Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

Բնօրրանէն Դէպի Աշխարհայնացում (Հայկազունիներ՝ Կադմոս-Արմենոիտներ)

ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ

Տասնամեակներ շարունակ յետադէմ հոգեւորականութեան կողմէ հալածուած, հայոց պետականութեան (Արշակունեաց թագաւորութիւն՝ 66-428 թուականներ) կորուստի հետեւանքները կատարելապէս գիտակցած ու իր ժամանակը շրջանցած Պատմահայր Մովսէս Խորենացին, Հայկազունիներու աւագ նահապետաց սերունդի միջոցաւ ոչ թէ միայն համայն հայութեան շնորհած է համախմբման, ազատութեան ու անկախութեան աշխարհիկ-հոգեւոր անկրկնելի վկայագիր մը՝ «Հայկի ապստամբութեան, պատերազմի եւ Բէլի մահուան մասին» պատումով,[*1] այլեւ ներկայացուցած է Հայկական լեռնաշխարհի կամ Հայկական բարձրաւանդակի հողերու միաւորման գործըմթացը եւ ուրուագծած՝ անոր սահմանները, զորս աշխարհագիտութեանն ու պատմագիտութեանը յայտնի է նաեւ «Լեռնային կղզի» անուամբ՝ իւր շուրջ 400.000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքով: Եթէ պատմահայրը Ստեփանոս Տարօնեցիի կամ Ստեփանոս Ասողիկի (10-րդ դարու կէսեր – 11-րդ դարու սկիզբներ) կամ Վարդան Արեւելցիի (մոտ 1198 – 1271) նման «Տիեզերական պատմութիւն» գրելու ձեռնարկած ըլլար, անկասկած, որ Հայկազունիներու ընդարձակման ու տարածման սահմանները պիտի հասցնէր իր նկարագրած սահմաններէն շատ ու շատ աւելի անդին, նոր հորիզոններ բանալով ապագայ հետազօտողներու առջեւ:

Ա- ԿԱԴՄՈՍ-ԿՈՒՏԻՆԵՐ, ԿԱԴՄԷԱՑԻՆԵՐ – ՏՈՒՆ ԿԱԴՄԵԱՅ-ԿՈՐԴՈՒՔ

Խորենացին կը գրէ, որ Բէլի բռնատիրութեան դէմ ապստամբած Հայոց անուանադիր Հայկ նահապետն իւր տուն ու տեղով չուելով Բաբելոնէն կ’երթայ Արարադի երկիրը եւ բնակելով լերան ստորոտը գտնուող դաշտավայրի մը մէջ՝ «…այնտեղ կալուածական բնակելի տուն կը շինէ եւ այն ժառանգութիւն կու տայ Կադմոսին՝ Արամանեակի[*2] որդիին»:[1] Արամանեակի որդին՝ Կադմոսը,[*3] ըստ հայ ականաւոր պատմաբան, քերականագէտ, լեզուաբան, աստուածաբան, մանկավարժ եւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ (1762 թուականէն)՝ Միքայէլ Չամչեանցի (1738-1823) կազմած՝ ժամանակագրաց ու Եօթանասնից աղիւսակներու, պէտք էր որ ապրած ըլլար՝ Ք. Ա. 2200-ական – 1900-ական թուականներուն (ըստ ժամանակագրաց աղիւսակի) կամ Ք. Ա. 2550-ական – 2000-ական թուականներուն (ըստ Եօթանասնից աղիւսակի), այսինքն՝ մեզմէ շուրջ հինգ հազար տարի առաջ, որ ըստ լեզուագէտներու կը համընկնի հնդեւրոպական նախահայրենիքէն՝ Հայկական լեռնաշխարհէն հնդեւրոպական ժողովուրդներու միասնութեան լիակատար տրոհման ժամանակաշրջանին հետ (Ք. Ա. III հազարամեակի կէսերուն):[*4][2]

Այժմ տեսնենք թէ ո՞րն էր Կադմոսին ժառանգութիւն տրուած Արարադի երկիրը եւ որո՞նք էին Կադմոսի ժառանգորդները՝ Կադմէացիները, որոնք իրենց լիարժէք արձագանքն ունեցած են հին յունական առասպելական փիւնիկեան հերոս՝ Կադմոսի (Cadmus) եւ անոր հարազատներու կերպարներով, զորս կատարելապէս կը հաստատուի ժամանակակից մարդաբանական գիտութեամբ ու DNA-ի {Deoxyribonucleic acid (DNA)} ապշեցուցիչ քննական արդիւնքներու միջոցաւ:

Ք. Ա. III հազարամեակի երկրորդ կէսին եւ մասնաւորապէս Աքքադի տիրակալ՝ Նարամ-Սինի կամ  Նարամ-Սուէնի {Narām-Sîn or Naram-Suen (c. 2254-2218 BC)} գահակալութեան վերջին շրջանին, ըստ շումերական «Աքքադի նզովքը» (The Curse of Akkad) վիպասքի, սրբապղծութենէն զայրացած մեծ աստուածները կ’անիծեն Աքքադը, իսկ գերագոյն աստուած Էնլիլը (որուն պաշտամունքի կեդրոնը Նիպուրն էր) լեռներէն Աքքադի դէմ կը ղրկէ կուտիներու մեծաթիւ զօրքը, ուր կը կարդանք՝ «222-244 Անգամ մը եւս Սուէնը, Էնկին, Ինանան, Նինուրտան, Իկուրը, Ուտուն, Նուսկան և Նիսաբան՝ բոլոր աստուածները, իրենց ուշադրութիւնը սեւեռեցին քաղաքին վրայ և խստորէն անիծեցին Ագադէին։ 149-175 Էնլիլը… կը մտածէր, իր սիրելի Ի-քուրի [«լեռնային տան»] կործանման փոխարէն ինչ պէտք է կործանուի: Ան հայեացքը բարձրացուց դէպի Գուբին լեռները եւ ստիպեց լայն լեռնաշղթաներու բոլոր բնակիչներուն (՞) իջնել: Էնլիլը լեռներէն դուրս բերաւ անոնց… կուտիներուն…»:[3] Լեռնական կուտիները սրընթաց գրոհով կը հասնին Միջագետքի կեդրոն եւ թէժ մարտերու ընթացքին կը յաջողին սպաննել ինքնակոչ «աստուած» Նարամ-Սինին, վերջ տալով աքքադական բռնատիրութեան: Կուտիներու կամ գուտիներու առաջնորդ Էրիդու-վիզիրը (Erridu-pizir) Նիպպուրի մէջ աքքադական թագաւորներու նմանակով արձաններ կանգնեցնելով կը նուաճէ աքքադական «Աշխարհի չորս կողմերու արքայ» տիտղոսը, անոր աւելցնելով «Գուտիումի արքայ» մակագրութիւնը։[4] Նարամ-Սինի որդւոյն՝ Շար-կալի-շառիի {Shar-Kali-Sharri (մօտ մ.թ.ա. 2217–2193)} օրօք,[*5] ներքին եւ արտաքին ճնշումները կը յանգեցնեն Աքքադի իշխանատիրութեան արագ փլուզման, եւ ամբողջ Առաջաւոր Ասիան կը վերադառնայ անկախ պետութիւններու համակարգին։[5] Շար-կալի-շառիի մահէն ետք, կուտիական գահակալները կը տիրեն Շումերին եւ Աքքադին, ապա նուաճելով Էլամը կը տիրեն Առաջաւոր Ասիոյ մեծ մասին:[6] Հարիւրամեայ կառավարումէ ետք, Ք. Ա. 2112 թուականին, կուտները կը վտարուին հարաւային Միջագետքէն եւ Ուր քաղաքը կը դառնայ նոր շումերական քաղաքակրթութեան կեդրոն, որ կը կոչուի Ուրի Երրորդ արքայատոհմ կամ Նոր Շումերական կայսրութիւն {Third Dynasty of Ur or Neo-Sumerian Empire ( c. 2112 BC – c. 2004 BC)}:

Հին բաբելոնեան արձանագրութիւնները մեզի որոշակիօրէն ճշգրիտ տեղեկութիւններ չեն տար կուտիներու երկրի՝ Կուտիումի (Gutium) տեղորոշման մասին, այլ պարզապէս կը հաղորդեն, որ Կուտիումը լեռնային երկիր է եւ կը գտնուի կեդրոնական Միջագետքէն դէպի հիւսիս: Վաղամեռիկ արեւելագէտ ու պատմաբան Արտակ Ե. Մովսիսեանը (1970-2020) ուսումնասիրելով Ասորեստանի արքաներու արձանագրութեանց հաղորդումները կուտիներու երկրի մասին, հասած է այն եզրակացութեան, որ կուտիներու երկիրը՝ Կուտիումը (Gutium) «…կը համընկնի ճիշտ եւ ճիշտ Մեծ Հայքի Կորդուաց (Կորճայք) աշխարհի՝ Կորդուք գաւառին հետ»:[*6] Կորդուքի եւ կուտիներու կապի օգտին կը խօսի նաեւ այն փաստը, որ արամէական աղբիւրներուն մէջ Կորդուաց լեռները կը կոչուին Կուտի, որու արաբերէն տարբերակն է՝ «Ճուտի»-ն (արեւելահայերէն՝ Ջուդի):[7] Եօթներորդ դարու հայ գիտնական Անանիա Շիրակացիի համաձայն, Կորդուաց (Կորճայք) աշխարհը՝ Մեծ Հայքի 15 աշխարհներէն 6-րդն էր, իսկ Կորդուքը անոր 11 գաւառներէն առաջինը,[*7][8] որուն վարչական կեդրոնը եղած է Փինիկ (Փինիկիա) բնակավայրը։[9] Զարմանալիօրէն այն կը յիշեցնէ յունական առասպելական հերոս՝ Կադմոսի (հին յունարէն՝ Κάδμος) եղբօրը՝ Փիւնիկսին կամ Փիւնիքսին (հին յունարէն՝ Φοῖνιξ), որոնց մասին ստորեւ պիտի անդրադառնանք:

Խորենացին Հայկեան Արամի[*8] մասին պատմուող աւանդազրոյցին մէջ Կադմէացիներու կամ Կադմեայ տան նախարարական տոհմի ներկայացուցիչներուն կը ներկայացնէ, որպէս Մեծ Հայքի հարաւային շրջանի սահմանապահ կուսակալներ, որոնք սահմանակից էին Ասորեստանին:[10] Կադմէացիներու հարաւաին շրջանի սահմանապահ կուսակալութեան (բդեշխութեան) մասին ուշագրաւ տեղեկութիւններ կը քաղենք նաեւ միջնադարեան պետական մէկ վաւերագրի կամ ուրոյն հրովարտակի մը միջոցաւ, որ յայտնի է «Զօրանամակ» անուամբ,[*9] որու մասին հայ երեւելի պատմաբան, բիւզանդագէտ եւ բանասէր՝ Նիկողայոս Ադոնցը (Տէր-Աւետիքեան, 1871-1942) կը գրէ հետեւեալը՝ «Այն նախարարական տուներու ցանկն է, որոնցմէ իւրաքանչիւրի մօտ նշանակուած է անոնց հեծելազօրքին թիւը: Ըստ այդ ցանկի նախարարական ամբողջ զօրքը բաժնուած եղած է չորս թեւերու կամ …դռներու, որոնք պէտք է երկիրը պաշտպանէին հիւսիսային, հարաւային, արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերէն»:[11] Ըստ «Զօրանամակ»-ի Կադմէացիները իրենց ենթակայութեան տակ ունեցած են 13․200 զինուոր։ «Զօրանամակ»-ի որոշ տարբերակներուն մէջ «Կադմէացի» կուսակալութեան զուգահեռ յիշատակուած է նաեւ «Կորդուացի» կուսակալութիւնը, որն իր ենթակայութեան տակ ունեցած է 1.000 զինուոր։[12] Մովսէս Խորենացիի «Գահնամակ»-ին[*10] համաձայն Կադմէացիներու (Կադմէաններու կամ Կադմեայ տան), նախարարական տոհմը զբաղեցուցած է 15-րդ իշխանական գահը, իսկ Ներսէսի «Վարք»-ին համաձայն՝ 22-րդ գահը։ Հայոց Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին վերագրուող Գահնամակին մէջ չէ յիշատակուած։ Հին հռոմէական պատմիչ՝ Ամիանոս Մարկէլլինոսը {Ammianus Marcellinus (c. 330 – c. 391 – 400)}, որ IV դարու կէսերուն մասնակցած է պարսիկներու դէմ Հռոմի պատերազմներուն եւ Կորդուքի մէջ անձամբ հանդիպած է կիսանկախ կառավարիչ Յովինիանուսին (Jovinianus)` Կորդուքն անուանած է «արգաւանդ եւ հարուստ գաւառ»,[13] իսկ Քսէնոֆոնը {Xenophon of Athens (c. 430 – 355/354 BC)}՝[*11] «գինեւէտ երկիր»:[14] Յոյն պատմիչ եւ աշխարհագրագէտ Ստրաբոնը {Strabo (64 or 63 BC – c. 24 AD)} Կորդուքի հայերուն (Գորդիացիներուն) կ’անուանէ «…նշանաւոր ճարտարապետներ եւ պաշարողական գործերու մէջ փորձառու»:[15] Իսկ Քսէնոֆոն կը յայտնէ, որ կարդուխները «…գերազանց նետաձիգներ էին, ունէին համարեայ երեք կանգուն երկարութեանբ աղեղներ եւ աւելի քան երկու կանգուն երկարութեամբ նետեր: Նետը արձակելու ժամանակ անոնք լարը կը քաշէին եւ ձախ ոտքերնին կը դնէին աղեղի վարի մասի ծայրին վրայ: Անոնց արձակած նետերը կը ծակէին վահաններն ու լաջապանակները»:[16]

Փաստօրէն, Արամանեակի որդի Կադմոսէն {Ք. Ա. 2550-ական – 2000-ական թուականներուն (ըստ Եօթանասնից աղիւսակի)} մինչեւ Կուտիական աւելի քան եօթ տասնամեայ աշխարհակալութեան ժամանակաշրջանը (Ք. Ա. 23-22-րդ դարեր), որ կը տարածուէր Էլամէն մինչեւ Ամանոսի (Մայրիներու) լեռները եւ Հայկական լեռնաշխարհի մեծ մասէն մինեւ Պարսից ծոց,[17] Յաբեթոսթյան (հնդեւրոպական) կամ Յաբեթական եւ մասնաւորապէս հայկական՝ Հայկազունեան ու Սէմա-քամական ժողովուրդներու թէ խռովեալ եւ թէ խաղաղ յարաբերութեանց կապը չէ խզուած, եւ այս տարածաշրջանի հնագոյն քաղաքակրթութիւն կերտող ժողովուրդները իրենց հնագոյն պատմութիւնը մեզ աւանդած են աւանդազրոյցներով, աւանդավէպերով, դիւցազնավէպերով ու վիպասքներով:  

Բ- ՏԻՏԱՆԵԱՆ ԲԷԼ, ԲԷԼ (ԲԷԼՈՍ, ԲԱՀԱՂ), ԲԱ’ԱԼ ԵՒ ԲԷԼ (ՊՈՍԷՅԴՈՆԻ ՈՐԴԻՆ)

Յաբեթոսթյան-քամական ամէնէն հնագոյն հայատառ յիշատակութիւնը, Պատմահայր  Մովսէս Խորենացիի եւ Սեբէոսի յիշատակած՝ Հայկի եւ Բէլի պատերազմի աւանդապատումն է, որն աւելի քան 4.500 տարուայ պատմութիւն ունի:

Բէլը պատմագրութեանը յայտնի է իւր աստուածային {Բէլ (Բէլոս, Բահաղ), Bêl (աքքադերէն՝ bēlu) կամ Բաալ, Baal կամ Baʿal} ու հսկաներու սերունդին պատկանող՝ տիտան-տիրակալ բնոյթով: Ան եղած է բաբելոնեան գերագոյն աստուածը, Բաբելոն քաղաքի հովանաւորը։ Անոր պաշտամունքը տարածուած էր Բարեբեր Մահիկի ողջ տարծքով: Ան՝ Բա’ալ յիշատակմամբ ուգարիթեան արձանագրութեանց մէջ յայտնի էր որպէս եղանակի աստուած, որը յատուկ իշխանութիւն ունէր կայծակի, քամիի, անձրեւի եւ պտղաբերութեան նկատմամբ։ Բէլը նոյնացուած է Երեւակ (լատիներէն՝ Saturnus) մոլորակին հետ, ինչպէս Հայկը՝ Օրիոն (լատիներէն՝ Orion), համաստեղութեան հետ: Սակայն մեզ հետաքրքրողը Բէլի մարդկային-տիտանեան բնոյթն է:

Պատմահայր Մովսէս Խորենացին նախքան Հայկի ապստամբութեան եւ Տիտանեան Բէլի դէմ պատերազմի մասին յիշատակելը, Բէլի մասին կը գրէ, որ «…անոր [իմա՝ Բէլին] ժամանակակից էր մեր նախնին՝ Հայկը, շատերը շատ բաներ խառնաշփոթ կը պատմեն, բայց ես կ’ըսեմ, թէ Կռոնոս[*12] կոչուածը եւ Բէլը Նեբրովթն եղած է»:[18] Աստուածաշունչը Նոյի ծոռան՝ Նեբրովթի մասին կը գրէ հետեւեալը՝ «10:6) Քամին որդիները Քուշ, Մեստրեմ, Փութ ու Քանան էին։ 10:7) Քուշին որդիները Սաբա, Եւիլա, Սաբաթա, Ռեգմա ու Սեբեթաքա էին։ Ռեգմային որդիները Սաբա ու Դեդան էին։ 10:8) Քուշ ծնաւ Նեբրովթը. ասիկա սկսաւ երկրի վրայ զօրաւոր ըլլալ։ 10:9) Ասիկա Տէրոջը առջեւ զօրաւոր որսորդ մըն էր. անոր համար կ’ըսուի, Տէրոջը առջեւ Նեբրովթի պէս զօրաւոր որսորդ»։[19]

Այժմ տեսնենք, թէ Խորենացիի յիշատակած Կռոնոսի ժառանգներուն նուիրուած յունական աւանդապատումը ինչպիսի բացայայտումներու առջեւ պիտի դնէ մեզի:    

Յունական դիցաբանութեան հանրագիտարանին մէջ, զորս յայտնի է «Գրադարան»/«Bibliotheca» անուամբ,[*13] Պոսէյդոնի եւ Լիպիայի որդի՝ Բէլի մասին կը կարդանք հետեւեալը՝ «Եգիպտացիներու վրայ թագաւորելով՝ Էպաֆոսը [իմա՝ Զեւսի որդին] ամուսնացաւ Նեղոսի դստեր՝ Մեմֆիսի հետ, քաղաք մը հիմնեց եւ անոր անունով անուանեց Մեմֆիս: Էպաֆոս ունեցաւ դուստր՝ Լիպիան, որու անունով ալ կոչվեցաւ Լիպիոյ շրջանը։ Լիպիան Պոսէյդոնէն ունեցաւ երկու որդի՝ Ագէնորն ու Բէլը։ Ագէնորը մեկնեցաւ Փիւնիկիա եւ թագաւորեց այնտեղ, եւ այնտեղ ան դարձաւ մեծ տոհմի նախահայրը…։ Իսկ Բէլը մնաց Եգիպտոս, թագաւորեց երկրի վրայ. ամուսնացաւ Նեղոսի դստեր՝ Անքինոյի հետ, որմէ ունեցաւ երկորեակ որդիներ՝ Եգիպտոսին և Դանայոսին…։ Դանայոսը բնակեցաւ Լիպիոյ, իսկ Եգիպտոսը՝ Արաբիոյ մէջ:  Եգիպտոսը իրեն ենթարկեց Մելամպոդների երկիրը եւ այն իր անունով անուանեց՝ Եգիպտոս»։[20] Իսկ յոյն պատմիչ Դիոդորոս Սիցիլիացին {Diodorus Siculus or Diodorus of Sicily (90 – 30 BC)} Բէլի մասին կը գրէ՝ «…որ Բէլը Եգիպտոսէն ներգաղթեալներ տարաւ Բաբելոնի նահանգ եւ իր նստավայրը հաստատելով Եփրատ գետի ափին, քուրմեր օծեց եւ համաձայն եգիպտացիներու սովորոյթի, անոնց ազատեց բոլոր պետական ​​հարկերէն ու տուրքերէն»[21]

Սոյն յունական աւանդապատմներով ոչ միայն կը հաստատուի Խորենացիի՝ «Կռոնոսի եւ Բէլի Նեբրովթ ըլլալը», այլեւ Բէլի եթովպացի, այսինքն՝ Քամի ժառանգորդ եւ Քանանի ազգակից ըլլալը {որը նաեւ կը հաստատուի Աստուածաշունչի (Գիրք Ծննդոց՝ 10:6-9) տուեալներով}, որու մասին Պատմահայրը կը գրէ՝ «Եւ ժամանակագիրներէն շատերը Նեբրովթին, որ Բէլն է, եթովպացի եղած ըսելով, համոզեցին մեզի, որ այսպէս ստոյգ է, Նեբրովթը, այսինքն՝ Բէլը, եթովպացի եղած է՝ մենք համոզուեցանք, որ իսկապէս այդպէս եղեր է, (Եթովպիա) Եգիպտոսին սահմանակից ըլլալուն պատճառով»:[22]

Հնագոյն սեպագիր արձանագրութիւնները եւ վերոյիշեալ բոլոր աղբիւները ցոյց կու տան, որ Ք. Ա. III հազարամեակի սկիզբէն եւ նոյնիկ աւելի վաղ Տաւրոսեան լեռնաշղթայի ողջ երկայնքի հիւսիսային ու հարաւային հատուածներով ժողովուրդներու քաղաքակրթութեանց փոխյարաբերութեան ու փոխազդեցութեան մթնոլորտ մը կը տիրէր, իսկ Ք. Ա. III հազարամեակի երկրորդ կէսէն սկսեալ Առաջաւոր Ասիոյ մեծ մասը քամական հոգեւոր եւ աշխարհիկ ազդեցութիւն, ապա եւ Եգէյեան յոյներու առեւտրա-տնտեսական ու մշակութային ներգործութիւն կ’արձանագրէր, եւ այդ իրադրութեան կարեւորագոյն մէկ անդրադարձը, ինչպէս նկատեցիք, հին յունական աւանդապատումներն են, որուն մէկ ցայտուն օրինակը վերոյիշեալ Բէլի (հին յունարէն՝ Βῆλος) երկորեակ եղբօր՝ Ագէնորի (հին յունարէն՝ Ἀγήνωρ) եւ անոր ժառանգներու աւանդազրոյցն է (տես ստորեւ):

Գ- ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Նախորդ ենթավերնագրի Ապոլլոդորոսի ներկայացուցած հին յունական աւանդազրոյցէն պարզ կը դառնայ, որ Բէլն ու անոր երկորեակ եղբայրը՝ Ագէնորը[*14] եգիպտա-յունական (քամա-յաբեթական) ծագում ունին:[*15] Ագէնորը ինչպէս վերը նշած էինք, Եգիպտոսէն մեկնելով Փիւնիկիա, դարձած է Տիւրոսի թագաւոր: Ապոլլոդորոսը կամ «Կեղծ Ապոլլոդորոս»-ը Ագէնորի ժառանգներու մասին կը գրէ հետեւեալը՝ «Ագէնորը ամուսնացաւ Թէլէֆասայի հետ եւ ունեցաւ դուստր՝ Եւրոպան եւ երեք որդի՝ Կադմոսը, Փիւնիկսը եւ Կիլիքսը կամ Կիլիկսը»:[23] Զերծ մնալով յունական դիցաբանութեան դիցազեղ ու հերոսազեղ խառնիճաղանճէն, սակայն վերծանման կարօտ գանձարանէն, նախընտրեցինք բաւարարուիլ սոյն աւանդապատումով, որը պարզապէս հնդեւրոպացիներու վաղնջական անցեալի միասնութեան ու տրոհման եւ Եգէյեան ծովու հարաւ-արեւելեան ափէն մինչեւ Զագրոսեան լեռնաշղթայ երկարող՝ Տաւրոսի լեռնային համակարգի (աւելի քան 1250 քիլոմեթր) հիւսիսային ու հարաւային հատուածներուն շուրջ յառաջացած հնագույն քաղաքակրթութիւններու արձագանքն է:

Ինչպէս նկատեցիք, այս աւանդազրոյցին համաձայն մինչեւ Ագէնորի փիւնիկեան Տիւրոս քաղաքի թագաւոր դառնալը քամա-եգիպտական շերտն է որ կը գերիշխէ:[*16] Անշուշտ նոյնն է պարագան նաեւ Տիւրոսի թագուհի Թէլէֆասայի հետ կապուած, որու մասին հին յունական գաւառական կամ հովուերգու բանաստեղծ Մոսխուսը {Moschus (հին յունարէն՝ Μόσχος, Ք. Ա. II-րդ դար)} կը գրէ հետեւեալը՝ «Երկիր-Թափահարողը [իմա՝ Պոսէյդոնը] անոր [իմա՝ Լիպիային] տարաւ իր անկողինը, եւ Լիպիան ծնեց գեղանի Թէլէֆասային»:[24] Փաստօրէն այս աւանդազրոյցին համաձայն Թէլէֆասան ոչ թէ միայն քամա-եգիպտական ծագում ունէր, ալեւ Ագէնորի քոյրն էր: Ագէնորէն ու Թէլէֆասայէն ետք, բոլորովին նոր ու բազմաճիւղ մէկ այլ շերտ մը կ’առաջանայ եւ կամայ թէ ակամայ տեղիք կու տայ, որ քննութենէ անցնենք այդ շերտի չափազանց իւրայատուկ ու կարեւոր բաղադրիչները՝ Եւրոպան, Կադմոսը, Փիւնիկսը եւ Կիլիքսը կամ Կիլիկսը: 

◊ Եւրոպա.  «Կեղծ Ապոլլոդորոս»-ն Ագէնորի ու Թէլէֆասայի դուստր՝ Եւրոպայի ճակատագրի մասին չափազանց իւրայատուկ ու կարեւոր մէկ աւանդապատում մը կը ներկայացնէ, գրելով՝ «Զեւսը անոր [Եւրոպային] սիրեց, եւ վերածուելով ընտելացուած ցուլի, անոր նստեցուց իր մէջքին եւ ծովու միջով տարաւ Կրետէ։ Այնտեղ Զեւսը պառկեցաւ անոր հետ, եւ ան ծնեց Մինոսին, Սարպեդոնին և Ռադամանթիսին…»:[25] Այս աւանդապատման մէջ նկատելի է դիցաբանական ու աշխարհագրական մի քանի շերտ՝ Զեւսի կերպարով՝ քամա-արեւմտասէմա-յաբեթոստեան ցեղերու տրոհման նախատիպ՝ Եւրոպայի մերձակցութեամբ, նախքան Զեւսի Ողիմպիական աստուածներու թագաւոր հաստատուիլը (Ք. Ա. մօտաւորապէս 500-ական թուականներ). Զեւսի սպիտակ ցուլի վերածման խորհուրդը, որպէս տրոհման միջոց եւ երկնային գործօնի առկայութիւն. Եւրոպայի առաջին քաղաքակրթության ու պրոնզի դարու իւրայատուկ մշակոյթի՝ Մինոյեան քաղաքակրթության[*17] օրրան՝ Կրետէի (Κρήτη) խոյացում. Առաջաւոր Ասիական եւ մասնաւորապէս Փոքր Ասիական ցուլի պաշտամունքի հնագոյն հետքեր եւ միհրականութեան երկնային աղերսի հաստատում. յունական դիցարանի գերակայութեան նախատիպ…:

Ճիշտ է, որ Զեւսին կողմէ Եւրոպային տիրացման ժամանակ ցամաքային տարածք չէ օգտագործուած, սակայն սպիտակ ցուլի կերպարը ակամայ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի ցուլապաշտական տարածքներ ու միհրականութեան օրրան՝ Հայկական Լեռնաշխարհ, ուրկէ եւ Մինոյեան քաղաքակրթության օրրան՝ Կրետէ կղզի: Ցուլը կամ եզը հայոց մշակոյթին մէջ խորհրդանշած է արեւի, ինչպէս նաեւ ուժի, յաղթանակի, հզօրութեան գաղափարները, որոնց վառ օրինակներուն կը հանդիպինք Ուխտասարի ժայռապատկերներուն (Ք. Ա. 5-էն 4-րդ հազարամեակներ) եւ Հայաստանի տարածքով սփռուած մեգալիթեան քարակոթողներուն կամ մեգալիթեան կառոյցներուն {Megalithic monuments (հին յունարէն՝ μέγας – մեծ, λίθος – քար)}՝[*18] վիշապաքարերուն վրայ (Ք. Ա. 10 հազար թուականէն մինչեւ առաջին հազարամեակի սկիզբ): Ցուլի աղերսը վառ ձեւով արտայայտուած էր նաեւ միհրականութեան {հիմնուած էր Միհր դիցի (արեւի աստծոյ) պաշտամունքի վրայ} մէջ, զորս զրադաշտականութեան ծագումէն {Zoroastrianism, also called Mazdayasna and Behdin (c. mid-6th century BCE)} առնուազն չորս հազար տարի առաջ (այսինքն՝ մեզմէ շուրջ 6600 տարի առաջ) Հայկական Լեռնաշխարհի սահմաններէն դուրս գալով մեծ տարածում ունեցած էր:[*19] Ի տարբերութիւն Մինոյեան քաղաքակրթութեան անյայտ դիցարանէն, Մինոյեան նշանաւոր սրբազան խորհրդանիշներէն՝ ցուլէն, օծման եղջիւրներէն ու ցլամարտի ծէսերէն, 1-4-րդ դարերու Հռովմէական կայսրութեան բոլոր տաճարներուն մէջ յայտնուած «տաւրոգթոնիա» (“tauroctony”) արուեստի գործերուն մէջ Միհրի (Միթրայի) ցուլամարտը կամ ցուլասպանութեան ծէսը աստղագիտութեան մէջ ունի իր գիտական բացատրութիւնը՝ աստղագիտութեան արեւը ընթանալով  տարբեր համստեղութիւններու մէջէն, ամրան կէսին կը հասնի ցուլի համաստեղութեան մէջտեղը, ճիշտ այնպէս, ինչպէս դիցաբանութեան մէջ Միթրան ցուլին մէջտեղէն կը կիսէ։ Իսկ հազարամեակներ ետք, հայկական դիցաբանութեան մէջ կը հանդիպինք ցուլի եւ Արշակունի թագաւորական տոհմի կնոջ միջեւ տեղի ունեցած տարօրինակ յարաբերութեան մասին, որմէ կը ծնանին Երուանդն ու Երուազը:[26] Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի Հայոց Երուանդունիներու արքայատոհմի վերջին ներկայացուցիչ Երուանդ Դ-ին կամ Երուանդ Դ. Շինարար արքային (գահակալած է Ք. Ա. 220-201 թուականներուն) եւ անոր եղբօր՝ հայոց քրմապետ Երուազին:

Կադմոս, Փիւնիկս եւ Կիլիկս. «Կեղծ Ապոլլոդորոս»-ը շարունակելով աւանդազրոյցը կը գրէ՝ «Եւրոպայի անհետանալէն ետք, անոր հայրը՝ Ագէնորը, իր որդիներուն կը ղրկէ անոր փնտրելու՝ ըսելով, չվերադառնան, մինչեւ որ գտնեն Եւրոպային։ Անոնց հետն էր անոր մայրը՝ Թէլէֆասան, և Թասոսը՝ Պոսէդոնի, կամ ըստ Ֆէրէկիդէսի՝[*20] Կիլիկսի որդին, որոնք գացին անոր փնտրելու։ Բայց երբ մանրակրկիտ որոնումներէ ետք անոնք չկրցան գտնել Եւրոպային, հրաժարեցան տուն վերադառնալու մտքէն եւ բնակութիւն հաստատեցին տարբեր վայրերու մէջ։ Փիւնիկսը կը հաստատուի Փիւնիկիոյ մէջ, Կիլիկսը՝ Փիւնիկիոյ մօտ, եւ Պիրամոս գետի մոտ գտնուող ամբողջ երկիրը կ’անուանէ Կիլիկիա, իսկ Կադմոսն[*21] ու Թէլէֆասան բնակութիւն կը հաստատեն Թրակիոյ մէջ, եւ Թասոսը Թրակիայէն ոչ հեռու գտնուող կղզիի մը մէջ կը հիմնադրէ Թասոս քաղաքը եւ այնտեղ ալ կը բնակի»։[27] Ահաւասիկ յունական երանգ առած հնագոյն աւանդապատում մը, ուր յստակօրէն ցոյց կը տրուի մասնաւորապէս Կադմեայ տունէն {արամէացիք եւ Աստուածաշունչի հին ասորական ու հին արաբական թարգամանիչները «Տուն Կադմեայ» կամ «Կորդուք» անուանումը գործածած են «Հայաստան» անուան փոխարէն՝ «Կարդու» կամ «Քարդու» ձեւերով} հնդեւրոպացիներու տրոհման նախատիպը, զորս ոչ թէ միայն կը հաստատուի մարդաբանական ու ժառանգականական ուսումնասիրութեանց արդիւնքներով, այլեւ կը վանէ հայ ժողովուրդի ծագման մասին հին յունական դիւրիմացութիւնը, ինչպէս նաեւ հետագային գիտական շրջանակներէն ներս շրջանարուող հայոց եկուորութեան տեսութիւնը:

Դ- ՄԱՐԴԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԺԱՌԱՆԳԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Համեմատական ​​լեզուաբանութեան հայր՝ Սըր Ուիլիըմ Ճոնսէն {Sir William Jones (1746 – 1794)} աւելի քան 1,700 տարի առաջ, յոյն պատմիչ եւ աշխարհագրագէտ Ստրաբոնը {Strabo (յունարէն՝ Στράβων, 64 or 63 BC – c. 24 AD)} շատ իւրայատուկ եւ միաժամանակ տարօրինակ տեղեկութիւն մը կը յայտնէ մեզի, գրելով՝ «Հայոց, Ասորիներու եւ Արաբներու ժողովուրդը մեծ ցեղակցութիւն ցոյց կու տայ՝ լեզուի, կեանքի եւ մարմնի նկարագրի կողմէ, անշուշտ որովհետեւ իրար հարեւան են: Յատկապէս Միջագետքի մէջ, որ այս երեք ժողովուրդներէն բաղկացած է, նմանութիւնը աւելի շատ կ’երեւի անոնց մէջ: … Ինչպէս նաեւ, ասորիները, արիացիները եւ արամէացիները որոշակի նմանութիւն ունին թէ վերը նշուածներու, եւ թէ միմեանց հետ»:[28] Ստրաբոն եթէ այսօր ապրած ըլլար արդեօք պիտի ապշէ՞ր, տեսնելով իր վերոյիշեալ տողերուն ճշմարտացիութեան հաստատումը ժամանակակից գիտութեանց կողմէ:

1889 թուականը շրջադարձային եղաւ մարդաբանական գիտութեան համար, երբ աւստրիացի բժիշկ, մարդաբան, հետախոյզ, հնագէտ եւ ազգագրագէտ Ֆելիքս Ռիթըր ֆոն Լուշանն {Felix Ritter von Luschan ( 1854–1924)} առաջին անգամ օգտագործեց Արմենոիտ (Armenoid race կամ Armenoid type) եզրոյթը, որպէս մարդաբանական տեսակի եզրոյթ:[*22] Այս առումով Լուշան շատ կարեւոր հետեւութիւն ընելով կը գրէ՝ «…որ Փոքր Ասիոյ մեծ մասի համար կարելի է ենթադրել լիովին միատարր սկզբնական բնակչութիւն, որը մինչ օրս Հայաստանի մէջ պահպանուած է հոծ թիւով, եւ որու մնացորդները կարելի է գտնել նաեւ երկրի միւս մասերուն մէջ, մասնաւորապէս թիւրքերու եւ մահմետական աղանդներու, ինչպէս նաեւ յոյներու շրջաններուն մէջ»:[29] Մէկ խօսքով, ըստ Լուշանի փաստարկներուն Փոքր Ասիոյ տարածքը միատարր Արմենոիտ մարդաբանական տեսակով բնակեցուած տարածք մըն է: Ամերիկացի մարդաբան՝ Քարլթոն Սթիւընս Գունը {Carleton Stevens Coon (1904–1981)} ընդարձակելով Արմենոիտ մարդաբանական տեսակի սահմաններն ու կարճագանկային ժողովուրդներու (brachycephalic peoples) ընդհանուր խումբէն բացառելով օսմանցի թիւրքերուն կը գրէ, որ «Մարմնական մարդաբանները շատոնց կ’ենթադրէին, որ Առաջաւոր Ասիոյ կարճագանկութեան անարատ տեսակը կը գտնուի հայոց մօտ: Արմենոիտ ցեղային եզրոյթը անուանուած է անոնց շնորհիւ»:[30] Եւ իրօք ժամանակակից յոյներու, ասորիներու, քիւրտերու, վրացիներու, տիւրզներու եւ եզտիներու մէկ մասը իրենց մարդաբանական տեսակով կը պատկանին Արմենոիտ ցեղին,[*23] իսկ «…շիճուկաբանական [serological] ապացոյցները ցոյց կու տան, որ հրեաները կրօն են, այլ ոչ թէ ցեղ [race]»։[31] ժառանգականական ուսումնասիրութիւնները բացի անկէ, որ ցոյց կու տան, որ հնդեւրոպախօսներու նախահայրենիքը եղած է Հայկական լեռնաշխարհն ու Պարսկական սարահարթը,[32] նաեւ առաւել ճշգրիտութեամբ կը հաստատեն, որ «…հայերը կը կազմեն առանձնայատուկ բոյլ մը, որ սահմանակից է եւրոպացիներուն, մերձաւորարեւելքցիներուն եւ կովկասեան բնակչութեանց: Աւելի ճշգրիտ, հայերը մօտ են (1) Եւրոպայէն՝ սպանացիներուն, իտալացիներուն եւ ռումինացիներուն, (2) Մերձաւոր Արեւելքէն՝ լիբանանցիներուն, տիւրզիներուն եւ կիպրացիներուն, եւ (3) Կովկասէն՝ վրացիներուն եւ աբխազներուն»:[33] Փաստօրէն, Առաջաւոր Ասիոյ մերօրեայ կրօնա-քաղաքական խճանկարի իւրաքանչիւր խիճ ունի Արմենոիտ ցեղի հազարամեայ հոգեւոր ու մարմնաւոր շաղախը…: 

ԵԶՐԱՅԱՆԳՈՒՄ

Հնագոյն հայկական եւ յունական աւանդապատումները՝ Կադմոսի կերպարով, ժամանակակից հնագիտա-մարդաբանական եւ ծագումնա-ժառանգական գիտութիւնները կ’ապացուցեն, որ նոյնիսկ Նոր քարի դարէն (Ք. Ա. 10.000- 5.500 թուականներ) սկսեալ Տաւրոսեան լեռնաշղթայի ողջ երկայնքի հիւսիսային ու հարաւային հատուածներով ժողովուրդներու քաղաքակրթութեանց փոխյարաբերութեան ու փոխազդեցութեան մթնոլորտ մը տիրած էր, ուր իր մարդաբանական տեսակի կնիքը ձգած էր Աեմենոիտ (Armenoid race or Armenoid type) տիպը, զորս առ այսօր ցայտուն կերպով դրսեւորուած է մասնաւորապէս Առաջաւոր Ասիոյ տարածքէն ներս, ժամանակակից՝ յոյներու, ասորիներու, քիւրտերու, վրացիներու, տիւրզներու եւ եզտիներու մէկ մասին մօտ: Ուստի երբէք պատահական չէր, որ Արտաշէսեան արքայատոհմի երեւելի ու հզօր ներկայացուցիչ՝ Տիգրան Բ. կամ Մեծն Տիգրան (Ք․ Ա․ 95-55 թուականներ) արքան, իր աշխարհակալութան սահմաններուն մէջ ընդգրկէր մասնաւորապէս վերոյիշեալ այն տարածքներն, ուր կշիռ կը կազմէին Արմենոիտ մարդաբանական տիպի ներկայացուցիչները:

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

[1]- Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, Գիրք Առաջին (Ժ), էջ 86:

[2]- Գէորգ Բ. Ջահուկեան, Հայոց լեզուի պատմութիւն՝ նախագրային ժամանակաշրջան, Երեւան, 1987, էջ 76:

[3]- https://etcsl.orinst.ox.ac.uk/section2/tr215.htm.

[4]- Marc Van De Mieroop, A History of the Ancient Near East ca. 3000 – 323 BC, second edition, Blackwell Publishing, Hoboken, New Jersey, 2007, page 71.

[5]- Գագիկ Յարութիւնեան եւ այլք…, Մեր յաղթանակները, Հատոր Ա, Երեւան, 2008, էջ 34-35 {Կուտիական արշաւանքներն Աքադի դէմ (Ք.Ա. XXIII-XXII դարեր) խորագիրը, տես՝ էջ 32-38}:

[6]- Նոյնը՝ Գագիկ Յարութիւնեան եւ այլք…, էջ 35:

[7]- Արտակ Ե. Մովսիսեան, Բարեպաշտ արքաների աշխարհակալութիւնը…, Երեւան, 1997, էջ 13-15:

[8]- Անանիա Շիրակացի, Մատենագրութիւն (Աշխարհացոյց), Երեւան, 1979, էջ 294: Սուրէն Տ. Երեմեան, Հայաստանը ըստ «Աշխարհացոյց»-ի…, Երեւան, 1963, էջ 109:

[9]- Սուրէն Տ. Երեմեան, Հայաստանը ըստ «Աշխարհացոյց»-ի…, Երեւան, 1963, էջ 60: Բաբգէն Յ. Յարութիւնեան, Մեծ Հայքի վարչա-քաղաքական բաժանման համակարգն ըստ «Աշխարհացոյց»-ի (արեւմտեան եւ հարաւային աշխարհներ), Մաս Ա, Երեւան, 2001, էջ 276:

[10]- Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, Գիրք Առաջին (ԺԴ), էջ 95:

[11]- Նիկողայոս Ադոնց, Հայաստանը Յուստինիանոսի դարաշրջանում՝ քաղաքական կացութիւնը ըստ նախարարական կարգերի, Երեւան, 1987, էջ 281-283:

[12]- Հ. Ղեւոնդ Վ. Մ. Ալիշան, Այրարատ՝ բնաշխարհ Հայաստանեայց, Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1890, ներդիր՝ էջ 424-425-ի միջեւ:

[13]- Ammianus Marcellinus, The Roman History (Translated by C. D. Yonge), London, 1902, pages 321 and 393.

[14]- Քսէնոֆոն, Անաբասիս (թարմանութիւնը՝ Սիմոն Կրկիաշարեանի), Երեւան, 1970, Գիրք Չորրորդ, էջ 88: Xenophon, The Anabasis (Translated by Edward Spelman), New York, 1839, page 149.

[15]- Ստրաբոն, Աշխարհագրութիւն (Ստրաբոնը Հայաստանի եւ հայերի մասին), թարգմանութիւնը՝ Հրաչեայ Աճառեանի, Երեւան, 2011, էջ 80: The Geography of Strabo, Translated by Horace Leonard Jones, Volume VII, Book XVI, I. 22-24, London-New York, 1930, page 231.

[16]- Քսէնոֆոն, Անաբասիս (թարմանութիւնը՝ Սիմոն Կրկիաշարեանի), Երեւան, 1970, Գիրք Չորրորդ, էջ 88: Xenophon, The Anabasis (Translated by Edward Spelman), New York, 1839, page 150.

[17]- Արտակ Ե. Մովսիսեան, Բարեպաշտ արքաների աշխարհակալութիւնը…, Երեւան, 1997, էջ 17-21:  

[18]- Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, Գիրք Առաջին (Է), էջ 82:

[19]- Աստուածաշունչ՝ գիրք հին եւ նոր կտակարանաց, Գիրք Ծննդոց՝ 10:6-9, Կոստանդնուպոլոս, 1911, էջ 9:

[20]- Apollodorus, The Library (Translated by Sir James George Frazer), Book II (I. 4), London-New York, 1921, pages 135 and 137. Տես նաեւ՝ https://www.perseus.tufts.edu/hopper/text?doc=Apollod.+2.1.4&fromdoc=Perseus:text:1999.01.0022:book=0:chapter=0&highlight=Belus.

[21]- Diodorus the Sicilian, The Historical Library (Translated by George Booth), Book I, Chapter III, London, 1700, page 13.

[22]- Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, Գիրք Առաջին (Ե), էջ 77:

[23]- Apollodorus, The Library (Translated by Sir James George Frazer), Book III (I. I), London-New York, 1921, page 297.

[24]- Տես՝ https://www.theoi.com/Text/Moschus.html#2. The Complete Works of Moschus and Bion, Delphi Classics, II. Europa, United Kingdom (Delphi Publishing Ltd, 2024), page 14 (e-book).

[25]- Apollodorus, The Library (Translated by Sir James George Frazer), Book III (I. I), London-New York, 1921, page 299. Տես նաեւ՝ The Greek Bucolic Poets (Translated by J. M. Edmonds), III. The Poems of Moschus, II.-Europa, London-New York, 1919, pp. 437-441.

[26]- Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, Գիրք Երկրորդ (ԼԷ), էջ 172: Виталий Дмитриевич Гладкий, Древний мир. Энциклопедический словарь в 2-х томах, Центрполиграф, 1998 г., стр. 361 (e-book) / Վիթալի Տմիթրիեւիչ Կլատքի, Հին աշխարհ՝ Հանրագիտարանային բառարան 2 հատորով, Ցենտրփոլիկրաֆ, 1998, էջ 361 (Ելեկտրոնային գիրք՝ ռուսերէն):

[27]- Apollodorus, The Library (Translated by Sir James George Frazer), Book III (I. I), London-New York, 1921, pages 299 and 301.

[28]- The Geography of Strabo, Translated by Horace Leonard Jones, Volume I, Book I, II. 34, London-New York, 1917, page 153. Տես նաեւ՝ http://penelope.uchicago.edu/Thayer/e/roman/texts/strabo/1b2*.html.

[29]- Eugen Petersen und Felix von Luschan, Reisen in Lykien, Milyas und Kibyratis, Wien, 1889, Band II, seite 212 / Եուկէն Փետէրսըն եւ Ֆելիքս ֆոն Լուշան, Ճանապարհորդութիւն դէպի Լիկիա, Միլիաս եւ Քիպիրաթիս, Վիեննա, 1889, հատոր Բ, էջ 212 (գերմաներէն):

[30]- Carleton Stevens Coon, The Races of Europe, New York, 1939, page 625.

[31]- Review: An Introduction to the Anthropology of the Near East by Cornelius Ubbo Ariëns Kappers, American Anthropologist, 37(35), page 150 by Wilton Marion Krogman.

[32]- David Reich, Who We Are and How We Got Here, Oxford University Press, 2018, page 120.

[33]- Marc Haber and others…, Genetic Evidence for an Origin of the Armenians from Bronze Age Mixing of Multiple Populations, European Journal of Human Genetics, 2015, pp. 1-6.

ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

[*1]- Պատմահայրը` «Հայկի ապստամբութեան, պատերազմի եւ Բէլի մահուան մասին» պատումի նիւթը առած է ասորի պատմագիր եւ փիլիսոփայ՝ Մար Աբաս Կատինայի {նաեւ Մար Աբաս Մծուրնացի, Մարաբա Մծուրնացի (ասորերէն՝ Mār Awā Qațțīnā (Ք. Ա. 3-րդ դար)} մատեանէն: Հայ պատմիչ, հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս՝ Սեբէոսը կամ Սեբիոսը {նաեւ Սեբէոս եպիսկոպոս Բագրատունի (6-րդ դար – 7-րդ դար)} անոր անուանած է «Մարաբայ փիլիսոփայ Մծուրնացի»: {Մար Աբաս Կատինայի մասին, տես՝ Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, Գիրք Առաջին (Ը եւ Թ), էջ 82-84: Տես նաեւ՝ Սեբէոս, Պատմութիւն, (արեւելահայերէնի վերածումը, առաջաբանն ու ծանօթագրութիւնները՝ Գուրգէն Կ. Խաչատրեանի եւ Վանօ Ա. Եղիազարեանի), Երեւան, 2005, Գլուխ Ա, էջ 5: Նաեւ՝ Հրաչեայ Աճառեան, Հայոց անձնանունների բառարան, Հատոր Ա, Երեւան, 1942, Ցուցակ Ա, Էջ 1 (Աբա)}:

[*2]- Արամանեակը ըստ պատմահօր եղած է Հայկ նահապետի որդին: Ան հօրը մահէն ետք ստանցնելով Հայկազունեան առաջնորդութիւնը, իր եղբայրներուն՝ Խոռին և Մանաւազին, ինչպէս նաեւ Մանաւազի որդւոյն՝ Բազին, ձգելով Հարքի մէջ, իր գերդաստանն առնելով կը չուի հիւսիս-արեւելք, կը բնակի բարձր լեռներով ու գետերով շրջապատուած արգաւանդ դաշտավայրի մը մէջ։ Պաշտամունքի կարգը կատարելու համար, ան կը բարձրանայ սարերէն մէկը, որն ըստ աւանդութեան, անոր անունով կը կոչուի Արագած, իսկ կալուածքը՝ Արագածոտն։

[*3]- Միքայէլ Չամչեանցի (1738-1823) կազմած՝ ժամանակագրաց ու Եօթանասնից աղիւսակներու հիման վրայ փորձեցինք մօտաւորապէս որոշել Արամանեակի որդւոյն՝ Կադմոսի ապրած ժամանակաշրջանը:

Ըստ ժամանակագրաց աղիւսակի, Հայկը ծնած է՝ Ք. Ա. 2273 թուականին, տիրած է՝ Ք. Ա. 2107 թուականին եւ մահացած է՝ Ք. Ա. 2027 թուականին:

Ըստ Եօթանասնից աղիւսակի՝ Հայկը ծնած է՝ Ք. Ա. 2666 թուականին, տիրած է՝ Ք. Ա. 2346 թուականին եւ մահացած է՝ Ք. Ա. 2265 թուականին:

Ըստ ժամանակագրաց աղիւսակի, Արամանեակը տիրած է՝ Ք. Ա. 2026 թուականին եւ ըստ Եօթանասնից աղիւսակի, տիրած է՝ Ք. Ա. 2265 թուականին:

Ուտի Արամանեակի որդին՝ Կադմոսը, ապրած պիտի ըլլար Հայկ նահապետի ծնունդեան ու մահուան միջեւ ինչ-որ ժամանակ մը եւ Արամայիսի ծննդեան ու տիրակալման միջեւ ժամանակաշրջանին, այսինքն՝ ըստ ժամանակագրաց աղիւսակի, Կադմոս ապրած պիտի ըլլար՝ Ք. Ա. 2200-ական – 1900-ական թուականներուն, իսկ ըստ Եօթանասնից աղիւսակի՝ Ք. Ա. 2550-ական – 2000-ական թուականներուն:

[*4]- Հայ երեւելի լեզուագէտ Գէորգ Բ. Ջահուկեան կը գրէ, որ «…հնդեւրոպական միասնութեան տրոհումը երկարատեւ եղած է՝ ընդգրկելով թերեւս մէկ հազարամեակէն աւելի ժամանակաշրջան»: Ան խիստ վերապահօրէն մօտենալով հնդեւրոպական ժողովուրդներու միասնութեան լիակատար տրոհման ժամանակաշրջանի (Ք. Ա. III հազարամեակի կէսերուն) ընդունուած ու տիրող կարծիքին հետ, կը յայտնէ, որ միայն որոշ աւելի վաղ առանձնացած լեզուներու համար ակնյայտ է այդ՝ «…ինչպէս՝ Ք. Ա. III հազարամեակին, հնդեւրոպական շարք մը լեզուներ՝ խեթա-լուվականը, արիականը, հայկականը, յունականը առանձնացած եղած են»: (Տես՝ Գէորգ Բ. Ջահուկեան, Հայոց լեզուի պատմութիւն՝ նախագրային ժամանակաշրջան, Երեւան, 1987, էջ 76-78):

[*5]- Աքքադական Շար-կալի-շառի (Shar-Kali-Sharri) արքայի եւ անոր նախորդներուն գահակալութեան թուականները վերցուցած ենք հետեւեալ աղբիւրներէն՝  Edited by Daniel T. Potts, A Companion to the Archaeology of the Ancient Near East, Volumes 1-2, Blackwell Publishing, 2012, page 650, ինչպէս նաեւ՝ https://en.wikipedia.org/wiki/Akkadian_Empire.

[*6]- Կուտիներու հայրենիքի՝ Կուտիումի (Gutium) տեղորոշման մասին մասնագէտներու մօտ եղած են տարբեր տեսակէտներ: Ոմանք այն տեղադրած են Կորդուաց լեռներու շրջանին, ոմանք ալ՝ Տիգրիսի, Փոքր Զաբ, Դիալա գետերու եւ Սիւլէյմանիէի լեռներու քառանկեան տարածքին, այլք՝ Զագրոսեան լեռներու եւ ուրիշներ՝ Զագրոսի հարաւային շրջաններու, Ուրմիոյ լիճի աւազանի եւ Կորդուաց լեռներու մէջ: (Տես՝ Արտակ Ե. Մովսիսեան, Բարեպաշտ արքաների աշխարհակալութիւնը…, Երեւան, 1997, էջ 3-4):

[*7]- Անանիա Շիրակացին կը հաղորդէ, որ Կորդուք գաւառի մէջ եւ Ասորեստանի սահմանին մօտ կը գտնուի՝ Թմանը: Թիմանը գիւղ է եւ կը գտնուի Մասիուս {Ճուտի (արեւելահայերէն՝ Ջուդի)} լերան հարաւային ստորոտին: Ըստ տեղական աւանդութեան Նոյի տապանը կանգ առած է Մասիուսի գագաթին եւ անոր աղխէն ութը հոգի իջնելով տապանէն բնակութիւն հաստատած են լերան ստորոտին՝ Թման գիւղին մէջ, որ ասորերէնով կը նշանակէ՝ ութի գիւղ {թիւ ութը ասորերէնով (իգական)՝ արեւելա-ասորերէն՝ ܬܡܵܢܹܐ (« tma: né), արեւմտա-ասորերէն՝ ܬܡܳܢܶܐ (tmone) եւ թիւ ութը ասորերէնով (արական)՝ արեւելա-ասորերէն՝ ܬܡܵܢܝܵܐ (« tma: nia:), արեւմտա-ասորերէն՝ ܬܡܳܢܝܳܐ (tmonyo)}: (Տես՝ Անանիա Շիրակացի, Մատենագրութիւն (Աշխարհացոյց), Երեւան, 1979, էջ 294: Տես նաեւ՝ Սուրէն Տ. Երեմեան, Հայաստանը ըստ «Աշխարհացոյց»-ի…, Երեւան, 1963, էջ 53 եւ 109: Ինչպէս նաեւ՝ Հայնրիխ Հիւբշման, Հին հայոց տեղւոյ անունները…, Վիեննա, 1907, էջ 202-203: Նաեւ՝ Թադեւոս Խ. Յակոբեան, Ստեփան Տ. Մելիք-Բախշեան եւ Յովհաննէս Խ. Բարսեղեան, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, Հատոր 2, Երեւան, 1986, էջ 459: Նաեւ՝ http://sargonsays.com/word/eight):

[*8]- Միքայէլ Չամչեանցի (1738-1823) համաձայն հայոց Արամ նահապետն իշխած է՝ Ք. Ա. 1827-1769 թուականներուն: Պատմահայր Մովսէս Խորենացին Հայկեան Արամ նահապետի մասին կը գրէ հետեւեալը՝ «Արամի մասին կը պատմեն, թէ յաղթական պատերազմներուն մէջ շատ քաջագործութիւններ կատարած է եւ ընդարձակած է Հայաստանի սահմանները բոլոր կողմերէն, որուն անունով ալ բոլոր ազգերը կը կոչեն մեր երկիրը, ինչպէս յոյները՝ Արմէն, իսկ պարսիկներն ու ասորիները՝ Արմէնիկ»: {Տես՝ Միքայէլ Չամչեանց, Պատմութիւն Հայոց (Ի սկզբանէ աշխարհի մինչեւ ցամ Տեառն 1784), Հատոր Գ, Վենէտիկ, 1786, Աղիւսակք՝ էջ 26։ Տես նաեւ՝ Հրաչեայ Աճառեան, Հայոց անձնանունների բառարան, Հատոր Ա, Երեւան, 1942, Էջ 266: Ինչպէս նաեւ՝ Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց, Երեւան, 1968, Գիրք Առաջին (ԺԲ), էջ 93 [առաւել մանրամասներու համար, Գիրք Առաջին (ԺԳ-ԺԴ), էջ 93-97]: Նաեւ՝ https://www.meronq.com/archive/index.php/t-4324.html}:

[*9]- Զօրանամակը արքունի կարեւոր փաստաթուղթ է, ուր կը նշուի Մեծ Հայքի նախարարական տուներու ռազմական ուժերու քանակի ու դասակարգման մասին: Այն Մեծ Հայքի մէջ գործադրուած է մինչեւ հայոց Արշակունեաց արքայատան անկումը (IV դարու վերջ – V դարու սկիզբ)։ Կազմուած է քառաբաժին բոլորակ աղիւսակի ձեւով՝ ըստ Մեծ Հայքի չորս կուսակալ զօրավարութիւններու (Հիւսիսային, Հարաւային, Արեւելեան եւ Արեւմտեան դուռերու)։ Այդ յոյժ կարեւոր պետական վաւերագիրը կամ ուրոյն հրովարտակը յայտնաբերած է պատմաբան, հնագէտ, մատենագէտ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս եւ Երեւանի թեմի առաջնորդ՝ Յովհաննէս Եպս. Շահխաթունեանցը (1799-1849), Ս. Էջմիածնոյ կաթողիկոսարանի մատենադարանի ձեռագրի մը մէջէն, երբ ան Էջմիածնոյ տպարանի կառավարիչն էր: Գրչուհի Տիրամօր կողմէ ընդօրինակուած եւ Անանիա Շիրակացիի անունը կրող ժամանակագրութեան կցուած այդ արժէքաւոր ձեռագիրը յետագային վերահրատարակած է Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը, ապա եւ բնագրի ընթերցումը կատարած է Նիկողայոս Ադոնցը: {Տես՝ Յովհաննէս Եպս. Շահխաթունեանց, Ստորագրութիւն Կաթուղիկէ Էջմիածնի եւ հինգ գաւառացն Արարատայ, Հատոր Բ, Վաղարշապատ – Ս. Էջմիածին, 1842, ներդիր՝ էջ 58-էն ետք: Տես նաեւ՝ Ալեքսան Յակոբեան, «Գահնամակ ազատաց եւ տանուտէրանց հայոց» Հետազօտութիւն եւ բնագիր, Երեւան, 2011, Հատոր՝ XXVIII, էջ 28}:

[*10]- Գահնամակը պետական կարևոր հրովարտակ, վաւերագիր-ցուցակ է, ուր կը նշուին նախարարական տուներն ու անոնց զբաղեցուցած դիրքերը՝ ըստ իրենց տնտեսական ու ռազմական հզօրութեան: Պատմահայր Մովսէս Խորենացին սոյն հրովարտակի հիմնադիր կը համարէ Հայոց աւանդական թագաւոր՝ Վաղարշակ Ա-ին (գահակալած է՝ Ք. Ա. 247-225): Այն մեզ հասած տեսքով յայտնաբերած է հայոց Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը՝ 424 թուականի Դեկտեմբերի 25-ին, պարսից արքունի դիւանէն։ Նախարարական գահակալութիւնը գործած է Արշակունիներու թագաւորութեան ողջ ժամանակաշրջանին (1-5-րդ դարեր)։ Այն շարունակուած է նաեւ մարզպանական ժամանակներուն (5-7-րդ դարեր)՝ Սասանեան թագաւորներու գերագահութեան ներքոյ։

[*11]- Հին յոյն գրող, պատմիչ, զօրավար եւ քաղաքական գործիչ Քսէնոֆոնը երիտասարդ տարիներուն մասնակցած է Փոքր Ասիոյ սատրապ Կիւրոս Կրտսերի կողմէ իր աւագ եղբօր՝ Աքէմէնեան Պարսկաստանի Արտաքսէրքսէս Բ. թագաւորի դէմ կատարած արշաւանքին, որ տեղի ունեցած է Ք. Ա. 401-400 թուականներուն։ Կունակսայի անյաջող ճակատամարտէն եւ Կիւրոս Կրտսերի սպանութենէն ետք, հայրենիք վերադարձին յունական տասը հազարնոց բանակը եօթնօրեայ կռիւներով անցած է կարդուխներու լեռնային անառիկ երկրէն՝ Կորդուքէն, ուր ան ամփոփ ձեւով անդրադարձած է կարդուխներու տնային իրերու, պաշարներու եւ մարտունակութեան մասին: {Տես՝ Քսէնոֆոն, Անաբասիս (թարմանութիւնը՝ Սիմոն Կրկիաշարեանի), Երեւան, 1970, Գիրք Չորրորդ, էջ 82-89: Տես նաեւ՝ Բաբգէն Յ. Յարութիւնեան, Մեծ Հայքի վարչա-քաղաքական բաժանման համակարգն ըստ «Աշխարհացոյց»-ի (արեւմտեան եւ հարաւային աշխարհներ), Մաս Ա, Երեւան, 2001, էջ 273}:

[*12]- Կռոնոսը կամ Կրոնոսը (անգլերէն՝ Cronus, յունարէն՝ Κρόνος) եղած է Գէայի (Երկիր) եւ Ուրանոսի (Երկնք) որդին եւ տիտաններէն կրտսերն ու առաջնորդը: Ան Հադէսի, Զեւսի եւ Պոսէյդոնի …(Hades, Zeus and Poseidon…) հայրն էր։ Յունական դիցաբանութեան մէջ յայտնի էր որպէս ժամանակի դից: {Տես՝ William Smith, Dictionary of Greek and Roman Biography and Mythology, Volume I, Boston, 1867, page 898: Տես նաեւ՝ Pierre Grimal, A Concise Dictionary of Classical Mythology, Basil Black well Ltd., 1990, page 110: Նաեւ՝ Մ. Ն. Բոտվիննիկ, Մ. Ա. Կագոն, Մ. Բ. Ռաբինովիչ, Բ. Պ. Սելեցկի, Դիցաբանական բառարան (թարգմանութիւնը՝ Ս. Մ. Կրկիաշարեանի), Երեւան, 1985, էջ 125-126}:

[*13]- Յունական դիցաբանութեան հանրագիտարանը՝ որ յայտնի է «Գրադարան»/«Bibliotheca» (հին յունարէն՝ Βιβλιοθήκη, լատիներէն՝ Bibliothēkē) անուամբ, յունական առասպելներու եւ հերոսական դիւցազնավէպերու, տոհմաբանական աղիւսակներու եւ պատմութիւններու ժողովածու է, զորս դասաւորուած է երեք գիրքի մէջ եւ սովորաբար կը թուագրուի Ք. Ե. առաջին կամ երկրորդ դարով։ Այն սխալմամբ վերագրուած է Ապոլոդորոս Աթենացիին {Apollodorus of Athens (հին յունարէն՝ Ἀπολλόδωρος ὁ Ἀθηναῖος, c. 180 BC – after 120 BC)}. սակայն գիրքերու ուսումնասիրութիւնները մասնագէտներուն հասցուցած են այն եզրակացութեան, որ ատոր հեղինակը ոչ թէ Ապոլոդորոս Աթենացին է, այլ պարզապէս Ապոլլոդորոսը (Apollodorus), որը յայսնի է նաեւ «Կեղծ Ապոլլոդորոս» («Pseudo-Apollodorus») անուամբ:

[*14]- Բէլի եւ Ագէնորի ծնողքը Պոսէյդոնն (հին յունարէն՝ Ποσειδών) ու Լիպիան (հին յունարէն՝ Λιβύη) են: Լիպիան Եգիպտոսի թագաւոր Էպաֆոսի կամ Էպափոսի եւ Մեմֆիսի դուստն էր, իսկ Պոսէյդոնը՝ հին յունական դիցարանի Տասներկու Ողիմպիական աստուածներէն մէկը՝ «Ծովու Աստուած»-ը։

[*15]- Եգիպտացիներու նախահայրը Մեստրիմն էր, Քամի որդիներէն մին, իսկ յոյներու նախահայրը՝ Յաւանն էր, Յաբեթի որդիներէն մին:

[*16]- Եթէ հետեւինք Կադմոսի ապրած ժամանակի Հերոդոտոսի հաղորդած տուեալներուն, ապա անոր հայրը՝ Ագէնորը Տիւրոսի մէջ իշխած պիտի ըլլար Ք. Ա. մօտաւորապէս 2050 թուականին: Բիւզանդացի պատմիչ-ժամանակագիր՝ Յովհաննէս Մալալասի համաձայն {John Malalas (հին յունարէն՝ Ἰωάννης Μαλάλας (c. 491–578 AD)}՝ «…Ագէնորը այդ տարածքներու թագաւորն էր 63 տարի»: {(Տես՝ https://topostext.org/work/793#2.30)}:

[*17]- Մինոյեան քաղաքակրթութիւնը {Minoan civilization (c. 3100 – c. 1100 BC)} բրոնզի դարու մշակոյթ էր, որու կեդրոնը Կրետէ (Κρήτη) կղզին էր։ Քաղաքակրթութեան անունն առաջացած է (հին յունարէն՝ Μίνως), հին յունական առասպելաբանութեան մէջ յիշատակուած Մինոսի անունէն, որն եղած է Զեւսի եւ Եվրոպայի որդին ու Կրետէի թագաւորը: {Տես՝ Colin Renfrew, Archaeology and Language: The Puzzle of Indo-European Origins, 2. Archaeology and the Indo-Europeans, Pimlico, 1998, page 33. Մանրամասն տես՝ Alexiou Stylianos, Minoan Civilization (Translated from the Greek by Cressida Ridley), Eraclion-Crete, 1969}:

[*18]- Հայքի Մեգալիթեան կառոյցները կը վերաբերին մասնաւորապէս Պղինձի-քարի (5-4 հազարամեակներ) եւ Պրոնզի (Ք. Ա. IV հազարամյակէն մինչեւ Ք. Ա. I հազարամյակի սկիզբը) դարերուն՝ որոշակիօրէն նաեւ Նոր քարի դարուն կամ Նէօլիթին (Ք. Ա. 10.000- 5.500 թուականներ)։

[*19]- Հայոց մէջ վաղնջական շրջանէն գոյութիւն ունեցող՝ Միհրի պաշտամունքը դեռեւս Ք. Ա. 14 -րդ դարուն (Ք. Ա. մօտաւորապէս 1380 թուականին)՝ Խեթերու թագաւոր՝ Սուպիլուլիումայի {Šuppiluliuma I, also Suppiluliuma or Suppiluliumas  (reigned in c. 1350–1322 BC)} եւ Միտանիի (Նաիրիի) արքայ՝ Շաթիուազայի {Shattiwaza or Šattiwaza, c. 1345-1320 BC (high) or c. 1330-1305 BC (low)} միջեւ կնքուած դաշնագրին մէջ հիշատակուած է հովանաւոր դիցերու շարքին եւ միայն Ք. Ա. 395 թուականէն ետք, Արտաքսէրքսէս Բ. {Artaxerxes II (reigned in 405/4–359/8 BC)} արքային կողմէ ներմուծուած է Պարսկաստան (անկէ առաջ պարսկական աղբիւրներուն մէջ Միհրի մասին յիշատակում չէ եղած): Ապա, Ք. Ե. առաջին դարուն ներթափանցած է Հռոմ, իսկ Ք. Ե. 3-րդ դարուն արդէն դառնալով միջազգային՝ տարածուած է Հնդկաստանէն մինչեւ Սեւ ծով, Բալկաններէն մինչեւ Բրիտանիա եւ Սպանիա: (Տես՝ https://lousavor-avedis.org/?p=42189):

[*20]- Ֆէրէկիդէս Սիրոսցին {Pherecydes of Syros (հին յունարէն՝ Φερεκύδης ὁ Σύριος, մ.թ.ա. 6-րդ դար)} եղած է հին յոյն դիցաբան եւ նախափիլիսոփայ։ Անոր գիրքը, որ յայտնի է «Եօթ խորշեր» (Heptamychos, Ἑπτάμυχος), «Հինգ խորշեր» (Pentemychos, Πεντέμυχος) եւ «Աստուածներու խառնում» (Theokrasia, Θεοκρασία) անուններով, կը վերաբերի տիեզերածնութեան {cosmogony (յունարէն՝ κοσμογονία = κόσμος (կոսմոս), «տիեզերք», «աշխարհ» + γονή «ծնունդ, ծագում»)}՝ աստուածներու եւ անոնց յատկութիւններու բացատրական նախատիպին:

[*21]- «Պատմության հայր» Հերոդոտոս Հալիկառնասցին {Herodotus (հին յունարէն՝ Ἡρόδοτος Ἁλικαρνᾱσσεύς, c. 484 – c. 425 BC)} Կադմոսի ապրած ժամանաշրջանի մասին կը գրէ հետեւեալը՝ «Դիոնիսոսը, որուն կը համարեն Կադմոսի դուստր՝ Սէմէլէի որդին, եղած է ինձմէ առաւելագոյնը հազար վեց հարիւր տարի առաջ…»: Փաստօրէն Հերոդոտոսի տուեալներով Կադմոսը ապրած պիտի ըլլար Ք. Ա. 21-րդ դարու վերջերուն, որ կատարելապէս կը համապատասխանի մեր առաջադրած տուեալներուն (Ք. Ա. 2200-ական – 1900-ական թուականներ)՝ յենք ընդունելով Միքայէլ Չամչեանցի (1738-1823) կազմած՝ ժամանակագրաց աղիւսակը: Հերոդոտոսէն շուրջ երեք դար առաջ Կադմոսի մասին միեւնոյն տեղեկութիւնը տուած է հին յոյն բանաստեղծ Հեսիոդոսը {Hesiod (հին յունարէն՝ Ἡσίοδος, Ք. Ա. 8-7-րդ դարեր)} առանց յայտնելու անոր ապրած ժամանակաշրջանը, ուր կը կարդանք՝ «Կադմոսի դուստր Սէմէլէն միացաւ Զեւսին եւ ծնեց հիասքանչ Դիոնիսոսին՝ մահկանացու կնոջը, որը անմահ որդի ունէր, բայց այժմ երկուքն ալ աստուածներ են»: {Տես՝ Հերոդոտոս, Պատմութիւն ինը գրքից, թարգմանութիւնը՝ Սիմոն Կրկիաշարեանի, Երեւան, 1986, Գիրք Երկրորդ (145), էջ 144: Տես նաեւ՝ The Histories of Herodotus (Translated by Henry Cary), New York, 1904, Book II, Euterpe (145), page 138. Ինչպէս  նաեւ՝ https://penelope.uchicago.edu/Thayer/E/Roman/Texts/Herodotus/2b*.html. Նաեւ՝ Hesido, Theogony and Works and Days (Translated with and Introduction and Notes by M. L. West), Oxford-New York, 1988, Line 937, page 31. Եւ՝ Theogony by Hesiod, translated into English by Michael Heumann, is licensed under a Creative Commons Attribution-NonCommercial-ShareAlike 4.0 International License, 2021, page 32}:

[*22]- Ֆելիքս Ռիթըր ֆոն Լուշանը {Felix Ritter von Luschan ( 1854-1924)} տարբեր գործընկերներու ընկերակցութեամբ 1881-1889 թուականներուն արշաւախումբեր կազմակերպելով Փոքր Ասիոյ՝ Լիկիական տարածքի, Կոմմագէնէի Նեմրութ լերան, Կիլիկիոյ Սամ՛ալի (Զինճիրլիի), ու արեւելեան Միջերկրածովեան Հռոդոսի հնավայրերն ու այլուր, ամփոփած է այդ արշաւախումբերու արդիւնքները իւր գործընկերոջ՝  Եուկէն Ատոլֆ Հերման Փետէրսընի {Eugen Adolf Hermann Petersen (1836–1919)} հետ հրատարակած համահեղինակային՝ «Ճանապարհորդութիւն դէպի Լիկիա, Միլիաս եւ Քիպիրաթիս» {«Reisen in Lykien, Milyas und Kibyratis» (1889), գերմաներէն} խորագիրը կրող գիրքին մէջ: Այս երկին մէջ առաջին անգամ յիշատակուած է մարդաբանական տեսակի Արմենոիտ (Armenoid race կամ Armenoid type) եզրոյթը:

[*23]- Հնագիտա-մարդաբանական ուսումնասիրութիւնները ապացուցած են, որ Արմենոիտ  ցեղին պատկանած են հնագոյն ուրարտացիները, հին ասորիները, աքքադացիները, բաբելոնացիները, խեթերը, հաթերը, խուռիները, լիդիացիները, լուվիացիները, իսաուրիացիները, կիլիկիացիները, լիկիացիները, պիսիդիացիները եւ այլք։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին