Երեքշաբթի, 20. 01. 2026

spot_img

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հրաւէրով՝ Եպիսկոպոսական Ժողով Կը Գումարուի Աւստրիոյ Մէջ Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակութեան  Հիւրընկալութեամբ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ցաւալիօրէն Իշխանութիւնները Մասնակցողներուն Ապահովութեան

Երաշխիք Չեն Տուած Որպէսզի Ժողովը Կարելի Ըլլար Գումարել Ս. Էջմիածնի Մէջ

Նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Հ.Ա.Ե. Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը իր վերջին ժողովին ընթացքին ներկայ՝  իշխանութիւն-եկեղեցի լուրջ տագնապի պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ նկատած է գումարել Հ.Ա.Ե. Մայր Աթոռի Եպիսկոպոսական ժողով, մանրամասն կերպով քննելու համար ներկայ աննախադէպ տագնապին բոլոր տուեալները եւ որոշումներ կայացնելու համար, մինչեւ հերձուածային քանդիչ արարքներու տանող վերջին զարգացումներուն ի պատասխան: Նոյնպէս Եպիսկոպոսական Ժողովէն կ’ակնկալուի քննել եւ որոշում կայացնել Ազգային Եկեղեցական Ժողովի գումարման մասին որ Հ.Ա.Եկեղեցւոյ կանոնադրութեան համաձայն Գերագոյն հեղինակութիւնն է, որ իրաւասու է եւ պարտի առնել այն որոշումները որոնք որպէս օրինական վճիռներ, պարտին գործադրուիլ Հայաստանի եւ աշխարհատարած Սփիւռքի մէջ գործող Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ բոլոր կառոյցներուն կողմէ:

            Յառաջիկայ Փետրուար 16-էն 19-ին   գումարուելիք այս կարեւոր ժողովը որ բնականոն պայմաններու մէջ պէտք էր գումարուէր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, ցաւալիօրէն, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը պարտաւոր զգացած է Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական ակնյայտ անապահովութեան հետեւանքով գումարել Հայաստանէն դուրս: Արդարեւ անցնող ամիսներուն ընթացքին իշխանութեանց կողմէ գործադրուած հոգեւորականներու եւ կարգ մը աշխարհականներու անօրինական կալանաւորումներու՝ Հայոց ժողովուրդի պատմութեան մէջ աննախադէպ ցաւալի երեւոյթը, բնականօրէն ստեղծած է անապահովութեան հասկնալի մթնոլորտ մը որուն իբրեւ հետեւանք՝ այս համաշխարհային բնոյթ ունեցող Եպիսկոպոսական Ժողովին ակնկալուած մասնակցողներուն համար անկարելի կը դարձնէ նախաձեռնել  դէպի Հայաստան ճամբորդութիւն մը, առանց ինքզինք ենթարկելուվ անօրինաբար կալանաւորուելու հաւանականութեան: Ահա այս իսկ պատճառաւ է որ որոշուած է Եպիսկոպոսական Ժողովը գումարել Աւստրիոյ Սանթ Փյոլթըն քաղաքին մէջ։

            Խիստ ցաւալի է այս վերջին պարագան որուն պատասխանատուութիւնը ամբողջովին կը կրէ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը: Արդարեւ յատուկ այս անապահովութեան լուրջ հետեւանքները վերացնելու նպատակաւ է որ կը վերյիշեցնենք ՌԱԿ Համադրուած Մամուլին անցնող Դեկտեմբերի 17-ին եւ անոր շուրջ կատարած՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով յայտարարութեանց հետեւեալ վերնագրով արդարացի ու տեղին պահանջը.

«ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլը Կը պահանջէ՝  Հ.Հ. Վարչապետը եւ Իշխանութիւնները, Պարտին Հրապարակաւ Անձեռնմխելիութեան Երաշխիքներ Տալ Որպէսզի Հայ Եկեղեցին Իր Հարցերը Ի’նք Լուծէ»:

            Արդ, դժբախտաբար իշխանութիւնները գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար բոլորովին անտեսեցին այս շատ իրաւացի պահանջը:

            Ահա թէ ինչու դժբախտաբար, բոլորովին կեղծիք է այսօր երբ իշխանութիւնները, կամ անոնց ենթակայ կեղծ կամ իրաւ արբանեակներ, կը ջանան այպանել Եպիսկոպոսական Ժողովի Մայր Աթոռէն դուրս գումարումը:

            Միւս կողմէ կ’արժէ նաեւ յիշել թէ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կամ Եպիսկոպոսական՝ Ժողովներ Հայաստանէն դուրս գումարելու օրինական որեւէ արգելք չկայ մեր կանոնադրութեան մէջ, այլ ընդհակառակը՝ ունի նախընթացներ:

            Կը մաղթենք, որ 16-էն19-ը Փետրուարին Աւստրիոյ մէջ Գումարուելիք Հ.Ա. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Ժողովը ըլլայ կառուցողական եւ արդիւնաւէտ, հակառակ Հայաստանի մէջ ներկայիս տիրող Իշխանութիւն-Եկեղեցի խիստ վատառողջ յարաբերութիւններու վիճակին, որ ինքնին աննախադէպ է մեր պատմութեան մէջ:

               Պատմական այս լուրջ հանգրուանին գումարուող եկեղեցական սոյն յոյժ կարեւոր ժողովը, պարտի ազգային միասնականութեան գերակայութեան մթնոլորտի գիտակից յաղթանակով հասնի իր աւարտին:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ

ԱԶԳ (Հայաստան), ԱՊԱԳԱՅ (Մոնրէալ), ԱՐԵՒ (Եգիպտոս),

ԶԱՐԹՕՆՔ (Լիբանան), ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ (Յունաստան), ՊԱՅՔԱՐ (Պոսթոն),

The Armenian Mirror Spectator (USA), ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ (Արժանթին)

20 Յունուար 2026

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին