Ուրբաթ, 20. 02. 2026

spot_img

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Եպիսկոպոսաց Հաւաքը Հանդէս Եկաւ Յայտարարութեամբ

17-19 Փետրուար 2026-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հրաւէրով ու օրհնութեամբ, Աւստրիոյ Սանկտ Փյոլթըն քաղաքին մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց Հաւաքը այսօր երեկոյեան աւարտեց իր աշխատանքները։

Ինչպէս Մայր Աթոռը սրբութիւն սրբոց համարող հայորդիներուն կողմէ  կ՛ակնկալուէր, Գերաշնորհ Սրբազանները, իրենց ուխտին եւ կոչումին հետ համահունչ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած են, որուն մէջ անոնք կը ցուցաբերէն իրենց հանգամանքին յարիր՝ Սուրբ Էջմիածինի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդէպ հաւատարմութեան ուխտի ու ծառայական կոչումի գիտակցութեամբ՝ յստակ եւ աննկուն կեցուածք:

Ստորեւ կը հրապարակենք, մեր կողմէ արեւմտահայերէնի վերածուած նշեալ յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ:


«Մենք՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան քսանհինգ եպիսկոպոսներս, գոհութիւն եւ փառք կը մատուցանենք երկնաւոր Տիրոջ, որ շնորհը պարգեւեց մեզ Մեծ Պահքի շրջանի մեկնարկին աղօթական միութեամբ վերանորոգելու Իջման Սուրբ Սեղանին առջեւ կնքած եպիսկոպոսական մեր ուխտը, եւ հոգեւոր զատումով զօրանալու մեր սրբազան կոչումին մէջ, ներկայ խռովայոյզ ժամանակներուս առաւել նախանձախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ շարունակելու արդիւնաւորել մեր առաքելութիւնը՝ ի խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան, աշխարհասփիւռ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին հաւատքի ամրապնդման եւ հոգեւոր կեանքի զօրացման։

Որդիական մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որուն հայրական հրաւէրով հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի մէջ ծառայող եպիսկոպոսներս համախմբուած ենք՝ միասնաբար խորհրդածելու Հայոց Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն շուրջ եւ լուծումներ գտնելու անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ։

Խոր մտահոգութեամբ ու դատապարտութեամբ կ’արձանագրենք, որ քրէական անհիմն հետապնդումի պատճառով արգելափակուեցաւ Հայոց Հովուապետին եւ մեր վեց եպիսկոպոս եղբայրներուն ելքը Հայաստանէն եւ մասնակցութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս պատկառելի Հաւաքին։ Արհեստականօրէն ստեղծուած այս խոչընդոտին պատճառով մենք հարկադրուած էինք տեսակապի միջոցաւ ունկնդիր ըլլալ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հայրապետական պատգամին: Սոյն Հաւաքին իրենց ուղերձները ղրկած էին նաեւ Նուիրապետական մեր միւս Աթոռներուն գահակալները՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Տէր Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանը եւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Տէր Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։

Եպիսկոպոսաց Հաւաքը իր եռօրեայ նիստերուն ընթացքին քննութեան առաւ օրակարգին մէջ ընդգրկուած հետեւեալ նիւթերը.

– «Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը արդի ժամանակաշրջանին եւ առկայ մարտահրաւէրները հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ» (զեկուցող՝ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան),

– «Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն ներկայ կացութիւնը եւ Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը Հայաստանի մէջ» (զեկուցող՝ Տ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Խաչատրեան),

– «Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան պաշտպանութիւնը քաղաքական շահարկումներէն եւ ստեղծուած իրավիճակին յաղթահարման ուղիները» (զեկուցող՝ Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան)։

Եղբայրական սիրոյ եւ փոխհասկացողութեան մթնոլորտին մէջ բովանդակալից, կառուցողական քննարկումներու արդիւնքով Եպիսկոպոսաց Հաւաքի մասնակիցներս վճռականօրէն կը վերահաստատենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ աւանդութեամբ ու բազմադարեան փորձառութեամբ նուիրագործուած կարգերն ու սկզբունքները հոգեփրկչական իր առաքելութեան, ինչպէս նաեւ համազգային եւ հայրենական կեանքի առնչութեամբ, մասնաւորապէս արձանագրելով, որ.

ա․ Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Բարդուղիմէոսի առաքեալներուն քարոզչութեամբ հիմնուած Հայոց Եկեղեցւոյ գլուխը Յիսուս Քրիստոս է (Եփես. Ա. 22)։ Տէրունահաստատ այս կառոյցը կը ղեկավարուի Սուրբ Գիրքով, Եկեղեցւոյ վարդապետութեամբ ու կանոններով եւ առաքելական յաջորդականութեան սկզբունքով՝ Հայոց Հայրապետներուն հովուապետութեամբ։ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի մէջ կը ներառէ ազգիս զաւակներուն հոգեւոր խնամքն ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան պահպանումը։

բ․ Բազմադարեան իր պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ Հայոց Եկեղեցին, որպէս «կենդանի Աստուծոյ Եկեղեցի, սիւն եւ հաստատութիւն ճշմարտութեան» (Ա. Տիմ. Գ. 15), ժամանակի պահանջներուն համահունչ, ներքին բարենորոգութեամբ միշտ կենսունակ է պահած Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելու եւ ժողովուրդը դէպի փրկութիւն առաջնորդելու իր բուն առաքելութիւնը։

գ․ Միաժամանակ Հայոց Եկեղեցին, որպէս համազգային նշանակութեան հնագոյն հաստատութիւն, մշտապէս ջատագովն է եղած հայոց անկախ պետականութեան գոյութեան եւ առաւելագոյն չափով սատարած եւ այսօր եւս կը շարունակէ նպաստել անոր զօրացմանն ու առաջընթացին՝ անխախտ համոզումով, որ հայրենի պետութիւնն է պաշտպանն ու երաշխաւորը հայ ժողովուրդին յարատեւութեան եւ ազգային իղձերուն իրականացման։ Այդ ճամբուն վրայ Հայոց Եկեղեցին երբէք չէ ծառայած եւ չի ծառայեր օտար ուժերու կամ արտաքին շահերու, այլ իր հաւատարմութիւնն անսակարկ պահած է բացառապէս հայ ժողովուրդին, անոր պետականութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան։

Այս համաթեքստին մէջ եպիսկոպոսաց դասը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն անցանկալի ներկայ կացութեան առնչութեամբ եւ վտանգաշատ այս իրադրութեան մէջ կոչ կ’ուղղէ ՀՀ իշխանութիւններուն.

– դադրեցնել Եկեղեցւոյ հանդէպ հալածանքները եւ յարգել Եկեղեցւոյ դարերով ամրագրուած ինքնիշխանութիւնն ու ինքնավարութիւնը՝ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները խարսխելով փոխադարձ յարգանքի, իրաւասութիւններու յստակ տարանջատման եւ ազգային շահի առաջնահերթութեան վրայ։»

– վերջ տալ կեղծ մեղադրանքներով ու զրպարտանքներով եկեղեցականներուն ու Ամենայն Հայոց Հայրապետին դէմ բռնաճնշումներուն,

– ազատ արձակել բանտարկուած չորս սրբազան մեր եղբայրները, քահանան, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ պաշտպանութեան կողմնակից հայորդիները,

– գործել բացառապէս ՀՀ Սահմանադրութեամբ, օրէնսդրութեամբ եւ միջազգային օրէնքներով ու հաւատարիմ մնալ հռչակուած ժողովրդավարական սկզբունքներուն՝ երաշխաւորելով երկրին մէջ խղճի, կրօնի եւ դաւանանքի ազատութիւնը, պառակտումի փոխարէն ապահովելով հասարակական համերաշխութիւն,

– առկայ հարցերը եւ հակասութիւնները փարատել երկխօսութեան ոգիով, առանց նախապայմաններու՝ զերծ մնալով անհեռանկար վերջնագրային խօսքէ։

Եպիսկոպոսաց Հաւաքին մասնակիցներս միաժամանակ կը յանձնարարենք խոտորեալ ութ սրբազաններուն.

– գործել Սուրբ Էջմիածինի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդէպ հաւատարմութեան ուխտի ու ծառայական կոչումի գիտակցութեամբ,

– ներեկեղեցական կեանքին առնչուող հարցերը քննարկել եւ լուծել բացառապէս Եկեղեցւոյ լիազօր մարմիններուն մէջ,

– ձեռնպահ մնալ հակականոնական արարքներէ, մասնատող քայլերէ եւ անջատողական դրսեւորումներէ, որոնք կը սպառնան առաջացնել հերձուած՝ տկարացնելով Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կեանքին մէջ։ Այս շրջագծում Սուրբ Պատարագներուն Վեհափառ Հայրապետին անուան յիշատակութեան հատուածի բացթողումը որեւէ հիմնաւորումով եկեղեցաբանօրէն անընդունելի է եւ ուղղակի հարուած Սուրբ Էջմիածինի միաբանութեան եւ Հայոց Եկեղեցւոյ միասնութեան։

Անընդունելի նկատելով արտաքին պարտադրանքի ներքեւ բարենորոգման որեւէ շարժում՝ հրամայական անհրաժեշտութիւն կը նկատենք Հայ Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման և բարեկարգութեան աշխատանքները իրականացնել միայն եպիսկոպոսաց Հաւաքին եւ եկեղեցական կանոնական բարձրագոյն մարմիններուն մէջ։

Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներս կը վերահաստատենք մեր հաւատարմութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ որպէս տեսանելի խորհրդանիշ եւ երաշխիք Եկեղեցւոյ միութեան, հաշտութեան ու համերաշխութեան, քանզի «Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, այլ խաղաղութեան» (Ա Կորնթ. ԺԴ 33)։

Օրհնութեամբ Հայոց Հովուապետին՝ յանձնառու ենք եպիսկոպոսաց ժողովի պարբերական գումարումով նպաստել Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու քննութեան ու յաղթահարման, մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ մեր հոգեւոր սպասարկութեան առաւել զօրացման։

Մեր յանձնարարութիւնն է մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ուխտապահ հոգեւոր դասին՝ անսասան մնալ իրենց կոչումին եւ ծառայութեան մէջ՝ «օրինակ ըլլալով հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով, մաքրութեամբ» (Ա Տիմ. Դ 12)։

Եկեղեցին պէտք է անշեղօրէն շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը՝ անկախ արտաքին ճնշումներէն՝ հաւատարիմ մնալով Սուրբ Աւետարանին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ուղղափառ վարդապետութեան։

Աս առիթով կոչ կ՛ուղղենք նաեւ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, որպէս Քրիստոսով «մէկ մարմին եւ մէկ հոգի» (Եփես. Դ 4), հաւատարիմ ու համախումբ մնալու Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ շուրջ եւ աղօթակցութեամբ ու նուիրուածութեամբ, բարի գործերով շէնցնելու եւ պայծառացնելու ազգային ու հոգեւոր մեր անդաստանները։

Խորապէս մտահոգուած ըլլալով Պաքուի մէջ Արցախի ղեկավարութեան հանդէպ իրականացուած կեղծ դատավարութեամբ եւ անօրինական վճիռներով՝ մեր կոչը կ՛ուղղենք միջազգային հանրութեան եւ Քոյր Եկեղեցիներուն՝ շարունակելու ջանքեր ներդնել պատանդառուած հայորդիներուն շուտափոյթ ազատ արձակման ուղղութեամբ։

Ի խորոց սրտի մեր աղօթքն է, որ Բարին Աստուած, բարեխօսութեամբ Ս․ Աստուածածինի եւ ամենայն սրբոց, անսասան եւ անվրդով պահէ եւ պահպանէ մեր Սուրբ Եկեղեցին, զօրացնէ հայոց անկախ պետականութիւնը, խաղաղութեան եւ բարօրութեան մէջ առաջնորդէ կեանքը աշխարհասփիւռ հայոց ազգին։ Կը խնդրենք, որ Տէրը խաղաղութիւն պարգեւէ համայն աշխարհի, բոլոր ազգերուն ու ժողովուրդներուն։

«Վերջապէս, եղբայրք, ուրախ եղէք, կատարեալ եղէք, մխիթարուեցէք, միաբան եղէք եւ խաղաղութիւն արէք. եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ ըլլայ»(Բ Կոր․ ԺԴ 11)։

Տ․ Խաժակ Արքեպս․ Պարսամեան

Տ. Յովնան Արքեպս․ Տէրտէրեան

Տ․ Վիգէն Արքեպս․ Այքազեան

Տ. Արամ Արքեպս․Աթէշեան

Տ․ Եզրաս Արքեպս․ Ներսիսեան

Տ․ Աշոտ Եպս․ Մնացականեան

Տ․ Արմաշ Եպս․ Նալբանդեան

Տ. Արարատ Եպս. Գալթագճեան

Տ․ Մարկոս Եպս․ Յովհաննիսեան

Տ․ Յովակիմ Եպս․ Մանուկեան

Տ․ Տաթեւ Եպս․ Յակոբեան

Տ․ Նարեկ Եպս․ Բերբերեան

Տ․ Աբգար Եպս․ Յովակիմեան

Տ․ Սերովբէ Եպս․ Իսախանեան

Տ. Դանիէլ Եպս. Ֆընտըգեան

Տ․ Տիրան Եպս․ Պետրոսեան

Տ․ Օշական Եպս․ Կիւլկիւլեան

Տ. Թէոդորոս Եպս. Զաքարեան

Տ․ Մեսրոպ Եպս․ Պարսամեան

Տ․ Կորիւն Եպս․ Պաղտասարեան

Տ․ Կիրակոս Եպս․ Դաւթեան

Տ․ Առեն Եպս․ Շահենեան

Տ․ Գրիգոր Եպս․ Խաչատրեան

Տ. Պարթեւ Եպս. Բարսեղեան

Տ․ Խորէն Եպս․ Առաքելեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին