Չորեքշաբթի 4 Փետրուարին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցչական շէնքը այցելեցին Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի անդամներ՝ Էրիխ Ֆոնտոպելը եւ Շտեֆան Միւլլեր Ալթեմաթը: Իրենց կ՛ընկերակցէր «Քրիստոնէական Համերաշխութիւն Միջազգային» (CSI) իրաւապաշտպան կազմակերպութեան նախագահ Ճոն Էյպները։
Պատուիրակութեան կ’ընկերակցէին նաեւ նոյն կազմակերպութեան պատասխանատու Ճոէլ Վելտկամպը եւ Գերմանացի կրօնական՝ Հայր Փիթըր Ֆուքսը։
Հանդիպումին ներկայ էին ԱՀ նախագահին պաշտօնակատար, ԱԺ նախագահ Աշոտ Դանիէլեան, ԱՀ ԱԺ փոխնախագահ Գագիկ Պաղունցը, ԱԺ խմբակցութիւններու ղեկավարները, ԱՀ ՄԻՊ-ը եւ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներուն պաշտպանութեան հանձնախումբի ներկայացուցիչը։
Հանդիպումին սկիզբը, Աշոտ Դանիէլեան Արցախի Հանրապետութեան «Երախտագիտութիւն» մետալով պարգեւատրեց Էրիխ Ֆոնտոպելին եւ շնորհակալագիրեր յանձնեց Շտեֆան Միւլլեր Ալթեմաթին ու Ճոն Էյպներին։ Ապա, Աշոտ Դանիէլեան ներկայացուց Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներուն վերականգնումին համար տարուող աշխատանքներուն քաղաքական ուղղուածութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ժողովուրդին ընկերային եւ հոգեբանական ընդհանուր կացութեան։
Էրիխ Ֆոնտոպելը եւ Շտեֆան Միւլլեր Ալթեմաթը ներկայացուցին Շուէտիոյ երկու խորհրդարանական պալատներուն կողմէ 2025 թուականին ընդունուած «Լեռնային Ղարաբաղի համար խաղաղութեան ֆորում․ հայերուն վերադարձին հնարաւորութեան ապահովում» բանաձեւին կատարման ընթացքը եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները։
Մասնակիցները տեսակէտներ փոխանակեցին երկուստեք համագործակցութեան եւ յետագայ ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ նախատեսուող քայլերուն մասին։
*****
Յիշեցնենք, որ Զուիցերիացի Խորհրդարանի անդամ Էրիխ Ֆոնտոպելը իր արդար և ուժեղ կեցուաքներով եւ յայտարարութիւններով,կը հանդիսանայ Հայ Ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ մասնաւորապէս Արցախահայութեան դատին ուժեղ պաշտպանն ու բարեկամը:






