Հինգշաբթի, 12. 03. 2026

spot_img

Ոչ Եւս է Արուեստագէտներ Յայտնաբերող եւ Իր Հայութեամբ Հպարտ՝ Թորոս Սիրանոսեան

Տխուր լուր մը ստացանք այսօր, առանց այս ալ տխուր իրավիճակի մէջ գտնուող Պէյրութէն:

Չորեքշաբթի 11 Մարտ 2026-ին, Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է, Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի արուեստի աշխարհին մէջ հանրածանօթ անուն մը հանդիսացող՝ Թորոս Սիրանոսեան, որ հակառակ օտար շրջանակներու մէջ իր աշխատանքին պարտադրած սովորութեան, ուր նմանօրինակ անձեր փորձութիւնը ունեցած են փոխելու կամ դիւրացնելու իրենց անունը կամ մականունը, Թորոս Սիրանոսեան կառչած մնացած էր իր անուան: Երեւոյթ մը, որ  հպարտութիւն  կը պատճառէ իւրաքանչիւր հայու, երբ իր մականունին «եան» մասնիկը օտարալեզու լրատուական միջոցներէ կը լսած է:

Թորոս Սիրանոսեան ծնած է Լիբանան։ Յաճախած է  Պէյրութի Ecole Hoteliere ուսումնարանը, որմէ ետք, ուսումը շարունակած է Զուիցերիոյ մէջ, ստանալով խոհարարապետի աստիճան եւ համապատասխան վկայական տեղւոյն՝ Ecole Hoteliere-էն։ Զուիցերիոյ մէջ ուսումը աւարտելէ ետք՝ վերադարձած է Լիբանան, ուր ստեղծած է իր “EPI CLUB” գիշերային բարձրամակարդակ ակումբը, Պէյրութի Ֆինիսիա փողոցին վրայ։ Նշեալ ակումբը գործած է 1961-1976 թուականներուն՝ փակուելով լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին պատճառով։

«EPI Club»-ի մէջ ելոյթ ունենալու համար համար՝ Թորոս Սիրանոսեան հրաւիրած է բազմաթիւ երգիչներ, տարբեր երկիրներէ, որոնցմէ շատեր, այդ իսկ ակումբին շնորհիւ, հասած են իրենց արուեստի բարձրունքին, ինչպէս՝ ԱՏԱՄՕ եւ Հենրի Քոմասեաս։ 1970-ին, Սիրանոսեան բացած է DEIR EL KALAA փառատօնը՝ աշխարհահռչակ ֆրանսացի երգիչ Շառլ Ազնաւուրի հետ։

1971-ին, Սիրանոսեան՝ համաշխարհային երգիչ Ժիլպէր Փիքոյի հետ՝ սկիզբ դրած է JBEIL CASTLE միջազգային փառատօնին, որուն համար յաճախ հրաւիրած է մեծ երգիչներ, ինչպէս՝ Շառլ Ազնաւուր, Խուլիօ Իկլէսիաս, Տալիտա, Ժիլպէր Փիքօ, Տէմիս Ռուսօս, Շիռլի Պասսի, Սամանթա Ֆօքս, Միռէյ Մաթիօ եւ այլն։ Հրաւիրած է նաեւ նշանաւոր ներկայացումներ եւ միջազգային ճանաչում ունեցող խումբեր։ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին տարիներուն, երբ մշակութային կեանքը կանք առած էր երկրին մէջ, Սիրանոսեան իր արուեստի ձեռնարկները ներկայացուցած է տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի, Իրանի, Քուէյթի, Արաբական Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի

Տարբեր երկիրներու մէջ Սիրանոսեան ներկայացուցած է նշանաւոր Լիբանանցի երգիչներ, որոնց ցանկին մէջ էին երգարուեստի Լիբանանցի տիտաններ ինչպէս՝ Ֆէյրուզը, Սապահը, Մաժիտա Էլ Ռումին, Ուատիի էլ Սաֆին, Սամիրա Թուֆիքը եւ ուրիշներ։ 1987-ին Սիրանոսեան Լիբանանի մէջ ստեղծած է LA MAISON DE L’ARTISTE LIBANAIS (Արուեստագէտներու տունը) գործակալութիւնը, որուն բացումը կատարուած է Լիբանանի այդ ժամանակի նախագահ, Պրն. Ամին Ժըմայէլի հովանաւորութեամբ։

Սիրանոսեան իր երկրային կեանքին ընթացքին յանձն առած է ծառայել Լիբանանի արուեստին եւ մշակութային կեանքին ինչպէս նաեւ լիբանանցի արուեստագէտներուն՝ մինչեւ իր կեանքին աւարտը, յոյս ունենալով, որ իր գործը շարունակողներ պիտի ըլլան դեռ շատ երկար ժամանակ։

***

ՀՀ Սփիւռքի Վսեմափայլ Նախարարը՝ Տիկին Հրանուշ Հակոբյանը, որուն անզուգական անձին եւ իր գլխաւորած նախարարութեան բացակայութիւնը Հայաշխարհին մէջ այս տխուր օրերուն ամէն օր աւելի եւս կը շեշտուի, յարմար տեսած էր սոյն թուականէն  շուրջ տասնամեակ մը առաջ՝  12 Դեկտեմբեր 2016-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան՝ «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով պարգեւատրել Թորոս Սիրանոսեանը:

***

Այս առիթով քաղցր յուշ մը նշեալ պարգեւատրումին հետ կապակցուած, իմ կողմէ թեթեւցնել փորձելու համար սոյն տխուր լուրին ծանրութիւնը.

Թորոս Սիրանոսեանին անձն ու գործը ծանօթացնելու համար ՀՀ Սփիւռքի վսեմափայլ նախարարին, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով  22 Նոյեմբեը 2016 թուակիր՝ համեստ նամակ մը, յղած էի: Նամակին մէջ, Հայաստանի տեղւոյն մշակութային եւ բառակապակցութիւններուն հետ այն ատեն, ոչ այնքան ծանօթ ըլլալուս պատճառով, անգիտակցաբար նշած էի, թէ Թորոս Սիրանոսեան,  Պէյրութի մէջ սեփականատէրը եղած է «Գիշերային ակումբ»-ի մը: Մինչ սոյն եզրոյթը Լիբանանի մէջ ընդունուած եւ հասկնալի անուանում է Սիրանոսեանի  «EPI Club»-ին համար, ուր տեղի կ՛ունենային երաժշտական  աշխարհահռչակ ելոյթներ, Հայաստանի մէջ այդ անուանումը, նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար, այնքան ալ անմեղ հնչող եզրոյթ չէ…:

Աւելի ուշ, Սփիւռքի նախարարութեան ինծի ծանօթ աշխատակիցներէն բարեկամաբար իմացայ, թէ իրենք զգուշացուցած էին տիկին նախարարը, որ ինչպէ՞ս կարելի է Նախարարութեան անունով պարգեւատրել «Գիշերային ակումբ»-ի մը տէրը…:

Տիկին Հակոբեանը, իրեն յատուկ բանիմացութեամբ ինչպէս նաեւ մեր թերթին հանդէպ ունեցած մեծ վստահութեան վրայ հիմնուելով, այսուամենայնիւ ստորագրած էր մետալը շնորհելու համապատասխան հրամանագիրը, եւ ընդամէնը մի քանի շաբաթ ետք Լիբանանի մօտ ՀՀ Դեսպանութեան շէնքի սրահին մէջ միջոցառումի մը ընթացքին, իր ձեռամբ մետալը զետեղած էր, արդէն յառաջացած տարիքի մէջ գտնուող եւ այս առիթով  մեծապէս յուզուած Թորոս Սիրանոսեանի կուրծքին:

Լիբանանի և արաբական աշխարհի մէջ բազմաթիւ անգամներ մրցանակներ և մետալներ ստացած մարդուն, մահազդին, այսօր կ՛ընկերակցի ՀՀ Սփիւռքի նախարարէն ստացած մետալով իր նկարը, զորս ստանալէն մինչեւ իր կեանքին վերջը իր հպարտութեան եւ զինք իր ազգութեան կապող կարեւոր խորհրդանիշը հանդիսացած էր: Ահաւասիկ այս էր նաեւ  Սփիւռքի նախարարութեան և տիկին Հակոբյանի անձնական ներդրումը սփիւռքահայութեան մէջ, որ կար, ու այսօր ափսոս չկայ, մինչ Սփիւռքը կը հիւծուի իսկ Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը դարձեալ Հայրենիքէն հեռու մղձաւանջ կ՛ապրի այս անգամ Իրանի մէջ: Եւ մինչ սուրիական արհաւիրքէն գոնէ ափ մը Հայ, Սփիւռքի նախարարութեան անզուգական ջանքերով հայրենադարձուելով մնաց Հայաստանի մէջ ֆիզիքապէս եւ հայկականօրէն փրկուելով, այսօր Իրանի հայութեան մասին, գոնէ իմ տեղեկութեամբ, խօսք մը իսկ ըսող, կամ մատը մատին զարնող չկայ Սփիւռքի նախարարութիւնը իբրեւ թէ փոխարինած գրասենեակին ու անոր պատասխանատուին կողմէ:

***

Վերադառնալով Թորոս Սիրանոսեանի մահուան բոթին՝ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով մեր սրտագին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք այս ազնիւ հայու տեսակի զաւակին՝ Լէոնարտոյին եւ իր ընտանեկան պարագաներուն ու բոլոր զինք սիրողներուն:

Յիշատակը մնայ անթառամ այս մեծ, սակայն համեստ մարդուն, որ կեանք մը ամբողջ նուիրած էր իր ապրած տարածաշրջանին մէջ արուեստ տարածելու գործին ՝ խթան հանդիսանալով մեծանուն արուեստագէտներու յաջողութեան:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին