Երկուշաբթի, 30. 03. 2026

spot_img

Դրական Հարկադրանքո՞վ Ուղղել, թէ Դիմել Ժխտական Պախարակումի. Կամ, Սատանան Ճիշտ Ո՞ւր Փնտռել

Տեսանկիւն

Կիրակի օր, նստած կը թերթէի Ֆէյսպուքը այնտեղ դրական բան մը գտնելու յոյսով, երբ դէմս ելաւ տեսերիզ մը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանի մը Ծաղկազարդի քարոզէն հատուած մըն է, որ ըստ երեւոյթին նկարահանուած է Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եկեղեցուոյ մէջ պատահած միջադէպի մը պահուն:  

Մինչ կցուած տեսերիզին մէջ Հոգեշնորհ Ծայրագոյն Վարդապետը ներկայ հաւատացեալները կը յորդորէր «Կենդանի Փրկիչին հանդէպ կենդանի հաւատք ունենալ», այնտեղ Պատարագի մասնակիցներէն մէկը ընդմիջեց քարոզը: Ան խօսքը ուղղելով Պատարագիչին, բարձրաձայն բացագանչեց. «Խորանին առջեւ կենդանի՞ կ՛ըսես կոր…»:

Համեստ ծագում ունեցող մեր հայրենակիցը, ըստ երեւոյթին, «Կենդանի» բառը մեկնաբանած էր իբրեւ անասուն, մինչ Պատարագիչը բնականաբար նկատի ունէր «Ապրող», որ ինքն ալ իր կարգին քարոզը ընդմիջելով փորձեց ուղղել մեր հայրենակիցին սխալ ըմբռնումը:

Ակնկալութիւնս էր, որ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը և ի պաշտօնէ, բաւարարուէր դրական հարկադրանքի դիմելով (positive reinforcement) ճիշտը սորվեցնել փորձէր թերուս մեր hայրենակիցին: Սակայն ափսոս, որ ան դիմեց հրապարակային պախարակումի, խեղճ մարդը ներկայացնելով իբրեւ սատանայի բանբեր, որ ըստ Վարդապետին, ան ո՛չ Աստուծմէ գաղափար ունի ո՛չ ալ Սուրբ Գիրքէն, այլ «սատանան իր մէջ ընդունելով» ուզած է խանգարել (իրականութեան մէջ խեղճ մարդուն համար գուցէ անհասկնալի) քարոզը…:

Մեր համեստ հայորդիին պաշտպան փաստաբանը ըլլալու հաւակնութիւնը չունենալով հանդերձ, այստեղ կ՛արժէ հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարել.

Եկեղեցիին մէջ ներկայ մարդուն տգիտութիւնը բնականաբար, անպայմանօրէն  կապ չունի «Աստուծմէ կամ Սուրբ Գիրքէն» գաղափար չունենալու հետ, ինչպէս տուեալ կրօնականը վճռեց, այլ պարզապէս Հայերէն լեզու եւ նման պահերու մէջ զուսպ ըլլալու տարրական կենցաղավարութիւնը չիմանալու վիճակ մը կը ներկայացնէ ան: Այստեղ ցաւով պէտք է խոստովանիլ, որ իր այս մակարդակի տգիտութեան մէջ եզակի երեւոյթ մը չի հանդիսանար մեր հայրենակիցը:

Իսկ թէ, ո՞վ է մեր ժողովուրդին (ոչ փոքրաթիւ) որոշ մէկ խաւին մէջ տակաւին գոյատեւող այս տգիտութեան պատասխանատուն, ապա սա պէտք է փնտռել  ազգային/հայկական վարժարանին մէջ, որ ձախողած է իր հիմնական առաքելութեան մէջ, որն է՝ Հայերէն սորվեցնել մեր ազգին զաւակներուն կամ անոնցմէ թէկուզ թերաւարտին կամ նախակրթանաւարտին ջամբել տարրական կենցաղավարութիւն կամ ընդհանրապէս կրթութիւն… եւ ինչու չէ նաեւ փնտռել, նոյնիքն եկեղեցիին մէջ:

Կայ աւելի եւս վատ արդիւնքի մը վտանգը: Հայ կրօնաւորին կողմէ հաւատացեալի մը հանդէպ գործադրուած նման բարձրաձայն եւ հրապարակային նախատանքը,  կրնայ պատճառ հանդիսանալ, որ տուեալ հայորդին չուզէ յետայսու եկեղեցի յաճախել կամ Ս. Պատարագի մասնակից դառնալ…:

Աւարտին յառաջ կու գայ հարցերուն՝ հարցը. Ի տես այս վիճակին ու անկէ բխելիք հաւանական հետեւանքին, մենք սատանան ճիշտ ո՞ւր պէտք է փնտռենք…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին