ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Այսօր համատարած սուգի օր է Հատտէճեան ընտանիքի անդամներու, Իսթանպուլահայ մեր ժողովուրդի, Մարմարայի ընթերցողներու, նաեւ մեզի՝ Ռ. Հատտէճեանի անմիջական մտերմութեան եւ աշխատակցութեան մէջ ապրած անձերուս համար։
Սուգի օր է նաեւ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ այն հայերուն համար, որոնք կը սիրեն, կը ծաղկեցնեն եւ կ՝ապրեցնեն հայ գիրն ու գրականութիւնը եւ անվթար կը պահեն մեր մշակոյթը, որպէս ազգային սուրբ ժառանգութիւն։
Այսօր սուգի օր է, որովհետեւ կորսնցուցինք արժանաւոր հայ մը, Ռ. Հատտէճեանը, որ իր ամբողջ կեանքը անսակարկ նուիրումով եւ անփոխարինելի ծառայութեամբ զոհաբերեց Հայ գիրի ու դպրութեան զարգացման ու բարգաւաճման գործին։
Այսօր կորսնցուցինք այլեւս մեր դարաշրջանի հայ մշակոյթի ամէնէն պատկառելի ու կարկառուն դէմքը, հայ գիրի ու դպրութեան աննահանջ ու բերքառատ մշակը, բեղմնաւոր ու արգաւանդ գրիչը, եռանդուն ու անաչառ գործիչը, հայ ապրումներու ամէնէն վճիտ ու պաղպաջուն աղբիւրը։ Կորսնցուցինք մեր ժողովուրդի արժէքներուն եւ ձգտումներուն յանձնառու իսկական առաքեալը, ամէնէն երախտարժան ու զտարիւն հայ մտաւորականն ու մեծ հայրենասէրը։
Ան եղաւ մտաւորական մը, որ ջերմօրէն սիրեց իր ազգային պատկանելիութիւնը։ Հպարտացաւ հայ ծնած ըլլալուն համար։ Ամէն առտու եւ իրիկուն, անշեղ հաւատքով ապրեցաւ Մաշտոցեան տառերու հմայքին հետ եւ բեղմնաւոր գրիչ ի ձեռին, անյագուրդ ծարաւով ոռոգեց հայրենի անդաստանները։ Ուզեց ստեղծել այնպիսի գրականութիյն մը, որ սիրուէր ինքզինք հայ կոչող ամէն մարդու կողմէ։ Ջանաց աշխարհի վրայ ապրող մարդոց հասցնել հայոց ապրումներէն խապրիկներ եւ բոլորին ծանօթացնել ու սիրցնել հայ մշակոյթի բազմազան երեսակները։ Գրեց լեռնակուտակ գիրքեր։ Ընդլայնեց եւ զարգացուց ընթերցողին մտածողութեան եւ դատողութեան տեսադաշտերը եւ բարձրացուց բոլորին գեղեցիկի եւ բարձր գաղափարականի ճաշակը։
Տիրաբար քաջատեղեակ էր օտար լեզուներու, ուստի կրնար իր գրութիւնները օտար ազգերու ալ ծանօթացնել հպարտութեամբ։ Սակայն ան նախընտրեց հայ տառերու շրջանակին մէջ գտնել իր հոգեգրաւ երջանկութիւնն ու սուրբ առաքելութիւնը։ Սկզբունքի հարց էր ատիկա, որուն ան հաւատարիմ մնաց մինչեւ իր կեանքի վախճանը։ Որովհետեւ, իր հաստատ համոզումն այն էր որ, որպէս հայ խմբագրապետ, իր մէջ ամէնէն ակնբախ եւ ուժեղ գիծը ազգային տոհմիկ գոյատեւումը պէտք է ըլլայ։
Ունէր գերզգայնութեամբ տոգորուն, փխրուն սիրտ մը, որ գրաւական կը հանդիսանար իր ազնիւ նկարագրին։ Բարի էր եւ անյիշաչար։ Հաղորդական էր ու վստահելի։ Անկաշառ էր եւ խղճամիտ։ Համեստ էր եւ հաւասարակշռուած։ Ողջամիտ էր եւ հեռատես։ Վերջապէս մէկն էր որ օժտուած էր մարդկային ամենավսեմ արժանիքներով։
Շատ սիրելի Պրն. Ռոպէր, Դուք համայն հայաշխարհի մէջ սիրուած ու յարգուած անձ մը որպէս , իր ազգային սուրբ պարտականութիւնը լիովին կատարած մարդու հաստատ համոզումով, կ՝երթաք ահաւասիկ հանդերձեալ այն աշխարհը, ուր գացին ու պիտի երթան հողին ոտք դրած բոլոր արարածները անխտիր։ Վստահ եղէք որ հոն մուտքին, առաջին հերթին , ձեզ բերկրանքով պիտի դիմաւորեն հայ գրերու գիւտարարներ՝ Ս. Մեսրոպն ու Սահակը, որոնք շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն ձեզի, իրենց աւանդը ի կատար ածելու գծով՝ ձեր վատնած երախտաշատ աշխատանքին համար։ Հոն պիտի գտնէք Հայ եկեղեցւոյ նուիրեալները, հայոց պայքարի հերոսները, մեր նահատակ սուրբերը, որոնց ճամբէն քալեցիք աներկիւղ, եռանդագին սիրով եւ հաւատարմօրէն։ Հոն բոլորն ալ ովսաննաներով պիտի դիմաւորեն ու պիտի ողջունեն ձեզ եւ խունկ ու աղօթք պիտի մատուցանեն ձեզի։
Խաղաղ ննջեցէք երկինքի օթեւաններու մէջ։ Հողը թեթեւ թող ըլլայ ձեր վրայ։ Խորին ցաւակցութիւններ ձեր արժանաւոր որդիներուն՝ Արիին, Այգին եւ իրենց ընտանիքներուն, նաեւ այլ պարագաներուն։