Չորեքշաբթի, 08. 04. 2026

Հայաստանի Սահմանադրութիւնը

0

ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի աշխատակից

«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՐՈՒԹ – Սահմանադրութիւն բառացիօրէն կը նշանակէ սահման դնել, կարգ ու կանոն որոշել։ Քաղաքական իմաստով սահմանադրութիւնը պետութեան հիմնական օրէնքն է, որ կը սահմանէ պետական կառուցուածքը, կառավարման եւ իշխանութեան մարմիններու համակարգը, անոնց իրաւասութիւններն ու ձեւաւորման կարգը, ընտրական համակարգը, քաղաքացիական իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ դատական համակարգը։ Սահմանադրութիւնը օրէնսդրութեան հիմքն է։ Պետութեան գործունէութեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ սահմանադրական կարգի պահպանումին կը հետեւի գերագոյն դատարանը կամ սահմանադրական դատարանը։

            «Սահմանադրութիւն» բառը գոյութիւն ունեցած է Հին Հռոմի մէջ, ուր անիկա հանրային իրաւական գործողութիւններու օրինակարգաւորումն էր։ Ընդունուած է ըսել, որ եզրը ծագած է լատինական «constitution» բառէն, որ կը նշանակէ «սահմանում», «կառուցուածք»։ Իսկ տակաւին Ք․ա․ 4-րդ դարուն յոյն մտածող Արիստոթելը «սահմանադրութիւն» հասկացութիւնը կ’օգտագործէր պետութեան կառուցուածքի, պետական իշխանութեան արդիւնաւէտ կազմակերպման, անոր ժողովրդավարական եւ արդարացի ըլլալուն մասին խօսելու ժամանակ։ Հին Յունաստանի եւ Հին Հռոմի մէջ երկար ժամանակ սահմանադրութիւն կը կոչուէին նաեւ կայսրերու, միապետներու ընդունած իրաւական գործողութիւնները։

            Սահմանադրութիւնները՝ որպէս պետութեան գրուած հիմնական օրէնք, նոր ժամանակաշրջանի երեւոյթ է։ Այդպիսի առաջին սահմանադրութիւնը ԱՄՆ-ի 1787 թուականի սահմանադրութիւնն է, որ կը գործէ մինչեւ օրս, աւելի քան 200 տարուան ընթացքին կատարուած շարք մը փոփոխութիւններով։ Եւրոպայի մէջ առաջին սահմանադրութիւնները ընդունուած են 1791 թուականին, նախ՝ Լեհաստանի, այնուհետեւ՝ Ֆրանսայի մէջ։ Հնդկաստանի սահմանադրութիւնը աշխարհի ինքնիշխան պետութիւններու գրաւոր սահմանադրութիւններէն ամենածաւալունն է, որ ունի 448 յօդուած, մինչդեռ ԱՄՆ-ի սահմանադրութիւնը ամենակարճն է՝ 7 յօդուածով եւ 27 փոփոխութիւններով ու լրացումներով։ Սահմանադրութեան կը նախորդէ քաղաքական պատմութիւնը եւ անոր կու տայ պարագայական օրինականութիւն, ինչպէս նաեւ հեղինակութեան մշտականութիւն։

            Սահմանադրութիւնը պետութեան իրաւունքի ամբողջ համակարգի կանոններուն նկատմամբ ունի իրաւական բարձրագոյն ուժ։ Այսինքն՝ անիկա կը հանդիսանայ օրէնսդրական համակարգի հիմքը։ Սահմանադրական կարգերը պարտադիր են բոլորին համար։ Պետական իշխանութիւնը կ’իրականացուի սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն համապատասխան՝ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բաժանման եւ հաւասարակշռութեան հիման վրայ։ Այլ իրաւական գործողութիւններ պէտք է համապատասխանեն սահմանադրութեան եւ հիմնական օրէնքներուն։

            Սահմանադրութիւնը ունի ոչ միայն իրաւական, այլ նաեւ քաղաքական կարեւոր նշանակութիւն՝ հանդիսանալով պետութեան բարձրագոյն փաստաթուղթը։ Երկրի քաղաքական կեանքի առաջնային մասնակիցներէն են կուսակցութիւնները։ Անոնց գործունէութիւնը չի կրնար հակասել սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն։ Իշխանութեան իւրացումը որեւէ կազմակերպութեան եւ անհատի կողմէ յանցագործութիւն է։ Սահմանադրութիւնը նաեւ արժէքաբանական-գաղափարական փաստաթուղթ է, որ կը սահմանէ հասարակութեան կազմակերպման ամենահիմնական սկզբունքները։

 

*     *     *

Հայկական իրականութեան մէջ

 

            Հայկական իրականութեան մէջ կ’առանձնանայ 5-րդ դարուն Վաչագան թագաւորի նախաձեռնութեամբ ընդունուած «Կանոնական սահմանադրութիւնը»։ Վաչագանը Նաւարսակի 484 թուականի պայմանագիրէն ետք Արցախ-Ուտիք իշխանութիւնը հռչակած էր որպէս թագաւորութիւն, որ ճանչցուած էր Պարսկաստանի կողմէ։ Այդուհանդերձ, կանոնական սահմանադրութիւնը հիմնականօրէն հոգեւոր կեանքի յարաբերութիւնները կը սահմանէր։

            Հայոց պատմութեան մէջ սահմանադրութեան նախագծման ամենահամարձակ փորձերէն է 18-րդ դարուն Հայաստանի ազատագրութեան Մատրասի խմբակի, մանաւանդ Շահամիր Շահամիրեանի կողմէ շարադրուած «Որոգայթ փառացը», որ միաժամանակ ե՛ւ Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիր էր, ե՛ւ ապագայ անկախ Հայաստանի սահմանադրութեան նախագիծը։ «Որոգայթ փառացը» ամբողջութեամբ հիմնուած էր ժամանակի արեւմտա-եւրոպական լուսաւորական գաղափարներու վրայ։ Հրատարակուած է Մատրասի մէջ Շահամիր Շահամիրեանի որդիին՝ Յակոբի անունով 1788-89-ին, թէեւ տիտղոսաթերթին մէջ նշուած է 1773 թուական։ Ինչպէս 17-18-րդ դարերուն նախաձեռնուած՝ Հայաստանի ազատագրութեան շարք մը փորձերը, այնպէս ալ Մատրասի խմբակի ծրագիրն ու «Որոգայթ փառացը» մնացին անկատար։

            Սեփական իրաւական համակարգ եւ, առաջին հերթին, սահմանադրութիւն ունենալու իրական նախադրեալներ ստեղծուեցան 1918 թուականին՝ Արեւելեան Հայաստանի անկախացումով, սակայն անկախութեան երկուքուկէս տարին բաւարար չէր ծանր իրավիճակի մէջ գտնուող պետութեան համար սեփական սահմանադրութիւն մշակելը եւ ընդունիլը։

            1920-ին Հայաստանի խորհրդայնացումէն, ապա նաեւ 1922-ին ԽՍՀՄ ստեղծումէն ետք, հայկական իրաւական համակարգը ամբողջութեամբ դարձաւ Խորհրդային միութեան համակարգի անբաժան մասը։ Խորհրդային շուրջ 70-ամեայ պատմութեան ընթացքին Հայաստանը ունեցաւ երեք սահմանադրութիւն՝ ԽՍՀՄ 1924-ի, 1936-ի եւ 1977-ի սահմանադրութիւններուն հիման վրայ։

            1991 թուականին Հայաստանի անկախութեան վերականգնումով անխուսափելի դարձաւ նոր սահմանադրութեան ընդունումը։ Անիկա ընդունուեցաւ 1995-ի Յուլիս 5-ին համաժողովրդական հանրաքուէով։ Սահմանադրութիւնը ամրագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան բնոյթը՝ որպէս ինքնիշխան, ժողովրդավարական, իրաւական եւ ընկերային պետութիւն, հռչակեց մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, սահմանեց Հանրապետութեան կառավարման ձեւը՝ հիմնուած օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու տարանջատման սկզբունքի վրայ։ Սահմանադրութեամբ ձեւաւորուեցաւ կիսանախագահական կառավարման ձեւ՝ պետութեան գլուխին՝ Հանրապետութեան նախագահին վերապահուած լայն լիազօրութիւններով։

            2001 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը Եւրոպայի խորհուրդին անհրաժեշտութիւն յառաջացուց որոշ փոփոխութիւններ մտցնելու սահմանադրութեան մէջ։ Սակայն 2003-ին հանրաքուէի դրուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն նախագիծը չընդունուեցաւ։ Փոփոխութիւններուն յաջորդ նախագիծը հանրաքուէի դրուեցաւ 2005-ի Նոյեմբեր 27-ին եւ ընդունուեցաւ։ Այդ փոփոխութիւններով նշանակալիօրէն կրճատուեցան նախագահի լիազօրութիւնները, իսկ Ազգային ժողովի դերը ընդլայնուեցաւ։ Այսպէս, նախագահը պարտաւոր էր վարչապետ նշանակել Ազգային ժողովի մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող անձի՝ պատգամաւորական խմբակցութիւններու հետ խորհրդակցութիւններու հիման վրայ։ Ուրիշ կարեւոր փոփոխութիւն էր նախագահի լիազօրութիւնը սահմանելը՝ արձակելու Ազգային ժողովը, էապէս փոխուեցաւ արդարադատական խորհուրդի կազմաւորման կարգը, ու սահմանադրական դատարան դիմելու իրաւունք ունեցող անձանց շրջանակը ընդլայնուեցաւ։

            Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ սահմանադրութիւնը ընդունուած է 2015 թուականի Դեկտեմբեր 6-ին հանրաքուէով։ Ունի 9 գլուխ եւ 117 յօդուած։ Անով հիմնովին փոխուեցաւ երկրի կառավարման կարգը՝ նախագահական վարչակարգէն անցում կատարելով խորհրդարանականի։ Գործադիր իշխանութեան առաջին դէմքը կը համարուի վարչապետը, իսկ նախագահի լիազօրութիւնները կտրուկ սահմանափակուեցան։ Հանրաքուէէն ետք բազմաթիւ ընդդիմախօսներ հանրաքուէի արդիւնքները կեղծուած համարեցին՝ նշելով, որ ընդունուած սահմանադրութիւնը օրինական չէ։

 

*     *     *

            Հայաստանի երրորդ Հանրապետութիւնը՝ անկախութենէն մինչ այսօր, մօտ 27 տարուան ընթացքին ունեցած է երեք սահմանադրութիւն։ Օրուան իշխանութիւնը Հայաստանի վարչակարգը խորհրդարանական դարձնելու անհրաժեշտութիւնը կը հիմնաւորէր ի հետեւումն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան խորացման։ Այստեղ կարեւոր է յիշել, որ խորհրդարանական վարչակարգի կարեւոր նախադրեալներէն է ԻՐԱԿԱՆ կուսակցութիւններու գոյութիւնը երկրին մէջ եւ այդ կուսակցութիւններու միջեւ քաղաքական ԻՐԱԿԱՆ պայքարը, որուն հիմքը պիտի ըլլայ գաղափարախօսութիւնը։ Այս առումով գոհացուցիչ պատկեր չի պարզեր Հայաստանը։ Կուսակցութիւնները Հայաստանի մէջ առաւելաբար կը ձեւաւորուին անձերու շուրջ, կամ ալ կը ստեղծուին քաղաքական փխրուն դաշինքներ, որոնք նոյն արագութեամբ կ’անհետանան։ Հետեւաբար, կան հիմքեր պնդելու, որ Հայաստանը իր քաղաքական ու հասարակական ներկայ իրավիճակով ու ժողովրդավարութեան ընկալման մակարդակով հեռու է խորհրդարանական ԻՐԱԿԱՆ վարչակարգ ունենալէ։ Բայց օրինական այդ անցումը արդէն կատարուած է։ Իսկ ներկայ պահուն կան առաջարկներ, այս անգամ ալ նոր իրադրութիւններու լոյսի ներքոյ, Հայաստանի համար մշակել նոր սահմանադրութիւն։ Այս հարցին անդրադարձաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

            Հիմնական օրէնքները/ սահմանադրութիւնները իրենց բնոյթով համապարփակ են: Անոնք պիտի սահմանեն ու երաշխաւորեն պետութեան եւ քաղաքացիական հիմնական իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։ Ընդունինք, որ որեւէ պետութեան հիմնական օրէնքները չեն կրնար վերատեսութեան ենթարկուիլ քաղաքական պահի ազդեցութեամբ։ Այդ օրէնքները յարաբերաբար կայուն են։ Հիմնական օրէնքները կը փոխուին կամ վերատեսութեան կ’ենթարկուին փորձնական բովէն անցնելէ ետք զգացուած անհրաժեշտութեամբ, կամ շարադրուածը այնքան ճիշդ եւ ընդգրկուն է, որ անհրաժեշտութիւն չի յառաջանար հիմնական վերատեսութեան ենթարկել զայն․ այդպիսին է ԱՄՆ-ի սահմանադրութիւնը։

            Իմ անձնական կարծիքս է, որ քաղաքական դաշտը Հայաստանի մէջ ունի յստականալու եւ որոշակի դառնալու կարիք։ Այսօրուան իշխանութիւնը վաղը կրնայ իր տեղը փոխել ընդդիմութեան հետ։ Ի հարկէ, ատիկա կը պատահի բոլոր երկիրներուն մէջ, յատկապէս այն երկիրներուն, ուր խորացած է ժողովրդավարութիւնը։ Իսկ պատմութիւնը կը վկայէ, որ հրապարակին վրայ ձեւաւորուած իշխանութիւնը կրնայ նոյն արագութեամբ վար բերուիլ։ Հայոց մօտ այդ փաստը կայ ոչ շատ հեռու անցեալին՝ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրինակով։ Վերադառնանք մեր նիւթին. Հայաստանի վարչապետը նշեց, որ ՀԻՄԱ Հայաստանի մէջ կայ քաղաքական նոր իրավիճակ, ու այդ մէկը կ’ենթադրէ ունենալ նոր սահմանադրութիւն։ Իսկ վաղը՞… Ամէն օր եւ ամէն պահ մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուող մեր տարածաշրջանին ներկայ ու ապագայ զարգացումնե՞րը… Այս բոլորը այն հարցերն են, զորս կարեւոր է ամենայն ճշգրտութեամբ քննարկել, եւ ոչ միայն նոր սահմանադրութիւն ունենալու օրակարգով։

            Քաղաքական զարգացումներն ու փոփոխութիւնները առաջին հերթին գաղափարական եւ գաղափարախօսական են։ Այսինքն՝ անոնց հիմքը կը հանդիսանայ գաղափարը եւ նոր արժէքներու համակարգը։ Թէ խորքային ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է հայ հասարակութեան մօտ, ատիկա առանձին նիւթ է։ Բայց որ Հայաստանի մէջ դեռ յստակ ձեւաւորուած չէ քաղաքական դաշտը, որուն հիմքին պիտի ըլլայ գաղափարախօսութիւնը, կը վկայէ, որ Հայաստանը երկար ճամբայ ունի անցնելու ԻՐԱԿԱՆ ժողովրդավարութեան հասնելու համար։ Անմիջապէս նշեմ, որ կան անհատ մտաւորականներու առանձին միտքեր, որոնք մինչեւ հիմա համընդհանուր հաւանութեան չեն արժանացած, իսկ հրապարակը չի կրնար ըլլալ միտքերու ազատ արտայայտութեան եւ գաղափարներ ու տարբեր հարցեր քննարկելու տեղ։ Ազգի կողմէ նաեւ պիտի մերժուին բոլոր այն միտքերը, որոնք կապ չունին ազգայինին ու հեռու են ազգային արժեհամակարգէն։

            Հուսկ, հաստատելով, որ Հայաստանի մէջ կայ անհրաժեշտութիւն նոր սահմանադրութիւն ունենալու՝ կարեւոր է անպայման նկատի ունենալ, որ անիկա իր բնոյթով ոչ թէ պիտի ձեւակերպուի պահի անհրաժեշտութեան բերումով, կամ ըլլայ անձի ու այս կամ այն խմբակցութեան շահերը ամրագրելու միտումով, այլ նոր սահմանադրութիւնը իրապէս պիտի դառնայ ամբողջ պետութեան հիմնական եւ ընդհանուր օրէնքը՝ ունենալով իրաւաբանական բարձրագոյն ուժ։ Անիկա իրապէս պիտի ըլլայ արժէքաբանական-գաղափարական փաստաթուղթ։ Այդպիսի սահմանադրութիւն մը կազմելու համար ժամանակ պէտք է․ շտապելու կարիք չկայ։ Գործընթացը պիտի ըլլայ թափանցիկ, եւ քննարկումներուն պիտի մասնակցին բոլոր շահագրգիռ կողմերը, մտաւորականները, իրաւաբաններ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն։ Ի վերջոյ, իր վճռորոշ խօսքը կ’ըսէ ժողովուրդը իր քուէով։

Եւ ուրիշ կարեւոր հարց մըն ալ. նոր սահմանադրութիւնը պիտի կազմուի ոչ թէ ուրիշ պետութիւններու սահմանադրութիւնները կրկնօրինակելով ու անոնց մասնակի փոփոխութիւններով, այլ պէտք է ըլլայ հայութեան ազգային արժեհամակարգի բաղադրիչներով՝ հայ ազգի ընկալումներուն եւ նպատակներուն համապատասխան։ Այլապէս որեւէ այլ սահմանադրութիւն կ’ունենայ ժամանակաւոր կիրարկութիւն ու անընդհատ կը փոխուի պահի ազդեցութեամբ կամ նեղ, հատուածական շահերու նկատառումով։

 

 

*) Տեղեկութիւնները համացանցային տարբեր կայքերէ

 

Նոր Հայաստանը Չիրականացուած Երազանքներու Ճանապարհին

0
People celebrate after Armenian Prime Minister Serzh Sarksyan resigned following almost two weeks of mass street protests, in central Yerevan, Armenia April 23, 2018. REUTERS/Vahram Baghdasaryan/Photolure - UP1EE4N1DRNMZ

ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ

 

                                                «Թէ ուզում ես երգդ լսեն, ժամանակիդ շունչը դարձիր»

                                                                                       Ե Չարենց

«ԶԱՐԹՕՆՔ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Չի շղթայուի մարդու ոգին ո՝չ մի կապով արտաքին, եթէ դարի, ժամանակի զրահ ունի իր հագին․․․»:

Չարենցի վերոյիշեալ իմաստաւոր խօսքը կարճ ու սեղմ բառերով կ’արտայայտէ հայ կեանքի հասարակական-քաղաքական իրադարձութիւններու ոգին եւ միաժամանակ  շրջանակուած պատկերը մեր նոր ու նորագոյն շրջանի պատմութեան։

Այդ կը նշանակէ, թէ ժամանակի զգացողութիւնը ոչ միայն  կենսաբանական իմաստ ունի, այլեւ պատմական ժամանակի իմաստ։ Ի՞նչ եղած է ժամանակին, ի՞նչ պատահած է հայրենիքին հետ։ Այս առումով, կայ ժամանակի տարբեր  ընկալում։ Մէկը՝ այդ  ժամանակի այն օրուան փառքն է, պղպջակներու վրայ հիմնուած ճամբան է, որ մէկ օրէն միւսը փրփուրի պէս օդին մէջ կը ցնդի։ Միւսը՝ իր ժամանակին եւ իր օրերուն անկաշկանդ ու անխարդախ վկան է, որուն խօսքը  կ’ապրի հետագայ տասնամեակներու եւ հարիւրամեակներու մէջ։

Ի՜նչ տուին անկախութեան անցնող տասնամեակները  հայրենի ժողովուրդին, եթէ ոչ ծանր մորմոք, թախիծ ու  հոգեկան անկում։

Ժողովուրդ, որ 1991-ին միասնական եւ միահամուռ ձայնով «այո՛» ըսաւ իր անկախութեան՝ կեանքի կոչելով Հայաստանի անկախ պետութիւնը: Հռչակուած անկախութիւնը դիմաւորեց մեծ յոյսերով ու երազներով, բայց տասնամեակ մը հազիւ  բոլորած՝ յուսախաբութեան ալիքներ բարձրացան Հայաստանի տարածքին, երբ մութին մէջ կը գործէին օտար ուժերը։

Այդ տարիներուն, սփիւռքահայուն յատուկ մեր զգացական  հայրենասիրութիւնը միշտ հակամէտ էր թերութիւնները սովորական եւ անցողիկ համարելու։ Անկախացած Հայաստանը նոր կը յայտնուէր քաղաքական միջազգային ասպարէզ։ Ժամանակի կարիք ունէր ինքզինք գտնելու, իւրացնելու պետական մտածողութիւնը, քաղաքական հասարակական ճիշդ ուղեգիծ որդեգրելու։

Սակայն յաջորդ տասնամեակներուն, դիրքի ու պաշտօնի  չարաշահումները երկիրը դարձուցին դրամատիրական նորայայտ կեղեքումներու ազատ ասպարէզ։

Օրէնքը կախեալ էր իշխանութեան տրամադրութենէն։ Կը գործադրուէր ըստ իշխանաւորի ցանկութեան, այնպէս ինչպէս ժամանակին խալիֆան եղած էր բացարձակ իշխանութիւն, որուն կամքը ունեցած է օրէնքի ուժ։ Երկրին մէջ մարդիկ  բաժնուած էին երկու դասակարգի՝ կառավարող եւ կառավարուողներ, տիրապետող եւ տիրապետուող ազգեր։ Ցաւալին այն է, որ այս անգամ օտարը չէ մեր երկիրը կեղեքողը, օտարը չէ աւերին պատճառը, այլ հայրենիքի պաշտպանները՝ «հերոսացուած» անձինք։

Անոնք, որ կոչուած էին ապահովելու երկրին կայունացումը եւ հաստատելու օրէնքի գերակայութեամբ գործող իշխանութիւն։

Հողին լեզուէն չհասկցող մարդիկ ի գործ դրին մարդկութեան մեքենան՝ նախ խեղճացնելով մարդկանց, յետոյ նուաստացնելով։ Իսկ եթէ պէտք էր դժգոհութեան ձայնը լռեցնել, անոնց դէմ ուղղեցին զրպարտիչ մեղադրանքներ՝ զիրենք  խոշտանգելու կամ մահուան դատապարտելու մութին մէջ։

Ինչո՞ւ կը մոռնանք, որ պատմութեան մէջ ամէն բռնապետութիւն ու կայսրութիւն անխուսափելիօրէն  դատապարտուած է կործանման։ Տեսական այս դրոյթը  հիմնաւորուած է պատմական այն դատողութեամբ, որ ամէն բռնապետութիւն ու կայսրութիւն իր ճգնաժամային պահերուն փլուզուած է ժողովուրդին ազգային ազատագրական  շարժումներու հարուածներուն տակ։

Նման յաղթանակի հասած իւրաքանչիւր ժողովուրդ այդ օրը կը համարէ իր պատմութեան ամենահերոսական էջը։ Հայաստանի ժողովրդական յեղափոխութեան յաղթանակը այսպիսի հերոսական նոր էջ մը արձանագրեց Հայոց պատմութեան մէջ։

Հայրենի ժողովուրդին տարիներով լուռ մնացած մտքերը, նուիրականացած ձգտումներն ու անհանգիստ ապրումները յանկարծ ժայթքեցան։

Ցաւալի կեղեքումներու եւ չարաշահումներու ենթարկուած մարդիկ պոռթկացին, յուզուեցան, զայրացան, հիացան ու հերոսացան՝ ձեռք բերելու իրենց յեղափոխութեան յաղթանակը։

Երկրի ղեկը տրուեցաւ անարդարութեան դէմ մարտնչող, բանտի խուցերուն մէջ առնականացած իսկական հերոսին, քաջարի ու անվեհեր առաջնորդին՝ Նիկոլ Փաշինեանին։

Ան որ իր յանդուգն ելոյթներով, իր անկեղծ խօսքերով ու  գաղափարներով կը պաշտպանէր ժողովուրդին շահերը։ Վսեմ  գաղափարի տէր մարդն է, որ կը գիտակցի, թէ մարդկային ու հանրային խաթարուած յարաբերութիւններու մէջ, աւերուած երկրին մէջ պահանջները հասած են նուազագոյնին։

Եթէ մարդկային հասարակութեան մէջ ամենամեծ  բարոյականութիւնը ազատութիւնն է, մարդուն նկարագիրն է, ապա բնական է, որ ազնիւ նկարագրով մարդը չի հանդուրժեր դիմակով քողարկուած մարդոց խօսքերը։

Երկար տարիներու իր պայքարին մէջ Փաշինեանը երբեք դիմակ չօգտագործեց, երբ իր շուրջը դիմակաւորուած մարդիկ շատ էին, որոնք պայմանաւորուած էին ոչ միայն ժամանակի  թելադրանքով, այլեւ իրենց բնոյթով, իրենց բուն խառնուածքով։

Անոնք տեսլականներով տարբեր են։ Ազնիւ մարդը չի կրնար  հաշտուիլ կեղծիքի եւ թաքուն բռնարարքներու հետ, կարիք չունի դիմակ օգտագործելու։

Ինքը՝ Փաշինեանը, այն է, ինչ կար։ Բաց ու անկեղծ է իր ժամանակին առջեւ։ Նոյն մարդն է, ինչպէս կեանքին, այնպէս ալ  քաղաքականութեան մէջ։ Մէկը, որ խոր հաւատքով ու    համոզումով կը հաստատէ իր ծրագիրը։ Այն ինչ կ’ապացուցէ, որ իր հոգիին բոլոր  թելերով կապուած է իր հայրենիքի ներկային ու ապագային։ Որովհետեւ ինքը նախ մարդ է ու քաղաքացի, ամբողջական հայն է, որ ունի երազներ ու ծրագիրներ։

Փաշինեանի բացառիկութիւնը կը բնութագրուի իր մարդկային նկարագիրով, հոգեբանական կերտուածքով եւ մտածողութեան բնոյթով։

Նկարագիրը եւ քաղաքական հասունացումը չէ  պայմանաւորուած դափնիներու քանակով, ոչ ալ  տիտղոսներով։

Փաշինեանը ունի տեսլական, կ’ընթանայ գալիքի տեսիլքով,  նոր երազներու ճամբուն վրայ…

 

Եզրայանգում

Հայրենի հողը ունի իր տարերային թափը եւ ծանրակշիռ կարողութիւնը:

Հայ ժողովուրդին իղձերն ու երազները կրնա՞ն դառնալ իրականութիւն։

Եթէ հայրենի հողը լի է անցեալի փառքով, կառուցուած  քաղաքներու, բերդերու եւ տաճարներու յիշատակներով։

Եթէ հայրենի հողը մինչեւ այսօր իր ընդերքին մէջ պահած է հայ ժողովուրդի պատմութեան յեղաշրջուող ժամանակներու ուժեղ ոգին, ազգային երազներու եւ ձգտումներու հեռահաս  տեսիլքներ։

Հայրենի հողը լի է չիրականացուած երազանքներով։            

Միթէ արեւին տակ կա՞յ թիզ մը հող, որ հերկած ու շէնցուցած  չըլլան մեր նախնիները։

Հետեւաբար իրաւունք չունինք չհաւատալու, որ հայրենի հողը ունի իր տարերային թափը բացայայտելու կատարուած իրողութիւններ ու արարքներ։

Եւ ունի իր ծանրակշիռ կարողութիւնը նոր հուն բանալու հայ ժողովուրդի հանրային քաղաքացիական կեանքին մէջ։ 

Հոն ուր պէտք է իշխէ բնութեան օրէնքը՝ արդարութիւնը։

Այդ հունն է, որ կը բանայ ճամբան քաղաքակրթութեան,  որ կը կոչուի մարդկութիւն։ Այդ հունն է, որ կ’ընթանայ դէպի ապագայ։

Հայրենի հողը կը տրուի հողի լեզուէն հասկցող ժողովուրդին եւ անշահախնդիր քաղաքական գործիչներու, անբասիր հայրենասէրներու, որոնք պատրաստ են անձնուրաց  զոհաբերութեամբ ծառայելու իրենց հայրենիքին

Այս օրերուն ցնցող բացայայտումները տխուր պատկերը կը ներկայացնեն անցնող տասնամեակներուն կատարուած չարաշահումներուն։ Նման չարաշահումներ կան քիչ մը ամէն տեղ։ Սակայն մեր սխալները այնքան շատ են, որ  ձեռքբերումները կը մնան անտեսանելի:

Ի՞նչպէս բացատրել բռնութիւն ու չարաշահում հայրենիքիդ ու ժողովուրդիդ դէմ։

Չենք ուզեր հաւատալ, որովհետեւ այդ չէ մեր հաւատքը  հայրենիքի հանդէպ։

«Հայաստան՝ սրբութիւն սրբոց» մեր հաւատամքը մեր արեան մէջ կը խլրտայ մանկութեան օրերէն։

Որքան դառն է իրականութիւնը, երբ օրէ-օր կը բացայայտուին նոր ու դառն ճշմարտութիւններ։

Դժուար է հաւատալ, որ այսօր կ’այլափոխուի դարերու ծանր տառապանքներով յարատեւած ժողովուրդի մը պատկերը։

Ժողովուրդ, որ նոյնիսկ բռնակալներու լուծին տակ եղած է ինքնիշխան, նոյնիսկ իր պարտութիւնը եղած է յաղթանակ։ Իր  գոյերթը միշտ եղած է յաղթական՝ իր սեպուհ  նկարագիրով եւ  մարտունակ ոգիով։

Այո՛, մենք այն ժողովուրդն ենք, որ գոյատեւման պայքարով կրցած է կերտել իր պատմութիւնը։ Ժողովուրդ, որ ունի տեսլական եւ կը ձգտի իրականացնել իր սրբազան առաքելութիւնը՝ ապրելու ու գոյատեւելու որպէս քաղաքակիրթ ազգ եւ ժողովուրդ։

Այսօր պատմական նոր ժամանակաշրջան մը թեւակոխած է հայրենի ժողովուրդը, որ կը պահանջէ վստահութիւն իշխանութիւններու եւ ապագայի նկատմամբ։

Նոր իշխանութիւնը պէտք է ներշնչէ այդ վստահութիւնը, որպէսզի չկրկնուին տխուր երեւոյթները եւ լսելի դառնայ հանրութեան ձայնը։ Իշխանութիւնը պատասխանատուութիւն է, խորութեամբ պէտք է հասկնալ այդ պատասխանատուութիւնը։

Այս բոլորին համար հարկաւոր են տիտանական ջանքեր՝ մեծ հաւատքով, նուիրումով ու փոխըմբռնման վստահութեամբ գործելու։

Հողի լեզուէն հասկցող մարդիկ պէտք են։ Անոնք որոնք կը հաւատան, թէ հայրենի հողը ունի իր տարերային թափն ու ծանրակշիռ կարողութիւնը նոր արշալոյս մը բանալու հայոց հայրենիքին երկնակամարին վրայ։ Որպէսզի հայ ժողովուրդին  չիրականացուած երազները դառնան իրականութիւն։

Հայ բանաստեղծին խօսքերը այսօր կը հնչեն որպէս   պատգամ՝ «Ո՜վ գալիքի երգասաններ, չմոռնաք որ դուք պիտի  սերմեր ցանէք․․․ յանուն գալիք օրուայ․․․»:

 

Հալէպ

Հայրենի Անկախ Պետականութեան Դժուարին Ճանապարհորդութիւնը

0

ՀՀ Անկախութեան 27-րդ Տարեդարձին Առիթով

 

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

 

            «ԶԱՐԹՕՆՔ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Անկախ եւ ինքնիշխան պետականութեան մը իրագործումը, անկասկած, բոլոր ազգերու համար եղած է վարդագոյն երազ մը: Հայ ժողովուրդին պարագային՝ բազմադարեան մղձաւանջ մը, որուն ընդունելի միակ ելքը հանդիսացեր էին 1918-ի Սարդարապատի յաղթական ճակատամարտը եւ Արեւելահայաստանի մէջ հիմնուած յաջորդական երեք հանրապետութիւնները:

            Արդարեւ, անկախութիւնը այսքա՛ն ցանկալի ԵՐԱԶ է ոեւէ ժողովուրդի, որուն տիրանալու համար կ’արժէ ընծայաբերել ամէն թանկարժէք «ունեցուածք»: Ու հայութիւնն ամբողջ անցնող հարիւրամեակին զոհեց «աշխարհ»-ին իր լաւագոյնը, որպէսզի կարենայ պահել իր յարաբերական «անկախութիւն»-ը:

            Ժամանակակից մեր պատմութեան մէջ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան իւրաքանչիւր տարեդարձին ազգովին հպարտացանք մեզ խանդավառող իրագործումներով ու շահուած յաղթանակներով, բայց չանտեսեցինք նաեւ այն  դասերը, զորս պէտք է քաղէինք մեր պարտութիւններէն: Սփիւռքահայ մեր սերունդը, ներկայիս, աւելի քան երբեք կը հաւատայ առարկայական ճշմարտութեան՝ ստուգատեսի իրաւասութիւններով, քան թէ  կ’առաջնորդուի երբեմնի «ազգային սնապարծութեան» երազախաբութեամբ:

            Այս հանգրուանին բոլորս ալ հրաւիրուած ենք ներկայանալու Գ. Հանրապետութեան 27-րդ դասապահին՝ նախորդ տարիներու վերաքաղով եւ գալիք տարիներու նոր տեսլականներով:

            Ուրախացանք ազգովին եւ առանց վերապահութեան, երբ տակաւին նորանկախ պետութիւն, ունեցանք հռչակագիր եւ սահմանադրութիւն, ազգային բանակաշինութիւն եւ մեր սահմաններուն անձեռնմխելիութիւն, յատկապէս միջազգային ատեաններուն մէջ մեզի շնորհուած քաղաքական եւ իրաւական սահմանումներով:

            Արցախի իրողական ազատագրումն ու ինքնակառավարումը, մեր յաղթական երթին շարունակութիւնն է:

            Ի՞նչպէս յաղթահարել մեր սահմանակից հարեւան թուրք եւ ազերի վոհմակներուն բնազդային ախորժակներն ու ոտնձգութիւնները: Միջազգային բարձրակարգ դիւանագիտութեան նուրբ խաղաքարտերո՞վ, թէ ռազմական մեր «գերարդիական զինանոցներով»: Երբ նորօրեայ «Աննիբալ»-ը մեր «Կարգեդոն»-ի դռներու սեմին կանգնած է իր արիւնռուշտ կերպարանքով, հայութեան բոլոր հատուածներուն համար առաջնահերթը մեր հողերուն անվտանգութիւնն է: Վարչակարգերը անցողիկ են: Մնայունը ՀՈՂն է հայրենի՝ իբրեւ սրբութիւն սրբոց:

            Պարտադիր պայմաններու հրամայականներով աւելի քան 10 միլիոն ժողովուրդը դատապարտուած է ապրելու հայրենիքի մէջ իր մէկ-քառորդ թուաքանակով, իսկ մնացեալը արտերկիր՝ իր մերձակայ թէ հեռակայ գաղութներով:

            Մինչ սփիւռքահայութիւնը ամենայն անկեղծութեամբ կ’ըլլար մասնակից հայրենիքի ցնծալից յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն, սակայն զուգահեռաբար ներհայաստանեան քաղաքական եւ ընկերային առօրեայ կեանքին մէջ քառորդ դարէ ի վեր, հայրենիքը եղաւ թատերաբեմ իշխանաւոր դասակարգի բարոյական թէ ֆիզիքական ճնշումներու հետեւանքով տեղի ունեցած ժողովրդային անհանդուրժելի ընդվզումներուն եւ ընդհատումներուն: Երկար է շարքը, սակայն կարելի է յիշատակել ու դիտարկել միայն տեսանելի մասը այն սառցալերան, որ սառուցիչ ովկիանոսի մէկ ծայրամասին մէջ գոյութիւն ունի, եւ ջուրի մակարդակէն վար գտնուող մասը մեր մարդկային աչքերուն կը մնայ անտեսանելի ու խորհրդաւոր:

            Ահաւասիկ այս հարցումները, որոնք կը չարչրկեն սփիւռքահայ ԽՈՐՀՈՂ մարդուն միտքն ու հոգին.

  1. Անկախութեան առաջին տարիներուն սկիզբ առած բազմատեսակ «գոյք»-երուն դէպի արտերկիր վաճառքը եւ հետագային ծնունդը նորաբոյս հարուստներու, կազմեցին Հայաստան աշխարհին նորաստեղծ աւատապետերու խմբակը:
  2. Պետութեան պատկանող կալուածներու արագօրէն կազմակերպուած սեփականաշնորհումն ու աժան վաճառքը… մենաշնորհեալներու: Սկիզբ անյագուրդ ընչաքաղցութեան:
  3. Արտագաղթը՝ իբրեւ սպիտակ արիւնահոսութիւն, երբ անցնող 25-ամեակին հայրենիքը լքեցին շուրջ մէկուկէս միլիոն հայեր: Երեւոյթ մը, որ բարենպաստ պայմաններու ընձեռումով կարելի պիտի ըլլար գոնէ կասեցումը հակահայ այս վտանգաւոր իրողութեան:
  4. Քաղաքական դիրքաւորումներ, հետապնդումներ եւ սպանութիւններ՝ իշխանութեան կողմէ դեռեւս մնացած անպատժելի իբրեւ թղթաբանութիւն:
  5. 1999 Հոկտեմբեր 27-ի քստմնելի ոճիրին գործադրութիւնը եւ ցարդ անկատար մնացած անոր ամբողջական բացայայտումն ու դատապարտութիւնը (թիւով 8 մեծանուն զոհեր):
  6. 2008 Մարտ 1-ի հանրածանօթ ողբերգութիւնը: Զոհերու թիւը՝ 10 հայ: Դատապարտում եւ արդարադատ բացայայտումներ:
  7. Մենաշնորհեալներու դղեակներուն եւ առանձնատուներուն կառուցումի փոխարժէքով արդիականացնել ազգային բանակին ռազմական կարելիութիւնները, որպէսզի անխոցելի դառնան մեր սահմանները:
  8. ՀՀ կուտակուած արտաքին պարտքերու գումարը վճարել՝ յատուկ կարգադրութեամբ մը բանակցելով անոնց հետ, որոնք 2006-2016 Հայաստանէն հակաօրինական ձեւերով արտահանեցին 9 միլիառ 830 միլիոն տոլար՝ զանոնք տեղաւորելով արտասահմանի դրամատուներէ ներս (Տե՛ս Global Financial Integrity Report 2017):
  9. Բացառիկ հոգատարութիւն Երեւանէն դուրս գտնուող բոլոր մարզերու եւ գիւղերու՝ ժամանակակից դարու կենցաղային եւ տարրական պայմաններու յարգումով:
  10. Արեւաշող հայրենիք մը ունինք, ուր կրնանք լաւապէս օգտուիլ արեգակնային դրութեամբ վահանակներ զետեղել շէնքերու տանիքներուն վրայ կամ այլ բարձրադիր վայրեր ու մեղմացնել ելեկտրական հոսանքներու համար պարտադիր ծախսերը:

 

Սառցալերան (Icerberg) անտեսանելի մասին մէջ կը գտնուին ահաւոր բացթողումներ ու թերացումներ: Մեր նպատակն է իբրեւ սփիւռքահայ գրող մատնանշել ու հետապնդել առաջնահերթ հարցադրումները, սրբագրել տալ զանոնք եւ ապա անցնիլ յաջորդ տասնեակին:   

Հայաստան 27. Արտաքին Քաղաքականութիւն

0

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան

 

«ԶԱՐԹՕՆՔ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կարելի է պնդել, թէ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ՝ Տոնըլտ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալէն ետք իր կատարած քայլերուն եւ առած որոշումներուն խնդրով աշխարհը ամէնէն շատ կը հետաքրքրուի-կը խօսի արտաքին քաղաքականութեան մէջ իր ձեռնարկումներուն մասին: Չեմ ակնարկեր տնտեսութեան առումով իր որդեգրած ուղիներուն, որովհետեւ տնտեսութիւնն ու քաղաքականութիւնը պորտային փոխադարձ, բազմապիսի եւ անբաժանելի կապերով հանգուցուած են իրարու:

Այո՛, արտաքին քաղաքականութիւնը, որովհետեւ արտասահմանին ամէնէն շատ կը հետաքրքրէ ասիկա, քանի որ ասոր հետեւանքները կոհակային  դրութեամբ թէ ուղղակիօրէն կ’ազդեն աշխարհի միւս բոլոր երկիրներուն:

Նոյնն է պարագան բոլոր միւս մեծ թէ շրջանային պետութիւններուն:

Արտաքին քաղաքականութեան շնորհիւ է որ այս պետութիւնները իրենց դիրքերը կը հաստատեն, կը զօրացնեն, կը բարեփոխեն եւ կ’ազդեն աշխարհի քաղաքատնտեսական եւ մշակութաընկերաբանական զարգացումներուն վրայ:

Հասկնալի է, ասոնք միակ ազդակներն ու գործօնները չեն, այդուհանդերձ մեծ եւ յաճախ «անփոխարինելի» է անոնց դերը՝ ըստ պարագաներու:

Կովկասի երեք ժողովուրդներուն եւ անոնց պետութիւններուն՝ ազերիներուն, հայերուն եւ վրացիներուն, ներառեալ Թուրքիոյ՝ Ա. համաշխարհայինէն իվեր արձանագրուող պատմութեան արագ ակնարկ մը կը հաստատէ որ վերը ըսուածը կիրառելի է ոչ-մեծ պետութիւններու եւս, փոքր եւ շատ կարեւոր յաւելուածով մը: Այդ յաւելուածը կը հաւաստէ թէ փոքր ժողովուրդներ եւ պետութիւններ (իսկ Ազրպէյճանը, Թուրքիան, Հայաստանը եւ Վրաստանը փոքր ժողովուրդներ էին Ա. Համաշխարհայինի աւարտին) համաշխարհային կամ շրջանային անցումային հանգրուաններուն կարելիութիւն կ’ունենան իրենց ազգային մեծ երազները (այսինքն՝ երկրի յառաջացում, պետութեան աշխարհագրական ընդարձակում, պետականակիր ազգի ու պետութեան գոյատեւումի եւ յարատեւումի առաւելագոյն գործօններու ձեռքբերում) քայլ մը կամ հանգրուան մը (կամ աւելի) յառաջ (կամ ետ) տանելու՝ շնորհիւ մանաւանդ իրենց խելամիտ արտաքին քաղաքականութեան:

Ինծի համար միշտ ալ հարց պիտի մնայ թէ մենք ինչու՛ կորսնցուցինք Կիլիկիան, աւելի ճիշտը՝ ի՞նչ էր մեր դերը՝ Կիլիկիոյ հայկական կորուստին մէջ: Ու՞ր վրիպեցանք, ու՞ր սայթաքեցանք. ու՞ր ի՞նչ սխալներ գործեցինք եւ եթէ կ’ուզէք՝ ի՞նչպէս Քեմալ եւ թուրքը յաջողեցան բռնախլել Կիլիկիան:

Կարկինը աւելի լայն բանալու պարագային նոյն հարցումին տարբերակը կարելի է ուղղել այլուր: Ինծի համար առնուազն գիտական լուրջ հարցադրումի նիւթ է թէ կայի՞ն քայլեր զորս կրնայինք առնել որպէսզի Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը իր սահմաններուն մէջ շարունակէր ունենալ ցարական Ռուսաստանի հայկական տարածքները, կարելի՞ էր արդեօք աւելի շրջահայեաց, ողջմիտ քաղաքականութիւն վարել: Երեւան-Մոսկուա բանակցութիւնները կարելի՞ էր այնպէս մը ընել, որ խեղդող սահմաններով Հայաստան մը չգրաւուի արշաւող խորհրդայնացումին կողմէ, այլ՝ աւելի մեծ Հայաստան մը իւրացուի խորհրդայիններուն կողմէ:

Ինծի կը թուի՝ թէ քաղաքական արեւելումները յաճախ երկրորդական նշանակութիւն ունին երբ հարցը կը հասնի երկրի մը գոյատեւումին, լինել-չլինելուն: Տեսէ՛ք Էրտողանի Թուրքիան, նայեցէ՛ք անոր արեւելումը այսօր: Կրնայ ըսուիլ որ ան կը պահէ արեւմտեան արեւելումը, կրնայ հակաճառուիլ որ որդեգրած է արեւելեան արեւելում: Ես համոզուած եմ որ ան որդեգրած է – հինէն իվեր, վերջին հարիւրամեայ իր պատմութիւնը վկայ – ի՛ր պետականութիւնը ամէն գնով պահպանելու եւ ուրիշներու հաշուոյն զօրացնելու, մէկ քայլ (քայլեր) յառաջմղելու գերագոյն արեւելումը:

Եւ անշուշտ, այս արեւելումը կ’ենթադրէ համապատասխան քաղաքական նաւարկութիւն:

Հայ ժողովուրդին մօտիկ թէ հին անցեալի պատմութիւնը բաւարար փաստեր կը փոխանցէ մեր ճակատագրին մէջ մեր ունեցած դերակատարութեան եւ մեր սորվելիք դասերուն առնչութեամբ:

Ինծի կը թուի թէ Այսրկովկասի տարածքները գրաւելով եւ յառաջացնելով մէկ միաւոր ու զայն կոչելով Ուիլայաթ Արմինիա՝ Արաբական Խալիֆայութիւնը հաշիւի առած էր Թէոդորոս Ռշտունիի արաբամէտ քաղաքականութեան կրկնութեան հաւանականութիւնը:

Ժամանակակից օրինակներէն կարելի է յիշել ղարաբաղեան ազգային ինքնորոշման պայքարը, կարելի է արձանագրել նաեւ Վերին Շահումեանի՝ Ազատի, Կամոյի, Գետաշէնի եւ շրջակայ հայ գիւղերու, աւաններու ճակատագիրերուն մէջ արտաքին քաղաքականութեան վճռորոշ ազդակը:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 27 տարեկան է արդէն. անցնող տարիներուն համար վերապահութեամբ յաջողութիւն կը նկատեմ Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչում-դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը աշխարհի բազում երկիրներու կողմէ, որովհետեւ ասիկա համաշխարհային քաղաքական ընտանիքին բնական եւ ընդունուած ընթացակարգն է: Նուաճումը, յաջողութիւնը այդ երկիրներէն ոմանց մէջ հայկական դեսպանատուներու հաստատումն էր եւ այդ դեսպանատուներուն օգտաշատ ու արդիւնաւէտ յարաբերութիւն-գործակցութիւնը թէ՛ այդ երկիրներու պետական շրջանակներու եւ թէ՛ այնտեղի հայօճախներուն հետ: Արձանագրուեցան այլ յաջողութիւններ եւս՝ ամէն անգամ որ կարելի եղաւ չէզոքացնել ազրպէյճանական եւ թրքական հակահայ նախայարձակ բանաձեւ մը: Եղան նաեւ հակառակ պարագաները եւս: Ողջունելի էր (եւ է) ՀՀ-Սփիւռք համագործակցութիւնը՝ միջազգային ընտանիքին եւ պետութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն մէջ:

Կան եւ այլ բազմաթիւ պարագաներ: Նպատակս չէ, սակայն,  այստեղ վերլուծել Հայաստանի Հանրապետութեան 27ամեայ արտաքին քաղաքականութիւնը: Ըրածս արագ եւ թերի ակնարկ մըն է, կարգ մը ընդհանուր գիծեր մատնանշելով:

Կը կարծեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին անկախ քաղաքականութեամբ գործելու հնարաւորութիւնները սահմանափակ են, լուսանցքային: Գէթ ատիկա կ’երեւի անցնող 27 տարիներու ակնարկային հայեացքէ ետք: Ուստի, եթէ ՀՀի հնարաւորութիւնները սահմանափակ են, ապա պէտք է գուրգուրալ, շատ ուշադիր օգտագործել ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան առկայ դրամագլուխը:

Ինծի կը թուի թէ Հայաստանի Հանրապետութեան թաւշեայ յեղափոխութեան արտաքին քաղաքականութիւնը նոր խարխափում-քաշքշուքի մը մէջ մտնելու կողքին էական վրիպում մը արձանագրեց շեշտակիօրէն տկարացնելով իր արտաքին քաղաքականութեան դրամագլուխներէն մին:

Խօսքս կը վերաբերի Խաչատուրովի դէմ կատարուած (մեղմ բառերով) յայտարարութեան: Ղարաբաղեան տագնապին մէջ հայկական կողմին կարեւորագոյն եւ հզօրագոյն կռուաններէն մին Հայաստանի Հանրապետութեան՝ ԱՊՀի անդամագրութիւնն է: Նման կարեւոր կռուան է Եւրոպայի հետ գործընկերութեան փաստը:

Բոլորս ականատես ենք երկրագունդի աշխարհակարգին մէջ կատարուող տեղաշարժերուն: Վերջին տասնամեակներուն աշխարհը անցաւ երկբեւեռութենէ միաբեւեռութեան, իսկ ներկայիս նոր փնտռտուքներու մէջ է ան: Բոլորս ականատես ենք նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ Մ. Նահանգներու, Ռուսիոյ, Չինաստանի դիրքերու մակընթացութեան:

Անցումային երկարատեւ երկունքի այս օրերուն, երբ Փութինի Ռուսաստանը իր դիրքերը առաւել կ’ամրապնդէ, երբ Եւրոպան՝ Ռուսաստանի եւ Մ. Նահանգներու դիմաց կը ջանայ կոմպլեմէնտարային քաղաքականութիւն (ականջը խօսի ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանին) վարել, մինչեւ հիմա low profile գործող ՀՀի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք չունէր պոչը սխալ ուղղութեամբ շարժելու:

Կարելի է նայիլ Թուրքիոյ գործունէութեան. այս օրերուն Իտլիպի տագնապը գլուխ ցցած է. Թուրքիան՝ Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ – վերջին հանգրուանին – երկար ճամփայ անցնելէ ետք, կը հակադրուի անոնց՝ Իտլիպի խնդրով, զօրք կը մտցնէ եւ Իտլիպի ճակատագրին վճռումին մէջ իր շահը կը ջանայ բարձրացնել: Բոլոր պետութիւնները ունին կարողութիւնը իրենց ո՛չը ըսելու ամէ՛ն ինչի մէջ: Պարզ է, սակայն, որ բոլոր պետութիւնները չունին նոյն կարողութիւնը իրենց ո՛չը պահպանելու:

Աւելին, երբ այս օրերուն Ազրպէյճան ԱՊՀ մտնելու կեղծ կամ իրաւ տրամադրութիւն կը յայտնէր, ՀՀն անմիջապէս վեթոյի խօսք բարձրացուց: ՀՀն «հաւասար» անդամ է Ռուսաստանի կողմէ գլխաւորուած ԱՊՀին մէջ, ուր գտնուող երկիրները միանշանական հայաստանամէտ չեն: Իր ներկայացուցիչին կողքին իրեն թիկունք պիտի կանգնի՞ ԱՊՀի մէջ առաջնային դիրք ունեցող Խաչատուրովը՝ որուն հանդէպ անվստահութիւն յայտնեց նոյնինքն ՀՀն:

Հայեր կը յոխորտան որ հայկական գորգը աշխարհի հնագոյնն է իբրեւ արհեստ: Երկրորդական է այս պարագային ասոր ճշմարտացիութիւնը: Գորգի մը յառաջացումը, անոր ծնունդը երկար գործընթաց կ’ենթադրէ: Աշխարհի վրայ ոչ մէկ քաղաքական կացութիւն կը փոխուի պատահաբար, յանկարծակիօրէն: Նայեցէք Սուրիոյ տագնապին մէջ Ռուսաստանի եւ Իրանի դերերուն զօրացումին հոլովոյթներուն:

Սուրիոյ մէջ ռուսական եւ իրանական գորգին հիւսումը դեռ աւարտին չէ հասած: Գործընթացը կրնայ շրջուիլ: Բայց յստակ է որ ռուսական եւ իրանական քաղաքականութիւնները Սուրիոյ մէջ կ’ընթանան քայլ առ քայլ, հանգոյց առ հանգոյց, տող առ տող: Ըսել կ’ուզեմ խորապէս եւ շրջահայեացօրէն սերտուած: Մենք պարտինք գորգ հիւսելու համբերատարութեամբ, հաշւումներով, ծրագրաւորումով, հետեւողականութեամբ, կեդրոնացումով, անշեղօրէն եւ վճռակամութեամբ գործել մեր ոչ միայն արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին, այլեւ պետականակերտման ամէնաէական յանձնառութեան մէջ…:

Հազարամեայ պատմութեամբ հպարատացող Հայրենի եւ Սփիւռքի հայութենէն, 27ամեայ երիտասարդ Հայաստանի Հանրապետութենէն, հազարամեայ իրագործումներու ժառանգորդ հայ եկեղեցիէն, աւելի քան մէկդարեայ աւանդով ներկայացող հայ կուսակցութիւններէն, հարիւրամեայ (կամ տասնամեակներու) գործունէութիւն ծաւալած հայկական հաստատութիւններէն, հանրային օղակներէն եւ ինքզինք հայ սեպող իւրաքանչիւր անձէ ակնկալելի է որ առաւել սերտուած գործեն:

Յիրաւի, grace periodը, աչք գոցելու, վնաս չունի, մաալէշ ըսելու ժամանակը աւարտեցաւ հայկական իրականութեան համար: Այսուհետեւ զի իւրաքանչիւր սխալ քայլի համար մեզի կրնայ պարտադրուիլ գին վճարել…:

Խելամտիլը հրամայական է այլեւս:

Trump presents candidate for new Ambassador to Armenia

0

President of the USA Donald Trump has presented the candidate for the post of the new Ambassador to Armenia. As ARMENPRESS was informed from the official website of the White House, the candidate is Lynne Tracy.

Ms. Tracy is a career member of the Senior Foreign Service, class of Minister-Counselor, currently serving as Senior Advisor for Russia Affairs at the U.S. Department of State. Previously, she served as Deputy Chief of Mission at the U.S. Embassy in Moscow, Russia, Deputy Assistant Secretary for Central Asia in the Bureau of South and Central Asian Affairs at the Department of State, Deputy Chief of Mission at the U.S. Embassy in Ashgabat, Turkmenistan, and Principal Officer at the U.S. Embassy Branch Office in Astana, Kazakhstan. Additionally, Ms. Tracy served as the Principal Officer at the U.S. Consulate in Peshawar, Pakistan, where she was awarded the Secretary’s Award for Heroism. She is the recipient of the State Department’s Distinguished Honor Award. Ms. Tracy earned her B.A. from the University of Georgia and J.D. from the University of Akron. She speaks Russian. 

The incumbent Ambassador of the USA to Armenia is Richard Mills.  

Դոնալդ Թրամփը ներկայացրել է Հայաստանում ԱՄՆ նոր դեսպանի թեկնածուին

0

Միացյալ Նահանգների նախագահ Դոնալդ Թրամփը ներկայացրել է Հայաստանի Հանրապետությունում ԱՄՆ նոր դեսպանի թեկնածուին: Ինչպես հայտնում է «Արմենպրես»-ը՝ վկայակոչելով Սպիտակ տան պաշտոնական կայքէջը, դեսպանի թեկնածուն Ռուսաստանի և նախկին Խորհրդային երկրների հարցերով փորձագետ Լինն Թրեյսին է  (Lynne Մ. Tracy), ով ներկայում զբաղեցնում է ԱՄՆ պետդեպում Ռուսաստանի հարցերով ավագ խորհրդականի պաշտոնը: Նոր դեսպանի նշանակումը դեռ պետք է հաստատվի ԱՄՆ Սենատի կողմից:

Լինն Թրեյսին զբաղեցրել է Մոսկվայում, Աշխաբադում և Աստանայում ԱՄՆ-ի փոխդեսպանի պաշտոնը, եղել է ԱՄՆ պետքարտուղարի` Կենտրոնական Ասիայի հարցերով տեղակալի առաջին օգնականը և տիրապետում է ռուսերեն լեզվին:

Ներկայում ՀՀ-ում ԱՄՆ արտակարգ և լիազոր դեսպանի պաշտոնը զբաղեցնում է Ռիչարդ Միլսը:

Կանադայի վարչապետ Ջասթին Թրյուդոն մասնակցելու է Երևանում կայանալիք Ֆրանկոֆոնիայի գագաթաժողովին

0

Կանադայի վարչապետ Ջասթին Թրյուդոն հայտարարել է, որ հոկտեմբերի 11-13 մասնակցելու է Երևանում կայանալիք  Ֆրանկոֆոնիայի գագաթաժողովին: Ինչպես տեղեկացնում է «Արմենպրես»-ը, գագաթնաժողովի ընթացքում Կանադայի վարչապետը ընդգծելու է միասնական աշխատանքի կարևորությունը՝ մարտահրավերների, տնտեսական աճի լուծման, ինչպես նաև  բազմազանության եւ ինտեգրման խթանման հարցերում:

Վարչապետ Թրյուդոն կընդգծի նաեւ Կանադայի համար Ֆրանկոֆոնիայի միջազգային կազմակերպության կարեւորությունը, ինչպես նաև Կանադայի պատմության ընթացքում ֆրանսախոս համայնքների կենսական դերը:

Գագաթնաժողովից հետո վարչապետ Թրյուդոն այցելության ընթացքում կքննարկի Կանադայի և Հայաստանի միջև հարաբերություններում կարեւոր ոլորտները եւ կուսումնասիրի առեւտրատնտեսական կապերի հետագա ամրապնդման համար ավելի սերտ համագործակցելու ուղիները:

Prime Minister of Canada to travel to Armenia to attend the XVII Francophonie Summit

0

The Prime Minister of Canada, Justin Trudeau, today announced that he will travel to Yerevan, Armenia, from October 11 to 13, to attend the XVII Francophonie Summit and take part in a bilateral visit.

ARMENPRESS reports the theme of this year’s Summit is «Living together in solidarity, shared humanistic values, and respect for diversity: a source of peace and prosperity in La Francophonie.» During the Summit, the Prime Minister will highlight the importance of working together to address shared challenges, grow economies that work for everyone, and promote diversity and inclusion.

Prime Minister Trudeau will also underline how important the International Organization of La Francophonie is to Canada, and emphasize the vital role that Francophone communities have played throughout Canada’s history.

Following the Summit, Prime Minister Trudeau will also take part in a bilateral visit to the country. The visit will be a chance to discuss the important relationship between Canada and Armenia and explore ways to work together more closely to further strengthen our commercial and economic ties.

Quick Facts

This is Prime Minister Trudeau’s first official visit to Armenia.

Diplomatic relations between Canada and Armenia were formally established in 1992. Since then, Canada and Armenia have regularly worked together in multilateral forums, including the United Nations and La Francophonie.

Armenia joined the International Organization of La Francophonie in 2004 as an observer and obtained full member status in 2012.

In 2017, Canada’s exports to Armenia totalled $9.3 million and imports from Armenia reached $26 million. 

Canada is host to an Armenian community of more than 60,000 people.

The Summit is hosted every two years. It is an important opportunity for leaders of La Francophonie member states to meet and work together to advance shared priorities.

CSTO Secretary General urges Azerbaijan to cease firing at Armenian bordering communities

0

CSTO Secretary General Yuri Khachaturov has urged Azerbaijan to stop firing at bordering communities and civilian facilities of Armenia. ARMENPRESS reports Khachaturov has issued a statement over the situation on Armenia-Azerbaijan border, which runs as follows,

“We express serious concern over the shootings on the Armenia-Azerbaijan border, as well as the shootings at the settlements and civilian facilities located at bordering areas of Armenia that have become frequent in the recent period and have claimed lives.

We are confident that militaristic rhetoric leads to further escalation of the situation and subverts the efforts of the OSCE Minsk Group.

Taking as basis the information provided by Armenia’s Permanent and Plenipotentiary Representative to the CSTO which was presented during the September 21 session of the CSTO Permanent Council, we urge to cease the fire and escalation of tension in the CSTO area for preventing the rising threat to CSTO member state Armenia”.

ՀԱՊԿ գլխավոր քարտուղարն Ադրբեջանին կոչ է արել դադարեցնել Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերի գնդակոծությունները

0

Հավաքական անվտանգության պայմանագրի կազմակերպության գլխավոր քարտուղար Յուրի Խաչատուրովն Ադրբեջանին կոչ է արել դադարեցնել Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերի և քաղաքացիական օբյեկտների գնդակոծությունը: Ինչպես հաղորդում է «Արմենպրես»-ը, Հավաքական անվտանգության պայմանագրի կազմակերպության գլխավոր քարտուղար Յուրի Խաչատուրովը ՀԱՊԿ պաշտոնական կայքում հանդես է եկել հայ-ադրբեջանական սահմանին տիրող իրավիճակի վերաբերյալ հայտարարությամբ:

«Լուրջ մտահոգություն ենք հայտնում վերջին շրջանում հաճախակի դարձած հայ-ադրբեջանական պետական սահմանի, ինչպես նաև Հայաստանի սահմանամերձ գոտիներում տեղակայված բնակավայրերի ու քաղաքացիական օբյեկտների գնդակոծման դեպքերի առնչությամբ, որոնք մարդկային զոհերի են հանգեցրել։

Համոզված ենք, որ ռազմատենչ հռետորաբանությունը տանում է իրավիճակի նոր լարման եւ տապալում է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի ջանքերը։ Ի գիտություն ընդունելով ՀԱՊԿ–ում ՀՀ մշտական եւ լիազոր ներկայացուցչի տեղեկությունը, որը ներկայացվել է սեպտեմբերի 21-ին կայացած Մշտական խորհրդի նիստին՝ կոչ ենք անում դադարեցնել գնդակոծությունները եւ ՀԱՊԿ պատասխանատվության գոտում լարվածության ավելացումը՝ ՀԱՊԿ անդամ պետության՝ Հայաստանի անվտանգության սպառնալիքների աճը թույլ չտալու նպատակով»,- ասված է ՀԱՊԿ գլխավոր քարտուղարի հայտարարության մեջ։