Խոր ցաւով կը գուժենք Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ նուիրեալ եւ վաստակաշտ անդամ Մարօ Պետրոսեանի մահը:
Հանգուցեալը բացառիկ սէր եւ գուրգուրանք ունէր հայեցի դաստիարակութեան նկատմամբ: Ան 30 տարիներէ ի վեր, մասնաւորապէս կը գլխաւորէր Թ.Մ.Միութեան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ծաւալած՝ «Ուսուցիչ Մը Հովանաւորէ» բարեգործական ծրագրին աշխատանքները:
Մարօ Պետրոսեանին կեանքին ու գործին գնահատանքը եւ յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հիուսթըն, Թեքսասի մէջ, ԱՄՆ, Շաբաթ՝ 31 Յունուար 2026-ին, տեղւոյն ժամով առաւօտեան 11-ին:
Հանգուցեալին ընտանիքին փափաքն է, որ փոխան ծաղկեպսակի, նուիրատուութիւններ կատարուին Թ.Մ.Մի «Ուսուցիչ Մը Հովանաւորէ» Ֆոնտին:
****
Այս տխուր առիթով կու գանք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնելու հանգուցեալին ամուսնոյն՝ Սերոբ Պետրոսեանին, իրենց զաւակներուն, հարազատներուն եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն:
Թէքէեան Մշակութային Միութեան
Կեդրոնական Վարչութիւն






