Հինգշաբթի, 19. 03. 2026

spot_img

Անմոռանալի Ձայն Մը Ալպեան Լեռներու Լռութեան Մէջ (Արշակուհի Թէոդիկի յիշատակին)

Գարնանային պայծառ կիրակի մըն էր։ Այն հազուագիւտ օրերէն մէկը, երբ բնութիւնը երկար ձմեռնաքունէ ետք կամաց-կամաց կ՚արթննայ, կը բանայ իր քնահար աչքերը ու կը քաշէ զարթօնքի նոր շունչ մը։ Ժընեւի եկեղեցիներու զանգերուն մեղմ եւ թախծոտ ղօղանջը տակաւին կը մնայ ականջներուս մէջ, երբ Ս. Պատարագէն ետք ընտանիքով դուրս եկանք քաղաքէն։ Ինքնաշարժին մէջ կինս կողքս նստած էր, իսկ ետեւի նստա­րանին՝ մեր երկու զաւակները․ փոքրիկ տղաս՝ Արեգը, հազիւ հինգ տարեկան, եւ դուստրս՝ Գառնին, որ արդէն տասնմէկ տա­րիքը նոր թեւակոխած էր։ Անոնցմէ ոչ ոք գի­տէր, թէ ո՛ւր կ՚երթայինք այդ օրը։

Շաբաթ մը առաջ կրկին ձեռքս առած էի հայ ազգային-հասարակական գործիչ, մանկա­վարժ,  հրապարակախօս, թարգմանիչ եւ ա­կանաւոր գրող Արշակուհի Թէոդիկի (1875–1922) սրտառուչ գիրքը՝ «Ամիս մը ի Կիլիկ­իա»[1] խորագրով։ Հատորին ընթերցումը ան­գամ մը եւս աչքերուս առջեւ բացաւ այն դառն եւ արիւնոտ էջերը, որոնց վրայ ան իր զգայուն հոգիով ու նրբակերտ լեզուով ար­ձանագրած էր Կիլիկիոյ հայութեան տառա­պանքը։ Սուլթանական նախընթաց կոտորածներու շարքին եւս սահմռկեցուցիչ աղէտ մը, որ 1909 թուականին առանձնապէս իրագործուած էր Ատանայի եւ Հալէպի վիլայէթ­ներու հայ ազգաբնակչութեան դէմ՝ այս անգամ միանշանակ գաղտնի մէկ ձեռագործը երիտթրքական իշխանութեան։ Արդարեւ, այս զանգուածային սպանդը, որուն զոհ դարձաւ շուրջ 30.000 հայ եւ որոնցմէ աւելի քան 20.000-ը՝ միայն Ատանայի վիլայէթին մէջ, աղէտագոյժ մըն էր այն մեծ եղեռնին, որ արեւմտահայութեան դէմ կը ծրագրուէր երիտթրքական «Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան պարագլուխ­նե­րուն կողմէ։

Արշակուհի Թէոդիկ, որ անդամակցած էր 11 ապրիլ 1879-ին Զապէլ Ասատուրի (Սիպիլ, 1863–1934) նախաձեռնութեամբ Կ.Պոլսոյ մէջ հիմնադրուած «Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութիւն» կրթական կազմակերպութեան, Ատանայի վերոգրեալ աղէտին ի լուր ուղղակի ինք անձամբ կը դիմէ երթալու ողբերգութեան վայրը՝ բերելով սպեղանի մը հազարաւոր կարեվէր ու անտերունչ որբերու, միաժամանկ միութեան անունով անոնց համար հիմնելու դպրոց մը։ Այս առնչութեամբ Զապէլ Ասատուր հետեւեալ վկայու­թիւնը կը հաղորդէ Արշակուհի Թէորդիկի յիշատակին ձօնած իր մահագրականին մէջ.

«Դեռահասակ օրիորդներու խումբ մը յանձն առաւ իսկոյն հանդէս մը սարքել ի նպաստ Ատանայի աղէտեալներուն, ինչ որ յաջողութեամբ գլուխ հանեց։ Բայց կը խորհէինք թէ մինչեւ հանդէսը պատրաստուէր, մինչեւ հասոյթը հանգանակուէր, ամիսներ պիտի անցնէին, եւ անդին հէգ որբեր աճիւններու մէջ կը մխային։ Տիկ. Թէոդիկը շատ քիչ կը ճանչնայի, երբ պահ մը քովս մօտենալով, իր համեստ ձեւովը ըսաւ […] ‘Թող օրիորդները իրենց հանդէսով զբաղին, բայց մենք անոր հասոյթին սպասելով ժամանակ չանցնենք։ Պէտք է մեզմէ մէկը անմիջապէս մեկնի Ատանա, անձամբ որբերը հաւաքէ, դպրոց մը բանայ եւ իր ձեռքովը կարգադրէ ինչ որ պէտք է’։ ‘Ո՞վ կ’երթայ’ ըսի սրտաբեկ։ – ‘Ես’ պատասխանեց […] ‘Դո՜ւք, գոչեցի զարման­քով, բայց ինչպէս պիտի երթաք այդ արիւնի եւ աւերակի երկիրը առանձին, առանց դրամի, առանց պաշտպանութեան’։ ‘Դրամի եւ պաշտպանութեան ի՞նչ պէտք կայ, շոգենաւային ընկերութեան մը կը դիմենք, ձրի տոմսակ մը ձեռք կը ձգենք. հոն հասնելէս ետքը Աստուած ողորմած է’։ Եւ ինք տոմսակը հայթայթեց ու մեկնեցաւ անձայն անշշուկ։ Ամիս մը ետքը երբ դարձաւ, արդէն Ատանայի մէջ դպրոցը բացուեր էր յարմար շէնքի մը մէջ, հարիւրաւոր տղաք հաւաքուեր կ’աշխատէին գրասեղաննե­րու առջեւ […] Այս ամէնը տիկ. Թէոդիկ առանձին յաջողցուցեր էր աստին-անդին դիմումներ ընելով, գիշեր-ցորեկ աշխատելով, տքնելով, զրկանքի եւ յարատեւ յուզ­մունքի կեանք մը ապրելով այդ տառապանքի երկրին մէջ, ուր դարմաներ, սրտա­պնդեր, կազդուրեր էր ինչ որ գտեր էր խուսափած՝ հուրին ու սուրին հարուածներէն։ Ինք, միայնակ, մէկ ամսուան մէջ շատ աւելի գործունէութիւն ցոյց տուաւ քան ու­րիշներ տարիներու ընթացքին»[2]։

Արդարեւ, Արշակուհի Թէոդիկ 14 հոկտեմբեր 1909 թուականին ծովային ճանապարհով յօժարակամ մեկներ էր Ատանա, եւ նշուած թուականէն սկսեալ տեսակ մը օրագրու­թեան նման ճամբորդական ուղեգրութիւն մը գրի առած է եւ զայն, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, «Ամիս մը ի Կիլիկիա – Կցկտուր նօթեր» խորագրով հրատարակած է Վ. եւ Հ. Տէր-Ներսէսեան տպարանէն, Կ.Պոլիս, 1910 թուականին։ Յատկանշական է, որ ան իր նկարագրութիւնները՝ դէմքերն ու դէպքերը, հանդիպումները, որբահաւաքի անդուլ աշխատանքը, արիւնալի կոտորածներէն ետք տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճա­կը, ապա հետագայ իրադարձութիւնները չի նկարագրեր իբրեւ պատմական փաստերն ու երեւոյթները սառն առարկայականութեամբ դիտող պատմաբան մը, այլ որպէս ակա­նատես հոգի մը, որ ամբողջ սրտով իր անձին վրայ կը կրէ իր ժողովուրդին արնածոր վէրքը։ Այնուամենայնիւ հատորին ընթերցանութիւնը լոկ Երեմիայի մը անվերջ ողբը ըլլալու տպաւորութիւնը չի ձգեր, այլ իր մէջ կը կրէ վճիտ լաւատեսութիւն մը, որ հա­կառակ բոլոր արհաւիրքներուն, հուրի ու սուրի անողոք հարուածներուն, հայ ցեղը նո­րէն ոտքի կը կանգնի, անոր ոգին կը տոկայ, կը յարատեւէ ու կ’երթայ միշտ յառաջ։

Յատկանշական ուիշ առանձնայատկութիւն մըն ալ, որ զիս ամէնէն շատ կը հրապուրէ, լեզուի գեղեցկութեան համանուագն է. այն ազնիւ ու բարձր հնչիւնները, որոնցմով ա­րեւմտահայերէնը իր ամբողջ գեղեցկութեամբ կը փայլի։ Հեղինակին գրիչին մէջ լեզուն կը դառնայ երաժշտութիւն․ ան կը հնչէ վեհ ու լուսեղէն, կը հոսի անխռով ու մաքրա­մաքուր՝ նման լեռնային այն բիւրեղ աղբիւրին, որ ժայռերու ծոցէն կը բխի եւ կարկաչա­հոս իր ճամբան կը հունաւորէ՝ ոռոգելով հայ գրականութեան անդաստանը։ Ամէն էջ կը դառնայ կամովին կանգ առնելու պահ մը, շունչ քաշելու եւ խոկալու վայր մը, ուր նա­խադասութիւնները կը ծաղկին իրենց քաղցրաբոյր բովանդակ հմայքով։ Հոն բառերու եւ ապրումներուն միջեւ տրոհում չկայ․ անոնք կը միաձուլուին ու կը կազմեն ներդաշ­նակ ամբողջութիւն մը, ուր լեզուն կը շնչէ, իսկ հոգին՝ կը խօսի։

Արշակուհի Թէոդիկ կազմած է նաեւ «Արդի բարոյագիտութիւնը»[3] խորագրով դասա­գիրք մը միջին եւ բարձրագոյն դասընթացքներու համար, որ հրատարակուած է Կ.Պո­լիս 1911 թուականին։ Այսպիսով ան կը հանդիսանայ այն առաջին հեղինակներէն մին, որ ընդհանրապէս Օսմ. կայսրութեան մէջ նախաձեռնած է նման ձեռնարկի մը հրատա­րակութեան։ Բացի ընտիր յօդուածներէ, որոնք հրապարակած է ան Կ.Պոլսոյ ժամա­նակի հայկական անուանի թերթերէն ոմանց մէջ, ինչպիսիք են՝ «Մանզումէ», «Սուր­հանդակ», «Բիւզանդիոն» եւ «Ժամանակ», Անգլիոյ մէջ՝ Սքարպորօ, «Ուեսթլենտ հայ սքուլ» (The Westlands School – Scarborough) աղջկանց գիշերօթիկ դպրոցը աւարտելէ ետք, ուսումը շարունակելու նպատակով անցած է Փարիզ։ Այս միջոցին ան իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերած է Իշխան Գուիտոն Լուսինեանի երկհատոր ֆրանսերէն-հա­յերէն բառարանի[4] պատրաստութեան, որ հրատարակուած է Փարիզ 1900 թուականին։ Սակայն իր ամենամեծ ներդրումը եղած է իր ամուսնոյն՝ Թէոդիկի հրատարակած գրա­կան ստեղծագործութիւններու յօրինման գործուն մասնակցութիւնը, ապա ոչ միայն ներշնչողը, այլեւ գոնէ մինչեւ 1920 թուականը եռանդուն աշխատակիցը «Ամէնուն տա­րեցոյց»-ներու հրատարակութեան, որոնք իրենց հանրագիտական տեսակին մէջ ցայ­սօր կը մնան գրեթէ անգերազանցելի։

Վերոնշեալ «Ամիս մը ի Կիլիկիա» հատորի ընթերցումէն ետք հոգիս այլեւս խաղաղ չէր։ Անշուշտ գիտէի, որ այս տաղանդաւոր գրագիտուհին իր կեանքի վերջին օրերը անցու­ցած էր Զուիցերիոյ լեռներուն մէջ՝ Լէյզին (Leysin) անունով փոքրիկ գիւղը, ուր ան 2 յունուար 1922 թուականին թոքախտի պատճառով հրաժեշտ տուած էր կեանքին։ Այդ օրերուն Լէյզինը Եւրոպայի նշանաւոր առողջարանային կեդրոններէն մէկն էր։ Հազա­րաւոր թոքախտաւոր հիւանդներ կը բութային հոն՝ փնտռելով լեռնային մաքուր օդին եւ արեւուն բուժիչ զօրութիւնը։ Բայց այդ լեռները, որոնք շատերուն համար յոյսի ապ­աստան էին, ուրիշներու համար տարաբախտօրէն դարձած են իրենց կեանքի վերջին հանգրուանը։

Օրեր շարունակ ներքին հեւք մը, պատասխանատւութեան անօրինակ զգացում մը կը ճնշէր միտքս։ Հակառակ անոր, որ ես այդ կիրակի սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին առանձնակի աղօթքիս մէջ յիշեցի զինք, բայց միեւնոյնն է, ներքուստ կը զգա­յի, որ այդ բաւարար չէր։ Ներսիդիս հնչող կոչ մը զիս կը մղէր դէպի լեռնային այն հե­ռաւոր գիւղը, որու գերեզմանատան մէջ կ’ենթադրէի, թէ կը գտնուի անոր շիրիմը։ Այս միջոցին խորապէս համոզուած էի, որ ես ինծի բնաւ պիտի չներէի, եթէ գէթ անգամ մը չերթայի Լէյզին եւ այնտեղի գերեզմանատան մէջ հողակոյտին վրայ հոգեհանգստեան պաշտօն մը կատարելով՝ չ’աղօթէի անոր յոգնաբեկ ոսկորներու յաւիտենական հան­գստեան եւ հոգւոյն լուսաւորութեան համար։

Արդէն դուրս եկած էինք մայրուղի։ Սովորաբար Ժընեւէն դէպի Լէյզին ճամբան մէկու­կէսէն մինչեւ երկու ժամ կը տեւէ։ Գիւղը կը գտնուի Ռոն (Rhône) գետի լայն հովիտին վերեւ՝ ծովու մակերեսէն շուրջ 1260 մեթր բարձրութեան, լեռներու արեւոտ դարաւան­դի մը վրայ։ Բայց այդ օրը գոնէ ինծի համար ճամբան պարզ երթեւեկութիւն մը չէր։ Ան լուռ ու խորհրդաւոր ուխտագնացութիւն մըն էր՝ յարգանքի տուրք մը հայ գրողի մը շիրիմին, որուն սիրտը ազգին համար բաբախած էր եւ աչքերը փակած հայրենիքի ազատութեան երազով։

Բնութիւնը նոր կը զարթնէր իր ձմեռնային երկար քունէն։ Ճամբան մեղմ ու լուռ կը սա­հէր մուգ կանաչ անտառներուն միջով, ուր եղեւնիներու խէժոտ բոյրը կը խառնուէր գարնան թարմ ու կենարար օդին։ Լեռնային ոլորապտոյտ ճամբաներու բարձունքին երբեմն կը բացուէին լուսաւոր մարգագետիններ՝ ծածկուած երփներանգ ծաղիկներով, որոնք հեռուէն կը փայլէին փոքրիկ աստղերու պէս՝ ցանուած կանաչ, փափուկ գորգե­րու վրայ։

Զաւակներս զարմանքով դուրս կը նայէին պատուհանէն։ Անոնց աչքերուն մէջ այս բո­լորը պարզապէս հաճելի զբօսանք մըն էր։

Լսեցի, թէ ինչպէ՛ս անոնք զուարթ կը խօսէին իրարու հետ։

– Թերեւս փիքնիքի կ’երթանք,– ըսաւ Գառնին։

– Կամ գուցէ լեռնային գիւղի մը ճաշարանին մէջ ճաշելու,– մեղմ ժպիտով աւելցուց կինս։

Ես լուռ մնացի։ Նախընտրեցի, որ անոնք շարունակեն ապրիլ իրենց անմեղ ենթադրու­թիւններուն մէջ, մինչ մեր ինքնաշարժը հետզհետէ կը մօտենար լեռնային գիւղին։ Նա­խապէս երբեք չէի եղած Լէյզին, ուստի չէի ճանչնար այն ճամբան, որ մեզ պիտի տանէր դէպի գիւղին գերեզմանատունը։ Անցորդի կամ տեղացի բնակիչի մը գերեզմանատան տեղը հարցնելէ առաջ, յարմար սեպեցի ինքնաշարժը պահ մը կայանելու Լէյզընի մուտ­քին մօտ գտնուող փոքրիկ կայանատեղին, որպէսզի ի վերջոյ կնոջս եւ երեխաներուս բացատրեմ մեր ճանապարհորդութեան առաջնահերթ նպատակը՝ միաժամանակ խոս­տանալով անոնց, որ այս ուխտագնացութենէն ետք միասին պիտի նստինք ճաշարան մը՝ համտեսելու զուիցերիական խոհանոցի սիրուած ուտեստներէն պանիրի համեղ ֆոնտիւն։ Դժգոհութեան որեւէ նշան չերեւցաւ։ Ընդհակառակը՝ լուռ ու պարզ համա­ձայնութիւն մը կար անոնց հայեացքներուն մէջ։ Ներքին ուրախութիւն մը զգացի՝ հա­մոզուելով, որ ընտանիքս արդէն լաւ կը ճանչնար նախասիրութիւններս եւ կ’ընդունէր երբեմն իմ անակնկալ, բայց սրտէ բխած որոշումներս։

Լէյզին խաղաղ կը հանգչէր արեւոտ լեռնային դարաւանդի մը վրայ։ Հեռուն կարելի էր տեսնել անտառներու մութ զանգուածները, կանաչ դաշտերը եւ կապոյտ մշուշով պատ­ուած Ալպեան հեռաւոր լեռնաշղթաները։ Բնականաբար, մենք միայն այդ գեղեցիկ տեսարանը վայլելու համար չէինք եկած։ Ուստի գիւղի նեղ ու խաղաղ փողոցներուն մէջէն դանդաղօրէն անցնելով՝ հասանք եւ կանգ առինք Լէյզընի գերեզմանատան դար­պասին առջեւ, այն լուռ ու խորհրդաւոր վայրին, ուր շուրջ դար մը առաջ իր վերջին հանգիստը գտած էր այն զգայուն հոգին, որուն գիրքը կրկին անգամ խորապէս յուզած եւ Կիլիկիոյ հայութեան համար իր ապրած ցաւերով ճմլած էր սիրտս։

Դանդաղ քայլերով ներս մտանք։ Գերզմանատունը ունէր նոր եւ ընդարձակ բաժին մը՝ բազմաթիւ հողակոյտերով եւ շիրմաքարերով։ Մենք ուղղուեցանք գերեզմանատան հին բաժինը, ուր հաւանական կը կարծէի գտնելու Արշակուհի Թէոդիկի շիրիմը։ Բայց այստեղ եւս տարածքը բաւական ընդարձակ էր՝ ծածկուած հարիւրաւոր գերեզման­ներով եւ շիրմաքարերով, համեստ խաչերով կամ մաշած քարակոթողներով, որոնցմէ շատերուն վրայ ժամանակը մեղմօրէն ջնջած էր հանգուցեալներուն անուններն ու թուականները։ Ծառերուն տերեւները հազիւ կը շարժէին գարնան թեթեւ հովին տակ, եւ այդ լռութեան մէջ կը թուէր, թէ բնութիւնը ինք եւս յարգանքով կը պահէր այս վայրին խորհրդաւորութիւնն ու խաղաղութիւնը։

Կիրակի էր՝ ոչ-աշխատանքային օր մը, ուստի գերեզմանի պաշտօնեաներէն ոչ ոք կը գտնուէր հոն, որոնցմէ որեւէ մէկուն դիմելով գուցէ կարենայի ունենալ որոշակի տեղե­կութիւն Արշակուհի Թէոդիկի շիրիմին վերաբերեալ։ Մեր որոնումներուն դրական արդիւնք մը ապահովելու նպատակով որոշեցինք չորսով՝ իւրաքանչիւր ոք հին գերեզ­մանի տարածքի հիւսիսային, հարաւային, արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը երթալ, եւ այդպէս շարժելով դէպի կեդրոնական մասը՝ շարունակել մեր փնտռտուքը։

Սկսանք ուշադիր կարդալ շիրիմներուն վրայ փորագրուած անունները, թէկուզ գտնել հայկական խաչի մը նշանը, որ արդէն ստոյգ ցուցանիշ մը պիտի ըլլար մեր փնտռած գերեզմանին։ Ամէն քարի վրայ կարծէք թաքնուած էր կեանքի մը պատմութիւնը՝ հեռու երկիրներէ եկած հիւանդներու կամ անծանօթ ճամբորդներու համառօտ կենսագրու­թիւնը, որոնք իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած էին այս լեռներու լռութեան մէջ։

Ժամերը սահեցան եւ վերջալոյսը սկսաւ հետզհետէ նուաղիլ լեռնաշղթային ոսկենշոյլ պաստառին վրայ։ Արեւի ջերմ ճառագայթներու հիւծումին հետ զգալի դարձաւ ցուրտը, իսկ մենք ինչքան ալ եռանդուն ճիգ կը գործադրէինք հասնելու համար մեր նպատակին, միեւնոյնն է, մեր ջանքերը մնացին ապարդիւն։ Արշակուհի Թէոդիկի անունը ոչ մէկ քարի եւ խոնարհած ոչ մէկ խաչի վրայ կարելի եղաւ գտնել։ Այդ պահուն զգացի, թէ ինչ­պէ՛ս լեռներու խոր լռութիւնը կը ծանրանար սրտիս վրայ եւ անճրկած ըլլալու շփոթ մը կը համակէր էութիւնս։ Կը ջանայի մնալ լաւատես, որովհետեւ միեւնոյն ատեն հա­մոզուած էի, որ թէեւ շիրիմը կարելի չեղաւ գտնել, սակայն անոր աճիւնացած մարմինը տակաւին կը հանգչէր այս հողին մէջ, այս լեռներու խաղաղութեան տակ։ Հետեւաբար կանչեցի կինս եւ զաւակներս եւ մենք կեցանք Լէյզինի հին գերեզմանատան մէջտեղը՝ աղբիւրակի կողքին։ Բացատրեցի, որ թէպէտ ժամանակը քայքայումի իր բռնաւոր օրէնքով ջնջած է այն նշանները, որոնք պիտի վկայէին իր գերեզմանին գոյութիւնը, այնուամենայնիւ իր աճիւնէն անկորնչելի մաս մը մնացած ըլլալու էր հոն՝ խառնուած այն հողին, որուն վրայ կը գտնուէինք։ Մենք եկած էինք աղօթքով յարգելու յիշատակը այն կնոջ, որ իր գրիչով երբեմն ձայն տուած էր ամբողջ ժողովուրդի մը ցաւերուն։

Քահանայական ծառայութեանս երկար տարիներուն յուղարկաւորութիւններու առթիւ բազմիցս երգած էի հոգեհանգստեան շարականները եւ արտասանած «Հոգւոցն հան­գուցելոց» աղօթքը։ Բայց այդ օրը, Լէյզինի լեռներու սրբազան վեհութեան մէջ, անոնք կարծես նոր իմաստ եւ ջերմեռանդ խորհրդաւորութիւն մը ստացան։ Երբեք մինչ այդ այդքան սրտառուչ ու գեղեցիկ չէին հնչած այդ շարականները, եւ երբեք այդքան ներ­շնչումով ու խորազգած չէի արտասանած հոգեհանգստեան այն աղօթքը, ինչպէս այդ պահուն։ Այդ խորհրդաւոր լռութեան մէջ մահուան տիեզերական եւ անխուսափելի օրէնքը աւելի խոր կերպով կը բացուէր գիտակցութեանս առջեւ՝ յիշեցնելով, թէ ան մշտապէս կը քալէ իւրաքանչիւրիս գոյութեան հետ, ան մեր մէջ կը գտնուի մեր ծննդեան իսկ օրէն՝ սկիզբէն մինչեւ վախճանը, իր անտեսանելի, բայց պարտադիր ներ­կայութեամբ։

Ընթրիքէն ետք, երբ տուն կը վերադառնայինք, ճամբուն երկայնքին կը մտածէի, թէ չի կրնար ըլլալ, որ բծախնդիր ու կարգապահ զուիցերիացիներուն քով արձանագրութիւն մը պահպանուած չըլլայ Արշակուհի Թէոդիկի մասին, երբ հայ գրականութիւնը բազ­միցս կը վկայէ, որ ան 1920 թուականին Կ.Պոլսէն մեկնած է Լոզան, ապա՝ Լէյիզին, ուր, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, կը գտնուէին թոքախտաւորներու համար նախատե­սուած հռչակաւոր առողջարանները։ 1890-ական թուականներէն սկսեալ Լէյզինի մէջ հիմնուած էին բազմաթիւ առողջարաններ, որոնց թիւը մինչեւ 1940-ական թուական­ները կը հասնէր ութսունի, ուր միաժամանակ կը բուժուէին շուրջ 3500 հիւանդներ։ Հե­տեւաբար անկարելի էր, որ արձանագրութիւն մը եղած չըլլար իր կեցութեան բուժա­րանին, ի վերջոյ, մահուան եւ թաղման պարագաներուն մասին։

Արդարեւ, 24 մայիս 2001 թուականին Ժընեւէն նամակ մը յղեցի Լէյզընի քաղաքապե­տարան՝ հետաքրքրուելով մասնաւորաբար Արշակուհի Թէոդիկի յուղարկաւորութեան պարագաներուն, անոր գերեզմանի ճշգրիտ թիւին եւ գտնուած վայրին վերաբերեալ։ Նամակիս մէջ նաեւ նշած էի, որ քաղաքապետարանի տոմարներուն մէջ իր մասին որեւէ արձանագրութիւն փնտռուի մեզի ծանօթ իր գրական Արշակուհի Թէոդիկ անու­նով։ Սակայն մեծ եղաւ յուսախաբութիւնս, երբ Լէյզինի համապատասխան պաշտօ­նէութենէն 14 յունիս 2001 թուագրութեամբ ստացայ պատասխան մը, ուր կը հաղոր­դուէր, թէ նշուած անունով գերեզմանի մը գոյութիւնը արձանագրուած չէ իրենց տո­մարներուն մէջ։ Այդ կարճ ու պաշտօնական տողերը, որոնք առաջին պահուն կարծէք կը փակէին յուսալի որոնումներուս դռները, լուռ ու ծանր ստուեր մը ձգեցին սրտիս մէջ։ Բայց այդ լռութեան մէջ անգամ ես կը զգայի, թէ փնտռելու եռանդս սա պահուս որքան ալ անթեղուած ըլլար, մոխիրներուն տակ տակաւին կը մնայ կայծ մը, որ նորէն հրդեհի կրնար վերածուիլ՝ լոյս սփռելով որոնումի ճամբաներուս վրայ։ Քանզի երբ մարդ ճշմարտութիւնը գտնելու համար կը հետեւի յիշողութեան հետքին, նոյնիսկ խաւար­չտին հորիզոններու ետին յոյսի բարակ, բայց յամառ շող մը կը շարունակէ փայլփլիլ. մութ ամպերու ճեղքուածքէն աստղի մը շողարձակած լոյսի իւրաքանչիւր թրթռում սփոփանքի նոր ժպիտ մը կ’ուրուագծէ մեր դէմքին վրայ։

Այդպէ՛ս ալ եղաւ, երբ ատեն մը ետք նոյն հարցով կրկին դիմեցի Լէյզինի քաղաքապե­տութեան, բայց այս անգամ Արշակուհի Թէոդիկի գրական անունին փակագիծներու մէջ կցեցի նաեւ իր ամուսնական Լապճինճեանեւ օրիորդական Ճէզվէճեան մակա­նունները։ Ուրախութիւնս մեծ եղաւ, երբ այս անգամ քաղաքապետարանէն ստացայ աւելի քաջալերական պատասխան մը․ ան կը տեղեկացէր, թէ որոշած է իր արխիւնե­րուն մէջ վերստին հետազօտել Արշակուհի Թէոդիկի շիրիմին վերաբերեալ արձանա­գրութիւնները։

Այդ պահէն սկսեալ կը սպասէի նոր լուրի մը՝ այն ներքին համոզումով, թէ փաստացի տեղե­կութիւններ պիտի հաղորդուին հանգուցեալ գրագիտուհիին մասին։ Թէպէտ սպասումը ակնկալուածէն աւելի երկարատեւ եղաւ, այնու­ամենայնիւ, սակայն, ան առթեց գոհունակու­թեան անսահման զգացում մը։ 6 յունիս 2002 թուագրութեամբ նամակ մը կու գար՝ առաջին անգամ ըլլալով արխիւային կարեւոր տուեալ­ներ յայտնելու Արշակուհի Թէոդիկի իջեւանած առողջարանին, մահուան, թաղման եւ շիրիմին մասին.

«Տիկին Արշակուհի Թէոդի Կեանի [Թէոդիկեան] գերեզմանին վերաբերեալ

Պարո՛ն,

Յղում ընելով մեր նախորդ նամակագրութեան եւ հիմք ընդունելով ձեր տրամադրած լրացուցիչ տե­ղեկութիւնները, թաղման գրանցամատեանին մէջ պարզեցինք, որ՝

  • Տիկին Արշակուհի Թեոդի Կեանը, ծնած է 1875 թուականին Կ.Պոլիս, մահացած է Լէյզին՝ Տենթ [Տան] տիւ Միտի բուժարանը, թաղուած է 7 յունուար 1922 թուակա­նին, թիւ 666 գերեզմանին մէջ։

Այս գերեզմանը շահագործումէ դուրս հանուած է 1949 թուականին՝ համաձայն 21 հոկ­տեմբեր 1948 թուականի քաղաքապետարանի որոշումին։

Շնորհակալութիւն յայտնելով, որ բարի ըլլաք նկատի առնելու մեր այս հաղորդագրութիւնը, կը խնդրենք ընդունիլ, Պարոն, մեր առանձնայատուկ յարգանաց հաւաստիքը։

Յանուն քաղաքապետարանի

Քաղաքապետ՝                                                           Քարտուղար՝

Պ.-Ա. Լոմպարտի                                                       Պ. Իզենշմիտ»

Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի են նաեւ այս նամակին կցուած երկու փաստա­թուղթերը, որոնցմէ մին յստակ կը բացատրէ այն վարչական որոշումը, ըստ որու ընդ­հանրապէս հանուած կամ գործածութենէ դադրեցուած է Արշակուհի Թէոդիկի շիրիմը։

«ԼէՅԶԻՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ

Գերեզմանոցի մասնակի փակման մա­սին։

21 հոկտեմբեր 1948 թուականի իր նիս­տին մէջ Լէյզինի քաղաքապետարանը, նկատի առնելով Պետական խորհուր­դին կողմէ 15 հոկտեմբեր 1948 թուա­կանին տրուած թոյլտւութիւնը, որոշեց 31 մարտ 1949 թուականէն սկսեալ փակել Լարեթսի գերեզմանոցի վերին դարաւանդի արեւմտեան մասը, այ­սինքն՝ այն մասը, որ կը պարունակէ 590-էն մինչեւ 739 համարներով գերեզ­մանները (թաղումներ 9 մարտ 1920-էն մինչեւ 13 նոյեմբեր 1923 թուականը):

Այստեղ թաղուածներու հարազատնե­րը, որոնք կը փափաքին պահել տապանաքարերն ու [այդ գերեզմանները] շրջապատող [իրերը], կը խնդրուի զանոնք հեռացնել մինչեւ 31 մարտ 1949 թուականը, որմէ ետք քաղա­քապետարանը զանոնք պիտի վերացնէ առանց հետագայ ծանուցման:

Լէյզին, 21 հոկտեմբեր 1948 թ.

Քաղաքապետարանի քարտուղարի գրասենեակ»։

Առկայ փաստաթուղթին մէջ կարեւոր նշումը «գործածութենէ դադրեցնել» հասկացու­թիւնն է, որ կը նշանակէ, թէ տուեալ շիրիմը այլեւս չի պահպանուիր անձնական կամ ընտանեկան խնամքի տակ ու կը դադարի ըլլալէ օրինական թաղման վայր մը։ Այսպիսի շիրիմներ կարելի չէ ծածկել նոր հողով կամ օգտագործել նոր թաղումներու համար՝ հա­մաձայն տեղւոյն քաղաքապետարանի եւ գերեզմանատան կանոնակարգին, տրուած ըլլալով, որ այդ գերեզմաններուն հանդէպ երկար ժամանակ ընտանեկան խնամք կամ հետաքրքրութիւն չէ ցուցաբերուած

Text Box: Քաղաքապետութեան գրանցամատեանին մէջ նշուած տե-ղեկութիւնը. գերեզման թիւ 666, թաղման թուականը 7 յուն-ուար 1922, Թէոդի Կեան Արշակուհի, ծն. 1875, Կ.Պոլիս, մահուան վայրը` Տան տիւ Միտի։

Զուիցերիոյ գործող օրինակարգին համաձայն՝ նման ծանուցումներ սո­վորաբար նախօրօք կը հրապարակ­ուին մամուլի էջերուն մէջ։ Թէոդիկ իր մահկանացուն կնքած էր Փարիզ՝ 24 մայիս 1928 թուականին, իսկ դժուար է ըսել, թէ իրենց մէկ հատիկ զաւակը արդեօ՞ք ունէր կարելիու­թիւնը հետագային համապատաս­խան հետաքրքրութիւն ցուցաբերե­լու իր մօր շիրիմը պահպանելու հա­մար։ Ափսոս, որ այդ օրերուն Զուի­ցերիոյ հայ գաղութը, որքան ալ իր սրտին մէջ յարգանք ու սէր ունենար, ոչ միշտ զգօն գտնուած է պահպանելու համար այս մեծ գրագիտուհիին յիշատակը։ Մինչդեռ զուիցերիացի այն մեծ հայասէրը՝ Անթոնի Քրաֆթ-Պոննար (1869–1945), որ տարիներ շարունակ եղած էր Հայասիրութեան միջազգային լիկայի գործադիր յանձնա­ժողովի անդամ եւ բազմավաստակ տնօրէնը Ժընեւէն 30 քմ. հեռու՝ Լեման լիճի ափե­րուն մօտ գտնուող Պենիէն (Begnins) գիւղաքաղաքին մէջ հիմնադրուած հայկական որ­բանոցին, Արշակուհի Թէոդիկի մահուան գրեթէ նախօրեակին այցելելով իրեն՝ տուած է հետեւեալ փայլուն վկայութիւնը.

«Անցեալ դեկտեմբեր 30-ին առիթ ունեցանք վերջին անգամ տեսնելու հայ քաջարի հայրենասէր ու գրող Տիկին Թէոդիկը, որուն անունը սիրով ու յարգանքով կը յիշեն բոլոր անոնք, որոնք ճանչցած են զինք։ Մեր լեռներուն մէջ գտնուող առողջարան մը ապաստանած, հեռու իր ընտանիքէն եւ իր ժողովուրդէն, զոր այնքան սիրած էր եւ որուն համար զոհաբերած էր իր անձը, սաստիկ կը տառապէր դաժան հիւանդութենէ մը, որ երկու օր ետք պիտի խլէր իր կեանքը։ Երբ տեսաւ, թէ մենք մտահոգ էինք իր վիճակով, ան իր ծայր աստիճան տկարութեան մէջ ջանք գործադրեց արտասանելու հետեւեալ քանի մը բառերը, որոնք մեզի մնացին իբրեւ հայոց տառապանքի եւ հայ­րենասիրութեան գերագոյն կոչ մը.

‘Իմ ճակատագրով մի՛ զբաղիք. ես պիտի մեռնիմ. զբաղեցէք Հայաստանով, ան պէտք չէ՛ մեռնի’։

Թող այս ձայնը լսուի մեռեալներուն, հայրենիքէ ու օճախէ զրկուած թափառական զոհերուն, քրիստոնէական հաւատքի նահատակներուն, այն զինուորներուն հետ, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին ժողովուրդներու իրաւունքին եւ ազատութեան, մարդ­կային համերաշխութեան եւ արդարութեան համար»[5]։

Այս ինքնատիպ եւ խօսուն վկայութիւնը, որ Անթոնի Քրաֆթ-Պոննար թողուց Արշա­կուհի Թէոդիկի մասին, կը հնչէ Լէյզինի լեռներուն մէջէն՝ իբրեւ վերջին արձագանգ մը այն ձայնին, որուն տառապահիւծ մարմինը հանգչեցաւ մոռցուած հողին տակ, բայց որուն պատգամը ո՛չ ժամանակի բռնաւոր մաշումը եւ ո՛չ սերունդներու փոփոխումը կրցաւ լռեցնել։ Շիրիմը այսօր այլեւս տեսանելի չէ, իսկ անունը փորագրուած չէ տա­պանաքարի մը վրայ։ Սակայն անոր ձայնը կը յարատեւէ իր գրական ստեղծագոր­ծութիւններուն եւ այն բառերուն մէջ, որ իր կենաց վերջին ժամերուն իբրեւ անլռելի ղօ­ղանջ արտասանեց՝ ամբողջ ժողովուրդի մը ուղղուած իբրեւ վերջին պատգամ.

«Իմ ճակատագրով մի՛ զբաղիք. ես պիտի մեռնիմ. զբաղեցէք Հայաստանով, ան պէտք չէ՛ մեռնի»։

Այս պատգամը այսօր ալ կը հնչէ Ալպեան լեռներու լռութեան մէջ՝ միանալով հայոց բիւր-բիւրոց նահատակներու, տարագիրներու, արդարութեան եւ հայրենիքի ազատու­թեան համար զոհուածներու անլռելի ձայնին։ Եւ գուցէ ճիշդ հոն կը գտնուի Արշակուհի Թէոդիկի իսկական շիրիմը՝ ոչ թէ տապանաքարի կամ յուշարձանի մը տակ, այլ հայ ազգի հաւաքական յիշողութեան մէջ, ուր անոր ձայնը կը շարունակէ հրաւիրել մեզ յի­շելու, խորհելու եւ զգալու իւրաքանչիւրիս անձնական պատասխանատւութիւնը պատ­մութեան առջեւ՝ հայրենիքի շինութեան, պետականութեան հզօրացման եւ ազգի բարօրութեան հանդէպ։

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

Ժընեւ 15 մարտ 2026

Մեծի պահոց Ե. կիրակի, Դատաւորին


[1] Արշակուհի Թէոդիկ, «Ամիս մը ի Կիլիկիա – Կցկտուր նօթեր», տպ. Վ. Եւ Հ. Տէր-Ներսէսեան, Կ.Պոլիս, 1910, 213 էջ։

[2] Հմմտ. Թէոդիկ, «Ամէնուն տարեցոյցը», ԺԷ. տարի, տպ. Մ. Յովակիմեան, Կ.Պոլիս, 1923, էջ 12։

[3] Տե՛ս Թէոդիկ, Արշակուհի, «Արդի բարոյագիտութիւնը (Միջին եւ բարձրագոյն Ա. դասընթացք)», հրտ. Յ. Գըլըճեան գրատուն, Կ.Պոլիս, 1911, 230 էջ։

[4] Լուսինեան, Գուիտոն, «Նոր բառագիրք, պատկերազարդ, ֆրանսահայ», Typographie Morris Père et Fils, Փարիզ, 1900։

[5] Krafft-Bonnar, Antony, « L’Heure de l’Arménie », Société Générale d’Imprimerie, Genève, 1922, p. 44.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին