Չորեքշաբթի, 08. 04. 2026

ՄԱՀԱԶԴ – Յարութիւն Գարատաղլեանի

0

Այս տխուր առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ կը վշտակցի հանգուցեալին հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, յատկապէս եղբօրորդիներուն՝ Տէր եւ Տիկ. Արամ Գարատաղլեանին եւ Տէր եւ Տիկ. Քրիստիան Գարատաղլեանին:

Դարձեալ Պիտի Կերտենք Մայիսի 9-ներ

0

8 տարիներ առաջ այս օրերուն, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս, պատիւը, հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը ունեցած էինք Լիբանանէն բերուած Մայրիի ծառ մը ունենալու Արցախի Մարտակերտ քաղաքի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցին շրջափակին մէջ:

ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով ծառը խորհրդանշանակօրէն տնկուեցաւ մարտական խաչի երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր Վարդան Մինասեանի մահուան տարելիցին նուիրուած դպրոցական ոգեկոչման ձեռնարկի մը ընթացքին, Ապրիլեան Քառօրեայ պատերազմին մասնակից զինուորի ձեռամբ: Մայրին տնկող հայ զինուորը, տնկիին համար փոսը պատրաստելու, ապա ծածկելու համար, մերկ ձեռքերով աշխատած էր՝ մերժելով բահ կամ այլ գործիք օգտագործել, ըսելով որ. «Բարեկամութեան ծառը ափերով է, որ կը տնկուի հողին մէջ»:

Սոյն արարողութեան ներկայ գտնուած էին նաեւ արցախի նուիրեալ արուեստագիտուհի Շուշան Պետրոսեան, դպրոցին տնօրէնուհի՝ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի հոգեհարազատ ընկեր՝ Մելսիդա Քարդումեանը, ինչպէս նաեւ դարձեալ մեր թերթին համար հոգեհարազատ ուսուցչուհիներ Լուսինէ Սաիյեանը եւ Ռուզաննա Աւետիսեանը, դպրոցի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, անձնկազմին եւ խումբ մը հայ զինուորներու կողքին:

Այսօր՝ Մայիսեան յաղթանակը տօնելու այս օրերուն սոյն լուրը դարձեալ կը կիսուինք մեր ընթերցողներուն հետ, այն յոյսով, որ ծառատնկումի այս ոգեշնչող արարողութեան յաջորդած տարին մեր հայրենիքին մէջ ու մեր քաջարի ժողովուրդին հետ պատահած պատմական թիւրիմացութիւնը, որ տակաւին կը շարունակուի, մինչ մենք «շնորհիւ» անոր կորսնցուցինք մեր Արցախն ու 5000 լոյս տղաներ, շուտով կը սրբագրուի:

Վստահ ենք, որ ապագային գալիք Հայ ժողովուրդի ազգային իշխանութիւնները մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ միասնաբար, վերստին կը տիրանան Արցախին ու կը վերականգնեն մեր ազգային հպարտութիւնը, եթէ ոչ անպայման մեր օրերուն, սակայն հաստատ մեր զաւակներուն ու թոռներուն մասնակցութեամբ, որոնք դարձեալ եւ իրենց հերթին հոն կը տնկեն յաւերժական նոր Մայրիներ:

«Զ.»

Սփիւռքի Կառոյցները Միայն Բեմ Չեն Կրնար Ըլլալ. Երիտասարդութիւնը Կրնայ Յայտնաբերել Իր Դերը, Արտայայտել Իր Ձայնը Եւ Ի Գործ Դնել Իր Կարողութիւնները

0

Դոկտ. ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Քանի մը ամիս առաջ, «Սփիւռքի Մեծ Բացական՝ Ղեկավարութիւն» (1) վերնագրով յօդուածի մը մէջ անդրադարձած էի, թէ ինչպէս Սփիւռքի «դասական» կազմակերպութիւնները խոր ճգնաժամի մէջ են, թէ  սփիւռքեան ղեկավարութեան քանակական եւ որակական նօսրացումը հիմնական ու գոյութենական խնդիր է, եւ կառոյցները չեն յարմարած 21-րդ դարու իրականութիւններուն։ Առանց արմատական ինքնաքննադատութեան, երիտասարդներու եւ կանանց ներգրաւման, բաց երկխօսութեան եւ ժամանակակից աշխատելակերպի որդեգրման, կառոյցները դատապարտուած են աստիճանաբար կազմալուծուելու։ Միասնականութեան մասին դատարկ կարգախօսները գործնական քայլերով պէտք է փոխարինուին՝ նոր տեսլականով ու նոր առաջնորդներով՝ հիմնուած վստահութեան, արդիական մեթոտներու եւ համադրուած ջանքերու վրայ։

Այս յօդուածին մէջ կը փափաքիմ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդութեան վրայ եւ որոշ գործնական առաջարկներ ընել:  

Անուրանալի է, որ տասնամեակներու ընթացքին, սփիւռքեան ազգային կամ համայնքային կառոյցները—եկեղեցին, միութիւններ, կուսակցութիւններ, մշակութային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ—համայնքային կեանքի ողնաշարը եղած են։ Անոնք ջամբած են հայրենասիրական ոգի, փոխանցած են հոգեւոր դաստիարակութիւն, մշակոյթ ու լեզու, եւ ստեղծած են պատկանելիութեան մթնոլորտ մը աշխարհի տարբեր ծագերուն տարածուած հազարաւոր հայերու համար։ Սակայն, ժամանակները փոխուած են։ Նոր սերունդի մտածողութիւնը, աշխարհահայեացքը ու սպասումները այլ են։ Իսկ հարցումը, որ կը մնայ անպատասխան՝ սերունդներու այս կամուրջը ինչպէ՞ս պիտի կերտուի կամ ձեւաւորուի։

Կառոյցը միջոց Է, ոչ՝ նպատակ

Առաջին հերթին անհրաժեշտ է ըմբռնել պարզ բայց կարեւոր իրողութիւն մը՝ ազգային կառոյցները ինքնին նպատակ չեն։ Ակումբը, միութիւնը կամ կուսակցական կառոյցը միջոցներ են, ոչ թէ վերջին կայարան։ Այդ կառոյցները կը գործեն որպէս անցումային օղակներ, որոնք մարդը կը կապեն իր ինքնութեան, մշակոյթին ու արմատներուն։ Սակայն երբ կառոյցը դառնայ ինքնանպատակ՝ առանց հաշուի առնելու թէ ո՞վ ներգրաւուած է եւ ինչո՞ւ, ան կը դադրի կենսունակ ու իմաստալից ըլլալէ։

Շատ յաճախ հայկական կազմակերպութիւններու քննարկումներուն մէջ բացակայ է այս ճշմարտութիւնը։ Կարծրացած է այն ենթադրութիւնը, որ «ակումբ»ը կամ «համայնքային կեդրոնը» կամ նոյնիսկ եկեղեցին, բոլորին կողմէ նոյն կերպ կը մեկնաբանուի, կամ բոլոր «օգտատէրերը» նոյն հետաքրքրութիւնը, ակնկալութիւնները ունին, նոյն գնահատականը կընեն: Որեւէ լուրջ կազմակերպութեան մը ղեկավարութիւն պէտք է ունենայ այն խոնարհութիւնն ու իրատես կամքը՝ հարց տալու, թէ «Ի՞նչ կ՛ուզեն մեր երիտասարդներն ու նորահաս սերունդները։ Ի՞նչ կ՛ակնկալեն տեսնել մեր կազմակերպութիւններուն մէջ»։

Փաստերը ի՞նչ կըսեն

Ըստ վերջին տարիներուն հայկական սփիւռքի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն (2), սփիւռքի կազմակերպութիւններու դերին մասին 16-35 տարեկան հայ երիտասարդներուն մօտ քանի մը կարեւոր մտածումներ կը նկատուին։ Շատեր յատկապէս անջատուած կը զգան համայնքային կազմակերպութիւններէն եւ անոնց առաջնորդներէն։ Օրինակ՝ Մոնթրէալի մէջ, Քեպէք ծնած երիտասարդուհի մը կըսէ, թէ հայկական վարժարանին մէջ չէր կրնար ընդունուած կառոյցի կարծիքէն տարբեր կարծիք յայտնել. թոյլատրելի չէր։ Ըստ 2019-ին Արժանթին, Մոնթրէալ եւ Լիբանան կատարուած ուսումնասիրութեան, 16-24 տարեկաններու 84 տոկոսը եւ 25-34 տարեկաններու 76 տոկոսը հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու հետ կապ չունէր։ Նոյն երեւոյթը արձանագրուած է նաեւ ԱՄՆ-ի եւ Թորոնթոյի մէջ 2022-ին, ուր բոլոր տարիքի մասնակցողներու մեծ մասը՝ յատկապէս երիտասարդները, համայնքային կուսակցական կազմակերպութիւններուն մէջ գործուն մասնակցութիւն չունէին։

Երիտասարդներու մեծ մասին համար համայնքային կազմակերպութիւններու ծրագիրները չեն հետաքրքրեր զիրենք։ Ըստ 2019-ի ուսումնասիրութեան, 34 տոկոսը նշած էր, որ երիտասարդներու հետաքրքրութիւններուն չհամապատասխանող ծրագիրներու պակասը լուրջ խնդիր է։ Ըստ 2021-ի Եւրոպայի համայնքներու արդիւնքներու, 16-24 տարեկաններու 56 տոկոսը առաջնահերթ կը նկատէր հայոց պատմութեան, լեզուի, արուեստի, երաժշտութեան, հայկական խոհանոցի եւ պարի շուրջ դասախօսութիւններու եւ միջոցառումներու կազմակերպումը։ Նմանապէս, ըստ 2022-ին Միացեալ Նահանգներու եւ Թորոնթոյի մէջ կատարուած հարցախոյզի արդիւնքներու, «երիտասարդներու համար հետաքրքրական միջոցառումներու բացակայութիւնը» հիմնական խնդիր էր 18-24 տարեկաններու (46%) եւ 25-34 տարեկաններու (34%) համար։

Կարճ ասաց, այս տարիքային խումբերը կը զգան թէ չեն ներկայացուիր եւ հեռացած են աւանդական կառոյցներէն։ Որակական հարցազրոյցներու ընթացքին երիտասարդ մասնակիցներ նշած են, որ համայնքային կազմակերպութիւնները չեն յարմարիր ժամանակներու փոփոխութիւններուն եւ չեն արտայայտեր ամբողջ համայնքի կարծիքը։ Շատեր կը նշեն, որ կուսակցութիւնները եւ աւանդական կառոյցները չեն արդիականացած եւ չեն արտացոլեր նոր սերունդի մտածելակերպը։ Այդուհանդերձ, կրթական եւ մշակութային ծրագիրներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը շատ բարձր է. 2022-ին, Թորոնթոյի հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ 18-24 եւ 25-34 տարեկան երիտասարդներու համար «համայնքի տարանջատումը» կը մնայ հիմնական մտահոգութիւն։

Նոր սերունդը լսել, ոչ թէ ենթադրել

Բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կ’ենթադրեն որ եթէ իրենք որոշ ծրագիրներ յղանան եւ ստեղծեն՝ գեղեցիկ աֆիշներով եւ խելացի շուկայնացումով (marketing-ով), երիտասարդները ինքնաբերաբար պիտի «կլանեն» զանոնք։ Սակայն այս մօտեցումը չի համապատասխաներ ժամանակակից երիտասարդութեան ակնկալութիւններուն։ Այսօրուան նոր սերունդը կը փնտռէ իմաստ, ինքնութիւն, տարածք, ուր իր ձայնը նշանակութիւն ունի։

Երիտասարդները իսկապէս ներգրաւելու համար պէտք է սկսիլ լսել զանոնք։ Ոչ միայն անհատական զրոյցներով, այլեւ հետեւողական հարցադրումներով, հետազօտութիւններով՝ հասկնալու, թէ ի՛նչ ակնկալութիւններ ունին համայնքէն, եկեղեցիէն, կուսակցութիւններէն, միութիւններէն, եւ ընդհանրապէս հայկական կազմակերպութիւններէն։

Այս գործընթացը կրնայ շօշափելի կերպով իրագործել`ստեղծելով երիտասարդական խորհուրդներ, կազմակերպելով բաց ֆորումներ եւ քննարկումներ, ուր պատանիներու եւ երիտասարդութեան ձայնը ոչ միայն կը հնչէ եւ կ՚արձանագրուի, այլ կը դառնայ առաջնորդող ուղեցոյց։

Նոր մեթոտներ նոր սերունդին համար

Համայնքներու ապագան կախեալ է նոր սերունդէն, որ այսօր լուռ է, բայց ունի ձգտում եւ տեսլական։ Կառոյցները միայն բեմ չեն կրնար ըլլալ, ուր երիտասարդները կը լսեն, այլ հարթակ՝ ուր անոնք կը խօսին։

Անհրաժեշտ է ստեղծել առցանց եւ արհեստագիտական հարթակներ՝ խթանելու կապեր եւ համագործակցութիւն։ Միայն ֆիզիքական ներկայութիւնը այլեւս բաւարար չէ՝ այսօրուան ժամանակակից երիտասարդին հասնելու համար։

Երիտասարդներուն համար պէտք է մշակել անձնական եւ մասնագիտական զարգացման ծրագիրներ. Օրինակ՝ հիւր խօսողներու մասնակցութեամբ քննարկումներ, ձեռնարկատիրութեան ու ինքնարտայայտման աշխատանոցներ, որոնք կ՚ամրացնեն կապը ազգային պատկանելիութեան եւ անհատական կերտումին միջեւ։

Սփիւռքեան կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, «ազգային ծառայութիւն», «յանձնառութիւն» եւ «պարտականութիւն» քարոզելէ առաջ, նախ մարդ  կերտելով պէտք է զբաղին. Նկարագիր եւ ինքնութիւն ձեւաւորելու մասին մտածել: Երիտասարդը պէտք է զգայ, որ ինք դեր ունի համայնքին մէջ, ոչ թէ միայն ունկնդիր է: Երիտասարդներուն ներշնչել, լիցքաւորել եւ ուղեկից ըլլալ անոնց որպէս գործակիցներ։ Երիտասարդը պէտք է զգայ, որ ինք համայնքի ձեւաւորման մասնակից է, ոչ միայն ստացող։

Ճկուն եւ երիտասարդակեդրոն մօտեցումները պէտք է առաջնորդուին ոչ թէ ծրագրերու քանակով, այլ անոնց ազդեցութեամբ։ Հարցը այլեւս «ինչպէ՞ս անոնք կրնան մեզի միանալ» չէ, այլ՝ «ինչպէ՞ս մենք կրնանք իմաստալից ըլլալ անոնց աշխարհին մէջ»։

Վերջերս Վարագ Գեթսեմանեան (3) Լիբանանահայ համայնքի հիմնական խնդիրներու մասին դիպուկ յօդուածի մը մէջ մատը վէրքին վրայ դրած էր: Այսօր յստակ տեսանելի է, որ հաստատութենական համակարգը անկարող է նոր հայեցակարգեր ձեւաւորելու։ Ան «կը շարունակէ շարժիլ աւանդոյթի ուժով միայն, հանրային, համայնքային եւ ազգային կեանքը սահմանափակելով հետաքրքրութիւններու շատ նեղ եւ շատ յաճախ ժամանակավրէպ օրակարգերով», կ՛ընդգծէ Դոկտ. Գեթսեմանեան։ Շատեր, դժգոհ համակարգի մտաւորական պարապութենէն, կը ձգտին դուրս գալու անոր սահմաններէն՝ արարելու նոր տարածքներու մէջ։ Սակայն անոնք կը բախին կարծրացած ինքնութեան շրջանակներու, որոնք արգելք կը հանդիսանան նորարարութեան։

Եթէ եկեղեցին, կուսակցութիւնները եւ համայնքային մշակութային, ուսումնական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները իսկապէս լուրջ են իրենց առաքելութեան մէջ, ապա անոնք պէտք է դուրս գան միապաղաղ աւանդոյթներու սահմաններէն, ընդարձակեն իրենց տեսլականը եւ ստեղծեն այնպիսի ներառարական ու ստեղծագործ միջավայրեր, ուր երիտասարդութիւնը կրնայ յայտնաբերել իր դերը, արտայայտել իր ձայնը եւ ի գործ դնել իր կարողութիւնները։

* Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան, ընկերաբան, սփիւռքագէտ, հայկական հաստատութենական նորարարութեան ծրագրային հեղինակ եւ գործադիր:

_______

(1) «Զարթօնք», 7 Մարտ 2025

(2) «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ», Armenian Diaspora Survey, 2019, 2021, 2022.

(3) «Ազդակ», 14 Ապրիլ 2025.

Սահմանադրակա՞ն  Թէ Գործառնական (Transactional) Տրամաբանութիւն

0

Հիւսթընեան Պրիսմակ

ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

«L’État c’est moi» (Պետութիւնը ե՛ս եմ)

Կ՛ըսուի թէ Ֆրանսայի վեհապետ Լութովիկոս ԺԴ ( Louis XIV, 1638-1715) երկրի Ազգային Ժողովին առջեւ 13 Ապրիլ 1655 թուականին արտասանած մէկ խօսքի մը ընթացքին, ընդդիմախօսի մը արտայայտութեան իբրեւ պատասխան ըսած է։ «L’État c’est moi» , որ թարգմանի «Պետութիւնը ե՛ս եմ»։

Թէեւ պատմագէտներ հարցականի տակ դրած են այդ արտայայտութեան Լութովիկոս ԺԴ-ին պատկանելու պատմական իրողութիւնը, այսուհանդերձ այդ  արտայայտութեան միտք բանին կը համընկնէր այդ շրջանին տիրող վեհապետական բացարձակ իշխանութեան մտայնութեան եւ տրամադրութիւններուն հետ։

Անշուշտ այդ օրերուն տիրող այդ մտայնութիւնը յատուկ չէր Ֆրանսայի պարագային միայն, այլեւ տիրական էր աշխարհի միւս երկիրներու եւ պետութիւններու մօտ նաեւ, այդ ժամանակներու ընդունուած դրոյթին եւ սովորութեան համաձայն։

Ինչո՞վ կը յատկանշուէին այդ վեհապետական կարգուսարքի տիրական եւ հիմնական ստորոգելիները։

17-րդ դարու վեհապետական բացարձակապետութիւնը կը նշանակէր որ իշխող անձէն դուրս ոեւէ այլ վաւերական կամ իրաւական ուժ գոյութիւն չունէր ։ Վեհապետը Աստուծոյ «ներկայացուցիչ»ը կը համարուէր երկրի վրայ, հետեւաբար իր արարքներուն համար պատասխանատու չէր հասարակ մահկանացուներուն առջեւ։ Միաժամանակ այդ «երկնային» կարգադրութիւնը զինք միակ իրաւասու իշխանութիւնը կը կարգէր  երկրի օրէնսդրական, արդարադատական, զինուորական, հարկային  եւ կրօնական հարցերու պարագային։ Այդ թագաւորական իշխանութեան ծիրին մէջ ընդդիմախօսութեան տեղ չի կար, հետեւաբար կարծիքի ազատ արտայայտութիւնը բացակայ էր հանրային կեանքի ասպարէզէն ներս ։ Մէկ խօսքով պետութիւնը կը նոյնանար վեհապետի անձին հետ, այնպէս ինչպէս որ բնութագրուած է Լութովիկոս ԺԴ-ի վերագրուած այդ նշանաւոր արտայայտութեան մէջ։ Ուրեմն զարմանալի չէ որ այդ պայմաններուն տակ տիրող պետական վարքագիծը աւելի գործառնական (Transactional)  բնոյթ ունէր, եւ առնուած որոշումները կ՛արտայայտէին վեհապետի քմայական եւ անձնական նախասիրութիւնները, տրամադրութիւնները եւ վճիռները։

Այդ կացութեան դէմ բողոքի եւ խուլ դիմադրութեան շարժումներ տակաւ կը ձեւաւորուէին Եւրոպական զանազան երկիրներու մէջ 17-րդ դարէն սկսեալ։ Արդարեւ, շնորհիւ լուսամիտ մտածողներու ընկերային եւ փիլիսոփայական խորք ունեցող գրութիւններուն, որոնք կը միտէին սանձելու վեհապետական իրաւասութիւնները, ջանք կը տարուէր այդ բացարձակապետական դրոյթի փոխարէն զարգացնելու ներկայացուցչական եւ խորհրդարանական դրութիւն մը՝ վեհապետի կողքին, երկրի քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու կարգաւորման  եւ տնօրինումին տեսակէտէն ձայն տալու համար նաեւ երկրի այլ հեղինակաւոր ոյժերուն։ Վեհապետական-Խորհրդարանական այդ բուռն պայքարը որ ծաւալեցաւ այս երկու հակառակորդ ոյժերուն միջեւ աւարտեցաւ, օրինակի համար, Անգլիոյ պարագային Գարոլոս Ա (Charles I , 1600-1649) , եւ Ֆրանսայի պարագային Լութովիկոս ԺԵ (Louis XVI, 1754-1793) թագաւորներու գլխատումով, Ֆրանսական յեղափոխութեան բերած յեղաշրջումներով։ Իսկ Ամերիկեան Յեղափոխութեան յաղթանակը 1765-ին վերջ դրաւ Նոր Աշխարհի նահանգներուն մէջ անգլիական վեհապետութեան  ներկայութեան, զայն փոխարինելով սահմանադրական հանրապետական կարգուսարքով մը ուր Օրէնսդիր, Գործադիր եւ Արդարադատական իշխանութիւնները սահմանուած էին գործելու իրարմէ անկախ, համահաւասար եւ հաւասարակշռուած իրաւասութիւններով  պահպանելու համար ժողովրդավարական գործելակերպը։

Հակա-սահմանադրական քայլեր

 Դիւրին չէ եղած սահմանադրական այս կարգուսարքի գործնականացումը եւ գործադրութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային կեանքին մէջ անցնող 238 տարիներու ընթացքին, մանաւանդ երբ զանազան ներքին տագնապներ փորձութեան մատնած են սահմանադրական տրամադրութիւնները եւ հրամայական դարձուցած են անոր կարգ մը յօդուածներու բարեփոխումը՝ ժամանակներու ոգիին համաձայն ազգային  նորանոր մարտահրաւէրներու եւ առաջնահերթութիւններու յարմարելու համար։ Սակայն այդ բոլոր դժուարութիւններու եւ տագնապներու ընթացքին միշտ յարգուած են սահմանադրական ոգին եւ երկրի իշխող կառոյցի բաղկացուցիչ երեք ոյժերուն իրաւասութիւններու սահմանները։ Այս տրամաբանական յառաջդիմութիւնը ո՛չ միայն զօրացուցած է Ամերիկայի ազգային միասնականութեան հիմնական նախապայմանները, այլ նաեւ ներշնչած է ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական այնպիսի քայլերու զարգացումը որ առիթ տուած է նախապէս  իրաւասութիւններէ եւ իրաւունքներէ զրկուած զանգուածներուն   իրենց արժանի տեղը գրաւելու ազգային կեանքէն ներս։

Սահմանադրական այս հաւասարակշռութիւնը լրջօրէն խախտուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփի  երկրորդ պաշտօնավարութեան առաջին օրէն իսկ։ Նախագահ Թրամփ 2024 թուականի ընտրապայքարի ընթացքին քանիցս կէս լուրջ, կէս կատակ կերպով յայտարարած էր որ կը միտէր «միօրեայ բռնապետ» մը ըլլալու իշխանութեան տիրացած առաջին օրը։ Ու իբրեւ գործնական արտայայտութիւն այդ փափաքին ան ձեռնամուխ եղաւ պաշտօնավարութեան առաջին օրն իսկ ստորագրելու «Գործադիր Հրամանագիր»եր որոնք իրենց բովանդակութեամբ եւ տարողութեամբ սահմանադրութեան նախատեսած տրամադրութիւններէն դուրս քայլեր կը նպատակադրէին։ Թէեւ Ամերիկայի Սահմանադրութեան Երկրորդ Յօդուածը երկրի նախագահին իրաւասութիւն կու տայ «Գործադիր Հրամանագիրով կառավարական մարմիններուն հրահանգելու կամ պատգամելու թէ ինչ ձեւով օրէնք մը կրնայ գործադրուիլ»  այդ նոյն յօդուածը սակայն նախագահին լիազօրութիւն չ՛ընծայէր որ նոր օրէնքներ հաստատէ նկատի առնելով որ այդ իրաւասութիւնը վերապահուaծ է երկրի Ներկայացուցիչներու Տան , ըստ սահմանադրութեան։  

Նախագահ Թրամփի ստորագրած քառասունէն աւելի «Գործադիր Հրամանագիր»երը  այժմ  Արդարադատական իշխանութեանց կողմէ հարցադրումի   կ՛ենթարկուին, անոնց սահմանադրական խնդրայարոյց բնոյթին եւ բովանդակութեան համար։ Այս «գործառնական» որոշումները, որոնց մեծամասնութիւնը  խակ, քմահաճ եւ քաղաքական ծրագիրներու բնոյթ կը կրեն, այժմ կը բախին արգելքներու որոնք Ամերիկեան Սահմանադրութեան  կերտիչները իմաստօրէն տեղադրած էին 1789-ի Սահմանադրութեան յօդուածներուն մէջ ապահովելու համար ժողովրդավարական կառոյցներու  անխափան գործունէութիւնը։  

Մտահոգիչ յանկերգներ

 Արդարեւ, նոյնքան մտահոգիչ դարձած է նախագահ Թրամփի կրկնած յանկերգը պետական վարչամեքենան մաքրագործելու «ձախակողմեան եւ համայնավար տարրերէ»։ Շատեր չեն հասկնար թէ ուրկէ՞ կու գան այս բնորոշումները ամերիկեան ներկայ քաղաքական բառացուցակին մէջ։ Անցեալին, «Պաղ Պատերազմ»ի տարիներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ այսպիսի պիտակաւորումներ  եւ սահմանումներ երեւան եկան եւ վտանգաւոր հետեւանքներով յղի փորձութիւն մը հանդիսացան երկրին համար, երբ Հանրապետական ծերակուտական Ճոզէֆ ՄըքՔարթի (Joseph McCarthy 1908-1957) կատաղի պայքար մը շղթայազերծեց 1950-1954 թուականներուն, արուեստի, գիտութեան եւ զանազան ասպարէզներու մէջ իբրեւ «համայնավար» ճանչցուած կամ պիտակաւորուած անձնաւորութիւններու դէմ։ Այդ թունալից հալածանքը խիստ հարուած մը հասցուց Ամերիկայի ազգային եւ քաղաքական կեանքին եւ պատճառ դարձաւ շատ մը անմեղներու եղերական վախճանին։ Ի վերջոյ ժողովրդային զայրոյթը պատճառ եղաւ որ ծերակուտական Ճոզէֆ ՄըքՔարթի իր պաշտօնակիցներու կողմէ խայտառակուի ու շնորհազրկուի։ Այնպէս կը թուի թէ նախագահ Թրամփ այդպիսի անգոյ ուրուականներ կը փնտռէ նորօրեայ ամերիկեան հորիզոնին վրայ ընդդիմադիրները չէզոքացնելու համար։ Այդ ընդդիմադիրներու կարգին ան դրած է նաեւ անհատական կարգով գործող եւ իրենց պատմութեամբ քաջածանօթ համալսարաններ արգելք հանդիսանալու համար այդ հաստատութիւններէն ներս ազատ մտածողութենէ բխող քննարկումներու։

Այս ամէնը կու գան փաստելու որ   նախագահ Թրամփ կը նախընտրէ  երկիրը ղեկավարել առաջնորդուած իր գործառնական նախապատուութիւններէն, բնազդներէն եւ նախասիրութիւններէն անտեսելով երկրի սահմանադրական տրամադրութիւնները որոնք ժողովրդավարական կառոյցին մէջ կարգ ու կանոն կը հաստատեն։

Անցնող երեք-չորս ամիսներու նախագահ Թրամփի ստեղծած տակնուվրայութենէն  մարդ կը տարուի մտածելու թէ կէս լուրջ, կէս կատակ «մէկ օրուայ բռնապետ» ըլլալու մտադրութիւնը այդքան ալ կատակ չէ եւ թէ այժմու գործադիրը վեհապետական բացարձակ իշխանութեան նմանող վարչակարգ մը կ՛ուզէ հաստատել նախագահական ամպհովանիին տակ անտեսելով սահմանադրական կառոյցները եւ անոնց իրաւասութիւնները եւ անգիտանալով անցնող 400 տարիներու պայքարը որ զօրացուցած է ժողովրդավարութեան հիմունքները մեր արդի ընկերութեան կեանքին մէջ ։

Բարեբախտաբար Լութովիկոս ԺԴի «L’État c’est moi» ասոյթը հեռաւոր անցեալին կը պատկանի ու մենք կ՛ապրինք 21-րդ դարու մէջ, ազատութեան, իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական  կառոյցներու հովանիին տակ։

Մոնթրէալի Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան Վարժարանը Կը նշէ Իր Հիմնադրութեան 55-ամեակը Ներկայութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նախագահ Սամ Սիմոնեանի

0

Այս տարի Մոնթրէալի Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան Վարժարանը՝ որպէս Գանատահայոց առաջին վարժարանը, կը նշէ իր հիմնադրութեան 55-րդ տարին:

          Այս առթիւ ուրբաթ օր՝ Մայիսի 2,-ին վարժարանը կազմակերպած էր դպրոցական շքեղ հանդէս մը ներկայութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի  նորընտիր Նախագահ՝ պրն. Սամ Սիմոնեանի՝ ստեղծիչը «ԹՈՒՄՕ» միջազգային եզակի համբաւ վայելող թուայնական թեքնիքներու կրթական նախաձեռնութեան, ընկերակցութեամբ իր ազնիւ տիկնոջ, եւ Հ.Բ.Ը.Մ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու: Հանդիսութեան ներկայ էին Գանատահայոց Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպիսկ. Յովակիմեան, եւ Ալեք Մանուկեան Վարժարանի յղացող եւ հիմնադիր՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախկին Փոխ Նախագահ եւ այժմ Կ. Վ.եան Վաստակաւոր (Emeritus) Անդամ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան:

          Ուրբաթ օր, վարժարանին երիտասարդ տնօրէն պրն. Շահէ Թանաշեանի կարող առաջնորդութեամբ տեղի ունեցող տպաւորիչ հանդէսին, ելոյթներ ունեցան վարժարանին աշակերտները, յատկապէս մօտ 180 հոգիներէ բաղկացած երգչախումբին գեղեցիկ կատարումներով: Վարժարանին «Արշաւիր եւ Նատիա Կէօնճեան» հանդիսասրահը կը յորդէր յատկապէս բազմահարիւր ծնողներու ներկայութեամբ: Այս մասին եւ շաբաթավերջի ձեռնարկներուն պիտի անդրադարձուի յաւելեալ թղթակցութեամբ մը:

ԹՂԹԱԿԻՑ


Նկարին մէջ կ’երեւին ձախէն աջ՝ Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպիսկ. Յովակիմեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նախագահ պրն. Սամ Սիմոնեան եւ Վարժարանի հիմնադիր Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, դպրոցի «Արշաւիր եւ Նատիա Կէօնճեան» հանդիսասրահի մուտքին:

Դոկտ. Այնթապլեան Անդրադարձաւ Սերունդներուն Մէջ Հայկական Արուեստն ու Մշակոյթը Ամրապնդելու  Ազգանուէր Գործին Մասին

0

Հայրենիքի մէջ իր կեցութեան ընթացքին, «ԳՈՅ» մարդասիրական հիմնադրամի ԿերամաԶարդ (Ceramazart) արուեստանոցը  այցելեց մեծանուն գիտնական, հայագէտ եւ բարերար Դոկտ. Յակոբ Այնթապլեանը:

ԿերամաԶարդի արցախցի նկարիչներն ու արուեստագէտները, ծանօթանալով դոկտոր Այնթապլեանի հայրենանուէր գործունէութեանը, մեծ ոգեւորութեամբ պատրաստած էին Այնթապլեաններու ընտանիքին նուիրուած խորհրդանշանը:

Դոկտոր Այնթապլեան ծանօթացաւ տեղահանուած արցախցի արուեստագէտներուն համար բացուած ԿերամաԶարդ արուեստանոցին գործունէութեան, ուր անոնք կ՛աշխատին ու կը ստեղծագործեն, եւ իրենց հմտութիւնն ու փորձը կը փոխանցեն արցախցի փոքրիկներուն:

Կեդրոնը ունի աւելի քան 500 արցախցի երեխայ շահառուներ, որոնք կը յաճախեն կեդրոնի կողմէն կազմակերպուող անվճար կաւագործութեան եւ կաւաբուժական (therapy) դասընթացքներուն, որոնց  ընթացքին երեխաներուն հետ կ՛աշխատի նաեւ որակաւորուած հոգեբան եւ արուեստաբուժութեան (art therapy) մասնագէտը:

Նշենք, որ ԿերամաԶարդը իւրօրինակ բարեգործական նախագիծ է, որ կ՛աշխատի ընկերային (social)  ձեռներեցութyան ոճով՝ ծառայելու համար բռնի տեղահանուած արցախցիներուն:

Դոկտոր Այնթապլեան իր ոգեւորիչ սրտի խօսքը  ուղղեց կեդրոնի աշխատակազմին՝ կարեւորելով սերունդներուն մէջ հայկական արուեստն ու մշակոյթը քարոզելու եւ տարածելու գործը:

Մայիսի 6-ին Լիբանանցի եւ Արաբ Մտաւորականներ Թրքական Նոյն Ձեռագրով Ունեցան Այն Նոյն Ճակատագիրը, որ Վիճակուած Էր Հայ Ազգին Մտաւորականներուն

0

Պատմութեան Մէջ Այսօր

Մայիս 6-ը Լիբանանի Նահատակաց Օրն է, որ քաղաքական նկատառումներով աւելի ուշ փոխարինուած է Լիբանանի Մամուլի Նահատակաց Յիշատակի Օր անուանումով:

Մեզի համար սակայն պատմութիւնը յստակ է եւ ոճրագործին հասցէն յստակ: 1915-ին եւ 1916-ին, Ժամալ Փաշա Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, երկու տարբեր հրապարակներու վրայ կախաղան բարձրացուց Օսմանեան բռնակալութեան դէմ ձայն բարձրացուցած արաբ՝ քրիստոնեայ եւ իսլամ մտաւորական ընտրանին, ընդ որում երկու կրօնքներուն ալ պատկանող կրօնականներ (11 ապա 14 անձ Պէյրութի մէջ եւ 7 Դամասկոսի մէջ):

Այստեղ կը յիշատակենք կախաղանի վրայ արտասանուած, նահատակութեան սեմին վրայ գտնուող՝ Ապտըլ Քարիմ Ալ Խալիլի վերջին խօսքը ուղղուած ազգին ու հայրենիքին. «Ձեր ազատութեան համար ապրեցանք, ու ձեր անկախութեան սիրոյն պիտի մեռնինք»:

Այսօր կը խոնարհինք հայրենիքի նահատակներուն յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց մտքով եւ գրիչով կը դիմադրէին օսմանեան բռնակալին` երազելով անկախ եւ ազատ հայրենիքի մասին, ինչպէս հայ մտաւորականները, որոնք ձերբակալուեցան եւ սպանդի ենթարկուեցան Ապրիլ 24-ին նոյն արիւնարբու թշնամիին կողմէ:

Սրտագին ողջոյններ Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի ազատագրութեան համար զոհուած Մայիսի 6-ի նահատակներուն անմոռաց յիշատակին:

Ս.Յ.

«Յառաջաբանի Փոխարէն». Լոյս Տեսած է Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Վերնագրեալ Գիրքը

0

Վերջերս հեղինակէն՝ ազնիւ տիկին Սեդա Մարկոսեան- Խտըշեանէն շնորհակալութեամբ ստացանք իր հեղինակած յուշագրութիւն-գիրքը:

Այս առիթով, հեղինակին արտօնութեամբ կ՛արտատպենք անոր մէջ լոյս տեսած՝ Արմենակ Եղիայեանի ստորագրութիւնը կրող «Յառաջաբանի Փոխարէն» արժէքաւոր գրութիւնը:

Խմբ.


            Առանց  մասնաւոր անակնկալի մը  սպասումով  էր,  որ ստանձնեցի  Սեդա Խտըշեանի «Մեր տունը» աշխատութիւնը՝ «աչք մը նետելու» համար անոր վրայ, քանի որ ինծի այնքան ալ անծանօթ չէր այն տունը, որուն ենթադրաբար նուիրուած էր այս ձեռագիրը: Ես զայն ճանչցած էի վաղ մանուկ հասակէս, քիչ մը բոլոր հասակակիցներուս պէս:

            Ան կը գտնուէր մերինին կից թաղին մէջ, հազիւ հարիւր մեթր հեռու իմ բնակարանէս:

            Ի տարբերութիւն  միւս բոլորին՝ այդ տունը ունէր երեք դուռ:

            Որոնց մէկը կը բացուէր  հիւրասենեակին վրայ: Մենք՝ քովնտի թաղի մանուկներս,  հաւաքական որոշումով ու մղումով  մը կը տեղափոխուէինք  ու  երկար վայրկեաններ կը յամենայինք այնտեղ՝ դիտելու  անոր մուտքի  առաստաղին  թառած եւ թեւերը լայն բացած երփներանգ արծիւը՝ այնքան հարազատ, այնքան կենդանի ու տպաւորիչ, որ կը կարծէինք, թէ ուր որ է հիմա  պիտի թափահարէր թեւերը ու սլանար դէպի  անհունը: 

            Միւս դուռը կը բացուէր ընդարձակ բակի մը  վրայ եւ բաց կը մնար ամբողջ օրը՝ ընդառաջելու համար թաղեցի կիներու  անհատնում շարքերուն, որոնք կու գային  «սուրճ մը խմելու» եւ «գաւաթը կարդալ տալու» կամ պատահական կարիք մը գոհացնելու այս նահապետական  տան հիւրընկալ  տիրուհիին օգնութեամբ:

            Եւ այս՝ բոլորովին տարբեր բան մը կու տար այս տունին՝ բաղդատած այն միւս անշուք ու միօրինակ տուներուն, որոնք  փռուած էին անոր շուրջ եւ որոնցմէ մէկն ալ մերն էր: Ես աւելի ուշ եւս՝ չափահաս տարիներուս,  առնչուեցայ այդ տունին,  արդէն իբրեւ  անոր մէկ անդամին բարեկամը եւ առիթը ունեցայ զայն տեսնելու ներսէն… որը իր  կարգին շատ բաներով կը տարբերէր ինծի ծանօթ՝ Պուրճ Համուտի  գաղթականութիւնը պատսպարող տուներու միօրինակ խաժամուժէն եւ  որը լայն հանրութեան ծանօթ էր իբրեւ «Սահակ աղային տունը»:  

            Իսկ ան՝ այդ Սահակ աղան, այդ տան կերտիչն ու պահապանը,  միայն իր տունով չէր զատորոշուեր շրջապատէն. հեղինակը իր գրիչին հմայքով ու տեսողութեանը սրութեամբ կը յաջողի անկէ կերտել առասպելական  այնպիսի հսկայ մը, որ իր յիշողութեամբ պահապանն է միաժամանակ  մեր ազգային  ողբերգութեան ողջ պատմութեան,  անոր բոլոր արհաւիրքներուն, այլեւ  այն քաջ մարտիկը, որ իր բազուկի ու մտքի ուժով, իր յարատեւութեամբ եւ ցեղային անաղարտ պարկեշտութեամբ  կը  ջանայ յաղթահարել ճակատագրի բոլոր հարուածները:

            Ուշադիր այցելուին տեսողութենէն պիտի չվրիպէր, թէ այդ տունը, իր նիւթա-կան  եզակի կառոյցին կողքին,  է՛ր նաեւ  մտքի ու հոգեւոր  լոյսի քուրայ մը: Արդարեւ, մինչ այլ տուներ հազիւ օրաթերթ մը կը մտնէր այդ օրերուն,— եթէ մտնէր,—  այստեղ արդէն կը տեսնուէր գրադարան մը, որուն  «Ապակեայ փեղկերուն ետին կողք-կողքի ուղղահայեաց շարուած էին հայ գեղարուեստական գրականութեան  աւագանին՝ Օշական, Թումանեան, Ռաֆֆի, Վարուժան, Մեծարենց, Սիամանթօ, Շիրվանզադէ, Նար-Դոս», որոնք երեկոները դուրս կու գային՝ ընթերցանութեան հարուստ նիւթ հայթաթելով մեծ եղբօրս՝ Խաչերին,  որ մեզի կ’ընթերցէր պարգեւելով հեքիաթային ժամանցի  պահեր, երբ տակաւին հեռատեսիլը չէր   ներխուժած ընտանեկան  յարկերէն ներս: Այդ երեկոներն ու մեր բանաստեղծութիւններն էին մեր ինքնութիւնը ձեւաւորող ու  մեզ կազմաւորող գլխաւոր տարածքը»։

            Ահա այս բոլոր  «գիտելիքներով» զինուած էր, որ ձեռք առի «Մեր տունը»՝  առանց  մեծ ակնկալութեան, քանի  համոզուած էի, որ արդէն պէտք է ծանօթ ըլլայի անոր բոլոր  տուեալներուն եւ գաղտնիքներուն:

            Կը սխալէի:

            Աշխատութեան ընթերցումը բոլորովին տարբեր լոյս մը սփռեց իմ նախնական տպաւորութիւններուս վրայ՝ բանալով բոլորովին նոր ու անծանօթ էջեր զայն լեցնող  իրերուն եւ անձերուն առինքնող իսկութեան վրայ: Եւ այս բոլորը  շնորհիւ պատմելու այն հրաշալի  ոճին ու որակին, որով յագեցած է հեղինակին լեզուն, որ առաջին տողերէն իսկ կը յաջողի կլանել  ընթերցողին ուշադրութիւնը՝ այլեւս բնաւ չարձակելու համար զայն մինչեւ աշխատութեան աւարտը:

                                                                     *  *  *

            Եւ քանի կը խորանաս ընթերցումիդ մէջ, ահա մտքիդ տեսադաշտին վրայ կու գայ ուրուագծուելու կանացի տիրական  կերպարի մը լուսաւոր շրջագիծը, Տէր Զօրի կիզիչ  աւազներէն  հրաշքով խլուած ու փրկուած որբուհի մը, որ կը յաջողի իր կարգին հոգեբարոյական բաւարար ուժ կուտակել՝ ապրելու, դեռատի հասակին  մայրանալու եւ ազգին  ինը զաւակներ տալու համար՝ իր բազմազբաղ առօրեային կից  չմոռնալով ու չթերանալով  միաժամանակ նուիրուելու անոնց  ազգային, մարդկային ու  քրիստոնէական  անթերի կրթութեան՝ այդպէս, իւրովի  լուծելով Եղեռնի դաժան ճամբաներուն  վրայ կորսնցուցած հարազատներուն վրէժը:

Այդ կինը  Մարիամն է՝  Սահակ աղային  կինը  եւ հեղինակին մայրը:

Ան այնքան կլանուած է իր տունով ու զաւակներով, որ կանացի  զբօսանքի տարրական առիթ իսկ չ’ունենար, ոչ ալ… կը փնտռէ. « Չեմ յիշեր, թէ որեւէ թաղեցիի տուն սուրճ խմելու գացած ըլլար»։   Բայց անոր սիրտը  բաց էր բոլորին առջեւ՝ իր տան դռներուն պէս.  «Բակին դուռը կը բացուէր առաւօտ կանուխ մօրս աղօթքով՝ երեկոյեան ուշ գիշերին միայն փակուելու համար:  Բաց էր  բոլորին առջեւ, եւ թաղեցիներու ելումուտը կը սկսէր առաւօտեան կանուխ ժամերէն»: 

Չէին պակսեր արտասովոր հիւրերը եւս. ասոնցմէ էր «պարոն Խաչիկեանը»… ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ Օրմանեան պատրիարքի երբեմնի ահաբեկիչը, որուն գնդակը բարեբախտաբար վրիպեցաւ, եւ Մեծ հայը փրկուեցաւ մահէ: Խաչիկեան սակայն ձերբակալուեցաւ ու բանտարկուեցաւ մինչեւ  1909-ի սահմանադրութիւնը, որ բացաւ թրքական բոլոր բանտերուն դռները:   Անկէ ետք ալ ան  մասնակցեցաւ հայ կեանքը փոթորկող  մեծ շարժումներուն, ինչպէս՝ կամաւորներու մուտքը Վան 1915-ին   եւ Սարդարապատի հերոսամարտը,   որ պսակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումով:  Սակայն բախտը զինք եւս գաղթական կը դարձնէ, եւ ան իր անտէր ու անտիրական  եւ   փոթորկալից գոյութիւնը  կ’ամփոփէ  Լիբանան-Պուրճ Համմուտ՝ ապաստան գտնելու համար բարեկամի մը աստիճաններուն տակ ծուարած մէկ խուցին մէջ:

            Անոր մխիթարութիւններէն մէկը կ’ըլլայ Սահակ աղայի հետ ծանօթացումը եւ անոր տան մէջ գտած ջերմութիւնը, որ իրեն առիթ կու տար երկար պատմելու իր կեանքին արկածները, բայց նաեւ վայելելու հիւրասիրութիւնը  տանտիրուհիին, որ  «պնակը  այնքան մը կը լեցնէր, որ  նուազագոյն շարժումով կրնար յորդիլ։ Այդ չէր բաւեր, մայրս,  պնակը սեղանին վրայ  տեղաւորելէ ետք, շերեփը ձեռքը պատրաստ կը սպասէր՝ կրկին  լեցնելու»:

                                                                              *   *   * 

            «Մեր տունը» իր այլազան բարեմասնութիւններուն կողքին յաջողապէս կը պատմէ նաեւ զուարճալի դրուագներ, որոնք կը լեցնեն այդ տունը եւ կը զուարթացնեն  անոր մթնոլորտը եւ որոնք վստահաբար պիտի զուարթացնեն ընթերցողին տրամադրութիւնը եւս:

            Այսպէս, կը պատահի, որ մայրիկը բացած է հեռատեսիլէն պատարագի   յայտագիր մը եւ ինք  ծունկի եկած, աչքերը փակած, խոր երկիւղածութեամբ տարուի  աղօթքով: Երբ վրայ կը հասնի պարոն Սահակը, որ ուղիղ կ’երթայ դէպի հեռատեսիլը, կը դարձնէ կոճակները եւ կ’իյնայ  արաբական պորտապարի մը ակնահաճոյ ու քմպարար յայտագիրին վրայ. ու բազմելով իր սովորական տեղը՝  ամբողջովին տարուած ու վերացած կը դիտէ մատուցումը՝ կնոջը լռիկ-մնջիկ  ու անլսելի աղօթքներուն  հետ համատեղ:

            Չ’ուշանար աղէտը, երբ  կինը կ’աւարտէ աղօթքը եւ կը բանայ աչքերը… որոնց կը պարզուին կիսամերկ պարուհիի մը ծեքծեքուն գալարումները:

«Մայրիկս գայթակղած ու բարկացած  կըսէ.

«— Է՜հ, պիրէ Սահակ, կա կ’աղօթեմ նէ, մարդ քիչ մը զգացում կ’ունենայ, սպասէ  հումա պատարագը կը լմննայ, վերջը հէմէն ուզածիդ չափ դիտէ,— եւ   “մեղա՜յ, մեղա՜յ” …հեռատեսիլին  կոճակները շըրխ -շըրխ կը դարձնէ,  կը փոխէ կայանը  եւ  կը շարունակէ  հետեւիլ պատարագին։ 

«Իսկ հայրս.

«—Պատարագը էրկան կը տեւէ, մինչեւ  լմննայ նէ ան ալ կը լմննայ։ 

«Երբ մենք վրայ հասանք, մայրս տակաւին  սրտնեղած  էր,  իսկ հայրս ուսերը վեր-վեր թօթուելով խնդուքը չէր կրնար զսպել» ։  

                                                         *   *   *

Կարծեմ շատ տարուեցայ  «Մեր տունը»-ով, եւ պէտք է կանգ առնել: Իմ նպատակս նախաճաշակ մը տալ էր  գրական-գեղարուեստական այն  խրախճանքէն, որ այս գիրքի ընթերցումը պատճառեց ինծի եւ որուն  գիւտը հաճոյքով պիտի ընէ ամէն ընթերցող:

Կը  փակեմ զայն երկու հակադիր զգացումներով:

Առաջինը՝  գրական գողտրիկ ստեղծագործութիւն մը վայելած ըլլալու խոր գոհունակութեամբ,  այնպիսին, որ տասնամեակներէ ի վեր զլացուած էր սփիւռքահայ ընթերցողին:

Իսկ երկրորդը…

            Ան զիս մղեց բազմաթիւ խորհրդածութեանց, որոնց  գլխաւորը հետեւեալն է. տեղ մը, ամբողջ կեանքի մը տեւողութեան, տեղի ունեցած է սեփական  տաղանդի մսխում մը.  մսխողը եղած է Սեդա Մարկոսեանը,  մսխուողը՝ գրողի իր ձիրքը, որ չէ գիտցած գնահատել ու ըստ արժանւոյն վերաբերիլ  հանդէպ այն բնատուր շնորհին,  որ Աստուած պարգեւած է իրեն, իսկ ինք փոխանակ  զայն ի տղայ տիոց  զարգացնելու ու բիւրեղացնելու, իր տասնամեակները  վատնած է ընկերային այնպիսի ծառայութեանց մէջ, որ որեւէ ուրիշ մըն  ալ կրնար ընել:

            Մինչդեռ Հայ գրականութիւնը կրնար այսօր ունենալ նուազագոյնը տասնեակէ մը աւելի երկեր, որոնք  պիտի արդարօրէն կրէին իր անունը:

            Այս գեղեցիկ շարադրանքը կենդանի առհաւատչեան է այդ մսխուած ձիրքին եւ այն  մռայլ  գուժկանը, որ այլեւս շատ ուշ է եւ կարելի պիտի չըլլայ վերականգնել  նման ծանրակշիռ կորուստը:

            Հակառակ այս դառն իրողութեան՝ ըսեմ,  ինչու չէ՝ միասնաբա՛ր ըսենք.

            —Վարձքդ կատա՛ր, գրիչդ դալա՛ր:

                                                                                                          ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Թէքէեան Կենդրոնում Կայացաւ «Հայկաշէն Ուզունեան. Տեսիլքի Մարդը» Փաստագրական ֆիլմի Առաջին Ցուցադրութիւնը

0

Ֆիլմը ներկայացնում է սփիւռքահայ ականաւոր հրապարակախօս, հասարակական, քաղաքական գործիչ, ազգային բարերար, ՀԲԸՄ Կեդրոնական Յանձնաժողովի ղեկավար անդամ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիր անդամ Հայկաշէն Ուզունեանին՝ նրա կենսագրականն ու անցած ճանապարհը:

Համայնքային աշխատանքին նրա նուիրուածութիւնը նրան դարձրեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) ղեկավարութեան մաս, որտեղ նա չորս տասնամեակ աշխատեց որպէս փոխնախագահ լուսահոգի Ալեք Մանուկեանի հետ: Ուզունեանը ՀԲԸՄ-ի անբաժանելի մասն էր, հռչակուել էր պատուոյ  տնօրէն իր ներդրումների ու թողած աւանդի համար:

Կրթութիւնը եւ գրականութիւնը Ուզունեանի ուշադրութեան կեդրոնում էին. նա պատմական Մելքոնեան վարժարանի փրկութեան համար մղուող պայքարի ջատագովն էր:

1966 թ. հիմնադրում է «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակը, որը տրւում է Սփիւռքի եւ հայաստանեան գրականութեան, արուեստի եւ հասարակական գիտութիւնների ոլորտի լաւագոյն ստեղծագործողներին: Երեւանի Թէքէեան կեդրոնում է գտնւում «Հայկաշէն եւ Մարի Ուզունեան» գրադարանը:

Ի նշանաւորումն մեծ աւանդի եւ բարերարութիւնների, որոնք մատուցուել են հայ մշակոյթին, Հայոց եկեղեցուն, հայ ժողովրդին եւ Հայաստան աշխարհին, Հայկաշէն Ուզունեանն արժանացել է «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձր շքանշանի, «Մովսէս Խորենացի» մետալի, ՀԲԸՄ «Ալեք Մանուկեան» գրական մրցանակի, ԹՄՄ «Ադամանդակուռ Արարատ» շքանշանի եւ այլ պարգեւների։

Ֆիլմի հեղինակ՝ Ռուզաննա Ղազարեան

Արտադրող ընկերութիւն՝ «Լամեդիա» ՍՊԸ

Հովանաւոր՝ «Թեքեյան Կենտրոն» հիմնադրամ /բարերար՝ Բագրատ Նազարյան – Անգլիա/

Լուրեր Միացեալ Նահանգներից. Թրամփ Խոստացաւ Շարունակել Իր Գործունէութիւնը՝ Նախընտրական Խոստումների Հիման Վրայ

0

Տեսակէտ

ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Ընդունուած է՝ իրենց գործունէութեան առաջին 100 օրից յետոյ, ԱՄՆ նախագահները հանդէս են գալիս հաշուետուութեամբ, տուեալներ ու վիճակագրութիւններ են ներկայացնում, իրենց գործունէութիւնը գնահատում են իրենց նախընտրական խոստումների տեսակէտից։

          Նման զեկոյց/ հաշուետուութեամբ հանդէս եկաւ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփը։ Չեմ պատրաստւում նրա ելոյթի ամբողջ բաժինները նշել․ դա հասու է առցանց։ Կարեւորում եմ հետեւեալները,-

– Տոնալտ Թրամփը նորից շեշտեց՝ երկիրը շատ վատ վիճակում է եւ խոստացաւ շարունակել իր գործունէութիւնը՝ նախընտրական խոստումների հիման վրայ։

– Նախագահի գնահատականը երկրի տնտեսութեան ընթացքի վերաբերեալ դրական էր․ նա բացատրեց ու շեշտեց, որ տարբեր երկրների հետ տնտեսական յարաբերութիւնները հաւասարակշռելը իր արդիւնքը ցոյց կը տայ երկարատեւում, ճիշտ է ֆոնտային շուկան (Stock Market) տանատնումներ ունեցաւ, երբ նոր մաքսատուրքեր որոշուեցին, բայց այդ անկումը շատ կարճ տեւեց։

– Ամենամեծ ձեռքբերումը նոր գնաճը կանխելն է։ Նաեւ ամբողջ երկրում իջել է վառելիքի/ յատկապէս պենզինի գները։

– ԱՄՆ Կեդրոնական պանքը անկախ կառոյց է, որ ղեկավարւում է իր վարիչների կազմի կողմից։ Միւս տարի լրանալու է Կեդրոնական Բանկի նախագահի գործունէութեան ժամկէտը, որ սկսել է 2018 թուականից։ Նա եւ նախագահ Թրամփը տարբեր կարծիքներ ունեն Կեդրոնական Բանկի գործունէութեան կապակցութեամբ։

          Նկատի ունենալով, որ վերահսկուել է տնտեսական յորդումը, շատ տնտեսագէտներ այն կարծիքին են, որ Կեդրոնական Բանկը պիտի իջեցնի շահոյթի տոկոսները։ Նոյն կարծիքին է նաեւ Տոնալտ Թրամփը։ Վէճը այդ որոշման թուականն է։ Թրամփը պնդում ունի, որ բանկերի կողմից սահմանուածը օր առաջ պիտի իջեցնել։ Ուրիշ կարծիքի է Կեդրոնական Բանկի նախագահ/ տնօրէնը։ Քանի որ այս հարցը յոյժ մասնագիտական է, բաւարարուենք միայն տեղեկութիւններ փոխանցելով եւ նրանց մէջ վէճը շարունակուելու լուրով։

– Կտրուկ իջել է ԱՄՆ-Մեքսիքայի սահմանից ապօրինի գաղթականների մուտքը։

          Մի թիւ ներկայացնեմ,- Ճօ Պայտընի նախագահութեան ժամանակ, ԱՄՆ-ի սահմանը հատած ապօրինի գաղթականների թիւը՝ միջին հաշուով ամիսը 185,000 հոգի էր, հիմա այդ թիւը չի անցնում ամիսը 7,000-ից, որոնք ձերբակալւում են սահմաններում։

– Ապօրինի գաղթականների արտաքսման գործընթացը շարունակւում է։ Առաջնային է յանցագործերին արտաքսելը։ Բայց սա երբեմն բախւում է դատական խնդիրների հետ։

– նախագահ Թրամփը թուարկեց բոլոր ոլորտներում հիմնական եւ կարեւոր փոփոխութիւնների գծով նախաքայլերը։

– ԱՄՆ պատմութեան մէջ մի ուրիշ աննախընթաց երեւոյթ գրանցուեց․ նախագահ Թրամփի ստորագրած գործադրական որոշումները, որոնք Կոնգրեսի հաւանութեան կարիքը չունեն, իրենց թուով գերազանցեցին ԱՄՆ բոլոր նախագահներին։

          Թրամփը՝ իր գործունէութեան առաջին 100 օրերի ընթացքում ստորագրեց նախագահ Պայտընի՝ 4 տարուայ ընթացքում ստորագրած նոյնանման որոշումներից աւելի շատ գործադրական որոշումներ։ Իհարկէ, արդէն տարբեր դատեր են բացուել Թրամփի այդ որոշումների դէմ, որոնք պիտի վճռահատուեն դատական ընթացիկ կարգով։

*     *     *

Նախագահ Թրամփի հաշուետուական ելոյթին յաջորդեց մետիայի արձագանգը․․․

          Լրատուները տարբեր պատկերներ ներկայացրին ու շեշտեցին, որ նախագահ Թրամփի վարկանիշը կտրուկ նուազել է․ նոյնիսկ արտառոց եւ անհաւատալի թուեր կային․ 41 տոկոս, 44 տոկոս․․․ մի խօսքով՝ ըստ լրատուների՝ հարցուողների 50 տոկոսից աւելին դէմ է նախագահ Թրամփի գործունէութեան հետ․․․

          Մենք այս հարցը չքննենք, մենք չվիճենք․․․ Թէ իջե՞լ է վարկանիշը, աւելացե՞լ է․․․ Մենք բան չասենք։ Մարդկանց գրառումները ուրիշ բան են ասում։ Այս ամբողջը հասու է առցանց։

Եւ․․․ Այսօր ելոյթ ունեցաւ ԱՄՆ նախկին փոխնախագահ Քամալա Հարիսը․․․

          Նրա ելոյթի մասին գրառումները՝ համարեա բոլորը, բացասական էին։ Հարիսը երկրի տնտեսութեան վերաբերեալ շատ մութ ապագայ գծեց՝ միաժամանակ վախ եւ ապագայի նկատմամբ անվստահութիւն ներշնչեց․․․

          Քամալա Հարիսը՝ ըստ իր ընթացքի եւ սովորութեան, այսօր էլ ոչ-մի հիմնաւոր փաստ, թիւ, տուեալ ու վիճակագրութիւն չներկայացրեց․․․ Եւ ճիշտ են մարդկանց կարծիքը, որ նրա այսօրուայ խօսքն էլ հերթական Words Salad էր։ Շատ գրառումներ կային այն մասին, որ տնտեսութեան մասին այդ վախը, իրական վախն ու մտահոգութիւնը (ահաւոր եւ մշտական գնաճ, տնտեսական յորդում) մենք ապրել ենք Պայտըն-Հարիս նախագահութեան տարիներում, ու պահանջեցին նա խօսքը հիմնաւորի։

          Իմ կարծիքով, դեմոկրատները շատ սխալ անձ էին ընտրել՝ նախագահ Թրամփի առաջին 100 օրուայ գործունէութեան հաշուետուութիւնը պատասխանելու եւ հակադրուելու համար։ Քամալա Հարիսը այն անձը չէր, որ նրան նման բան վստահէին, ու կարծում եմ, Հարիսը աւելի փչացրեց ու բարդացրեց դեմոկրատների ներկայ վիճակը։

*     *     *

Ուրիշ կարեւոր լուրեր ԱՄՆ-ից,-

ա- Կոնգրեսում մի քուէարկութեան ժամանակ 4 դեմոկրատ կոնգրեսական միացան հանրապետականներին՝ ԱՄՆ-ում տեղի ունեցող բոլոր ընտրութիւններում քուէարկողների ինքնութեան թուղթը/ ID – պարտադիր ստուգելու համար։ Նախագիծն ընդունուեց։

բ- Իրանի ադոմական հարցի վերաբերեալ ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները շարունակուելու են․ հերթական հանդիպումը տեղի կունենայ յառաջիկայ շաբաթ օրը, Իտալիայի մայրաքաղաք Հռոմում՝ Օմանի միջնորդութեամբ։

          Անցեալ շաբաթ օրը, միաժամանակ տեղի ունեցաւ Իրան-ԱՄՆ փորձագիտական խմբերի առաջին հանդիպումն Օմանում։ Սա արդէն նշանակում է, որ բանակցութիւններն ուրիշ փուլ են թեւակոխել, հիմա հիմք կայ հանդիպելու եւ քննելու թեքնիքական հարցերը՝ փորձագէտների կողմից։

          Իրանի Արտգործ նախարար Արաղչին երէկ տեղեկացրեց, որ նախքան շաբաթ օրուայ հանդիպումը, իրանական կողմը կը հանդիպի Ֆրանսիայի, Գերմանիայի եւ Բրիտանիայի ներկայացուցիչների հետ։ Հանդիպումը նախատեսուած է Արտգործ նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուների հետ (Արտգործ նախարարների մակարդակում հանդիպում չի նախատեսուած)։ Օրակարգը չի յայտարարուել։

գ- Երէկ մայրաքաղաք Վաշինգթոնում տնտեսական համագործակցութեան պայմանագիր ստորագրուեց ԱՄՆ-ի եւ Ուքրանիայի միջեւ։ Նախատեսուած է Միացեալ Նահանգները շահագործեն եւ ստանան Ուքրանիայի կարեւոր հանք-արդիւնաբերութիւնը։ Հանքերի սեփականատէրը կը մնայ Ուքրանիան, բայց արտադրանքն ու շահը կը լինի 50-50 բաժանումով։

          Նախագահ Թրամփը յայտարարեց, որ այս գործառոյթով՝ Միացեալ Նահանգները կը կարողանայ շատ արագ յետ ստանալ այն հսկայ գումարները, որ պատերազմի ժամանակ ԱՄՆ-ն տուել է Ուքրանիային։

Միաժամանակ,

          Ուքրանիան վերականգնելու եւ երկիրը ոտքի կանգնեցնելու համար կստեղծուի մի հիմնադրամ, եւ Միացեալ Նահանգները շատ մեծ դեր կունենայ այդ գործում։ Սա նոր աշխատանքի հսկայ ոլորտ ու շուկայ է Միացեալ Նահանգների ընկերութիւնների համար։

          Անորոշ լուրեր կային այս պայմանաւորուածութեան մէջ Միացեալ Նահանգների ստանձնած դերի մասին։ Ըստ որոշ հաղորդումների՝ ԱՄՆ-ն յանձնառու կը դառնայ Ուքրանիայի ապագայ ապահովութեան համար․․․ Թէ ինչ է նշանակում Ուքրանիա, եւ ի՞նչ տարածք է լինելու դա․․․ Այս հարցում էլ հակասական լուրեր կան։ Նախագահ Թրամփը երկու անգամ կրկնեց, որ Ղրիմը պիտի մնայ Ռուսաստանին։

          Ռուսաստան-Ուքրանիա պատերազմը վերջացնելու համար ամերիկեան կողմի ներկայացուցիչների հանդիպումներն ու յայտարարութիւնները շարունակւում են։ Ըստ որոշ լուրերի՝ մօտալուտ է հրադադարն ու երկու կողմի միջեւ նոր բանակցութիւններ սկսելը, որի հետ իր համաձայնութիւնն է յայտնել ռուսական կողմը։

Պարզ է,-

          ԱՄՆ-Ուքրանիա տնտեսական պայմանագրի կեանքի կոչուելու նախապայմանը պատերազմի աւարտը եւ խաղաղութիւնն է Ուքրանիայում։ Թէ դա ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ կը գոյանայ․․․ Ժամանակից առաջ չընկնենք։