Շաբաթ, 7 Մարտ 2026-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, կազմակերպութեամբ՝ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանին եւ հովանաւորութեամբ՝ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գեր. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանին, Հելիոպոլսոյ Պըլըքտանեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» հատորին շնորհանդէսը:
Նախ, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկին Շաքէ Մարգարեան՝ հակիրճ ներկայացնելով տարբեր բնագաւառներուն մէջ ծաւալած Դոկտ․ Հրայրին կարեւոր գործունէութիւնն ու ներկայացուելիք հատորը։ Ան, մասնաւորաբար, շեշտադրեց հայապահպանումին, մայրենիի պահպանումին եւ սփիւռքահայութեան կեանքին ընդհանրական պատկերը ներկայացնող հեղինակին կատարած բարձր գնահատելի աշխատանքը:

Ապա, գիրքին խմբագիրն ու համադրողը՝ Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան-Ճէպէճեան, խօսեցաւ ներկայ հատորին ստեղծման անցած ճանապարհին եւ անոր կարեւորութեան մասին։ Ան նաեւ, իբրեւ Ընկերալեզուաբանութեան Դոկտոր, մանրամասնօրէն խօսեցաւ Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնին պահպանումին արդի մարտահրաւէրներուն, լեզուն ո՛չ միայն պահպանելու, այլեւ նոր սերունդին փոխանցելու կարեւորութեան, լեզուամտածողութեան եւ ատոր հետ առնչուող հարցերու մասին։


Այնուհետեւ, Դոկտ. Ճէպէճեան զրուցեց ներկաներուն հետ՝ «Հայ Ըլլալու Ընտրութիւնը Համաշխարհայնացած Աշխարհին Մէջ» նիւթին շուրջ, շօշափելով բաւականին հետաքրքական եւ արդիական լուրջ հարցեր։ Դոկտոր Հրայր անդրադարձաւ նաեւ իր հեղինակած հայակերտումի երեք հատորներուն, սփիւռքահայութեան կեանքի առանձնայատկութիւններուն, հայապահպանումին, ազգային պատկանելիութեան, երկքաղաքացիութիւն ունեցող անհատներու մտածելակերպին, անհատի մը բազմաշերտ ինքնութեան եւ այլ խնդիրներու մասին: Յետոյ, ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Երեկոն իր աւարտին հասաւ եգիպտահայոց բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ելոյթով, որ իր ուրոյն տեսանկիւնէն ներկայացուց Դոկտ․ Հրայրին գիրքերը եւ բարձր գնահատեց անոր տարբեր ուղղութիւններով տարած գործունէութիւնը։






