Շաբաթ, 14. 02. 2026

spot_img

«Խաղաղութիւն, Եղբայրութիւն, եւ Համակեցութի՞ւն» Թէ Տարածքային Հաւակնութեան Պաշտօնական Ձեւակերպում

ՍՈՆԱ ԱՂԵԿԵԱՆ

Մինչ Պաքու կը խօսի «խաղաղութեան», «եղբայրութեան» եւ «համակեցութեան» մասին, Ալիեւ, իր պատմաբաններուն ձեռքով, բաց բնաբանով (text) կը յայտարարէ, որ Երեւան ազրպէյճանական քաղաք է։ Արդեօ՞ք խաղաղութեան ձեռք բերո՞ւմ է, թէ տարածքային հաւակնութեան պաշտօնական ձեւակերպում։

«Արեւմտեան Ազրպէյճան» կոչուած թեզը ոչ թէ գիտական յայտնագործութիւն է, այլ քաղաքական պատուէր, որ կը սպասարկէ մէկ նպատակի՝ Հայաստանի հանդէպ պատմական իրաւունքներու կեղծում եւ ապագայ պահանջներու նախապատրաստում։

530 քարայր, «վաղ ազրպէյճանական մշակոյթ», «ամենահին էթնոմշակութային շրջան». ասոնք բոլորը կեղծ գիտութիւն են, որ չունին որեւէ լուրջ ընդունուած հաստատում միջազգային ակադեմական հանրութեան կողմէ։ Ազրպէյճանական ժողովուրդը իբրեւ էթնոս ձեւաւորուած է միջնադարուն, մինչդեռ Երեւան հազարամեակներ շարունակ հայկական քաղաք եղած է, սկսեալ Էրեբունիէն՝ մ.թ.ա. 782 թուականէն։

Երեւանի «հիմնադրումը» 16-րդ դարուն ներկայացնելը պարզապէս պատմական ձեռնավարութիւն է (manipulation) է. անիկա լաւագոյն պարագային կը վերաբերի օտար կայսրութիւններու վարչական կառոյցներուն, ոչ թէ քաղաքակրթական ծագման։ Քաղաքը չի սկսիր բերդի մը վերանուանումէն։

Մզկիթի գոյութիւնը Երեւանի մէջ ներկայացնել իբրեւ «ազրպէյճանական ներկայութեան ապացոյց», այն պարագային երբ Արցախի եւ Նախիջեւանի մէջ համակարգուած կերպով ոչնչացուած են հազարաւոր հայկական եկեղեցիներ, գերեզմանատուներ ու խաչքարեր, միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ իրագործուած մշակութային ցեղասպանութեան ֆոնին, պարզապէս ստահակութիւն է։

Եւ ամէնէն կարեւորը. երբ Ալիեւ կը խօսի «վերադարձի իրաւունքէն», «վիրաւոր պատմական արդարութենէն» ու «Արեւմտեան Ազրպէյճանէն», ան կը խօսի ոչ թէ անցեալի, այլ ապագայի մասին։ Այս նոյն ձեռագիրով սկսաւ Արցախի դէմ պատերազմը։

Ուստի, մինչ մեզ կը պարտադրեն «խաղաղութեան օրակարգ», պէտք է յստակ ըսել՝ խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ, երբ միաժամանակ կը յայտարարուի, թէ Երեւանի նման քաղաք մը «ազրպէյճանական է»։

Ասիկա ոչ միայն պատմաբաններու վէճ է, այլ պետական մակարդակով տարածքային պահանջ, եւ անոր անտեսումը յանցաւոր թեթեւամտութիւն է։

Ստորեւ կը ներկայացնեմ «եղբայրական» երկրի տեղեկատուական կայքերէն մէկով 2026 թուականի Փետրուար 6-ին հեռարձակուած թողարկման իմ թարգմանութիւնը (հաղորդումի տեսրիզը կը տեղադրեմ ստորեւ):


Արեւմտեան Ազրպէյճանը պատմական ազրպէյճանական հողերու ամենավաղ էթնոմշակութային շրջաններէն է։ Աստեղ ձեւաւորուած է ազրպէյճանական ժողովուրդի ամենահին մշակոյթներէն մէկը։

Գիտական հետազօտութիւններուն համաձայն՝ վաղ հնագիտական ժամանակաշրջաններէն սկսեալ, այս տարածքին մէջ յայտնաբերուած է աւելի քան 530 քարայր, որոնք ծառայած են իբրեւ հին ազրպէյճանական բնակավայրեր։

Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Արեւմտեան Ազրպէյճանի պատմութեան բաժնի վարիչ Ճապի Պահրամովի խօսքով, 16-րդ դարու սկիզբը, աստեղ հիմնուած է առաջին վարչական կառավարման կեդրոնը, որ կը պարունակէր 19 մահալլա (այսօրուայ հասկացողութեամբ՝ թաղամաս, իսկ բառացի՝ տեղուանք)։ Հէնց այդ ժամանակէն ալ դրուած է հին ազրպէյճանական Իրեւան քաղաքի հիմը։ Սկիզբին Իրեւան իբրեւ բերդ կառուցուած էր, յետոյ, դարերու ընթացքին ան ձեւաւորուած է իբրեւ քաղաք, որ 1918 թուականին պաշտօնապէս ստացած է խոշոր բնակավայրի կարգավիճակ։ Հիմա այնտեղ ազրպէյճանական բան չկայ։ Կայ ընդամէնը մէկ մզկիթ, որ կը ներկայացնեն իբրեւ իրանական, եւ 2016 թուականին ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան որոշումով /ի նկատի ունի ՀՀ կառավարութեան 10․12․2015 թ․, N 1499-Ն որոշումը/ 99 տարով անիկա վարձակալութեան յանձնուեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան։

Այսօր ազրպէյճանցի գիտնականները պատրաստած են լայնածաւալ նախագիծ մը՝ Արեւմտեան Ազրպէյճանի անիրական (virtual) հանրագիտարանային հաւաքածոյ մը, որ կը պարունակէ մօտ 5000 էջ եւ 16 գրացուցակ (catalogue), որոնք կ’ընդգրկեն Արեւմտեան Ազրպէյճանի քաղաքները եւ գիւղերը, որոնց անունները փոխուած են մինչեւ 1918 թուականը։ 15 տարուան մէջ, մեզի յաջողած է գտնել բոլոր արխիւային փաստաթուղթերը, որոնցմով փոխած են տեղանունները եւ փաստաթուղթերը կազմուած են ռուսական նախագիծերով։

Արեւմտեան Ազրպէյճան ունի նաեւ ժողովրդական արուեստի աւանդութիւններ, աւանդական արհեստներ, փայտի փորագրութիւն եւ խեցեգործութիւն (ceramics), որոնք կ՛արտացոլացնեն տեղի բնակիչներուն բարձր մակարդակը։ Երաժշտութիւնը, ժողովրդական երգերը, պարերը եւ ծիսական բանահիւսութիւնը, տօնակատարութիւնները եւ ժողովուրդին հոգեւոր կեանքը։

Արեւմտեան ազրպէյճանցիներ ունին աւանդութիւններ, որոնք հիմնական (organic) կերպով  կապուած են ամբողջ Ազրպէյճանի մշակոյթին հետ եւ կ’արտացոլեն տարածաշրջանին հարուստ պատմական ժառանգութիւնը։

Տարածուած կարծիքը, թէ Ռուսաստանի տարածաշրջան ժամանելէն առաջ կրթական համակարգ չէ եղած, ճիշդ չէ։ Արխիւային փաստաթուղթերը կը վկայեն, թէ ռուս-թաթարական դպրոցի ստեղծումէն առաջ ալ կրթութիւն իրականացուած է։ Աւելին, Երեւանեան ճեմարանի եւ մարմնամարզական (gymnastics) ուսուցիչներէն միքանին տեղւոյն հոգեւորականներն էին։

Տեղւոյն բնակչութիւնը կը խօսէր երեք լեզուով՝ թրքերէն, արաբերէն եւ պարսկերէն, ինչ որ կը հերքէ այն պնդումը, որ անոր անգրագիտութիւնը գիտութեան, մշակոյթի եւ ռազմական գործերուն մէջ նշանակալի ներդրում ունեցած է Ազրպէյճանի զարգացման գործին մէջ։ Արեւմտեան Ազրպէյճանի մէջ ծնածները ազրպէյճանական մշակոյթին եւ գիտութեան տուած են ականաւոր անհատականութիւններու մէկ ամբողջ համաստեղութիւն։ Այս բոլորը կը հաստատեն, որ Արեւմտեան Ազրպէյճանի մշակութային ժառանգութիւնը ազրպէյճանական ժողովուրդին պատմութեան եւ մշակոյթին անբաժան մասը կը կազմեն,- կը հնչէ սոյն թողարկման աւարտին:

Ազրպէյճանական տեսերիզը դիտելու համար սեղմել հետեւեալ կապին վրայ.

https://www.facebook.com/reel/1116929450481193

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին