Տեսանկիւն
«Ուր որ թրքական կօշիկը կոխէ, հոն խոտ չ’աճիր»:
Վիքթոր Հիւկօ
Փետրուար 4-ին եւ 5-ին հրապարակուած հաղորդումներուն համաձայն, Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած դիւանագիտական իրադարձութիւններուն եւ Ազրպէյճանի մէջ կայացած դատական քայլերուն միջեւ կայ զարմանալի եւ փաստագրուած հակադրութիւն մը։
Արդարեւ, երէկ՝ Փետրուար 4-ին, Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ազրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւը Ապու Տապիի մէջ «արժանացան» «Մարդկային Եղբայրութեան Զայէտ» 2026 թուականի մրցանակին: Մրցանակը տրուեցաւ հակամարտութիւնը դադրեցնելու իրենց գործադրած ջանքերուն ճանաչումով, որուն ընթացքին երկու ղեկավարներն ալ յայտարարեցին, որ «հակամարտութեան էջը փակուած է»: Փաշինեան նշեց, որ արարողութիւնը կը հաստատէ խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ յայտնեց, որ «խաղաղութիւնը միակ ճշմարիտ մխիթարութիւնն է» տարածաշրջանին համար:
Նշեալ զոյգը պատուուեցան խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու եւ «խաղաղութեան օրակարգը առաջ մղելու» իրենց «ջանքերուն» համար:
Պէտք է յիշել, որ մրցանակը կը ներառէ $1 միլիոն տոլարի դրամական պարգեւ իւրաքանչիւր կողմին համար: Արարողութենէն առաջ, երկու ղեկավարները առանձին հանդիպում մը ունեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային կայունութիւնը քննարկելու համար:
Այսօր՝ Փետրուարի 5-ին զուգահեռ իրականութեամբ մը, Պաքուի մէջ ցմահ դատավճիռներ արձակուեցան պատերազմի եւ հակամարտութեան իբրեւ հետեւանք գերեվարուած՝ Արցախի քաղաքական եւ ռազմական բարձրաստիճան ղեկավարներ:
Ապօրինաբար բանտարկուած ղեկավարներէն ցմահ դատապարտուածներուն կարգին են Արցախի նախկին Նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեանը, նախկին Արտաքին Գործոց Նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Պաշտպանութեան Բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, անոր տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը եւ Ազգային Ժողովի նախկին խօսնակ Դաւիթ Իշխանեանը։ Նոյն շինծու դատավարութեան ընթացքին, նախկին Նախագահներ Բակօ Սահակեանը եւ Արկադի Ղուկասեանը դատապարտուեցան 20 տարուան բանտարկութեան։ Աւելին, եօթը այլ հայ գերիներ դատապարտուեցան 15-էն 19 տարուան բանտարկութեան ժամկէտներու:
Հակառակ խաղաղութեան հռետորաբանութեան եւ Յունուար 2026-ին չորս հայորդիներու ազատ արձակման, այսօր՝ նուազագոյնը 19, եւ գուցէ աւելի, հայորդիներ կը մնան գերութեան մէջ՝ Պաքուի մէջ եւ այս տակաւին չհաշուած Արցախի բռնագրաւեալ բնակավայրերէն անյայտ կորածները:
Մարդկային իրաւունքներ պամտպանող խումբեր եւ իսկական հայրենատէր հայորդիներ դատավարութիւնները արդարօրէն կը նկարագրեն իբրեւ կեղծ ընթացակարգեր, մինչ գերիները կը բնութագրուին ոչ նուազ քան քաղաքական պատանդներ:
Անընդունելի է, որ նշեալ դատավճիռները տեղի կ’ունենան երկու երկիրներու պատասխանատու մարդկանց «եղբայրական յարաբերութիւններուն» եւ խաղաղութեան տօնակատարութիւններուն ֆոնին:
Թրքական (ազրպէյճանական) բառքերու շատ յարիր սոյն ընթացքը, եթէ հասկնալի երեւոյթ է թուրքը լաւ ճանչցողին համար, խաղաղութիւն մուրացող հայկական կողմին այս ընթացքը, ոչ միայն անընդունելի է, այլ դավաճանութիւն է, եւ ինչու չէ, սահմանադրական կոպիտ խախտում երբ տուեալ ինքզինք յարգող պետութեան մը նուազագոյն պարտականութիւնն է իր քաղաքացիներուն իրաւունքներուն տէր կանգնիլ, ուր ալ գտնուին անոնք:
Շատ մը քաղաքակիրթ պետութիւններու անցագիրը իր առաջին էջին վրայ, իր պետութեան անունով, վեր ի վարոյ հետեւեալը նշելով կը պահանջէ առ որ անկ է, «թոյլ տալ տուեալ անձին անարգել անցնի, առանց արգելքի կամ խոչընդոտի, եւ տրամադրել այնպիսի օգնութիւն եւ պաշտպանութիւն, որոնք կրնան անհրաժեշտ ըլլալ»։
Սոյն դիւանագիտական ուղերձը սակայն, իրողութեան հետ ոչ այնքան անհամապատասխան ժողովրդական որոշ չափով չափազանցուած մեկնաբանութեան մը առաջնորդած է, օրինակ Մեծն Բրիտանիոյ պարագային որուն, ըստ ժողովրդային մեկնաբանութեան, «Մեծն Բրիտանիոյ Միապետը պատրաստ է իր նաւատորմիղը շարժելու իր մէկ քաղաքացին պաշտպանութեանը համար»…:
Մինչ ըստ ընդհանրական ընկալումի, ուրիշներ պատրաստ են իրենց քաղաքացիին կամ ազգակիցին համար նաւատորմիղ շարժելու, մեր իշխանութիւնները, այս խայտառակ ընթացքով իրենց ի՞նչն է, որ կը շարժեն արդեօք….:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






