Կիրակի, 29. 03. 2026

spot_img

Իսրայէլեան Հարուածով Սպաննուեցան Երեք Լիբանանցի Լրագրողներ

Ցաւալի Լուր մը Լիբանանէն

Հարաւային Լիբանանի մէջ ինքնաշարժի մը վրայ տեղի ունեցած իսրայէլեան հարուածին հետեւանքով սպաննուեցան լիբանանցի լրագրողներ։

«Ալ-Մանար»-ի լրագրող Ալի Շաայէպ եւ «Ալ-Մայատին» հեռատեսիլի լրագրող Ֆաթիմա Ֆթունի սպաննուեցան, երբ իրենց ինքնաշարժը հարուածի տակ առնուեցաւ։ Ֆաթիմային եղբայրը, տեսախցիկավար Մոհամմատ Ֆթունին ընտանիքին այլ անդամներուն հետ քանի մը օր առաջ, նոյնպէս սպաննուած էր թշնամական հարուածի հետեւանքով։

Իսրայէլեան բանակը յայտարարութեան մը մէջ նշեց, թէ «վերացուցած է» Շաայէպը, որուն անուանեց «ահաբեկիչ» Հըզպալլայի հետախուզական բաժանմունքին մէջ, որ հաղորդած էր հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորներու գտնուած վայրերը։ Ան մեղադրեց զինք իսրայէլեան զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն դէմ «սադրանք» հրահրելու համար։

Բանակին յայտարարութիւնը ոչ մէկ յիշատակում կատարեց ուրիշ մահերու մասին եւ ոչ մէկ ապացոյց ներկայացուց հաստատելու համար այն պնդումը, թէ Շաայէպը Հըզպալլայի անդամ էր։

Ինչ ալ ըլլան պատճառաբանութիւնները, իրենց առաքելութիւնը կատարող լրագրողներու թիրախաւորումը բացայայտ պատերազմական յանցանք մըն է, որ այսօր անգամ մը եւս կու գայ աւելնալու  լրագրողներու, քաղաքացիներու եւ մանուկներու թիրախաւորումի հարուստ պատմութիւն ունեցող Իսրայէլի բանակի քստմնելի արարքներու ցուցակին վրայ:

Լուր փոխանցողը թիրախաւորելը՝ ճշմարտութեան ձայնը լռեցնելու, ահաբեկելու եւ խախտումներու արձանագրումը արգիլելու մտադրուած փորձ մըն է։

Թափուած այս արեան առջեւ ամէն լռութիւն եւ ճշմարտութեան ամէն մթագնում յանցագործին իր յանցանքները շարունակելու օրինականութիւն տուող աններելի եւ խստիւ դատապարտելի արարք  մըն է։

Այս տխուր առիթով «Զարթօնք» իր սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Լիբանանի լրատուական մարմնին, մեր զոհուած գործընկերներուն ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն եւ խստիւ կը դատապարտէ Իսրայէլեան բանակին կողմէ ճշմարտութեան ձայնին բազմիցս եւ բացայայտ թիրախաւորումը ։

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին