Շաբաթ, 04. 04. 2026

Բաց Նամակ. Ձերբակալուած Հայ Աշակերտին՝ Դավիթ Միասյանին, Իր Մայրիկին՝ Տիկ. Գայանե Մինասյանին և Ոչ Միայն

0

Խորապէս կը յայտնեմ մտահոգութիւնս, զայրոյթս եւ համերաշխութիւնս Դավիթ Միասյանին հետ, որ աւագ դպրոցի աւարտական դասարանի աշակերտ մըն է, ով անարդարօրէն կալանքի ենթարկուեցաւ այսօր, բան մը, որ յստակօրէն քաղաքական դրդապատճառներ կը պարունակէ։ Այս ժամանակաշրջանին, երբ ան պէտք է իր ուսումնառութեան մօտալուտ աւարտը տօնէր եւ պատրաստուէր վկայուելու, ան կը դիմագրաւէ մեղադրանքներ, որոնք նուազագոյնին մէջ՝ կասկածելի են եւ իրարու հակասող։ Աւելին, երիտասարդի մը իր աշակերտական տարիներու «Վերջին Զանգի» նախօրէին երբ ան արդար ուրախութեամբ պէտք է տօնէր զայն, փոխարէնը՝ ան զրկուած է իր ազատութենէն պետութեան մը կողմէ, որ կոչուած է պաշտպանելու զայն:

Բազմաթիւ վկաներ հաստատած են, որ Դավիթ Մինասյանը պատճառը չէ եղած այն իրադարձութիւններուն, որոնց համար զինքը կը մեղադրեն։ Այս վկայութիւնները, իր ձերբակալութեան շուրջ եղած անհամապատասխանութիւններուն կողքին, կը պահանջեն մանրակրկիտ, անաչառ եւ թափանցիկ քննութիւն մը: Արդարութիւնը չի կրնար հիմնուիլ լուրերու, քաղաքական ճնշումի կամ ընտրովի ճշմարտութեան վրայ։ Անիկա պէտք է հիմնուած ըլլայ ապացոյցի եւ արդարութեան վրայ. այն սկզբունքները, որոնք կը սահմանեն պետութիւն մը, որ նուիրուած է ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան: Երբ կառավարութիւն մը իր իշխանութեան գործիքները կ’ուղղէ երիտասարդ աշակերտի մը դէմ, այլ ոչ թէ կը պաշտպանէ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը, անիկա կը բացայայտէ իր սեփական բարոյական ձախողութիւնը: Այլ խօսքով, իշխանութիւն մը, որ կը բանտարկէ խիղճը, չի կրնար օրինականութիւն ներկայացնել:

Հայաստանի իշխանութիւններուն. երիտասարդ աշակերտի մը հանդէպ ձեր վերաբերմունքը ենթադրեալ արարքներու համար, որոնք դեռ ամբողջովին ապացուցուած չեն, անարգանք կը բերէ արդարութիւնը պաշտպանելու համար ստեղծուած հաստատութիւններուն: Ձայն մը լռեցնելը, ճշմարտութիւնը փնտռելու փոխարէն, ուժի արարք մը չէ, այլ՝ վախի։ Անիկա կը մերկացնէ վախը այն սերունդէն, որ մարմնաւորումն է Հայաստանի ապագային։ Կառավարութեան մը իսկական ուժը երիտասարդութիւնը լռեցնելուն մէջ չէ, այլ անոնց լսելուն մէջն է: Իշխանութիւն  մը, որ կը պատժէ իր երիտասարդութիւնը իր խղճի եւ հետաքրքրասիրութեան համար, կը քայքայէ իր օրինականութեան հիմքը:

Դավիթի մայրիկին՝ Գայանե Մինասյանին.  Տիկին Մինասյան, գիտցէ՛ք, որ միայնակ չէք։ Ձեր դժուարութիւնը ներշնչած է շատերուն, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ աշխարհասփիւռ Հայ ժողովուրդին մէջ:

Տիկին Մինասյան, դուք ծնած ու դաստիարակած էք զաւակներ, որոնց ազնուութիւնը, քաջութիւնը եւ բարոյական պարզութիւնը վկայութիւն են ձեր ուժին եւ արժէքներուն։ Դուք Հայ ժողովուրդին նուիրած  էք ոչ միայն լաւ քաղաքացիներ, այլ նաեւ Հայաստանի ապագային խորհրդանիշ մը, որ հիմնուած է ճշմարտութեան եւ արդարութեան վրայ:

Այս անարդարութեան դէմ ցուցաբերած ձեր քաջութիւնը վեր ու անդին է  ձեր անմիջական պայքարէն։ Իմացէ՛ք, որ դժուարութիւններու մէջ է, որ բնաւորութիւնը կը փորձուի, եւ հենց դժուարութեան միջոցով է, որ կը ծնի իսկական առաջնորդներու եւ սկզբունքային քաղաքացիներու յաջորդ սերունդը: Վստահ եղէք, որ այս հարցին մէջ. Ձեր հոգեհատոր Դավիթին եւ իր նմաններուն  անունը յաւերժ պիտի մնայ իբրեւ դիմադրողականութեան, արժանապատուութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ մը շատերու համար:

Վերջապէս, Կոչ կ’ուղղեմ Հայաստանի իշխանութիւններուն վերատեսութեան ենթարկելու դատարանի այս որոշումը, մանաւանդ, որ Դավիթ ունի նաեւ առողջական խնդիրներ, անյապաղ ազատ արձակելով Դավիթ Մինասյանին կամ, գէթ, ապահովելով օրէնսդրական նպատակային ընթացք մը, որ զերծ է քաղաքական դրդապատճառներէ եւ նկատի կ՛ունենայ իր առողջական վիճակը: Աշխարհը կը դիտէ, եւ արդարութիւնը աւելի քիչ բան չի պահանջեր:

Հայաշխարհը, իր միջոցաւ նաեւ միջազգային ընտանիքը ուշադրութեամբ կը հետեւի մեր Հայրենիքին մէջ կատարուածներուն, եւ պատմութիւնը պիտի արձանագրէ, թէ իւրաքանչիւրը ո՛ւր կանգնած էր՝ արդարութեա՞ն, թէ վախի կողմը։

Անվերապահ կերպով կը զօրակցիմ քեզ հետ Դավի՛թ՝ քաջ հայորդի,  եւ շուտափոյթ ազատութիւն կը ցանկամ քեզ։ Հաւատայ տղաս, որ գիշերուայ ամենամութ պահին է, որ արեւածագը կը յաջորդէ: Իմացիր, որ մեր ազգին ու Հայրենիքին ապրած պատմական այս թիւրիմացութիւնը շուտով վերջ կը գտնէ եւ մենք միասնաբար կը դիմաւորենք այն Արեւածագը, որ անպայման պիտի գայ:

Յարգանքով եւ անսասան աջակցութեամբ,

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«Զարթօնք» Օրաթերթի

Գլխաւոր խմբագիր


ՅԳ Վերջին ղելութիւններէն անտեղեակ, սոյն Բաց Նամակը կարդացողներուն յիշեցնեմ, որ Ծաղկազարդի օրը, որ կը խորհրդանշէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաղաղութեամբ Երուսաղէմ մուտք գործելու տօնը, Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցի մուտք գործած Նիկոլ Փաշինեանի հետ պատահած միջադէպին մասնակից 18-ամեայ Դավիթ Մինասյանին հանդէպ, դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեան, այսօ՛ր երկու ամիսով բանտարկելու որոշում կայացուց:

Հանրապետութեան Առաջին տիկին Նէիմաթ Աուն Ուղղակի Հաղորդակցութեամբ Զօրակցութիւն Յայտնեց Մեսրոպեան Վարժարանին

0

Սուրբ Յարութեան օրհնաբեր տօնին ընդառաջ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը պատիւն ու գեղեցիկ առանձնաշնորհումը ունեցաւ ստանալու Լիբանանի հանրապետութեան Առաջին տիկին՝ Նորին ազնուափայլութիւն Նէիմաթ Աունի անձնական բարեմաղթանքները եւ զօրակցութեան ու քաջալերանքի պատգամները, ուղղուած մեր ամբողջ կրթական ընտանիքին։

Առաջին տիկինը 31 Մարտ 2026-ին հեռաձայնեց Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին, մանրամասնօրէն հետաքրքրուելով դպրոցի առօրեայով, դիմագրաւած դժուարութիւններով եւ կրթական ընտանիքի բոլոր անդամներուն վիճակով։
Տիկին Աուն բարձրօրէն գնահատեց Մեսրոպեանի աշակերտներուն, ծնողներուն եւ անձնակազմին ջանքերն ու նուիրուածութիւնը՝ շարունակելու կրթական գործընթացը՝ հակառակ Լիբանանի ապրած ծայրայեղ դժուարին պայմաններուն։ Ան փոխանցեց իր գնահատանքն ու ջերմ ողջոյնները եւ խնդրեց, որ անոնք հասնին բոլորին՝ առանց բացառութեան։ “Լաւապէս ծանօթ եմ ձեր գործունէութեան, մեծապէս կը գնահատեմ զայն եւ կը մնամ զօրակից՝ բոլորիդ”, շեշտեց Առաջին տիկինը։

Տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան Առաջին տիկնոջ ուշադրութեան ընդգծելով, որ նման բարձր հոգածութիւնը կ’ոգեւորէ ամբողջ դպրոցական համայնքը եւ կ’ամրապնդէ կամքը՝ յառաջ տանելու կրթական գործը։ Ան իր հերթին յաջողութեան մաղթանքներ յղեց նախագահ Աունին՝ Լիբանանի ծառայութեան մէջ, եւ վստահեցուց, որ Մեսրոպեան վարժարանը անսասան կը մնայ իր առաքելութեան հանդէպ՝ ի սպաս թէ՛ կրթութեան, եւ թէ՛ Լիբանանեան ազգային պատկանելիութեան պաշտպանութեան։

Մեսրոպեան վարժարանը երախտապարտ է Լիբանանի Առաջին տիկնոջ ցուցաբերած վստահութեան եւ սիրոյն համար եւ կը վերահաստատէ իր պարտքը՝ հաւատարիմ մնալու Լիբանանի ապագայ սերունդները եւ օրինակելի քաղաքացիներ կերտելու անշեղ ուղիին։


Տնօրէնութիւն
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան
Բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարաններու

Յիշելով Կարօ Քեպապճեանը

0
04 Հոկտեմբեր 2020 -Երեւանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան շէնքին առջեւ, Լիբանանցի լրագրողներով, 44-օրեայ պատերազմը լուսաբանելու համար Արցախ մեկնելու նախօրէին

Կարօ Քեպապճեան (15 Մարտ 1957, Լիբանան – 31 Մարտ 2021, Հայաստան), ծանօթ Մասթըր Կարօ անունով:

 «Հայ սեւ գօտիներ»-ու միութեան հիմնադիր եւ տնօրէնը։ Իր ողջ գիտակցական կեանքը նուիրած էր լիբանանահայ, սփիւռքահայ, եւ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի երիտասարդ սերունդներու ֆիզիքական պատրաստութեան եւ դաստիարակութեանը։

Կարօ Քեպապճեանը նաեւ Արցախի Հանրապետութեան երկարամեայ մնայուն ներկայացուցիչն էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

Դրական Հարկադրանքո՞վ Ուղղել, թէ Դիմել Ժխտական Պախարակումի. Կամ, Սատանան Ճիշտ Ո՞ւր Փնտռել

0

Տեսանկիւն

Կիրակի օր, նստած կը թերթէի Ֆէյսպուքը այնտեղ դրական բան մը գտնելու յոյսով, երբ դէմս ելաւ տեսերիզ մը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանի մը Ծաղկազարդի քարոզէն հատուած մըն է, որ ըստ երեւոյթին նկարահանուած է Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եկեղեցուոյ մէջ պատահած միջադէպի մը պահուն:  

Մինչ կցուած տեսերիզին մէջ Հոգեշնորհ Ծայրագոյն Վարդապետը ներկայ հաւատացեալները կը յորդորէր «Կենդանի Փրկիչին հանդէպ կենդանի հաւատք ունենալ», այնտեղ Պատարագի մասնակիցներէն մէկը ընդմիջեց քարոզը: Ան խօսքը ուղղելով Պատարագիչին, բարձրաձայն բացագանչեց. «Խորանին առջեւ կենդանի՞ կ՛ըսես կոր…»:

Համեստ ծագում ունեցող մեր հայրենակիցը, ըստ երեւոյթին, «Կենդանի» բառը մեկնաբանած էր իբրեւ անասուն, մինչ Պատարագիչը բնականաբար նկատի ունէր «Ապրող», որ ինքն ալ իր կարգին քարոզը ընդմիջելով փորձեց ուղղել մեր հայրենակիցին սխալ ըմբռնումը:

Ակնկալութիւնս էր, որ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը և ի պաշտօնէ, բաւարարուէր դրական հարկադրանքի դիմելով (positive reinforcement) ճիշտը սորվեցնել փորձէր թերուս մեր hայրենակիցին: Սակայն ափսոս, որ ան դիմեց հրապարակային պախարակումի, խեղճ մարդը ներկայացնելով իբրեւ սատանայի բանբեր, որ ըստ Վարդապետին, ան ո՛չ Աստուծմէ գաղափար ունի ո՛չ ալ Սուրբ Գիրքէն, այլ «սատանան իր մէջ ընդունելով» ուզած է խանգարել (իրականութեան մէջ խեղճ մարդուն համար գուցէ անհասկնալի) քարոզը…:

Մեր համեստ հայորդիին պաշտպան փաստաբանը ըլլալու հաւակնութիւնը չունենալով հանդերձ, այստեղ կ՛արժէ հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարել.

Եկեղեցիին մէջ ներկայ մարդուն տգիտութիւնը բնականաբար, անպայմանօրէն  կապ չունի «Աստուծմէ կամ Սուրբ Գիրքէն» գաղափար չունենալու հետ, ինչպէս տուեալ կրօնականը վճռեց, այլ պարզապէս Հայերէն լեզու եւ նման պահերու մէջ զուսպ ըլլալու տարրական կենցաղավարութիւնը չիմանալու վիճակ մը կը ներկայացնէ ան: Այստեղ ցաւով պէտք է խոստովանիլ, որ իր այս մակարդակի տգիտութեան մէջ եզակի երեւոյթ մը չի հանդիսանար մեր հայրենակիցը:

Իսկ թէ, ո՞վ է մեր ժողովուրդին (ոչ փոքրաթիւ) որոշ մէկ խաւին մէջ տակաւին գոյատեւող այս տգիտութեան պատասխանատուն, ապա սա պէտք է փնտռել  ազգային/հայկական վարժարանին մէջ, որ ձախողած է իր հիմնական առաքելութեան մէջ, որն է՝ Հայերէն սորվեցնել մեր ազգին զաւակներուն կամ անոնցմէ թէկուզ թերաւարտին կամ նախակրթանաւարտին ջամբել տարրական կենցաղավարութիւն կամ ընդհանրապէս կրթութիւն… եւ ինչու չէ նաեւ փնտռել, նոյնիքն եկեղեցիին մէջ:

Կայ աւելի եւս վատ արդիւնքի մը վտանգը: Հայ կրօնաւորին կողմէ հաւատացեալի մը հանդէպ գործադրուած նման բարձրաձայն եւ հրապարակային նախատանքը,  կրնայ պատճառ հանդիսանալ, որ տուեալ հայորդին չուզէ յետայսու եկեղեցի յաճախել կամ Ս. Պատարագի մասնակից դառնալ…:

Աւարտին յառաջ կու գայ հարցերուն՝ հարցը. Ի տես այս վիճակին ու անկէ բխելիք հաւանական հետեւանքին, մենք սատանան ճիշտ ո՞ւր պէտք է փնտռենք…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Եկեղեցւոյ Մէջ Պատահածը Դիտուած Երկու Տեսանկիւնէ

0

ՍՅՈՒԶԱՆՆԱ ԱՎԵՏԻՍՅԱՆ

Եկէք այսօր եկեղեցւոյ մէջ պատահած դէպքը* քննենք երկու տեսանկիւնէ՝ քաղաքական եւ բարոյական:

Բարոյական տեսանկիւնէ՝ պատահածը պատահական դէպք մը չէ, այլ հասարակութեան մէջ կուտակուած խոր դժգոհութեան եւ ատելութեան ուղղակի արտայայտութիւն մըն է: Տարիներ շարունակ գործող իշխանութիւնները իրենց քաղաքականութեամբ եւ հռետորաբանութեամբ ձեւաւորած են թունաւորուած հանրային միջավայր մը, ուր ոչ միայն մարդիկ բաժնուած են իրարմէ, այլեւ ձեւաւորուած է լայնածաւալ բացասական վերաբերմունք մը իշխանութեան հանդէպ:

Իշխանութիւնը, գտնուելով իր սեփական տեղեկատուական «փուչիկին» մէջ, յաճախ չի նկատեր իրական հասարակական տրամադրութիւնները: Սակայն իրականութիւնն այն է, որ խնդիրը վաղուց դուրս եկած է «չսիրելու» մակարդակէն. հասարակութեան զգալի հատուածին մօտ ձեւաւորուած է խոր հիասթափութիւն մը, որ վերածուած է ատելութեան: Ասիկա արդէն կ’արտայայտուի մարդոց առօրեայ խօսքին, վերաբերմունքին եւ վարքագիծին մէջ:

Այսպիսի դրսեւորումները ծայրահեղ զգացականութիւններու արդիւնք են, սակայն անոնց առաջացման քաղաքական պատասխանատուութիւնը կը կրէ հէնց իշխանութիւնը: Երբ տարիներ շարունակ կը տարածուի ատելութեան խօսք, հասարակութիւնը կը բաժնուի «սեւերու» եւ «սպիտակներու», մարդոց արժանապատուութիւնը պարբերաբար կը խոցուի, եւ յատկապէս պատերազմէն ետք վէրքերը ոչ թէ կը բուժուին, այլ կը խորանան, ապա նման հետեւանքները կը դառնան ոչ թէ անսպասելի, այլ օրինաչափ:

Քաղաքագիտական տեսանկիւնէ՝ տեղի ունեցածը ցոյց կու տայ քանի մը կարեւոր համակարգային երեւոյթներ.

  1. Հաստատութիւններուն հանդէպ վստահութեան անկում.

    Երբ քաղաքացիները կը կորսնցնեն վստահութիւնը պետական հաստատութիւններուն հանդէպ, դժգոհութիւնը դուրս կու գայ հաստատութիւններու դաշտէն եւ կը դառնայ անձնաւորուած՝ ուղղուելով կոնկրէտ մարդոց կամ խումբերու դէմ:

    2. Խորացող բեւեռացում («մենք» ընդդէմ «անոնք»).

    Քաղաքական մեկնաբանութիւնը կը ձեւաւորէ հակադիր ճամբարներ, ուր դիմացինը կը դիտարկուի ոչ թէ որպէս մրցակից, այլ որպէս թշնամի: Ասիկա կը բնականացնէ ատելութիւնն ու գոռոզութիւնը:

    3. Քաղաքական վրէժխնդրութեան շրջան.

    Հասարակական զայրոյթը չի լուծուիր հաստատութիւններու ճամբով, այլ պարբերաբար կը տեղափոխուի մէկ իշխանութենէ միւսը՝ վերարտադրելով նոյն լարուածութիւնը (յիշեցէք յեղափոխութեան ժամանակ դագաղներու պահը):

    4. Տկար հաստատութիւններ եւ միջնորդութեան բացակայութիւն.

    Երբ դատարանները, խորհրդարանը եւ լրատուամիջոցները չեն ընկալուիր որպէս վստահելի եւ անկախ, անոնք չեն կրնար կլանել եւ կառավարել հակասութիւնները, ինչի արդիւնքով լարուածութիւնը դուրս կու գայ աւելի կոշտ եւ վտանգաւոր ձեւերով:

    Արդիւնքը կը ձեւաւորէ միջավայր մը, ուր չգրուած կանոնները եւ զգացականութիւնները կը գերակայեն հաստատութիւններու գործունէութիւնը, ինչ որ լուրջ մարտահրաւէր մըն է պետականութեան եւ հասարակական կայունութեան համար:

    ՅԳ. Աստուած զօրութիւն եւ իմաստութիւն տայ հայ ժողովուրդին այս կործանարար իրավիճակէն դուրս գալու համար:


    * Արդարեւ, 29 Մարտ 2026-ի առաւօտեան լուրջ պատահար մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնակատարութիւններուն ընթացքին, երբ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր անվտանգութեան աշխատակիցները ներխուժեցին եկեղեցի, անհանգստութիւն պատճառելով հաւաքուած հաւատացեալներուն եւ փորձեցին իրականացնել նախընտրական քարոզչութիւն մը։

    Ականատեսներու վկայութեամբ՝ Փաշինեանին ուղեկցող անվտանգութեան աշխատակիցները սահմանափակեցին քաղաքացիներու շարժումը եկեղեցւոյ ներսը եւ խաթարեցին կրօնական արարողութիւնը՝ անմիջապէս լարուածութիւն ստեղծելով ներկաներուն շրջանին մէջ։

    Իրավիճակը սրեցաւ, երբ թիկնապահներէն մէկը հարուածեց քաղաքացիի մը՝ եկեղեցւոյ ներսը, որ առաջացուց հաւատացեալներուն զայրոյթը եւ արագօրէն սրեց բախումը։ Քաղաքացիներէն մէկը նոյնիսկ փորձեց հարուածել Փաշինեանը։

    Երբ լարուածութիւնը հասաւ գագաթնակէտին, հաւատացեալները ստիպեցին Փաշինեանը լքել եկեղեցին, փաստօրէն դուրս մղելով զայն տարածքէն:

    Խմբ.

    Իսրայէլեան Հարուածով Սպաննուեցան Երեք Լիբանանցի Լրագրողներ

    0

    Ցաւալի Լուր մը Լիբանանէն

    Հարաւային Լիբանանի մէջ ինքնաշարժի մը վրայ տեղի ունեցած իսրայէլեան հարուածին հետեւանքով սպաննուեցան լիբանանցի լրագրողներ։

    «Ալ-Մանար»-ի լրագրող Ալի Շաայէպ եւ «Ալ-Մայատին» հեռատեսիլի լրագրող Ֆաթիմա Ֆթունի սպաննուեցան, երբ իրենց ինքնաշարժը հարուածի տակ առնուեցաւ։ Ֆաթիմային եղբայրը, տեսախցիկավար Մոհամմատ Ֆթունին ընտանիքին այլ անդամներուն հետ քանի մը օր առաջ, նոյնպէս սպաննուած էր թշնամական հարուածի հետեւանքով։

    Իսրայէլեան բանակը յայտարարութեան մը մէջ նշեց, թէ «վերացուցած է» Շաայէպը, որուն անուանեց «ահաբեկիչ» Հըզպալլայի հետախուզական բաժանմունքին մէջ, որ հաղորդած էր հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորներու գտնուած վայրերը։ Ան մեղադրեց զինք իսրայէլեան զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն դէմ «սադրանք» հրահրելու համար։

    Բանակին յայտարարութիւնը ոչ մէկ յիշատակում կատարեց ուրիշ մահերու մասին եւ ոչ մէկ ապացոյց ներկայացուց հաստատելու համար այն պնդումը, թէ Շաայէպը Հըզպալլայի անդամ էր։

    Ինչ ալ ըլլան պատճառաբանութիւնները, իրենց առաքելութիւնը կատարող լրագրողներու թիրախաւորումը բացայայտ պատերազմական յանցանք մըն է, որ այսօր անգամ մը եւս կու գայ աւելնալու  լրագրողներու, քաղաքացիներու եւ մանուկներու թիրախաւորումի հարուստ պատմութիւն ունեցող Իսրայէլի բանակի քստմնելի արարքներու ցուցակին վրայ:

    Լուր փոխանցողը թիրախաւորելը՝ ճշմարտութեան ձայնը լռեցնելու, ահաբեկելու եւ խախտումներու արձանագրումը արգիլելու մտադրուած փորձ մըն է։

    Թափուած այս արեան առջեւ ամէն լռութիւն եւ ճշմարտութեան ամէն մթագնում յանցագործին իր յանցանքները շարունակելու օրինականութիւն տուող աններելի եւ խստիւ դատապարտելի արարք  մըն է։

    Այս տխուր առիթով «Զարթօնք» իր սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Լիբանանի լրատուական մարմնին, մեր զոհուած գործընկերներուն ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն եւ խստիւ կը դատապարտէ Իսրայէլեան բանակին կողմէ ճշմարտութեան ձայնին բազմիցս եւ բացայայտ թիրախաւորումը ։

    «Զ.»

    Լրագրող Ֆաթիմա Ֆթունիի եւ լուսանկարիչ Մոհամմատ Ֆթունիի հայրը. «Հանգիստ եւ խոնարհ սրտով… կը հաւատամ այս ուղիին, որ զոհողութիւն կը պահանջէ… Կը հպարտանամ իմ զաւակներով, եւ գիտեմ, որ վերջը պիտի անպայման յաղթանակով պսակուի»։

    Ժողովրդավարութիւնը Բառ Մը Չէ, Այլ՝ Արդիւնք

    0

    Տեսանկիւն

    Մեր մօտ, ինչպէս միշտ, շատ մը հասկացողութիւններ սխալ մեկնաբանուած են: Սխալ մեկնաբանուած հասկացողութիւններուն շարքին կը պատկանի «ժողովրդավարութիւն»-ը:

    Իրականութեան մէջ, ժողովրդավարութեան իմաստը կ՛աղաւաղուի  երբ համակարգը կը սահմանափակուի միայն ընտրութիւններով, անտեսելով հիմնական կանոնները, ինչպէս քաղաքացիական ազատութիւնները, բազմակարծութիւնը, եւ հաստատութիւններու հսկողութիւնը: Այս վիճակը յաճախ ճամբայ կը հարթէ ժողովրդավարութեան յետընթացքին:

    Ապատեղեկատուութիւնը, բեւեռացած քննարկումները, եւ իբր թէ ժողովրդավար առաջնորդները, որոնք կը հրահրեն «ինքնավարական» մեկնաբանութիւններ, մշուշոտած են սահմանները ժողովրդավարական կառավարման եւ  «խաբեբայապետութեան» (կառավարում խաբէութեամբ) միջեւ:

    Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ սակայն, պէտք է ընդունինք, որ մեր երկրին խնդիրը ժողովրդավարութեան սկզբունքին հետ չէ եղած: Մեր խնդիրը միշտ եղած է այն լեզուն, որ մենք գործածած ենք տուեալ արժէքին վերաբերող ներմուծուած եզրերը ճիշտ հասկանալուն մէջ:

    Մենք մեր կեանքին մէջ միշտ լեզուական հնարքներ գործածած ենք: Բառը որդեգրած  ենք, մինչ անոր ետեւը գտնուող պատմութիւնը՝ անտեսած: Ժողովրդավարութիւն եզրոյթը մեր մտքին մէջ կարծես պատրաստ դեղատոմս մը ըլլար, ինչպէս դեղի տուփ մը, որ ձեռք կը ձգենք, կը բանանք, կ՛օգտագործենք ու վերջ:

    Բայց ժողովրդավարութիւնը բնաւ այդպիսի բան մը չէ: ժողովրդավարութիւնը բառ մը չէ, այլ՝ արդիւնք է, երկար ու բարդ պատմութեան արդիւնք մը, որ լեցուն է հակամարտութիւններով:

    Եթէ ուզենք առարկայական կերպով վերլուծել, ապա կը տեսնենք, որ Եւրոպան ժողովրդավարութեան չէ հասած, քանի որ առաւօտ մը այնտեղի ժողովուրդները յանկարծ արթննալով իրենց քունէն, ըսած են. «Եկէք ժողովրդավար դառնանք»: Եւրոպան ժողովրդավարութեան հասած է դարերու քաոսէ ու բախումէ եւ դաժան փորձառութիւններէ ետք:

    Պէտք է պատմութիւնը կարդանք, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս եկեղեցին պայքարած է թագաւորներուն դէմ: Թագաւորներ, որոնք կը կառավարէին իբրեւ բացարձակ աստուածային իրաւունքով եւ մարդոց վրայ ճնշում կը գործադրէին, եւ մտածողներ, որոնք կը ջանային ջարդել բոլոր այդ կարծրատիպերը՝ Հոպսէն, Լոքէն, Ռուսոյէն մինչեւ Վոլթէր եւ Ռուկօ: Կրօնական յեղափոխութիւններ՝ Մարթին Լուտերէն մինչեւ Քալւինիզմ, այնուհետեւ՝ քաղաքական յեղափոխութիւններ, ինչպէս՝ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը: Նոյնիսկ Ֆրանսական յեղափոխութենէն ետք, ֆրանսայի ժողովուրը դարձեալ բռնատիրութիւն ապրած է հանրապետութեան անունին տակ:

    Ժողովրդավարութիւնը ինքնին ժողովրդավարութեամբ չէ եկած: Այլ ան ի սկիզբանէ  անցած է Մագնա Քարթայէն, ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն, արհմիութիւններէն եւայլն: Աշխատաւորներու պայքարին միջոցով, իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու գաղափարին միջոցով, որոնք երկար պատմութիւն ունին: Այս բոլորը կուտակումներ էին, որոնք առաջնորդեցին ժողովրդավարութեան գաղափարախօսութեան, այլ ոչ թէ ժողովուրդի մը որոշումն էր յանկարծ դառնալու ժողովրդավար:

    Հայաստանի մէջ, անկախութենէն ի վեր մենք ի՞նչ ըրինք սակայն: Պարզապէս վերցուցինք արդիւնքը, ձգեցինք ընթացքը, վերցուցինք բառը եւ մոռցանք անոր ձեւաւորումը: Սկսանք հաւատալ, թէ եթէ գեղեցիկ խորհրդարան մը կառուցենք կամ  սահմանադրութիւն մը գրենք, ուրեմն ժողովրդավար ենք: Ահա այս բանին մէջ կը կայանայ մեր խնդիրը, քանի որ ժողովրդավարութիւնը ձեւ մը չէ, այլ՝ շրջակայ միջավայր է, հովանաւորող շրջակայ միջավայր մը: Ան հիմնարկ մը չէ, այլ՝ մշակոյթ է: Թեքստ մը չէ, այլ՝ քաղաքացիին եւ պետութեան միջեւ բարդ եւ փոխկապակցուած յարաբերութիւն:

    Փոխարէնը մենք ինչ կ՛ընենք սակայն: Մենք նման ենք այն մարդուն, որ Ամազոնի անտառներէն բոյս մը կը բերէ եւ իրդաշտին մէջ կը տնկէ յուսալով, որ այդ տարածքը պիտի անտառի վերածուի: Բոյսը բնականաբար այդ նոր եւ իր համար ոչ բարենպաստ միջավայրին մէջ կը մեռնի, իսկ մենք այսօր զարմանք կը յայտնենք, թէ ինչո՞ւ բոյսը մեռաւ…:

    ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

    Ընկ. Սերխիո Նահապետեան Նշանակուեցաւ ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան Մնայուն Անդամ

    0

    Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութիւնը 26 Մարտ 2026-ին պաշտօնապէս յայտարարեց ընկեր Սերխիո Նահապետեանի նշանակումը որպէս Կեդրոնական Վարչութեան մնայուն անդամ։

    Նշանակումի որոշումը կայացուած էր 24 Մարտ 2026-ին տեղի ունեցած ԹՄՄ ԱՄՆ եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան յատուկ ժողովի մը ընթացքին, որ հրաւիրուած էր լրացնելու հանգուցեալ ընկ.հի Մարօ Պետրոսեանի մահով յառաջացած թափուր տեղը։ Որոշումը ընկ. Նահապետեանին հաղորդուեցաւ Վարչութեան նախագահ դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի կողմէ:

    Ընկ. Նահապետեանի անձին նշանակումը կը համապատասխանէ միութեան մէջ իր երկարամեայ գործունէութեան եւ մշակութային ու համայնքային կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ իր արժէքաւոր ներդրումներուն։

    Թեքէեան Մշակութային Միութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս նշանակումին համար եւ բարի գալուստ մաղթեց ղեկավար նոր անդամին` յայտնելով իր ակնկալութիւնը յառաջիկայ տարիներուն արգասաբեր համագործակցութեան մը։ Նոյնպէս, ան շեշտեց իր մշակութային եւ կրթական առաքելութեան շարունակական ամրապնդման, յատկապէս հայկական աշխարհի նոր սերունդներուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը։

    Այս նշանակումով, հաստատութիւնը կը վերահաստատէ իր նուիրումը իր ազգանուէր առաքելութեան շարունակականութեան եւ իր ծրագիրներուն աւելի եւս զարգացման միջազգային մակարդակի վրայ յօգուտ մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին։

    Մեր կողմէ սրտանց կը շնորհաւորենք արժանաւոր ընկեր Սերխիո Նահապետեանին այս պատասխանատու պաշտօնին վրայ իր նշանակումը, որուն անցած ճանապարհին, փորձին ու նուիրումին հանդէպ ունինք մեծ յարգանք եւ բացարձակ վստահութիւն: Այս առիթով կը շնորհաւորենք նաեւ ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութիւնը իր առած լաւագոյն որոշումին համար, նշանակելով ճիշտ անձը իր ճիշտ պաշտօնին վրայ:

    «Զ.»

    Պեռաշկի, Կուկուռուզ եւ Կարտոֆիլ Ուտելու Երեւոյթին Հակառակ Կողմը

    0

    Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանի կողմէ սոցիալական ցանցերուն մէջ տեղադրուած յաճախակի գրառումները, որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէս ան ուտելով, փոխադրամիջոց նստելով կամ առօրեայ գործունէութիւններով կը զբաղի (տես Նիկոլ Փաշինյանի ֆէյսպուքիէ էջէն առնուած ներքեւի տեսերիզը), հաշուարկուած ժողովրդայնականական քաղաքական հաղորդակցութեան (populist political communication) մարտավարութեան մէկ երեսակն է եւ տեղեկատուական-կատարողական քաղաքականութիւն (media-performative politics), որ նախատեսուած է ներկայացնել զինք իբրեւ «ժողովուրդի մարդ» (man of the people), համաձայն հասարակայնութեան կապերու մասնագէտներու եւ քաղաքական վերլուծաբաններու։

    Այս գրառումներուն եւ տեսերիզներու հրապարակումին հիմնական պատճառները կը ներառեն.

    Ժողովրդայնական հաղորդակցութիւն եւ պատկերի կառավարում. գրառումները նախատեսուած են կամուրջ մը ստեղծելու կառավարութեան եւ հասարակութեան միջեւ՝ պարզեցնելով առաջնորդին կերպարը։ Ցոյց տալով զայն պարզ բաներ ուտելով (ինչպէս կարտոֆիլով կարկանդակներ կամ եգիպտացորեն) ոչ պաշտօնական պայմաններու մէջ, ռազմավարութիւնը նպատակ ունի հակադրել զինք աւանդական՝ ժողովուրդէն վեր դասուող եւ անկէ հեռու մնացող քաղաքական վերնախաւերուն հետ։

    Տեղեկատուական-կատարողական քաղաքականութիւն. այս արարքները յաճախ բեմադրուած են տեսողական ազդեցութեան եւ սոցիալական ցանցերուն մէջ, մեծ թիւով մարդկանց հասանելիութեան համար, նպատակ ունենալով՝ գերիշխել լուրերու շրջանառութեան վրայ եւ « ընտրողները վարակել լաւատեսութեամբ»։

    Ճգնաժամի պահուն Բնականոնութեան Ուղերձ Փոխանցել. Ըստ համապատասխան մասնագէտներու, այս տեսանիւթերը նախատեսուած են ուղերձ մը յղելու, որ երկրին մէջ իրավիճակը վերահսկողութեան տակ է։ Նման հրապարակային, սովորական արարքները նպատակ կ՛ունենան վստահեցնել քաղաքացիները: Այս ձեւը նոր չէ, եթէ համեմատենք զայն Միջին Արեւելեան կամ երրորդ աշխարհի առաջնորդներուն հետ, որոնք հրապարակօրէն կ’ուտեն՝ լարուածութեան ժամանակաշրջանին, իբր թէ կայունութիւն ցոյց տալու համար։

    Ժահրային շուկայավարում (Viral Marketing). տեսանիւթերը, ինչպէս օրինակ այն մէկը, որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէս ՀՀ Վարչապետն ու Ազգային Ժողովի նախագահը կ’ուտեն փոխադրակառքին մէջ, հաւաքած է միլիոնաւոր դիտումներ: Այս կը նշանակէ, որ որդեգրուած ռազմավարութիւնը յաջողութեամբ ստեղծած է ժահրային եւ շուտ ու շատ տարածուող բովանդակութիւն, որ հասանելի է լայն լսարաններու, յատկապէս երիտասարդութեան։

    Զգացական զօրաշարժ (emotional mobilization). այս ռազմավարութիւնը կ’օգտագործէ զգացական դիմում եւ պարզեցուած լեզու՝ ստեղծելու «մենք» (սովորական մարդիկ եւ առաջնորդը) ընդդէմ «անոնց» (նախկին վերնախաւերը) զգացողութիւն մը։

    Հանրային Արձագանգ. Մինչ այս տեսանիւթերը դրական կը գնահատուին որոշ կողմնակիցներու կողմէ, որոնք զինք կը տեսնեն իբրեւ «իրենցմէ մէկը», քննադատները յաճախ կը նկատեն զանոնք իբրեւ շեղում մը լուրջ ազգային խնդիրներէն, ինչպէս անվտանգութեան սպառնալիքները կամ տնտեսական մարտահրաւէրները։ Որոշ վերլուծաբաններ զայն կը նկարագրեն իբրեւ քաղաքականութեան «թերթօնայնացում» (tabloidization» of politics), ուր իմաստալից քաղաքական քննարկումը կը փոխարինուի գրաւիչ տեսողական պահերով։

    ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

    Միջազգային Մակարդակի Պատրաստութիւններ

    0

    Մարտ 2026-ի դրութեամբ, ՄԱԿ-ի Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) World Health Organization (WHO) եռանդուն կերպով կը պատրաստուի Միջին Արեւելքի մէջ միջուկային դէպքի կամ աղէտի «ամէնէն վատագոյն սցենար»-ին, Միացեալ Նահանգներուն, Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ սրացող լարուածութեան պատճառով։

    ԱՀԿ-ի պաշտօնեաները, ներառեալ Հանան Պալխին՝ Արեւելեան Միջերկրականի տարածաշրջանային տնօրէնը, հաստատած են, որ լուրջ կը վերաբերին սպառնալիքին, քանի որ հակամարտութիւնը կրնայ ազդել միջուկային կայաններուն վրայ։ Պաշտօնեաները մտահոգուած են, որ նոյնիսկ եթէ միջուկային զէնքեր ուղղակիօրէն չգործածուին, գործող աթոմական կայաններու վրայ  յարձակումները կրնան մահացու ճառագայթումներ արձակել մթնոլորտ։

    ԱՀԿ-ի Պատրաստութեան Գլխաւոր Կողմերը (Մարտ 2026).

    Զգօնութիւն եւ Հսկողութիւն. Անձնակազմը սերտօրէն կը հետեւի իրավիճակին՝ աթոմային կառոյցներու հարուածներէն ճառագայթման արտահոսքի հաւանականութեան համար։

    Արձագանգման Կարգեր.

    Կազմակերպութիւնը կ՛արդիականացնէ արտակարգ իրավիճակներու իր կարգերը՝ «միջուկային արտակարգ իրավիճակ»-ին դիմագրաւելու համար, որ կը ներփակէ անձնակազմի եւ հիւանդանոցներու մարզումը՝ ճառագայթման ենթարկուելու դէպքերը կարգաւորելու համար։ Գործակալութիւնը վերամարզում կ’ընծայէ իր անձնակազմին ճառագայթման արձագանգման արձանագրութիւններու վրայ եւ կը խրատէ տարածաշրջանի հանրային առողջապահական պաշտօնատարները քաղաքացիներուն պաշտպանական միջոցառումներուն շուրջ։

    Բժշկական Պաշարներու Կուտակում.

    Պատրաստութիւնները կը ներառեն ճառագայթային հիւանդութիւնը եւ զանգուածային զոհերու դէպքերը բուժելու համար անհրաժեշտ բժշկական պաշարներու մատչելիութեան ապահովումը զանգուածային զոհերու բուժման համար։

    Կեդրոնացումը Տարածաշրջանային եւ Համաշխարհային Ազդեցութեան Վրայ.

    Պաշտօնեաները զգուշացուցած են, որ միջուկային դէպքը ոչ միայն պիտի ազդէ տարածաշրջանին վրայ, այլ կարող է տասնամեակներ տեւող հետեւանքներ ունենալ համաշխարհային մակարդակով։

    Մինչ ուշադրութիւնը յատկապէս Միջին Արեւելքի հակամարտութեան վրայ է, այս պատրաստութիւնները մաս կը կազմեն ԱՀԿ-ի ընդհանուր լիազօրութեան «ճառագայթային եւ միջուկային արտակարգ իրավիճակներու» համար՝ Միջազգային Առողջապահական Կանոնակարգերուն ներքեւ:

    * Նիկոլ Փաշինեանի ֆէյսպուքի էջէն վերցուած սոյն տեսերիզը, որուն մէջ ՀՀ Առողջապահութեան նախարարը, եւ ոչ միայն, ուրախ կը պարեն նոյն Մարտ ամսուայ ընթացքին իրենց շրջապտոյտներուն ընթացքին: https://www.facebook.com/reel/786110074571879

    Տեսերիզը տեղադրած եմ պարզապէս առ ի հետաքրքրութիւն:

    Եթէ յանկարծ «չարամիտ» ընթերցողներ վերեւի գրութիւնը անպայմանօրէն փորձէն կապել սոյն տեսերիզին հետ, ապա մեղքը իմս չէ: