ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Շաբաթ առաւօտ շատ կանուխ ժամերուն, ֆէյսպուքի իր էջին վրայ, նկարին մէջ երեւցող գրառումը կատարած էր:
Սոյն գրառումը հետեւեալ մտորումները յառաջացուցին իմ մօտ, քանի իմ համար խնդիր է, մեր հայրենակիցներուն մէջ մեծ թիւ հաշուող մէկ խաւին, ներառեալ իշխանութեան, կարգ մը երեւոյթներ՝ ի՞նչ ձեւով բացատրելու երկընտրանքս (dilema):
Ըստ գրառումին, Նիկոլ Փաշինեան ուրախ է, որ Աննան (համակեցութեան կարգով իր կենակիցը՝ վերջերս նաեւ կինը) հազարաւոր քիլոմեթրներ կտրած է, Խաղաղութեան քայլերթ իրականացուցած Պուտտայական վանականներուն յարգանքի տուրք մատուցելու։

Ի՞նչ ձեւով բացատրեմ, ՀՀ Վարչապետին եւ իր կողակիցին, որ նշեալ «Խաղաղութեան քալերթ»-ին նման վեհ նպատակներով գերազգային (եւ ոչ անպայմանօրէն քաղաքական, ինչպէս կ՛ուզեն կոչել ոմանք) գործեր կատարող բարձրաստիճան Հայ կրօնաւորներ ունինք, որոնք կալանաւորուած են կառավարական ամառանոցէն՝ այսինք Վարչապետին եւ իր կողակիցին բնակարանեն քանի մը քայլ անդին ԱԱԾ-ի կեդրոնի մէկուսարաններուն մէջ: Աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար տիկին Աննային համար, փոխանակ հազարաւոր քիլոմեթրներ կտրելու ցանցրոյթը կրելու, այցելէր կալանաւորուած մեր կղերականներուն իրենց հետ խաղաղութիւն կնքելու կամ նոյնը ընելու իր ամուսնոյն՝ Մայր Աթոռի եւ անոր գահակալին դէմ անտեղի ու անհեթեթ՝ ամէն պարագայի ոչ խաղաղարար արշաւը կանգնեցնելու ազնիւ աշխատանքը տանելով, խաղաղութիւն պարգեւելու Եկեղեցի-պետութիւն ճգնաժամին պատճառով տանջուող Հայ ժողովուրդի զաւակներուն հոգիներուն:
Այս՝ ի միջի այլոց: Ինչ կը վերաբերի այս գրառումին մէջ տեղ գտած միւս երեւոյթին, ի՞նչ ձեւով պէտք է բացատրել ՀՀ Վարչապետէն մինչեւ հայաստանցի վերջին լրագրողին կամ շարքային քաղաքացիին, որ ԱՄՆ-ի մէջ ՏեԽաս անունով նահանգ չկայ: Կայ Թեքսաս (Texas) անունով նահանգ (որուն կ՛ակնարկէ Փաշինեանին գրառումը), որ ԱՄՆ-ի երկրորդ ամենամեծ նահանգն է, 695,660.446 քառ. քլմ տարածութեամբ, այսինքն՝ ՀՀ-էն 24 անգամ աւելի մեծ) եւ շուրջ 31 միլիոն հաշուող բնակչութեամբ, որուն անունը սխալ գրելը յարիր չէ հինաւուրց նայիրեան ազգի ժառանգորդները ինքզինք համարող ժողովուրդին ներկայացուցիչներուն…:
Կը մնայ նշել, որ Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած Խ, խ, (անունը՝ խե), հայկական այբուբենի 13-րդ տառը լատինատառ (տառադարձութեամբ) կը համապատասխանէ «Kh» հնչիւնակապակցութեան: Ան կ՛օգտագործուի հայկական անուններն ու բառերը լատինատառ գրելու պահուն (օրինակ՝ Խաչատուր = Khachatur կամ Khachadour): Մինչ ամերիկեան նշեալ նահանգին անունը Texas է եւ ո՛չ՝ Tekhas…:
Հետեւաբար վերոյիշեալ՝ ԱՄՆ-ի պետութեան կամ տուեալ նահանգին 31 միլիոն բնակչութեան մեղքը չէ, եթէ մեզի կը թուի թէ յունարէնի քսաներկրորդ տառը յամարուող χι (խի) գիրէն յառաջացած լատինական այբուբենի x տառը, պէտք է օգտագործենք Texas գրելու համար x-ի փոխարէն յունարէնի մէջ օգտագործուող խի հնչումին նմանող մեր գիրը՝ Խ-ն զետեղելով տուեալ նահանգին անունին մէջ (եւ ոչ միայն) զայն հայատառ գրելու պարագային:
Վստահ չեմ եթէ սոյն «բարդ» միտքը կրցայ բացատրել այս համեստ սիւնակով: Ճիշտ այս պատճառով է, որ վերոնշեալ վերնագիրը ընտրեցի այսօրուայ գրութեանս համար:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






