Կիրակի, 29. 03. 2026

spot_img

Ժողովրդավարութիւնը Բառ Մը Չէ, Այլ՝ Արդիւնք

Տեսանկիւն

Մեր մօտ, ինչպէս միշտ, շատ մը հասկացողութիւններ սխալ մեկնաբանուած են: Սխալ մեկնաբանուած հասկացողութիւններուն շարքին կը պատկանի «ժողովրդավարութիւն»-ը:

Իրականութեան մէջ, ժողովրդավարութեան իմաստը կ՛աղաւաղուի  երբ համակարգը կը սահմանափակուի միայն ընտրութիւններով, անտեսելով հիմնական կանոնները, ինչպէս քաղաքացիական ազատութիւնները, բազմակարծութիւնը, եւ հաստատութիւններու հսկողութիւնը: Այս վիճակը յաճախ ճամբայ կը հարթէ ժողովրդավարութեան յետընթացքին:

Ապատեղեկատուութիւնը, բեւեռացած քննարկումները, եւ իբր թէ ժողովրդավար առաջնորդները, որոնք կը հրահրեն «ինքնավարական» մեկնաբանութիւններ, մշուշոտած են սահմանները ժողովրդավարական կառավարման եւ  «խաբեբայապետութեան» (կառավարում խաբէութեամբ) միջեւ:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ սակայն, պէտք է ընդունինք, որ մեր երկրին խնդիրը ժողովրդավարութեան սկզբունքին հետ չէ եղած: Մեր խնդիրը միշտ եղած է այն լեզուն, որ մենք գործածած ենք տուեալ արժէքին վերաբերող ներմուծուած եզրերը ճիշտ հասկանալուն մէջ:

Մենք մեր կեանքին մէջ միշտ լեզուական հնարքներ գործածած ենք: Բառը որդեգրած  ենք, մինչ անոր ետեւը գտնուող պատմութիւնը՝ անտեսած: Ժողովրդավարութիւն եզրոյթը մեր մտքին մէջ կարծես պատրաստ դեղատոմս մը ըլլար, ինչպէս դեղի տուփ մը, որ ձեռք կը ձգենք, կը բանանք, կ՛օգտագործենք ու վերջ:

Բայց ժողովրդավարութիւնը բնաւ այդպիսի բան մը չէ: ժողովրդավարութիւնը բառ մը չէ, այլ՝ արդիւնք է, երկար ու բարդ պատմութեան արդիւնք մը, որ լեցուն է հակամարտութիւններով:

Եթէ ուզենք առարկայական կերպով վերլուծել, ապա կը տեսնենք, որ Եւրոպան ժողովրդավարութեան չէ հասած, քանի որ առաւօտ մը այնտեղի ժողովուրդները յանկարծ արթննալով իրենց քունէն, ըսած են. «Եկէք ժողովրդավար դառնանք»: Եւրոպան ժողովրդավարութեան հասած է դարերու քաոսէ ու բախումէ եւ դաժան փորձառութիւններէ ետք:

Պէտք է պատմութիւնը կարդանք, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս եկեղեցին պայքարած է թագաւորներուն դէմ: Թագաւորներ, որոնք կը կառավարէին իբրեւ բացարձակ աստուածային իրաւունքով եւ մարդոց վրայ ճնշում կը գործադրէին, եւ մտածողներ, որոնք կը ջանային ջարդել բոլոր այդ կարծրատիպերը՝ Հոպսէն, Լոքէն, Ռուսոյէն մինչեւ Վոլթէր եւ Ռուկօ: Կրօնական յեղափոխութիւններ՝ Մարթին Լուտերէն մինչեւ Քալւինիզմ, այնուհետեւ՝ քաղաքական յեղափոխութիւններ, ինչպէս՝ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը: Նոյնիսկ Ֆրանսական յեղափոխութենէն ետք, ֆրանսայի ժողովուրը դարձեալ բռնատիրութիւն ապրած է հանրապետութեան անունին տակ:

Ժողովրդավարութիւնը ինքնին ժողովրդավարութեամբ չէ եկած: Այլ ան ի սկիզբանէ  անցած է Մագնա Քարթայէն, ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն, արհմիութիւններէն եւայլն: Աշխատաւորներու պայքարին միջոցով, իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու գաղափարին միջոցով, որոնք երկար պատմութիւն ունին: Այս բոլորը կուտակումներ էին, որոնք առաջնորդեցին ժողովրդավարութեան գաղափարախօսութեան, այլ ոչ թէ ժողովուրդի մը որոշումն էր յանկարծ դառնալու ժողովրդավար:

Հայաստանի մէջ, անկախութենէն ի վեր մենք ի՞նչ ըրինք սակայն: Պարզապէս վերցուցինք արդիւնքը, ձգեցինք ընթացքը, վերցուցինք բառը եւ մոռցանք անոր ձեւաւորումը: Սկսանք հաւատալ, թէ եթէ գեղեցիկ խորհրդարան մը կառուցենք կամ  սահմանադրութիւն մը գրենք, ուրեմն ժողովրդավար ենք: Ահա այս բանին մէջ կը կայանայ մեր խնդիրը, քանի որ ժողովրդավարութիւնը ձեւ մը չէ, այլ՝ շրջակայ միջավայր է, հովանաւորող շրջակայ միջավայր մը: Ան հիմնարկ մը չէ, այլ՝ մշակոյթ է: Թեքստ մը չէ, այլ՝ քաղաքացիին եւ պետութեան միջեւ բարդ եւ փոխկապակցուած յարաբերութիւն:

Փոխարէնը մենք ինչ կ՛ընենք սակայն: Մենք նման ենք այն մարդուն, որ Ամազոնի անտառներէն բոյս մը կը բերէ եւ իրդաշտին մէջ կը տնկէ յուսալով, որ այդ տարածքը պիտի անտառի վերածուի: Բոյսը բնականաբար այդ նոր եւ իր համար ոչ բարենպաստ միջավայրին մէջ կը մեռնի, իսկ մենք այսօր զարմանք կը յայտնենք, թէ ինչո՞ւ բոյսը մեռաւ…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին