Ընկ. Սեւակ Յակոբեան անցնող օրերուն պաշտօնական նամակով մը դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան ՀՀ Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեանին, վերջինիս ուղելով իրանահայութեան վերաբերող կարգ մը հարցումներ:
Պատասխանը կ՛ակնկալուի յառաջիկայ օրերուն, որուն մասին կը տեղեկացնենք մեր ընթերցողներուն:
Հետեւեալը, նամակին բովանդակութիւնն է.
Յարգելի պարոն Սինանեան,
Մինչ մեր հարեւան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ արդեն երկու շաբաթէ ի վեր, կը շարունակուին ռազմական գործողութիւնները, Թեհրանի հայահոծ «Մաժիտիէ» թաղամասը երկու անգամ հրթիռակոծուած է․ առաջին անգամ հայերը չեն տուժած, բայց երկրորդ անգամուայ յարձակումին պատճառով, ըստ մեր տեղեկութիւններուն 10 իրանահայեր վիրաւորուած են։ Անոնցմէ երեքը շաբաթավերջի տուեալներով տակաւին հիւանդանոցներու մէջ կը բուժուին։ «Մաժիտիէ» թաղամասին մէջ վնասուած են հայերու բնակելի շէնքեր, հայերուն պատկանող «Ահարոնեան» մանկապարտէզը եւ Իրանահայ Ազգային Մարզական եւ Մշակութային Միութեան (ԻԱՄՄ) կեդրոնատեղին հիմնովին քանդուէր է։ ԻԱՄՄ-ն կարեւոր ներկայութիւն է «Մաժիտիէ»-ի մէջ, յատկապէս՝ մարզական իր խումբերով։
Իմացած ենք նաեւ, որ Թեհրանի Հայոց Թեմական Խորհուրդը Թեհրանի տարբեր հայաշատ թաղամասերու համար յանձնախումբեր կեանքի կոչած է, որոնք պատասխանատու են առաջնային օգնութիւններ ցուցաբերելու։
Առ ի տեղեկութիւն ձեզի, Թեհրանի մէջ կայ նաեւ մէկ այլ հայաշատ քաղաքամաս․ «Նարմաք» թաղամասը։ «Նարմաք»-ը հիմնականին մէջ երկու մասի բաժնուած է,- հայաբնակ եւ բնիկ իրանցիներու թաղամասը։ Իրանի նախկին նախագահներէն Մահմուտ Ահմատինաժատը Նարմաք թաղամասին մէջ կ՛ապրի եւ վերջերս, ըստ լուրերուն՝ անոր տունը հրթիռակոծուած է։ «Նարմաք»-ը համեստ եկամուտով մարդկանց թաղամաս է։
Քանի որ Իսրայէլն ու ԱՄՆ-ն թիրախ կը դարձնեն նաեւ Իրանի պետութեան ոստիկանական կեդրոնները, ոստիկանատուներ՝ որոնք քաղաքի ապահովութեան կը հսկեն, այդ յարձակումներէն տուժած է նաեւ «Նարմաք»-ի ոստիկանատունը։ Տեղւոյն ոստիկանութեան ղեկավարութիւնը դիմած է «Նարմաք»-ի հայկական միութիւններուն, որպէսզի հայկական կողմը տարածք տրամադրէ ոստիկանութեան, իբրեւ «Նարմաք»-ի ոստիկաններու ղեկավարման կեդրոն։ «Նարմաք»-ի մէջ կայ «Րաֆֆի» մարզամշակութային միութիւնը, որ շատ յարմարաւէտ շէնք եւ ֆութպոլի մարզադաշտ ունի։ Այս օրերուն, դարձեալ ըստ մեր տեղեկութիւններուն, «Րաֆֆի» միութիւնը արդէն դարձած է ոստիկանատուն։ Տեղւոյն միւս միութիւնը Հայ Մշակութային «Սիփան» միութիւնն է։ Ոստիկանատան ինչ-որ ստորաբաժանում ըստ երեւոյթին պիտի տեղակայուի նաեւ Սիփան միութեան շրջաբակին մէջ։ Այս երկու միութիւններու շէնքերը մօտ են իրար, ու լրիւ հայաբնակ։ Եթէ թշնամական ուժերը դարձեալ խոցեն ոստիկանատուները, ապա «Նարմաք»-ի հայութիւնը մեծապէս պիտի տուժէ։
Տեղեկութիւններ ունինք նաեւ, որ Իսլամական Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմի առաջին օրուընէ սկսեալ, Թաւրիզի (Ատրպատական) մէջ Իրանի տեղւոյն Թեմական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Ուրմիոյ Գործակալական խորհուրդը նախազգուշական քայլեր ձեռնարկած են, դադրեցնելով եկեղեցական արարողութիւնները եւ ազգային նախապէս որոշուած ձեռնարկները, ապահովական առումով։ Նշենք, որ երկու քաղաքներու հայոց Ազգային դպրոցները փակ են, որոնց աշակերտութիւնը համացանցով կը շարունակեն իրենց դասաւանդութիւնները։
Թեմական խորհուրդը ցուցաբերելով նաեւ շտաբի պատրաստակամութիւն, միշտ կը հետաքրքրուի պայթումներու հետեւանքներու մասին, երբ հայկական շրջաններու մօտակայքին մէջ տեղի կ՛ունենան անոնք։
Բարեբախտաբար, ցարդ մօտակայ ուժեղ պայթումներէն ցնցուած պատուհաններու ապակիներու ջարդուելէն բացի այլ վնասներ չէ կրած համայնքը, մանաւանդ 10 Մարտ 2026֊ի միջօրէին Թաւրիզի բանակատեղիին վրայ տեղի ունեցած օդային հարուածներու ընթացքին։
Սպահանի եւ Իրանի այլ շրջաններու հայերու մասին տակաւին հաւաստի տեղեկութիւններ չունինք դժբախտաբար:
Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ, հետեւեալ հարցադրումները ունինք ձեզի.
- Ձեր գրասենեակը, ի պաշտօնէ եւ ըստ ձեզի համար սահմանուած գործունէութեան ծիրին, ուղիղ կամ Իրանի մէջ ՀՀ Դեսպանատան միջոցաւ այս ճգնաժամային օրերուն կապեր ունի՞ Իրանահայութեան հետ: Եթէ ունի. ապա կը հաստատէ՞ վերը նշուած տեղեկութիւնները, եւ մեզի յաւելեալ տեղեկութիւններ կրնա՞յ տրամադրել: Իսկ եթէ չունի. Ապա ի՞նչն են պատճառները:
- Ձեր գրասենեակը ինչ, որ ծրագիր կը մշակէ՞ մարդասիրական օգնութեան հասնելու իրանահայ մեր հայրենակիցներուն:
- Գործակցութեամբ ՀՀ կառավարութեան, անապահով շրջաններէն մեր հայրենակիցները տարհանելու ծրագիր մը ունի՞ք: Յիշեցնեմ, որ այնտեղ նեղ կացութեան մատնուած մեր հայրենակիցներուն մէջ կան նաեւ ՀՀ քաղաքացիներ, որոնց հանդէպ կ՛ենթադրենք, որ մեր պետութիւնը պարտականութիւններ ունի:
- Աւելի քան տասնամեակ մը առաջ եւ երբ Սուրիոյ արհաւիրքը թեժացաւ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը իր կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ, մեր գիտակցութեամբ, անզուգական ջանքեր ըրաւ, Հայաստան ապաստանած սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն բարեկեցութիւնը ապահովելու համար, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ անոնցմէ գոնէ բեկոր մը հաստատուած պահել Հայրենիքի մէջ: Նմանօրինակ ծրագիրներ ունի՞ արդեօք ձեր գրասենեակը, իրանահայերու եւ ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքի մեր սփիւռքներու հայրենակիցներուն համար մշակուած, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել անոնց ո՛չ միայն ֆիզիքապէս, այլ նաեւ պահել Հայ, քանի այդ տարածաշրջանի մեր հայրենակիցներուն մնացորդածն ալ հողմերուն հետ դեռ չէ ցրուած աշխարհով մէկ:
Լիայոյս եմ, որ մեր հարցադրումներուն լիարժէք պատասխանները կը ստանանք, որուն համար կանխապէս շնորհակալ եմ:
Յարգանքով՝
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






