Ազրպէյճանի Կողմէ Ապօրինաբար Բանտարկուած Լիբանանահայ Վիգէն Էօլճէքեանը Ազատութեան Մէջ
Ինչպէս արդեն յայտնի է հանրութեան, վերջին օրերուն Ազրպէյճանի հետ փոխանակուած չորս գերիներուն մէջ էր լիբանանահայ մեր հայրենակիցը՝ Վիգէն Էօլճէքեանը։
Արդարեւ Հինգշաբթի 15 Դըկտեմբերի առաւօտեան անոր կողակիցը՝ տիկին Լինտան, Պէյրութէն ժամանեց Հայաստան։
Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ ան արցունքախառն աչքերով՝ յուզիչ ճեպազրոյց մը ունեցաւ այնտեղ փութացած լրագրողներուն հետ:
Տիկին Լինտան իր ժամանումէն օր մը առաջ լրատուամիջոցներէն տեղեկացած էր իր ամուսնոյն՝ Վիգէնին, գերութենէ ազատելուն մասին։
Զուարթնոց օդակայանը Լինտա Էօլճէքեանին դիմաւորելու եկած էր «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր՝ Սեւակ Յակոբեանը: Այնտեղ էին նաեւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանը եւ իր եղբայրը՝ ՀՀ կառավարութեան նախկին աշխատակից Նաիրի Սարգսեանը։
«Ես շատ ուրախ եմ: Միակ փափաքս հինգ տարի ետք վերջապէս ամուսինս տեսնելն էր… Զաւակներս չափազանց ուրախ են եւ չեն հաւատար, թէ այս իրականութիւն է»,- արցունքները հազիւ զսպելով ըսաւ Վիգէն Էօլճէքեանի կողակիցը։
Պատասխանելով լրագրողի՝ իրենց տղուն պսակի մասին հարցումին, տիկին Լինտան նշեց, որ այդ պսակը տեղի պիտի ունենայ, երբ Վիգէն Լիբանանի վերադառնայ։
Լինտա Էօլճէքեանը օդակայանէն անմիջապէս գնաց Երեւանի Մուրացան հասցէի զինուորական հիւանդանոցը, ուր կը գտնուէին ազրպէյճանական գերութենէ վերադարձած մեր հայրենակիցները։ Ափսոս, որ սակայն ան տեղ հասաւ 10 վայրկեան ուշացումով երբ Վիգէնին տեղափոխած էին ՀՀ Քննչական բաժանմունք ուր պէտք է ըստ օրինի հարցաքննուէր: Ամբողջ օր մը սպասելէ ետք տիկին Լինտա հանդիպեցաւ Վիգէնին Երեւանի դատաբժշկական կեդրոնին մէջ ուր երեկոյեան հասաւ Վիգէն յաւելեալ բժշկական յետազննութիւնններէ անցնելու համար:

Յիշեցնենք, որ ապօրինաբար գերութեան մէջ գտնուող Վիգէնը առողջական հարցեր ունէր, սակայն բանտին մէջ վերջին շրջանին կը մերժէր դեղեր ստանալ: Ան յաջորդական քանի մը անգամով հացադուլի մէջ եղած էր, որպէսզի թոյլ տրուէր հեռաձայնով խօսիլ իր ընտանիքին հետ: Պաքուի ատեանը Վիգէն Էօլճէքեանին շինծու քրէական գործով մեղաւոր ճանչցած էր «վարձկանութեան», «ահաբեկչութեան», «Ազրպէյճանի պետական սահմանի ապօրինի հատման» յօդուածներով եւ 20 տարուայ ազատազրկման վճիռ կայացուցած էր։
Աւարտին նշենք, որ չորս գերեվարուած հայորդիներուն դիմաց, Հայաստանը Թուրքիայի միջոցով Սուրիոյ կառավարութեան յանձնած էր Հայաստանի մէջ ցմահ ազատազրկման դատապարուած երկու իսլամիստ վարձկաններ, որոնք կը կռուէին ազերիական բանակին կողքին։






