Չորեքշաբթի, 18. 02. 2026

spot_img

Սէնթ Փյոլթընի Մէջ (Աւստրիա) Մեկնարկեց Եպիսկոպոսաց Հաւաքը

Սոյն թուականի Փետրուար 17-ին, Աւստրիա, Սէնթ Փյոլթըն քաղաքին մէջ իր աշխատանքները սկսաւ Եպիսկոպոսներու հաւաքը, որուն մասնակցեցան Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան քսանհինգ արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, ներառեալ Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւններէն ժամանածները։

Արդարեւ Երեքշաբթի առաւօտեան սոյն Հաւաքին մասնակիցները մասնակցեցան Արեւագալի Ժամերգութեան։ Հոգեւոր խորհրդածութենէ եւ աղօթական առանձնացումէ ետք, կէսօրէ ետք մեկնարկեց հանդիպումը։

Եպիսկոպոսներու Հաւաքը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով, որուն յաջորդեց միութեան մասին Պօղոս առաքեալին՝ Եփեսացիներուն ուղղուած նամակէն ընթերցուած հատուած մը։ Ապա, Հաւաքին մասնակիցներուն հայրական իր խօսքն ու պատգամը առցանց յղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

Անկէ ետք, մասնակիցներուն իրենց ուղերձները յղեցին նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։

Օրակարգի քննարկումէն եւ հաստատումէն ետք, ընտրուեցաւ դիւանը, վարելու համար Եպիսկոպոսներու Հաւաքին յետագայ աշխատանքները։

Նոյն օրը, Սէնթ Փյոլթընի Մայր Տաճարին մէջ, եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Երեկոյեան Ժամերգութիւն, որուն առթիւ անոնց իր ողջոյնի խօսքը յղեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սէնթ Փյոլթընի թեմի առաջնորդ՝ Գերապայծառ՝ Ալոիս Եպիսկոպոս Շուարցը։

Լուրը՝ Եպիսկոպոսաց Հաւաքի Դիւանէն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին