«Իրան-ԱՄՆ Հակամարտութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Հարցերը»
Նախաբան
Կասկած չկայ, որ ընթացիկ տարուայ, Մարտ ամիսէն սկսեալ, Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս Իրանի շուրջ ձեւաւորուած ռազմաքաղաքական սրացումները ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն կ’ազդեն Հայաստանի անվտանգութեան միջավայրին վրայ։ Թէեւ ՀՀ իշխանութիւնները նոյն օրերուն ցուցադրաբար պռեշիկ, կուկուռուզ եւ սուճուխ ուտելով «ամեն բան լաւ է լինելու»-ի նամակներ կը յղեն ժողովուրդին, մինչ պաշտօնական շրջանակները կը յայտարարեն, որ երկրին անվտանգութեան անմիջական սպառնալիք մը գոյութիւն չունի, սակայն փորձագիտական եւ հետախուզական վերլուծութիւնները կը մատնանշեն կարեւոր վտանգներ, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի մեր Հայրենիքը։
Աշխարհաքաղաքական եւ Ապահովական Հիմնական Վտանգները
• Տարածաշրջանային ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութիւն. Իրանի հնարաւոր թուլացումը կրնայ խարխլել Հարաւային Կովկասի ներկայիս դրութիւնը։ Թեհրան բազմիցս յայտնած է, որ Հայաստանի հետ սահմանի փոփոխութիւնը կամ «Զանգեզուրի միջանցքի» արտատարածքային կարգավիճակը իրեն համար «կարմիր գիծ» է։
• Հիպրիտային սպառնալիքներ եւ ապատեղեկատուութիւն. ՀՀ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութիւնը նախազգուշացուցած է 2026-ին հիպրիտային սպառնալիքներու եւ արտաքին միջամտութեան աճի մասին, որոնք կրնան սրուիլ Մերձաւոր Արեւելքի լարուածութեան ֆոնին՝ յատկապէս Յունիսին սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախաշեմին։
• Իրան-Ազրպէյճան լարուածութեան արտահոսք. Իրանի կողմէ Ազրպէյճանին ուղղուած նախազգուշացումները (օրինակ՝ Նախիջեւանի օդակայանի միջադէպը և կապ չունի թէ, որուն ձեռքով եղած է այդ) կրնան լարուածութիւն յառաջացնել անմիջապէս Հայաստանի սահմաններուն երկայնքով։
Ընկերատնտեսական եւ Լոճիսթիք Ազդեցութիւններ
• Մարդասիրական ճգնաժամի վտանգ. Իրանի մէջ իրավիճակի ապակայունացումը կրնայ յանգեցնել փախստականներու մեծ հոսքի դէպի Հայաստան, ինչ որ լրացուցիչ ճնշում կ’արձանագրէ երկրի պաշարներուն վրայ։
Կրնամ այստեղ տալ Սուրիոյ արհաւիրքի տարիներուն Լիբանանի դիմակալած խնդիրներուն օրինակը: Սուրիոյ մէջ 2011-ին ընթացք առած քաղաքական և ապահովական վերիվայրումներուն անմիջապէս յաջորդեց մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներու անկանոն մուտքը՝ սահմանամերձ Լիբանան: Ի տարբերութիւն դարձեալ սահմանակից Թուրքիայէն, Լիբանանի ո՛չ տարածութիւնը, ոչ ժողովրդագրական նրբութիւնները, ոչ ալ պետական միջոցները կրնային նման հոսք հակակշիռի տակ պահել: Բան մը, որ յառաջացուց լուրջ խնդիրներ մանաւանդ երբ գաղթականներուն թիւը անցաւ 2 միլիոնը: Չուշացան անշուշտ արեւմտեան երկիրներու և միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններու մարդասիրական/պարենային/ֆինանսական օգնութիւնները, որոնք Լիբանանի պետութեան ուսերէն թեթեւցուցին այս հարցին հետ առնչուելու լուրջ ծանրութիւնը, սակայն մնաց ընկերային և ժողովրդագրական այլ անլուծելի խնդիրներ (ինչպէս գողութիւններ, ոճիրներ, եւայլն) եւ այս բոլորին վրայ գումարուեցաւ Լիբանանեան մէջ հազիւ հաւասարակշռուած յարանուանական թիւերու խախտման՝ եթէ նկատի ունենանք, որ սուրիացի գաղթականներուն մեծամասնութիւնը Իսլամ՝ սիւննի համայնքէն էին):
Նաեւ կարեւոր է նկատի ունենալ, որ նման պահերու սահմանային/ցամաքային գաղթականութեան կը դիմեն տնտեսապէս ոչ կայուն ընտանիքներ մինչ աւելի բարեկեցիկները՝ զանազան տարբեր միջոցներով կ՛արտագաղթեն իրենց համար աւելի նպաստաւոր երկիրներ: Մինչ Լիբանանի պարագային բացի վերը նշուածներէն, մշակութային կտրուկ տարբերութիւններ չկային եկուորներուն եւ բնիկներուն միջեւ, Հայաստանի պարագային այդ անպայմանօրէն կայ եւ սա շատ լուրջ խնդիր է: Ի դէպ Հայաստանցի մեր հայրենակիցներէն ոմանք, մակերեսային մօտեցումով մը, բնաւ ալ պէտք չէ ուրախանան նման պարագայի մէջ միջազգային ֆինանսական օգնութիւններով քանի ի վերջոյ արեւմտեան երկիրներ այդ օգնութիւնները կը տրամադրեն պարզապէս գաղթականներ ունենալու վտանգը իրենցմէ կարելի եղածին չափ հեռացնելու, անոնց պահելով իրենց երկիրներէն հեռու:
• Ենթակառուցային եւ առեւտրական խափանումներ. Իրան Հայաստանի երկու ցամաքային ուղիներէն մէկն է։ Լարուածութիւնը կրնայ դանդաղեցնել ենթակառուցային նախագիծերը (կազ՝ ելեկտրականութեան դիմաց) եւ բարձրացնել վառելանիւթի գիները։
• Լոճիսթիք խնդիրներ. Արդէն իսկ արձանագրուած են թռիչքներու չեղարկումներ եւ բեռնափոխադրումներու յաճախակի կանգ, ինչ որ կը բարդացնէ Իրանէն Հայաստան եւ հակառակը՝ ապրանքներու տեղափոխումը։
Իրան-Հայաստան Տնտեսական Փոխգործակցութիւնը եւ Սիւնիքի Անպահովական Իրավիճակը
Իրան-Հայաստան տնտեսական փոխգործակցութիւնը եւ Սիւնիքի ապահովական իրավիճակը կը գտնուին ճգնաժամային փուլի մէջ այսօր, պայմանաւորուած՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Իրանի շուրջ ստեղծուած դրութեամբ։
Իրան-Հայաստան տնտեսական ծրագիրներ
Տարածաշրջանային ճգնաժամը երկակի ազդեցութիւն կը թողու ռազմավարական նախագիծերուն վրայ.
• Ենթակառուցային (կազ՝ ելեկտրականութեան դիմաց). Հակառակ տարածաշրջանային լարուածութեան, այս պայմանագիրը կը շարունակէ գործել որպէս Հայաստանի ենթակառուցային անվտանգութեան հիմք։ Սակայն Իրանի ենթակառոյցներուն վրայ յարձակումներու վտանգը ստիպած է ՀՀ կառավարութեան քննարկել եռանդակիրներու այլընտրանքային պաշարներու կուտակման հարցը։
• Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցք. Սիւնիքի հատուածին մէջ (Ագարակ-Քաջարան) շինարարութիւնը կը շարունակու իրանական ընկերութիւններու ներգրաւմամբ։ Ասիկա ռազմավարական նշանակութիւն ունի՝ շրջանցելու համար Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած ճանապարհահատուածները։ Այս աշխատանքները կրնան դանդաղիլ պատերազմական իրավիճակի բարդացման պարագային:
• Առեւտրաշրջանառութիւն. Իրանի դէմ պատժամիջոցներու հնարաւոր աւելի եւս խստացումը կամ ռազմական գործողութիւնները կրնան խաթարել բեռնափոխադրումներու կայունութիւնը, ինչ որ կը հանգեցնէ ապրանքներու թանկացման։
Սիւնիքի ապահովական շեշտադրուած վտանգները
Սիւնիք կը մնայ աշխարհաքաղաքական բախման կիզակէտին մէջ հետեւեալ պատճառներով.
• «Զանգեզուրի միջանցքի» գործօնը. Ազրպէյճան եւ Թուրքիա կը շարունակեն ճնշում գործադրել միջանցքի բացման համար։ Իրան Սիւնիքի սահմանը կը համարէ իր «անվտանգութեան դուռը» եւ յստակ յայտարարած է, որ չի հանդուրժեր սահմանային փոփոխութիւններ։
• Իրանի թուլացման հետեւանքները. Եթէ Իրան շարունակէ ներքաշուած մնալ լայնածաւալ պատերազմի մէջ, Ազրպէյճան կրնայ օգտուիլ առիթէն՝ Սիւնիքի նկատմամբ ռազմական թշնամութիւն իրականացնելու համար, քանի որ Թեհրանի զսպող դերը պիտի նուազի։
• Հիպրիտային պատերազմ. Սիւնիքի մէջ աշխուժացած են ապատեղեկատուական արշաւները, որոնք նպատակ ունին խուճապ յառաջացնել բնակչութեան շրջանին մէջ եւ թուլացնել պաշտպանողականութիւնը։
Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութեան պարագան
Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը դարձած է շրջանային անվտանգութեան ճարտարապետութեան առանցքային տարրերէն մէկը։ Անիկա ինչպէս միշտ կը դիտարկուի ոչ միայն իբրեւ դիւանագիտական մարմին, այլ նաեւ իբրեւ «ռազմավարական զսպման» գործիք մը։
Ահա հիւպատոսութեան հիմնական դերակատարութիւնը լարուածութեան զսպման հարցին մէջ.
1. Սահմաններուն անձեռնմխելիութեան «կենդանի» երաշխիք
Հիւպատոսութեան ներկայութիւնը Կապանի մէջ Թեհրանի յստակ ուղերձն է առ այն, որ որեւէ ռազմական ագրեսիա մը ընդդէմ Սիւնիքի անմիջականօրէն կ’առնչուի Իրանի շահերուն։ Իրանցի դիւանագէտները բազմիցս շեշտած են, որ Հայաստանի հետ սահմանը «հազարամեակներու պատմութիւն ունի» եւ չպէտք է փոփոխուի։
2. Տեղեկատուական եւ դիտարկումներու կեդրոն
Հիւպատոսութիւնը կը ծառայէ իբրեւ Իրանի «աչքերն ու ականջները» անմիջապէս սահմանամերձ գօտիին մէջ։ Ասիկա թոյլ կու տայ.
• Օփերաթիւ արձագանգել սահմանային միջադէպերուն։
• Կանխել ապատեղեկատուութիւնը, որ կրնայ գործածուիլ ռազմական գործողութիւններ աւելի եւս սրելու համար իբրեւ առիթ։
• Վերահսկել տեղաշարժերը «Զանգեզուրի միջանցքի» հաւակնութիւններուն համատեքստին մէջ։
3. Հակակշիռ արտաքին ուժերուն
Սիւնիքի մէջ հիւպատոսութեան գործունէութիւնը կը հակակշռէ շրջանին մէջ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ազդեցութեան։ Անիկա նաեւ ազդակ մըն է Արեւմուտքին եւ Ռուսաստանին, որ Իրան պատրաստ է ապահովել աշխուժ ներկայութիւն մը իր հիւսիսային սահմաններուն պաշտպանութեան համար։
4. Տնտեսական «անվտանգութեան բարձիկ»
Հիւպատոսութիւնը կը համակարգէ իրանական բեռնատարներուն անվտանգ տեղաշարժը Գորիս-Կապան եւ այլընտրանքային ճամբաներով։ Ասիկա կենսական է, քանի որ տնտեսական կայունութիւնը Սիւնիքի մէջ կը նուազեցնէ ներքին ապակայունացման վտանգները։
5. Հոգեբանական ազդեցութիւն
Տեղական բնակչութեան համար իրանական դիւանագիտական ներկայութիւնը լրացուցիչ ապահովութեան զգացում կը ստեղծէ՝ նուազեցնելով խուճապային տրամադրութիւնները, որոնք յաճախ կը հրահրուին արտաքին հիպրիտային գրոհներու միջոցով։
Կարեւոր դիտարկում. Իրանի ներկայիս իրավիճակը կրնան ժամանակաւորապէս թուլցնել հիւպատոսութեան «զսպող ուժը», եթէ Թեհրանի ուշադրութիւնը կեդրոնանայ բացառապէս հարաւային ճակատին վրայ։
ՀՀ Կառավարութեան Արձագանգը
Ըստ տեղեկատուութիւններու, ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդը, իբր ձեւաւորած է աշխատանքային խումբ մը՝ Մերձաւոր Արեւելքի իրավիճակի հնարաւոր հետեւանքները կառավարելու համար: Նշեալ մարմինը վերջերս հաստատեց, թէ կ’իրականացուի ամենօրեայ դիտարկում մը՝ Սիւնիքի ուղղութեամբ հնարաւոր սադրանքները կանխելու եւ տնտեսական կայունութիւնը պահպանելու համար, մինչ պաշտօնական Երեւան կը պահպանէ զուսպ դիրքորոշում մը ինչ կը վերաբերի ընթացող պատերազմին՝ կոչ ուղղելով դիւանագիտական լուծումներու։
Իրանի Հայ Համայնք
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող ռազմաքաղաքական սրացումները, յատկապէս Իրան-Իսրայէլեան ուղղակի հակամարտութիւնը եւ ԱՄՆ-ի ներգրաւուածութիւնը, էական մարտահրաւէրներ կը ստեղծեն Իրանի հայ համայնքին համար։
Աշխարհաքաղաքական իրավիճակը եւ անվտանգութեան վտանգները
Ռազմական գործողութիւններու ազդեցութիւնը. Իրանի տարածքին մէջ օդային յարձակումներու եւ հրթիռակոծումներու ալիքները, ներառեալ թիրախները Թեհրանի մէջ, անմիջական վտանգ կը ներկայացնեն քաղաքացիական բնակչութեան, այդ թիւին մէջ՝ հայկական թաղամասերուն համար։
Թիրախային խոցելիութիւն. Հակառակ այն փաստին, որ Հայ համայնքը պատմականօրէն պաշտպանուած եղած է Իրանի մէջ, ժամանակակից անկանոն պատերազմի պայմաններուն մէջ քաղաքացիական բնակչութիւնը կը մնայ խոցելի։
Ներքին անկայունութիւն. Իրանի մէջ ներքին էթնիք եւ ընկերային լարուածութեան հնարաւոր աճը, որ կը խթանուի արտաքին ուժերու կողմէ, կրնայ ապակայունացնել իրավիճակը հայաշատ շրջաններուն մէջ:
Իրանահայութեան հաւանական տեղափոխումը Հայաստան
Ներկայ միտումները. Հայաստանի ԱԳՆ-ն եւ Իրանի մօտ ՀՀ դեսպանատունը իբր գործօն կերպով կը հետեւին իրավիճակին։ Արդէն իսկ գրանցուած են ՀՀ քաղաքացիութիւն ունեցող անձերու վերադարձի դէպքեր։ Սակայն ո՞ւր է Սփիւռքի հարցերով ՀՀ վարչապետի գրասենեակին կից յանձնակատարի պաշտօնը զբաղեցնողը, որուն այս հարցով ազդու միջամտութիւնը կամ աշխատանքները նշմարելի չեն, մինչ Սուրիոյ արհաւիրքի տարիներուն, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը իր կարելին ըրաւ սուրիահայութենէն գոնէ բեկոր մը փրկելու, անոնց փորձելով հաստատել Հայաստանի մէջ:
Մարդասիրական միջանցք. Հայաստան կը դիտուի որպէս կարեւորագոյն մարդասիրական միջանցք ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ այլ քաղաքացիներուն համար, որոնք Իրանէն կը տեղափոխուին ցամաքային ճամբով։
Սահմանային իրավիճակ. Ըստ որոշ տուեալներու, բարեբախտաբար Հայ-իրանական սահմանը ներկայիս կը գործէ բնականոն կերպով, ինչ որ առ այժմ թոյլ կու տայ կազմակերպուած՝ ոչ-խուճապային տեղաշարժ։
Մարտահրաւէրներ Հայաստանի համար. Իրանի վրայ շղթայազերծուած պատերազմը երկարելու պարագային իրանահայերու հաւանական մեծաթիւ ներհոսքը կրնայ լրացուցիչ ճնշում գործադրել Հայաստանի բնակարանային շուկային եւ ընկերային ենթակառուցուածքներուն վրայ, յատկապէս Արցախէն բռնի տեղահանուածներու ճգնաժամէն ետք: Այս իրավիճակը եւ ի չգոյէ հայրենադարձութեան պետական յստակ ռազմավարութեան, բան մը, որ վերջին քառասուն տարիներուն հողմերու հետ աշխարհի չորս կողմը ցրուեց ալեկոծումներ ապրող Մերձաւոր Արեւելքի հայկական բոլոր սփիւռքները, կրնայ նաեւ կորսնցնել իրանահայութիւնը ու չծառայեցնել այն Հայրենիքի զարգացման ի խնդիր:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթօնք» օրաթերթի
Գլխաւոր խմբագիր
Արտասանուած՝ «Հայաստանի Ժողովրդային Շարժում» հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՝ «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ձեւաւորուող աշխարհաքաղաքական կացութեան եւ անոր հաւանական ազդեցութեան Հայաստանի անվտանգութեան վրայ» թեմայով՝ 13 Մարտ 2026-ին, «Անի Փլազա» հիւրանոցի «Դուին» սրահին մէջ, տեղի ունեցած «Իրան–ԱՄՆ Հակամարտութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Հարցերը» նիւթով բաց քննարկման ընթացքին։
Նշեալ քննարկումի հանդիպման միւս բանախօսները հանդիսացան.
Ալէն Ղեւոնդեան – ԵՊՀ, Միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունք, Քաղաքագիտութեան ամպիոն, դոցենտ:
Աննա Փախլեան – «Ամբերդ» հետազօտական կեդրոն, ՀՊՏՀ դասախօս, գիտութիւնների թեկնածու, դոցենտ:
Էհսան Մովահէտիան – Թեհրանի ATU (Allameh Tabataba) համալսարան, միջազգայնագէտ, Հարաւային Կովկասի հարցերով փորձագէտ, դասախօս, գիտութիւնների թեկնածու (Իրան):
Վազգէն Պետրոսեան – «Հայաստանի Ժողովրդային Շարժում» ՀԿ համակարգող, թուրքագէտ:






