Չորեքշաբթի, 08. 04. 2026

spot_img

Ամբողջ Հայ Ժողովուրդը Պարտաւոր է Անվարան Առնչուիլ Ուղեցոյց Ունենալով Առանձնապէս՝ Ազգային Գերագոյն Շահերը

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Ընդառաջ

Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ

Պետական բարձրագոյն՝

Member of the Order of Canada Շքանշանակիր

Սոյն յօդուածով կը շեշտուի թէ Հայ Սփիւռքը, անբաժան մասնիկն է Հայ ազգին: Որպէս այդ՝ան պարտի այսուհետեւ, նուազագոյնը՝ դիտորդներով, պաշտօնապէս ներկայ եւ մասնակից ըլլալ Հայաստանի մէջ շուտով կայանալիք համապետական ընտրութիւններուն:


ՀամաՀայկական Պատասխանատուութիւն

Յառաջիկայ Յունիսի 7-ին տեղի պիտի ունենան Հայաստանի Ազգային Ժողովի հերթական ընդհանուր ընտրութիւնները: Արդէն իսկ Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ, ընտրարշաւը մեծ թափ ստացած է:

Այս ընտրութիւնները, որոնք ինքնաբերաբար պիտի որոշեն Հայաստանի քաղաքական յաջորդ ղեկավարութիւնը եւ վարչապետը, ներկայ աննախադէպ ազգային եւ միջազգային խառն ու խրթին քաղաքական պայմաններուն բերմամբ բացառաբար ճակատագրական եւ որոշիչ բնոյթ ունին որովհետև անոնց արդիւնքէն կախեալ է ոչ միայն Հայաստանին՝ այլեւ նաեւ հիմնականին մէջ յաջորդող բազմաթիւ տարիներուն ընթացքին մեր ամբողջ ազգին, մօտ ապագային ունենալիք նկարագիրը եւ անոր երկար տարիներու ճակատագիրը, տառացիօրէն գոյութենական իմաստով:

Այս բոլորը նկատի առնելով է, որ այսօր Հայ ժողովուրդը ամբողջութեամբ, այսինքն՝ բնականաբար առաջին հերթին Հայաստանի քաղաքացիները, եւ սակայն ոչ միայն իրենք, այլ նաեւ անժխտելիօրէն Հայ ժողովուրդի կառոյցը ամբողջացնող հսկայական Սփիւռքը, պարտաւոր են իրենք զիրենք նկատել մեծ պատասխանատուութեան մը առջեւ, իրենց ունեցած ամբողջ կարողութիւններով ազդելու այս ընտրութեանց արդիւնքին վրայ, իրենց տրամադրելի բոլոր ճանապարհներով,ուղեցոյց ունենալով առանձնապէս՝ ազգային գերագոյն շահերը:

Հայ Մամուլի Դերը

Ընտրութիւններուն ընդառաջ, կ՛ակնկալուի թէ Հայ մամուլը պիտի այլեւս ամէն օր աւելի կեդրոնացած՝ վերլուծումներով եւ լուսաբանութիւններով, գիտակից Հայ հասարակութեան ուշադրութիւնը ուղղէ ընտրութիւններուն բերմամբ արծարծուող հրատապ հարցերուն վրայ:

Արդէն իսկ շատ մեծ է լուրջ հիմնահարցերուն շարքը, այս առիթով ձև առած քաղաքական տարբեր խմբաւորումներու կողմէ արծարծուած՝ ներքին ճակատին այսինքն՝ Հայաստանի մէջ,: Սակայն այս անգամ այդ բոլորին մասին չէ այս յօդուածը, այլ ստեղծուած ընդհանուր «աղմուկին» մէջ բոլորովին մոռցուած հսկայական Հայ Սփիւռքին գոյութիւնը յիշեցնելու և անոր բացակայութիւնը սրբագրելու հիմնահարցն է մեր նպատակը:

Հայաստան-Սփիւռք Փոխշաղկապութեան Յոյժ Կարեւորութիւնը

Հիմնահարցերու շարքին մէջ խիստ կարեւոր տեղ կը գրաւէ Հայ Սփիւռք եւ Հայաստան իրարու նկատմամբ ունեցած փոխադարձ պարտականութեանց եւ նոյնպէս այլ իրաւունքներու հիմնական հարցը, որ կարելի է ըսել թէ Հայոց Ցեղասպանութենէն ի վեր, անցած 111 տարիներուն ընթացքին, բացի ժամանակաւոր կարգ մը ցանցառ նախաձեռնութիւններէն, դժբախտաբար ոչ մէկ ժամանակ առարկան դարձած է համազգային առումով հանգամանաւոր, եւ հիմնական քննարկման, վերլուծման եւ վերջնականպէս գործադրելի եզրահանգման:

Այս օրերուն, աւելի եւս մտահոգիչ է մանաւանդ Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց Սփիւռքի նկատմամբ որդեգրած՝ ոչ միայն բացայայտ գաղջ, այլ՝ ուղղակի արհամարհական կեցուածքը: Ահա թէ ինչու այս տողերուն հեղինակը, այս յօդուածով, յստակօրէն որպէս ազգային լուրջ քննարկման արժանի նիւթ՝ Հայաստանի ընտրութիւններուն ընդառաջ, շեշտակի կերպով կ՛արծարծէ  Սփիւռք-Հայաստան փոխադարձ պարտականութեանց եւ  իրաւունքներու սահմանման անխուսափելի հիմնահարցը:

Հայաստանի Իշխանութիւններու Ձեւաւորման Ի Խնդիր Սփիւռքի Վերաբերող Դերը

Որոշ է թէ, այս յօդուածով սկսած եւ ակնկալելի անոր հետեւելիք այլ արտայայտութիւններով, այս հարցին բազմակողմանի քննարկման, եւ անկէ բխած համազգային տարողութեամբ գործադրելի տրամաբանական եզրակացութիւնները պիտի մանաւանդ ճշդեն նաեւ, այսուհետեւ Հայաստանի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն մէջ եւ անոնց նկատմամբ Սփիւռքին վերաբերող դերը եւ անվիճելի բաժինը, անկախաբար եկող գացող իշխանութիւններէն եւ օրուան վարչապետներուն կամ ղեկավարներուն քմահաճոյքէն կամ բարի կամեցողութենէն:

Որոշ է նաեւ թէ այս հիմնական հարցին քննարկման ընթացքին, ի բացակայութիւն պետական եւ համազգային ճանաչում վայելող վերահսկիչ կառոյցի մը, կարծիքներու ազատ արտայայտման սկզբունքի գործադրութիւնն է, որ պիտի առաջնորդէ այլազան եւ վստահաբար նաեւ յաճախ զիրար հակասող կարծիքներու արտայայտումը: Ինչ կը վերաբերի այս տողերուն հեղինակին, համաձայն իր արդէն իսկ հետեւողականութեամբ հաստատուած սովորութեան, ան կը հաստատէ թէ իր քննարկումը կարելիութեանց առաւելագոյն չափով հիմնուած է պատմական եւ գործնական անվիճելի տուեալներու ծիրին մէջ՝ առանձնապէս տրամաբանական եւ դժուար վիճելի պատճառաբանութեանց վրայ:

«Կարեւորագոյն տուեալը որ հիմը կը հանդիսանայ մեր մնացեալ բոլոր պատճառաբանուած հետեւութիւններուն, ա՛յն է թէ.Հայ Սփիւռքը անբաժանելի մասնիկն է Հայ ազգին»

Հայկական Սփիւռքի Առանձնայատկութիւնը

Ծանօթ իրականութիւն է, թէ բազմաթիւ այլ ազգեր եւս ունին, իրենց ազատ կամքով մայր հողը թողած, երկրագունդի տարբեր վայրերու մէջ հաստատուած մասնիկներ: Հետեւաբար բոլոր այդ ազգերը, իրենք եւս ունին փոքր կամ երբեմն ալ աւելի բազմամարդ սփիւռքներ: Սակայն այսպիսիները չեն կրնար, եւ ոչ ալ յաւակնութիւնը ունին, իրենք իրենց հօրենական ազգութեան մաս նկատել: Անոնք առաւելագոյնը, կ՛արտայայտուին ըսելով, թէ իրենք պարզապէս ծագումով կը պատկանին որոշ ազգութեան մը:      

Հիմնովին տարբեր է, միլիոններ հաշուող Հայկական սփիւռքի խոշոր մասսան կազմողներուն պարագան, որուն թիւը, առաջին հերթին, բազմաթիւ անգամներով կը գերազանցէ նոյնինքն մայր Հայաստանի սահմաններէն ներս ապրող Հայութեան թիւը, եւ որ նաեւ կոպտօրէն եւ համամարդկային ոճրագործութեան մը հետեւանքովէ միայն, որ մէկ օրէն միւսը, թողելով իր հօրենական տունը, գործը, դպրոցները, կառոյցները, տեղահանուած է միայն ստոյգ մահէն ազատելու համար, եւ սկիզբը միայն արժամաբար, բնակութիւն հաստատած է  աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Միլիոններու հասնող Հայերու այս համախմբումը, որ այդ ողբերգական հանգրուանին եւ այնուհետեւ կրեց Հայ Սփիւռք որակումը, կասկածէ վեր է թէ,  առաջին իսկ օրերէն, այդ հանգրուանին՝անվիճելիօրէն անբաժանելի եւ հարազատ մէկ խոշոր մասն էր Հայ ազգին:

Յետ-Ցեղասպանութեան Սփիւռքի Անցած Ուղին

Մեր միտքերու տրամաբանական զարգացումը կատարելու համար հիմա քայլ առ քայլ հետեւինք Սփիւռք կոչուած այդ հաւաքականութեան, Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք մինչեւ այսօրուան մեր օրերը, 111 տարիներու ընթացքին, անցած յաջորդական հանգրուաններուն:

Վերացական ըլլալով հանդերձ, եթէ վայրկեան մը որպէս պարզ մտամարզանք, շարունակենք մեր տրամաբանութեան շղթան եւ ենթադրենք թէ այդ Ցեղասպանութեան դժոխային օրերուն գոյութիւն ունենար իր անունը արդարացնող Հայկական պետականութիւն մը, պատասխանտուութեան գիտակցութիւն ունեցող անոր օրուան իշխանութիւնները եւ ղեկավարները անպայմանօրէն, իրենց առաջնահերթ եւ անմիջական պատասխանատուութիւնը պիտի նկատէին ձեռնարկել ազգահաւաքի, եւ ազգապահպանման տարբեր արտակարգ օժանդակութեան հսկայական աշխատանքի մը, ջանալով կարելի առաւելագոյն չափով արդարացնել, անվիճելիօրէն իրենց պարտականութիւնը հանդիսացող պաշտպանութիւնը եւ հոգատարութիւնը Հայ ազգին հարազատ եւ անբաժանելի՝այդ մէկ խոշոր հատուածին:

Գիտենք սակայն, թէ այդ օրերուն չկար ո՛չ այդպիսի պետականութիւն եւ ո՛չ ալ համապատասխան իշխանութիւններ:

Ամբողջական ոչնչացումէ ինք եւս մազապուրծ ազատած, այդ օրերու Խորհրդային Հայաստանը դժուարագոյն պայմաններու մէջ՝ եւ աւելին, համաշխարհային երկրորդ պատերազմի դժնդակ տարիները եւս ապրելով, երեք տասնամեակներէ ետք, հազիւ թէ կարողացաւ, բոլորովին անկատար, տանջալից առաջին քանի մը քայլեր առնել, տեսականօրէն իր պատասխանատուութիւնը հանդիսացող Սփիւռքի իր զաւակները հաւաքելու համար՝  ներգաղթի մեծ մասամբ անյաջող ծրագիրը գործադրելով:

Մեր նպատակը չէ, եւ այս մէկ յօդուածով բնականաբար կարելի ալ չէ աւելի ընդլայնել Հայաստանի հանրապետութեանյաջորդական իշխանութեաց՝ այդ օրերէն ետք եւս, մինչեւ նոյնիսկ մեր օրերը այսօր, Հայ Սփիւռքին ազգային հոգածութիւն տալու աշխատանքին գործնապէս աննշան, գրեթէ ոչինչի հասնող, տարողութեան լուրջ վերլուծումը կատարել: Ապահով կերպով սակայն կարելի է այդ աշխատանքին տարողութիւնը ընդհանուր առմամբ, դժբախտաբար որակել ճիշդ այս երկու բառերով, այսինքն գրեթէ ոչինչ:

Կանխելու համար կատարուած այս ծանրակշիռ հաստատման առնչութեամբ, մակերեսային շուտիկութեամբ ակնկալելի որեւէ քննադատութիւն,  պէտք է աւելցնեմ թէ այս տողերուն հեղինակը ուղղակի անձնական եւ շատ երկար փորձառութեամբ, շատ մօտէն ծանօթ է, թէ 1946-ի ներգաղթի շարժման, թէ աւելի վերջ 1960-ական տարիներուն անոր փոքր չափով շարունակման բոլոր մանրամասնութեանց. նոյնպէս շատ մօտէն ծանօթ է այդ տարիներուն եւ աւելի ետք Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէին գնահատելի որոշակի ջանքերուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու եւ պատանիներու յատուկ տարբեր ամառնային ծրագիրներու գործադրութեան մանրամասնութեանց: Նոյնպէս ան մօտէն ծանօթ է աւելի վերջ, Սփիւռքի նկատմամբ գուցէ ամենալուրջը նկատուելու արժանի, վերանկախացած Հայաստանի տարիներուն մէկ կարճ շրջանին ընթացքին ստեղծուած Սփիւռքի Նախարարութեան գնահատելի աշխատանքներուն տարողութեան, եւ վերջապէս նաեւ ներկայ իշխանութեանց կողմէ, Սփիւռքի Նախարարութեան բաւականին յաջող ձեռնարկը դժբախտաբար դադրեցնելով, փոխարէնը այսպէս կոչուած Սփիւռքի յանձնակատարի մը ստեղծման բոլորովին անպտուղ եւ անիմաստ լրջօրէն քննադատելի բոլոր պարագաները:

Անբաւարար Պետական Հոգածութիւն

Ներկայ այս յօդուածին կեդրոնական նպատակն է, գուցէ առաջին անգամ ըլլալով, բացայայտ եւ բարձրաձայն յայտարարել թէ դժբախտաբար յստակ, որոշ եւ անվիճելի է թէ Հայաստանի հանրապետութեան կողմէ նախաձեռնուած վերոյիշեալ աշխատանքներուն բոլորին ընդհանուր գումարը համարեայ ոչինչ չափով իսկ չէր կրնար բաւարարել, աշխարհածաւալ Հայ Սփիւռքին անհրաժեշտ՝ նոյնքան հսկայածաւալ պահանջները, որ անժխտելիօրէն իրենց պարտականութիւնն էր անցնող 111 տարիներուն ընթացքին, որպէսզի մեծ կարողականութիւն եւ տարողութիւն ունեցող այդ հսկայական հաւաքականութիւնը նուազագոյն չափով իսկ պահէր եւ մինչեւ այսօր ունենար իր ներկայի թէեւ ոչ կատարեալ, սակայն պատկառելի ազգային նկարագիրը:

Այսօր կարեւորութեամբ կը մատնանշենք եւ բարձրաձայն կը յայտարարենք, թէ փոխարէնը, այդ բոլորը սքանչելի կերպով կատարուեցաւ այդ նոյնինքն անպաշտպան մնացած եւ Հայ Սփիւռք անունը կրող հաւաքականութեան կողմէ, առանցնապէս անհատական զոհաբերութիւններով, ու յաճախ բոլորովին կամաւոր՝ այլապէս միլիոններ արժողութեամբ աշխատանքով:

Առարկայական անվիճելի հետեւանքը այս իրականութեան այն է, թէ անցեալի եւ թէ ներկայի եւ նաեւ նախատեսելի մօտ ապագայի Հայկական պետութիւնը, եւ զայն ներկայացնող բոլոր իշխանութիւնները, բոլորը, նիւթապէս եւ բարոյապէս, ուղղակիօրէն, գործնականօրէն եւ անվիճելիօրէն, պարտական են, իրենց փոխարէն, ազգային հոգատարութիւն հայթայթող Սփիւռքի այդ բոլոր պատասխանատուներուն:

Այս վերջիններուն մաս կը կազմեն տարիներու ընթացքին անհաշիւ զոհողութիւններով ծնունդ առած եւ մինչեւ այսօր գործող բարեսիրական, կրթական, մշակութային, քաղաքական եւ անշահախնդրօրէն գործող բոլոր այլ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ առանձին անհատներ: Այդ կազմակերպութեանց մէջ անցեալին գործած են եւ այսօր եւս բոլորովին կամաւոր եւ անհատոյց կերպով կը գործեն երբեմն համեմատաբար համեստ, բայց նաեւ իրենց տարբեր մասնագիտութեանց մէջ բարձրագոյն արհեստավարժական (professional) պատրաստութիւն. կարողութիւն եւ դիրք ունեցող, այլազան իրաւաբաններ, գիտնականներ,  մեծագոյն յաջողութեանց հասած գործարարներ, որոնք դիւրաւ կրնան իրենց նոյն այդ թանկագին ժամերը յատկացնել հաճոյքի եւ կամ խիստ շահաբեր բազմաթիւ այլ աշխատանքներու:

Ամսականաւոր Պաշտօնեայի եւ Նուիրեալ Կամաւորի Տարբերութիւնը

Հայաստանի իշխանութիւններուն ուշադրութեան կը յանձնենք այս առիթով, թէ իրենք պարտին համեստաբար գիտակցիլ թէ Հայաստանի մէջ աւելի թէ նուազ յաջողութեամբ, եւ սակայն, շռայլուած պետական այլազան միջոցներով իրենց ստացած մեծ պարգեւավճարումներով կատարած աշխատանքները, Սփիւռքահայը ընդհանրապէս կը կատարէ բոլորովին անհատոյց՝ եւ առաւել եւս ընդհակառակը, իր անձնական ունեցուածքէն բաժին մը նուիրելով, այլազան կրթական, մշակութային,  բարեսիրական եւ յօգուտ իր համայնքին, աշխատանքներուն իրականացման համար:

Կը մատնանշենք թէ Սփիւռքին մէջ այս բոլորը 111 երկար տարիներէ ի վեր կը կատարուի  մեծ դժուարութեամբ եւ տակաւին շօշափելի յաջողութեամբ, միայն եւ միայն պահպանելու համար ազգային Հայ նկարագիրը , այս յօդուածով ահա յատուկ լուսարձակի տակ դրուած, Սփիւռքի մեծ հաւաքականութեան:

Այո՛ Սփիւռքը ինքն է որ ամբողջովին կը փոխարինէ անվիճելիօրէն Հայաստանի իշխանութեանց պարտականութիւնը հանտիսացող, եւ սակայն անոնց անկարողութեան պատճառաւ բացթողուած, հսկայական պատասխանատուութիւնը:

Սփիւռքը Հայաստանի Ռազմավարական Հարստութեան Աղբիւր

Այս հանգրուանին պէ՞տք է նաեւ վերյիշեցնել Հայաստանի իշխանութեանց, թէ  Հայ Սփիւռքին գիտակից մասը, ուղղակիօրէն հարստութեան առարկայական մեծ աղբիւր է Հայաստանին համար, պայմանաւ անշուշտ, որ օրուան իշխանութիւնները կարողութիւնը եւ գիտակցութիւնը ունենան շինիչ կերպով օգտագործելու այդ հարստութիւնը…: Գուցէ այստեղ պէտք է յիշեցնել թէ շատ յաճախ, մանաւանդ մօտ անցեալին, արդարօրէն մեծ հպարտութեամբ է որ Հայաստանի մէջ կը  լսուէին հանրային լորձնաշուրթն յայտարարութիւններ ուր կ՛ըսուէր թէ «Եթէ Ատրպէյճանը հարուստ է իր քարիւղով, Հայաստանը աւելի եւս հարուստ է իր Սփիւռքով…»:

Բնականաբար ինչպէս Ատրպէյճանի քարիւղին օգտակարութիւնը կը յայտնուի միայն երբ ան արտահանուի իր ընթերքէն, նոյնպէս ալ Սփիւռքահայութեան օգտակարութիւնը կը յայտնուի մանաւանդ երբ Հայաստանի իշխանութիւնները գիտակցին իրենց պարտականութեան, ջանք եւ հոգատարութիւն տածեն, եւ կազմակերպուած ձեւերով Հայրենիքին մօտեցնեն, փոխանակ ընդհակառակը վանելու, արժանաւոր Սփիւռքահայերը:

Եզրակացութիւն

Վերջապէս, հիմնուելով այս յօդուածին մէջ տրուած պատճառաբանուած առարկայական տուեալներուն վրայ, ահա այժմ կը հասնինք ներկայ գրութեան անմիջական եւ գլխաւոր նպատակին եւ Հայաստանի ԱԺ-ի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ, մեր խօսքը կ՛ուղղենք Հայաստանի այսօրուան իշխանութեանց:

Բազմամիլիոն թիւ ներկայացնող լայնատարած գիտակից Հայ Սփիւռքը ոչ թէ տեսականօրէն, այլ՝ առարկայականօրէն անբաժան մասն է Հայ Ազգին:  Հետեւաբար որպէս Հայ ազգի միջազգային մակարդակոով ընդունուած օրինական միակ հեղինակութիւն, դուք որոշապէս պարտական էք անոր, եւ նաեւ պարտաւոր էք գուրգուրանքով ընդունիլ զայն իր այդ իսկ հանգամանքով, որպէս անբաժանելի մէկ մասը Հայ Ազգին:      

Հետեւաբար նոյնպէս, Հայաստանի իշխանութիւնները բնականօրէն պարտաւոր են յառաջիկայ ԱԺ-ին ընտրութիւններու մասնակցութեան պաշտօնական ձեւ եւ առիթ ստեղծել Սփիւռքահայ ներկայացուցիչներուն:

Անգամ մը եւս, կանխելու համար ակնկալելի անմիջական եւ դիւրին առարկութիւնները թէ, ընդհանուր կազմակերպչական կառոյց չունեցող Սփիւռքը ինչպէ՞ս է որ պիտի նշանակէ իր այդ ներկայացուցիչները,  գործնական եւ տրամաբանականօրէն կը մատնանշենք թէ հերթը նախ կը վերաբերի Հայաստանի իշխանութեանց:

Մեր պահանջն է, որ նկատի առնելով այս յօդուածին մինչեւ այստեղ ներկայացուցած հիմնական տրամաբանական պատճառաբանութիւնը, Հայաստանի իշխանութիւնները առաջին հերթին պաշտօնապէսընդունին ընտրութիւններուն Սփիւռքին մասնակցութեան սկզբունքը: Անկէ յետոյ է, որ միայն Սփիւռքի տարբեր պատասխանատու շրջանակներու պարտականութիւնը պիտի ըլլայ գտնել, ընդհանուրին կարելի չափով բաւարարող ձեւը, եւ նշանակելու իր ներկայացուցիչները:

Մինչ այդ, եւ առայժմ կրկին առաջքը առնելով ակնկալելի քաղաքացիական պատկանելիութեան օրէնսդրական խրթին արգելքները, որպէս անվիճելիօրէն գործադրելի տարբերակ՝  կ՛առաջարկենք որ Սփիւռքի վերոյիշեալ ներկայացուցիչներուն այս անգամ պաշտօնապէս տրուի ընտրութիւնները վերահսկող դիտորդի հանգամանք:

Գլխաւոր և որպէս անմիջպէս գործադրութեան ենթակայ ամփոփ եզրակացութիւն, երբ Հայաստանի ընտրութեանց ներկայ գտնուելու կը հրաւիրուին այլազան, նոյնիսկ եւրոպացի կամ այլ պաշտօնական դիտորդ ներկայացուցիչներ, կասկածէ վեր է, թէ Հայ ազգին անբաժան մասնիկը հանդիսացող Սփիւռքահայութիւնը, առաջնահերթութեամբ իրաւունք ունի ինք եւս, գուցէ այս անգամ նուազագոյնը, «պաշտօնական  դիտորդի» հանգամանքով, ներկայ ըլլալու եւ այդպէսով պաշտօնապէս մասնակից ըլլալու այդ ընտրութեանց:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին