Երեքշաբթի, 13. 05. 2025

spot_img

Ոչ Եւս Է Ընկ. Ներսէս Ներսէսեան

Սրտի խոր կսկիծով իմացանք, նուիրեալ կուսակցական եւ ազնիւ ու խաղաղասէր մարդու՝ ընկ. Ներսէս Ներսէսեանի մահուան բօթը, որ պատահած է իր ծննդավայր Ամմանի մէջ:

Յորդանանի հայկական համայնքին մէջ ողբացեալ ընկեր Ներսէսեան, անխտիր բոլորին կողմէ յարգանք վայելող անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր մեղմաբարոյ սակայն պինդ կեցուածքներով ու հետեւողական աշխատելաոճով մեծ աւանդ ունի սփիւռքահայ նշեալ համայնքին մէջ:

Ընկեր Ներսէսեան երկար տարիներ ղեկավար պաշտօններ վարած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մէջ եւ անոր միջոցով ծառայած է մեր ազգին:

Իր կողակիցին՝ ընկ.հի Հելէնի հետ կազմած է տոհմիկ հայկական ընտանիք մը, որուն բոլոր անդամներն ալ իր լուսաւոր օրինակով նուիրեալ աշխատանք տարած են իրենց ապրած համայնքին մէջ:

Ընկեր Ներսէսեանի յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ իր կուսակիցներուն եւ զինք յարգող ու սիրողներուն մէջ, որպէս օրինակելի Հայ, անզիջող գաղափարական եւ ընտանիքի Հայր:

ԶԱՐԹՕՆՔի մեծ ընտանիքին անունով, ի խորոց սրտի կը ցաւակցինք, իր տիկնոջ եւ զաւակներուն՝ Վարդանին եւ Մարալին, իրենց մաղթելով ամրութիւն եւ մխիթարութիւն:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին