Չորեքշաբթի, 08. 04. 2026

ԹՄՄ-ի «Ազատ Բեմ» Թատերախումբը Մեծ Յաջողութեամբ Ներկայացուց «Ծերունին Եւ Լեռը» Թատերախաղը

0
Screenshot

 ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամէն անգամ, որ թատրոն մը տեսնելու երթամ, ես ինծի հարց կու տամ, թէ արդեօ՞ք ինչ պատգամ պիտի ստանամ: Որովհետեւ, անկեղծօրէն ըսելով, կը հաւատամ որ թատրոնը նպատակ մը պէտք է որ ունենայ: Այսպէս, հարց մը, սխալ մը, դիւրիմացութիւն մը պարզէ ու անոր հետաքրքիր լուծումը գտնէ: Կամ ալ, կեանքի պատկեր մը դրսեւորէ, պատգամ մը փոխանցէ: Դաս մը տայ…: Այլապէս, ան կը դառնայ զուարճանքի տեղ, եւ արուեստի ոլորտէն կը փոխադրուի ժամանցի կեդրոնի: Որովհետեւ, վերջին հաշուով թատրոնին նպատակն է ներկայացնել, եւ ցոյց տալ մարդուն հոգեկան աշխարհը, անոր կենցաղը, անոր կեանքը յուզող հարցերը, մտայնութիւնը, առօրեայ հակասութիւնները, եւ անոնցմէ ծնունդ առած բախումները: Այս բոլորը անշուշտ իրենց որոշ լուծումներով: Բայց…առանց տատամսելու, անպայման կ’երթամ, որովհետեւ փոքր տարիքէս ի վեր, անհուն սէր մը ունեցած եմ անոր հանդէպ:

Նման մտմտուքներով, ինչպէս միշտ, Շաբաթ, 14 Յունիս, 2025, երեկոյեան ժամը 8-ին Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» թատերասրահը մտայ: Երկու շաբաթավերջերու վրայ երկարող այդ խաղը (ընդհանուր՝ 6 անգամ), որուն ես ներկայ կը գտնուէի երկրորդ օրն իսկ, կը բեմադրուէր աւելի քան յիսուն թատերգութիւններու հեղինակ՝ Վաչէ Ատրունիի «Ծերունին Եւ Լեռը» երկու արարնոց թատերախաղը, բեմադրութեամբ փորձառու դերասան՝ Վարդան Մկրտիչեանի կողմէ: Աւանդութիւն դարձած սովորութեան համաձայն, թատերախաղին, ներկաներուն հրամցուած գրքոյկը արդէն յստակօրէն կը բացայայտէր օրուան ներկայացուելիք նիւթին գլխաւոր պատկերը: Այսպէս, դէպքը տեղի կ’ունենար Փարիզի Օրլիի օդակայանէն ներս, երկու պատկեր-արարներով: Առաջինը՝ 1988-ին, իսկ երկրորդը՝ 2004-ին: Անցնելով խաղի նիւթին, գրքոյկը նաեւ կ’աւելցնէր, թէ ներկայացուած պատմութիւնը հայ երեք սերունդներու միջեւ ստեղծուած «հարցերուն» շուրջ էր: Խաղին «մեծ հայրիկը կ’երազէ Փարիզէն վերադառնալ իր պապենական գիւղը՝ Քեսապ, իսկ անոր փեսան եւ աղջիկը՝ կ’ուղղուին դէպի երազներու աշխարհ՝ Լոս Անճելըս, ապա թոռը՝ դէպի Հայաստան: Դէպքերու ընթացքին նաեւ կը ծանօթանանք երեք սերունդներու հայ կեանքի փնտռտուքներուն եւ երազներուն: Այս ընտանիքը օդակայանի այդ սրահին մէջ կը ծանօթանայ ֆրանսահայ օրիորդի մը, որ լսելով հայրենի մեծ երկրաշարժի մասին, իր մէջ կ’արթննայ արեան կանչը, եւ վճռաբար կ’որոշէ ծառայել հայրենիքին»:

Այսքան… պարզ եւ յստակ, բայց նոյնքան ալ՝ բարդ ու հետաքրքրական:

«Ծերունին Եւ Լեռը» այս թատերգութիւնը, սոսկ կատակ կամ զաւեշտ մը չէր, այլ՝ հայ կեանքի ընկալումէն պատկերացումներ: Հայ իրականութենէն ներս խլրտուող հարցերու տողանցք: Ու ինքնաբերաբար կը զգաս կեանքի կատակերգութիւնը: Այլ խօսքով, հայու հոգին ալեկոծող ապրումներու կը հանդիպիս: Ու այս բոլորը իրարայաջորդ կերպով, եւ գեղեցիկ խաղարկութեամբ, հաճելի, ներդաշնակ եւ յաջող կերպով ներկայացուեցան, ներկաներուն հոգիներուն խորը կանչող զանազան մտածումներով, եւ աւանդական դարձած կեանքի պատկերներ հրամցնելով:

Ըսեմ նաեւ որ թատերագիր Վաչէ Ատրունին, իր այս գործով, կրցած էր ներկայացնել հայու այնպիսի կերպարներ, որոնցմով հանդիսատեսը կը զգար, կը տեսնէր ու կամաց-կամաց ամբողջ խաղի տեւողութեան ինքնաբերաբար ինքզինք կը դասէր նոյն խաղին «հերոսներէն» մէկը:

Գալով բեմին, որ շարժական պատով մը բաժնած էր երկու մասերու, անոր ձախ կողմը կը ներկայացնէր 1988-ին պատահարները, իսկ աջինը, անկէ 18 տարիներ ետք՝ 2004-ինը: Երկու բաժիններն ալ նոյն օդակայանի, եւ նոյն սրահ-սենեակը կը ներկայացնէին, իրենց նոյն մէկ նստարանով եւ աթոռով մը զարդարուած:

Յիշեմ, որ աւելի քան տարի մը առաջ էր, երբ ԹՄՄ-ի նորակազմ այս խումբը՝ «Ազատ Բեմ»ը, լոսանճելըսահայութեան յաջող կերպով ներկայացած էր նոյն այս թատերագիր Ատրունիի «Խօսքը Մէջերնիս» խաղով, բեմադրութեամբ՝ դերասան Մկրտիչեանի: Իսկ այս մէկը՝ «Ծերունին Եւ Լեռը», իրապէս որ տարբեր խորք, իմաստ եւ ներկաներուն ալ որոշ պատգամ մը ունէր փոխանցելիք, իր մէջ: Ու այդ պատգամը, իբրեւ նպատակ, շնորհիւ դերասաններու գեղեցիկ եւ իմաստալից խաղարկութեան, յաջողութեամբ հրամցուեցաւ: Ու այս յաջողութեան առաջին բարենիշը նախ կ’երթայ թատերգութեան ընտրութեան, ապա բեմադրիչ՝ Վարդան Մկրտիչեանին, որ կարողացած էր թատերախումբի շնորհալի տարրերը շաղախել, թրծել, թափանցելու համար թատրերկի մորթին մէջ, միաժամանակ փոխանցելով անոր բեմական տեսիլքը: Իրենց կարգին, բոլոր դերասաններն ալ յաջող կերպով բեմին վրայ կրցան ստեղծել գեղեցիկ եւ համաչափ համագործակցութիւն մը, որուն շնորհիւ հանդիսատեսը միշտ կապուած մնաց:

Ու տեղին է յիշել, որ ինծի համար, թատերախաղին մէջ փոքր կամ մեծ դերեր չկան, այլ միայն՝ իրեն վստահուած կերպարը մարմնաւորելու դերակատարին հարազատութիւնը, անոր շարժուձեւերու բնականոն ընթացքը, անոր ձայնին մաքուր հնչիւններն ու արտայայտութիւնները, հարազատ ու համարձակ խաղարկութեան հետ զուգահեռ: Ու կրնամ հաստատել թէ բոլոր դերասաններն ալ անկաշկանդ եւ առանց բարդոյթի, եկան ամբողջացնելու խաղի յաջողութեան օղակը:

Ու մէկ առ մէկ յիշելով դերասանները, իրենց բեմ մուտքի կարգով ներկայացնեմ.- Արփի Սամուէլեան.-Յասմիկ Չափարեան-մօր դերով- որ իր ապրումներով, յուզումներով, ամուսնոյն հետ ունեցած ընտանեկան վէճերով, ինքնավստահ, նոյնքան արժանավայել, ներկայացուց հայ կնոջ բծախնդիր, գուրգուրոտ եւ մտահոգ կերպարը: Արամ Մուրատեան-Թորոս Չափարեանի դերով-վեթերան դերասան մը, որ իր հիւմըրով, իր վէճերով եւ յուզումներով, աւանդապահ հայ մարդու կերպարով, եւ զանազան մտահոգ արտայայտութիւններով, բեմին վրայ դարձաւ փնտռուած եւ յաջող եւ լուսաբեր ներկայութիւն մը: Իր, մեզի ներկայացուցածը, անցած էր սոսկ զաւեշտի կամ կատակի սահմաններէն, եւ հասած՝ հայ մարդու կեանքի ու ժամանակի տարբեր ընկալման եւ պատկերացման ոլորտին: Ապա յաջորդը՝ փորձառու եւ վաստակ ունեցող բեմադրիչ-դերասան՝ Վարդան Մկրտիչեան.- չափահաս Նարեկ Չափարեանի դերով – որ միեւնոյն ատեն յաջողութեամբ բեմադրած էր թատերախաղը, շատ հանդարտ եւ յստակ մարմնաւորեց իր բաժին-դերը: Բեմին վրայ իր երեւումներու բաժինները յաջողութեամբ պահեցին թատերախաղի ընդհանուր մթնոլորտին հարազատութիւնն ու խաղին ընդհանուր պատկերացումը:

Լոռի Մինասեան.-Նանէ Չափարեանի դերով- երիտասարդուհին, հակառակ անոր որ առաջին անգամ ըլլալով բեմ կը բարձրանար, իր հանդարտ, ինքնավստահ եւ համարձակ խաղարկութեամբ կրցաւ գրաւել սրահին ուշադրութիւնը, եւ ամբողջ խաղի ընթացքին, հարազատօրէն մնաց իր դերին մէջ:

Արթիւր Ապուսէֆեան.- պատանի Նարեկ Չափարեանի դերով- առանց բարդոյթի կարողացաւ մարմնաւորել իրեն վստահուած դերը, եւ մասնակից դարձաւ խաղի յաջողութեան օղակին:

Նարինէ Աւագեան.- ֆրանսահայ օրիորդ՝ Ժանինի դերով.- գաղութիս թատրոնի յիշատակելի ու ծանօթ անուններէն մէկը, որ հաճելի իր ներկայութեամբ եւ համարձակ խաղարկութեամբ, ճարտարութեամբ, իր անուան դիմաց նոր բարենիշ մըն ալ արձանագրեց այդ օր: Իսկ Ռուբէն Հարմանտայեան-ծերունի Արարատ Աշտիկեանի դերով.- գաղութի թատրոնի կեանքէն ներս ծանօթ ու վաստակ ունեցող վեթերան մը, որ իր փորձառու խաղարկութեամբ յաջողեցաւ հանդիսատեսին հասցնել հայ տարեց մարդու հարազատ եւ բազմերանգ ապրումներու փունջ մը, եւ նոյն այդ փունջը զինք դարձուց հրապուրիչ: Ապա, չմոռցանք որ կային Մարալ Պարիքեանը.-օդակայանի պաշտօնեան, եւ Լինտա Կ. Մկրտիչեանը.-Իսկուհի՝ օրիորդ Ժանիի մօր դերով-. որոնք, երկուքն ալ իրենց խաղարկութեամբ շատ հաճելի ներկայութիւն դարձան հանդիսատեսի աչքին: Միւս կողմէ, պէտք է նաեւ յիշենք երաժշտութեան եւ խաղի թեքնիք պատասխանատուներ՝ Խաչիկ Խաչատրեանն (Երեւան) եւ Քրիսթել Ապուսէֆեանն ու Նարեկ Մկրտիչեանը, որոնք ապահովեցին խաղի հեզասահ գնացքը:

Խաղի աւարտին, ԹՄՄ-ի «Ազատ Բեմ» երիտասարդացած այս թատերախումբին, առ ի ջերմ գնահատանք, ամբողջ սրահը յոտնկայս, եւ շատ երկար ծափահարեց: Մենք ալ ծափ տուինք նաեւ խումբի վարչութեան եւ անոր ատենապետ Լորա Գույումճեանին, իր անսակարկ ներդրումին: Նաեւ՝ մեծապէս գնահատեցինք բեմադրիչ Մկրտիչեանի եւ բոլոր դերասան-դերասանուհիներուն իրենց այս յաջող ելոյթին ու մանաւանդ օրինակելի զոհաբերութեան, եւ սրտանց մաղթեցինք, որ խումբը իր փայլուն երթը շարունակէ :

Արդ, իմ բարի մաղթանքն է, որ խումբը, իր վաստակաշատ բեմադրիչով, մօտիկ եւ հեռու ապագային, միշտ երիտասարդ մնայ ու իր բեմի վարպետ նուիրեալներով, բեմադրական հետաքրքրական նորութիւններով եւ իրագործումներով, նոր հորիզոններ բանայ որպէսզի առաւել ծաղկի մեր այս գաղութի թատերական ոլորտն ու մթնոլորտը:

Ողջունելով հանդերձ ամէն նախանձախնդիր արարք, եւ երախտագիտական մեծարանք, թող այս տողերը ըլլան նաեւ խումբին, զինք հովանաւորող միութեան, իր անդամներուն եւ բեմադրիչին ճիգը գնահատող շնորհաւորանքս, որպէսզի կրկնապատկուի կորովը եւ աւելի ու նոր թափով հայ թատրոնի ճամբով, անոր հայ մշակոյթին ծառայութիւնը շարունակուի: Բոլորին վարձքը կատար: Յաջողութիւն եւ բարի երթ:

Բացման Պաշտամունք. Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ՀԸ Համաժողով

0

Բացման Պաշտամունք ՄԱՀԱԵՄի ՀԸ. Համաժողովին տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 29 Յունիս 2025ին, ժամը 19.00ին, Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ մէջ, Պէյրութ։ Առցանց կարելի է հետեւիլ։

*****

The opening worship for the UAECNE’s 78th General Assembly will be held on Sunday, 29 June 2025, 7 p.m., at the First Armenian Evangelical Church, Beirut. It will be also broadcast live.

ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ. 𝗜𝗡𝗦𝗣𝗔𝗥𝗞

0

Նպաստի նոր ծրագիր Լիբանանի հայ երիտասարդներուն համար | 𝗔 𝗡𝗲𝘄 𝗖𝗿𝗲𝗮𝘁𝗶𝘃𝗲 𝗜𝗻𝗶𝘁𝗶𝗮𝘁𝗶𝘃𝗲 𝗳𝗼𝗿 𝗔𝗿𝗺𝗲𝗻𝗶𝗮𝗻 𝗬𝗼𝘂𝘁𝗵 𝗶𝗻 𝗟𝗲𝗯𝗮𝗻𝗼𝗻

«ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ» նախաձեռնութիւնը կը միտի ստեղծագործական արտայայտութեան, ինքնաճանաչումի եւ համայնքային փոփոխութիւններու խթանումին. հրաւէր մըն է Լիբանանի հայ երիտասարդներուն՝ նոր հորիզոններ բանալու, նորարարական գաղափարներ ձեւաւորելու եւ երիտասարդութեան բազմաձայնութիւնը աշխարհին հետ բաժնելու։ Ծրագիրը կը ձգտի մասնակիցներուն հնարաւորութիւն տալ ստեղծելու անոնց կեանքն ու համայնքները հարստացնող իմաստալից նախագիծեր, ի վերջոյ նպաստելով նաեւ հայկական մշակոյթի ապագայ ձեւաւորումին։

Նպատակն է աջակցիլ ստեղծագործական նախագիծերու, որոնք կ՚անդրադառնան լայն նիւթերու՝ ինքնութիւն, ընկերային մարտահրաւէրներ, լրատուական գրագիտութիւն, մարդու իրաւունքներ, թեքնաբանութիւն, լեզու եւ համայնքի կենսունակութիւն։

The INSPARK initiative is designed to spark self-discovery, creative expression and community-driven change from within. It is an invitation to Armenian youth in Lebanon to break new ground, explore innovative ideas and share diverse voices with the world. By igniting imagination and fuelling purpose, INSPARK seeks to empower participants to craft meaningful projects that enrich their lives and communities, ultimately helping to shape the future of Armenian culture.

The aim of the programme is to support creative projects that address an expansive range of themes, including identity, social challenges, media literacy, human rights, technology, language and community vitality.

Կարդացէք դիմումներու յայտը՝ https://gulbenkian.pt/…/Inspark-LB-grant-programme…

Իսկ անգլերէնը հոս՝ https://cdn.gulbenkian.pt/…/Inspark-LB-grant-programme…

Տեղի Ունեցաւ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը

0

Շաբաթ, 14 Յունիս 2025-ին, դպրոցին Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Վահան Թէքէեան վարժարանի Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը:

Հանդէսին ընթացքին, ներկայ ծնողներուն եւ Վարժարանին բարեկամներուն հրամցուեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն մասնակցութեամբ գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր:

Այս առիթով կը շնորհաւորենք վկայեալ մեր սիրելի մանուկները: Վարձքը կատար մեր սիրելի վարժարանին ժրաջան տնօրէնուհի՝ Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան-Տարաքճեանին եւ հանդէսը պատրաստող անձնուրաց ուսուցչուհիներուն:

Վայելենք լուսանկարները:

«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Աշակերտական Բանավէճի Ծրագիր. Քննական Մտածողութիւն Եւ Մշակութային Կապ Հայաստանի Հետ

0

Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի Լիբանանի մասնաճիւղը, համագործակցութեամբ Հայաստանի Ճինիշեան Հիմնարկի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին, 2024–2025 տարեշրջանին յաջողութեամբ գործադրեց «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» աշակերտական բանավէճի ծրագրին լիբանանեան տարբերակը։ Ծրագիրը որդեգրուած էր Հայաստանի մէջ Ճինիշեան Հիմնարկի կողմէ 2005-էն սկսեալ իրագործուած օրինակելի փորձառութենէն, որ ներգրաւած է հայրենի հազարաւոր աշակերտներ։

Նոյեմբեր 2024-ին մեկնարկած ծրագիրը համախմբեց11 լիբանանահայ վարժարաններէ 33 աշակերտ, որոնք աւելի քան վեց ամիսներու ընթացքին վերապատրաստուեցան քննական մտածողութեան, հիմնաւորուած փաստարկի, հրապարակային խօսքի եւ կարծիքներու հանդուրժողական փոխանակման մէջ։

Շաբաթական աշխատանոցները, կազմակերպուած Ճինիշեան Հիմնարկի Պուրճ Համուտի կեդրոնին մէջ, ամբողջովին արեւմտահայերէնով էին՝ միաժամանակ նպաստելով արեւմտահայերէնի վարժ եւ ժամանակակից գործածութեան։ Ամսական դրութեամբ հայկական վարժարաններու մէջ, հանրութեան բաց բանավէճերու շնորհիւ, աշակերտները առիթ ունեցան կիրառելու իրենց ստացած գիտելիքներն ու հմտութիւնները։

Մրցակցային փուլերէն ետք, ընտրուեցան վեց աւարտական մասնակիցներ՝ ներկայացնելու Լիբանանը Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք եզրափակիչ փուլին։

Ընտրուած աշակերտներն էին՝

• Յովիկ Չերչեան (Ազգային Միացեալ Վարժարան)

• Նազօ Պետիկեան (Ազգային ՄիացեալՎարժարան)

• Արինա Ուաննէս (Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ)

• Սերլի Տէմիրճեան (Հայ ԱւետարանականԿեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան)

• Մարիա Ճեսիքա Հաշօլեան (Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան)

• Սելին Քէօսէեան (ՀԲԸՄ Վարժարաններ)

Նախքան Հայաստան մեկնիլը, 3 մայիս 2025-ին, ըներակցութեամբ հաստատութեան տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեանին եւ ծրագրիպատասխանատուներուն, մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Լիբանանի դեսպանատուն, ուր ընդունուեցան դեսպան Վահագն Աթաբեկեանի կողմէ: Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց խումբը եւ բարձր գնահատեց Ճինիշեան Հիմնարկի այս նախաձեռնութիւնը՝ ընդգծելով նման ծրագրերու կարեւորութիւնը հայրենիք-սփիւռք կապի ամրապնդման մէջ։ Ճինիշեան հիմնարկի տնօրէնը պարոն դեսպանին ներկայացուց ծրագրին ձեռք բերած իրագործումները՝ անդրադառնալով, թէ ան ապագայի առողջմտածելակերպով երիտասարդներպատրաստելու կողքին, կը միտի նաեւ նոր թափտալու արեւմտահայերէնի ճիշդ գործածութեանորպէս գաղութային գոյատեւման հիմնակ անազդակ։

Լաւապէս պատրաստուելէ ետք, 6 մայիսին, վեց աշակերտներէ բաղկացած խումբը՝ գլխաւորութեամբ հիմնարկի տնօրէն՝ Քրիսթին Դանիէլեան- Սարգիսեանի, ժամանեց Երեւան՝ մասնակցելու «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» բանավէճի եզրափակիչ փուլին։ Անոնք դիմաւորուեցան Հայաստանի Ճինիշեան Հիմնարկի ԵԸՄ ծրագրի պատասխանատու Ռուբէն Գրիքեանի եւ հիմնարկի անձնակազմին կողմէ:

Այս այցելութիւնը սակայն, սահմանափակուած չէր միայն մրցաշարքով։ Այս առիթով, աշակերտները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Սարդարապատ հերոսամարտի յուշահամալիր, Ս. Էջմիածին,Հայաստանի ամերիկեան համալսարան,  «Թումօ» կեդրոն, Խոր Վիրապ, Ս. Աստուծածին Եկեղեցի, Սեւան, Սաղմոսավանք, Օհանավանք, Գառնի եւԳեղարդի վանք։ Անոնք հանդիպեցան Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան ներկայացուցիչ Գայիանէ Մածունեանին, մասնակցեցան վարժողական զրոյցներու, նաեւ տեսակցեցան արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի տնօրէն ԱզնիւՍտեփանեանի հետ, մասնակցեցան դաշտային այցելութիւններու՝ ծանօթանալու Ճինիշեան Հիմնարկի հովանաւորած բարգաւաճման ծրագիրներուն, եւ այցելեցին Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն՝ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու եւ խոնարհելու ժամանակակից հերոսներու շիրիմներուն առջեւ։

Խումբը տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Ճինիշեան Հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն՝ Էլիզա Մինասեանին, Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն՝ Արմէն Յակոբեանին, ինչպէս նաեւ Ճինիշեան Հիմնարկի վարչութեան անդամ Րէպէքա Պարնզի եւ Presbyterian եկեղեցւոյ փոխ-ատենապետ Պէրրի Քրիչի հետ։

Բանավէճի եզրափակիչ մրցաշարքը տեղի ունեցաւ9-11 մայիսի միջեւ՝ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին եւ Անի Փլազա պանդոկին մէջ։ Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ ծրագրի պատասխանատու Ռուբէն Գրիքեան։ Ան անդրադարձաւ ծրագրի 21 ամեայ յաջողութիւններուն, նշելով թէ այս տարի յատկանշական է Ջաւախքի կողքին Լիբանանահայ աշակերտներու մասնակցութիւնը։ Ան դիտել տուաւ թէ հայրենիքի մէջ նոր փորձառութիւն պիտի ըլլայ արեւմտահայ լեզուով բանավէճի մասնակցութիւնը։ Ապա, խօսք առաւ Լիբանանի Ճինիշեան Հիմնարկի տնօրէն՝ Քրիսթին Դանիէլեան Սարգիսեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հիմնարկի Հայաստանի գրասենեակին այս իւրայատուկ առիթին համար, որով Լիբանանահայ աշակերտներ առիթը ունեցան այցելելու հայրենիք, շփում ունենալու հայրենակից քոյր եղբայրներու հետ եւ ձեռք բերելու եզակի փորձառութիւն։

Մօտ 100 աշակերտներ՝ Հայաստանի տարբեր շրջաներէ, Ջաւախքէն եւ Լիբանանէն, բանավիճեցան այժմէակն հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի անդամակցութիւն», «Արհեստական բանականութիւնը կրթութեան մէջ», «Ամուլսարը պէտք է շահարկուի՞», «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունենալու համար հարկաւոր է բնակիլ Հայաստան (Resident ըլլալ)», եւ «Արտաքին քաղաքականութեան նպատակներուն հասնելու համար տնտեսական պատժամիջոցներ կիրառելը անընդունելի է» թեմաներով։

 Լիբանանի «Պէյրութ 1» եւ «Պէյրութ 2» խումբերը գնահատուեցան իրենց արդիւնաւէտ եւ արեւմտահայերէնով ինքնավստահ ելոյթներուն համար։

Պէյրութ 1:

• Նազօ Պետիկեան

• Սերլի Տէմիրճեան

• Արինա Ուաննէս

Արդիւնք՝ 255-262՝ ի շահ Երեւան 4 դպրոցի։

 Պէյրութ 2:

• Յովիկ Չերչեան

• Մարիա Ճեսիքա Հաշօլեան

• Սելին Քէօսէեան

Արդիւնք՝ 273-260 յաղթանակ, անցում երկրորդ փուլ։

Երկրորդ փուլին, Պէյրութ 2 խումբը բանավիճեցաւ«Ամուլսարը պէտք է շահագործուի՞» նիւթին շուրջ՝ ներկայացնելով բնապահպանական հիմնաւորուածփաստարկներ։Խաղը աւարտեցաւ (283-280 արդիւնքով ի շահ Երեւան 1 դպրոցին։

Ծրագրի պատասխանատուները, բանավէճերու դատական կազմերը, եւ ներկաները բարձրօրէն գնահատեցին Լիբանանի բոլոր մասնակիցներուն մասնագիտական, ազդեցիկ եւ հրապուրիչ ելոյթները։

Ծրագրի աւարտին, տեղի ունեցաւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւն, վկայագրերու, յուշանուէրներու եւ մետալներու բաշխում։ Ճինիշեան Հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Էլիզա Մինասեան ընդգծեց այս նախաձեռնութեան 21-ամեայ յաջողութիւնը, եւ խրախուսեց աշակերտները ծառայելու ազգին ու հայրենիքին։ Լիբանանի Ճինիշեան Հիմնարկի տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան վեր առաւ մասնակիցներու նուիրումը պատերազմական պայմաններու մէջ եւ նշեց, որ այս վեց աշակերտանի խումբը պիտի դառնայ ծրագրին ընդլայնման հիմնաքարը։

«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» 2024-2025 ծրագիրը իրագործուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ եւՃինիշեան Հիմնարկի Լիբանանի եւ Հայաստանի գրասենեակներու համակարգումով։

Ափսոս Պրն. Վարչապետ Բոլորովին Անպատշաճ Ձեր Խօսոյթը Վնասեց Առանձնապէս Ձեզ Եւ Ձեր Հանգամանքին Մինչ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Է՝ Եւ Կը Մնայ Հայոց Թանկագին Հիմնասիւներէն Մէկը

0

Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ*

            Ափսոս՝ շատ ափսոս Պրն. Փաշինեան:

          Շատ դժուար է մեզ համար հասկնալ թէ անհեռատես ինչպիսի մտածողութեամբ է որ, երկրին արդէն իսկ փխրուն հոգեբանական ներկայ կացութեան մէջտեղ, գրգռիչ, ամենահասարակ բառամթերքով, Դուք ի վերջոյ, Ձեզ, եւ Ձեր շրջապատին է որ նուաստացուցիք միայն, թիրախաւորելով Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ աւագանին:

            Պրն. Վարչապետ՝ արտայայտելով գիտակից հայ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան պահանջը, մենք բազմիցս և կրկնակի, կոչ ըրած ենք Ձեզ, ընդհակառակը համախմբելու մեր ժողովուրդի բոլոր կարեւոր կառոյցները որպէսզի կարենանք յաղթահարել, մեր հայրենիքին եւ ազգին սպառնացող այսօրուան գոյութենական մեծագոյն վտանգները:

            Անընդունելի է բոլորիս համար, թէ ոչ միայն այս իմաստով Դուք մինչեւ այսօր գործնապէս որեւէ ջանք չէք կատարեր, այլեւ ընդհակառակը ահա Դուք՝ եւ ակնյայտօրէն Ձեր քաջալերանքով, Ձեր նեղ շրջապատը, գործածելով քաղաքակիրթ պարզ հայուն համար ամենախորթ փոթորկաստեղծ բառամթերք մը, պատերազմ կը հռչակէք, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւագ սպասարկողներու դէմ: Դժբախտաբար, պէտք է անխուսափելիօրէն ենթադրել թէ գիտակցաբար անտեսեցիք թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, իր աշխարհատարած կառոյցով, տասնեօթը դարերէ ի վեր ունենալով հանդերձ բացթողումներ, եղած է եւ այսօր ալ կը մնայ մեր ազգային գոյատեւումը ապահովող դիմադրականութեան կարեւորագոյն ազդակներէն մէկը:

            Այս պայմաններու տակ Պրն. Վարչապետ, հետեւողական ըլլալով է որ, ստիպողաբար ահա անգամ մը եւս կը ստորագծենք և Ձեզ կը յիշեցնենք թէ ազգային գերագոյն մեր շահերը կը պահանջեն որ Դուք, ծանրօրէն տագնապալից այս շրջանին, այսօր աւելի քան երբեք, Ձեր առաջնահերթ եւ լրջագոյն անմիջական պարտաւորութիւնը նկատէք ստեղծել ազգային համախմբման այն հարթակը ուր մէկտեղուին ամբողջ հայ ժողովուրդին՝ հայրենիքի թէ Սփիւռքի տարածքին գործող, քաղաքական, մտաւորական գիտական եւ այո նաեւ հոգեւորական, ոյժ ներկայացնող բոլոր կարեւոր կառոյցները : Այս բոլորին միացեալ եւ համադրուած ոյժերով է միայն որ կրնանք կառուցել այն հզօր պարիսպները որոնց շնորհիւ պիտի յուսանք կարենալ ազդու կերպով պայքարիլ եւ ի վերջոյ յաղթահարել ներկայ համաշխարհային աննախընթաց վտանգներուն յորձանքները:

            Պարզապէս արտօնուած չէ մեզմէ ոչ մէկուն, ի մասնաւորի Ձեզ Պրն. Վարչապետ , որ ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն տակ անտեսէք կամ տկարացնէք ազգային տոկունութեան արմատներէն որեւէ մէկը, այս պարագային մանաւանդ՝ Հայց. Առաքելական բազմադարեան եկեղեցին:

           Քննադատութեան լուրջ նիւթեր առատ են:

            Ի գին կրկնութեան, ստիպուած կը մանրամասնենք Պրն. Վարչապետ թէ նախ և առաջ, յանուն հայ ժողովուրդին, Ձեզմէ կը պահանջուի որ սրբագրէք բոլոր բացթողումները Ձեր այն պարտականութեանց, որոնց ի պաշտօնէ Ձեզ ազգովին կը նկատենք գլխաւոր պատասխանատու խնամակալը.

            Կը պահանջենք որ այսօրուան վտանգներուն լրջութեան համաչափ հզօրացնէք և արդիականացնէք մեր երկրի սահմանները պաշտպանող ազգային բանակը: Առանց այս վերջնոյն, դիւանագիտական համաձայնութիւնները կը մնան ամուլ և անզօր:

            Կը պահանջենք որ տնտեսութեան զարգացման հետ զուգահեռ, հոգատարէք եւ քաջալերէք որ մեր ժողովուրդը լաւ սորվի եւ տէր կանգնի իր հարազատ լեզուին, իր պատմութեան եւ իր մշակոյթին:

            Կը պահանջենք որ քաղաքական սակարկութեանց նիւթ չդառնան մեր սրբութիւնները որոնց շարքին առաջնահերթ են Հայոց բազմադարեան նշանաբան սուրբ Արարատ լեռը, Հայոց Ցեղասպանութեան  նկատմամբ անսակարկելի արդարութեան պահանջը, երեսուն տարիներ իր  փառքը երգուած Արցախը, այսօր մզկիթներու վերածուող իր եկեղեցիներով եւ իր քանդուող պատմական ազգային յուշարձաններով:

            Կը պահանջենք մանաւանդ Պրն. Վարչապետ, որ առաջնահերթ ծրագիր նկատէք պետական լրջագոյն միջոցներով կազմակերպել եւ զարկ տալ միջազգային տարողութեամբ, հայանպաստ հանրային կարծիք (public opinion) կառուցող՝ տեղեկատուութեան ցանցերու: Այսօր այս վերջինները պարզապէս անգոյ ըլլալով, դաշտը լայնօրէն բաց է ազերիական հակատեղեկատուական լայնատարած աշխատանքին առջև:

          Վերոյիշեալ այս Ձեր մեծ բացթողումներուն հետևանքով է որ, Պրն. Վարչապետ, դժբախտաբար կորսնցուցինք Ղարաբաղը, իր ամբողջ ազգային հարստութիւնով: Անհաւատալի, դատապարտելի և խիստ վտանգաւոր է նաև որ մինչև այսօր, հայոց պետութիւնը տակաւին ոչ մէկ ազդու միջոցառման կը դիմէ երբ ազերի վարչամեքենան և ամբողջ իր մամուլը ազատօրէն «Արևմտեան Ատրպէյճան» կը կոչեն նոյնինքն ամբողջ Հայաստանը:

           Գիտենք անշուշտ  Պրն Վարչապետ, թէ որոշ չափով սահմանափակ են Ձեր միջոցները, սակայն Ձեր կարևոր բացթողումներու շարքին կը մտնէ նաև, թէև ի բնականէ անխուսափելիօրէն անհամադրուած, սակայն այլապէս հսկայ միջոցներ ունեցող Սփիւռքին նկատմամբ, պետական Ձեր լուրջ վերաբերմունքի պակասը:

            Այս բոլորէն ետք, ինչ կը վերաբերի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կառոյցին, ինչպէս բոլոր մեր միւս կառոյցներու պարագան է, ի դէպ ներառեալ քաղաքական կառոյցները, բնական է և ճիշդ է որ հոն ևս այսօր կան, ինչպէս եղած են անցեալին, կատարուելիք կարևոր բարելաւումներ: Սակայն այս մտահոգութեանց ծիրին մէջ, բաղդատմամբ մեր միւս կառոյցներուն, բարեբախտաբար մեր եկեղեցին՝ եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու մասնակցութեամբ, ունի իր գործող ամենալուրջ կանոնագրական վարչամեքենան, որուն ճանապարհով է որ, ինչպէս անցեալին, այսօր ևս բարելաւումները պարտին կատարուիլ: Օրինական այդ վարչամեքենային մէջ պարտականութիւններ եւ իրաւասութիւններ ունին հաւասարապէս, սուրբ Միւռոնով մկրտուած պարտաճանաչ ամէն հայ հաւատացեալ: Այդ հանգամանքները լրացնելու պարագային է միայն, որ Դուք եւս ունիք այդպէսով ձևաւորուած պարտականութիւններ եւ իրաւունքներ: Սակայն որոշ է թէ առանձնապէս Վարչապետի Ձեր հանգամանքը կը ցաւինք որ յաւելեալ սահմանադրական իրաւասութիւններ բացարձակապէս չի տար Ձեզ, Պրն. Վարչապետ:

            Ահա թէ ինչու անընդունելի եւ դատապարտելի է բոլորիս համար Ձեր եւ Ձեր շրջապատին գործածած անընդունելի բառապաշարով, միջամուխ ըլլալու գրոհը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ:

            Ընդհակառակը այժմ կ’ակնկալուի Պրն. Վարչապետ որ Ձեր անպատշաճ և ամօթալի գրութեանց համար հրապարակաւ ներողութիւն խնդրէք Եկեղեցիէն եւ հայ հասարակութենէն, որ Ձեզմէ ի պաշտօնէ շատ աւելի բարձր մակարդակի վարք է որ կ’ակնկալէ:

            Ահա եզրակացնելով կը կրկնենք, ափսոս որ տագնապալից այս օրերուն, ամօթալի Ձեր գրութիւնները մեզ ստիպեցին պահ մը շեղուիլ գոյութենական ազգային մեծագոյն մտահոգութիւններէն:

              Պրն Վարչապետ, կրկնելով անմահ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի խօսքերը, որպէս հոգևոր ծնողք՝ «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հայ ժողովուրդի հոգւոյն», մենք և Դուք, պարտինք հոգատար, կառուցողական քայլերով միայն մօտենալ, և մանաւանդ՝ գուրգուրալ Անոր: Ամէնայն դէպս, վերոյիշեալ, Ձեզմէ սպասուած բոլոր  ակնկալութիւնները ամբողջովին  լրացնելու պայմանաւ, եւ այնքան ժամանակ որ կը զբաղեցնէք հայրենիքի բարձրագոյն պատասխանատու պաշտօնը, մենք Պրն Վարչապետ , հայրենիքին սպառնացող վտանգները յաղթահարելու դժուար ճամբուն վրայ, մեր պարտականութիւնը նկատելով, նաև կը շարունակենք կարելիութեանց մեր սահմաններուն մէջ, մեր գործակցութեան հաւաստիքը տալ , Ձեր կատարած, և կատարելիք, դժուարին աշխատանքին մէջ:


* Վաստակաւոր սփիւռքահայ, Գանատահայ գիտնական՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, ծնած է Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս,1935 թուին:Այժմ Մոնթրէալաբնակ, ան արժանացած է Member of the Order of Canada,Գանատայի պետական՝ քաղաքացիական (civilian) բարձրագոյն կոչումին: Երկար տարիներու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար դէմքերէն, ան այժմ նախագահն է Թէքէեան Մ. Մ.եան ԱՄՆ.և Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան: Ան՝գլխաւոր հիմնադիրներէն է Գանատահայոց Թեմին՝ և այսօր Պատուոյ Ատենապետն է անոր Թեմական Խորհուրդին:Ան յղացող և հիմնադիր-իրականացողն է Գանատահայ առաջին դպրոց՝ Մոնթրէալի ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան վարժարանին: Բազմատասնեակ տարիներ եղած է ամենամօտ գործակիցներէն հանգուցեալ Ալեք Մանուկեանին և Անդամ՝ ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչական Ժողովին, որոնցմէ տասը տարիներ եղած է անոր Փոխ Նախագահը, իսկ այսօր ան Վաստակաւոր (Emeritus) Անդամ է անոր :

Look Who’s Talking?! Կամ, Քանդել Քանդել Մինչեւ Վերջ

0

Վերջերս Նիկոլ Փաշինեան լծուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին՝ մեր ազգին ու հայրենիքին ապրած այս թշուառ օրերուն մէջ, տակաւին կանգուն Ազգային միակ հաստատութեան հետ հաշուեյարդար տեսնելու: Մինչ պետական ո՛չ մէկ հիմնարկ լիարժէք կ՛աշխատի, մինչ ինք իր բերնով քատրերու ճգնաժամ կը յայտարարէ, նաեւ կը խոստովանի, որ իր իշխանութիւնը եօթ տարիներէ ի վեր դպրոցական առաջին դասարանը կը կրկնէ հա կը կրկնէ: Մինչ երկրին գերիշխանութիւնը մեր ժողովուրդին թշնամիին կողմէ ամէն օր կը խախտուի, եւ մեր Հայրենիքին ապահովութիւնը՝ ինչպէս լիբանանեան ասացուածքը կ՛ըսէ. «Կապիկի ափին մէջ կը գտնուի», պատմական թիւրիմացութեամբ մը մեր երկրին Վարչապետի պաշտօնին վրայ յայտնուած մարդը բան գործ ձգած զբաղած է մեր եկեղեցականներուն «կոյս» կամ ոչ «կոյս» ըլլալը կամ եկեղեցական կանոնը խախտած ըլլալը «բացայայտելու» գործին, որ ի դէպ նորութիւն չէ, քանի ազգային արժէքները ջլատելու կլոպալիստական պատուէրը կատարելու աշխատանքները եօթ տարիներէ ի վեր «ժրաջանօրէն»  կը կատարուին երկրին ղեկը ստանձնած խմբակին կողմէ:

Զաւեշտը կը կայանայ նաեւ այն բանին մէջ, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին կանոնագրութեամբ մտահոգ կամ զայն վերականգնելու մեսիանիք գործին ինքզինք լծած մարդը, ինքը անձնապէս շրջանցած է իր իսկ ղեկավարած երկրին կարեւոր հաստատութիւններէն մէկը, որն է քաղաքացիական ամուսնութեան հիմնարկը (Զագսը) եւ ինքն ու իր կենակիցը, որ ի դէպ նուազ փութկոտութեամբ չէ, որ վերոյիշեալ սեւ գործին ետին կանգնած է, առանց եկեղեցական աւանդական պսակադրութեան կամ քաղաքացիական ամուսնութեամբ ընտանիք կազմած ըլլալու, համատեղ կ՛ապրին եւ ունին չորս զաւակներ…:

Սոյն զոյգը պետական համակարգի մէջ գործող անձանց անյարիր գործելաձեւով ու բառապաշարով, ինքզինքին արտօնութիւնը տուած  օր ու գիշեր անպատկառ, լպիրշ, եւ օդին մէջ կախուած լուրերու մակարդակով յայտարարութիւններ եւ գրառումներ ընել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գահակալին եւ ընդհանրապէս մեր հաւատքին ու եկեղեցիին ծառայող միաբաններուն հասցէին:

Այստեղ կարեւոր է նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սահմանադրականօրէն հռչակուած է, որպէս  իրաւական պետութիւն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը լիովին իրաւասու է իրաւապահ մարմիններէն՝ ՀՀ դատախազութիւն կամ ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութիւն, կամ նշուածներուն հետ օրէնքով կապակցուած կառոյցներէն պահանջելու քրէականօրէն հետապնդել  Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր կենակից Աննա Յակոբեանին՝ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի առնուազն 204-րդ՝ «Անձնական կամ ընտանեկան կեանքի գաղտնիութիւնը խախտելը», 473-րդ՝ «Յանցագործութեան մասին չյայտնելը» եւ 476-րդ՝ «Սուտ մատնութիւնը» յօդուածներով։ 

Ի դէպ, ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 204-րդ յօդուածը հետեւեալը կը նախատեսէ.

«Մարդու անձնական կամ ընտանեկան գաղտնիք համարուող տեղեկութիւնն առանց նրա համաձայնութեան (…) հրապարակային ելոյթներով, զանգուածային լրատւութեան միջոցներով կամ հաղորդակցական տեխնոլոգիաների միջոցով տարածելը պատժւում է (…) ազատազրկմամբ՝ առաւելագոյնը երկու տարի ժամկէտով: Սոյն յօդուածի 1-ին կամ 2-րդ մասով նախատեսուած արարքը, որը կատարուել է իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ դրանցով պայմանաւորուած ազդեցութիւնն օգտագործելով (…), պատժւում է ազատազրկմամբ` առաւելագոյնը երեք տարի ժամկէտով»:

Նիկոլ Փաշինեան, ընդամէնը քանի մը օր առաջ կատարած է  գրառում․ «Եթէ պարզուի, որ իրօք Գարեգին Բ-ն խախտել է կուսակրօնութեան ուխտը եւ զաւակ ունի, նա չի կարող լինել Ամենայն հայոց կաթողիկոս, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ փաստի առկայութեան պահից նա չէր կարող լինել կուսակրօն քահանայ։ ․․․Խնդիրը բարձրացնում եմ որպէս Հայ առաքելական եկեղեցու հետեւորդ, որովհետեւ տեսնում եմ հոգեւոր անվտանգութեան խնդիր, ասում եմ նաեւ որպէս ՀՀ վարչապետ, որովհետեւ տեսնում եմ պետական անվտանգութեան խնդիր։․․․»։

Վերոյիշեալ  գրառմամբ, որ ի դէպ խօսքի եւ կարծիքի ազատութեան սահմանները շատո՜նց հատած է,  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ծայրագոյն պատրիարք, Ն․ Ս․ Օ․ Տ․ Տ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի հանդէպ «իշխանական լիազօրութիւններու եւ ազդեցութեան օգտագործմամբ», «հրապարակային ելոյթով, զանգուածային լրատւութեան միջոցներով եւ հաղորդակցական տեխնոլոգիաներու միջոցով» տարածած է «անձնական կեանքի գաղտնիք համարուող տեղեկութիւն», որուն տարածման համար ոչ միայն համաձայնութիւն տրուած չէ, այլեւ ան ուղղուած է 1700-ամեայ Հայ Առաքելական Աթոռի գահակալին վատաբանելուն։ Հետեւաբար եւ անգամ մը եւս կրկնելու գնով կ՛արժէ հաստատել, որ Եկեղեցին աւելի քան իրաւասու է պահանջել, որ քրէականօրէն պատժելի այդ արարքի համար իշխանական լիազօրութիւններով օժտուած ՀՀ քաղաքացի Նիկոլ Փաշինեանին հանդէպ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 204-րդ յօդուածի հիմքով յարուցանուի քրէական վարոյթ։

Այս բոլորը դեռ ինչ, որ կերպ ընկալելի կարելի էր սեպել եթէ Փաշինեանի այսօրուայ գրառումը չհատեր բոլոր կարմիր գիծերը: Նիկոլ Փաշինեան ի միջի այլոց, իր գրառումը եզրափակած է հետեւեալ շատ վտանգաւոր տողերով. «…Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու հաւատաւոր հետեւորդներին կոչ եմ անում համախմբուել Վեհարանը սիրով եւ քրիստոնէաբար ազատելու եւ որեւէ իրապէս սրբազան հոգեւորականի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրելու օրակարգի շուրջ»…։ Այլ խօսքով, կատարուածը քօղարկուած (ոչ այնքան) կոչ է քաղաքացիական բախումներու, քանի որ Վեհարանն ալ ունի իրեն հաւատարիմ զաւակները: Բան մը, որ մինչ ինքզինք յարգող երկիրներու իշխանութիւններ ամէն բան կ՛ընեն շրջանցելու համար, մեր մօտ վարչապետի մակարդակով կը հրահրուի:

Այս բոլորը մեզի կը յուշեն, որ ադէն իսկ հասած ենք «քանդել քանդել մինչեւ վերջ» քաղաքականութեան վերջին արարին, եւ արդէն թեւակոխած ենք շատ վտանգաւոր փուլ. բացայայտ պատերազմի հանգրուան: Ուրեմն պէտք է ընդունիլ պատերազմի մարտահրաւէրը:

Մենք կը հաւատանք, որ 2018-ին պատմական թիւրիմացութեամբ մը իշխանութիւնը զաւթած կողմը, Արցախը յանձնելէ եւ 5000 լոյս տղաներու թափած արեան պատճառ հանդիսանալէ ետք, արդէն լրիւ դիմակազերծուած՝ պատերազմ կը մղէ մեր Պետութեան, մեր Ինքնութեան, մեր Հայրենիքին, մեր Եկեղեցիին, մեր սրբութիւններուն, մեր արժէքներուն, եւ մեր սերունդներուն դէմ: Իր քօղարկուած կոչերով մեր ժողովուրդին արիւնահեղութեան կը մղէ հաւանական քաղաքացիական պատերազմ հրահրելու իւրայատուկ միջոցով:

Պահը օրհասական է եւ ոչ խաղ ու պարի,  հաճոյախօսութիւններու կամ կեղծ հայրենասիրութեան: Որոշումը մեզի կը մնայ դիմակալելու ազնիւ Հայի տեսակի դէմ շղթայազերծուած շատ դժուարին գուցէ անհաւասար պատերազմը:

Մեր Ազգին ու Հայրենիքի ապագան կախեալ է իւրաքանչիւրիս այս պահուն որդեգրելիք յստակ կողմնորոշումէն: 

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Ոչ Եւս է Ազգային Բարերար Սարգիս Երուանդ Տէմիրճեան

0

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովը

ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքը

իր բոլոր յանձնախումբերով, վարչական ու համակիր անդամներով, սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ մահը՝

Ազգային բարերար, ՀԲԸ Միութեան բարերար, Կեդրոնական Վարչական Ժողովի (ԱՄՆ) անդամ եւ փոխ նախագահ, Խնամակալ Խորհուրդի (ԱՄՆ) անդամ, երկարամեայ վեթերան ու աւագ վեթերան անդամ, Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի գանձապահ եւ փոխ ատենապետ, Կրթական Յանձնախումբի անդամ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Ասպետներու Վարչութեան ատենապետ, տիպար միութենական՝

ՍԱՐԳԻՍ ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆԻ

որ պատահեցաւ Կիրակի 8 Յունիս 2025-ին,  Պէյրութ.

Ազնիւ Համագործակցութեան Պտուղ՝ Հայկական  Աննախընթաց Մշակութային Օր

0

Նախ կ՛ուզեմ ի սրտէ շնորհաւորել գաղութիս (Լոս Անճելըս – խմբ.) երեք հայկական մշակութային միութիւնները, որոնց վարչութիւնները համաձայնած էին միասնաբար տօնելու Հայկական Մակութային Օրը, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի հանրային Լամանտա գրադարանին մէջ՝ Շաբաթ, 31 Մայիս 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 2:30-4:30-ի միջեւ։

Արդարեւ՝ տեղւոյն Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնն ու Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կազմակերպած էին Հայկական Մշակութային այդ օրը, մօտէն ծանօթացնելու մշակութային մեր դարաւոր ժառանգը՝ օտարներուն։

Մշակութային վերոյիշեալ ժառանգը կ՛ընդգրկէր կատարողական արուեստ՝ գործիքային երաժշտութեան, բանաստեղծութեան եւ տոհմիկ երգի ու պարի։

Հանդիսավար Էլըն Վարդանեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց որ յայտագիրը պիտի ընթանար անգլերէն լեզուով, մատչելի ըլլալու համար ոչ-հայազգի ներկաներուն: Ան ապա շնորհակաութիւն յայտնեց Լամանտա գրադարանի տնօրէնութեան, որ սիրով տրամադրած էր իր  սրահը, սոյն միջոցառումին համար։

Էլըն ապա հրաւիրեց գաղութիս ծանօթ հրապարագիր Յարութ Տէր Դաւիթեանը, որ համառօտ կերպով ներկայացնէ հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը։

Յարգելի բանախօսը դիտել տուաւ որ ըստ պատմաբան Մովսէս Խորենացիի, հայերը ունին 5,000 տարուան պատմութիւն մը։ Ան ապա ներկայացուց կարգ մը պատմական տուեալներ, որոնք խիստ հետաքրքրական էին ներկաներուն համար։

Օրինակ.

  1. Քրիստոսէ առաջ վեցերորդ դարուն, երեք կայացած երկիրներ կային։ Բաբելոն, Ասորեստան եւ Ուրարտու, (եւ Միջագետք – խմբ.)։ Այսօր այդ երեք երկիրներէն միայն Հայաստանն է որ գոյատեւած է։
  • Երեւանը (հիմնուած, որպէս Էրեբունի մեր թուականէն առաջ 782-ին -խմբ.)՝ 29 տարի աւելի հին է՝ քան Հռոմը։ (Ան գրեթէ տարեկից է Նինուէին եւ Բաբելոնին, սակայն ի տարբերութիւն անոնց, 21 դարուն ան տակաւին ծաղկուն քաղաք է – խմբ.):
  • Քրիստոսի ժամանակ՝ Չինաստանը կը հաշուէր 60 միլիոն, իսկ Հայաստանը 4 Միլիոն ժողովուրդ։ Այսօր սակայն, Չինաստանը կը հաշուէ 1.5 միլիառ, իսկ Հայաստանը՝ 10 միլիոն ժողովուրդ (կ՛ենթադրենք, որ այստեղ նկատի առնուած է աշխարհասփիւռ հայութիւնը միասին հաշուած: Հակառակ պարագային, ընդամէնը՝ հազիւ 3 միլիոն – խմբ.)։
  • Աշխարհի վրայ այսօր կան 7,000 լեզուներ՝ որոնց 90 տոկոսը այսօր, կ՛օգտագործուի նուազ քան 1000 հոգի հաշուող հաւաքականութիւններու կողմէ:
  • Մովսէս Խորենացիի գրած պատմագիրքը, 1600 տարի շարունակ օտագործուած է որպէս դասագիրք։

Յայտագրի մնացած մասը կը բաղկանար գեղարուեստական բաժինէն՝ հետեւեալ կարգով։

Ա. Նուագ – Հայկական դասական եւ ժողովրդական գեղեցիկ երաժշտութիւն ներկայացուեցաւ Դաւիթ Սահակեանի (սրինգ), Ալիսիա Քէօշկէրեանի (քանոն) եւ Շանթ Դանիէլեանի (ջութակ) կատարողութեամբ։

Բ. Ասմունք – ԹՄՄ Մեծն Լոս Անճելըսի վարչութեան փոխ-ատենապետ Սեւան Տէր-Պետրոսեան նշելէ ետք Հայ ժողովուրդի դարաւոր սիրոյն մասին հանդէպ բանաստեղծութեան, բեմ հրաւիրեց Ալին Եատըկարեանը, որ ապրումով արտասանեց բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» քերթուածը։ Իսկ Միհրան Թումաճանը ներկայացուց Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի «Ոսպ Ստկող Կինը» եւ Ֆրանսահայ բանաստեղծ Միսաք Մանուշեանի «Զրկանքը» քերթուածը։

Գ. Երգ – Փասատինայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ երգչախումբը հանդէս եկաւ եկեղեցական եւ ժողովրդային երգերու ցանկով մը, ղեկավարութեամբ Երուանդ սարկաւագ Քեշիշեանի եւ երգեհոնի մասնակցութեամբ Մարիա Օսէփեան-Քեշիշեանի։

Անոնք նախ ներկայացուցին Մակար Եկմալեանի «Յամենայնի» եւ Կոմիտասի «Գովեայ Երուսաղէմ» շարականները եւ ապա Կարա- Մուզայի «Ալագեազ»ն ու Պարոյր Սեւակի «Երեւան-Երեբունի»ն, երաժշտութեամբ Էտկար Յովհաննէսեանի։

Դ. Պար – Փաթիլ պարախումբի փոքրիկներու եւ պատանիներու խումբերը փոխնիփոխ հանդէս եկան հայկական տոհմիկ պարերով, մեծապէս խանդավառելով բոլոր հանդիսականները անխտիր։

Հանդիսութեան աւարտին՝ հանդիսավար Էլըն Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն, նաեւ հանդիսականներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերած էին այս եզակի ձեռնարկը։

Հուսկ ապա Արթիւր Քեշիշեան թմբուկ նուագելով հրաւիրեց հանդիսականները որ միանան Փաթիլ պարախումբի անդամներուն, որոնք շուրջպար մը կազմելով՝ շրջեցան գրադարանի չորս կողմը։

Ի տես համագործակցութեան աննախընթաց այս երեւոյթին՝ վերյիշեցի Եղիշէ Չարենցը, որ ըսած է։ «Ով հայ ժողովուրդ, քո փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է։»

Կը սիրեմ յուսալ որ նման միջոցառումներ կը շարունակուին մեր գաղութին մէջ՝ ինչո՞ւ չէ նաեւ հայկական ուրիշ գաղութներու մէջ, հարաւային Գալիֆորնիոյ հայահոծ այս նահանգին մէջ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Haigazian University Concludes a Fulfilling Week of 70th Anniversary Celebrations

0

In a moving and momentous week spanning May 25–30, Haigazian University proudly celebrated its 70th Anniversary with a rich lineup of events that honored its legacy, reaffirmed its mission, and looked ahead with renewed vision. The week’s festivities brought together dignitaries, community leaders, supporters, alumni, students, faculty and staff, in a collective tribute to seven decades of academic excellence, civic engagement, and faith-driven purpose.

Presidential Recognition at Baabda Palace

A highlight of the anniversary week was the official visit of a distinguished Haigazian University delegation, led by University President Rev. Dr. Paul Haidostian, to the Presidential Palace on May 27, where they were received by President of the Republic, General Joseph Aoun.

Tracing Haigazian’s roots from 1940 to its official founding in 1955, Dr. Haidostian reflected on the institution’s remarkable growth:

“Haigazian stands today as a beacon of faith, academic integrity, and civic purpose—nurtured by the generous support of those who believe in its vision,” he stated.
He emphasized the university’s enduring commitment to Lebanon, affirming:
“We stand beside you, Mr. President, in your noble pursuit of national renewal and remain steadfast in our commitment to building a Lebanon worthy of its aspirations.”

President Aoun congratulated the University on its Platinum Jubilee, remarking,

“The most profound investment any nation can make is the investment in its people… Our will is firm, our vision is clear, and despite all obstacles, we shall persevere.”

Baccalaureate Service: A Time for Reflection and Dedication

The week opened with the Baccalaureate Service on May 25, held at the First Armenian Evangelical Church, adjacent to the University campus. Addressing the graduating class, guest speaker Dr. Nabil Costa, CEO of LSESD, shared a message on “Integrity and Purpose”.

“We must stand on the side of truth… even when it conflicts with our interests.”
He urged students to build lives centered on unshakable values:
“Kindness, truth, mercy, and faithfulness—these are your true distinctions in a world that has forgotten them.”

Gala Banquet: An Evening to Inspire and Give

On May 28, the Haigazian University family gathered in grand fashion for its 70th Anniversary Gala Banquet, hosted at the iconic Phoenicia Hotel’s Grand Ballroom. The elegant evening served as a fundraiser for the University’s scholarship fund and proved to be a vibrant celebration of Haigazian’s enduring spirit.

Guests from across sectors—diplomats, philanthropists, community leaders, alumni, faculty, staff, and friends—were welcomed with warmth and gratitude. The evening was elevated by a spectacular musical performance by the renowned Scarlet Mounzer and her band, whose soulful melodies set the tone for reflection, joy, and unity.

The program’s keynote address was delivered by President Rev. Dr. Paul Haidostian, who centered his remarks around the anniversary’s guiding motto for its 70th anniversary: “Inspiring Visionary Leadership.”

Haidostian equally emphasized the vital role scholarships play in sustaining Haigazian’s mission:

“Our history is in your booklets tonight. But if one word could capture our 70 years, it might well be scholarships. That is the heartbeat of our mission—and the central purpose of tonight’s celebration.”
He reminded the audience that, “Inspiring Visionary Leadership becomes empty branding if we fail to sustain our students through scholarship support. Scholarships are not discounts, but one party’s heart turned into investments into young lives.”
Reflecting on the region’s turbulence and the uncertain outlook for many youths, he closed with a message of hope: “Higher education demands high hopes… We pray for the strength and wisdom to rise to the challenge.”

This meaningful evening not only honored Haigazian’s legacy but tangibly contributed to its future—fueling the dreams of students who will carry the university’s mission forward.

Commencement 2025: A Historic Ceremony of Purpose and Legacy

The anniversary week reached its joyful climax with the Commencement Exercises on May 30, also held in the courtyard of the First Armenian Evangelical Church. Surrounded by dignitaries, clergy, faculty, family, and friends, 141 proud graduates crossed the stage, receiving their undergraduate and graduate degrees in a moving celebration of knowledge, perseverance, and pride.

The ceremony featured an inspiring keynote address by Mr. Ghassan Sayah, Chairman of YMCA Lebanon and a distinguished Haigazian alumnus. With authenticity and humility, Sayah recounted his personal journey—beginning as a student at Haigazian, navigating challenges, and gradually rising through the ranks of the YMCA to become its chairman of the board.
Sayah spoke of how Haigazian shaped not only his academic formation but also his character and leadership style, urging graduates to embrace humility, service, and courage as they enter the next chapter of their lives.

Drawing on his own experiences, Sayyah reflected on the enduring lessons he gained during his time at Haigazian. “From my professors at Haigazian University, I learned something I carry with me every day: No matter how high you rise, your worth is measured not by what you achieve — but by what you give,” he told the audience.

He emphasized the importance of purpose and the power of knowledge shared for the greater good. “There is no good in one who withholds knowledge,” Sayyah said, echoing the values instilled in him by his mentors.

Challenging the graduates to think beyond titles and institutions, he reminded them that true change is rooted in everyday courage. “You don’t need a giant institution to make history. You just need courage, conviction, and community. And you already have all three,” he declared.

As he concluded, Sayyah offered a powerful call to action: “Carry forward the values you’ve gained here… and lead with purpose. Lean into the unknown. Lift someone up. And when the time comes, be the one who says yes.”

For his turn, and in a deeply reflective address, President Haidostian encouraged the Class of 2025 to anchor their lives in enduring happiness, drawn from purpose, compassion, and shared growth:

“Lasting happiness comes from deeper places—from purpose, from faith, from seeing others flourish alongside you. This idea… is at the heart of what Haigazian stands for. May that kind of happiness accompany you throughout your life into eternity.”

Adding emotional resonance to the evening were the valedictory speeches of Mira Ghraizi and Patil Harmandayan, a powerful vocal performance by graduate Lory Gulumian—whose rendition of “You Raise Me Up” left the audience uplifted and inspired—and a heartfelt message from Stephanie Landes, granddaughter of one of Haigazian’s founders, Stephen Philibosian. Reflecting on the legacy and impact of the University, Landes shared: “I think the founders would be amazed to know about the heights Haigazian has reached and what its 5,000 graduates have accomplished. A visionary institution such as this is cause for celebration and needs everyone’s support. So, I conclude with a huge amount of gratitude for all who are part of Haigazian and support its mission—its students and all that this amazing University represents to the Lebanese community and beyond!”


As the week came to a close, it left behind a sense of accomplishment, gratitude, and inspiration. From state recognition to spiritual reflection, community celebration, and academic achievement, Haigazian University’s 70th anniversary week was a fulfilling and fitting tribute to a legacy of impact — and a bold step into the future.

Mira Yardemian

Public Relations Director