Չորեքշաբթի, 08. 04. 2026

Նիկոլ Փաշինեան Ուրախութեամբ Յայտնած Է, Որ Ընտրութիւններուն Քուէարկութիւնը Եւ Ձայներու Հաշուարկը Անցած Է Սիրոյ Եւ Համերաշխութեան Մթնոլորտին Մէջ

0

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուրախութեամբ կը փաստէ, որ մայրաքաղաքին մէջ ընտրութիւնները, ընդհանուր առմամբ, անցած են լաւ տրամադրութեամբ, եւ որեւէ լուրջ միջադէպ չկայ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` Փարիզի օդակայանէն Ֆէյսպուքի իր էջի ուղիղ եթերի ժամանակ Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ կ’ըլլան օրինակելի քուէարկութիւն, օրինակելի ընտրութիւններ: «Իհարկէ, կայ այսպիսի մի վիճակագրութիւն, որ նախորդ անգամ  կայացած Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնների համեմատ ակտիւութիւնն այս անգամ 1-2 տոկոսով քիչ է, բայց ես յոյս ունեմ, որ մեր քաղաքացիներն ակտիւ մասնակցութիւն կը ցուցաբերեն, եւ քուէարկութիւնը եւ ձայների հաշուարկը կ’անցնեն սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտում»,- նշած է ան:

Նիկոլ Փաշինեան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ ՀՀ քաղաքացիի ազատ կամարտայայտումին որեւէ բան չի կրնար սպառնալ: «Եւս մէկ անգամ կոչ եմ անում գնալ ընտրատեղամաս եւ քուէարկել, քանի որ միայն ձեր որոշումից է կախուած ընտրութիւնների վերջնական արդիւնքները: Ամէն ձայնը վճռորոշ է, եւ ամէն քաղաքացի իր խօսքը պէտք է ասի այս ընտրութիւններում»,- ընտրութիւններու աւարտէն ժամեր առաջ ընդգծած է Փաշինեան:

 

ՀՀ Վարչապետը Մասնակցեցաւ Երեւանի Աւագանիի Արտահերթ Ընտրութիւններու Քուէարկութեան

0

Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու քուէարկութեան մեկնարկէն քիչ անց 8/16 ընտրատեղամասին մէջ քուէարկեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այս ընտրութիւնները տարբերուելու են նրանով, որ քաղաքացին վստահ է, որ ընտրութիւնն ինքն է կատարելու եւ իր ձայնը չի գողացուելու»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ լրագրողներուն ըսաւ վարչապետը:

«Ի՞նչպէս կը գնահատէք նախընտրական քարոզարշաւը» լրագրողի հարցին Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց. «Այս ընտրարշաւն իրական ընտրարշաւ էր, եւ բոլոր ուժերը հասկանում էին, որ պէտք է պայքարեն ամէն ձայնի համար, այդ թուում՝ իշխանութիւնը: Մենք նոյնպէս՝ որպէս իշխանութիւն, հասկանում էինք, որ պէտք է պայքարենք ամէն ձայնի համար: Ու երբ ասում են, որ կրքեր են բորբոքուում, ապա ցանկացած ընտրարշաւի ժամանակ կրքեր են բորբոքուում: Կարծում եմ՝ սրանից յետոյ Հայաստանում ընտարշաւից առաջ կրքեր են բորբոքուելու, որովհետեւ Հայաստանում ընտրութիւններն այսուհետ լինելու են իրական: Ոչ մի կաբինետում ընտրութիւնների արդիւնքները գրուած, դարակում դրուած, կամ ԿԸՀ-ին, կամ ոստիկանութեանը, կամ ԱԱԾ-ին փոխանցուած չեն լինելու: Պէտք է սովորել իրական ընտրութիւնների եւ իրական քարոզարշաւի»,- նշեց վարչապետը:

Տեղի Ունեցաւ Երեւանի Քաղապետական Ընտրութիւնները. Նախնական Տուեալներով Երեւանի Աւագանիի Արտահերթ Ընտրութիւններուն Մասնակցած Է Ընտրողներու 43,65 Տոկոսը

0

Նախնական տուեալներով Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցած է 370 հազար 323 քաղաքացի կամ ընտրելու իրաւունք ունեցողներու 43,65 տոկոսը: Այս մասին լրագրողներուն տեղեկացուց ՀՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը:

«Կ’ուզեմ նշել, որ ասոնք տակաւին նախնական տուեալներն են, որոնք ստացուած են տարածքային ընտրական յանձնաժողովներէն ելեկտրոնային եղանակով: Կէս գիշերէն կը սկսի քուէարկութեան արդիւնքներու աղիւսակաւորումը: Ստանալէ ետք, արդիւնքները կէս գիշերէն կը սկսին հրապարակուիլ տեղամաս առ տեղամաս: Անոնց վերաբերեալ պարբերաբար տեղեկութիւններ կը ներկայացուին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ: Տեղեկութիւնները պարբերաբար կը թարմացուին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կայքին մէջ»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ ըսաւ Մուկուչեանը:

Ան նաեւ յայտնեց, որ, ի տարբերութիւն Երեւանի աւագանիի նախորդ ընտրութիւններուն, այս անգամ ընտրութիւններուն մասնակցած է 25 հազար 97 աւելի ընտրող: Երեւանի աւագանիի նախորդ ընտրութիւններուն մասնակցութեան տոկոսը կազմած է 40,99%, այսինքն՝ քուէարկած է 345 հազար 226 քաղաքացի:

Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներէն մասնակցած է 38 հազար 878 քաղաքացի կամ 45,64  տոկոսը, Աւանի մէջ՝ 18 հազար 593  քաղաքացի կամ 46,49 տոկոսը,  Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ՝ 42 հազար 465 քաղաքացի կամ 43,36  տոկոսը, Դաւթաշէնի մէջ՝ 15 հազար 361  քաղաքացի կամ 46,92  տոկոսը, Էրեբունի վարչական շրջանին մէջ քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներէն մասնակցած է 37 հազար 983 քաղաքացի կամ 40,38  տոկոսը, Կեդրոնին մէջ՝ 41 հազար 318 քաղաքացի կամ 42,83  տոկոսը, Մալաթիա Սեբաստիա վարչական շրջանին մէջ՝ 45 հազար 935 քաղաքացի  կամ 42,22  տոկոսը,  Նոր Նորք վարչական շրջանին մէջ 45 հազար 17 քաղաքացի կամ 44,52 տոկոսը, Նորք Մարաշին մէջ՝ 5 հազար 109 քաղաքացի  կամ 47,01 տոկոսը, Նուպարաշէն վարչական շրջանին մէջ քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներէն մասնակցած է 3 հազար 767  ընտրող կամ 45,38 տոկոսը, Շէնգաւիթի մէջ՝ 50 հազար 644 քաղաքացի կամ 44,48  տոկոսը, իսկ Քանաքեռ-Զէյթունի մէջ՝ 25 հազար 253  քաղաքացի կամ 42,81 տոկոսը:

Նշենք, որ Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններու քուէարկութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ժամը 08:00-էն բացուած են Երեւանի բոլոր ընտրական տեղամասերուն դռները:

Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցած են 12 քաղաքական ուժ՝ 4 դաշինք եւ 8 կուսակցութիւն. Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Ռաֆֆի Յովհաննիսեան), «Լոյս» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Արտակ Զէյնալեան), «Երեւանի հանրութիւն» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Անահիտ Թարխանեան), ԲՀԿ-ն (քաղաքապետի թեկնածու Նայիրա Զօհրապեան), «Իմ քայլը» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Հայկ Մարութեան), Հայկազունիներ կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Գէորգ Յովսէփեան), Երկիր ծիրանի կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Զարուհի Փոստանջեան), Ժողովրդավարական ուղի կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Մանուէլ Գասպարեան), ՕԵԿ-ը (քաղաքապետի թեկնածու Մհեր Շահգելտեան), ՀՅԴ-ն (քաղաքապետի թեկնածու Միքայէլ Մանուկեան), Ռեֆորմիստներ կուսակցութիւնը (քաղաքապետի թեկնածու Արտակ Աւետեան), «Երեւանցիներ» դաշինքը (քաղաքապետի թեկնածու Արարատ Զուրապեան):

Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցած են 848 հազար 343 քաղաքացի: Քուէարկութիւնը շարունակուած է մինչեւ ժամը 20:00, որմէ ետք մեկնարկած է ձայներու հաշուարկը:

ՀՀ Անկախութեան 27-րդ Տարեդարձին Առթիւ Վարչապետը Այցելած Է «Եռաբլուր» Պանթէոն

0

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.-ի հետ եւ Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: 

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ  վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետը ծաղիկներ դրած է սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն, անյայտ կորած ազատամարտիկներու յուշակոթողին եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Այցելած Է «Եռաբլուր» Զինուորական Պանթէոն

0

Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային տօնի՝ անկախութեան 27-րդ տարեդարձի առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցած է իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: 

Անկախութեան Տօնին Առթիւ Նախագահի Նստավայրին Մէջ Պարգեւատրման Արարողութիւն Տեղի Ունեցած Է

0

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու եւ ոստիկանութեան խումբ մը ներկայացուցիչներու՝ ծա­ռայութեան ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան եւ նուիրումի, ինչպէս նաեւ իրաւակարգի ամրապնդման, հասարա­կա­կան կարգի պահպանութեան գործին մէջ ներդրած աւան­դի համար շնորհուած են Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն պարգեւներ եւ զինուորական կոչումներ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ զինուած ուժերու երկու շարքային զինծառայողներ՝ Արթուր Բաբգէն Կոշտոյեանը եւ Յովհաննէս Կրիշա Իգիլիկեանը յետմահու արժանացած են մարտական ծառայութեան մետալի:

Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ նախագահ Արմէն Սարգսեան յանձնած է պետական բարձր պարգեւները: Դիմելով ներկաներուն՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է.

«Նախ թոյլ տուէք եւս մէկ անգամ բոլորիս շնորհաւորել համազգային ու համապետական այս առանձնայատուկ տօնի՝ Հայաստանի անկախութեան հռչակման տարեդարձի առթիւ:

Առաջին հերթին ցանկանում եմ շնորհաւորել եւ երախտագիտութիւնս յայտնել հայրենիքի համար իրենց կեանքը նուիրաբերած եւ այսօր յետմահու պարգեւատրուած մեր հերոսների՝ Հայաստանի զինուած ուժերի շարքայիններ Արթուր Բաբգէնի Կոշտոյեանի եւ Յովհաննէս Կրիշայի Իգիլիկեանի հարազատներին, ի դէմս նրանց՝ անկախութեան եւ ազատութեան համար զոհուած մեր բոլոր հերոսների հարազատներին:

Խոնարհուում եմ նրանց յիշատակի առաջ: Յարգելի Աշոտ, խնդրում եմ գնահատանքի ու երախտիքի խօսքերս եւ մեր բոլորի առողջութեան բարեմաղթանքները յայտնել տիկին Աննային:

Յարգելի՛ բարեկամներ,

Շնորհաւորելով ձեզ ազնուօրէն վաստակած շքանշանների ու մետալների առթիւ՝ ուզում եմ նշել, որ դրանք սոսկ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներ չեն:

Դրանք այն անկախութեան ու ազատութեան պարգեւներն են, որոնք աւելի քան քառորդ դար առաջ ձեռք են բերուել բոլորիս միասնական ջանքերով:

Ժամանակն ու երկրի զարգացման հեռանկարները պահանջում են պատմութեան վերընթերցում, նոր գաղափարների առաջադրում, նոր արժէքների ստեղծում:

Միեւնոյն ժամանակ մենք պէտք է հաւատարիմ մնանք այն արժէքներին ու արժեհամակարգին, որոնց համար ձեր ընկերներն իրենց տարիների քրտնաջան աշխատանքը եւ, ցաւօք սրտի, յաճախ նաեւ իրենց կեանքն են տուել:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Անկախութեան անցած տարիներից իւրաքանչիւրն առանձնայատուկ է: Մենք կարող ենք եւ պարտաւոր ենք նշանակալի ձեռքբերումներով առանձնայատուկ դարձնել այս տարին եւ հետագայ բոլոր տարիները, առանձնայատուկ դարձնել մեր երկիրը: Որովհետեւ այդպիսին է, առանձնայատուկ է մեր ժողովուրդը Հայաստանում, Արցախում եւ Սփիւռքում, այդպիսին է Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացի, իւրաքանչիւր հայ:

Կարծում եմ եւ յոյս ունեմ, որ շուտով մենք այստեղ նորից կը հանդիպենք, եւ ես պատիւ ու մեծ հաճոյք կ«ունենամ պարգեւատրել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան այլ քաղաքացիների՝ մտաւորականների, գործարարների, աշխատաւորների, գիւղացիական համայնքների, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչների, ժուռնալիստների, քանի որ հայրենիքի պաշտպանութիւնը բոլորիս պարտքն է, եւ մեզնից իւրաքանչիւրն իր լաւագոյնն է անում այդ պատուաւոր ու կարեւոր գործում:

Կրկին անգամ շնորհաւորում եմ բոլորիս անկախութեան տօնի առթիւ, մաղթում խաղաղութիւն, լաւատեսութիւն եւ առաջընթաց»: 

Նախագահ Սարգսեան Մասնակացած Է Անկախութեան Տօնին Նուիրուած Պաշտօնական Ընդունելութեան

0

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ տարեդարձին նուիրուած պաշտօնական ընդունելութեան: 

Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ունինք Շատ Աւելի Մեծ Ներուժ Եւ Ամեակ Հնարաւորութիւն, Քան Կը Պատկերացնենք. ՀՀ Նախագահի Ուղերձը Անկախութեան Տօնի Առթիւ

0

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի անկախութեան տօնի առթիւ: Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի գրասենեակէն, ուղերձին մէջ կ’ըսուի.

«Հայաստանի Հանրապետութեան յարգելի՛ քաղաքացիներ,

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

1991 թուականի այս օրը մենք հրապարակաւ ձեւակերպեցինք ձայնի մեր իրաւունքը: Այսօր մենք՝ որպէս անկախ պետութիւն, վստահօրէն խօսում ենք իրաւունքի ձայնով: 

Մենք ապացուցեցինք, որ երազանքը կարող է իրականութիւն դառնալ: Այսօր ունենք նոր ձգտումներ, որոնք ծնուում են ամէն օր, իւրաքանչիւրիս մէջ: Պէտք է մեզ պատրաստ եւ ունակ զգանք դրանք իրականութիւն դարձնել նոր Հայաստանում: Այսօրուայ Հայաստանի առաջին ընկալումը պէտք լինի այն, որ այն մի նոր միջավայր է, որը պէտք է ձեւաւորուի իւրաքանչիւրիս կողմից։
Մեզ պարտաւորեցնում են այն մարդկանց յիշատակները, ովքեր իրենց զոհաբերեցին յանուն անկախութեան, ովքեր մօտեցրին այն, բայց չհասցրին տեսնել: Մենք պարտք ունենք նրանց առաջ: 

Մեր պատմութեան դասերից մէկն այն է, որ մենք յաղթանակների հասել ենք, երբ միասնական ենք եղել։ 

Նոր Հայաստանը պէտք է լինի յաղթանակների Հայաստան։ 

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Հպարտանալով անցեալով կամ նախկինում ունեցած ձեռքբերումներով՝ մենք պէտք է աւելի մեծ ոգեւորութեամբ ու ստեղծագործաբար մօտենանք ապագային: 

Մեր միտքը եւ կարողութիւնները պէտք է առաջ ընկնեն զգացմունքներից ու մեր երկիրը դարձնեն աշխարհի ընթացքին աւելի համահունչ: Ժամանակը մեզ անընդհատ մղում է առաջ՝ հասկացնելով, որ որպէս պետութիւն, որպէս ժողովուրդ ուշանալու իրաւունք չունենք: Մենք պէտք է շարժուենք առաջընթացի ճանապարհով՝ սահմանադրութեան նկատմամբ անվերապահ յարգանքի, հանրութեան, քաղաքացիական հասարակութեան ինստիտուտների եւ իշխանութեան բոլոր ճիւղերի կողմից պետութեան հանդէպ մեծ պատասխանատուութեան գիտակցումով:

Որպէս Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք՝ մենք մէկ ամբողջութիւն ենք համաշխարհային միջավայրում: 

Ուրեմն ունենք շատ աւելի մեծ ներուժ եւ հնարաւորութիւն, քան պատկերացնում ենք: 

Դարձնենք այդ բոլորը մեր հետագայ յաղթանակների շարժիչ ուժը, դարձնենք բոլորս միասին՝ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներով, աշխարհասփիւռ հայութեամբ, համահայկականութեամբ: 

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 

Մեր ընտանիքներում սովոր ենք ընտանեկան տօները նշել միասին եւ միասնական։ Մեր ազգային տօնը մեր մեծ հայկական ընտանիքի տօնն է, այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան օրը, մեր մեծի ու փոքրի, զինուորի եւ աշխատաւորի, մտաւորականի եւ ուսանողի, բոլորիս տօնը։ 

Շնորհաւորում եմ բոլորիս համազգային եւ համապետական տօնի՝ Հայաստանի անկախութեան օրուայ առթիւ: Մաղթում եմ խաղաղութիւն, բարեկեցութիւն, երջանկութիւն եւ լաւատեսութիւն»:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ Նախագահեց Հանրապետական Մաղթանքին

0

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ ամեակին առիթով Կիրակի, 23 Սեպտեմբեր 2018-ին Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեահափառ հայրապետին եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանատան ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք։

Հանրապետական մաղթանքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը պատգամ մը տուաւ՝ շեշտելով հետեւեալ երեք կէտերը.

ա) Ազգի մը անկախութիւնը աստուածատուր իրաւունք է։ Միաստուածեան երեք կրօններուն մէջ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուած է այս իրողութիւնը եւ յատկապէս քրիստոնութեան մէջ։ Աստուածատուր իրաւունք ըլլալով՝ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի խլելու կամ բռնաբարելու ուրիշին խաղաղութիւնը։

բ) Հայկին ուղղած «ոչ»-ը Բէլին եղաւ մնայուն մղում մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան պահպանման։

գ) Եկեղեցւոյ առաքելութեան անբաժան մասը կը կազմէ խաղաղութեան համար գործել ու նոյնիսկ իմացեալ մահով պաշտպանել խաղաղութիւնը որպէս աստուածատուր իրաւունք։ Այսպէս եղած է մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը։

Իր պատգամի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամուր պահելու Հայաստանի անկախութիւնը՝ հայրենաշինութեան մեր գործուն մասնակցութեամբ։

Հանրապետական մաղթանքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը, վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նախարարը՝ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեամբ։ Նախարար Հայրապետեան իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գտնուելուն իրեն ընծայուած առիթին համար։

Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը նախարարին իրազեկ դարձուց Սփիւռքին ներկայ իրավիճակը եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ արծարծելու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Հայաստանէն ներս անցնող ամիսներուն տեղի ունեցած իրադարձութիններուն եւ ներկայիս տիրող կացութեան մասին։ Աւարտին, նախարարը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի սերտացնելու եւ ամրացնելու իր պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը յայտնեց հայրապետին։

Յայտնենք, որ նախարարը այցելեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարան, Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան-մատուռ, Հայաստանի անկախութեան յուշակոթող, ինչպէս նաեւ շրջեցաւ Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակը։

ՌԱԿի Պատուիրակութեան Հանդիպումը ՀՀ Սփիւռքի Նախարար՝ Մխիթար Հայրապետեանի Հետ

0

Լիբանան իր այցելութեան ծիրէն ներս ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեան ՀՀ դեսպանատան մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, տեսակցութիւն մը ունեցաւ ՌԱԿի պատուիրակութեան հետ: ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին, ընկերներ՝ Տոքթ. Յակոբ Փափազեան, Արա Թէրզեան եւ Արա Գոյունեան: Պատուիրակութեան ընկերակցեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան:

 

Սրտբաց եւ մտերմիկ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին սփիւռքներն ու հայրենիքը յուզող հարցեր:

Քննարկուեցան ապագային աւելի եւս գործակցութեան հեռանկարներ: Յարգելի նախարարը ՌԱԿի պատուիրակութեան փոխանցեց իր տպաւորութիւնները Լիբանանի եւ Լիբանանահայ համայնքին մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձ մը եղաւ հանդիպման նախօրէին Նախարարին Սուրիա այցելութեան մանրամասնութիւններուն:

Նշենք, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Լիբանան իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ կ՛ունենայ լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: