ՍՅՈՒԶԱՆՆԱ ԱՎԵՏԻՍՅԱՆ
Եկէք այսօր եկեղեցւոյ մէջ պատահած դէպքը* քննենք երկու տեսանկիւնէ՝ քաղաքական եւ բարոյական:
Բարոյական տեսանկիւնէ՝ պատահածը պատահական դէպք մը չէ, այլ հասարակութեան մէջ կուտակուած խոր դժգոհութեան եւ ատելութեան ուղղակի արտայայտութիւն մըն է: Տարիներ շարունակ գործող իշխանութիւնները իրենց քաղաքականութեամբ եւ հռետորաբանութեամբ ձեւաւորած են թունաւորուած հանրային միջավայր մը, ուր ոչ միայն մարդիկ բաժնուած են իրարմէ, այլեւ ձեւաւորուած է լայնածաւալ բացասական վերաբերմունք մը իշխանութեան հանդէպ:
Իշխանութիւնը, գտնուելով իր սեփական տեղեկատուական «փուչիկին» մէջ, յաճախ չի նկատեր իրական հասարակական տրամադրութիւնները: Սակայն իրականութիւնն այն է, որ խնդիրը վաղուց դուրս եկած է «չսիրելու» մակարդակէն. հասարակութեան զգալի հատուածին մօտ ձեւաւորուած է խոր հիասթափութիւն մը, որ վերածուած է ատելութեան: Ասիկա արդէն կ’արտայայտուի մարդոց առօրեայ խօսքին, վերաբերմունքին եւ վարքագիծին մէջ:
Այսպիսի դրսեւորումները ծայրահեղ զգացականութիւններու արդիւնք են, սակայն անոնց առաջացման քաղաքական պատասխանատուութիւնը կը կրէ հէնց իշխանութիւնը: Երբ տարիներ շարունակ կը տարածուի ատելութեան խօսք, հասարակութիւնը կը բաժնուի «սեւերու» եւ «սպիտակներու», մարդոց արժանապատուութիւնը պարբերաբար կը խոցուի, եւ յատկապէս պատերազմէն ետք վէրքերը ոչ թէ կը բուժուին, այլ կը խորանան, ապա նման հետեւանքները կը դառնան ոչ թէ անսպասելի, այլ օրինաչափ:
Քաղաքագիտական տեսանկիւնէ՝ տեղի ունեցածը ցոյց կու տայ քանի մը կարեւոր համակարգային երեւոյթներ.
- Հաստատութիւններուն հանդէպ վստահութեան անկում.
Երբ քաղաքացիները կը կորսնցնեն վստահութիւնը պետական հաստատութիւններուն հանդէպ, դժգոհութիւնը դուրս կու գայ հաստատութիւններու դաշտէն եւ կը դառնայ անձնաւորուած՝ ուղղուելով կոնկրէտ մարդոց կամ խումբերու դէմ:
2. Խորացող բեւեռացում («մենք» ընդդէմ «անոնք»).
Քաղաքական մեկնաբանութիւնը կը ձեւաւորէ հակադիր ճամբարներ, ուր դիմացինը կը դիտարկուի ոչ թէ որպէս մրցակից, այլ որպէս թշնամի: Ասիկա կը բնականացնէ ատելութիւնն ու գոռոզութիւնը:
3. Քաղաքական վրէժխնդրութեան շրջան.
Հասարակական զայրոյթը չի լուծուիր հաստատութիւններու ճամբով, այլ պարբերաբար կը տեղափոխուի մէկ իշխանութենէ միւսը՝ վերարտադրելով նոյն լարուածութիւնը (յիշեցէք յեղափոխութեան ժամանակ դագաղներու պահը):
4. Տկար հաստատութիւններ եւ միջնորդութեան բացակայութիւն.
Երբ դատարանները, խորհրդարանը եւ լրատուամիջոցները չեն ընկալուիր որպէս վստահելի եւ անկախ, անոնք չեն կրնար կլանել եւ կառավարել հակասութիւնները, ինչի արդիւնքով լարուածութիւնը դուրս կու գայ աւելի կոշտ եւ վտանգաւոր ձեւերով:
Արդիւնքը կը ձեւաւորէ միջավայր մը, ուր չգրուած կանոնները եւ զգացականութիւնները կը գերակայեն հաստատութիւններու գործունէութիւնը, ինչ որ լուրջ մարտահրաւէր մըն է պետականութեան եւ հասարակական կայունութեան համար:
ՅԳ. Աստուած զօրութիւն եւ իմաստութիւն տայ հայ ժողովուրդին այս կործանարար իրավիճակէն դուրս գալու համար:
* Արդարեւ, 29 Մարտ 2026-ի առաւօտեան լուրջ պատահար մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնակատարութիւններուն ընթացքին, երբ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր անվտանգութեան աշխատակիցները ներխուժեցին եկեղեցի, անհանգստութիւն պատճառելով հաւաքուած հաւատացեալներուն եւ փորձեցին իրականացնել նախընտրական քարոզչութիւն մը։
Ականատեսներու վկայութեամբ՝ Փաշինեանին ուղեկցող անվտանգութեան աշխատակիցները սահմանափակեցին քաղաքացիներու շարժումը եկեղեցւոյ ներսը եւ խաթարեցին կրօնական արարողութիւնը՝ անմիջապէս լարուածութիւն ստեղծելով ներկաներուն շրջանին մէջ։
Իրավիճակը սրեցաւ, երբ թիկնապահներէն մէկը հարուածեց քաղաքացիի մը՝ եկեղեցւոյ ներսը, որ առաջացուց հաւատացեալներուն զայրոյթը եւ արագօրէն սրեց բախումը։ Քաղաքացիներէն մէկը նոյնիսկ փորձեց հարուածել Փաշինեանը։
Երբ լարուածութիւնը հասաւ գագաթնակէտին, հաւատացեալները ստիպեցին Փաշինեանը լքել եկեղեցին, փաստօրէն դուրս մղելով զայն տարածքէն:
Խմբ.






