Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
«Ինչպէս որ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ
Հօր փառքով, նոյնպէս եւ մենք քալենք նոր կեանքով»
(Հռ. 6.4)
Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ,
Այսօր, համախմբուած եկեղեցիներուն մէջ, կը տօնենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ եւ Հրաշափառ Յարութիւնը։ Կը փառաբանենք Աստուածորդին, որ մեր փրկութեան համար հանձն առաւ ամէն զոհողութիւն, չարչարանքներ կրեց, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ։ Փրկիչին Յարութեամբ լուսաւորուեցաւ նոր կեանքի ճամբան։ Ադամական մեղքով Աստուծմէ հեռացած եւ մահուան իշխանութեան ենթակայ մարդկութեան Փրկիչ մեր Տէրը՝ Յիսուս, կոչեց յարուցեալ կեանքի, որպէսզի ազատելով չարին ու մահուան կապանքներէն արժանի ըլլայ տէրունական փրկարար շնորհներուն եւ ժառանգէ երկինքի արքայութիւնը։ «Ինչպէս որ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ Հօր փառքով, նոյնպէս եւ մենք քալենք նոր կեանքով»,- կը պատգամէ առաքեալը։
Տիրոջ փրկագործութեամբ մարդուն տրուեցաւ աստուածային օրհնութիւնը՝ զղջումով վերադառնալու առ Երկնաւոր Հայրը եւ տառապանքներու խաւարէն գտնելու վերահառնումի լուսաւոր ուղին։ Քրիստոսապարգեւ յարուցեալ կեանքը կը սկսի, սիրելիներ, սրտի եւ հոգիի նորոգութեամբ, երբ անհատը կը զօրանայ հաւատքով, կ’ապրի Աստուծոյ ներկայութեամբ, կը դառնայ նոր արարած, կ’արարէ բարին ու գովելին։ Քրիստոսի Յարութեան հաւատքով եւ տէրունավանդ պատուիրաններուն իրագործումով է հնարաւոր հրաժարիլ խոտոր ընթացքներէն, յաղթահարել ժամանակի դժուարութիւնները եւ քալել սիրոյ, ճշմարտութեան ու արդարութեան շաւիղներով, ինչպէս կը հորդորէ առաքեալը. «Ընթացէ՛ք ինչպէս լուսոյ որդիներ. քանզի լուսոյ պտուղներն են բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը» (Եփ. 5.8-9)։
Իրաւի, Յարութեան հաւատքով է բացուելու մարդկութեան պատմութեան նոր այգաբացը, բարեփոխուելու՝ աշխարհը, եւ իրականացուելու՝ համընդհանուր խաղաղութեան ու անվտանգութեան արդար յոյսերը։ Աշխարհի խառնաշփոթին մէջ, սակայն, կարծես թէ խլացած են առաքեալին հորդորն ու աւետարանական պատգամները, եւ Աստուծոյ արարչագործութիւնը կ’անարգուի ու կը վտանգուի չարագործութիւններով ու անօրինութիւններով, մարդկութեան կեանքը կ’ալեկոծուի ու կը խորտակուի հակամարտութիւններով, թշնամանքով ու պատերազմներով։ Բարօր ու արդար աշխարհ հաստատելու համար ներկայ բազմադէմ սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ ազգերն ու պետութիւնները առաւել նախանձախնդրութեամբ պիտի հետամուտ ըլլան Բարձրեալ Աստուծոյ կամքին՝ յաղթահարելու համար առկայ ծանր փորձութիւնները, ամրապնդելու հիմքերը համամարդկային համերաշխութեան, խաղաղ համակեցութեան եւ արդիւնաւոր գործակցութեան։ Համընդհանուր այսպիսի ջանքերով է, որ ժողովուրդները «իրենց սուսերներէն խոփեր պիտի ձուլեն եւ իրենց սեւիններէն՝ մանգաղներ. ազգ ազգի վրայ սուր չպիտի բարձրացնէ, եւ անոնք այլեւս չեն սովորիր պատերազմել»,- ինչպէս կ’ազդարարէ մարգարէն (Եսայի 2․4)։
Սիրելիներ, արցախեան ողբերգական պատերազմէն տարիներ ետք տակաւին տագնապներն ու մտահոգութիւնները չեն լքեր մեր սրտերը, որ կը տենչան խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն։ Մեր ժողովուրդը լաւագոյնս գիտէ արժէքը խաղաղութեան ու անվտանգութեան, որուն համար ազգիս զաւակները վճարած են իրենց կեանքով։ Դեռ թարմ են մեր կրած վիշտերն ու վէրքերը, որոնց ցաւն այսօր աւելի կը խորանայ արցախահայութեան իրաւունքներուն ոտնահարումով, պատանդառուած մեր հայրենակիցներուն ապօրինի ազատազրկումով։ Ցաւը կը խորանայ, երբ կը շարունակուի սերմանուիլ պառակտումի որոմը, երբ կ’անտեսուին ու կը խեղաթիւրուին նուիրական արժէքները, երբ կը գործադրուի կամայական ու ընտրովի արդարադատութիւն, եւ կեղծ ու շինծու մեղադրանքներով իշխանութիւններուն կողմէ բռնաճնշումներ կ’իրականանան Եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Եկեղեցին Քրիստոսով անսասան է, հզօր եւ աներեր։ Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, հաւատացեալներուն հաւաքականութիւնը, իր փրկարար առաքելութեամբ խաղաղութեան, եղբայրսիրութեան ջատագովն ու աւետարանողը, Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան անլռելի քարոզիչը։ Եկեղեցին յարուցեալ կեանքի հրաւէրն է մշտապէս բարձրաձայնել՝ իր զաւակները զերծ պահելու համար յուսահատութենէ, անիրաւութիւններէ ու անկումներէ, զերծ պահելու հայրենական եւ ազգային անդաստանը՝ կորստաբեր ճամբաներէն։ Յարուցեալ կեանքը երբեք չի կրնար ըլլալ միմեանցմէ օտարացումով ու բաժանումներով, քրիստոնէական արժէքներու խեղմումով, Եկեղեցւոյ առաքելութեան նսեմացումով ու սահմանափակումով, ազգային շահերը խեղաթիւրելով, արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը աղճատելով։ Մինչեւ չմերժենք չար գործերն ու կորստաբեր քայլերը, չենք կրնար հաստատել զարթօնք ու ծաղկում, առաջադիմութիւն ու բարօրութիւն անձնական ու հասարակական կեանքին մէջ եւ կերտել մեր ժողովուրդի յարատեւութեան անխորտակելի հեռանկարները։
Ուրեմն, սիրելիներ, Հայրապետական Մեր պատգամն է՝ նախընտրենք բարին չարին դէմ, հաշտութիւնը խռովութեան դէմ, ազնուութիւնն ու ուղղամտութիւնը՝ սուտին ու խարդախութեան դէմ, փոխադարձ յարգանքն ու զօրակցութիւնը՝ անպատուութեան ու նենգադաւութեան դէմ։ Առաջնորդուինք վնասակար ու կործանարար երեւոյթները բացառելու յանձնառութեամբ, մեր պարտութիւններէն ոտքի կանգնելու վճռակամութեամբ եւ նախնեաց ժառանգութիւնը անաղարտ պահպանելու նախանձախնդրութեամբ։ Գերադասենք սէրը, համերաշխութիւնը, միասնութիւնը, որպէսզի միասնական ճիգերով կարենանք վերականգնիլ մեզ պատուհասած նեղութիւններէն ու դժուարութիւններէն, ամրապնդել մեր պետականութիւնը եւ կերտել ազգի յառաջդիմութիւնն ու բարգաւաճումը։ Միշտ հաւատարիմ մնանք յարուցեալ մեր Տէրոջը, Ով «Իր անձը տուաւ մեզ համար, որպէսզի մեզ փրկէ ամէն անօրէնութենէ եւ մաքրէ որպէս Իրեն սեփական ժողովուրդ՝ նախանձախնդիր բարի գործերու» (Տիտ. 2.14):
Սուրբ Յարութեան ուրախալի աւետիսով Միածնաէջ Մայր Տաճարէն եղբայրական Մեր ողջոյնները կը յղենք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցու Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանին, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեանին, մեր Սուրբ Եկեղեցու ուխտապահ ողջ հոգեւոր դասին։ Մեր ողջոյնները կը յղենք ի Քրիստոս Մեր հոգեւոր եղբայրներուն՝ քոյր Եկեղեցիներու Պետերուն, եւ իրենց հաւատաւոր հօտին։ Հայրապետական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը՝ ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն նախանձախնդիր մեր ժողովուրդին։ Հայրական Մեր գնահատանքը ձեզ ամէնքիդ, սիրելիներ, առ հայրենին եւ մեր Սուրբ Եկեղեցին մշտապէս դրսեւորուող հաւատարմութեան եւ ջերմ նուիրումի համար։ Մենք ամէն օր զգացած ենք եւ կը շարունակենք զգալ ձեր աղօթքի զօրութիւնը։ Ձեզմով է շէն ու անսասան մեր Սուրբ Եկեղեցին, որուն դարերու փորձութիւններն անգամ չեն խորտակած։ Ձեզմով է զօրեղ, ամուր ու լուսափայլ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Շարունակեցէք ապրիլ աղօթքով, գործել ու արարել առ հայրենին ու Մայր Եկեղեցին սիրով՝ ի նպաստ մեր երկրի շինութեան ու լուսաւոր գալիքին։
Հոգենորոգ այս օրը միասնաբար աղօթք բարձրացնենք առ յարուցեալ Աստուածորդին, որ Իր անսպառ ողորմութեամբ պարգեւէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն համայն աշխարհին եւ հայրենի մեր երկրին։ Հայցենք, որ երկնային կենարար շնորհներով զօրանայ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը, ապրի հաւատքով ներշաղախ կեանքով, դժուարութիւնները յաղթահարելու խիզախ ու անկոտրում ոգիով։ Աղօթենք, որ համազգային մեր անդաստանին մէջ հաստատուն ըլլան ճշմարտասիրութիւնը, արդարամտութիւնն ու միաբանութիւնը, որպէսզի բարի արգասիքներով, ազգաշահ ու հայրենօգուտ նորանոր ձեռքբերումներով կերտենք ապագայատեսիլ մեր ժողովուրդին փափաքներն ու ձգտումները՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի հաւետ պայծառութիւն ազգի եւ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Աղօթենք նաեւ պատերազմի արհաւիրքներէն տառապող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, ապօրինաբար ազատազրկուածներուն, անյայտ կորսուածներուն ու անոնց ընտանիքներուն, այլեւ նեղութիւններու ու զրկանքներու մէջ գտնուողներուն, բժշկութեան կարօտ անձանց համար։
Թող Աստուծոյ ամենախնամ Աջը, սէրը եւ օրհնութիւնները հովանի ըլլան մեզ ամէնքիս այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։






