Շաբաթ, 13. 09. 2025

spot_img

Հաճելի Հանդիպումի Մը Առիթով

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Երեւանի մէջ ապրելու եւ կենսագործելու հաճելի եւ օգտակար երեւոյթներէն մէկն է ամէն քայլափոխին հանդիպիլ սիրելիի մը, որ կամ նմանապէս հայրենադարձուած ըլլալով Երեւան կը բնակի, կամ Հայրենիք կ՛այցելէ տուեալ պահուն: Մեր մայրաքաղաքին կեդրոնի զարմանազան անուններով եւ տեսակներով սրճարանները, ոչ միայն զբօսաշրջութիւն կը քաջալերէն, այլ նաեւ հաւաքական՝ անակնկալ կամ ժամադրովի հանդիպման վայրերն են հոգեհարազատ մարդկանց:

Օրերս, հաճելի էր իմանալ, թէ ծագումով պոլսահայ, բնակութեամբ՝ ամերիկահայ մտաւորական եւ բանասէր Գէորգ Պ. Յակոբեան, որուն մինչեւ տուեալ պահը ֆէյսպուքի հարթակի վրայ առիթը ունեցած էի ընկերանալ եւ միտքեր փոխանակել, գործնական այցելութեամբ մը, իր ազնիւ տիկնոջ հետ կը գտնուի Հայաստան, որոնց հետ հաճոյքով՝ առաւօտեան սուրճի շուրջ հանդիպեցայ Երեւանի կեդրոնը գտնուող  Ժելաթերիա կոչուող սրճարանի մը մէջ: Յարգելի զոյգը, Հայաստան կը գտնուէին մասնակցելու՝ պարոն Յակոբեանին անզուգական աշխատասիրութեան արդիւնքը հանդիսացող վերջին հրատարակութիւններուն՝ «Հայոց Կրթական Հաստատութիւններու Պատմութիւն՝ Օսմանեան Գաւառներու Մէջ» Երկհատորեակին շնորհանդէսին:

Հանդիպումը առիթ մըն էր աւելի մօտէն ծանօթանալու հոգեհարազատ զոյգին, ինչպէս նաեւ շնորհանդէսին նիւթը հանդիսացող երկհատորեակին, որոնց արդէն իսկ հեռակայ կարգով ծանօթ էի: Պարոն Յակոբեան ազնիւ եղաւ հատորները յատուկ մակագրութեամբ մը նուիրել անարժանիս, որուն համար աւելի քան շնորհակալ եմ, նախ նախաձեռնութեան համար, ապա այդ զոյգ՝ թէ բովանդակութեամբ եւ թէ  քաշով ծանրակշիռ հատորները միասին ժամադրավայր բերելու տաղտուկը յանձն առնելուն համար:

Այս անզուգական աշխատասիրութեանց բարոյական եւ գիտական արժէքներուն մասին գրելը կը կարօտի ինքնին երկու հատորներու:  Վստահ եմ, որ այդ մասին ինչպէս մինչեւ հիմա ըրած են, նաեւ ապագային պիտի արտայայտուին եւ գրախօսէն աւելի հանգամանաւոր մարդիկ, գիտնականներ եւ փրոֆեսորներ: Իմ կողմէ ընդամէնը նշեմ, որ արագ թերթատումով մը անդրադարձայ, որ կը գտնուիմ պատմագիտական գանձերու դէմ յանդիման, որոնց բովանդակութիւնը՝ իրենց համապատասխան արժէքաւոր նկարներով հանդերձ, անզուգական ատաղձներ են հայագիտական թեմաներով հետաքրքրուած ապագայի գիտաշխատողներու եւ բանասէրներու համար: Պարոն Յակոբեանի գործը մեծապէս գնահատելի գրասեղանային հետազօտութիւն (desk research) մըն է՝ ահաւոր ժամանակատար, լարուած կեդրոնացում եւ գերագոյն բծախնդրութիւն պահանջող:

Սոյն աշխատասիրութիւնը Հայ Դատի վերաբերող շատ կարեւոր թղթածրար է նաեւ, որ վեր աւելի եւս կը բացայայտէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառած անշրջելի հետեւանքները, որ մարդկային եւ գոյքերու կորուստի համազօր, մեր ոչ-նիւթական մշակութային արժէքներու կորուստն է՝ հազարաւոր վարժարաններու եւ անոնց արտադրածի փակուելուն եւ կորուստին փաստով:

Հաճելի եւ օգտաշատ հանդիպումէն լիացած տուն վերադարձով փորձեցի աւելի եւս խորանալ հատորներուն բովանդակութեան մէջ: Այն ատեն էր, որ նաեւ անդրադարձայ, թէ անոնք բանասիրական՝ պատմագիտական իրենց արժէքէն անդին, ունին նաեւ մշակութային եւ ընկերային անմիջական գործառույթներ՝ ընթերցող անհատի մը առիթը տալու իր բնօրրան գիւղին ու քաղաքին եւ նախահայրերուն ծանօթացման: Շտեմարան մը, որ կ՛օգնէ ընդլայնուած ընտանիքներու հաւաքագրման, անոնց մասին գիտելիքներու զարգացման եւ յիշողութիւններու զարթնումին:

Իմ պարագային հպարտութեան եւ ուրախութեան ջերմ զգացում ապրեցայ երբ նշեալ աշխատասիրութեան Բ. Հատորին էջ 309-313 հատուածին մէջ հանդիպեցայ, նախահայրերուս Չօմագլը գիւղի եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն վերաբերող տեղեկութիւններու մէկտեղումին, իրենց հոգեւոր հովիւներուն, ուսուցչակազմին, թաղային խորհուրդի անդամներուն եւ աշակերտութեանց մասին, որոնց մէջ գտայ նաեւ մօտիկ եւ հեռաւոր ազգակիցներս ու հարազատներս:

Օրինակ վերի նկարի՝ վարէն երրորդ շարքի վրայ, ձախէն՝ երրորդ անձը, Չօմագլուցի մեծ-հօրս՝ Ռուբէն Հաճի-Յակոբեանին հօրեղբօրորդին է՝ իր օրերուն բաւականին զարգացումի տէր՝ Գալուստ Հաճի-Յակոբեանը, որուն ընտանիքը տարագրութեան պատճառով, տարիներ իրար կորսնցնելէ ետք նախ հանգրուանած էր Ռումանիա, ապա անցնելով Լիբանանէն հաստատուած՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Այս հատորին միջոցաւ յիշեցի, որ հաճելի էր իմ համար տարիներ առաջ հանդիպիլ վերոյիշեալ Գալուստի թոռ՝ Գալուստին, որ իր դիմագիծով այնքան նման էր մեր ընտանիքի միւս անդամներուն: Հեռաւոր երէց զարմիկս, ԱՄն-էն գալով քանի մը օրով կ՛այցելէր Լիբանան, որուն հետ հանդիպեցանք հօրեղբօրորդիիս Յակոբին հետ՝  հօրաքրոջս թոռնիկ միւս զարմիկիս՝ Խաչիկ Տէտեանին տունին մէջ եւ վայելեցինք իր վաղամեռիկ տիկնոջ՝ արժանաւոր Իրմա Գապաքեանին հիւրասիրութիւնը: Յիշեցի նաեւ, որ այդ օր Գալուստին խոստացած էի մեր ընդլայնուած գերդաստանին տոհմածառը պատրաստել եւ ուղարկել իրեն, բան մը, որ ափսոս մինչեւ այս պահը, դեռ  չէ ամբողջացած:

Շատ բաներ կարելի է գրել տակաւին պարոն Գէորգ Պ. Յակոբեանի մեծ եւ օգտաշատ գործին մասին, միաժամանակ յիշելով ու իրեն յիշեցնելով Մեծն Թումանեանի խօսքերը.

«Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք,
Որ խոսւում է դարեդար,
Երնէ՜կ նըրան, որ իր գործով
Կ՛ապրի անվերջ, անդադար»
։

Վարձքը կատար սիրելի պարոն Գէորգ Պ. Յակոբեանին այս կարեւոր գործին համար: Վստահ եմ, որ ինք՝ Աստուծոյ տնօրինութեամբ եւ իր հաստատակամութեամբ ու միշտ  նոյն նուիրուածութեամբ պիտի շարունակէ իր մօտակայ եւ ապագայ բանասիրական աշխատանքները, աւելի եւս հարստացնելով մեր ժողովուրդի հայագիտական գրադարանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին