Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հրաւէրով, Մայր Աթոռի Եպիսկոպոսական Ժողովը տեղի պիտի ունենայ Աւստրիոյ Սանթ Փյոլթըն քաղաքին մէջ։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ որեւէ ժողովական մարմին, բացառութեամբ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովին, իր նիստերը կրնայ գումարել որեւէ վայրի մէջ։ Նման նախադէպեր պատահած են ինչպէս Եպիսկոպոսական Ժողովին, նոյնպէս եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի գումարման պարագային։ Այս մասին յայտնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Տեղեկատուական Համակարգէն։
«Ուստի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հրաւէրով, Եպիսկոպոսական Ժողովը տեղի պիտի ունենայ Աւստրիոյ Սանթ Փյոլթըն քաղաքին մէջ, Փետրուար 16-19-ը»,- հաստատած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Տեղեկատուական Համակարգէն։






