Թէքէեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ ականաւոր վիրաբոյժ Արտաւազդ Սահակեանի յուշ-երեկոն։
Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, 2025 թուականի Նոյեմբեր 21-ին որոշում կայացուցած էր՝ ականաւոր բժիշկ Արտաւազդ Սահակեանին շնորհել «Ադամանդակուռ Արարատ» շքանշանը։
Ցաւօք, Արտաւազդ Սահակեանը վախճանեցաւ։
Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Ադամանդակուռ Արարատ» շքանշանը յանձնուեցաւ անոր որդիին՝ բժիշկ Արամ Սահակեանին։
Արտաւազդ Սահակեանին կարելի է ըսել թէ ամբողջ Հայաստանը կը ճանչնար։ Անոր միշտ կը սպասէին նաեւ Սփիւռքի եւ Արցախի մէջ։
Անոր հետ Արցախի հեռատեսիլի վերջին հարցազրոյցը ետադարձ հայեացք մըն է դէպի անցեալը. ինչպէս կատարեցաւ առաջին փոխպատուաստումը, ինչպէս կ’երազէր ճարտարապետ դառնալ, բայց դարձաւ մարմնի ճարտարապետը, ինչպէս 1990-ականներուն կազմակերպեց Մեղրիի, Նոյեմբերեանի, Երասխի մարտերուն մէջ վիրաւորուած մեր տղոց տարհանումն ու բուժումը, ինչպէս դիւանագիտական առաքելութիւն իրականացուց, մեկնեցաւ Արցախ, պատանդառուեցաւ, կազմակերպական կարեւոր խնդիրներ լուծեց, Արցախի մէջ եւս բուժեց մարդիկ, կեանք պարգեւեց։
Արտաւազդ Սահակեանը 7 գիւտի հեղինակ է։ Ամենաանհաւանական վիրահատութիւնները ըրած է ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ օտար երկիրներու մէջ։ Ան գիտնական էր, օժտուած բժիշկ մը, որուն համար իր Հայրենիքը, ժողովուրդը բացարձակ արժէք էին։
Արտաւազդ Սահակեանը իրական առասպել մըն էր, երեւոյթ մը, մարդ-հանրագիտարան. զինքը ճանչնալը մեծագոյն պատիւ է. կ’ըսեն բժիշկները, ճարտարապետները, լրագրողները, արուեստագէտները, բոլորը։ Անոնք յուշեր կը պատմեն ամենաուժեղ մարդու ամենափխրուն զգացումներէն։ Ու կը թուի՝ Արտաւազդ Սահակեանը իր մէջ ամփոփած է ամբողջ Հայաստանը, ամբողջ հայութիւնը ու անոր ցաւը։ Այդ ցաւն ալ զինքը տարաւ՝ մեզ թողելով իր անժամանակ հեռացումին մեծ ցաւը։











