Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Մինչ ՀՀ Իշխանութիւնը Կրկին Լուռ Է Ատրպէյճան Հակահայ Քարոզչական Արշաւ Կ’իրականացնէ

ԱԿՆԱՐԿ

ՍՈՆԱ ԱՂԵԿԵԱՆ

Մինչ Հայաստանի մէջ ՔՊ-ական իշխանութիւնը լռութեան, այսինքն՝ «ջայլամի» քաղաքականութիւն կը վարէ, Ատրպէյճան լայնածաւալ, համակարգուած քարոզչական արշաւ կ’իրականացնէ աշխարհի մայրաքաղաքներուն մէջ, ու էս ֆոնին վրայ նորէն մեզի պիտի ըսէ՞ք, թէ «կիրթ ու կառուցողական» ազերիներու հետ խաղաղութիւն պիտի ունենաք🤯։

Օրերս, Ուաշինկթընի մէջ՝ ԱՄՆ-ի քաղաքական սրտին մէջ, տեղի ունեցաւ «Խաւարէն դէպի Լոյս» խորագրով ցուցահանդէս մը եւ ռեքվիեմ-համերգ՝ նուիրուած Խոճալուի դէպքերուն 34-րդ տարելիցին։ Միջոցառումը կազմակերպուած էր ԱՄՆ-ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան կողմէ, որուն մասնակցեցան զանազան երկիրներու դեսպաններ, դիւանագիտական կորպուսի ներկայացուցիչներ եւ ատրպէյճանական սփիւռքի անդամներ։ Ներկայացուեցաւ ատրպէյճանցի նկարիչ Նազիմ Մամէտովի հաւաքածոն, իսկ համերգային ծրագրին մէջ հնչեցին ինչպէս ատրպէյճանցի հեղինակներու, նոյնպէս եւ համաշխարհային դասականներու գործերը։

Բայց ամէնէն յարձակողական քայլը տեղեկատուականն էր, որուն շրջանակներուն մէջ, Ուաշինկթընի կեդրոնական փողոցներուն մէջ շրջեցան LED-էկրաններով զինուած մեքենաներ՝ ցուցադրելով քաղաքական կարգախօսներ եւ անցնելով ԱՄՆ-ի ամէնակարեւոր պետական շէնքերուն դիմացէն՝ United States Capitol, White House, United States Department of State, Pentagon։

Ասիկա պարզապէս յիշատակի միջոցառում մը չէր, այլ՝ յստակ ու նպատակային քաղաքական ազդակ մը՝ ուղղուած միջազգային որոշումներու կեդրոններուն…

Նմանօրինակ սցենար մը կիրարկուեցաւ նաեւ Եւրոպայի մէջ. Հաագայի գլխաւոր հրապարակին մէջ նախ իրականացուեցաւ քաղաքական ցոյց մը, ապա քաղաքին հիմնական մշակութային, կրօնական կեդրոնին մէջ՝ Grote Kerk-ի մէջ, կազմակերպուեցաւ երաժշտական ծրագիր մը՝ նոյն ուղերձներուն շարունակութեամբ։

Ֆրանսայի դեսպանատունը ցաւակցական ուղերձով մը հանդէս եկաւ…

Ասիկա տեղի կ’ունենայ հէնց այն օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը կը յիշէ Սումկայիթի ջարդերուն անմեղ զոհերը։ 1988 թուականի Փետրուարին հայերը ենթարկուեցան կազմակերպուած սպանութիւններու եւ բռնութիւններու։ Ասիկա էթնիք ոճիր մըն էր։ Բայց այսօր՝ միջազգային դաշտին մէջ, այդ մասին պետական մակարդակով նախաձեռնողական որեւէ աշխատանք չի կատարուիր, ու մինչ Ատրպէյճան կ’աշխատի հրապարակներով, դեսպանատուներով, մշակութային ծրագիրներով եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններով, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող օրուան իշխանութիւնը կրկին լուռ է եւ շոուներ կը բեմադրէ։ Որեւէ լայնածաւալ տեղեկատուական արշաւ չնախաձեռնեցին, իրաւական կամ քաղաքական ճնշում միջազգային կառոյցներուն մէջ եւս չարձանագրուեցաւ…

Ասիկա արդէն պարզապէս անգործութիւն մը չէ, այլ՝ տեղեկատուական եւ քաղաքական դաշտի կամաւոր զիջում մը, եւ ի վերջոյ «խաղաղասիրութիւն» ալ չէ, այլ՝ քաղաքական պարտութիւն…

Յ. Գ. Գոնէ մէկ պետական այր յարգե՞ց Սումկայիթեան մեր տանջամահ եղած զոհերուն յիշատակը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին