Հինգշաբթի, 19. 03. 2026

spot_img

Լուրեր Իրանէն

Տեսակէտ

ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Անցած է 18 օր ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ռազմական նոր յարձակումներէն։ Խոցուած են Իրանի ռազմական եւ ապահովական կառոյցները, սպաննուած են քաղաքական եւ ռազմական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։

Երէկ Իսրայէլը թիրախ դարձուց Իրանի կազ-արդիւնաբերական ամենամեծ կառոյցը՝ «Հարաւային Փարս»-ը, որուն հետեւանքով մօտաւորապէս կէսով նուազեց իրանական կազի արտահանումը դէպի այլ երկիրներ։ Իրանը փակեց դէպի Իրաք կազատար խողովակը, եւ իբրեւ պատասխան գործողութիւն խոցեց Քաթարի նոյն կառոյցը՝ մեծապէս վնասելով զայն։

Այս պատերազմին մէջ, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու նպատակները տարբեր են։ Նախագահ Թրամփ քննադատեց Իսրայէլը՝ Իրանի կազարդիւնաբերական կարեւոր կեդրոնը խոցելուն համար, ու նշեց թէ ինք անտեղեակ էր այդ յարձակումէն։ Թրամփ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ Իսրայէլ այլեւս չի յարձակիր Իրանի նաւթի ու կազի արտադրութեան կեդրոններուն վրայ, ու պահանջեց որ Իրանը եւս հեռու մնայ այդ քայլէն։

Կարեւոր նորութիւններ կան Իրանի մէջ եւ այս երկարող պատերազմին կապակցութեամբ։ Կը գրեմ քանի մը հատը՝ վերնագրային, –

– Իրան թոյլ կու տայ որոշ նաւթատար նաւերուն անարգել անցնիլ Հորմոզի նեղուցը։ Երկու պայման կայ. – Նախապէս համադրութիւններ կատարել իրանական կողմին հետ, իսկ եթէ նաւթը գնուած է ոչ ամերիկեան տոլարով, այլ չինական արժոյթով՝ Yuan-ով, ապա ոչ մէկ արգելք պիտի ըլլայ այդ նաւթատարներուն Հորմոզի նեղուցէն անցնելուն համար։

Այսուհանդերձ, մեծ թիւով նաւթատար նաւեր անորոշ վիճակի մէջ մնացած են Կասպից Ծովուն մէջ։ Ամերիկեան կողմը նպատակ ունի ապահովել նաւթատարներուն անարգել մուտքն ու ելքը Կասպից ծովէն։ Նաւթատարները ռազմանաւերով ուղեկցելու ծրագիր կայ, որուն համար նախագահ Թրամփ դիմած է եւրոպական քանի մը երկիրներու, Ճափոնի, Հարաւային Քորէայի եւ Աւստրալիոյ՝ անոնց օժանդակութիւնը ունենալու համար։ Մինչեւ հիմա վերջնական պատասխան չկայ ոչ մէկ երկրէն, ոմանք ըսած են՝ կ’ուսումնասիրեն հնարաւորութիւնները։

– Բոլոր վախերով ու անհանգստութիւններով հանդերձ, Իրանի մէջ կեանքը կը շարունակուի։ Գիները կը բարձրանան եւ ժողովուրդին հիմնական խնդիրը նորէն կը մնայ տնտեսական ճգնաժամը։

– Նախագահ Թրամփն ալ հաստատեց, որ Իրանի ապահովական ուժերուն կողմէն զգուշացումներէն ետք, դժուար է պատկերացնել, որ իրանցիները բողոքի ցոյցեր կատարելու համար փողոց ելլեն։

Իրանի իշխանութիւնները յայտարարած են՝ անոնց հանդէպ, որ ներկայ դրութեամբ հակաիշխանական ցոյցեր պիտի կատարեն, պիտի վերաբերուին որպէս արտաքին ուժերու գործակալ եւ թշնամի։ Ուստի, նախատեսելի չեն զանգուածային, կամ մասնակի բողոքի ցոյցերը։

– Երեք օր առաջ, Իսրայէլը թիրախ դարձուց եւ սպաննեց Իրանի Ապահովական Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Ալի Լարիժանիին։ Ան ժամանակին կարեւոր պաշտօններ ունեցած է. եղած է Իրանի խորհրդարանին նախագահը, երիտասարդ տարիքին ծառայած է Պահակազօրներուն զօրամասին մէջ։ Ալի Լարիժանիին երեք անգամ երկրի նախագահ դառնալու թեկնածու դարձաւ։ Առաջին անգամ պարտուեցաւ, իսկ միւս պարագաներուն մերժուեցաւ անոր արժանաւորութիւնը․․․

Շատ զարմանալի է, որ Իսրայէլ սպաննեց Ալի Լարիժանիին․․․ Չէ՞ որ անոր մասին շատ տարածուած կարծիք կար, թէ ան, հակառակ արմատական երեւնալուն, հաշտարար մէկն էր, նոյնիսկ կար կարծիք, որ Ալի Լարիժանիին Իսրայէլի գործակալն է։ Ինծի համար ալ հարցական է Ալի Լարիժանիիին անցեալ գործունէութիւնն ու շարք մը որոշումները, բայց ես այն մարդը չեմ, որ կարենամ անոր մասին վերջնական խօսք ըսել։

Այաթոլլահ Ալի Խամենէիին սպաննուելէն ետք, Ալի Լարիժանիին փաստօրէն դարձաւ երկրի առաջին դէմքը. աւելի կարեւոր եւ որոշիչ քան նախագահ Փեզեշքիանն է։ Թէ ինչո՞ւ Իսրայէլ թիրախ դարձուց զայն, ինծի համար մեծ հարցական է։

– Իրանի հոգեւոր նոր առաջնորդ Մոժթապա Խամենէին, մինչեւ հիմա որեւէ բանաւոր ելոյթ չէ ունեցած։ Ան չերեւիր ընդհանրապէս։ Մինչեւ այսօր, անկէ երեք գրաւոր յայտարարութիւններ կան։

Հէնց իրանական կողմը կը հաստատէ, թէ Մոջթապա Խամենէին վիրաւորուած է այն օրը, երբ իր հայրն ու ընտանիքին միւս անդամները սպաննուեցան ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի յարձակումներուն հետեւանքով։ Կ’ըսուի վնասուած են անոր ոտքերը, ձեռքերը։ Կիպրոսի մէջ Իրանի դեսպանը հաստատեց, որ Մոժթապա Խամենէին կորսնցուցած է իր մէկ ոտքը։

Տարածուած լուր է, որ ան բուժուելու համար հիմա Ռուսաստանի մէջ է։ Ռուսական կողմը ո՛չ հերքած, ոչ ալ հաստատած է այս լուրը։ Միւս անհաւանական լուրն ալ տարածուած է, թէ ան հիմա Աֆղանիստանի լեռներուն մէջ է՝ ապահով վայրի մէջ։ Ամէն պարագայի, իրանական կողմը քանի մը անգամ հաստատեց Մոժթապա Խամենէիին ողջ ըլլալն ու երկրին ղեկը իր ձեռքին մէջ ունենալը։

Իսկ ամենակարեւոր յայտարարութիւնը, որ կատարեց Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարար Արաղճին,-

Արաղճին շեշտեց, որ Իրան հրադադար հաստատելու նպատակ չունի․․․ Իրան նպատակ ունի մնայուն խաղաղութեան հասնիլ. այնպիսի խաղաղութիւն կնքել, որ այլեւս նմանատիպ յարձակումներ չպատահին Իրանի վրայ։

Ի՞նչ հասկնալ Արաղճիին այս խօսքէն․․․ Ոմանք զայն համարեցին պատերազմը շարունակելու խօսք, իսկ կայ նաեւ այն տեսակէտը, որ Իրան կը ձգտի շարունակել բանակցութիւնները՝ մնայուն խաղաղութեան հասնելու համար։

Ամէն պարագայի, –

Իրան պիտի չշարունակէ բանակցութիւնները, մինչեւ որ Իրանի մէջ սուգի օրեր են։ Ալի Խամենէիի մահուան առիթով, երկրին մէջ 40 օր սուգ յայտարարուած է։ Ես կը բացառեմ այս օրերուն Իրան վերադառնայ բանակցութիւններու սեղանին։ Իսկ եթէ քաղաքական ի՞նչ թեքումով դէմք մը պիտի ստանձնէ Իրանի ապագայ ղեկավարի պաշտօնը, կարծեմ թէ ատիկա պիտի չըլլայ դուրսի ինչ-որ ընդդիմադիր ուժ մը։ Ներսէն պիտի գտնուի այդ ուժը, որ ժամանակաւոր կամ երկարատեւ պիտի կառավարէ Իրան երկիրը։

* * *

Իրանին մարդասիրական օգնութիւններ ուղարկուած են զանազան երկիրներէ, հիմնականին մէջ դրացի երկիրները՝ ցամաքային ճամբով։

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունը յայտարարութիւն մը տարածեց՝ Իրանի մէջ դեղերու եւ բժշկական պարագաներու պահանջքին վերաբերեալ։ Դեսպանը դիմած է Հայաստանի բարեսիրական կազմակերպութիւններուն եւ անհատ բարերարներուն։ Ես ոչ մէկ խօսք կարդացի, որ Իրան նման պահանջ ներկայացնէ Հայաստանի պետութեան, ու անոնք իրաւունք ունին այդպէս վերաբերելու։

Յիշենք,-

Ալի Խամենէիի մահուան կապակցութեամբ, Իրանի դեսպանատանը բացուած է սուգի մատեան մը։ Շատեր գրառումներ ունեցան։ Հայաստանի ՔՊ-ական իշխանութիւններէն ՈՉ-ՈՔ դեսպանատունը չայցելեց ու գրառում չունեցաւ այդ սուգի մատեանին մէջ։

Վստահ եմ, Իրանն ու իրանցիները երկար պիտի յիշեն Իրանի հանդէպ ՔՊ-ականներուն գործերը, եւ ոչ միայն նշուածս որոշակի հարցը․․․ Եւ յիշենք թէ ի՞նչ ըրաւ Իրան Հայաստանի ցուրտ ու մութ տարիներուն։ Հիմնականին մէջ Իրան էր հայերուն օգնողը։ Իրանի վիթխարի օժանդակութիւնները հայերուն համար այդ դաժան օրերուն էական էր։

* * *

Լուր կար, որ իսրայէլեան յարձակումներու թիրախ դարձած է Պարսից Ծոցի ափը՝ Իրանի Պուշեհր քաղաքին մօտ Իրանի աթոմակայանին տարածքը։ Աթոմակայանին վնաս չկայ։ Տարբեր երկիրներ, յատկապէս Ռուսաստան, որ կառուցած էր ու կ’աշխատցնէ ելեկտրականութիւն արտադրող Պուշեհրի աթոմակայանը, խստագոյնս դատապարտած են այդ յարձակումը։

Ներկայ դրութեամբ, կանգ առած են այդ աթոմակայանը մեծցնելու աշխատանքները, իսկ անիկա դեռեւս կը շարունակէ աշխատիլ անվտանգ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին