Չորեքշաբթի, 08. 04. 2026

21 Սեպտեմբեր՝ 27-րդ Տարեդարձը Անկախ Հայաստանի

0

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ 

 

            «ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը 2018-ի Սեպտեմբեր 21-ին հայ ժողովուրդը հայրենիքի մէջ եւ աշխարհացրիւ սփիւռքի օճախներէն ներս այս տարի տարբեր խանդավառութեամբ պիտի դիմաւորէ:

Արտասահմանի մեր սերունդը, անապատներէն ողջ մնացած խլեակներուն յաջորդը ըլլալով, երկու ժամանակաշրջանի ապրումներուն ականատեսը եղաւ: Ականատեսը եղայ լացին ու մորմոքին «Ամելէ Թապուրէն» փախած-ազատած մեծհօրս վնասուած աչքերէն արեւախանձ դէմքին վրայ գլորուող արցունքներուն, հօրս կարօտով լեցուն սպասումը իր ետին ձգուած պապենական հողերուն, Քիլիսի ձիթենիներուն, խաղողի այգիներուն կամ կեսրոջս ընտանիքին երկիր մնացած Այնթապի պիստակի ծառերուն:

Անոնք հեռացան այս աշխարհէն՝ կարօտը իրենց սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ,  լաւ օրերու ակնկալիքները իրենց հետ տանելով: Սակայն մեզի կրցա՛ն փոխանցել յոյսի եւ սպասումի ՈԳԻՆ՝ չյուսահատելու անմար կրակով մը: Իրենց յաջորդ սերունդը եղաւ ուսեալ ու շնորհալի: Եթէ անոնք չտեսան իրենց երազ Հայաստանին անկախացումը, բայց եւ այնպէս մեր սերունդին պէս չտեսան ու չապրեցան աղէտը Դեկտ. 8-ի երկրաշարժին ու ղարաբաղեան պայքարին հետ մեր ժողովուրդին շարունակուող զոհերուն պատճառած սրտի մորմոքը:

Եթէ երէկ անապատի աւազն էր մեր դպրոցը, այսօր քարակերտ են մեր վարժարանները:  ՔԱՐԵՂԷՆԻՆ մէջ փորձեցինք ՈԳԵՂԷՆԸ տալ ու պահպանել աւազի շրջանէն մնացած ոգին: Մեր ապրած հիւրընկալ երկիրներուն մէջ մեր անհամար աշակերտներուն փոքրիկ ձեռքերով ԵՌԱԳՈՅՆԸ  յաղթական ծածանեցինք ամէն Սեպտեմբեր 21-ին՝ հրապարակային ձեռնարկներով, մեր դպրոցներէն ներս կամ շրջանի թաղերուն մէջ տողանցելով:

Հպարտութեամբ եւ անչափելի խանդավառութեամբ դիմաւորեցինք հայրենիքէն եկող-գացող նախագահներն ու հոգեւորակնները: Երգեր ձօնեցինք եւ մեսրոպեան տողեր նուիրեցինք անոնց անսասանութեան համար: Մեր լումաները հաւաքեցինք՝ յանուն հայրենիքի բարգաւաճման եւ բանակ ծառայող մեր մատղաշ սերունդին ապահովութեան եւ զօրացման:

Ահաւասիկ ժողովուրդին պոռթկումը եկաւ յայտնելու, թէ համբերութեան բաժակը յորդած էր: Ո՜՜վ իմանար՝ ինչեր կը պատահէր մեր վստահած կարգ մը «մեծերուն» հոգիի–քուլիսներուն մէջ: Հաւանաբար անոնք մեզի պէս աւազներէն ազատած, ցնցոտիներով անապատներու կիզիչ արեւներէն վերապրած նախնիներ չունէին՝ զգալու համար հայրենիքի եւ ազգին հանդէպ ունենալիք անհրաժեշտ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ :

Այսօր թաւշեայ յեղափոխութիւնը վերանորոգ յոյսերով կը լեցնէ մեր հոգիները՝ ապագային նո՛ր երազներով նայելու: Կը շնորհաւորենք Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգիսեանը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, մեր համայնքին քաջ ծանօթ է Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿ-ի նախկին ներկայացուցիչ-դեսպան Զօհրապ Մնացականեանը՝ ներկայիս՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Շնորհիւ Նիկոլ Փաշինեանին՝ քաղաքական աշխարհի բառարանը հարստացաւ իմաստալից նորանոր բառերով՝ ԴՈՒԽՈՎ, ԹԱՒՇԵԱՅ յեղափոխութիւն, ԽԱՂԱՂ  ՑՈՅՑ,  եւ անգամ մը եւս հայաշխարհը փաստեց, որ կարելի է երկրի մէջ տիրող եւ ծաւալուող փտածութիւնը տապալել՝ առանց արիւն հեղելու:

 Այո՛, ամենուրէք տարբեր խանդավառութիւն կայ մեր հոգիներէն ներս եւ համատարած ժպիտ՝ մեր հայրենի քոյր եղբայրներուն դէմքերուն վրայ լաւատեսութեամբ լիցքաւորուած:

                27-ամեայ մեր հայրենիքին անկախութեան տօնախմբութեան հետ չմոռնանք յիշելու բոլոր անոնք, որոնց թափած արիւնին, նուիրումին, անձնազոհութեան շնորհիւ է որ մեր եռագոյնը այսօր կը ծածանի ոչ միայն Հայաստանի տարածքին, այլ նաեւ Միացեալ ազգերու դրօշներուն շարքին:

            Որպէս մանկավարժ՝ կրկին ու կրկին կ’ուզեմ շեշտել բարոյագիտութեան կարեւորութիւնն ու հայախօսութեան անհրաժեշտութիւնը մեր ընտանիքներէն ու դպրոցներէն ներս: Ինչպէս Տիտերոն ըսած է.         

            «Ազգ մը վերելքի կը հասնի լաւ կրթուած անդամներով եւ մասնաւորաբար լա՛ւ կրթուած մանուկներով»:

            Իսկ որպէս վերջաբան՝ Հայաստանի անկախութեան փառապանծ այս տօնին առթիւ շնորհաւորանքս կ’աւարտեմ անմահն պատմավիպագիր Րաֆֆիի խօսքերով (Յակոբ Մելիք Յակոբեան (1835-1888) ):           

«Եղածը եղած է… Ինչ որ մե՛ր պարտականութիւնն է այսօր՝ անցեալի վնասը տեսնելէ ետք խուսափիլ գալիք աղէտէն»:

 

Նիւ Եորք

Հինն ու Յուսալին

0

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՐՈՒԹ – Ողջունելի են բոլոր անոնք որոնք կերտեցին մեր այսօրուան ազատ եւ անկախ երրորդ Հանրապետութիւնը։
Բիւր յարգանք ազատամարտիկ մեր հերոսներուն, որոնք պատմական մեր հողերու ազատագրման համար կատարեցին գերագոյն զոհողութիւնը` կեանքի գնով ազատագրեցին Արցախը, որուն շնորհիւ աւելի ապահովուեցաւ Հայաստանի անվտանգութիւնը։
Խնկելի է յիշատակը հայ բանակի անպարտելի զինուորներուն, որոնք ինկան պատերազմի ճակատին վրայ` պաշտպանելով հայ հողն ու ազգը։

Արցախի ազատագրական պայքարի սկզբնական շրջանին մեր հերոսները անհաւասար գուպար մղեցին։ Յանուն հայրենիքի` կռուեցան անոնք հաւատքով, տեսիլքով եւ աննահանջ վճռակամութեամբ։ Կռուեցան` քաջ գիտնալով, որ համայն հայ ժողովուրդը իրենց թիկունք կանգնած է։ Արի զինուորն ու անվեհեր հետախուզողը, բուժքոյրն ու պատանի սուրհանդակը` բոլորը, այո՛, բոլորը կը ձգտէին մէկ սրբազան նպատակի` վերադարձնել հայուն հողը հայ մշակին, հայ ընտանիքին։
Անոնց հոգիներուն մէջ քանդակուած էր շքեղ երազը մեծ եւ միացեալ Հայաստանին: Անոնց դիւցազնական պայքարը արժանի է հայ ժողովուրդին հաւաքական հիացումին եւ խոր երախտագիտութեան, երբ այսօր հպարտօրէն կը նշենք Հայաստանի պետականութեան հռչակումը։

Մինչ ազատագրական պայքարը ճակատագրական իր փուլին էր հասած, յաղթանակի բացուող արշալոյսի սեմին, Երեւանի մէջ երրորդ Հանրապետութեան կերտումին եռանդուն աշխատանքը կը տարուէր։ Խորհրդային նախկին վարչաձեւի փորձառու եւ հմուտ ղեկավարն ու արցախեան պատերազմի սպարապետը ուս-ուսի Հայաստանը քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ամուր հիմերու վրայ դնելու նուիրական գործին էին լծուած։ Սակայն, աւա՜ղ, հակիրճ տեւեց այս հայրենակերտ նախաձեռնութիւնը։ 
Դաւադիր անձեր վարձկան ոճրագործներու ձեռքով վիժեցուցին խոստմնալի սկիզբը երրորդ Հանրապետութեան։

Ճիշդ է այն իրողութիւնը, որ խորհրդային կարգ մը երկիրներու նման Հայաստանը չենթարկուեցաւ քաղաքական վերիվայրումներու։ Սակայն Հայաստանն ու հայաստանցին սուղ գին վճարեցին Քոչարեան-Սարգսեան իշխանութեան շրջանին, երբ կաշառակերութիւնն ու անարդարութիւնը կազմալուծեցին երկրին զարգացումը։ Աւելորդ է կրկնել նոյնիսկ մեզմէ շատերուն՝ իբրեւ զբօսաշրջիկներու տեսած տնտեսական անիրաւութիւնները։ Մենք լուսանցքի վրայ մնացող վկաներն էինք միայն, մինչ մեր հայաստանցի եղբայրներն ու քոյրերը ապրեցան դժուարին այս պայմաններուն մէջ։ Անոնք դաժան այդ իրականութեան մէջ աւելի խոստմնալի ապագայի յոյսով սոսկ գոյատեւեցին։ Իսկ շատեր, շատ շատեր մեկնեցան արտասահման` աշխատանք ապահովելու, իրենց ընտանիքներուն կարիքները հոգալու համար։

Այսպէս կոչուած «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» (նորօրեայ «յեղափոխութիւններուն» անուններ տալու սովորութիւնը արեւմտեան լրատու գործակալութիւններու «գիւտ»-ն է, հաւանաբար արեւմտեան մայրաքաղաքներու հրահրումով, ինչպէս՝ Ուքրանիոյ «նարնջագոյն յեղափոխութիւնը») յուսալի էջ մը կը բանայ Հայաստանի առջեւ։ Վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւնը փորձառական շրջանի մէջ կը գտնուի։ Այս իրավիճակը, սակայն, օտար միջամտութիւններու դուռ պէտք չէ բանայ։ Վարչապետն ու իր գործակիցները անկասկած գիտակից են այս սառն իրողութեան։ Սակայն այնպէս կը թուի, թէ ամպեր սկսած են կուտակուիլ երկնակամարին վրայ։ Մեր հայրենիքի գոյատեւման եւ պայծառութեան գերագոյն հրամայականն է Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան առաջին օրէն իսկ ստեղծուած ռազմաքաղաքական վարքագիծի հաւատարիմ հետապնդումը։

Քաղաքականութեան մէջ չկան մնայուն բարեկամներ, չկան մնայուն թշնամիներ, սակայն կան դրացիներ։ Աշխարհագրութիւնը կարելի չէ փոխել։
Հայաստանի նկատմամբ Արեւմուտքի, յատկապէս Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) աստիճանաբար մերձեցումը տնտեսական օժանդակութեան խոստումներով, նոր մեղրալուսինի մը սեմին կ’առաջնորդէ։ Գերմանիոյ վարչապետին պաշտօնական այցը եւ նոյնիսկ Պելճիքայի թագաւոր Ֆիլիփ Զ.-ի` իբրեւ զբօսաշրջիկի, ընտանեօք մէկշաբաթեայ այցը Հայաստան նախանշաններ են։ Երեւանի պետական աւագանին պէտք չէ խախտէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը Անդրկովկասի մէջ` աւելի հենելով դէպի արեւմուտք եւ որպէս գործիք ծառայելով Ռուսաստանի քաղաքական, զինուորական պառակտումի քաղաքականութեան։ Վերջերս, Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Լաւրով մեղմօրէն ազդանշաններ տուաւ Հայաստանի ղեկավարութեան։ Այս առնչութեամբ յատկանշական է ներկայ նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին մասնակցութիւնը մեր պետական կազմէն ներս։ Երկար տարիներ ծառայած ըլլալով արտասահմանի մէջ` անոնք քաջածանօթ են միջազգային հարցերու բարդութիւններուն։ Աւելին, անոնք մօտէն կը ճանչնան ռուս պետականութեան գործունէութեան գործընթացը (կը խօսին սահուն ռուսերէն` իբրեւ երկրորդ լեզու անգլերէնին առընթեր):

Եզրակացնելով` մեծ երազի ճամբուն վրայ ապրիլեան շարժումը նշանակալից անկիւնադարձ մը կը ներկայացնէ համայն հայութեան համար։
Նեխած վարչակարգին փլուզումը` զուտ ժողովուրդի զայրոյթին հետեւանքով, նոր աւիշ կը հաղորդէ Հայաստանի զարգացման եւ աւելի իրարահաւասար ընկերութիւն մը ստեղծելու երթին։ Նոր վարչապետը, հեռու ամբոխավարութենէ, ցարդ յաջողած կը թուի ըլլալ՝ ժողովուրդին վստահութիւնը շահած ըլլալուն համար։ Բնականաբար պահանջները բազմաթիւ են եւ արտաքին- ներքին մարտահրաւէրները շատ։ Սակայն վարչապետը կրնայ յաղթահարել բազմերանգ այս դժուարութիւնները, դիմակալել ամէն ճնշում, եթէ հաւատարիմ մնայ միայն եւ միայն ժողովուրդին եւ հայրենիքին ծառայելու իր սրբազան առաքելութեան:

Նիւ Եորք

 

Մայր Հայրենիքէն Նորագոյն Տպաւորութիւններ Հայաստան 4րդ Այցելութեան Լոյսին Տակ

0

ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Այս ամառ, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն, այցելեցինք մայր հայրենիք Հայաստան: Ըսեմ, որ այս իմ 4-րդ այցելութիւնն էր Հայաստան: Առաջին անգամ այցելեցի 2010-ին, 8-22 Սեպտեմբերին, երկրորդը՝ 2014-ին,     1-29 Սեպտեմբերին, երրորդը՝ 2017-ին, 1 Յուլիսէն 29 Օգոստոսին, իսկ չորրորդը այս տարի՝ 2018-ին, դարձեալ 1 Յուլիսէն 29 Օգոստոսին, երրորդ այցելութեան տեւողութեամբ եւ երթ ու դարձի նոյն թուականներուն:

Ընթացիկ տարուան այցելութիւնը տարբեր էր իր նախորդներէն՝ տրուած ըլլալով, որ հայրենիքը կ’ապրէր այլ մթնոլորտի մը մէջ եւ նոր վարչապետի մը օրով, որ Նիկոլ Փաշինեանն է: Երկիրը կը գտնուէր այս մթնոլորտին մէջ, եւ մարդիկ թէ՛ լաւատես էին եւ թէ խանդավառ այս փոփոխութեամբ:

Հայաստան մեր մեկնումէն առաջ արդէն սկիզբ առած էին նոր զարգացումները: Իսկ Մայիսի 8-ին երկիրը կ’ունենար նոր վարչապետ մը, որ, ինչպէս նշեցինք վերեւ, «թաւշեայ յեղափոխութիւն» մը գլխաւորելով եւ «Քայլ արա մերժիր Սերժին» նշանաբանով, աւելի քան ամիս մը տեւած քայլարշաւներէ ետք, եւ ժողովրդային լայնածաւալ շարժումի մը լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նոր նախագահի մը՝ Արմէն Սարգսեանի խորհրդարանին կողմէ ընտրութեամբ, կ’ապրէր նախորդ երկու տասնամեակներու քաղաքական եւ ոչ քաղաքական պայմաններէն տարբեր մթնոլորտի մը մէջ:

Հայաստան գրեթէ երկամսեայ մեր կեցութեան ընթացքին հանդիպեցանք հայրենիքի մէջ ապրող թէ Սփիւռքէն ժամանած անձերու հետ, որոնք իրենց կարծիքներն ու կեցուածքները արտայայտեցին երկրին մէջ արձանագրուած փոփոխութիւններուն մասին: Հայաստանի չորրորդ նախագահը, ի հեճուկս իրեն նախորդած երեք նախագահներուն, ընտրուած էր Ազգային ժողովին կողմէ եւ ոչ թէ ժողովրդային զանգուածներու քուէարկութեամբ՝ համաձայն սահմանադրութեան նոր տրամադրութիւններուն: Իսկ պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտած նախագահ Սերժ Սարգսեան, որուն փոխանցուած էին իշխանութեան յաւելեալ լիազօրութիւններ, ինքզինք յաղթանակած կը զգար, երբ հրապարակ իջաւ պատգամաւոր՝  43-ամեայ Նիկոլ Փաշինեանը, որ իր հրապարակային շարժումը սկսելէն աւելի քան ամիս մը ետք, խորհրդարանին մէջ ձայներու մեծամասնութեամբ 8 Մայիսին դարձաւ վարչապետ:

Մինչ այդ, երկրի կուսակցութիւններէն ոմանք, իրենք զիրենք «զօրաւոր եւ անձեռնմխելի» կարծելով, դիրքաւորուած էին Սերժ Սարգսեանի կողքին, բայց երբ նկատեցին, որ գետնի վրայ հարցերը տարբեր ուղղութիւն կը ստանան, շուտով 360 աստիճանի փոփոխութեան ենթարկեցին իրենց կեցուածքները եւ Փաշինեանի վարչապետ դառնալուն ի նպաստ քուէարկեցին: Այդ կուսակցութիւններու շարքին էին տեղական, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան արմատներ ու ծնունդ ունեցող կուսակցութիւններ: Այսպիսով, Փաշինեան ստանձնեց իր պաշտօնը եւ Օգոստոսի 17-ին Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ կայացած եւ ժողովրդային խիտ շարքերով հանրահաւաքով մը նշեց իշխանութեան իր ստանձնումին 100-րդ օրը:

Այս բոլորին ներքեւ պէտք է նշել, որ ժողովուրդը մեծ ոգեւորութեամբ եւ լաւատեսութեամբ կը նայէր Փաշինեանի իշխանութեան: Մարդիկ ե՛ւ հայրենիքէն, ե՛ւ Սփիւռքէն դրականօրէն կը խօսէին նոր վարչապետի իշխանութեան մասին՝ ակնկալելով, որ անոր իշխանութեան օրով ժողովուրդին ի նպաստ փոփոխութիւններ կ’արձանագրուին եւ մարդոց կենսամակարդակն ու ապրելաձեւը կը բարելաւուին: Աւելի քան երեք ամիս ետք, կարգ մը ապրանքատեսակներու վաճառման գիները նուազած էին, իսկ ոմանց գիները՝ աւելցած:

Լսեցինք նաեւ կարգ մը մարդոց դժգոհութեան արտայայտութիւնները, որ բարելաւումը կ’ուշանայ՝ առանց մտածելու, որ երկար տարիներու ժխտական կամ աննպաստ քաղաքականութիւնները կարելի չէ ուղղել քանի մը ամսուան ընթացքին: Մարդիկ կը շտապէին շուտով իրականացած տեսնել բարեկարգումներն ու բարելաւումները, իսկ ոմանք այնքան ալ չէին աճապարեր զանոնք տեսնելու, որովհետեւ կարելի չէր ամէն ինչ շտկել մոգական հարուածի մը հպումով:

Այս պայմաններուն մէջ, Հայաստան կը պատրաստուի նշելու թէ՛ երկրի անկախութեան 27րդ տարեդարձը եւ թէ Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակը, որ, ըստ վերջերս յայտարարուած որոշումին, քանի մը շաբաթով յետաձգուեցաւ, որովհետեւ պայմանները կը պարտաւորեցնէին աւելի ուշ տօնակատարելու հայոց մայրաքաղաքին՝ Երեւան-Էրեբունիի հիմանդրութեան 2800-ամեակը: Այս առիթով յիշենք, որ Երեւանի 2750-ամեակը պաշտօնապէս եւ բարձրագոյն մակարդակներով նշուեցաւ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ 1968 թուականին:

Ազատութիւնն ու անկախութիւնը ժողովուրդներու երազանքը եղած է երբեմն նոյնիսկ դարերով, եւ անոնց պայքարին ու ձգտումին կիզակէտը հանդիսացած է: Կարգ մը երկիրներ եւ ժողովուրդներ անկախութեան տիրացած են արիւն-քրտինքով յատկանշուած երկարատեւ պայքարէ եւ մարտնչումէ ետք, իսկ ոմանք զայն ձեռք ձգած են յարաբերաբար աւելի դիւրին եւ նուազ վնասներ պատճառած պայքարէ մը ետք: Հայաստանը կրնանք ըսել, որ այս երկրորդ կարգին պատկանած է եւ իր անկախութեան տիրացած աւելի հեշտ միջոցներով: Հայաստան իր անկախութիւնը հռչակեց 21 Սեպտեմբեր 1991-ին, թուականէս 27 տարի առաջ:

Նշենք, որ 20-րդ դարուն, մեր հայրենիքը ունեցաւ երեք Հանրապետութիւններ՝ 1918-ին, 1920-ին եւ 1991-ին: Առաջին երկուքը պատմութեան անցած են, մինչ գոյատեւել կը շարունակէ երրորդը: Երեք Հանրապետութիւններու պարագային ալ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ դժուարին օրեր: Ա. Հանրապետութեան կեանքը շատ կարճատեւ էր, հազիւ երկուքուկէս տարի: Բ. Հանրապետութիւնը ապրեցաւ շատ աւելի երկար, աւելի քան 70 տարի, եւ այդ 7 տասնամեակներուն ընթացքին, թշուառ որբի եւ ողբի հայրենիքէն ետք, շուտով վերածուեցաւ յոյսի եւ լոյսի հայրենիքի: Շուրջ 700 հազար բնակչութեամբ սկսելէ ետք, 50 տարի վերջ մեր ժողովուրդին թուաքանակը հասաւ մօտ երեքուկէս միլիոնի, արձանագրուեցան կենսամակարդակի, գրական, գիտական, բժշկական, մշակութային, մարզական թէ այլ բնագաւառներու մէջ հսկայական յառաջդիմութիւն՝ առանց մոռնալու այլ մարզեր, ուր հայրենիքն ու ժողովուրդը չկարողացան պէտք եղած յառաջխաղացքը ապրիլ: Այս իրողութիւնը ընդգծուած է քանիցս եւ բազմիցս, հայ ժողովուրդին մաս կազմող հայորդիներու թէ օտարներու կողմէ:

Այսօր Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը կանգուն է, դրական զարգացումներ կ’արձանագրուին ամէն օր, ամէն շաբաթ, ամէն ամիս եւ ամէն տարի: Իւրաքանչիւր տարի պաշտօնապէս եւ ժողովրդային մակարդակներով կը նշուի Սեպտեմբերի 21-ը իբրեւ տարեդարձը անկախութեան, որ իրականացած էր 1991-ին: Անկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այդ անկիւնադարձային իրողութիւնը իրականացնելէ ետք, քանի մը տարի տառապեցաւ Ղարաբաղի պատերազմով, ընդդէմ Ազրպէյճանի, սակայն ի պատիւ Հայաստանի ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին պէտք է նշել, որ անոնք ոչ միայն կրցան գլուխ ելլել այդ պատերազմին հետ, այլ իրենց յաղթական կամքը պարտադրեցին անարգ թշնամիին, որ մինչեւ օրս կը փորձէ հրահրել եւ որեւէ միջոցով ընկճել Հայաստանն ու հայութիւնը: Բայց հայրենիքն ու անոր որդիները հերոսաբար դէմ կը դնեն թշնամիի բոլոր փորձերուն եւ պարտութեան կը մատնեն զայն: Փաստ՝ 2016-ի Ապրիլի առաջին օրերուն տեղի ունեցած թէժ ու բուռն մարտերը, որոնց հայկական կողմէն զոհ գացին 100-էն աւելի հայորդիներ, նիւթական վնասներէն անկախ:

Անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առիթով հաստատօրէն կրնանք ընդգծել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վստահօրէն կը քալէ դէպի յառաջ, դէպի զարգացում, դէպի իր զաւակներու բարօրութիւն, դէպի երկրի ժողովրդավարութիւն:

Կեցցէ՛ մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:

Միասնաբար դէպի նորանոր ամեակներ:

Պէյրութ

Հայաստանի Անկախութիւնն Ու Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը

0

 ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք սա առաջին անգամն է որ մեր հայրենիքը պիտի տօնախմբէ իր անկախութիւնը։ Իսկ այս անգամ որքանո՜վ տարբեր է անկախութեան տարեդարձը։ Թոյլ տուէք բացատրեմ։

Մայիս ամսուան ընթացքին, տիկնոջս հետ ութնօրեայ այցելութեամբ մը կը գտնուէինք Հայաստան։ Ժողովուրդին ուրախութիւնը ակներեւ էր, բարձր տրամադրութեամբ եւ ապագայի նկատմամբ յոյսերով առլցուն։ Նոյն ձեւով չէին տրամադրուած անոնք, երբ 2007-ին դարձեալ կը գտնուէինք Հայաստան, տիկնոջս հետ միատեղ։

Ի՞նչ կը նշանակէ անկախութիւն, երբ ժողովուրդը ուրախ չէ եւ գործ որոնելու նպատակաւ կը լքէ հայրենիքը՝ երբեք չվերադառնալու հարկադրուած…

Անկախութիւնը պէտք էր ռամկավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած կառավարութիւն մը կազմել, ուր ժողովուրդի մէն մի անդամը պէտք էր պատեհութիւնը ունենար ազատ շուկայի դրութեամբ ստեղծագործելու եւ բարգաւաճ կեանք մը ապահովելու իր ընտանիքին։

Հիմա կ’իմանանք, որ արտագաղթողներէն ոմանք կը վերադառնան հայրենիք եւ կը ձեռնարկեն գործատեղիներ հիմնելով աշխատանք  հայթայթել իրենց եւ ուրիշներուն։ Սա առաջին դրական քայլն է որ մեզ կը յուսադրէ՝ աւելի փայլուն ապագայ մը տեսնելով հայրենիքի հորիզոնին վրայ։

Նոյնիսկ վերոյիշեալ տեսլականով տոգորուած՝ սփիւռքի տարածքին սփռուած հայեր կ’երթան Հայաստան՝ հոն գործ բանալով ապրելու հայրենի հողին վրայ։ Նաեւ բաւական շատ է թիւը անոնց, որոնք մայրաքաղաք Երեւանէն յարկաբաժին գնելով կ’որոշեն տարուան մէկ մասը հայրենիքի մէջ անցընել՝ վայելելու անոր բնական գեղեցկութիւնն ու ժողովուրդի ջերմութիւնը։

Իսկական անկախութեան բարիքներէն մին ալ զբօսաշրջիկներու թիւին աճն է, որ, իր հերթին, պիտի զարկ տայ տեղական տնտեսութեան աճին եւ զարգացման։

Հայաստանը այսօր միջազգային գետնի վրայ համբաւ մը ստեղծած է, որ կը գրաւէ զբօսաշրջիկներ՝ աշխարհի չորս ծագերէն։ Պատահական չէ որ վերջերս տակաւին Պելճիքայի թագաւորն ու թագուհին իրենց չորս զաւակներով տարեկան արձակուրդի համար ընտրեցին Հայաստանը եւ վայելեցին մեր հայրենիքի բնական գեղեցկութիւնն ու հայ ժաղովուրդի ինքնուրոյն հիւրասիրութիւնը։

Երկրի մը անկախութեան պատմութեան մէջ 27 տարին մեծ թիւ մը չէ, սակայն եթէ լաւ հիմերու վրայ դրուած է, խթան կը հանդիսանայ լաւատեսութեամբ յուսադրուելու ապագային նկատմամբ։

Անկախութիւնով՝ ռամկավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած հայրենիք կերտելը դիւրին գործ մը չէ։ Բայց մենք այսօր թաւշեայ յեղափոխութիւնով սկիզբ առած նոր կառավարութեան գործելակերպի եւ անոր հետապնդած ծրագիրներուն ընդմէջէն կը տեսնենք յոյսի նշոյլ մը, որ մեզ կը յուսադրէ եւ փայլուն ապագայի մը հեռանկարով կը պարուրէ մեր հոգիներն ու սրտերը։

Քաջալերական երեւոյթ մըն ալ եթէ կայ, սա է որ կառավարութեան կազմը կը բաղկանայ երիտասարդ անդամներէ, որոնք թէեւ փորձառութիւն չունին, սակայն տրամադրուած են երկար ժամեր աշխատելով անպայման յաջողութիւն ձեռք ձգելու։ Անոնք որոշած են նաեւ պայքարիլ կաշառակերութեան եւ փտածութեան դէմ, որպէսզի կառավարութիւնը գործէ ի նպաստ երկրի քաղաքացիի շահերուն։

Ի սրտէ կը մաղթենք, որ անոնք յաջողին իրենց առաքելութեան մէջ, եւ մեր երկիրը դառնայ բարեբեր, ու ժողովուրդը ապրի աւելի հանգստաւէտ պայմաններու մէջ՝ յօգուտ հայ ազգի ընդհանրական շահերուն։

Բարի երթ եւ յաջողութիւն ձեզի, սիրելի երիտասարդ եւ արհեստավարժ անդամներ հայրենի նոր կառավարութեան կազմին։

 

«Այն Ինչ(ի)՞ է Որ Կը Հաւատանք…»

0

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Մարդուն հաւատամքը հիմքն է անոր կեանքին

ինքնութեանը եւ գործերուն»։ 

Վեր. դոկտ. Թրեվըր Ճոնզ (Անկլիքան եկեղեցիի կղերական)

«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՐՈՒԹ – Մի քանի տարիներ առաջ ձեռնարկեցի ուսումնասիրութեան մը Տուպայի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ՝ Աստուածաշունչի եւ անոր պատգամին ընկալումի ու յանձնառութեանը առնչութեամբ։ Ուսումնասիրութիւնը կատարեցի հնդիկ բանուորներու հետ՝ արական եւ իգական սեռերէ, որոնք տարբեր տեսակի աշխատանքներու մէջ են իրենց արտասահմանեան աշխատանքային կեանքերուն մէջ։ Ինչ խօսք որ Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի մէջ կ՚ապրին աւելի քան տասնհինգ միլիոն բանուորներ՝ մեծամասնութեամբ ասիական եւ ափրիկեան երկիրներէ եկած։ Այս բանուորներու ընկերա-տնտեսական ու կենցաղային վիճակները ոչ գոհացուցիչ եւ գնահատելի կարգավիճակներու մէջ են։ Եթէ մէկ կողմէ տնտեսական եկամուտները շատ չնչին են, բայց նոյնքան նաեւ բժշկական ու կեցութեան պայմանները խեղճ եւ գրեթէ ոչինչ։ Եւ այս բոլորին վրայ պիտի աւելցնել հոգեկան ու հոգեբանական բարդութիւնները եւ ճնշումները, զորս այս բանուորները կը դիմագրաւեն, ուր իրնեց կեանքերը կը վերածուին սպառիչ եւ նոյնիսկ անմարդկային իրավիճակներու։

Ուսումնասիրութեան նպատակակէտն էր փորձել տեսնել, թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի «Յոյսի» պատգամը իր ներգործութիւնը կ՚ունենայ եւ կրնայ ունենալ այս բանուորներու կեանքերուն համար իրենց օտարերկրեայ այս աշխատանքային դժուարին  կեանքերուն համար եւ թէ անոնք նոյն այս «Յոյս»-ով ի՞նչպէս կրնան դիմագրաւել շատ մը ընկերային-տնտեսական ու հոգեբանական իրենց ճնշումները։

Բայց հետաքրքրական էր տեսնել ուսումնասիրութեան արդիւնքները։

Եթէ մէկ կողմէ կը փորձէի առնչել բանուորներու «ընկալումը» յոյսի պատգամին հետ, բայց անոնք նախ խօսեցան «հաւատքի» գիտակցութեանը վրայով։ Թէ Աստուածաշունչի շնորհած «հաւատք»-ը եւ Քրիստոսով «նոր կեանքի» գիտակցութեանը մէջէն իրենց համար դարձած էր գրաւական՝ հասնելու համար իրենց կեանքերուն դիմագրաւած բոլոր ճնշումներու։ Անոնք նախ հաստատեցին, թէ հաւատքի իւրացումն է որ կը շնորհէ յոյսի ակնկալութիւնը եւ գիտակցութիւնը։ Եւ թէ հաւատքին շնորհած այս «յոյս»-ն է, որուն միջոցաւ կրնան նաւարկել իրենց դժուարին կեանքերը…։

Սեպտեմբեր քսանմէկին պիտի նշենք դարձեալ մեր հայրենի իրականութեանը անկախացման քսանեօթներորդ տարեդարձը։ Եթէ անկախութիւնը այս պարագային հայ ժողովուրդին տրուեցաւ՝ իմմա շնորհուեցաւ, բայց պատմութեան այս իրադարձութիւնը դարձաւ մեծ արժէք։ Արժէք, ուր հայուն կեանքը, հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին, ստացաւ ինքնութիւն։ Ինքնութիւն մը, որ մեզ դարձուց հպարտ անհատ եւ քաղաքացի համաշխարհային քաղաքական ու ընկերա-տնտեսական համակարգերուն մէջ։ Աւելին, մայր հայրենիքի անկախացումը աշխարհասփիւռ հայուն համար եղաւ մէկ կողմէ «տուն», բայց նաեւ անով (իմմա հայրենիքով) մենք ստացանք դիմագիծ։ Մայր հայրենիքի անկախացումը եւ անոր պետականութիւնը տուաւ քաղաքական ինքնութեան մէկ մեծ արժէքը։ Եւ այս քաղաքական ինքնութիւնը եւ ի մասնաւորի երիտասարդ սերունդներուն համար դարձաւ իր ազգային, մշակութային դիմագիծը կերտելու մէկ մեծ ապաւէնը։

1990-էն ետք մեզի կը սպասէր մէկ մեծ առաքելութիւն։ Եւ այս անկախութիւնը շարունակելու, բայց մանաւանդ կերտելու ազգային կարեւոր մարտահրաւէրը։ Եւ այս իմաստով մեր անկախութիւնը պահելու եւ կերտելու այս գործընթացը չեղաւ երբեք դիւրին։ Կային տակաւին միջազգային քաղաքական-ապահովական մտահոգութիւններ եւ վտանգներ, ինչպէս՝ Ղարաբաղեան պատերազմներ, հայ-թրքական յարաբերութիւն-ճնշումներ, սահմանային (ան)ապահովութիւն… ու տակաւին։ Ներհայաստանեան իմաստով տնտեսական տագնապը եղաւ ճնշող իրավիճակ եւ որուն մէկ մեծ հետեւանքը հայ ժողովուրդի արտահոսքն է ինքն իր հողէն, եւ որ ստեղծեց դասական սփիւռքի կողքին մէկ նոր (ոչ բաղձալի) հայկական իրականութիւն մը։ Բայց կար նաեւ քաղաքացիական, պետական ու ընկերային համակարգերու մէջ կաշառակերութեան ընթացող եւ մեծցող ծաւալը։ Եւ այս վերջինը, ինչ խօսք, ճամբայ հարթեց «թաւշեայ յեղափոխութեան» եւ որ սկիզբ դրաւ նոր պետական համակարգի մը, որ կը խոստանայ ըլլալ արդար եւ թափանցիկ։

«Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք ծայր առած կաշառակերութեան բացայայտումները բաւական ցնցիչ էին։ Եւ չենք ալ գիտեր, թէ տակաւին ինչ նոր զարգացումներ կան, որոնք կրնան բացայայտուիլ։ Եւ եթէ պահ մը կանգ առնենք եւ փորձենք վերլուծել այս մեր անկախութենէն անդին անցած պատմութեան տարբեր փուլերը եւ ի մասնաւորի ներհայաստանեան կարգավիճակները, ինչ որ մղիչ տագնապն էր, որ ծայր տուաւ «թաւշեայ յեղափոխութեան», դժուար պիտի չ՚ըլլայ տեսնել, թէ կան բացթողումներ, բայց մանաւանդ տեղքայլեր։ Տեղքայլ՝ մեր քաղաքացիական-ազգային դաստիարակութեան (իմմա էթիքսի) մէջ եւ նաեւ բացթողումներ մեր կրօնական-քրիստոնէական ու հոգեւոր գիտակցութեան պրիսմակէն։ Այսօր ակներեւ է, որ կայ «ամլութիւն» մը մեր հայրենիքին եւ վերեւ յիշուած դաստիարակչական տարբեր բնագաւառներուն մէջ։ Եւ մեկնելով այս դաստիարակչական համընդհանուր եւ պակասաւոր երեւոյթներէն՝ արժէ հարց տալ. «Թէ ինչ(ի)՞ է որ կը հաւատանք»։ Որովհետեւ, ինչպէս որ յիշուած է, «մեր հաւատամքը հիմքն է մեր ինքնութեան եւ մեր գործերուն»։ Եթէ մեր ինքնութիւնը մեր անկախացած հայրենիքն է, (եւ այդպէս է ու պէտք է որ ըլլայ) այս պիտի ենթադրէ, թէ մեր գործերը նոյն մեր հայրենիք-ինքնութիւնը կերտելու եւ իրագործելու հրամայականին տակ է ու պէտք է որ ըլլայ։ Եւ ինքնութիւնը ու գործը արդիւնք են մեր կեանքերուն մէջ մեր իւրացուցած հաւատամքին…։

Եթէ հնդիկ բանուորը իր ընկերատնտեսական դժուար իրավիճակներու մէջէն նաւարկելու համար գտաւ իր յոյսը (իմմա ինքնութիւնը), բայց նոյն այդ յոյսին ինքնութիւնը ան ստացաւ իր կրօնական-քրիստոնէական ու աստուածաշնչական դաստիարակութեան կերտած «հաւատքէն», որ եղաւ իր հաւատամքը։ Հապա եւ մե՞նք՝ որպէս հայրենիք, պետականութիւն եւ ժողովուրդ…։

Եւ հոս արժէ քիչ մը եւս ընդարձակել կարգ մը տեսութիւններ։

Քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը մարդն ու հաւաքականութիւնը փոխելու իրականութեանը մէջ կը կայանայ։ Աստուծոյ «մարդեղացումը» եւ անոր իրականութիւնը, որուն միջոցաւ մարդուն եւ աշխարհին «նոր կեանք» շնորհուեցաւ։ Եւ թէ այս նոր կեանքի գիտակցութիւնը երկնային իրականութիւն չէ միայն, այլ երկրային, ուր այս նոր կեանքը կ’ապրիս աշխարհին մէջ։ Եւ այս «նոր կեանք»-ը (իմմա մարդկային կեանքի մէջ յառաջացած ու յառաջացուցած «փոփոխութիւնը») ունի շարունակականութեան հիմք եւ գործընթաց։ Մարդը, որ կը «փոխուի», պարտի նաեւ «փոխել» ուրիշը։ Եթէ Աստուած ստեղծեց աշխարհը եւ մարդը, Ան եղաւ ստեղծագործ։ Բայց Ան աշխարհը ու մարդը ստեղծելով՝ նոյն մարդուն նաեւ ըրաւ ստեղծագործ։ Աստուած փոխեց մարդը ու յանձնարարեց, որ նոյն մարդը փոխէ ուրիշը։ Այս իմաստով՝ քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը «փոխուող» եւ «փոխող» իրականութիւն է։ Եւ փոխուող ու փոխող իրականութիւնը «նոր կեանքի» գիտակցութեանը մէջ է։ Եւ հոստեղէն պիտի հասկնալ, թէ ի՛նչպէս առաջին դարու եկեղեցին եւ իր ընդհանրական հասկացողութեան մէջ սկիզբ առաւ «փոխուած» հաւաքականութեան մը միջոցաւ եւ որուն (իմմա եկեղեցիին) առաքելութիւնը դարձաւ եւ մինչեւ այսօր «փոխել» կեանքեր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը կը ներկայացնէ որպէս «միտք»-ը եկեղեցւոյ։ Ան այս «միտքին» արգասիքը կը դնէ հետեւեալ ձեւով. «Եկեղեցին ինքզինք կ’արտայայտէ աստուածաբանութեան ճամբով. աստուածաբանութիւնը հիմնուած է Աստուածաշունչին, եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն ու տիեզերական ժողովներու վրայ։ Աստուածաբանութեան աղբիւրը Աստուծոյ յայտնութիւնն է»։

Եւ այս «միտքը» ու նոյն «միտքին» դաստիարակութիւնն է, որ մենք պէտք է աւելիով ներմուծենք մեր ներկայ օրերու հայրենի ու հայ ժողովուրդի իրականութեանը մէջ։ Եւ ինչպէս վեհափառ հայրապետը կը հաստատէ՝ ըսելով. «Աստուածաբանութիւնը չի կրնար ապաքաղաքական ըլլալ, որովհետեւ ան կանչուած է իր տեսակէտն ու կեցուածքը արտայայտելու ընկերութեան կեանքին հետ աղերս ունեցող հարցերուն…»։

Հայրենիքի անկախութիւնը հայուն ազգային-քաղաքական ինքնութիւնն է։ Եւ այս անկախութիւնը եւ անոր ինքնութիւնը, եթէ մէկ կողմէ պիտի պահել, բայց նաեւ շինել։ Եւ պիտի շինել «Նոր»-ին գիտակցութեանը համար եւ անոր մէջ։

Եւ «թաւշեայ յեղափոխութիւնը», որուն տեսլականը «փոխել» էր տիրող համակարգը, պիտի կարենայ գոյատեւել, եթէ կայ գիտացութիւնը։ Թէ հայը ինչ(ի)՞է որ կը հաւատայ։

Կը հաւատայ «մտքի՞ն…»: Որ կը «փոխուի՞» եւ կը «փոխէ»՞…։ «Նոր կեանքի» տեսլականո՞վը…։

Հայրենիքը եւ անոր պետականութիւնը ու տակաւին անկախութիւնը մեր ազգային հպարտութիւնն են։ Եւ այս հպարտութիւնը պիտի տանինք դէպի լուսաւոր ապագան։ Եւ լուսաւոր ապագան «նոր կեանք»-ի մէջ է, եւ արժէ, որ զայն դարձնենք հիմքը մեր ինքնութեան եւ գործերուն։

Այն ինչ(ի)՞ է որ կը հաւատանք…։

– Անպայմանօրէն «նոր կեանք»-ին։

 

Յիշե՞լ, Թէ Չյիշել… Երկուստեք Ցաւալի

0

Փրոֆ. ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ի ՓԻԼԻԿԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՐՈՒԹ –

  • Էնվէր փաշան՝  Ալ․ Խատիսեանին.

«Ես լուծեցի շատ դժուարին խնդիր մը։ Ստեղծեցի Հայաստանը։ Գոհացում տուի հայերու ազգային պահանջներուն։ Բայց այդ ըրի այնպիսի ձեւով մը, որ չզոհեցի թրքական հողերէն ո՛չ մէկ թիզ իսկ»։  * Ալ․ Խատիսեան, «Հայաստանի հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», Բ․ տիպ, 1968, Պէյրութ, էջ 89

 

  • Կրկին Էնվէր փաշան՝  Ալ․ Խատիսեանին.

«Ես եւ իմ ընկերներս ստեղծեցինք  Հայաստանը, եւ ատով գոհացում տուինք հայերու ազգային ձգտումներուն։ Եւ լուծեցինք Հայկական հարցը։ Միեւնոյն ատեն մենք այդ ըրինք Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս՝ ռուսական հողի վրայ։ Եւ ունեցանք երկու յաջողութիւն

       1)Ստեղծեցինք Հայաստանը

  2) Անվթար պահեցինք Թուրքիոյ  հողը։

Միայն ա՛յդ  գնով  է որ մենք համաձայնեցանք հաշտուիլ հայկական հանրապետութեան գոյութեան հետ»։ Ալ․ Խատիսեան, նոյն, էջ 102

 

  • Ալ․ Խատիսեանի հետեւութիւնը Էնվէր փաշայի շեշտաւորումին.

«Արդ, ինչպէս կարելի է այժմ պահանջել, որ նոր հողամասեր կցենք Հայաստանին։ Չէ՞ որ այդ չենք կրնար ընել՝ առանց դպչելու հին ու նոր Թուրքիոյ հողերուն։  Կարսը, Արտահանը ու Պաթումը նո՛ր միայն վերադարձուեցան իրենց հին հայրենիքի գիրկը»։  * Ալ․ Խատիսեան, նոյն, էջ 102

 

  • Զօրավար Անդրանիկը՝ զօրավար Նազարբեկեանին.

«Վեց հարիւր տարուան ստրկութեան շղթան ձեր վիզն ու ոտքը կ’անցընէք՝ ձեր ձեռքերով»:

  • Հայաստանի Ա․ հանրապետութեան վարիչներու հեռագիրը՝ ուղղուած Էնվէր փաշային 1918 Յուլիս 17-ին.

Նորին գերազանցութիւն,

Օսմանեան կառավարութեան զինուորական մեծարգոյ մինիստր

Էնվէր փաշայինԿոստանդնուպոլիս


«Հայաստանի
հանրապետութեան կառավարութիւնը պատիւ ունի յայտնելու Ձերդ գերազանցութեանը, յանուն մեր բարեկամութեան, իրազեկ դարձնել ձեզ այն մասին, որ Անդրանիկ փաշան խուսափել է մեր կառավարութիւնից՝ իմանալով, որ զինուորական դատի պիտի ենթարկուի՝  մեր զինուորական մինիստրին չենթարկուելուն համար:

    Անդրանիկ փաշան տաճկահպատակ հայերից կազմել է առանձին զօրաբանակ՝ նպատակ ունենալով անցնիլ Ջուլֆայի կամուրջը եւ Խոյի ու Սալմաստի շրջանում միանալ Վանից նահանջող ժողովուրդին։ Նա մտադիր է ուժեղ բանակ կազմել, ստեղծել սեպարատ պետութիւն եւ յարձակուել  ձեր վրայ։ Խնդրում ենք միջոցներ ձեռք առնել նրան վերջնականապէս ջախջախելու համար»։

 Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նախագահ՝  Յ ՔԱՋԱԶՆՈՒՆԻ

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուորական մինիստր՝  ԱՐԱՄ ՓԱՇԱ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հայաստանի կառավարութեան խորհրդի նախագահ՝  ՍԱՀԱԿԵԱՆ

*Ճոն Կիրակոսեան, «Առաջին Համաշխարհային պատերազմը եւ արեւմտահայութիւնը 1914–1916», Երեւան, 1965, էջ 213

 

  • Սիմոն Վրացեանի արձանագրութիւնը պատմութեան համար.

«Ցնծութեան աղաղակներով եւ ծափերով  չընդունուեց նրա (Հայաստանի) անկախութիւնը: Ընդհակառակը, շատերի համար նա նկատուում էր դժբախտութիւն։ Հիւանդ երեխայ աշխարհ բերած մօր պէս հայ ժողովուրդը գլուխ էր ծեծում սգաւոր…»:

 

  • Թալաաթ փաշան՝ Ալ․ Խատիսեանին.

«Էնվէր փաշան կը գտնէր, որ քանի որ հայերը եղած են եւ պէտք է միշտ ըլլան մեր թշնամիները ու հանգիստ պիտի չթողուն  մեր Անատոլուի նահանգները, աւելի լաւ էոր հիմնապէս բնաջնջուին անոնք նաեւ Կովկասի մէջ, ինչպէս եղած են Թուրքիոյ մէջ։ Իսկ փոքրիկ Հայաստան մը Կովկասի մէջ պատճառ պիտի դառնայ, որ միշտ ձգտի ընդարձակելու իր սահմանները եւ դառնայ յաւիտենական վտանգ Թուրքիոյ համար։

     Իսկ ես պատասխանեցի, որ այդ ծրագիրը անկարելի ծրագիր մըն է թէկուզ այն պատճառով, որ այսպէս թէ այնպէս երկու միլիոնի չափ ողջ մնացած հայեր կան այժմ, եւ անհնար է զանոնք բոլորն ալ ոչնչացնել։ Ուստի աւելի լաւ է, որ անոնց գոհացում տրուի։ Որովհետեւ եթէ նոյնիսկ   100.000 հայեր մնան աշխարհի երեսին, մեզի հանգիստ պիտի չտան երբեք։ Եւ վերջապէս փոքրիկ Հայաստան մը ստեղծելով՝ մենք լուծած կ’ըլլանք Հայկական հարցը եւ այսպէս կը ներկայանանք հաշտութեան միջազգային ժողովին»:  * Ալ․ Խատիսեան, նոյն, էջ 88

 

  • Ա․ Չելեպեանի հետեւութիւնը.

«Կազմուեցաւ փոքրիկ Հայաստան մը Պաթումի խորհրդաժողովի տիքթաթներուն եւ Սարդարապատի ճակատամարտին մէջ՝ հայ քաջարի զօրքերու եւ ժողովուրդի տարած յաղթանակին իբր արդիւնք»։

«Թուրքերը առժամեայ բնոյթով եւ յետին մտքով փոքրիկ Հայաստան մը ստեղծելու ծրագիրը շինած էին Սարդարապատի յաղթանակէն ամիսներ առաջ»:  * Ա․ Չելեպեան – «Զօրավար Անդրանիկ», էջ 477

 

  • ՀՅԴ-ի օրկան «Աշխատանք»-ի արդար զայրոյթը 5 Յունիս 1918-ին.

«Եւ եթէ կնքուած է հաշտութիւնը (Պաթումի), ստորագրուած  են պայմաններըԱպա ուրեմն գործուած է յանցանքներու ամենասեւը, դաւաճանութեան ամենասոսկալին, որոնց նմանը հայկական տարեգրութեան մէջ չէ եղած դեռ»։

 

  • Գերսամ Ահարոնեան, «Մեծ երազի ճամբուն վրայ», 1964, էջ 111-112.

«Հայաստանի հանրապետութիւնը յանձն կ’առնէր օգնե՛լ Թուրքիոյ՝ ընդդէմ համաձայնական պետութեանց (Անգլիա, Ֆրանսա, Ամերիկա եւ այլն), եւ նոյն ատեն պարտականութիւն կը ստանձնէր թուրքերու կողքին կռուիլԱնդրանիկի դէմ՝ նկատի ունենալով, որ ազգային մեծ հերոսը կը մերժէր ընդունիլ Պաթումի «տիքթաթը» եւ արեւմտահայ դատի գերեզմանումը»։

 

Պատմութիւնը անցեալի քաղաքականութիւնն է,  եւ  քաղաքականութիւնը՝ ներկայի պատմութիւնը:  Ճ․ Սիլի, «Բրիտանական  քաղաքականութեան աճը» {Անգլերէն – Sir John Seely, The Growth of British Policy (1895)}

 

Վերջին մէջբերումի իմաստուն ասացուածքը ի մտի ունենալով եւ նկատի առնելով վերեւի յուշերը՝ արժէ եզրակացնել հետեւեալը.

Բազում դարեր պետութիւն կորսնցնելով, հազարամեայ մայր հողի առեւանգումին դիմանալով ու քաջաբար յանդգնելով վերապրիլ հրէշային ցեղասպանութիւն մը, ահաւասիկ եւ վերջապէս մեր իմաստուն հայ ժողովուրդը կարողացաւ պահել ու պահպանել հայկական պետութիւն մը ամբողջ հարիւր տարի, թէկուզ պատառիկ մը՝ հազիւ մէկ տասներորդը իրմէ խլուած մայր հողին։

Հակառակ բազում խոչընդոտներու՝ մեր ժրաջան հայ ժողովուրդը յամառօրէն վերափոխեց իր պետութեան ընկերային ու տնտեսական կառոյցը երեք անգամ, լոկ դարու մը ընթացքին, ահաւասիկ կարծես հասցնելով չորրորդ հանրապետութեան մը սեմին՝ լրջօրէն արձագանգելով  հայ նոր սերունդի խաղաղասէր, արդար պահանջին։

Շնորհաւոր ըլլայ հայոց պետութեան հարիւր ամեակը: ․

Փառք ու պատիւ  հայ  ժողովուրդին եւ լրջախոհ նոր սերունդին։

Լոնտոն

Մտորումներ՝ Սեպտեմբերի 2-ի եւ Սեպտեմբերի 21-ի Միջեւ

0

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

 

«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ինչպէս Սեպտեմբերի 2-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնում, այնպէս էլ Սեպտեմբերի 21-ին Արցախում տօնական միջոցառումներն այնքան էլ շատ չեն: Զարմանալի է թուում, այդպէս չէ՞: Բայց առաջին հայեացքից անհասկանալի այս երեւոյթը բաւական երիտասարդ պատմական արմատներ ունի. յատկապէս աւագ սերունդը, որ ականատես է եղել 1990-ականների զարգացումներին, յիշողութիւնը մի փոքր փորփրելով, ինքն էլ կը գտնի պատասխանները: Պատմական էքսկուրսն աւելի շատ երիտասարդների համար է: Արցախեան շարժումը սկսուեց Միացում կարգախօսով: 1988թ. Փետրուարին Շարժման հրապարակային փուլը սկսուեց: Պահանջը, որ մինչ այդ կար պահանջագրերում, դիմումներում, դարձաւ հրապարակ դուրս եկած հարիւր-հազարաւոր ցուցարարների սեփականութիւնը: Եթէ հաշուի առնենք, որ այդ պահանջագրերի տակ առնուազն 90 հազար մարդ էր ստորագրել այդ տարիներին, կարող ենք համարել, որ Արցախում այդ թեմայով հանրաքուէ է անցկացուել: Այլ կերպ ասած, Արցախի հայութիւնն իր ապագան պատկերացնում էր միայն Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: 1988-ի Փետրուարի 20-ին ԼՂԻՄ Մարզխորհրդի նստաշրջան էլ պաշտօնապէս բարձրացրեց արցախցիների՝ Ազրպէյճանի կազմից դուրս գալու եւ Հայաստանին միանալու պահանջը: Աւելորդ է ասել, որ արցախահայութեան այս ձգտումը ողջ խորութեամբ ընկալուում էր Խորհրդային Հայաստանում: Սակայն հետագայ երկու տարին Արցախում եւ Արցախի շուրջ իրավիճակը շատ է փոխուել: Միացում կարգախօսն աստիճանաբար փոխարինուեց անկախութեան գաղափարով: Արդիւնքում, ստացուեց այնպէս, որ Արցախի Հանրապետութիւնը հռչակուեց 1991-ի Սեպտեմբեր 2-ին, իսկ նոյն թուականի Սեպտեմբերի 21-ին ՀՀ-ում անկախութեան հանրաքուէն կայացաւ, համաժողովրդական քուէարկութեամբ հաստատելով 1990թ. Օգոստոսին ընդունուած անկախութեան հռչակագիրը: Ո՞վ կամ ովքե՞ր էին մեղաւոր դրա համար, լա՞ւ է դա, թէ՞ վատ՝ հարցի միւս կողմն է: 27 տարի անց այդ հարցի մասին դեռ տարբեր կարծիքներ են շրջանառուում: Փաստն այն է, որ այսօր երկու տօն ունենք, Սեպտեմբերի 2-ը եւ Սեպտեմբերի 21-ը: Երկու դէպքում էլ կան փոխադարձ նեղացածութեան որոշակի տրամադրութիւններ: Տօնի առթիւ միմեանց շնորհաւորելով՝ ՀՀ-ում եւ Արցախում ապրող իմ ընկերներից շատերը յաճախ կէսկատակ-կէսլուրջ անդրադառնում են հարցին, թէ ո՞ւր մնաց ՄԻԱՑՈՒՄ-ը: Միայն այդ պարզ հարցադրումը ցոյց է տալիս, որ շարքային հայը դեռ հարցեր ունի եւ որոշ դէպքերում փորձ է արուում այդ հարցերին պատասխանելու փոխարէն հայութեան տարբեր հատուածների միջեւ բաժանարարներ գծել՝ հայաստանցի-ղարաբաղցի պիտակաւորումներով: Օրուայ գերխնդիրը՝ թէ Սեպտեմբերի 2-ին, թէ Սեպտեմբերի 21-ին, պէտք է այն լինի, որ անցած ճանապարհը եւ կատարուած ընտրութիւնը հաւաքական հայութեանը հասկանալի եւ հիմնաւոր ներկայացուի, որպէսզի որեւէ հայի մօտ տարակուսանք չմնայ՝ նախ՝ ինչու այսօր ունենք առանձին-առանձին Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախի Հանրապետութիւն եւ ապա՝ որն է մեր համազգային նպատակը, ձգտման կէտը: Սա խնդիր է, որի մասին պէտք է խօսել ոչ միայն տօն օրերին: Իսկ տօն օրերին, լինի դա Սեպտեմբերի 2-ը, թէ Սեպտեմբերի 21-ը, հայը հային միայն շնորհաւորել կարող է, վստահ, որ եթէ Արցախը հայութեան ճակատն է, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւնը թիկունքն է, Սփիւռքն էլ՝ ձեռքերն ամէնուր: Յարատեւութեան գաղտնիքն ակներեւ է, ճակատը պէտք է անխոցելի լինի, թիկունքը ամուր, ձեռքերը՝ ամենահաս: Իսկ եթէ Միացեալ Հայաստանի կառուցման ճանապարհին վաղն էլ առանձին Ջաւախքի կամ Վանի անկախութեան տօն ունենանք, հաստատ չարժի նեղսրտել:

Ստեփանակերտ

Արժանահաւատ Հայրենասիրութիւն

0

ՌՈԶԷԹ ԱԼԵՄԵԱՆ-ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ

            «ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՐՈՒԹ – Անհատը կը ձգտի ազատութիւն ձեռք բերել, անկաշկանդ կեանք մը վարելու համար: Գիտակից մարդիկ լաւագոյնս օգտուելով ազատութեան ընձեռած բարիքներէն կը փորձեն նուաճել բարձունքներ, սատարելով իրենց եւ իրենց շրջապատի եւ նիւթական եւ բարոյական վերելքին: Ոչ գիտակիցներու համար ազատութեան ընթացքը տարբեր է. Չարաշահելով զայն սանձարձակ կեանքի յորձանուտին մէջ կ՝ընկղմին:

            Ժողովուրդներ եւ երկիրներ ալ ի գին մեծ զոհողութիւններու կը պայքարին անկախութիւն ձեռք բերելու, աւելի բարօր եւ ազատ կեանք մը ապահովելու համար իրենց ազգին, պահպանելու հաւատքը, լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները:

            Անկախութեան տիրանալու համար քաղաքական, տնտեսական, ռազմական եւ ընկերային ազդակներու դրական դրսեւորումը մեծ անհրաժեշտութիւն է: Բոլոր ուժերու միահամուռ գործակցութեամբ կարելի է իրականացնել Մեծ Երազները : Առաջնորդներու եւ ժողովուրդին միջեւ ստեղծուած սերտ կապի միջոցով անկախութիւնը պայծառ երկնակամար մը կրնայ ստեղծել,  այլապէս երկրին մթագնած ու աղիտալի վտանգ կրնայ պատճառել:

Զարգացած, օրինապահ, կարգ ու կանոնի ենթարկուող հաւաքականութիւններ, անկախութեան տիրանալէն ետք, կ՝արժեւորեն իրենց շահած գանձը, կը գուրգուրան եւ կը փորձեն լաւագոյն ձեւով տէր կանգնիլ:

Հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը վեց հարիւր տարի պայքար մղելէ, արիւն թափելէ ետք տիրացաւ ազատ եւ անկախ հայրենիքին: 1990-ական թուականներուն երբ Երեւանի մէջ ուսանող էի, ականատես եւ մասնակից եղայ Ազատութեան հանրահաւաքներուն: Ի հարկէ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայուն համար անմոռանալի օրեր էին: Ոգեւորութիւն, հայրենասիրութիւն, հայրենի Արցախի ազատագրում, միացման կոչեր: Կաշառքով կամ այլ զարտուղի միջոցներով կարելի չէր նման հարիւր հազարաւորներ նոյն նպատակին համար ի մի հաւաքել: Թերեւս քաղաքականութիւնը տարբեր մեկնաբանութիւններ տայ, սակայն գլխաւոր նպատակը Անկախ Հայաստանի մը տեսլականն էր , որ այդ օրերուն հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը իր տարբեր խաւերով, ոտքի հանեց:

Պետութիւն, ազատ ու անկախ, փոքր ժողովուրդներու գոյատեւման ապաւէնը կը հանդիսանայ: Հետեւաբար,  21 Սեպտեմբեր 1991-ը, հպարտութեամբ եւ բերկրանքով դիմաւորեցինք իբրեւ մեր երազի իրականացում, փայլուն ապագայի երաշխիք, Արցախի միացման հաւաստիք, Արեւմտեան Հայաստանի հողերու ազատագրման հաստատ նախաքայլ:

Սակայն յաջորդող օրերը այնքան ալ փայլուն եւ բարօր չեղան:

Այն հարիւր հազարները, որոնք անկախութեան կոչեր ըրին, պայքարեցան յանուն հայրենիքի, յանկարծ տարբեր պատճառներով (քաղաքական կամ տնտեսական) ճամպրուկները հաւաքեցին ու հեռացան հայրենիքէն ու հողէն:

Կը խուսափիմ քաղաքական բացատրութիւններ տալէ կամ ժողովուրդին « դժուար» վիճակէն չհասկցողի դերը ստանձնելէ. Սակայն մէկ ճշմարտութիւն կայ, տարիներ առաջ անկախութիւն պահանջողները, հայրենի ազատ հողին տենչացողները տուն տեղ ծախեցին հասան Ովկիանոսէն անդին:

Սէրը ընդհանրապէս շարունակական գործընթաց է , ուր զոհողութիւնն ու հաւատքը միասնաբար կը գործեն:Հայրենասիրութիւնն ալ կ՝ենթադրէ գերագոյն նուիրում հայրենիքի ամենէն փոքր մանրամասնութեան նկատմամբ:

Արդե՞օք հայրենաշունչ երգերը եւ բաժակաճառերը, բաւարար ազդակներ եւ չափանիշներ են հայրենասիրութեան: Կամ կը մնան հայրենաբաղձութեան ծիրէն ներս:

21 Սեպտեմբերի անկախութեան հռչակումը,  հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման դրաւ մեծ դժուարութիւններու: Սակայն, յաղթանակած ժողովուրդը դատարկեց հայրենիքը, իսկ հոն մնացողները ենթարկուեցան մեծ զրկանքներու, իսկ շատեր ալ օգտուելով առիթէն ուռճացուցին իրենց դրամատնային հաշիւները:

Հայաստանի  թէ Սփիւռքի մէջ մեծապէս կարիքը ունինք ԱՐԺԱՆԱՀԱՒԱՏ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ: Հողին կառչած մնալու, երկիրը իր ժողովուրդով սիրելու, գուրգուրալու: Ոչ միայն ակնկալելու ենք , որ առաջնորդներ կամ պետական ղեկավարներ բարեխիղճ ու պարկեշտ վերաբերմունք ցոյց տան, նաեւ ժողովուրդի իւրաքանչիւր մասնիկ իր դրական կեցուածքով, անկոտրում կամքով, արդար աշխատանքով նպաստէ հայրենիքի կայունութեան եւ վերելքին:

Անկարելին կարելիի վերածելէ ետք, հայրենի հողը, գիւղը, դպրոցը, հարազատը լքելը ընդունելի երեւոյթ չէ: Սխրանքներ իրագործած զինուորին, բանուորին, բանաստեղծին, ուսուցիչին դիմաց հարկատու ենք: Հաւաքական ուժով է որ միայն կարելի է յաղթահարել դժուարութիւնները:

Իսկ այսօր, յաճախ կը խօսուի հայրենադարձութեան մասին: Հոյակապ նախաձեռնութիւն, սակայն որքանով պատրաստ է Սփիւռքահայը հաւասարապէս ընդունելու հայրենիքի լաւն ու վատը: Առանց լաւապէս ճանչնալու Հայաստանն ու հոն գործող օրէնքները եւ ժողովուրդին կենցաղը, կրկին անգամ հայրենաբաղձութեան զգացումէ մղուած շատեր կը գաղթեն Հայաստան, կարճ ժամանակ ետք վշտացած հեռանալու եւ երբեմն ալ երկրորդ անգամ վերադառնալու:

Եթէ հաւատացեալ ես, եկեղեցի պիտի յաճախես, սրբութիւններուն տէր պիտի կանգնիս:

Եթէ հայրենասէր ես, Հայաստանը հաճոյքի եւ հանգստեան գօտի չէ, արժանահաւատ հայրենասիրութիւն պիտի ունենաս:

Եթէ հայ ես, պիտի հպարտանաս քու ինքնութեամբդ եւ պատրաստ պիտի ըլլաս պարտաւորութիւններդ կատարելու:

Եթէներու շարքը կարելի է երկարել…

Ինչպիսի վարչակարգ որ ալ ըլլայ, մէկ իրականութիւն կը մնայ անխախտ. Հայաստանը իր ժողովուրդով կրնայ գոյատեւել, եւ ժողովուրդը պահելու համար իւրաքանչիւրս պատասխանատու ենք:

Շնորհաւոր Անկախութեան Տօնդ հայ ժողովուրդ:

 

Հայաստանի Անկախութեան Տօնը Եւ Հայուն Նոր Մարտահրաւէրները

0
People celebrate Armenian prime minister Serzh Sarkisian's resignation in downtown Yerevan on April 23, 2018. - Armenia's veteran leader Serzh Sarkisian resigned on April 23, 2018 after mass protests against his election as prime minister, sparking jubilant celebrations across the impoverished country. (Photo by KAREN MINASYAN / AFP) (Photo credit should read KAREN MINASYAN/AFP/Getty Images)

Ճրտգ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

 

«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՐՈՒԹ – 21 Սեպտեմբեր 1991 թուականը անկիւնադարձ մը եղաւ մեր ազգի կեանքին մէջ, երբ հայերը  99,5 տոկոսով  քուէարկեցին երկիրը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու, եւ այդպիսով հռչակուեցաւ Հայաստանի վերանկախացումը եւ երրորդ Հանրապետութեան ծնունդը, որ ներկայիս կը  յարատեւէ բարդ եւ դժուար պայմաններու մէջ: Անկախութեան տօնակատարութիւնը այս տարի իրեն ուրոյն համն ու հոտը պիտի ունենայ, երբ մեր հայրենիքին մէջ խաղաղ ճանապարհով տապալուեցաւ սակաւապետներու իշխանութիւնը: Ներկայիս, մեր ժողովուրդը՝ մեծամասնութեամբ եւ ի մասնաւորի անոր ճնշուած խաւը ուրախ եւ մեծ յոյսերով ու պայծառ հեռանկարներով կ’ապրի՝ փայլուն ապագայի ակնկալութեամբ: Եկէ՛ք, բոլորս միասին աշխատինք եւ ջանանք կերտել մեր նոր Հայաստանը:

Խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք, մենք ունեցանք հայկական պետութիւն մը, որմէ կ’ակնկալուէր հզօր հայրենիք կերտել, երկրի տնտեսական վիճակը եւ ժողովուրդի կենսապայմանները բարելաւել, սփիւռքահայերը ներգրաւել ու անոնց ներդրումները ապահովել հայրենիքի մէջ։ Սակայն երբե՛ք այդպէս չեղաւ եւ ամէն ինչ սահմանափակ մնաց: Այո՛, Արցախը ազատագրուեցաւ, բայց Արցախի ազատագրումէն ետք պէտք էր աշխատանք տարուէր՝ բարգաւաճ եւ ծաղկուն նոր Հայաստան մը կառուցելու, սակայն անոր փոխարէն մէջտեղ եկաւ օլիգարխային, սակաւապետական խաւ մը, որ կարճ ժամանակուան մէջ եղաւ երկրի տէրն ու տիրականը:

Անտարակո՛յս, ներկայ Հայաստանը մեր բոլորին ակնկալած ու երազած կացութեան մէջ չի գտնուիր, հետեւաբար, մենք պարտաւոր ենք աւելի՛ ամուր կառչած մնալ մեր հայրենիքին, աշխատիլ անոր գոյութեան ամրապնդման ու յարատեւութեան համար, որովհետեւ անոր ապագան՝ մեր, մեր զաւակներուն ու գալիք սերունդներուն ապագան է, եւ ներկայ առիթը պէտք չէ՛ կորսնցնել, թերեւս անիկա վերջինը ըլլայ:

Հայաստանի ամենամեծ դրամագլուխը իր ժողովուրդն է, իր աշխատող ուժը, իր զարգացած երիտասարդ նոր սերունդը, նոյնպէս՝ աշխարհածաւալ հզօր Սփիւռքը, որմէ պէտք է ամենալաւ կերպով օգտուիլ: Հարկ է պետական եւ ժողովրդական մակարդակներով հսկայ աշխատանք տանիլ եւ ջանք թափել, որպէսզի նոր սերունդը բարձր կրթութիւն ստանայ եւ պատրաստ ըլլայ արդի Հայաստան մը կերտելու:

Գաղտնի չէ, որ մեր երկիրը քարիւղի կամ բնական կազի պաշարներ չունի, ոչ ալ հսկայ կամ մեծ ծաւալով ստորգետնեայ բնական հարստութիւններ, սակայն պահ մը մտածենք, որ Մայքրոսոֆթ-ի (Microsoft) հիմնադիրը (Bill Gates) միլիառատէր մըն է, բայց ան եւս քարիւղի կամ որեւէ բնական հարստութեան հանքեր չունի։ Նմանապէս, Facebook-ի տէրը (Zookerberg) եւ իրենց նման ուրիշներ: Նորվեկիացի աշխարհագրագէտ եւ բնագէտ տոքթ. Ֆարուք Ալ-Քասիմ, իր «Միտքերու ներդրումներ» գիրքին մէջ կը յիշէ, թէ «Նիճերիան հանքարդիւնաբերութեան մէջ ամենահարուստ երկիրներէն է եւ քարիւղ արտահանողներէն մէկը, սակայն ան ամենեւին բարգաւաճ երկիրներու շարքին չէ, իսկ պատճառը այն է, որ իր ժողովուրդը զարգացած չէ՛. մինչդեռ Սինկափուրը այն երկիրն է, ուր խմելու ջուր իսկ չկար նախապէս, սակայն  այսօր ան Ճափոնէն առաջ է իր քաղաքացիական բարձր եկամուտով: Ներկայիս, միայն յետամնաց ժողովուրդներն են, որոնք կ’ակնկալեն ստորգետնեայ հարստութիւններով ապահովել իրենց ապրուստը, երբ մարդը դարձած է առաւե՛լ յաջող եւ շահաւէտ ներդրում»։

Հայաստանի մէջ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը աշխարհի ամէնէն նորարար կեդրոններու առաջին դիրքերուն վրայ կը գտնուի: Երեւանի Պետական համալսարանի մէջ ISTC կեդրոնը կը զարգացնէ Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան կրթութիւնը։ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանն ալ իր դերը ունի նոյն ոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ արդի առեւտրական գիտութիւններու ուսուցման մէջ: Նմանապէս, Հայաստանի բոլոր կրթական հաստատութիւնները, որոնց աշխատանքները անպայման զարգացած եւ արդի գիտութեամբ զինուած նոր սերունդ մը պիտի պատրաստեն։ Յիշենք, որ Սփիւռքի մէջ արդէն իսկ ունինք գիտնականներու բանակ մը, որմէ ամենալաւ կերպով պէտք է օգտուիլ։ Սակայն դեռ աւելի՛ն պէտք է ընել։ Օրինակ, վերջերս, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին զօրավիգ կանգնելու համար որդեգրուեցաւ բարերարներու «Հարիւր սիւներ – pillars» ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ իւրաքանչիւր մասնակցող տարեկան 10.000 տոլարով պիտի աջակցի համալսարանին՝ յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին։ Եկէ՛ք, աշխատինք նման բարերարներ ապահովել Հայաստանի Պետական համալսարաններուն եւ բոլոր կրթական ու գիտական հաստատութիւններուն համար եւս:

Հայաստանը արդէն իսկ ժամանակէ մը ի վեր կ’արտադրէ եւ կը վաճառէ ելեկտրոնային սարքեր, նաեւ տեղեկատուական ճարտարարուեստը (IT-Information Technology) բաւական լաւ սկիզբ առած է հոն, ուր նոյնիսկ օտար ընկերութիւններ մուտք գործած են, ինչպէս՝ Synopsys, Credence, VMware եւ շատ ուրիշ ընկերութիւններ: Հարկ է, որ Սփիւռքի բոլոր գործատէրերը եւ արուեստագէտները մասնակցին այդ արդիւնաբերութեան եւ յաջող առեւտուրի աշխատանքներուն:

Ի վերջոյ, այս բոլոր իրադարձութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ Հայաստանը ամբողջովին կ’ուղղուի դէպի աշխարհայնացում, որուն բարքերէն մէկն ալ այն է, որ երկրին ամբողջ աշխատող ուժը իր ներդրումը կ’ունենայ երկրի զարգացման գործընթացին մէջ, եւ եթէ պետութեան միջոցներով անհնարին է ըլլայ այդ մէկը, ապա ուրեմն անձնական ճիգերով եւ տաղանդով պէտք է իրականացնել զայն։ Ալ ի՞նչ կը սպասենք. ո՛վ կարողութիւն ունի, արդէն ժամանա՛կն է, թող գա՛յ:

Եկէ՛ք, միասին կերտենք մեր նոր Հայաստնը. ՕՏԱՐԸ ՄԵԶԻ ՖԱՅՏԱ ՉՈՒՆԻ։

 

Լոս Անճելըս

Խօսում Է… Երեւանեան Օրագիրս

0

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Պաշտօնակից «Նոր Օր»ի

Գլխաւոր Խմբագիր

 

«ԶԱՐԹՕՆՔ», «ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԵԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Բախտաւորութիւնը ունեցայ, որ ուսանողական տարիներս՝ 1987-1994, զուգադիպին Խորհրդային Միութեան փլուզումին, ղարաբաղեան ցոյցերուն եւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութիւններու երթին։ Ստորեւ, տողեր «Հայաստանեան օրագիրէս»՝ որպէս այդ օրերուն տաքը-տաքին գրուած վկայութիւններ, Երեւանի Նոր Նորքի 2-րդ զանգուածի ուսանողական հանրակացարանէն։

 30 Օգոստոս 1991.- Երկու շաբաթ առաջ՝ 16 Օգոստոսին, ճամբայ ելայ Պէյրութէն դէպի Մոսկուա, Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժնի 3-րդ ուսումնական տարիս սկսելու համար Սեպտեմբեր 2-ին։ …Նոյն գիշեր Մոսկուա հասայ… Նոյն օրը ԽՍՀՄ յեղաշրջումն էր, 3 օր վախի ու անորոշութեան օրեր անցընելէ ետք, պրն. Կորպաչովը նորէն ստանձնեց երկրին ղեկը։ Այսպէս պատմական օրերու, տարիներու ականատես կ՚ըլլանք ըլլայ Հայաստան, ըլլայ ԽՍՀՄ, ըլլայ Արեւելեան Եւրոպա, ըլլայ Միջին Արեւելք։

…Անցնող 10-12 օրը անցաւ երկրին նոր կացութեան ծանօթանալով, սնունդի, առօրեայ հոգսերը դասաւորելով, եւ մեր դիմաց պարզ կ՚երեւին ձմրան դժուարութիւնները։ Ծանր ձմեռ մը պիտի անցընենք, ամէն ինչ դարձած է խնդիր։

2 Սեպտեմբեր 1991.- Երկրին՝ ԽՍՀՄ քաղաքական վիճակը շատ բարդ է, անկայուն եւ այս օրերուս անկախացող երկիրներէն զատ ամէն օր նորութիւն կայ, ԽՄԿԿ (կոմունիստական, համայնավար կուսակցութիւնը – Խմբ.) կը քայքայուի, երկիրը լրիւ կը փոխուի։ Պատմական օրեր կ՚ապրինք. տեսնենք՝ մենք ի՛նչպէս պիտի դուրս գանք այս բոլորէն։ Արցախը անկախացաւ այսօր։

5 Սեպտեմբեր 1991.- Երկրին վիճակը բաւական ծանր է, տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս։ Անկախութեան եւ թշուառութեան օրեր պիտի ապրինք։

13 Սեպտեմբեր 1991.- …Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի սովորական դասի էի. նոյն օրը առաջին ժողովնիս էր, որ կարճ եղաւ, որովհետեւ միակ կարեւոր հարցը այն էր, թէ ՀՌԱԿ-ը նախագահական թեկնածու առաջադրած էր Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, եւ 15.000 ստորագրութիւն հաւաքելու ելանք Չորեքշաբթի կէսօրէ ետք։ Առայժմ շուրջ 7.000 հաւաքած ենք, սակայն լաւ կը յոգնինք այս մի քանի օրը։ Հանրաքուէին մէկ շաբաթ մնաց եւ յոյսով եմ, որ ժողովուրդին աւելի քան 95%-ը «ԱՅՈ» կ՚ըսէ անկախութեան։

16 Սեպտեմբեր 1991.- …Մինչեւ Շաբաթ կ.ե. մասնակցեցայ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի համար ստորագրութիւններ հաւաքելուն ՌԱԿ-ի կողմէ. յոյսով եմ, որ տղաքը վերջացուցին գործը։

19 Սեպտեմբեր 1991.- Լեւոն Տէր Պետրոսեանի համար հարկաւոր 15.000 ստորագրութիւնները հաւաքեցինք աւելիով։ Իսկ վաղը ժողով ունինք… Երէկ Մովսէս Գորգիզեան Ուս. միութիւնը համալսարանին մէջ կազմակերպեր էր յուշ-հանդիսութիւն՝ նուիրուած Մ. Գորգիզեանին։ Խօսք առին ՀՀԿ-ի նախագահ Աշոտ Նաւասարդեանը եւ ԱԻՄ-ի նախագահ Պարոյր Հայրիկեանը. երկուքն ալ նախագահական թեկնածուներ են։ …Երկու օրէն տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրաքուէն՝ անկախութեան համար. ժողովուրդը իր «այո»-ով պիտի կերտէ իր նոր ու դժուարին անկախ ապագան։

22 Սեպտեմբեր 1991.- Երէկ Սեպտեմբեր 21-ն էր, հայ ժողովուրդը պիտի ըսէր իր «այո»-ն անկախութեան, ԽՍՀՄ կազմէն դուրս գալու համար։ Այսօր երեկոյեան յստակ կ՚ըլլայ վերջնական արդիւնքը, թէեւ պարզ է, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը «այո» պիտի քուէարկէր։

Այսօր առտու ուսանող-ընկերներով Մուսա Լեռ գացինք, ուր ժողովուրդը համախմբուած կը նշէր հերոսամարտի տարեդարձը։ 127 կաթսայ հերիսան կ՚եփուէր գիշերուընէ եւ բաժնուեցաւ կէսօրին։ Իսկ անկէ առաջ ելոյթ ունեցան մտաւորականներ՝ շատեր, օրինակ ընկ. Յ. Աւետիքեան, Լ. Ճգնաւորեանը, Վ. Պետրոսեանը, Սիփան Շիրազը եւ այլք։

Երէկ ամբողջ օրը հրապարակը տօնախմբութիւն էր, քէֆ։

25 Սեպտեմբեր 1991.- Պատմական օրեր կ՚ապրի հայ ժողովուրդը։ Սեպտեմբեր 21-ի հանրաքուէին հայ ժողովուրդը իր «այո»-ն ըսաւ անկախութեան համար, ԽՍՀՄ-էն դուրս գալու համար։ 2 միլիոն 56 հազար 792 հոգի մասնակցեցաւ քուէարկութեան եւ «այո» պատասխանեց 2 միլիոն 42 հազար 617 մարդ։ Քուէարկողներու ընդհ. թիւին 99,31 տոկոսն է այդ։ Կեցցէ՜ հայ ժողովուրդը, կեցցէ՜ Հայաստանը։

Պատմական այս օրերուն տեղի կ՚ունենան նաեւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Ղազախիստանի եւ Ռուսաստանի նախագահներուն հանդիպումները Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Երէկ ստորագրեցին 12 պայմաններ։ Ապագան ցոյց կու տայ արդիւնքը։

29 Սեպտեմբեր 1991.- Այսօր՝ Կիրակի, Ս. Էջմիածին գացի, Միւռոնօրհնէք էր, 7 տարի առաջ եղած էր վերջինը ըստ աւանդութեան։ Ներկայ էին բազմաթիւ հիւրեր, պետական դէմքեր, Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, հոծ բազմութիւն։ Վազգէն Ա. կատարեց արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ եկեղեցականներու (հրաւիրեալ) շարք մը։ Լաւ անցաւ, տաք էր, դուրսը եղաւ ամէն ինչ։

Շուտով Հոկտեմբեր է եւ կուսակցութեան 70-ամեակն է։ Հոկտ. 1-ին մեթրոն ձրի է ժողովուրդին համար, ՌԱԿ-ի կողմէ նուէր։

3 Հոկտեմբեր 1991.- Ամսուն 30-ի գիշերը կուսակցական հրահանգով սկսանք 70-ամեակի գովազդները ցրել Երեւանի փողոցները։ Յաջորդ օրը՝ Հոկտ. 1, տարեդարձին օրը, քաղաքը ողողուած էր ՌԱԿ-ի երկնագոյն պաստառներով։ …Կեանքը նորմալ կը շարունակուի եւ քաղաքական վիճակը կը սրի, որքան մօտենայ նախագահական ընտրութիւնը։ Արդէն միայն 6 թեկնածու մնացած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ։

7 Հոկտեմբեր 1991.- Օրերը կ՚անցնին դասերով, իսկ քաղաքին կեանքը կ՚եռայ նախագահական ընտրութիւններուն հետ։ Այսօր ելոյթ ունեցաւ T.V.-էն  Պ. Հայրիկեանը եւ այսպէս ամէն օր մէկը պիտի ներկայանայ ժողովուրդին։

16 Հոկտեմբեր 1991.- Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու օրն է։ Ժողովուրդը իր ազատ կամքով պիտի որոշէ իր նախագահը, իւրաքանչիւրը ընտրելով 6-էն 1-ը մրցակից թեկնածուներէն։ Զօրի Բալայեան, Պարոյր Հայրիկեան, Ռաֆայէլ Ղազարեան, Աշոտ Նաւասարդեան, Սօս Սարգսեան եւ մեր թեկնածուն՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան։ Նախնական սոցիոլոգիական տուեալներու համաձայն՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը նուազագոյնը 48% կը հաւաքէ, իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն մինչեւ 72%։ Ամէն ինչ պարզ կ՚ըլլայ, երբ յայտարարուին արդիւնքները։

Հայ ըլլալով, Հայաստան ապրելով աւելի քան 4 տարի, մենք (ես) իրաւունք չունինք մասնակցելու ընտրութիւններուն։ Լիբանանի քաղաքացի ենք վերջապէս, բայց օրը պիտի գայ երեւի, երբ մեր հայրենիքին մէջ պանդուխտ պիտի չըլլանք այլեւս։

Քաղաքը կազի ու պենզինի փրոպլեմ ունի եւ այս վերջին օրերը շատ դժուար են երթեւեկի հարցով։

Պէյրութէն ժամանեցին ընկերներ՝ տոքթ. Եոզկաթեանը, Պ. Աղպաշեանը, Մակարեանը եւ Ա. Վայէճեանը։  …Հոկտ. 24-ին Օփերային մէջ պիտի նշուի ՌԱԿ-ի 70-ամեակը, իսկ մենք ալ Դիլիջան պիտի երթանք Նոյեմբերի սկիզբը։

20 Հոկտեմբեր 1991.- …Նախագահական ընտրութիւնները շահեցաւ ՌԱԿ-ի թեկնածուն՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, 83% ապահովելով։ Յետոյ կու գան Հայրիկեանը՝ 7,2%, Սօս Սարգսեանը՝ 4,3%, Զօրի Բալայեանը, Ռաֆ. Ղազարեանը եւ Ա. Նաւասարդեանը։

27 Հոկտեմբեր 1991.- … Ուրբաթ օր ներկայ եղայ Լ. Ճգնաւորեանի Սիմֆոնիկի համերգին՝ նուիրուած ՀԲԸՄ-ին։ Լաւ էր։

8 Դեկտեմբեր 1991.- …Նոյեմբեր 30-ին եւ Դեկտեմբեր 1-ին տեղի ունեցաւ ՀՌԱԿ-ի առաջին պատգամաւորական ժողովը, ուր ընդունեցին ծրագիրը, կանոնագիրը, ինչպէս նաեւ ընտրեցին 15 հոգինոց վարչութիւն։

19 Դեկտեմբեր 1991.- …Քաղաքական վիճակը նախկին ԽՍՀՄ-ի մէջ կամաց-կամաց կը կարգաւորուի. այսպէս, պիտի կազմուի Անկախ պետութիւններու ընկերակցութիւն, որուն հաւանական է միանայ նաեւ Հայաստանը։

23 Դեկտեմբեր 1991.- Նոր, լոյսը անջատեցին. վերջերս յաճախակի դարձած է, օրական 3-6 ժամ կը կտրեն։ Տաք ջուրին ինչ ըլլալը արդէն մոռցանք, իսկ ջեռուցում կայ, երբ որ լոյս կայ։

Երեւան