ըլլաս, չես կրնար մէկ անգամէն նոր սակագին դնել պողպատին եւ ալիւմինիւմին վրայ»։ Թուրք դեսպաններու մէկ հաւաքոյթին, Էրտողան յայտնեց, թէ՛ Թրամփ պիտի կորսնցնէր, եւ ոչ թէ՝ Թուրքիան։

«Մէկ կողմէ ռազմավարական գործընկեր ես, միւս կողմէ ոտքիդ կը կրակեն»։

Հիւսիսային Քարոլայնայի հովիւ Էնտրու Պրանսընի արգելափակումին հետեւանքով ստեղծուած տագնապին մէջ, Էրտողան տեղի տալու տրամադրութիւններ չի ցուցաբերեր։ Անիկա շեշտեց, թէ Թուրքիա շրջապատումի մէջ էր մեծագոյն պետութիւններու (global bullies) կողմէ, որոնք աչք ունէին Թուրքիոյ նուաճումներուն վրայ։ «Թուրքիան շատ մեծ եւ ազդեցիկ երկիր մըն է՝ դատապարտուած ըլլալու համար մաս կազմելու միակ առանցքի (axis) մը։ Մենք կ՚ուզենք մեր կապերը խորացնել Պրազիլի, Ռուսաստանի, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ հարաւային Ասիոյ երկիրներուն հետ»։

Լիրային արիւնահոսութիւնը կասեցնելու համար, Կեդրոնական Դրամատունը Օգոստոս 13-ին խոստացաւ հայթայթել ամէն աջակցութիւն՝ անհրաժեշտ շրջանառութիւնը պահելու համար։

Տնտեսագէտներու մեծ մասը կը խորհի, թէ տոկոսային անմիջական բարձրացում մը անհրաժեշտ քայլ մը պիտի ըլլայ, շուկայի վստահութիւնը վերահաստատելու համար։ Սակայն Էրտողան խորապէս դէմ է տոկոսի յաւելումին, խորհելով թէ անիկա կը բարձրացնէ առանց երաշխաւորութեան դրամանիշի շրջաբերութիւնը, ու կը սպաննէ շինարարութեան աճը, որ գերհարստացուցած է իրեն մտերիմ գործատէրերը։ Անցեալ Յունիսի յաղթական ընտրութիւններէն ետք, Էրտողան պինդ սեղմած է իր հակակշիռը Կեդրոնական Դրամատան վրայ, նուացեցնելով շուկային վստահութիւնը։ Inflation-ը բարձրացած է 15 առ հարիւրի, եւ հասարակ քաղաքացին կը զգայ պատճառուած նեղութիւնը։

Ըստ կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններու, Էրտողան կանխամտօրէն ձգտուած կը պահէ յարաբերութիւնները Մ. Նահանգներու հետ, որպէսզի զայն քաւութեան նոխազը նկատէ Թուրքիոյ տնտեսական անկումին, որ այլապէս արդէն ընթացքի մէջ էր։ Սակայն իր անհաշտութիւնը Հալքպէնքին հետ է, այս վերջինը կառավարուած ըլլալով ամերիկեան Գանձային Պաշտօնատան (US Treasury) ու Նիւ Եորքի Հարաւային շրջանի Ատեանին կողմէ։

Էրտողան, ենթադրաբար, պնդած է, որ Պրանսընի ազատ արձակումով հետաքննութիւնները (probes) պիտի դադրին։ Դարձեալ, ենթադրաբար, Էրտողան կ՚ուզէ որ բազմամիլիոն տուգանքի մը ենթարկուի Հալքպէնքը, անոր խաղցած դերին համար, Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները չգործադրելուն պատճառով։ Անցեալ տարի, նոյն դատարանը դատապարտած էր ծագումով թուրք-պարսիկ, ոսկիի վաճառական Ռըզա Զարրապը, ինչպէս նաեւ՝ թուրք Տնտեսական նախարար Զա՚ֆէր Քակալայանը  ապօրինի գործարքներու մէջ։

Անցեալ Մայիսին, Հալքպէնքի երէց գործադիր տնօրէն Մեհմէտ Հաքան Աթիլլան դատապարտուեցաւ 32 ամսուան բանտարկութեան, մեղսակցութեան համար մեծագումար դրամի մաքսանենգութեան։ Զարրապ ընդունեց իր յանցաւոր ըլլալը, ու գործակցեցաւ՝ վկայութիւն կատարելով։ Ամերիկա թոյլատրեց որ Աթիլլա իր բանտարկութեան մնացեալ ժամանակաշրջանը բոլորէ Թուրքիոյ մէջ։ Էրտողան աւելին պահանջեց։

Մինչ այդ, Քուէյթի լրատու գործակալութիւնը՝ KUNA-ն, պաշտօնապէս հերքեց Էրտողանի փեսային՝ Թուրքիոյ տնտեսական նախարար Պերաթ Ալպայրաքի առաքելութիւնը Քուէյթի մէջ, ուր գացած էր դրամական օգնութիւն ապահովելու, արժէքազրկուած թրքական լիրայի վերականգնումին համար, եւ հանդիպում ունեցած էր օդանաւակայանին մէջ, երկրին տնտեսական նախարար Նաէֆ էլ Հաժրաֆի հետ։ Քունա անհիմն նկատեց այն լուրը, թէ Քուէյթ 1.6 պիլիըն տոլարի օժանդակութիւն մը կատարած էր թրքական տնտեսութեան։

Յունուարէն իվեր լիրան 40 առ հարիւրով արժեզրկուած է։ Էրտողան եւ Ալպայրաք յայտնեցին, թէ թրքական լիրան թիրախ դարձած է Թրամփի կողմէ։ «Երբեք տեղի պիտի չտանք ազատ տնտեսութեան սկզբունքին վրայ», աւելցուցած է թուրք նախագահը։

Եթէ Պրանսըն ազատ չարձակուի, հաւանական է որ տնտեսական յաւելեալ պատժամիջոցներ առնուին Թուրքիոյ դէմ, յատկապէս թիրախ դարձնելով թուրք պաշտօնատարներ։ Այսպէս, անցեալ Օգոստոս 1-ին, Ամերիկեան Պետական Դրամատունը սառեցուց Թուրքիոյ Արդարութեան ու Ներքին գործոց նախարարներու գոյքերը (assets)։ Թուրքիոյ Միջին Արեւելքի Հաստատութեան տնօրէն Կէօնիւլ Թոլի համաձայն, նախագահ Թրամփ անձնապէս անարգուած կը զգայ, Թուրքիոյ մերժումով՝ ամերիկացի կղերականը արձակելու, ապահովելէ ետք թուրք գործիչ Էպրու Օզքանի ազատ արձակումը՝ Իսրայէլի միջնորդութեամբ։

Էնտրու Պրանսըն  արգելափակուած է 2016 Հոկտեմբերէն իվեր, ամբաստանուած ըլլալով սնամիտ յանցանքներով, ու կրնայ 35 տարուան բանտարկութեան ենթարկուիլ եթէ դատապարտուի։

Ամերիկայի նախագահին մօտիկ շրջանակներու համաձայն, Թրամփ հակամէտ է ճնշումը պահելու Թուրքիոյ վրայ, հակառակ կէս դարու ռազմավարական գործակցութեան այդ երկրին հետ։ «Ամերիկայի պաշտօնատարներու Թուրքիոյ հետ վարուելու փոխյարաբերութեանց մենաշնորհը ձեռքէ ելած է», ըստ քոնկրէսական շրջանակներուն։

Վերոյիշեալ պաշտօնատարներէն Մեթիու Փալմըր, որ կ՚ակնկալուէր որ իր նոր պաշտօնին ձեռնարկէր իբրեւ փոխօգնական Պետական քարտուղարութեան, եւրոպական հարցերու մասնագէտ է Պալքանեան խնդիրներու ու շքանշանակիր՝ չորս նորավէպերու։ Փալմըր նորութիւններ պիտի դիմագրաւէ Թուրքիոյ մէջ։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Էլ Մոնիթըր», 13 Օգոստոս 2018

Հայաստան, ազատ անկախ Հայաստան

0

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Հայրենիքի երրորդ հանրապետութեան անկախութիւնը այսօր կը բոլորէ իր 27-րդ տարին:

1991 թուի 21 Սեպտեմբերին, Խորհրդային Միութեան փլուզումին հետեւանքով, Հայաստան անկախութիւն կը յայտարարէր 70 տարիներու խորհրդային լուծէն:

Երկիր մը, հայրենիք մը կ՚անկախանայ պատրաստովի վճռականութեամբ, քաղաքական, տնտեսական և դիւանագիտական մարզի մէջ պատրաստուած հմուտ ղեկավար տարրերով: Հայաստանը, մեր կարծիքով, չունէր ո՛չ մէկը անոնցմէ. որովհետեւ, այս անկախութիւնը անսպասելի էր, պատճառները կապուած ըլլալով Խորհրդային Միութեան փլուզումին հետ և Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը բնաւ չէր կանխատեսած անկախութեան նման պատրաստութիւն: Բայց եւ այնպէս, տուեալ իրողութիւն մըն էր, աստուածատուր նուէր մը, առաջադրուած հայրենիքի պետութեան համար, ուր այլընտրանք պէտք չէր ըլլար եւ հռչակուեցաւ Հայաստան երկրի անկախութիւնը երրորդ հանրապետութիւնով:

Արեւմտեան հոսանքի երկիրներ ուրուրներու նման խուժեցին առաջինը ճանչնալու Հայաստանի անկախութիւնը, ներառեալ՝ Թուրքիան… իր նախապայմաններով, եւ Հայաստան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ դարձաւ լիիրաւ անդամ… իր ներկայ սահմաններով:

Կեանքի ասպարէզ մտած տատամսող եւ անփորձ պատանիի քայլերով Հայաստան ոտքի կը կանգնէր նոր պետութիւն կերտելու համար: Դժուարին օրեր եւ տարիներ կը դիմակալէր հայրենի երկիրը, գազանացած շրջապատի մը մէջ, որոնք արեան հոտ առած գիշատիչ գազաններու նման  պատրաստ էին յօշոտելու անտէր ու միայնակ մնացած Հայաստանը: Հայաստանը միայնակ չէր սակայն: Ողջ սփիւռքահայութիւնը, իր կուսակցութիւններով եւ զանազան կազմակերպութիւններով, շատերը իրենց սկզբունքային հաւատամքները հակասելով,  օգնութեան կը փութային թիկունք կանգնելու հայրենիքին, իր ազատագրման եւ երկրի վերակերտման պայքարին մէջ:

Հայրենի ժողովուրդին համար եղունգներով մաքառումի ժամանակաշրջան եղան առաջին տարիները, ո՛չ միայն երկրի կառուցման, այլ նաեւ անոր պահպանման ջանքերով: Հայրենիքը իր անկախութեան առաջին օրէն սկսեալ ունեցաւ կողոպուտ ու թալան, հալածանքներ, շահագործումներ ու անօրինութիւններ առաջին երեք իշխանութիւններու օրով, որոնք կրնային Հայաստանն ու հայրենի ժողովուրդը  հասցնել աւելի բարեկարգ ու բարւօք տնտեսական կարգավիճակի:

Հայաստանի եւ Արցախի պետական կայունուցման ալեկոծ շրջանին մէջ կատարուած ներքին անիրաւութիւնները կարծէք բաւարար չէին յետ կասեցնելու հայրենի երկիրներուն յառաջխաղացքը, որուն վրայ կը հասնէր Արցախեան ազատագրման մարտը եւ պայքարը: Համայն հայ ազգի ժողովուրդ մը, հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին, միածին հայրենասիրական ոգիով տոգորուած, առանց գաղափարախօսական խտրականութեան, կը փութար պաշտպանելու հայրենիքի սահմանները խուժաններու ոտնձգութիւններէն, որոնք կը սպառնային կործանել հայ ազգի վերջին պատուարը, հայ ժողովուրդի հայրենիքը:

Հայ ազգը, իր համայն զաւակներով, մեծապէս պարտական է խոնարհելու այն մարտիկներուն շիրիմներուն առաջ, որոնք իրենց արեան գնով պայքարեցան հայրենիքի ազատագրման պատերազմին, այսօր՝ մեզի շնորհելու համար ազատ անկախ հայրենիք մը:

Հայաստանի անկախութեան 27-րդ տարին է որ պիտի տօնենք այս 21 Սեպտեմբեր ամսուն:

27 տարիներ սպասեց հայրենի ժողովուրդը այս տարին տօնելու համար իսկական անկախութեան առումով: Անցեալ Մայիսին տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը լոյս եւ յոյս սփռեց հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ, ժողովրդավարական նոր հորիզոններ բանալով իշխանութիւններուն վարչակազմին մէջ որպէս երկրի իշխանութեան ուղեգիծ, թափանցելու եւ հասնելու համար երկրի նախկին իշխանաւորներու եւ ղեկավարներու սիրտերուն ու միտքերուն մէջ, անոնց հասկցնելու համար թէ՝ այստեղ ժողովուրդն է որ կը խօսի, կը գործէ եւ կ՚արդիւնաբերէ պետութեան համար, երկրին համար, իրենց ընտանիքներուն համար, որպէսզի Հայաստանը դառնայ հզօր պետութիւն:

Յաճախ կը տեսնենք եւ կը լսենք քննադատութիւններ եւ առարկութիւններ հայրենիքի ներկայ պետական վարչական փոփոխութիւններուն, նորանոր օրէնքներու կիրարկման եւ այլ քաղաքական եւ տնտեսական փոփոխութիւններուն հանդէպ: Կասկածելի՞ են արդեօք նման փոփոխութիւններ կամ բարեփոխումներ պետութեան մը կառավարութեան կազմին մէջ, հաւանաբար՝ այո՛, եթէ բոլոր անոնք ձեռնածալ շարունակեն քննադատել եւ բողոքել նման ժողովրդավարական փոփոխութիւններու, փոխան՝ մասնակից դառնալու այդ զարթօնքին:

Ժողովրդավարական ուղին այնքան հեշտ, այնքան ալ դժուարին ճանապարհ մըն է, ուր համայն հայ ժողովուրդ մը պարտի իր շինիչ եւ կառուցողական ներդրումը նուիրել հայրենիքին առանց ակնկալութեան եւ անհիմն առարկութիւններու:

Քեզ բարի տարեդարձ՝ Հայաստա՛ն: Մնաս հզօր ու անսասան:

ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԺՈՒԱՐԻՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՀՀ անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով

0

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Անկախ եւ ինքնիշխան պետականութեան մը իրագործումը, անկասկած, բոլոր ազգերու համար եղած է վարդագոյն երազ մը: Հայ ժողովուրդին պարագային, բազմադարեան մղձաւանջ մը, որուն ընդունելի միակ ելքը հանդիսացեր էին 1918-ի Սարդարապատի յաղթական ճակատամարտը եւ Արեւելահայաստանի մէջ հիմնուած յաջորդական երեք հանրապետութիւնները:

            Արդարեւ, անկախութիւնը այսքա՛ն ցանկալի ԵՐԱԶ է որեւէ ժողովուրդի, որուն տիրանալու համար կ’արժէ ընծայաբերել ամէն թանկարժէք «ունեցուածք»: Ու հայութիւնն ամբողջ, անցնող հարիւրամեակին զոհեց «Աշխարհ»ին իր լաւագոյնը, որպէսզի կարենայ պահել իր յարաբերական «անկախութիւն»ը:

            Ժամանակակից մեր պատմութեան մէջ, Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան իւրաքանչիւր տարեդարձին՝ ազգովին հպարտացանք մեզ խանդավառող իրագործումներով ու շահուած յաղթանակներով, բայց չանտեսեցինք նաեւ այն  դասերը, զորս պէտք է քաղէինք մեր պարտութիւններէն: Սփիւռքահայ մեր սերունդը, ներկայիս, աւելի քան երբեք կը հաւատայ առարկայական ճշմարտութեան՝ ստուգատեսի իրաւասութիւններով, քան թէ  կ’առաջնորդուի երբեմնի «ազգային սնապարծութեան» երազախաբութեամբ:

            Այս հանգրուանին բոլորս ալ հրաւիրուած ենք ներկայանալու Գ. Հանրապետութեան 27-րդ դասապահին, նախորդ տարիներու վերաքաղով եւ գալիք տարիներու նոր տեսլականներով:

            Ուրախացանք ազգովին եւ առանց վերապահութեան, երբ տակաւին նորանկախ պետութիւն, ունեցանք հռչակագիր եւ Սահմանադրութիւն, ազգային բանակաշինութիւն եւ մեր սահմաններուն անձեռնմխելիութիւն, յատկապէս՝ միջազգային ատեաններուն մէջ մեզի շնորհուած քաղաքական եւ իրաւական սահմանումներով:

            Արցախի իրողական ազատագրումն ու ինքնակառավարումը, մեր յաղթական երթին շարունակութիւնն է:

            Ինչպէ՞ս յաղթահարել մեր սահմանակից հարեւան թուրք եւ ազերի վոհմակներուն բնազդային ախորժակներն ու ոտնձգութիւնները: Միջազգային բարձրակարգ դիւանագիտութեան նուրբ խաղաքարտերո՞վ, թէ՞ ռազմական մեր «գերարդիական զինանոցներով»: Երբ նորօրեայ «Աննիբալ»ը մեր «Կարգեդոն»ի դռներու սեմին կանգնած է իր արիւնռուշտ կերպարանքով, հայութեան բոլոր հատուածներուն համար, առաջնահերթը մեր հողերուն անվտանգութիւնն է: Վարչակարգերը անցողիկ են: Մնայունը՝ ՀՈՂն է հայրենի՝ իբրեւ սրբութիւն սրբոց:

            Պարտադիր պայմաններու հրամայականներով աւելի քան 10 միլիոն ժողովուրդը դատապարտուած է ապրելու հայրենիքի մէջ իր մէկ-քառորդ թուաքանակով, իսկ մնացեալը արտերկիր՝ իր մերձակայ թէ հեռակայ գաղութներով:

            Մինչ սփիւռքահայութիւնը ամենայն անկեղծութեամբ կ’ըլլար մասնակից՝ հայրենիքի ցնծալից յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն, սակայն զուգահեռաբար՝ ներհայաստանեան քաղաքական եւ ընկերային առօրեայ կեանքին մէջ քառորդ դարէ ի վեր, հայրենիքը եղաւ թատերաբեմ իշխանաւոր դասակարգի բարոյական թէ ֆիզիքական ճնշումներու հետեւանքով տեղի ունեցած անհանդուրժող ժողովրդային ընդվզումներուն եւ ընդհատումներուն: Երկար է շարքը, սակայն կարելի է յիշատակել ու դիտարկել միայն տեսանելի մասը այն սառցալերան, որ սառուցեալ ովկիանոսի մէկ ծայրամասին մէջ գոյութիւն ունի, եւ ջուրի մակարդակէն վար գտնուող մասը մեր մարդկային աչքերուն կը մնայ անտեսանելի ու խորհրդաւոր:

            Ահաւասիկ այս հարցումները, որոնք կը չարչրկեն սփիւռքահայ ԽՈՐՀՈՂ մարդուն միտքն ու հոգին.

1.- Անկախութեան առաջին տարիներուն սկիզբ առած բազմատեսակ «գոյք»երուն դէպի արտերկիր վաճառքը եւ յետագային ծնունդը նորաբոյս հարուստներու, կազմեցին Հայաստան աշխարհին նորաստեղծ աւատապետերու խմբակը:

2.- Պետութեան պատկանող կալուածներու արագօրէն կազմակերպուած սեփականաշնորհումն ու աժան վաճառքը… մենաշնորհեալներու: Սկիզբ անյագուրդ ընչաքաղցութեան:

3.- Արտագաղթը՝ իբրեւ սպիտակ արիւնահոսութիւն, երբ անցնող 25-ամեակին հայրենիքը լքեցին շուրջ մէկուկէս միլիոն հայեր: Երեւոյթ մը, որ բարենպաստ պայմաններու ընձեռումով, կարելի պիտի ըլլար գոնէ կասեցումը հակահայ այս վտանգաւոր իրողութեան:

4.- Քաղաքական դիրքաւորումներ, հետապնդումներ եւ սպանութիւններ՝ իշխանութեան կողմէ դեռ եւս մնացած անպատժելի, իբրեւ թղթաբանութիւն:

5.- 1999 Հոկտեմբեր  27-ի քստմնելի ոճիրին գործադրութիւնը եւ ցարդ անկատար մնացած անոր ամբողջական բացայայտումն ու դատապարտութիւնը (թիւով 8 մեծանուն զոհեր):

6.- 2008 Մարտ 1-ի հանրածանօթ ողբերգութիւնը: Զոհերու թիւը՝ 10 հայ: Դատապարտում եւ արդարադատ բացայայտումներ:

7.- Մենաշնորհեալներու դղեակներուն եւ առանձնատուներուն կառուցումի փոխարժէքով, արդիականացնել ազգային բանակին ռազմական կարելիութիւնները, որպէսզի անխոցելի դառնան մեր սահմանները:

8.- ՀՀ կուտակուած արտաքին պարտքերու գումարը վճարել՝ յատուկ կարգադրութեամբ մը բանակցելով անոնց հետ, որոնք 2006-2016 հակաօրինական ձեւերով Հայաստանէն արտահանեցին 9 միլիառ 830 միլիոն տոլար, զանոնք տեղաւորելով արտասահմանի դրամատուներէ ներս (տեսնել՝ Global Financial Integrity Report 2017):

 9.- Բացառիկ հոգատարութիւն Երեւանէն դուրս գտնուող բոլոր մարզերու եւ գիւղերու, ժամանակակից դարու կենցաղային եւ տարրական պայմաններու յարգումով:

10.- Արեւաշող հայրենիք մը ունինք, ուր կրնանք լաւապէս օգտուիլ արեգակնային դրութեամբ վահանակներ զետեղել շէնքերու տանիքներուն վրայ կամ այլ բարձրադիր վայրեր ու մեղմացնել ելեկտրական հոսանքներու համար պարտադիր ծախսերը:

Սառցալերան (Icerberg) անտեսանելի մասին մէջ կը գտնուին ահաւոր բացթողումներ ու թերացումներ: Մեր նպատակն է, իբրեւ սփիւռքահայ գրող, մատնանշել ու հետապնդել առաջնահերթ հարցադրումները, սրբագրել տալ զանոնք, եւ ապա՝ անցնիլ յաջորդ Տասնեակին:

 

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 27 տարեկան է Սփիւռքին դերն ու պարտաւորութիւնները

0

«ՆՈՐ ՕՐ», Լոս Անճելըս – Մեր հինգ հազարամեայ հայրենիքին նորագոյն հանրապետութիւնը քսանեօթը տարեկան է այսօր։ Մեր աչքին առջեւ ծնունդ առաւ ան։ Այսօրուան յաջորդական սերունդներուն ժամանակակիցն է ան։ Մանուկ է տակաւին, պատանի, ոտքը հիմա է որ կը դպչի քարին, արտաքին քարին, ներքին քարին, այսպէս կամ այնպէս՝ քարին։

Հայկ նահապետէն մինչեւ այսօր վերիվայրումներով յագեցած դարեր ապրած է Հայաստանը։ Սակայն, յետեղեռնեան վերջին հարիւրամեակը, Ցեղասպանութենէն վերապրող մեր ժողովուրդն ու իրերայաջորդ երեք հանրապետութիւնները մեր ներկան են, մեր այսօրն ու վաղն։ Վերջին հարիւր տարուան մէջ Նոր զգեստ հագաւ հայը։ Վերապրող արեւմտահայութիւնը տարբաղադրուեցաւ աշխարհով մէկ եւ յաջորդական սերունդներս ցրուած ամէն տեղ, այսօր մեր կենսահիւթը կը ստանանք Հայաստանէն ու Արցախէն։

Նոր զգեստ-ը կը բացատրուի նոր պայմաններու թելադրականութեամբ։ Խորհրդային կարգերու անկումով եւ անկախ հանրապետութիւններու ծնունդով, արդէն իսկ աշխարհի վարչաքաղաքական քարտէսը խախտուած էր եւ Հայաստանը վերածնած որպէս անկախ հանրապետութիւն։

2018 տարին յոբելեանական է զուգադիպելով Արցախեան շարժումին 30-րդ տարեդարձին, իսկ տարուան գլխաւոր տօնը՝ Հոկտեմբերին կայանալիք 2800-ամեակն է մեր բոլորին սիրելի Էրեբունի-Երեւան քաղաքին (նաեւ 100-ամեակը Երեւան մայրաքաղաքին)։

Արդարեւ, 2018 տարին նոր լիցք ու կեանք ստացաւ Թաւշեայ յեղափոխութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեան յոյսի ու խանդավառութեան նոր ալիք ստեղծեց, շնորհիւ իր բացառիկ Քայլին։ Ջախջախուցաւ անցնող քսան տարիներու «դղեակ»-ը, դիմակը պատռուեցաւ եւ ամէն ինչ զարգացաւ շատ արագ։ Այսօր, երբ իշխանափոխութիւն կատարուած է Հայաստանի մէջ, Սփիւռքը չի կրնար եւ իրաւո՛ւնք չունի լուռ դիտողի, կամ՝ հեռուէն քննադատողի՝ քննող ու դատողի դեր կատարել միայն։ Ան ձեռք պիտի երկարէ  27-ամեայ պատանիին՝ թէ՛անհատապէս եւ թէ՛ որպէս հաւաքականութիւն։

Այսօրուան աշխարհը մեզի պարգեւած է արհեստագիտութեան այնպիսի պայմաններ, որոնք ճիշդ օգտագործելու պարագային կրնանք «լեռներ շարժել»։ Ե՞րբ, եթէ ոչ այսօր, կարելի է իրականացնել երազներ՝ միջոցները, հնարաւորութիւնները գործի լծել եւ հասնիլ նպատակին։ Ինչ որ ալ է՛ մեզմէ իւրաքանչիւրին նպատակը, համոզուա՛ծ ենք, որ ունինք գլխաւոր ՄԷԿ նպատակ՝ տեսնել մեր հայրենիքին շարունակական ծաղկումը։

Մեզմէ ամէն մէկը եւ մեր կազմակերպութիւններէն իւրաքանչիւրը լաւագոյնս կը գիտակցի իր կարողութիւններուն։ Ուստի եւ, մեր պա՛րտքն է համախմբուիլ նոր իշխանութիւններուն շուրջ, մուտք գործել ու միանալ անոնց ազգային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային թէ ընկերային ծրագիրներուն, ապահովելով երկրին զարգացող ներկան, նպաստելով Արցախին, Հայաստանին՝ Մեղրիէն մինչեւ Վրաստանի սահման եւ Աղտամէն մինչեւ Նախիջեւան։

«Սփիւռքը կթան կով չէ» արտայայտութիւնը շա՛տ կարեւոր է այստեղ։ «Գլենդէլից մեզ փող կ՚ուղարկեն ու մենք կ՚ապրենք»-ի հոգեբանութիւնը պէ՛տք է փոխուի եւ պիտի՛ փոխուի։ Գործակցութեան բաց դաշտ է հարկաւոր, ամէն ինչ թափանցիկ, փոխշահաւէտ՝ օրէնքի գերակայութեամբ, գործո՛ղ օրէնքի գերակայութեամբ։

Եւ որպէսզի հասնինք օրէնքի ուժին կիրառումին, ձեռք պիտի երկարենք Փաշինեանի կառավարութեան։ Պահ մը կեդրոնանանք Լոս Անճելըսի եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ վրայ։ Այստեղ կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութիւնը. նիւթական եւ վերացական հայրենիքն է ան, հայկական հող է ան հայահոծ Կլենտէյլի սիրտին վրայ։ Հիւպատոսարանը այսօր ունի նոր գլխաւոր հիւպատոս՝ յանձին Արմէն Բայբուրդեանի։ Անուն, որ յարգանք կը պարտադրէ. դիւանագէտ մը, որ քաջածանօթ է լոսանճելըսեան հայ համայնքին յաջողութիւններուն եւ դժուարութիւններուն։

Ահաւասիկ օղակ մը, որ յաջորդ տարիներուն անհրաժեշտ է որ զարգանայ, փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած։ Հիւպատոսարանին ուսերուն վրայ կայ ծանր բեռ, որ կարելի է թեթեւցնել։ Այստեղ է մեր դերը, սփիւռքահայուն դերը, որ «Ազգային տուրք»-ի գիտակցութեամբ, իր ժամանակէն, իր լումայէն, իր կեանքէն մաս մը, մասնիկ մը, պահիկ մը պիտի տրամադրէ Հայաստան հայրենիքին։ Ա՛յս գիտակցութեամբ, յաջող փորձառութեան օրինակով, նուիրուելու, համոզուածօրէն տալու օրինակով, մենք մեր բաժինը պարտաւոր ենք բերելու ազգին։ Ինչպէս որ կամաւոր կերպով մեր ժամանակն ու միջոցները կը տրամադրենք մարդասիրական, եկեղեցական, մշակութային, ընկերային թէ քաղաքական կեանքին՝ ամերիկեան կամ ամերիկահայ կեանքէն ներս, մեր նպատակակէտը պէտք է հանդիսանայ ամէն տարի, այո՛ ԱՄԷՆ ՏԱՐԻ մեր բաժին օժանդակութիւնը նուիրաբերել ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔ-ին։

Երբ լոսանճելըսահայութիւնը մէկ օղակը կը սեպենք ընդհանուր մէկ ու միասնական շղթային, այդ շղթան ագուցողներէն մէկը ՀՀ Հիւպատոսութիւնն է, որ իր հերթին Սփիւռքի կամ այլ նախարարութեան մը հետ համախորհուրդ, ՀՀ կառավարութենէն պիտի ստանայ ուղղութիւն եւ օրհնութիւն։

Հայաստանի շարունակական ծաղկումը բոլորիս պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է։ Կայուն Հայաստան մը փարո՛ս է, տո՛ւն կանչող փարոս սփիւռքահայութեան համար, որուն անմար լոյսը իմա՛ստն է աշխարհաքաղաքացի մեր հայ կեանքին։

Բարի տարեդարձ, սիրելի՛ Հայաստան, մեր «հին ու նոր» Արմենիա։

 

Լոս Անճելըսում Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր հիւպատոս Ն.Գ. Պարոն Արմէն Բայբուրդեանի ուղերձը

0

Սիրելի հայրենակիցներ, շատ սիրելի և յարգելի քալիֆորնիահայեր,

Սրտանց շնորհաւորում եմ բոլորիդ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնի առթիւ: Այս սրբազնագոյն օրուայ կապակցութեամբ ես շնորհաւորում եմ Քալիֆորնիայում հաստատուած իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի, ամէն հայի անձնապէս, նաև այն ամերիկացիներին, ովքեր իրենց նպաստն են բերել մեր հայրենիքին:

Հպարտանում եմ ձեզանով, հրաշալի գիտակցելով, որ դուք մեր հայրենեաց ջահակիրներն էք, մշտապէս կրում էք մեր սուրբ երկրի ոգին ձեր մտքում և սրտում: Երբ 1991 թուականի Սեպտեմբերի 21-ին մեր հայ ժողովուրդն իր հաւաքական անկոտրում կամքը դրսևորեց և, ի շարունակումն 1918 թուականին հիմք դրուած մեր անկախ պետականութեան, որոշեց իրաւական գետնի վրայ կերտել ինքնիշխան ժամանակակից պետութիւն, ձեզանից իւրաքանչիւրն իր անմիջական մասնակցութիւնն է բերել մեր ազգային իղձերի իրականացմանը: Ես նկատի ունեմ ոչ միայն նրանց, ովքեր իրենց վճռական քուէով են դրսևորել ժողովրդի կամքը հէնց Հայաստանում այդ Սեպտեմբեր 21-եան պանծալի օրը, այլև նրանց, ովքեր, սերունդներով փայփայել են այդ երազանքը ու հայրենիքից հեռու գտնուող Քալիֆորնիայում հոգով ու սրտով մաս կազմել այդ պատմական որոշմանն ու գործընթացին: Աշխարհագրութիւնը պարզապէս չէր կարող մեզ բաժանել:

Մեր ազգն անչափ հպարտանում է իր այն զաւակներով, ովքեր գործնականում են նպաստել հայոց պետականութեան կայացմանը անկախութեանը յաջորդած տարիներին: Այս օրն այն օրն է, երբ տօնելու հետ մէկտեղ, մենք պէտք է անսահման յարգանքի մեր տուրքը մատուցենք բոլոր նշեալ հայ տղամարդկանց և կանանց, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայել այդ նուիրական նպատակի իրականացման համար:

Անկախութեան հռչակումից 27 տարի անց, մեր այսօրուայ վերածնուած հայրենիքը յոյսի և լոյսի ապագայ է բացում անխտիր բոլորիս համար: Մենք պէտք է միասին ուղի հարթենք դէպի մեր փայփայած ապագան, դէպի մեր հայրենի պետութեան ժողովրդավարական, ապահով ու բարօրութեան վրայ հիմնուած հասարակարգը: Մեր փայլուն երիտասարդութիւնն իր բարձր արժեհամակարգով, մեր ամբողջ ժողովուրդը ապացուցեց, որ արժանի է այդ պայծառ ապագայի իրական կեանքի կոչմանը: Ես այժմ միայն կոչ չեմ անում նոր աւիւնով նպաստելու մեր պաշտելի Հայաստանի զարգացմանը: Ես կոչ եմ անում անմիջականօրէն ստանձնել մեր բոլորիս՝ Հայաստան վեհօրէն կոչուող երկրի վերակերտումն ու զարգացումն այն հիմնասիւների վրայ, որ ձեր երազածն է:

Իմ դիւանագիտական առաքելութեան՝ արևմտաամերիկեան բազմաբովանդակ խնդիրների հետ մէկտեղ, ես այստեղ՝ Լոս Անճելըս, վերստին եկել եմ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր հիւպատոս, ծառայելու Ձեզ՝ քալիֆորնիահայութեանը և Արևմտեան Միացեալ Նահանգների մեր հայրենակիցներին՝ ի շահ մեր հայրենիքի, յանձնառութիւն ստանձնելով գործնականում կամրջելու Քալիֆորնիան Հայաստանի հետ:

Կեցցէ Հայաստանի անկախութիւնը, կեցցէ Հայաստանը, կեցցէ քալիֆորնիահայութիւնն ու ամբողջ հայ ժողովուրդը:

Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Ազգային Կուսակցութիւններու Միացեալ ՅայտարարութիւնԱմերիկայի Արեւմտեան Շրջանի Հայ Ազգային Կուսակցութիւններու Միացեալ Յայտարարութիւն

0

«ՆՈՐ ՕՐ», Լոս Անճելըս – Հայաստանի Անկախութեան 27-րդ տարեդարձը կը դիմաւորենք հիմնովին նորոգուած ոգեւորութեամբ, յոյսով ու լաւատեսութեամբ:

Անկախութեան տարեդարձը կը դիմաւորենք Հանրապետութեան սրընթաց վերելքի, ժողովուրդի տնտեսական բարգաւաճման, արդար ու ժողովրդավար միջավայրի ընձեռած ստեղծագործական ու նախաձեռնողական ոգիի թռիչքին առջեւ խոչընդոտներու գրեթէ ամբողջական վերացման պայմաններու մէջ:

Այս նոր մեկնակէտը յաւելեալ պատասխանատուութեան տակ կը դնէ բոլորս, հայկական իրականութեան մէջ գործող բոլոր հոսանքները, բոլոր ուժերը, բոլոր կառոյցները, որպէսզի յաղթահարենք մեր մէջ դանդաղումի, ձեռնպահութեան, կրաւորականութեան ամէն միտում եւ ձեռնարկենք գործնական, շօշափելի ներդրումներով սատարելու Հայաստանի պետականութեան հզօրացման, տնտեսական բարգաւաճման ծրագիրներուն:

Այս նոր մեկնակէտը նաեւ պէտք է դառնայ անկիւնադարձ՝ Հայաստանէն արտագաղթի հոսքը կանգնեցնելու եւ հայրենադարձութեան հեռանկարները գործնականացնելու ուղղութեամբ: Պետութիւն-Սփիւռք անօրինակ համագործակցութեամբ պէտք է կարենանք վերացնել արտագաղթի աղէտը, որ կը սպառնայ մեր երկրի կենսունակութեան:

Անկախութեան տարեդարձի այս տօնական օրուան առթիւ, մենք կը յայտարարենք մե՛ր յանձնառութիւնը՝ մեր հնարաւորութիւնները նուիրաբերելու Հայաստանի փառաւորման:

 

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ՝

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն

«ՆՈՐ ՕՐ», Լոս Անճելըս – Հայաստանի Անկախութեան 27-րդ տարեդարձը կը դիմաւորենք հիմնովին նորոգուած ոգեւորութեամբ, յոյսով ու լաւատեսութեամբ:

Անկախութեան տարեդարձը կը դիմաւորենք Հանրապետութեան սրընթաց վերելքի, ժողովուրդի տնտեսական բարգաւաճման, արդար ու ժողովրդավար միջավայրի ընձեռած ստեղծագործական ու նախաձեռնողական ոգիի թռիչքին առջեւ խոչընդոտներու գրեթէ ամբողջական վերացման պայմաններու մէջ:

Այս նոր մեկնակէտը յաւելեալ պատասխանատուութեան տակ կը դնէ բոլորս, հայկական իրականութեան մէջ գործող բոլոր հոսանքները, բոլոր ուժերը, բոլոր կառոյցները, որպէսզի յաղթահարենք մեր մէջ դանդաղումի, ձեռնպահութեան, կրաւորականութեան ամէն միտում եւ ձեռնարկենք գործնական, շօշափելի ներդրումներով սատարելու Հայաստանի պետականութեան հզօրացման, տնտեսական բարգաւաճման ծրագիրներուն:

Այս նոր մեկնակէտը նաեւ պէտք է դառնայ անկիւնադարձ՝ Հայաստանէն արտագաղթի հոսքը կանգնեցնելու եւ հայրենադարձութեան հեռանկարները գործնականացնելու ուղղութեամբ: Պետութիւն-Սփիւռք անօրինակ համագործակցութեամբ պէտք է կարենանք վերացնել արտագաղթի աղէտը, որ կը սպառնայ մեր երկրի կենսունակութեան:

Անկախութեան տարեդարձի այս տօնական օրուան առթիւ, մենք կը յայտարարենք մե՛ր յանձնառութիւնը՝ մեր հնարաւորութիւնները նուիրաբերելու Հայաստանի փառաւորման:

 

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ՝

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն

Seamstress of Ourfa author to appear at Abril Bookstore

0

NOR OR, LOS ANGELES – Armenian/English author from Cyprus, VICTORIA HARWOOD BUTLER-SLOSS will present her newly released book, THE SEAMSTRESS OF OURFA on THURSDAY, SEPTEMBER 27, 2018 at 7:30pm at ABRIL BOOKSTORE – 415 E. Broadway, Glendale, CA.  Admission is free.

THE SEAMSTRESS OF OURFA is set in 1895, Ourfa, a thriving, cosmopolitan city in the Ottoman Empire. Khatoun Khouri, a girl of thirteen, meets her future husband, Iskender Agha Boghos. Twice her age, a poet, philosopher and dreamer, he adores her but cannot express it in words. Around them, the Ottoman Empire is crumbling, the world heading towards war and the Armenian minority subjected to increasing repression, culminating in the genocide of 1915. As Iskender retreats into his books and alcohol, losing land, money and business, Khatoun holds their family together by sewing for the wives of the men who persecute them; her creations inciting love, lust and fertility. The family joins the resistance and evades the death marches to the Syrian Desert only to lose everything when exiled by Mustafa Kemal and the birth of the Turkish Republic in 1923. What follows is a tale of love, loss and redemption in the diaspora told by four generations of women, each becoming the guardian angel of the next.

VICTORIA HARWOOD BUTLER-SLOSS is part Armenian, part English and grew up on the island of Cyprus. She began her career as a dancer at the world famous Raymond Revuebar, trained at the Royal Academy of Dramatic Art and spent twenty years as an actress in TV, film and theatre in London.

After getting married she moved to Los Angeles, started a family, continued to work in voiceovers and wrote her first opus, a trilogy beginning in the Ottoman Empire in 1895, following four generations of women until the present day.

 

Presented by Abril Bookstore.

CONTACT: Arno Yeretzian at Abril Bookstore (818) 243-4112, noor@abrilbooks.com

 

Large number of enthusiastic soldiers and officers join the ranks of ABMDR

0

NOR OR, LOS ANGELES –  In what has become a cherished tradition for the past several years, the Armenian Bone Marrow Donor Registry (ABMDR) held a donor-recruitment drive at Yerevan’s Vazgen Sargsyan Military Institute on September 14.

The event started at the institute’s auditorium, where Dr. Mihran Nazaretyan, Medical Director of ABMDR, made a presentation on the work and life-saving mission of the Registry in front of a gathering of soldiers and officers.

“Joining ABMDR couldn’t be easier or simpler,” Dr. Nazaretyan said in his remarks, “yet its rewards are incalculable, as one day you might have the opportunity to save someone’s life. Nothing compares to the joy of being notified that you’ve been identified as a matched donor, and that, thanks to the bone marrow stem cells you’re willing to donate, a patient suffering from a blood-related, life-threatening illness will have a second chance at life. I think, as men and women in uniform serving our country, you have a deep and unique appreciation of such a prospect.”

Following Dr. Nazaretyan’s presentation, a large number of soldiers and officers joined the ranks of ABMDR as potential bone marrow stem cell donors, as a team from ABMDR’s Yerevan Lab was on hand to register the applicants.

“As a pan-national humanitarian organization, ABMDR has always had a special relationship with the armed forces and first responders of the Republic of Armenia, and the Vazgen Sargsyan Military Institute in particular,” said Dr. Frieda Jordan, President of ABMDR. “I would like to convey our heartfelt gratitude to the leadership of the institute for its ongoing collaboration with our Registry — for helping us raise public awareness of our work, engage in community outreach, and recruit potential donors. Finally, a big thank-you to all the selfless, enthusiastic soldiers and officers who just joined ABMDR as our newest angels!”   

About the Armenian Bone Marrow Donor Registry: Established in 1999, ABMDR, a nonprofit organization, helps Armenians and non-Armenians worldwide survive life-threatening blood-related illnesses by recruiting and matching donors to those requiring bone marrow stem cell transplants. To date, the Registry has recruited over 29,000 donors in 29 countries across four continents, identified 4,482 patients, and facilitated 31 bone marrow transplants. For more information, call (323) 663-3609 or visit abmdr.am.