Տեսանկիւն
Ցաւալի է, որ յարգելի գործընկեր «Երկիր» լրատուամիջոցը քանի մը օր առաջ մեծ աղմուկով հետեւեալ՝ իմ կարծիքով անտեղի եւ անհեթեթ լուրը հրապարակած էր.
«ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանը կը գրէ. «Երբ կը տեսնես, որ անգամ քու լուռ արած աշխատանքդ իսկ կ’օգտագործուի քու դէմ, ստիպուած կ’ըլլաս խօսել։
Ամէն բան չէ, որ կրնայ վերածուիլ PR-ի, գերիներու հարցը առաւել եւս։
Առաւօտեան պատկերներ տարածուեցան Զուարթնոց օդակայանէն, ուր կ’երեւի թէ ինչպէս է իշխող ուժի պատգամաւորներէն մէկը մեծ շուքով դիմաւորել Հայրենիք վերադարձած գերիներէն մէկուն կինը։
Ընդհանրապէս, իշխող ուժի ներկայացուցիչները երէկուընէ լծուած են գերիներուն ու անոնց հարազատներուն զգացումներուն հաշուոյն լայքեր ապահովելու գործընթացին։
Ու որպէսզի դուք պատկերացնէք տարբերութիւնը, միայն ըսեմ, որ Վիգէն Էօլճէքճեանի կնոջ Հայաստան ժամանելու բոլոր հարցերուն մասին հոգ տարած է ՀՅԴ-ն. տոմսը գնած են ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցի ընկերները, Հայաստանի մէջ կեցութեան մասին հոգացած է Իշխան Սաղաթէլեանը, զայն օդակայան դիմաւորելու գացած է ՀՅԴ անդամներէն մէկը։
Ու ինչպէս միշտ, այս ամէնը արուած է լուռ, առանց աղմուկի, որովհետեւ աշխարհի մէջ ամէն բան չի սկսիր ու չ’աւարտիր լայքերով ու դիտումներով»։
ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՀՅԴ-ի անդամ՝ Քրիստինէ Վարդանեանի գրութիւնը ինքնին PR է par excellence! Մինչ 135-ամեայ փրոփականտի ռահվիրա՝ նշեալ կազմակերպութեան ներկայացուցիչը իր թափած մաղձին ընթացքին, ուշադրութենէն վրիպած է, որ գրութեան վերջին՝ իբր թէ իրենց համեստութեան մասին խօսող պարբերութիւնը, կը հակասէ աւելի վերեւը բարձրաձայնուածին… Ի դէպ նշեմ, որ նոյն կազմակերպութեան Լիբանանի մարմնի ֆէյսպութեան է’ին վրայ այս Վիգէնի ազատ արձակման լուրը կարդացող անմեղսունակ ընթերցողը այն տպաւորութիւնը պիտի ունենար, որ նշեալ կազմակերպութեան ջան ֆիտայիները, իրենք ինչ որ դեր ունէին գերեվարուած հայորդին ազատագրութեան մէջ… Քանի մը օր վերջ, նոյնանման եզրակացութեան առաջնորդող ակնարկ մըն ալ կար տուեալ կազմակերպութեան պաշտօնական օրկաններէն մէկուն մէջ:
Շարունակեմ. Քրիստինէ Վարդանեանին վերաբերող վերի գրութեան մէջ ակնարկուած՝ իշխող ուժի ԱԺ պատգամաւորը, Հայկ Սարգսեանն էր, որ իր եղբօր՝ Նաիրիին հետ Զուարթնոց օդակայան եկած էր դիմաւորելու գերութենէ ազատագրուած Վիգէնին տիկինը՝ Լինտան։ Միւս դիմաւորողը՝ տիկին Լինտայի խնդրանքով, անարժանս էր, որ ինչպէս հայաշխարհին կրնայ ծանօթ ըլլալ, թէ նշեալ կազմակերպութենէն հեռու եմ այնքան՝ որքան Նիկոլ Փաշինեանը՝ ֆրանսերէնէն…
Հայկ Սարգսեանը (որուն հետ բնաւ չեմ բաժներ իր քաղաքական ուղեգիծը, որ սակայն ի դէպ, իմ կարծիքով, իր կեցուածքներով եւ աշխատելաոճով կը տարբերի ԱԺ-ի մէջ կոճակ սեղմելու համար միայն նստած պատգամաւորներէն) տիտկին Լինտային իր դիմաւորելուն մասին լիարժէք բացատրութիւնը տուած է լրատուամիջոցներուն եւ ես չե՛մ որ պէտք է արդարացնեմ կամ պաշտպանեմ զինք:
Սակայն Աստուծոյ եւ պատմութեան առջեւ պէտք է վկայել, որ ես այն վերաբերմունքը, որ տեսայ երկու եղբայրներուն կողմէ ազնիւ էր եւ գնահատելի:
Կը մնայ արտայայտել ՀՅԴ-ի պատմական անհեռատեսութեան եւ քաղաքական ու դիւանագիտական միտքի տհասութեանը մասին իմ համեստ սակայն կայուն ու անփոփոխ կարծիքս.
Մինչ բոլորին յայտնի է, թէ ԱԺ ՔՊ-ական պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանի յարաբերութիւնը այս օրերուն գաղջ է իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ, ընդդիմութիւն խաղացող կազմակերպութիւնը՝ փոխանակ իր գիրկին մէջ առնելու, «դարձի բերելու» զինք կամ «Անառակ որդի» քրիստոնէաշունչ առակով առաջնորդուելու, նմանատիպ վանողական եւ վիրաւորական արտայայտութիւններ կ’ունենայ անոր հանդէպ։
Տայ Աստուած, որ ընդդիմութեան բաղկացուցիչ միւս տարրերը աւելի հեռատես ըլլան եւ հասուն ու նուազ ինքնակեդրոն եւ քինախնդիր (բան մը, որ ափսո՜ս, խիստ կը կասկածիմ)։ Հակառակ պարագային ցաւօք պիտի գուժեմ, թէ Նիկոլն ու նիկոլականութիւնը կը մնան յաւերժ ու յարաբերաբար՝ յաւիտենական…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






