Հինգշաբթի, 12. 03. 2026

spot_img

«Իրան-ԱՄՆ Հակամարտութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Հարցերը»

Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ բաց քննարկում մը «Իրան-ԱՄՆ հակամարտութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան հարցերը» նիւթին շուրջ։

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ձեւաւորուող աշխարհաքաղաքական կացութեան եւ անոր հնարաւոր ազդեցութեան՝ Հայաստանի անվտանգութեան վրայ, անդրադարձ պիտի կատարուի Երեւանի մէջ, Մարտ 13-ին կայանալիք «Իրան-ԱՄՆ հակամարտութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան հարցերը» նիւթով բաց քննարկման ընթացքին։

Ժամը՝ 17։00 – 19։00

Վայրը՝ «Անի Պլազա» հիւրանոց, «Դուին» սրահ, Երեւան

Փորձագէտներն ու վերլուծաբանները Հայաստանէ, Իրանէ եւ Լիբանանէ պիտի ներկայացնեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող զարգացումները, պիտի անդրադառնան Իրան-ԱՄՆ հակամարտութեան հնարաւոր պատկերացումներուն, ինչպէս նաեւ անոնցմէ բխող անվտանգային, քաղաքական եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։

Բանախօսութիւններով հանդէս պիտի գան՝

Ալէն Ղեւոնդեան – ԵՊՀ, Միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունք, Քաղաքագիտութեան ամպիոն, դոցենտ

Ահարոն Վարդանեան – ԵՊՀ, Արեւելագիտութեան բաժանմունք, Իրանագիտութեան ամպիոն, դասախօս

Սեւակ Յակոբեան – «Զարթօնք» պարբերաթերթ, գլխաւոր խմբագիր (Լիբանան)

Աննա Փախլեան – «Ամբերդ» հետազօտական կեդրոն, ՀՊՏՀ դասախօս, գիտութիւնների թեկնածու, դոցենտ

Էհսան Մովահէտեան – Թեհրանի ATU (Allameh Tabataba) համալսարան, միջազգայնագէտ, Հարաւային Կովկասի հարցերով փորձագէտ, դասախօս, գիտութիւնների թեկնածու (Իրան)

Վազգէն Պետրոսեան – «Հայաստանի Ժողովրդային Շարժում» ՀԿ համակարգող, թուրքագէտ

«Հայաստանի Ժողովրդային Շարժում» հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած քննարկման նպատակն է մասնագիտական հարթակում վերլուծել տարածաշրջանային զարգացումները՝ ընդգրկելով ռազմական, անվտանգային, քաղաքական, տնտեսական բաղադրիչները, ներկայացնել տարբեր գնահատականներ եւ նպաստել Հայաստանի անվտանգութեան հարցերուն շուրջ հանրային քննարկման։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին