Քանի մը օր առաջ Արման Սարոյեանը՝ ՀԱԵ Մասյատոցնի թեմի նախկին առանորդ՝ նախկին Գէորգ Եպիսկոպոսը, տիրադաւներու ջաղացքին դարձեալ ջուր լեցնող անճիշտ եւ անհեթեթ յայտարարութիւն մը ըրած է:
Ըստ կարգալոյծ եպիսկոպոսին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կասկածի տակ դրած է Հայոց Եկեղեցւոյ դաւանաբանական ինքնութիւնը՝ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի կանոնադրութեան մէջ մեր եկեղեցիին անուան մէջ Ուղղափառ եզրը աւելցնելով։
Նշեալ ամօթալի յայտարարութիւնը մէկ բան կը հետապնդէ. Մոլորեցնել հանրութիւնը եւ Հայոց Հայրապետը ցոյց տալ իբր ռուսական ազդեցութեան տակ եղող անձ:
Ըստ Արման Սարոյանի կատարած յայտարարութեան կողմնակալ եւ անհեթեթ հետեւութիւններուն, իբր թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս ձեւով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին գաղտնաբար միաձուլած է Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետ։
Անշուշտ այս սուտն ու կեղծիքը, պէտք է ՀՀ իշխանութիւններուն, եկեղեցւոյ դէմ արշաւին ծիրէն ներս դիտարկել: Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս:
Յոյսով ենք, որ «բարեկարգչութեան» ռահվիրայ Նիկոլ Փաշինեանը, Սարոեանին երեւակայածին խօսքերուն վստահելով դատարանի չի դիմեր Հայ Եկեղեցւոյ դաւանական ինքնութիւնն ու անկախութիւնը իբր թէ վերականգնելու համար…։
Աստուծոյ առջեւ եւ պատմութեան համար պէտք է վկայել, որ Հայ Եկեղեցին իր իսկութեան մէջ ուղղափառ եկեղեցի է։ Սակայն մեր եկեղեցուոյ ուղղափառութիւնը Ռուս կամ Յոյն եկեղեցիներէն հիմքովին կը տարբերի, ինպէս նաեւ կը վկայէ այսօր Ռուսաստանի Վոլկոկրատ քաղաքաին մէջ իր հովուական առաքելութիւնը իրագործող Տէր Մաղաքիա Օհանեանը, ընկերային համացանցի իր էջին վրայ երէկ ըրած իր գրառումով:
Նշեալ եկեղեցիներուն հետ Հայ Առաքելական Եկեղեցին չունի կանոնական յարաբերութիւններ եւ հաղորդակցութեան միութիւն։ Հայ Եկեղեցին կը դասուի հին արեւելեան (ոչ Քաղկեդոնական՝ Ղպտի, Ասորի, Եթովպիական, Հնդիկ մալանկար) ուղղափառ եկեղեցիներու շարքին։ Հետեւաբար ո՛չ մէկ դաւանական խնդիր կայ, նույնիսկ երբ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի կանոնադրութեան մէջ մեր Եկեղեցւոյ պաշտօնական անուան կողքին աւելցուած ըլլայ «ուղղափառ» եզրոյթը։
Ի միջի այլոց, «Հայ Առաքելական Ուղղափառ Եկեղեցի» անունը ոչ միայն Ռուսաստանի մէջ, այլ նաեւ սփիւռքի շատ մը գաղթօճախներուն մէջ ընդունուած է, մինչ ուղղափառ կամ օրթոտոքս եզրը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութենէն շատ առաջ գործածութեան մէջ մտած էր Հայկական շատ մը գաղփօճախներուն մէջ։
Աւելին, ՀԱԵ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքը տարիներէ ի վեր կը կրէ հետեւեալ անունը կամ հասցէն. www.armenianorthodoxchurch.org։ Աւելի եւս խորանալով կ՛արժէ այստեղ իբրեւ օրինակ նաեւ նշել, թէ լիբանահայութեան առաքելական համայնքին պատկանող զաւակներուն լիբանանեան անցագրին և պետական բոլոր գրանցումներուն մէջ, տուեալ անձին անուան դիմաց նշուած է «Հայ Օրթոտոքս» եւ այնտեղ, մեր կրօնական պատկանելիութիւնը հաստատող սոյն անուանումը կը կիրառուի Լիբանանի 1932 թուականի մարդահամարէն ի վեր, երբ Գարեգին Բ. Վեհափառը նոյնիսկ աշխարհ եկած չէր…։ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ 128 երեսփոխանական աթոռներէն հինգը, այսօր տասնամեակներէ ի վեր վերապահուած է , ըստ տեղական հասկացողութեան՝ «Հայ օրթոտոքս» համայնքին, որ ուրիշ բան նկատի չունի բացի՝ Հայ Առաքելական համայնքին պատկանող իր քաղաքացիներէն։
Ամփոփելու համար, եւ հմնուելով վերոյիշեալին վրայ, պէտք է միանգամընդմիշտ հաստատել, որ Ուղղափառ բառին օգտագործումը կամ յաւելումը Հայ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ անուան վրայ երբե՛ք չի նշանակեր դաւանաբանական ինքնութեան կորուստ, առաւել եւս բնաւ չի նշանակեր անշուշտ ձուլում՝ այնպէս ինչպէս, որ նենգաբար խեղաթիւրուած կերպով կը ներկայացնէ տիրադաւ նախկին Գէորգ եպիսկոպոսը։
Աստուած անսասան պահէ Հայաստանի Առաքելական Սուրբ եկեղեցին ու անոր օծեալ Հայրապետը յօգուտ մեր դարաւոր ազգին ու Հայրենիքին:
Առաջ Աստուած:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






