Չորեքշաբթի, 10. 09. 2025

spot_img

Երգիծանքը Քաղաքական Պայքարի Մէկ Միջոց Է, Պատշաճութեան Սահմաններուն Մէջ Սակայն

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ

Առաջին հայեացքով զուտ անձնական թուացող այս նամակը, խորքին մէջ ունի իր ընդհանրական բնոյթը, երբ Հայրենիքի մէջ ապրող որոշ դասակարգ մը տակաւին կը շարունակէ խտրականական մօտենալ սփիւռքահայ իր ազգակիցներուն հանդէպ:

1946-1948 ներգաղթի յաջորդող օրերուն, ի գին ամէն դժուարութիւններու հայրենասիրական մղումներով հայրենադարձուած մեր հայրենակիցները դէմ յանդիման գտնուեցան «ախպար»-ով արտայատուող խտրականութեան երեւոյթի մը: Սոյն երեւոյթը, ոչ անպայմանօրէն անմեղ, սակայն եթէ այն ժամանակ ունէր սոցիալ (ընկերային) կամ մշակութային բնոյթ, այսօր որոշ սայթաքումով մը ան կրնայ յանկարծ յայտնուիլ քաղաքական հարթակի վրայ, տգիտաբար կասկածի տակ առնելով աւանդական Սփիւռքի կարեւոր մէկ մասին ազգային պատկանելիութիւնը, պատմական պարագաներու բերումով անոնց ակամայ թրքահունչ ազգանուններ ունենալուն պատճառով…:

Այս կարճ նախաբանէն ետք անցնիմ այս Բաց Նամակին տուն տուող թեմային, որ հիմնականին մէջ պատասխան է հայրենի յայտնի դիւանագէտ պարոն Էտկար Ղազարեանին, Հաճի-Հակոբյան ազգանունը վերջերս կասկածի կամ ծաղրանքի առարկա դարձնելու փորձին:

Խնդիրը կը վերաբերի պարոն Ղազարեանին AntiFake.am-ի միջոցավ տարածուած, սարքովի «հարցազրոյցին» մէկ հատուածին, որ նշեալ կայքը իր ֆէյսպուքեան էջի վրայ համապատասխան reel-ով՝ https://www.facebook.com/reel/758607390134133 տարածած է (տեսնելու համար սեղմել կապին վրայ կամ այցելել էջը), որդեգրելով հետեւեալ ամպագոռգոռ վերնագիրը. «Ռուբեն Ռուբինյանի կասկածելի հայրանունով կինն անշարժ գույք է գնել»…:

Յարգելի պարոն Էտկար Ղազարեան,

Ձեր հետ կիսուելով հանդերձ նոյն քաղաքական ուղեգիծը, ինձ համար անկարելի էր լուռ անցնիլ ձեր «երգիծանքին» վրայէն, որ հոգ չէ, թէ կը թիրախաւորէ քաղաքական մեր հակառակորդին, սակայն բարոյականութիւնը (մանաւանդ դիւանագիտական) կը պահանջէ, որ ըլլանք պարկեշտ եւ զգայուն բան մը մէջտեղ նետելու սիրոյն անճիշտ, նաեւ վիրաւորական եւ հասարակութիւնը սխալ ուղղորդող բաներ չարտասանենք:

Անկախ «հարցազրոյցի» թեմային վերաբերող ամէն հանգամաներէն կ՛ենթադրեմ, թէ դուք լաւ պէտք է իմացած ըլլաք, որ ձեր թիրախաւորած Մարիամը, Ռուբինեանի կինը ըլլալէն առաջ, դիւանագիտական ոլորտին մեջ ձեզի պաշտօնակից եւ գործընկեր, 1990-ականներուն, շրջան մը Լիբանան, ապա Եգիպտոս եւ գուցէ նաեւ այլ տեղեր ծառայած՝ Յակոբ Հաճի-Յակոբեանին դուստրն է:

Մարիամը, կը սեռի Սեբաստիոյ Պարտիզակ գիւղի Հաճի-Յակոբեաններու ընտանիքէն, որոնք ենթադրաբար մերձակայ Կեսարիոյ Չոմախլու գիւղի Հաճի-Յակոբեան ազգանունը կրող իմ նախահայրերուս հարազատներէն եղած են: Մեր ընդլայնուած ընտանիքը կը սեռի մէկ հաւատացեալ նախահայրէ, որ երեք դար առաջ որպէս ուխտաւոր, Փոքր Հայքէն ոտաբոպիկ, գացած հասած է Երուսաղէմ եւ այդ պաճառով ալ իր ծննդավայրի թրքախօս միջավայրին մէջ բնորոշուած կամ ճանչուած է, որպէս Հաճի (Մահտեսի), կամ հայերէն լեզուով՝ ուխտաւոր, եւ այնուհետեւ մեր ազգանունին՝ Յակոբեանին (նոյն այդ Յակոբին անունէն յառաջացած) կցուած, կրած ենք Հաճի մականունը: Հետեւաբար մեր ազգանունը ձեր կողմէ սխալ հնչելը (հեճի) եւայլն, որ կը հաւատամ թէ անգրագիտութեան արդիւնք չէ, այլ՝  նուաստացնելու կամ թրքահունչ եռանգ տալու համար օգտագործուած է ձեր ելոյթին մեջ: Այս բանը, ոչ միայն անճիշտ է եւ անարադար, ալ խորապէս կը վիրաւորէ Հաճի-Յակոբեան հայրենասէր մե՜ծ ընտանիքը, Լիբանանէն, Հայաստան, Ամերիկա, Եւրոպա, Աւստրալիա եւ ամեն տեղ մասնաւորաբար, եւ մեր բոլոր այն հայրենակիցները ընդհանրապէս, որոնք թրքահունչ ազգանուններ կը կրեն, նոյնիսկ բնիկ հայաստանաբնակներուն մէջ:

Հիմնուելով վերոյիշյալին վրայ, սիրելի զինակից եւ գաղափարակից ընկեր, ձեզմէ կ՛ակնկալեմ ներողութիւն խնդրել նախ Մարիամէն (անկախ «հարցազրոյցին» մէջ արծարծուած բուն թեմայէն, ուր ըստ ինծի նաեւ անարդարութիւն կայ տիկնոջ մը հանդէպ, որ իբրեւ Հայաստանի քաղաքացի օրէնքի սահմաններուն մէջ, վարկով գումար վերցուցած է, թէկուզ քաղաքական իւրայինի պատկանող դրամատունէն եւ բնակարանի տէր դարձած: Այս առիթով նշեմ, որ լաւ պիտի ըլլար եթէ, Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ այպէս կոչուած ընդդիմադիր պարագլուխներէն ոմանց պատկանող դրամատուներն  ալ իրենց հերթին, վարկեր տային սփիւռքահայերու, Հայաստանի մէջ բնակարաններ գնելու համար, որոնք հայրենդարձուելով քաղաքական եւ տնտեսական մշակոյթ փոխելու եւ տարբեր ոլորտներու մէջ աւելի եւս զարգանալու հնարաւորութիւն տալու մեր Հայրենիքին, եւ ինչու չէ՝ նիկոլներ դարձեալ չընտրելու հաւանականութիւն ձեր եւ մեր ժողովուրդի գլխուն…:

Վերջապէս, նաեւ ազնուօրէն կը  պահանջեմ, որ հրապարակային ներողութիւն խնդրէք համայն Հաճի-Յակոբեան մեծ ընտանիքէն ինչպէս նաեւ այս նիւթին հետ առնչուած իւրաքանչիւր հայորդիէ, որուն համար կանխապէս շնորհակալ եմ, այն յոյսով, որ նմանօրինակ ցեխարձակում դարձեալ չկրկնուի, որովհետեւ միայն կասկածեալ կամ թուրք ըլլալու անարդար պիտակն էր, որ կը պակսէր սփիւռքահայերուս  «ախպար» ըլլալու տարիներու խտրականական եւ ցեղապաշտական պիտակներու եւ վերաբերմունքի շարանի հերթին…: Ամէն պարագայի դուք չէ, որ պիտի ուզէիք, թէկուզ ակամայ, նման պահուածք խթանել ձեզ լսող մեր հայրենակիցներուն մօտ:

Ինչ կը վերաբերի AntiFake.am-ին, ապա նշեմ, որ նման անճիշտ դրուագ մը, նմանօրինակ զգայունց վերնագրով տարածելը կը հակասէ կայքի անուան տրամաբանութեանը եւ նման բան ընելը ինքնին ֆէյք բան է par excellence!

*****

ՅԳ Առ ի գիտութիւն ձեզի պարող Ղազարեան, այստեղ կը կցեմ նաեւ պատմական նկար մը, ուր ձախէն առաջինը նստածը, ձեր կողմէ կասկածելի կամ թրքական հայրանուն/ազգանունով մեծ-հայրս է՝ Ռուբէն Հաճի-Յակոբեանը:

Ան, Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն իր գաղափարակից-զինակից ընկերներուն հետ իրենց գիւղին պաշտպանութեան նպատակով, իրենց կեանքը վտանգելով զէնք բարձրացուցած են ընդդէմ թուրքին…:

Յարգանքներով՝

ՍԵՒԱԿ (ՀԱՃԻ) ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին