Սուրբ Յարութեան օրհնաբեր տօնին ընդառաջ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը պատիւն ու գեղեցիկ առանձնաշնորհումը ունեցաւ ստանալու Լիբանանի հանրապետութեան Առաջին տիկին՝ Նորին ազնուափայլութիւն Նէիմաթ Աունի անձնական բարեմաղթանքները եւ զօրակցութեան ու քաջալերանքի պատգամները, ուղղուած մեր ամբողջ կրթական ընտանիքին։
Առաջին տիկինը 31 Մարտ 2026-ին հեռաձայնեց Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին, մանրամասնօրէն հետաքրքրուելով դպրոցի առօրեայով, դիմագրաւած դժուարութիւններով եւ կրթական ընտանիքի բոլոր անդամներուն վիճակով։
Տիկին Աուն բարձրօրէն գնահատեց Մեսրոպեանի աշակերտներուն, ծնողներուն եւ անձնակազմին ջանքերն ու նուիրուածութիւնը՝ շարունակելու կրթական գործընթացը՝ հակառակ Լիբանանի ապրած ծայրայեղ դժուարին պայմաններուն։ Ան փոխանցեց իր գնահատանքն ու ջերմ ողջոյնները եւ խնդրեց, որ անոնք հասնին բոլորին՝ առանց բացառութեան։ “Լաւապէս ծանօթ եմ ձեր գործունէութեան, մեծապէս կը գնահատեմ զայն եւ կը մնամ զօրակից՝ բոլորիդ”, շեշտեց Առաջին տիկինը։
Տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան Առաջին տիկնոջ ուշադրութեան ընդգծելով, որ նման բարձր հոգածութիւնը կ’ոգեւորէ ամբողջ դպրոցական համայնքը եւ կ’ամրապնդէ կամքը՝ յառաջ տանելու կրթական գործը։ Ան իր հերթին յաջողութեան մաղթանքներ յղեց նախագահ Աունին՝ Լիբանանի ծառայութեան մէջ, եւ վստահեցուց, որ Մեսրոպեան վարժարանը անսասան կը մնայ իր առաքելութեան հանդէպ՝ ի սպաս թէ՛ կրթութեան, եւ թէ՛ Լիբանանեան ազգային պատկանելիութեան պաշտպանութեան։
Մեսրոպեան վարժարանը երախտապարտ է Լիբանանի Առաջին տիկնոջ ցուցաբերած վստահութեան եւ սիրոյն համար եւ կը վերահաստատէ իր պարտքը՝ հաւատարիմ մնալու Լիբանանի ապագայ սերունդները եւ օրինակելի քաղաքացիներ կերտելու անշեղ ուղիին։
Տնօրէնութիւն
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան
Բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարաններու






