Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը հպարտութեամբ կը յայտարարէ իրականացումը իր պատմութեան մէջ շրջադարձային նուաճումի մը․Լիբանանի նախագահի թիւ 2569 հրամանագիրով, Արուեստիցը պաշտօնապէս կը վերադասակարգուի որպէս «Արուեստից բարձրագոյն վարժարան» եւ այսուհետեւ կը կոչուի «Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարան»։
Թիւ 2569 հրամանագիրը պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ Պաապտայի նախագահական պալատէն, 19 Փետրուար 2026-ին: Իրաւական այս կարեւոր հանգամանքը վաւերացուած է Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ՝ Ժոզեֆ Աունի, Նախարարաց խորհուրդի նախագահ, վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար՝ Ռիմա Քարամիի ստորագրութեամբ։
Այս յառաջընթացը վարժարանի պատմութեան մէջ ամենանշանակալի նուաճումն է իր հիմնադրութենէն ի վեր՝ 1982-ին։ Անիկա կը նշէ ակադեմական գերազանցութեան եւ մեծապէս ընդլայնուած կարելիութիւններու նոր շրջան մը։ Այս բարձր կարգավիճակով, վարժարանը պատրաստ է նոր հորիզոններ բանալու լիբանանահայ երիտասարդութեան համար՝ արուեստից եւ համալսարանական կրթութեան մարզերուն մէջ։
Բարձրագոյն արուեստից վարժարանի կարգավիճակը կը հարստացնէ մեր հաստատութեան կարողութիւնները՝ ապահովելու արուեստից կրթութեան համապարփակ ուղիներ, որոնք կ’ընդգրկեն BP, BT, TS եւ LT մակարդակները: Այս զարգացումը կ՛ամրապնդէ երաշխիքը, որ աշակերտները եւ ուսանողները ունենան յստակ ու հաստատուն ճանապարհ դէպի բարձրագոյն ուսում՝ զանազան արհեստագիտական մարզերու մէջ, ինչ որ կը զինէ զանոնք անհրաժեշտ մասնագիտական հմտութիւններով՝ յաջողելու համար գործերու արդի պայմաններուն մէջ։
Այս իրագործումը կ՛ամրապնդէ Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանը իր յանձնառութեանց եւ առաքելութեան մէջ՝ խթանելու ուսումնական վերելքն ու մասնագիտական յաջողութիւնները լիբանանահայ համայնքէն ներս, հիմնուելով արուեստից գերազանցութեան նկատմամբ տասնամեակներու նուիրումին եւ փորձառութեան վրայ:
Տարիներէ ի վեր հանդիսանալով Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ արուեստից կրթութեան հիմնասիւնը, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը իր նոր դասակարգումով պիտի շարունակէ մնալ առաջատար մը՝ արուեստից որակաւոր եւ բարձրագոյն կրթութիւն մատուցելու գործին մէջ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Արուեստից Վարժարանի






