Դառն կսկիծով իմացանք ընկեր Խաչիկ Ճանոյեանի մահուան լուրը, որ պատահած է 10 Մարտ 2026-ին Լոս Անճելըսի մէջ, ԱՄՆ:
Այս մասին ընկհի Ճենի Գրիգորեան ֆէյսպուքի վրայ կը նշէ, վկայելով, թէ իր հանգուցեալ հօրը՝ Ժիրայր Գրիգորեանին սիրելի բարեկամը հանդիսացող Ընկ. Ճանոյեան մաքուր ու բարի հոգիի տէր մարդ էր, որուն ներկայութենէն արձակուած ջերմ լոյսը միշտ զգացած են զինք բոլոր ճանչցողները, աւելցնելով, որ մշտապէս հիացած ըլլալով իրմով, անկարելի է մոռնալ իր անմիջականութիւնը, ջերմ նկարագիրն ու առատաձեռնութիւնը:
***
Կենսագրութիւն
Խաչիկ Ճանոյեան ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1944-ին Մուսուլի մէջ, Իրաք: Համայնքային գործիչ, խմբագիր, Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութեան երկարմեայ ատենապետ եւ հիմնադիրներէն մէկը: Հիմնադիր եւ ղեկավար Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ վարժարանին:
Ճանոյեան շատ փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ իր մայրն ու հայրը: 1956-ին իր ծննդավայր Մուսուլէն կը տեղափոխուի Պաղտատ:1966-ին կ’աւարտէ Պաղտատի պետական համալսարանը, վկայուելով լեզուագիտական քոլէճի սպաներէնի բաժինէն:
Պաղտատի մէջ կ՛անդամակցի ՀԲԸՄ-ին ու մշտապէս կ՛ըլլայ անոր գործօն անդամը:
1968-ին անցնելով Պէյրութ, Լիբանան հայագիտական ուսումը կը ստանայ ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկէն: Խաչիկ Ճանոյեան Պէյրութի մէջ ազգին կը ծառայէ ուսուցչութեամբ: Եղած է ՀԲԸՄ տեղւոյն վարժարաններուն մէջ ուսուցիչ ու հայկական բաժինի պատասխանատու:
1969էն ի վեր անդամակցած է ՌԱԿին: Ուր, որ ալ գտնուած է, ՀԲԸՄ-էն, ԹՄՄ-էն եւ ՌԱԿ-էն ներս տարած բազմաբեղուն աշխատանք:
1972-ին կը վերադառնայ Պաղտատ, ուր կը ծառայէ, որպէս հայերէն լեզուի ուսուցիչ:
1973-ին կ’անցնի Արժանթին, ուր կը վարէ ՀԲԸՄ-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարիչ քարտուղարի պաշտօնը: Ան հոն կը կազմէ Արժանթինի Մարի Մանուկեան վարժարանի հիմնադրամին, դառնալով անոր հիմնադիրներէն մէկը:
«Տարիներով պարապ մնացած եռայարկ դպրոցաշէնքը հիմք դարձաւ, որ 1973-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի շրջանակը իր գործունէութեան օրակարգի նիւթ դարձնէր «Բարեգործականի միջոցաւ ամէնօրեայ դպրոց մը բանալու հարցը»: Նիւթական ու կազմակերպչական մտահոգութիւններով ընդդիմացող շրջանակին առարկութիւնները յաղթահարելէ ու կազմակերպչական անհրաժեշտ աշխատանքներէ ետք, Մարտ 1975-ին իր դռները բացաւ Արժանթինի ՀԲԸՄի Մարի Մանուկեան Կրթական Հաստատութիւնը՝ երկրորդական բաժնով, որուն յետագային կցուեցան մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժինները: Այսպիսով Պուէնոս Այրէսի համայնքը ունեցաւ ամբողջօրեայ վարժարաններ»:
ՀԲԸՄի օրուան վարիչ քարտուղար
Խաչիկ Ճանոյեան
Խաչիկ Ճանոյեան խմբագրած է Հարաւային Ամերիկայի, ՀԲԸՄ միութեան եռամսեայ «Լուսաբաց» պաշտօնաթերթը:
1975-էն ի վեր կ’ապրի եւ կը գործէ Լոս Անճելըսի մէջ, ուր հիմնած է եւ 35 տարի շարունակ ղեկավարած է Հայ Ընտանեկան Շաբաթօրեայ անվճար վարժարանը:
Խաչիկ Ճանոյեան հիմնադիրներէն է եւ ատենապետը 1979-ին Լոս Անճելըսի մէջ հիմնուած Իրաքահայերու միութեան, որուն միջոցաւ մեծապէս նպաստած է գաղութահայ մշակութային եւ գրական կեանքին:
«1979-ի Ապրիլին հիմնուեցաւ Իրաքահայերու Միութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ։ Միութեան գլխաւոր նպատակն էր եւ մինչեւ այսօր կը գործէ նոյն համոզումով, ծառայել հայ ժողովուրդին, ուր որ կարիքը կայ, մեր նիւթական եւ բարոյական միջոցներով, որովհետեւ մենք խորապէս կը հաւատանք, որ հայկական միութիւնները կեանքի կը կոչուին եւ իրենց կեանքը կ’իմաստաւորեն ծառայութիւններ մատուցանելով: Այսպէս, 1979-էն ի վեր միութիւնը կը պահէ անվճար շաբաթօրեայ վարժարան մը: 38 տարիներու ընթացքին 1600-է աւելի փոքրիկներ մեր դպրոցը յաճախած են եւ հայերէն լեզու, երգ, պար եւ ասմունք սորված են»:
Խաչիկ Ճանոյեան
ԱՄՆ-ի մէջ Ճանոյեան աշխատակցած է «Նոր Օր» եւ «Նոր Կեանք» թերթերուն: Ան եղած է «Նոր Օր»ի վարչական պատասխանատու, խմբագիրի օգնական եւ խմբագրական կազմերու անդամ:
Լոս Անճելըսի մէջ Խաչիկ Ճանոյեան մաս կազմած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմնին: Ընկ. Ճանոյեան, միշտ օժանդակութեան ձեռք մեկնած է Հայաստանին, ներառեալ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին:
2010-ին, Խաչիկ Ճանոյեան, որպէս Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութեան ատենապետ յատուկ պատուոյ գիր մը կը ստանայ Հայաստանի կառավարութեան Սփիւռքի նախարարութենէն, անոր եւ միութեան հայրենաշէն գործունէութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելուն համար:
Ան նաեւ արժանացած է շարք մը այլ գնահատագիրներու:
1996-ին, Հայաստանի իշխանութիւնները, Խաչիկ Ճանոյեանի 60-րդ տարեդարձին առիթով, անոր շնորհած են Հայաստանի պատուոյ քաղաքացիութիւն:
***
Նորօք հանգուցեալ ընկեր Խաչիկ Ճանոյեանին կը սգան իր այրին՝ ընկհի Ռոզմերին, իր երեք զաւակներն ու թոռները:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնն ու թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի 23 Մարտ 2026-ին:
Այս տխուր առիթով, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ընկհի Ռոզմերիին, իր զաւակներուն, թոռներուն, հարազատներուն եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն:
Յիշատակը մնայ անթառամ:
«Զ.»






