Աշխարհածանօթ կրօնական ազատութեան կազմակերպութիւնը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հալածանքին մասին՝ փաստահաւաք առաքելութիւն մը ստանձնեց ՝ Ուաշինկթընի մէջ կայացող Միջազգային Կրօնական Ազատութեան Գագաթնաժողովին հետ զուգահեռ: Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը յաջորդեց։
Քրիստոնէական Համերաշխութեան Միջազգային Կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը (CSI) Փետրուար ամսուայ առաջին շաբաթը այցելեց Հայաստան՝ նպատակ ունենալով իրականացնել փաստահաւաք առաքելութիւն մը՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ ձեռնարկուած խստագոյն քայլերուն շուրջ։
Այցելութիւնը եզրափակուեցաւ Երեւանի «Իպիս Հոթէլ Սենթր»-ի մէջ տեղի ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը, Հայաստանի մէջ Քաղաքական Իրաւունքներու Կեդրոնին (ACPR) հետ, որ Երեւանի մէջ հաստատուած մարդկային իրաւունքներու ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մըն է, որ արտադրած է կառավարութեան հակա-եկեղեցական արշաւին վերաբերեալ համապարփակ իրաւական զեկոյց մը։ Զուիցերիոյ խորհրդարանի անդամ Էրիխ Վոնթոպելը նոյնպէս մասնակցեցաւ այցելութեան եւ մամլոյ ասուլիսին։
Ասուլիսը վարեց՝ Լիքա Թումանեանը: Անգլերէն լեզուով ընթացող մամլոյ ասուլիսը տեղւոյն վրայ Հայերէնի կը թարգմանէր՝ Նայիրի-Կրէյս Պարտաքճեանը:
Մամլոյ ասուլիսը ուղիղ հեռարձակումով ցուցադրուեցաւ 3 Փետրուարին, Երեւանի ժամանակով երեկոյեան ժամը 5-ին (Ուաշինկթընի ժամանակով առաւօտեան ժամը 8-ին)։
CSI-ի փաստահաւաք առաքելութիւնը կայացաւ այն ժամանակաշրջանին, երբ կրօնական ազատութեան փորձագէտները եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները հաւաքուած էին Ուաշինկթընի մէջ՝ Միջազգային Կրօնական Ազատութեան Գագաթնաժողովին համար, եւ ԱՄՆ-ի փոխ նախագահ Ճէյ. Տի. Վանսիի կողմէ Փետրուար ամսուայ ընթացքին Հայաստան եւ Ազրպէյճան կատարելիք այցելութենէն առաջ։
«Կրօնական ազատութեան պայմանները կտրուկ կերպով վատթարացած են Հայաստանի մէջ՝ այս ամրան սկիզբէն ի վեր», յայտնեց Ժոէլ Վելտկամփ, CSI-ի փաստաբանական բաժանմունքի տնօրէնը։ «Մենք յոյս ունինք, որ այս այցելութիւնը ուշադրութեան կեդրոն կը բերէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ ուժգնացող հալածանքը՝ Գագաթնաժողովի մասնակիցներուն համար»։
Պատմութեան Համառօտ Ակնարկ
Յունիս 2025-էն ի վեր, Հայաստանի կառավարութիւնը բանտարկած է չորս եպիսկոպոս եւ մէկ քահանայ։ Տասնեակ ուրիշներ նոյնպէս ձերբակալուած են, ներառեալ՝ եկեղեցական աշխատողներ, ձերբակալուած հոգեւորականներու փաստաբաններ, հոգեւորականներու ընտանիքի անդամներ եւ եկեղեցւոյ հանրային կողմնակիցներ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակայնօրէն խոստացած է հեռացնել համայն աշխարհի Հայ եկեղեցւոյ գլուխը՝ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր պաշտօնէն, եւ փոխարինել զայն պետութեան կողմէ նշանակուած յանձնախումբի կողմէ ընտրուած դէմքով մը։
Հայաստանի մէջ տիրող անապահով վիճակին պատճառով, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին վերջերս ծրագրած է իր Եպիսկոպոսական Ժողովը 16-19 Փետրուարին կայացնել Աւստրիոյ մէջ, Հայաստանի փոխարէն։
Նոյեմբեր 2025-ին, Հայաստան կատարած նախորդ այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին «Աղօթքի Նախաճաշ»-ին հետ միատեղ, CSI-ի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ տեղական քաղաքացիական հասարակութեան առաջնորդներուն հետ, ինչպէս նաեւ ձերբակալուածներուն ընտանիքի անդամներուն եւ փաստաբաններուն հետ։
«Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հալածանքը Հայաստանի կառավարութեան կողմէ՝ գալիք օրերու սարսափելի նշան մըն է, ոչ միայն հայ ժողովուրդին համար, այլ նաեւ միջազգային հասարակութեան բոլոր անդամներուն համար, որոնք կը գնահատեն կրօնական ազատութիւնը», մեկնաբանեց Քրիստոնէական Համերաշխութեան Միջազգային Կազմակերպութեան նախագահ Դոկտ. Ճոն Էյպնըր։ «Եթէ ԱՄՆ-ի դաշնակից կառավարութիւն մը կրնայ այդքան բացէ ի վեր փորձել վերահսկողութիւն հաստատել աշխարհի հնագոյն եկեղեցիներէն մէկուն վրայ՝ առանց միջազգային հակազդեցութեան, ապա անիկա մռայլ նախադէպ մը պիտի ստեղծէ ամբողջ աշխարհի մէջ գտնուող բռնապետական կառավարութիւններուն համար»։
«Մենք կը յորդորենք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցող IRF Գագաթնաժողովի մասնակիցները, ինչպէս նաեւ փոխ նախագահ Վանսը, միջամտել հայկական իշխանութիւններուն մօտ, որպէսզի վերջ տան իրենց արշաւին՝ ուղղուած Հայ եկեղեցւոյ դէմ, եւ ազատ արձակեն այն մարդիկը, որոնց ձերբակալած են այդ արշաւին մաս կազմելով», եզրափակեց ան։
CSI-ի պատուիրակութիւնը ՀՀ պատկան իշխանութիւններուն հետ ունեցած դժուար բանակցութիւններէն ետք, առիթը ունեցաւ հանդիպելու բանտարկուած Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանին հետ, որ իրենց յանձնեց իր կողմէ ստորագրուած նամակներ, որոնք ուղղուած էին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցող IRF Գագաթնաժողովի մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի փոխ նախագահին։
Մամլոյ Ասուլիս
«Բագրատ սրբազանը կը պահուի նոյն խուցին մէջ, ուր 1937-ին խորհրդային միութեան համապատասխան համակարգին կողմէ սպաննուեցաւ Բագրատ Եպիսկոպոս Վարդազարեանը»․ մամլոյ ասուլիսին արտասանած իր խօսքին մէջ, ի միջի այլոց, ըսաւ CSI-ի նախագահը։

«Եկած ենք հետեւողական աշխատանք կատարելու՝ որպէս մեր փաստահաւաք աշխատանքին շարունակութիւնը, որ իրականացուցինք Նոյեմբերին։ Հոս ենք՝ հասկնալու համար թէ ճգնաժամը եկեղեցիին եւ պետութեան միջեւ ինչպէս փոխուած է»,- Քրիստոնէական Համերաշխութեան Միջազգային Կազմակերպութեան (Christian Solidarity International, CSI) եւ Քաղաքական Իրաւունքներու Հայկական Կեդրոնի (ACPR) կազմակերպած մամուլի ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց CSI-ի նախագահ, յայտնի իրաւապաշտպան Ճոն Էյպնըրը։ Ան յայտնեց, որ այս այցելութեան ընթացքին հանդիպած են մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններու, փաստաբաններու հետ, հանդիպած են Կաթողիկոսին՝ Մայր Աթոռին մէջ․ «Վճռակամ կեցած է պաշտպանելու իր հօտը եւ ազգը։ Այսօր առաւօտեան այցելեցինք Բագրատ սրբազանին՝ բանտին մէջ: Ուրախ էինք Բագրատ սրբազանը տեսնել քաջ առողջութեամբ»։
«Վարչապետին հետ փաստաթուղթ ստորագրելէ քանի մը օր առաջ մեզի հետ հանդիպման Արցախի թեմի առաջնորդը կ՚ըսէր՝ Արցախի հարցը փակուած չէ»․ իր խօսքին մէջ շարունակեց վկայել յայտնի իրաւապաշտպան Ճոն Էյպնըրը եւ շարունակեց յայտնելով, որ «Այո, մեր հանդիպումէն քանի մը օր ետքն էր, որ վարչապետին հետ փաստաթուղթ ստորագրեցին։ Ան որեւէ ձեւով դէմ չարտայայտուեցաւ Կաթողիկոսին։ Ըսաւ, որ Ղարաբաղի հարցը փակուած չէ։ Ասիկա Արցախի արքեպիսկոպոսին ըսածն էր փաստաթուղթը ստորագրելէ քանի մը օր առաջ», հարցումի մը պատասխանելով շեշտեց Էյպնըրը:
Իսկ այն հարցումին, թէ Նիկոլ Փաշինեանի կողմը անցած 10 հոգեւորականներուն հետ հանդիպա՞ծ են, հակառակ պարագային ինչպէ՞ս կրնան խօսիլ առարկայական փաստահաւաք առաքելութեան մասին, ան պատասխանեց․ «Մենք չենք հանդիպած այն տասը հոգեւորականներուն հետ, որոնք Կաթողիկոսին դէմ դուրս եկած են։ Մենք Նոյեմբերին Արցախի արքեպիսկոպոսին հետ ենք հանդիպած։ Թէեւ մենք անձնական հարցազրոյց չենք ունեցած ՀՀ վարչապետին հետ, Նոյեմբերին աղօթքի նախաճաշին մասնակցեցանք։ Մենք լսեցինք վարչապետին եւ ուրիշներուն, մենք ինքներնիս հետազօտութիւն կը կատարենք անոնց ելոյթներուն, կ՚ուսումնասիրենք հասկնալու՝ «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութիւնը ո՛րն է։ Ուստի կարելի է ըլլալ առարկայական՝ լսելով բոլոր կողմերը, եւ մենք ասիկա կ՚ընենք»։
Ինչ կը վերաբերի Արցախի թեմին, Ճոն Էյպնըրը շեշտեց՝ «մարդկային իրաւունքները չեն կրնար չեղարկուիլ երբեք»։
«Եթէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հիմնարար իրաւունքները կրնան փակուիլ այսօր, ձեր՝ մարդկային իրաւունքները կրնան փակուիլ վաղը, եւ կրնան փակուիլ պետութեան կողմէ»,-ըսաւ ան։
Դոկտ. Էյպնըրը պատասխանելով ասուլիսին ներկայ, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիրին հարցումին, թէ ի՞նչ ունի ըսելիք այն զարգացումին մասին, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, երկիրը լքելու արգելանք կիրարկեցին 6 եպիսկոպոսներու հետ, որոնք պէտք է յառաջիկայ օրերուն մասնակցէին Գարեգին Բ. Վեհափառին հրաւէրով Աւստրիոյ մէջ կայանալիք Հայաստանի Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիի Մայր Աթոռին եպիսկոպոսաց ժողովին, ըսաւ. «Ասիկա արդէն գագաթնակէտն է մինչեւ հիմա պատահած բռնաճնշումներուն, որ անպայմանօրէն կը խաթարէ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարկը յաջս միջազգային ընտանիքին»։ Էյպնըրը շարունակեց իր պատասխանը, շեշտելով, որ Մայր Աթոռին կը մնայ իր նշեալ ժողովը իրագործելու համար սոյն բռնաճնշումները շրջանցող խելամիտ միջոցներ գտնել։
«ՀՀ-ի մէջ ամենաբարձր մակարդակով կ’ըսուի, թէ ԼՂ հարցը փակուած է. մենք այդպէս չենք կարծեր». իր կարգին, ի միջի այլոց, ըսաւ ասուլիսին մասնակից զուիցերիացի խորհրդարանականը։

«ՀՀ-ի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ լսելի կ’ըլլայ, թէ ԼՂ հարցը փակուած է։ Մենք այլ կերպ կը նայինք հարցին։ Մեր կարծիքով, քանի դեռ տեղահանուած անձինք չեն վերադարձած իրենց տուները եւ չեն կրնար վերադառնալ, գործը փակուած չէ եւ չպէտք է փակուած ըլլայ մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Զուիցերիոյ Ազգային Խորհրդարանի անդամ Էրիխ Վոնտոբելը։ Ըստ իրեն, տեղահանուած անձանց վերադարձը պէտք է կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի անբաժանելի մասը կազմէ։ Ան նշեց, որ իրենք ամէն բան կ’ընեն, որպէսզի հայերուն վերադարձի հարցը բերեն միջազգային ուշադրութեան կեդրոնը։ Ան պատմեց, որ 2024 թուականի Հոկտեմբերին հանդիպած է ԼՂ-էն տեղահանուած անձանց հետ Երեւանի մէջ. «Անոնց հարցուցի երեք բան՝ ի՞նչ պատահեցաւ 2023 թուականի Սեպտեմբերին, երկրորդը՝ ի՞նչ կ’ուզէք հիմա դուք, երրորդը՝ ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ այդ նպատակին»։ Անոնց յստակ առաջարկն էր՝ կլոր սեղան Ազրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ՝ միջազգային հարթակի վրայ: Այդ հանդիպումին խոստացայ, որ կը վերադառնանք Զուիցերիա, եւ մենք պիտի փորձենք բան մը ընել։
«2023 թուականի Սեպտեմբերին Արցախի մէջ պատահածը արդար չէր, ճիշդ չէր»,- լրագրողի մը հարցումին ի պատասխան ըսաւ Զուիցերիաի Ազգային Խորհուրդի անդամը։
«Մարդիկ զրկուեցան իրենց հիմնարար իրաւունքէն՝ իրենց հայրենիքը վերադառնալու իրաւունքէն։ Ասիկա մարդու իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարում մըն էր, սխալ էր։ Եւ հիմա, 2.5-3 տարի ետք, եթէ անգամ մէկ մարդ յայտարարէ, թէ «հարցը փակուած է», ասիկա բան մը չի փոխեր իրականութեան մէջ։ Այդպիսի հայտարարութիւնները չեն կրնար փոխել փաստերը, չեն կրնար հերքել տեղի ունեցածը, արդարացնել այն, ինչ որ եղած է սխալ եւ նոյնիսկ՝ քրէական։ Պարզապէս հարցուցէք տեղահանուած մարդոց՝ արդեօք իրենց համար այս հարցը փակվա՞ծ է։ Անոնց պատասխանը բնականաբար մէկն է՝ ո՛չ։ Անոնք կ’ուզեն վերադառնալ, քանի որ անոնց եկեղեցիները հոն են, վարժարանները հոն են, գերեզմանատուները հոն են։ Իսկ այս ժողովուրդին համար գերեզմանատուները յիշողութիւն են, շատ կարեւոր են։ Ուստի պարզապէս ըսել, թէ հարցը փակուած է, անկարելի է, այդպէս չի կրնար ըլլալ։
Ասիկա է պատճառը, որ մենք ունինք Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Զուիցերիական Խաղաղութեան Յանձնաժողով։ Քանի դեռ վստահ ենք եւ հաւատում ենք, որ այս հարցը փակուած չէ, մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ անոր համար։ Մենք կը տեսնենք տեղահանուած մարդիկը, կը լսենք անոնց ձայնը, եւ հէնց անոնց խօսքն է այն շարժառիթը, որ մեզ առաջ կը տանի»,- ըսաւ Էրիխ Վոնտոբելը։
«Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիրը իր հարցը ուղղեց պարոն Վոնտոբելին, ըսելով որ. «Միեւնոյն քրիստոնեայ եւ ժողովրդավար Եւրոպան էր, որ 110 տարիներ առաջ մատը մատին չզարկաւ արգելք հանդիսանալու, որ թուրքը իմ նախահայրերը դուրս չքշէ քրիստոնեայ Կիլիկիոյ մէջ գտնուող իրենց պապենական գիւղէն, որուն իբրեւ արդիւնք իմ հայրը, ես եւ զաւակս ծնանք Լիբանան, մինչ պէտք է ծնէինք մեր պապենական հողերուն վրայ, որ օր ցերեկով զաւթուեցաւ թուրքերուն կողմէ»: «Ի՞նչը կ’երաշխաւորէ, որ նոյնը պիտի չպատահի Արցախէն բռնի տեղահանուած հայորդիներուն հետ» իր հարցը եզրափակեց Սեւակ Յակոբեանը։ Պատասխանելով հարցումին Զուիցերիոյ Ազգային խորհրդարանի անդամը ափսոսանքով յայտնեց, որ նման երաշխաւորութիւններ չկան, սակայն իրենք ամէն բան պիտի ընեն, որ մարդկային այդ ողբերգութիւնը չկրկնուի Արցախահայոց պարագային։ Այս մասին Դոկտ. Էյբնըրն ալ միջամտեց, խստագոյն բառերով դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

«Գերմանիոյ մէջ քրիստոնեաները այսօր մտահոգ են այն իրավիճակով, որ կը պատահի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ Հայաստանի մէջ»․ Իր հերթին հաստատեց, Հայաստանի մէջ կրօնական ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան վիճակին վերաբերեալ մամլոյ ասուլիսին հրաւիրուած, CSI-ի անդամ՝ գերմանացի կաթոլիկ քահանայ Հայր Փիթըր Ֆուքսը։
«Միջազգային իրաւունք չկայ, որ չսահմանափակուեցաւ ՀՀ իշխանութեանց կողմէ՝ եկեղեցւոյ դէմ արշաւի ընթացքին»․ հաստատեց Ռաֆայէլ Իշխանեանը։

«Իշխանութեանց կողմէ եկեղեցւոյ եւ անոր սպասաւորներուն դէմ տարուող արշաւը յաճախ կը մեկնաբանուի իբրեւ համակամարտութիւն երկու կողմերուն միջեւ, ինչ որոշ հաւասարութեան նշան կը դնէ, մրցակցութեան պատրանք կը ստեղծէ, մինչդեռ ասիկա այդպէս չէ»,- մամուլի ասուլիսի ընթացքին այսպիսի կարծիք յայտնեց Քաղաքական Իրաւունքներու Հայկական Կեդրոնի (ՔԻՀԿ) նախագահ Ռաֆայէլ Իշխանեանը։ Ան ներկայացուց փաստահաւաք առաքելութեան արդիւնքները ու նշեց․ «Մի կողմէ՝ պետութիւնը ունի ահռելի պետական ապարատ, ուժի գործադրութեան բացարձակ մենաշնորհ, ուժային կառոյցներու գործողութիւնները կառավարելու մենաշնորհ։ Միւս կողմէ, եկեղեցին մէկ միաւոր կրօնական կազմակերպութիւն է, հետեւաբար իշխանութեան կողմէ տարուող արշաւի եւ եկեղեցւոյ գործողութիւններուն միջեւ հաւասարութեան նշան չի կարելի դնել»։ Ըստ Ռաֆայէլ Իշխանեանի՝ առաջին հայեացքէն դիտարկումը այն էր, որ իշխանութեան՝ ի դէմս վարչապետին, արշաւը ուղղուած էր առանձին գործիչներու դէմ, յետագային՝ երկրորդ հարթութեան մէջ տեսանելի էր, որ ասիկա ուղղուած է եկեղեցւոյ դէմ․ «Երբ վարչապետը օրակարգ բերաւ Կաթողիկոսին փոխելու հարցը, նաեւ հաւատացեալներուն իրաւունքներուն վրայ ասիկա անդրադարձաւ։ Գիտենք, որ քաղաքացիներուն կարեւոր միջոցառումները ուղղակիօրէն կապուած են եկեղեցւոյ գործունէութեան հետ»։ Ըստ Ռաֆայէլ Իշխանեանի՝ հաւանաբար չենք գտնէր միջազգային համաժողովներում սահմանուած մէկ իրաւունք, որ չսահմանափակուեցաւ կամ չխախտուեցաւ ՀՀ իշխանութիւններուն արշաւին ընթացքին․ «Անձնական ազատութեան, արդար դատաքննութեան իրաւունքը, կալանքները ամենէ յաճախ գործածուող միջոցներն են։ Արդար դատաքննութեան իրաւունքի խախտում տեսած էինք նոյն Սրբազան պայքարին անդամներուն գործին մէջ, փաստերու մանիպուլեացիա, գաղտնալսումներ, որոնք մոլորեցնում են մէկ ամբողջ հանրութիւն՝ ստեղծելով պատկեր, թէ խումբին անդամները ունէին հանրութեան նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու նպատակ։ Էլ չեմ ըսեր անմեղութեան կանխավարկածին ամբողջովին անտեսումը»։
*****
Իր տեսակին մէջ այս եզակի ու շնորհակալ այցելութիւնն ու հնչեցուած խօսքերը ցնցիչ էին։ Թէ ինչպիսի պատասխան պիտի տան միջազգային հանրութեան աչքին՝ իրենց արարքներով վարկաբեկուած ՀՀ իշխանութիւնները, դեռ յայտնի չէ, բայց մինչ այդ, սոյն մամլոյ ասուլիսին արձագանգները բարձր պիտի հնչեն ու զգացուին թէ՛ մեր հայրենիքին, թէ՛ աշխարհին մէջ։
«Զարթօնք»-ի յատուկ տեղեկագրութիւն






